Ներաշխարհ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

[ե]

  Զանգակն է…

Եւ պզտիկ, մեղմ խանդաղատանքն է նորէն, որ ինծի ունկնդրել կուտայ Շաբաթ իրիկուան զանգակին որ ամբողջ շաբթուան հետեւակութեան մէջ, յանկարծ ահաւասիկ՝ անուշ, խեղճ սփոփանքի մը յոյսը կ’արթնցնէ, կարծես խուլ կերպով սպասուած ու անդորրող նպատակ մը եւ անոր իրականացումը միանգամայն բերելով. այնպէս որ վերջապէս կ’ելլեմ Եկեղեցի երթալու, մանուկներուն ու ծերունիներուն պէս:

Կիրակամուտքի զանգակն է, հինաւո՛ւրց գանգիւնով: Ի՞նչ նոր ձգտում կրնայ ըլլալ հիմա եկեղեցի երթալու մտածութեանս մէջ, եթէ ոչ հանդարտող ու հաւանաբար տխրող կեանքը վայրկեան մը քաղցրախառնելու պէտք մը, մանկական օրերու վերյուշքով., թերեւս շատ կանուխ սկսած ծերութիւնը գաղջ ու խուսափուկ մանկականութեամբ մը բարեխառնելու, լուսաւորելու՝ ինչպէս դէպի արեւմուտք գացող ուղեւոր մը արեւելքին ճառագայթներովը կը լուսաւորուի ու կը տաքնայ, թիկունքէն, մինչդեռ անոնց շլացքէն զուրկ, կամ ազատ, ստուերի մէջ է դէմքը: Բայց շաբաթ իրիկուան հին թեւաւո՛ր մանկականութիւնները չպիտի սիրէի վերապրիլ երազել՝ եթէ անոնց պարին մէջ ընկրկած անդրանկարուած չըլլար Աստուած., եթէ ժամ երթալու տրամադրութիւնս խորապէս չըլլար Անոր վրայ խորհելու տիեզերական ա՛յն պէտքը, զոր գուցէ իրա՞ւ ժխտած ըլլամ յիմար անփութութեամբ մը. անփութութեամբն առոյգ հոգւոյ մը որ իր կենսական ուժէն կը շփանայ ու կ’արհամարհէ զայն., հին, մոռցուած մանաւանդ որովհետեւ չհասկցուած բաներու վրայ մտախոհելու պէտք մը., մանկութեան ատենի պարզմտօրէն ստացուած հիմնակէտերու վրայ այժմու թախծութեամբ երազելու, զանոնք ճաշակելու պէտք մը՝ այժմու ակամայ ու տրտմագին ծասքողութեամբ, որով ծծուած իմաստներն էութեան խորերը կը հասնին, խորունկ, կարծես անհնարին թելերէ տարօրէն սարսուռներ հանելու: Եւ ասոր համա՜ր կ’ելլեմ եկեղեցի կ’երթամ, մանուկներուն ու ծերունիներո՛ւն պէս միանգամայն:

Զանգակին ձայնը շուտով կը դադրի զանգակատան կատարը: Հանդիսաւոր օրերու մեծ ղօղանջը չէ այն, հապա միւսը, փոքր, էգ գանգիւնը, կարծես հրճուալի, աղօտակի մելամաղձիկ, որ յաճախ չի լսուիր, որ իբրեւ ժամհար կ’իմացուի թաղին մարդոցմէն, եւ որ իր բարձունքին մէջ մրմնջելով կը լռէ: Ամեն իրիկուան զանգակին մշտանոյն ձայնն է, որ սակայն տարտամ ու փափուկ տօնականութեամբ մը կը խորունկնայ, քաղցրութեան թրթիռով մը կ’երկարաձգուի սրտիս մէջ, որովհետեւ կ’ապրեցնէ զիս անորոշապէս այն անցած գացած ատեններն երբոր պզտիկ էինք ու շաբաթ իրիկունները ժամ կ’երթայինք, դպրոցէն ետքը, վաղորդայնին՝ կիրակիին ստուգութեամբ երջանիկ: Օհ, կիրակին երբեք այնքան աղուոր չէր որչափ շաբաթ իրիկունը. եւ, այո, յիշողութեանս մէջ մնացած կիրակամուտքերը կը հասկնամ թէ պայծառ իրիկուններ եղած են, որովհետեւ մտքիս մէջ անոնց միակ ընդհանուր պատկերը, որ իմ Շաբաթ Իրիկունս է՝ եւ որու անասելի հմայքին շատոնց ի զո՛ւր կը տենչամ, եւ յիշելն ուրիշ բան չէ այլ տենչալ տակաւին, եւ տենչ ըլլալու պայմանով միայն մտապատկեր մը կը տեւէ, կ’ապրի, լուսաւոր է, իրիկնամուտի արեւին դեղձան լոյսով որ մեծ եկեղեցին կը թափանցէր կ’ողողէր արեւմտեան պատուհաններէն, եւ որուն պայծառութիւնը կիրակիին գեղեցկութեանն առհաւատչեայ մ’էր, խիստ բնական ապացոյց մը զոր չէինք դիտեր բնաւ, զոր սակայն կիրակիին աղուորութեան ըղձացղ սիրտերնիս կը զգար՝ մետէորաբանի տարակոյսներէ զերծ: Այն ատեն չէինք գիտեր իրիկունէն դատել վաղորդայնը. մեր հոգւոյն անբծութիւնը մեր յոյսերուն աղուորութիւնը կը յղանար. կը հաւտայինք որ իրիկուան յստակութիւնը որու անուշադիր էինք եւ զոր կը վայելէինք, պիտի տեւէր կիրակիին մէջ զոր ակամայ գեղեցիկ կ’երեւակայէինք, երկնքին անամպութենէն մինչեւ մեր հաճոյքներն, անպատճառ, ըստ մանկական ա՛յն բանաւորութեան՝ թէ գեղեցիկ բաները միայն, հաճոյալիները լոկ իրաւունք ունենալու են գոյութեան., եւ ահա կը տեսնեմ որ կիրակիներուն գաղափարացումն ալ արեւոտ է կիրակամուտքերուն ընդհանուր պատկերին պէս՝ թէեւ երկար ատենէ ի վեր, հակառակ մանկական միամիտ սպասմանս որ ամեն շաբաթ իրիկուն երեւան կ’ելլէ դեռ՝ կիրակին ա՛լ նախկիններուն շքեղութիւնը չունենայ. ա՛լ ա՜յն տօնը չըլլայ կիրակին երբեք. զարմանալի՜ բան. կը վարանիմ ըսելու թէ ինչ է այժմու կիրակին…: Վախնալով որ մանկութեանս կիրակիին անուշութեանը, սուրբ, խնկաբոյր, ծաղկաւէտ, լուսողող ու սո՛ւրբ անուշութեանը հետ չարաչար կը վարուիմ, գրեթէ վախնալով որ «Հա՜յր Աստուծոյ» դէմ, Աստուծոյ դէ՜մ բան մ’ըրած կ’ըլլամ, գրեթէ չեմ համարձակիր խոստովանելու թէ որչա՛փ այժմու կիրակին ձանձրոյթով, զզուանքով լեցուն է. մինչդեռ կիրակամուտքին զանգակը միշտ հնօրեայ վաղորդայնի՛ն երանութիւնը կը պատմէ տակաւին: Մշտանո՜յն զանգակը, որ Անցեալին մշտակայութեանը կը հաւտայ, որ իր բարձունքին յստակութենէն կը տեսնէ՜ հոգիներուն խորին նոյնութիւնը, ծանրաբեռնեալ գիտակցութեան յաճախ անզգալի, եւ մանկութեան կիրակի՛ն կը խոստանայ դեռ, երբ ա՛լ այն մանուկը չեմ ես շատոնց:

Այն ատեն իսկ սակայն, այո, կիրակին այնքան աղուոր չէր որքան զայն աւետող շաբաթ իրիկունը: Կիրակին շաբաթ իրիկունէն կը սկսէր, թէեւ մի՛ւս օրը պիտի սկսէր, գրեթէ իբրեւ կիրակի մ’աւելի: Կիրակին կիրակամուտքին մէջն էր, անսպառելի՝ քանի որ վաղն էր դեռ բուն կիրակին: Շաբաթ իրիկուան արձակուրդին մէջ էր. դպրոցի վիշտերէ ազատագրուած մեր ա՛յն ոգեւորութեան մէջ, որ բոլորովին մենէ բացակա՛յ երբ դպրոցը առաւօտեան եղանակաւոր աղօթքը կ’ըսէինք, միշտ զարթխում դժկամակութեամբ մը թոյլ, դանդաղ, յուսահատական, իրարու ձայնին մէջ ապաստանելով, չերգելու համար., սակայն կը լեցնէր զմեզ երբ իրիկուան աղօթքը կ’երգէինք, եւ որ շաբաթ իրիկունը կը սաստկանար, անպատմելի, ահագին, իբրեւ թէ տղաքներուն թիւը մեծցած ըլլար անհամեմատ, վասնզի ամենքն ալ կ’երգէին: Կիրակին, յետոյ, իրիկուան ժամերգութեան մէջն էր, որու կը մասնակցէինք եռանդոտ յօժարութեամբ., որու պիտանի էինք, որուն անհրաժե՜շտ էր մեր տղայութիւնը, մեր ա՛լ պղտորած, անճանաչելի, կորսուած մանկականութիւնը: Լոյս Զուարթի՛ն մէջ. որու մեղմ մեներգէն ետքը՝ երբ կարգը կուգար մեր խմբերգին՝ մեր ճերմակ շապիկներուն, մեր խաչանիշ ուսնոցներուն կարմիրին մէջ աւելի կամ նուազ իւրաքանչիւրնիս ալ ազնուացած, արժանաւորուած, մեր հրճուալի ու միշտ անյաջող կերպով «միաբերան» սկզբնաւորութեան աղաղակով զոր դպրապետին օրինակն արձակել կուտար մեզի՝ ուրիշ բան չէր որ կ’երգէինք, այլ անորոշապէս ու երկիւղածօրէն՝ զԱստուած, եւ անգիտակցաբար ու խանդավառութեամբ՝ բարի Կիրակին: Տօնը կը տօնէինք մանաւանդ, ինչպէս ամեն մարդ: Բուրվառին բոժժուն ճօճքին մէջ, խունկին մէջ որ ահա կը բարձրանա՛ր, կ’անուշահոտէր եկեղեցին, եւ որու ծփանքներուն մէջ կը միգապատուէինք հեշտանքով., մեր մոմերուն զարդարանքին, արդուզարդին մէջ, ու լոյսերուն, բոցերուն մէջ, արեւին ճառագայթներուն մէջ, գրեթէ հորիզոնական, որ խորանին սիւներուն խարիսխները կ’ողողէին, խաչկալին առջեւի սփռոցը, ոսկեճամուկ, ու տեղ տեղ բեմին մարմարները, մաքուր, կարծես վճիտ, անտարակոյս պաղ, մեզի համար անմատոյց, որոց վրայ ազատ էր լուսարարը քալելու, նոյն իսկ անտարբերութեամբ., ու մանաւա՛նդ պզտիկ ծիրանիգօտիներուն մէջ զոր ճառագայթները կը բերէին մոյթի մը վրայ, պատի մը վարը ծփացնելու, որք երկնային բաներ կ’երեւային, իրենց կակուղ, քնքուշ գոյներուն սքանչելիքով, անչա՛փ բարութեամբ լի, եւ որք անշուշտ առկախ մեծ ջահերուն պրիսմակներէն կը շինուէին, ու մերթ կ’երկննային, կը գունատէին, անպիտանները, ծուռ, պիրկ, պատահաբար, ով գիտէ ինչու: Եւ դեռ ի՞նչ բանի մէջ չէր կիրակին, տէ՛ր Աստուած: Բոլոր այն շաբաթ իրիկուան բաներուն մէջ որ միտքս են. փոխերուն երկարաձիգ վերջաւորութեանց մէջ, որ վրայ հասնող սկզբնաւորութիւններուն մէջ կը կորսուէին., Տէր ողորմեաներուն մէջ, որ ով գիտէ ինչու երբեմն Շնորհեա Տէր կ’ըլլային., տէրպապային ըսածներուն մէջ. «ԸզՏէ՛ր Սուրբն Գրիգորիոս Լուսաւորիչն» եւայլն, եւ մանաւանդ Հայր գթածին մէջ. «Ճանապարհորդաց, նաւորդաց եւ հոգւոցն հանգուցելոց»…, մինչդեռ, երազի խուսափուկ վայրկենի մը մէջ՝ մանուկ երեւակայութիւնս այն աղօթքէն կը տպաւորուէր չէի գիտեր ինչո՛ւ…: Եւ եկեղեցիէն ետքը՝, երբ միւս առտուան պատարագին համար, ծածուկ, պահարանին մինտէրներուն տակ կը թաղէինք մեր շապիկներն երբ մեր հասակին ճշդիւ յարմար ըլլային՝– բացառիկ բաղդաւորութեամբ մը ձեռք անցուած՝ ժամերգութենէն առաջ, այն խուճապին միջոցին որով պահարանին կողմանոցային խոստովանողութիւնը կը վայելէինք, պահարանին լքուն ու մոմահոտ մեկուսութիւնը կ’ոգեւորէինք շապիկ հագնելու համար, կիրակին՝, զուարթ, չարաճճի կիրակին՝ մինտէրներուն մգլոտ հոտի՜ն իսկ մէջն էր:

Եւ մանաւանդ թէ ամեն բանի մէջ էր կիրակին. որովհետեւ ազատ էինք:

Եկեղեցին լեցուն չէ. կիրակամուտքի եկեղեցին է: Բարեբաղդաբար լուր օրեր կան. անո՛նց համար՝ որ Աստուծոյ փառքէն աւելի անոր բարութիւնը կը սիրեն, ու պաշտումներու հարկադրած հեռաւորութենէն աւելի կը սիրեն այն մօտաւորութիւնը զոր վստահութիւնը կ’արտադրէ., անո՛նց համար որ, փոքրաթիւ, կրնան զգալ թէ համատրոփ հոգիներով կը յառին Աստուծոյ. եւ թէ եղբայր են անոր գաղափարին, անոր Անեզրութեան մէջ: Հիմա մարդիկ կան հոս. բազմութիւն չկայ: Եւ հոս եկած մարդերը գրեթէ ամենն ալ կամ թաղին մէջ գործ մը ունին, ժամուն մօտերը, կամ ա՛լ գործ չունին. եւ իրենց աշխարհէ յոգնած ականջը դիւրաւ կը լսէ եկեղեցւոյն զանգակը. վասնզի գրեթէ ամենն ալ ծերունիներ են:

Միայն, գաւիթին մէջ քանի մը կնիկներ. վտիտ ներկայութեամբ մ’անորոշ. մէկ քանի աղջիկներ, տրտմած. նշմարելի, չքաւոր գոյներով, տաճարին վանդակապատին ետեւը: Անշուշտ ուրիշ կնիկներ ալ կան նաեւ վերնատունը. վերի լուսաւոր առանձնութեան մէջ այրի պառաւներու սեւ կծիկներ: Բայց մանաւանդ տղաքներ կան եկեղեցին, որ կուգան, դպրոցէն ազատ եղած. կը հասնին. ինչպէս ուրիշներ եկած են արդէն, ծերունիներէն առաջ, ու տակաւին պիտի գան. իրենց ոտնաձայնն ու խժլտուքը գաւիթին մէջ կը խօսի, կը հնչէ. ներս կուգան. այնքան նուազ աղմկալի որքան կարելի է իրենց անկախութեան. ծերուկներուն քովէն, ասդիէն անդիէն, կայտառ զսպուածքովն իրենց ամենակարող մկանունքին, կ’անցնին, յաղթական, դէպի դասը երթալով. հոն ուր իրենց նմանները շապիկ հագեր են, եւ Լոյս Զուարթը կ’երգեն. մեր Լոյս Զուարթը–. կը քալեն, ոմանք կը շտապեն, խայտաբղէտ, անհոգ, գողտր, վայրենի, երբեմն յանկարծ նաւազի խարսխօձիքով ու ձեռքերնէն կախ լայնշի յարդէով., ուրիշներ, որ դասագիրք ունին. տետրակներ, բաներ, եւ մոռ մատներ. յետոյ քրտնած, այրած գլուխներ, որ կը խուսափին, հին հողոտ կօշիկներ որ կ’աճապարեն ու կամաց չեն կոխեր. եւ անցնելով մեծ պատուհաններուն առջեւէն որոց իւրաքանչիւրէն ալ կը լուսաւորուին արագօրէն, ամենքն ալ կ’երթան դասին բալիստրին ետեւ անցնելու. դիզուելու, ընդխառնուելու հոն, պահարանը մտնելու, շապիկ փնտռելու, ձայնաւորներուն նախանձելի երամին խառնուելու համար. կամ անոնց քովը կենալու. տէրհայրերուն, բուրվառին, մոմերուն, խորանին մօտ. ժամերգութեան մէջը: Ժամուն դուռն ալ աղմուկ չկայ: Տաճարին մեծ լուսաւոր անջրպետին մէջ դպիր տղաքը կ’երգեն:   ունկին ծուխերը կը ցայտեն երթեւեկող սարկաւագին մոմն ի վեր, արեւի ճառագայթներու մէջ: Եւ ծերերն անշարժ կեցած են. հոս հոն, պատուհաններուն առջեւ, անկիւնները, ստուերներու մէջ. գորշ, աղեբեկ, ալեւոր գլուխներով, որոց անյարդար մազերուն մէջ լերկութիւններ կը լուսաւորուին. բոլորշի մաշկափայլ գագաթներ, գունաթափ ուսերէ անդին. շեշտ ճաճանչ մը մարդու մը հնոտիները կ’ողողէ. ու մոխրագոյն մազերը կը բոցոտին, մինչդեռ անիկա կքուն է ու խորանին կը նայի: Կ’ունկնդրեն, կարծես ալ չեն դիտեր. հապա կը նային: Յետին տարիքներու պարզութեամբ՝ անխնամ, խեղճուկ, կատարելապէս եւ աննշմարելի կերպով ամբողջ են իրենց սովորական անփոփոխելի յարդարանքին մէջ: Հնաւուրց պապեր են մերթ, եւ թերեւս դասը գացող կամ հոն երգող տղեկներուն մէջ թոռ մ’ունին որ զիրենք չտեսաւ: Անխլիրտ են. կարծես ծնրադրելով ու խաչակնքելով իսկ. խորշոմուտ ներանձնութեամբ մը անվնաս. անտեղեակ, տարտամօրէն զարմացական, մոռցած կերպարանքով. անուշադիր իրարու, ծանօթներու պէս, ու չդիտելով տղաքները որք անցան, որոց դիւրաշարժ քայլերն անցան իրենց ցուպին քովէն, եւ նայելով խորանին, արարողութեան, ուր արեւը կ’իյնայ հեռուէն, լայն պայծառութիւններով ուր նշոյլներ կը հրավառին եւ ուր, խունկով լրթասքօղ խորքին մէջ կ’երգեն դպիր տղայք, ու միւս տղաքներն անոնց երգելուն կը նային: Եւ անգամ մ’ալ կը դիտեմ այն աղօտակի մելամաղձիկ բանը թէ անհրաժեշտ կերպով՝ կիրակամուտքի մոռցուած ժամերգութեան եկողները մանաւանդ տղաքներն ու ծերերն են. եւ արդէն տղաքները կը զմայլին ու ծերերը կ’աղօթեն. եւ տղաքները իրենց ազատութիւնն ու ծերերն իրենց խաղաղութիւնը կիրակիին եկեղեցականութեամբը, երկնայնութեամբը խորհրդանշուած կը զգան. ինչպէս որ արդէն տղաքներն ազատ վաղուան մը կարօտ են յաւէտ, ու ծերունիները խաղաղ վաղորդայնի մը:

Իսկ ես շատոնց կորսնցուցած իմ ազատութիւնս, նաեւ հեռու եմ դեռ խաղաղութենէն որ երկու անուններն են միեւնոյն երանութեան: Ստուգութիւնը թէ արդէն կ’երթամ դէպի ծերութիւն՝ զիս աւելի կը հեռացնէ մանկութենէն, եւ ինքզինքս անոնց, ծերունիներուն մօտ հանգիստ կը զգամ. անոնց քով է որ կը յանկչիմ: Ի զուր ա՛յնքան եղած եմ այն տղան: Միթէ անհետացած այն կերպարա՞նքն է այս դէմքը զոր այս տղաքը չեն ճանչնար, եւ որուն թախծութեան ետեւ՝ մա՜յրս միայն իր սիրոյն մեծութեան մէջ՝ իբրեւ Անեզրութեան մէջ մշտակայ այն կորսուած կերպարանքը դեռ կը նշմարէ: Որքա՜ն սիրելու է եղեր տղաքները, ոչ միայն վասնզի չկային, այլ մանաւանդ վասնզի չպիտի ըլլան քիչ ատենէն, բոլոր այս խեղճ տղեկները: Արբունքին տխուր վերլուծականութեան մէջ մանկութիւնը կը քայքայի, կը խամրի. ի՛նչպէս ամբողջ են բողբոջները, մանուկները: Ո՞վ են այս տղեկները. չեմ ճանչնար բնաւ. այն ատենները չկային. երբեք չկային անոնք. եւ չեմ գիտեր ինչպէս եղած են. եւ ի՛նչպէս ահաւասիկ մեզի պէս կ’ընեն: Ես ալ, ատեն մը, անոնց պէս, չէի տեսներ ծերուկները. այնքա՛ն հեռու եղած ըլլալու էին անոնց գորշ գլուխները: Մինչդեռ հիմա, շատոնց, անզգալի կերպով անոնց մէջն եմ ես ալ, տաճարին ետեւը, ատեն մը անկէ դո՛ւրս իսկ ըլլալէ ետքը: Դասը ո՛րքան հեռու է հիմա իմ կեցած տեղէս. իմ զարմացած կանգնումէս որքա՛ն հեռու է դասին մէջ կեցած ըլլալս՝ բոլորովին անճիգ ու բնական, երգին ճիչը բերանս, ձեռքս բռնած վառ մոմը, որու ոսկի լոյսին մէջ ընկերներուս քունքերը կը խարտիշուէին., լոյսերը, երազները, իրականութեան հեշտալի զգայութիւններն աչքերուս մէջ, կարծեմ ընդերկա՛ր խորանին կամարին մէջ թափառասոյզ աչքերուս, մինչդեռ անիկա, որու անմատչելի բարձրութիւնը հզօր կորութեամբ մը կը ծոցուէ, կը խորունկնար, կարծես մեծվայելուչ ու բարի հայրութեամբ մեր երգերուն խնկալի ցայտերուն, վերառաքման դէմ, - կամարը՝ տարտամօրէն կը տիրապետէր իմ հոգւոյս որ իբրեւ ամեն հոգի՝ տաճարի մը կանգնումին համար կանխորոշուած խորհրդածուփ ամայութիւններ ունէր: Իրական, տարօրինակ կերպով զուրկ եմ այն տարիքէն. այն ծաղկահասակ տղեկին կեցուածքը չէ՛ քամակորիլ սկսած, մթին մորմազգիի (soldanelle) մը պէս հակիլ սկսած այս հասակը, ոչ ալ այս նայուածքը, մենասէր, որ կը յառի, կը զննէ, կը խփի, ու կը թուի մեղմել, արգիլել ջանալ ո եւ է օտար թափանցում, վասն զի ա՛լ ներսը անմեղութիւն չկայ, ու մանաւանդ կարծես մերժե՛լ արտաշխարհի նողկութեանց տեսարանին ազատ մուտքը՝ ապաքինելու կարօտ հոգւոյն մէջ, որովհետեւ անոնցմով չարատուելու՝ ուրե՜մն անոնց ներելու չափ վճիտ չէ անիկա՝– ոչ ալ այս նայուածքը հայեացքն է այն տղեկին: Եւ, օ՛հ, մինչդեռ անոնք, տղաքները, զուարթ, կայտառ՝ իրենց վաղուան բերկրութեամբը, խունկին, մոմերուն, կիրակամուտքի լոյսին մէջ կ’երգեն՝ անտարակոյս լաւագոյն է հոս, ասդին, ծերուկներուն մէջ կորսուիլ: Մազերուս մէջ գծուող աննշմարելի ճերմակները կը բաւեն որ արդէն ինքզինքս ձեզմէ համարիմ, լռին, անշուք ծերունիներ:   ռովայոյզ պատանութիւնս ստուերարկող ու հեռացնող այս տխրալի անդորրոյթը (accalmie) խառնե՛մ անոնց կեանքը գորշամածող ալեւոյթին անդորրութեան, կիրքերու պղտորութենէն յստակացող հոգւոյն նսեմ շուշանապսակով անոնց գլուխները շրջապատած, որք առաջ կը հակին, ա՛լ անկարող ուրիշ դիրք առնելու քան այս կարկառումը որ կը մտմտայ ու կը խոնարհի:

Բայց հեռուն խունկը կը ժայթքէ, կը բարձրանայ, եւ դպիրները կ’ըսեն.

Սո՛ւրբ Աստուած, սուրբ՝ եւ հզօր…

Հի՜ն սիրելի աղօթքը, յօժարակամ երգուած, աղաղակուած, ծխայեղց բուրվառին պարին հետ. խունկի ամպումներուն եթերային կշռոյթին հետ, անշարժ ու կարծես անյատակ կամարներո՛ւն արձակուած, աղօթող մարդերուն անմռունչ ու ներքին, ու մութ ձայնակցութեամբը մեծցած, խորունկցած տակաւին. սրտագին, անսպառելի հառաչանքովն իր անհուն ու մի բառերուն, որոց կոյր, միամտօրէն յստակատես, կարծես նախազգացական ըմբռնումը կը խանդավառէր մանկութիւնս, մեծ կամարին աստուածութեանը մէջ երազուն, եւ որոց անըմբռնելի միութիւնն հիմա կ’ապշեցնէ զիս, որոց երգումն անգթօրէն կը խորունկցնէ իրենց իմաստը, վասնզի երգն ուրիշ նպատակ չունի այլ բառին իմաստը երկարաձգել հոգւոյն մէջ, հոգին ողողել անով, իբրեւ աւիւնով մը., որոց մեծութիւնն հիմա կ’արգիլէ այն ուրախութիւնը զոր իբրեւ հրեշտակերպ էակներ, անհուն բաներու կարծես նախապէս ընտանի հոգիներ կը զգայինք զանոնք երգելու ատեն, խունկի ծուխերով թեւաւորուած., որոց մեծութիւնը սակայն հիմա զիս կը մեկուսացնէ, կը թշուառացնէ աւելի:

Եւ մինչդեռ ահագին եկեղեցւոյն գաղափարը կը խտանայ, կը ձուլուի, կը ներկայանայ յանկարծ՝ անթերի, ամբո՛ղջ, տիեզերական ընդհանրութեանը մէջ երգին որ կ’ելլէ կը լեցնէ անջրպետը, ճշմարիտ ու անայլայլելի զմայլմանց տրտմութեամբը հոգիները խռովելով, եղկելի աշխարհայնութիւնը սարսելով, դանդաչեցնելով երկրպագութեանց ու խաչակնքումներու յամր խլրտման մէջ որով ալեւորած մարդերուն հիքութիւնը կը բաղձայ անբաւութեան ներյատուկ բարիքին, տխրալի քարշումով մը տարուելով երգին խնկալի ու պայծառ ելեւելքին հետ խառն, աղօթքին խուռն հիահառաչ ամբարձման մէջ շփոթուած հեծեծելու, ես՝ կը ջանամ փախչիլ այն յափշտակումէն, արցունքէ՜ն որ ներսս կ’ուռի՝ անզուսպ խայտանքովն իր տրտմութեանն, ու, պատուհանէն դուրս կը դարձնեմ աչուըներս, արցունքին խուլ աճումը կասեցնելու եւ անոր հանդուրժելու անկարող՝ պատուհանէն դո՜ւրս. ուրիշ բան մտածել փորձելու. ո եւ է չքոտի, խօլ դատարկութեամբ մը զբաղելու. ժամուն պարտէզին մէջ, գետինը՝ բոյսերը կը տատանին հովէն…– երկար ատեն կայ որ լեցուն է այն մորմոքն ու կը սպառնայ վիժիլ աչքերէս իբրեւ անգութ խոստովանութիւն մը…– կը տատանին, կը խոնարհին, կը շտկուին, կ’իյնան խոտերը… մինչդեռ անիկա կը սպառնայ կարծես ամենակարող՝ ինծի ծնրադրել տալ, հօրս պէս…– անընդհատ, յիմարաբար կը ծռին, կ’իյնան խոտերը, ծղօտները կը ճօճին, կը ծածանին, լալագին, ու պարող, տանջուող ոչնչութեամբ մը կը շարժտկին, պարտէզին սգաւոր վանականութենէն ելլող թախծագին բանէ մ’ահաբեկ, վաղամեռիկ, կարծես մշտնջենապէս վաղամեռիկ, եւ տարօրինակ դժբաղդութեամբ մը կը լեցուիմ:

Ինչո՜ւ կը հալածէ զի՞ս: Անորոշ, անասելի զգայութիւններ, յաւիտենական բաներու խուլ հեռազգայութիւններ կ’ելլեն ներսերէս, ճշմարտութեան դէմ մարմնաւորութեամբ թանձրափակուող խղճին ամենէն թշուառ որջերէն հծծուած: Ինչո՞ւ կը հալածէ զիս, ո՜վ Քրիստոս, կատարելութեանդ մղձաւանջը: Միթէ ե՞ս սպաննեցի քեզի:

Աղօտապէս, իբրեւ պղտորեցնող արցունքի մը մէջէն կ’ընդնշմարեմ, կը գիտնամ ինքզինքս, անմիտ Եսը, մասնաւո՜ր, անհատական՝ հակառակ իր ծագման ընդհանրականութեանը., Եսը, զոր կսկծագին կը հաստատեմ, քանի որ չեմ կրնար վանել կամ ժխտել, որու յիշատակն, զգացումը չպիտի կրնամ մոռնալ, փցուն բաներու անհաւատալի յամառութեամբը մշտակայ., եւ որ կոպիտ ծաղրի մը պէս կը զեղու, կ’աղբադիզուի առջեւս: Վասնզի երբ յուզումները կ’ելլեն ներսէն իբրեւ հեռաւոր ու յաղթական ճշմարտութենէ մը՝ մարմինը կը խայտառակուի՛, վասն զի Ե՜սն է առաջին, մշտնջենական մեղքը: Եւ մարմինով մը, ու մասնաւորուած Եսով մ’իր ընդհանրութիւնը կորսնցուցած հոգւոյն անպատում տրտմութեամբ, իմ գոյութեանս վիշտով՝ կը ջանամ ակամայ նայիլ Անոր որ Ես չունէր, որուն Եսը մարդկութիւնն էր, Ամենն էր: Եւ իր անձնաւորութեանը հեշտալի ու սարսռալի ճշմարտութեանը մէջ անրջակոծ, իբրեւ աղօթքի մը, ինքնաքաւման մը մէջ, իբրեւ մահուան արբեցնող երազանքի մը մէջ՝ կը մտածեմ թէ մարդերը տեսան զայն, անվախճան ստուգութիւնը., թէ ես, թերեւս պիտի մեռնէի եթէ հիմա զայն տեսնէի, ո՜չ տարօրինակ ու վսեմ Նազովրեցին, Եօշուան, այլ յաւիտենական Քրիստոսը. ոչ Վարդապետը, այլ Որդին, վասն զի շատ տխուր բան կ’ըլլար զայն տեսնելէ ետքը դեռ ինքզինքս ապրիլ., զի՜նքը եթէ տեսնէի կանգուն, կատարելութեան, ամենակալութեան քաղցրութիւնը., լուսեղէն կամեցողութիւն, բազկացած, լծակացած կամեցողութիւն., բարոյականի, սիրոյ մարտկոցումը., շանթակամող, այլ փայլակներո՜ղ սիրտը, իր ճշմարտապէս լուսարձակ անձին անիմանալի ու անյագենալի բարիքը. Անեզրութեան բոլոր անպղծելի կուսութիւնը՝ ներմամբ այրող իր ակնարկին մէջ: Եթէ կարենայի ես երջանիկ ըլլալ այնքան որքան սուրբ է ինքը, երջանիկ անոնց պէս որ զինքը տեսան, ու անոր ձայնը լսեցին, անոր ձա՜յնը որուն քաղցրութեան ուժին ոչ մէկ հոյլ երկնաշունչ Որփէոսներու պիտի կրնար հասնիլ, լեռնադղորդ գոռումներու ոչ մէկ տիտանուագային համորոտում, միահաղոյն շշնջող ծովերու ոչ մէկ վայրենադաշն խմբերգ, անոր ձա՛յնը, այնքան քաղցրօրէն հզօր, որ կը վերկենդանացնէր, որ մեռելներուն սառած ականջը կը լսէր զայն, ու կ’արթննային, կ’ելլէին., այնքան քաղցր, Աստուած իմ, այնքան անասելի, անյղանալի կերպով քաղցր որ Նեխման իրականութիւնը կը ցնդեցնէ՜ր ցնորքի մը պէս. որ Նեխումն յանկարծ Աղօթքի կը վերածէր, Նեխման գարշելի, անբացատրելի, անդրմարդկային թշուառութիւնը Աստուածգիտութեան երանութեա՜նը կը փոխէր., եթէ երջանիկ ըլլայի անոնց պէս որ նայուեցան անոր հայեացքէն, եւ գութի երկնային կոհակի մը մէջ պարուրուիլ, հրընկղմիլ ու իտէանալ զգացին, վասնզի ներման այնպիսի հեշտութիւն մը կ’երանար հոն որ ամօթապարտ մարդը կրնա՛ր նայիլ անոր., երջանիկ, անոնց պէս որ զինքը շօշափեցին, վասնզի պէտք էր որ, խեղճ մարդիկ, զինքը շօշափէին, ո՛ եւ է պատրուակով, աներեւակայելի էակին իրականութեանը համոզուելու համար, թէեւ խղճին անվրէպ նախագիտութիւնն ըսէ՛ր իրենց թէ Քրիստոսն է ան, հրեշտակադէմ, հրեշտակացած Աստուած, արփային անիմանալի վիհերու միահամուռ կեդրոնացմա՛մբ ցնորակերտուած Գերամարդ, Տիեզերքի մշտնջենաւոր թրթռումը միակ տրոփի մը մէջ կշռութուած, Տիեզերքի Օրէնքը՝ Տիեզերքի Ոգին եղած., եթէ երջանիկ ըլլայի՜ իր կերպարանին թքնող մարդուն պէս, եւ իր ոտքերն իւղօծող կնկանը պէս երջանիկ՝ ես, արդեօք, գիտակցութեան, ինքնաճանաչման զարհուրելի ու մահացու աճումով մը, չպիտի՞ ըլլայի մէկը որ մեռնէր իրեն համար, եթէ ոչ մեռնէր իր ներկայութենէն:

Ափսոս, խոտերը կ’երերան կոր, սարսռալով. խեղճ խոտերը. ի՞նչ անողորմ բան կայ շուրջս. ի՞նչ է այս կաշկանդումս տխուր հողին վրայ. հողին սրտաճմլիկ ամայութեանը վրայ: Չէ՞ մի որ հէք եղբայրն եմ այս դողդոջուն ոչնչութիւններուն: Ի՞նչ բան կրնայ մխիթարել ապրելու սուգը. կենցաղի մը պժգալի յամառութեամբը բրտացած մարմնաւորութեան նզովքը: Ո՞վ պիտի լուայ Եսին ամօթը: Պէտք չէ՞, շատոնց, որ հողին խորին գերեզմանին մէջ կորսուիմ. վհատութեամբ ետ դառնամ դէպի հողը:

Իսկ Անոր կերպարանը կը մարի պատուհանին մէջ. կը կորսուի, ներսս կը վերադառնայ: Հո՜ն թող անհետի: Թող սրտին անարտաբերելի խորհուրդներուն մէջ թաղուի, իբրեւ գետնադամբաններու եկեղեցւոյ մը մէջ, կենցաղին հեթանոսութենէն հեռու: Գիտեմ որ, երբ արցունքներուն խոյելքը յարուցանէ զայն այնքան յաճախ որ վերջապէս դիմակայէ զայն ինծի, իմ արարքներուս եւ իմ միջեւս զայն ուրուացնէ՝ փայլատակող սկզբունք՝ կեանքս պէտք է յեղաշրջի: Վասնզի իր իրաւունքն է ատիկա, եւ ոչ իր ազդեցութիւնը, իր արբեցուցչութիւնը., վասնզի եթէ հանճարները կրնան տեսակէտներ շինել՝ անիկա խղճմտանքը նորաստեղծեց, այնքա՛ն իշխանութիւն եղաւ իր ազդեցութիւնը., վասնզի գիտեմ որ Տէրն է: Կեանքս, թերեւս կեանքը, անկարող զայն նշանաբան ունենալու, ա՜յն հայեացքը, այլ թերեւս զայն իբրեւ գաղտնի, ամօթլեած յղացում մը կրելու անարժան չէ: Միթէ դատապարտութիւնը կ’ընդգրկէ՞ ամբողջ մարդը. մարդ անծանօթ կարելիութիւններ չի՞ կրեր. չէ՞ մի որ արտօսրը անծանօթ անաշխարհային զգայութիւններ կը վերբերէ սրտին ներբաւիղներէն, ու արտաքին մարդուն ամուլ ոչնչութիւնը կը պատմէ անոր, եւ այնքան մոգական, այնքան աստուածային որքան անոր մարմնաւոր ապագան խտացնող սերմի շիթը՝ էակին ոգեղէն անցեալին թրթռագին հոծումը կը բերէ իրեն. չէ՞ մի որ արտօսրը, ո՛վ Աստուած, Անեզրութենէդ բղխած մեղեդի շիթ մ’է որ կը գթա՛յ լացողին: Ինչպէս Կեանքին յաւերժական գաղափարը Ջուրերուն տակ՝ հոն, արցունքի ներքին խորքերուն մէջ անյայտ, ծածկայուն թող մնայ անոր տեսիլն իբրեւ ներաշխարհային պաղպաջունքի մը մէջ, իրեն արժանի., եւ թող ես հծծեմ միայն իւրովի թէ ունիմ ես զինքը, մարմնաւորութենէս հեռու, հոգւոյն նախնի, անկորնչելի ճշմարտին առասպելայնութեանը մէջ ունիմ ես զինքն, իբրեւ փրկութեան, վերակենդանութեան գաղափա՜րն Արցունքներու խորը:

Ահաւասիկ հիմա Հայր գթածը կ’ըսէ քահանան:

Իմ աղօթքս, իմ, իմ աղօթքս. իրիկուն է, եւ քահանան կ’ըսէ.

Հա՛յր գթած, Արարիչ ամենայն արարածոց, ընկալ զպաղատանս ծառայից քոց ի ժամ երեկոյիս. ողորմեա՛, Տէ՛ր, ամենայն աշխարհի. հիւանդաց. վշտացելոց, ճանապարհորդաց, նաւորդաց, խոստովանողաց, ապաշխարողաց, եւ հոգւոցն հանգուցելոց:

Ասանկ կ’ըսէ քահանան, վասնզի իրիկունն է:

Այն ատենները զմայլած կը մնայի մանկական այն զմայլմամբ որ երիտասարդութեան մէջ երազանք, ծերութեան մէջ տրտմութիւն է. այն խուսափուկ վայրկենին մէջ ուր աղօթքին ծանր ու աղաչաւոր բառերը կը հատնէին, երեւակայութիւնս հորիզոններու անարտայայտելի ընդարձակութիւն մը կ’ընդնշմարէր իրիկուններու ամայութեանց մէջ հեռացած, անսահմանուած: Չէի գիտեր ոչ վիշտը, ոչ տարագնացութիւնը, ոչ ծովերուն իրիկունները, ոչ ապաշխարանքը, ոչ մեռնիլը: ւ սակայն մտիկ կ’ընէի քահանային աղօթքին, տարտամօրէն պատկառոտ, կարծես մեղմ երկիւղով մ’անշարժ, իբրեւ երկբայաղօտ ճակատագրութեանց կարծիքով մը. եւ ցորչափ կը տեւէր աղօթքը, ոչ իսկ վայրկեան մը՝ կը մնայի անորոշ, սուզեալ, երազմայլ. անստուգապէս բայց հոգեւին ըղձալով այն աղու բաներուն որ աղօթքին տեսիլներուն մէջ կը ծփային, կը հեռասուզուէին., ենթադրելով, մտածելով զանոնք, կարծես զանոնք երկար ատեն գիտնալէ ետքը մոռցած, իրենց «թողած» տպաւորութեան մելանուշութենէն կարծես յիշելով, անծին ու շփոթ ճանաչողութեամբ մը հեշտասիրելով անոնց հեռանօսրութիւնը, որ վերջին բառերէն ետքը դեռ կ’երկարաձգուէր, ու կը լուծուէր, կը ցնդէր., տղեկի ըղձատեսութեամբ մը նախազգալով յաջորդող ժամանակները, բայց որոշապէս զի՛ս նախապրելով այն խորին նոյնութեամբ որով ինչպէս ամենուրեք՝ բան մը նոր չէ տարիքին մէջ, եթէ ոչ այն ահագին երազողութիւնը, կեանքով բեռնաւոր, ուր նախկին զմայլումը՝ կարծես նախկին անդրակենսութեան մը այերայնութեամբը թեթեւ զմայլումը կը թախծի: Ի՛նչպէս պիտի ուզէի՜ ծերանալ, Հայր Գթածը նաեւ ա՛յն ատեն լսելու համար, ինչպէս այս ծերունիներն հիմա կը լսեն. տեսնելու համար նախնի տղեկին ժպիտն այն արտօսրին մէջ որու թրթռման մէջէն ծերութեանս հայեցողութիւնը պիտի հեռանար անհուն ծիրանի հորիզոններուն մէջ՝ իրիկուան աղօթքին իմաստութենէն անդրանկարուած.

Ողորմեա, Տէր, ամենայն աշխարհի. հիւանդաց, վշտացելոց, ճանապարհորդաց, նաւորդաց, ապաշխարողաց, եւ հոգւոցն հանգուցելոց:

Ի՞նչ է այս երազուն տողումն, ուր երեւութապէս այլազան վիճակներու գաղափարները կը յաջորդեն իրարու, անզգալի ու թերեւս անկանոն աստիճանմամբ, որ այնքան ճիշդ կը բարձրանայ ու այնքան կատարելապէս կ’աւարտի., ուր գաղափարները կ’անցնին իբրեւ իրիկուան բալող շիկութիւններուն մէջ ծփուն տրտմալի երանգները միակ գաղափարի մը, անոնցմէ առաջ, անոնց մէջ, ու անոնցմէ յետոյ մշտակայ, ինչպէս անեզր իրիկունն ուր աղօթքը կը գոյանայ, կը խնկանայ, ու կը սաւառնի: Ի՜նչ մեծ ու քաղցր իմացականութիւն վերջալուսական մտախոհութեանց մէջ կը յիշէ զանոնք որ կը տխրին, կը տառապին աշխարհայնութեամբ, անկողիններու ցաւին ու թշուառութեան մէջ, լքման յետին լռութեանց մէջ., զանոնք որ կը մեկնին կը հեռանան, տարադէմ, դէպի լեռներու վայրենաբոյր մենութիւնները, մթին ձորերու խորերէն, ուրուային բլուրներու ցախերուն մէջ, ուր իրիկունն անհուն հծծիւններով կը սրսփայ., կամ ծովուն ամայութեանց մէջ, ուր հորիզոնները հուսկ երանգներու տխրադէմ հոգիներով կը խորհրդաւորին հեռուները, կամ մերկ՝ վճիտ՝ զարհուրելի պարապութեամբ մը կը խստագծուին տմոյն երկինքին վրայ, մինչդեռ պատռուող ջուրերուն մէջ վիհերը կը մթագնին, եւ ահարկու կոծեր կ’արձակեն գիշերամուտին մէջ գացող նաւորդին., յետոյ նաեւ զանոնք որ պահ մը, ու թերեւս իսպառ հեռացած կենցաղէն՝ խցիկի մը ներանձնութեան մէջ ուր լուսամուտը կը ստուերամածի մթագնող ու կորսուող արտաշխարհին վրայ՝ լռութեան սրբութեանը մէջ հծծող ներքին աղու ձայներու կ’ունկնդրեն, ստուերին մէջ փթթող նայուածքին կատարելութեամբն, արտաշխարհէն ազատ խղճմտանքի մը տեսանողութեամբը կ’ըմբռնեն իրենց մեղքերուն մորմոքալի շարքը, եւ ազնուացումը կը տենչան., անայլասերելի ազնուացմամբ՝ արտասուագին, ցօղալից վերկենցաղում մը կ’ըղձան., անեզրութենէն կը խնդրեն շնորհներուն խաղաղիկ աստղակայլակ էջքը., եւ զանոնք որ վերջին նշոյլներուն հետ մեկնած են աշխարհէն: Ա՛հ, իրիկուան այս աղօթքը: Ի՛նչ երազուն բարութիւն կրնայ յիշել զանոնք իրիկնածին բարձրախոհանքին մէջ եւ անոնց համար կ’աղօթէ: Եւ այն պահուն որ արեւը կ’ընկղմի իջնող գիշերամուտին ստուերներուն մէջ, հեռուն, վաղուան տրտմածուփ անորոշութեանց մէջ, ի՞նչ բան կարելի է յիշել եթէ ոչ հիւանդները, տառապողները, տարագնացները, խոստովանողները, ապաշխարողները, մեռնողները: Երբ իրիկունը կուգայ, ու հանգիստին գորովագին ժամն է, որչա՛փ ճիշդ է, որչա՛փ արդար՝ երազել, սիրել բոլոր զանոնք որ հիւանդ են, կամ տառապագին, կամ թափառական., զանոնք որ աշխարհէն կը քաշուին կամ կը վերանան, բոլոր զանոնք որ խաղաղութեան կարօտ են: Այս պահուն ի՜նչպէս գործունէութեան, ըղձանքներու, պէտքերու գաղափարները կը մարին հրաժեշտի գաղափարին աղօտ մեծութեան ներքեւ: Իրիկուան մէջ մի՜թէ կայ հրաժարումէն աւելի խաղաղ եւ աւելի տիեզերական բան մը: Ի՞նչ, ո՛վ Աստուած, աւելի կատարեալ բան մը քան երկրաժեշտը, երեկոյին:

Ծերերէն մէկը ետեւը կը դառնայ կը նայի. սոսկալի՜ բան. հայրս է…:

Տէ՛ր Աստուած. մեր թաղին սա արբեցող ծերունին չէ՞ այս որ կիրակամուտքի ժամերգութեան եկեր է: Ի՛նչ ահարկու նմանութիւն. շեշտակի ինծի կը նայի: Ա՛հ սակայն. ա՛լ ասիկա անհանդուրժելի է. իր ալքոլամոլի ու ծերի պռստած, աղաչաւոր, ահաբեկ յառումով ինծի կը նայի. անդի՛ն կը դառնամ: Գիտեմ, դեռ կը նայի կոր որպէս թէ հա՜յրս ըլլար, մեռած հայրս, եւ իր այնքան ծանօթ նայուածքին ահեղ տառապանքով ինծի նայէր տակաւին: Կարծես թէ չէ մեռեր այն նայուածքը. այն սրուած, սլաքօրէն սպառած, ոգեվար ու անաշխարհային նայուածքը միթէ կրնա՛ր մեռնիլ:

Միթէ կարելի՞ է որ անիմաստ դիպուած մը ըլլայ այս տարօրինակ բանը: Ալքոլը, ծերութիւնը, վիշտը, նախնական հարեւանցի նմանութեան մը օժանդակած, կը բաւե՞ն հօրս կերպարանին աղէտալի վսեմութիւնը կերտելու. այնքան խուսափուա՜ծ այն կերպարանը դեռապրեցնելու հողակոյտէն դուրս՝ զայն իմ մօտերս ուրուայածելու համար: Չի՞ բաւեր արդէն որ սրտիս մէջ քանդակուած ըլլայ այն, իբրեւ անոր հեղինակը. սիրտիս մէջ՝ թախծութեան անկիւնի մը մէջ ընդնշմարուող ա՛յն ահարկու դէմքը. կքուն, նայող, արձանացած: Ինչո՞ւ համար երեւնալու ու նայելու այս պատի՛ժը:

Նոյն դողը, նոյն տժգունումն էր որով իր զգայութիւնը կ’ունենայի. եւ որ, աւաղ, ուրախութիւն մը չէր: Նոյն անկորնչելի զգայութիւնն էր. նոյն յանկարծական դառն անձկութիւնը, զոր զգացի հիմա եւ որ, երբ կենդանի էր հայրս՝ ա՛լ իր ըրած տպաւորութեանց համադրոյթն էր. իր ենթակայական նշանը: Ի՛նչպէս նոյն է դեռ, նոյն է միշտ այս անձկութիւնս: Ատանկ կը նայէր ինծի, եւ կը պատժուէի: Թերեւս ոչ իր խրատը, իր յանդիմանութիւնը, իր ծաղրը, իր ապտակը զիս այնքան պատժած են որքան իր կսկծալի ու սոսկալի ակնարկը որմէ խոյս կուտայի. վասնզի այդ նայուածքը պատժել չէր ուզեր զիս:

Այն նայուածքը կը տառապէր ու կը ներէր. նայուածքին ծերութեան ու ալքոլական արտայայտութիւնը յարատեւ տանջագծումն էր իր առաքինականութեան: Ալքոլը հօրս բնաւորութեան մէկ յաճախակի յայտակերպումն էր. օ՛հ, ալքոլը իւրացուած էր հօրս բարոյականէն. իր հոգւոյն գեղեցկութեան հետ ընդխառնուելով, յուզուելով՝ ալքոլին տգեղութիւնը պատկառանք եղեր էր: Ակնարկին խիստ ազնուականութիւնն ուժգին ցաւագնութեան մը մէջ նսեմացեր էր: Ալ չէի կրնար հանդուրժել անոր. կը խուսափէի հանդիպելէ իր սեւեռաբիբ ծիածանին որ աչքին ծերացած ճերմակներուն անպատմելի դատարկութեանը մէջ կը կենար կը նայէր ինծի. իր անջնջելի, յաւիտենական հայրութեան ուրուացած, անցեալ իշխանութեամբը: Եւ կ’ամչնայի, կը սոսկայի, կը նողկայի իր հայրութենէն, որ գուցէ խանդաղատանք միայն կրնար սպառնալ ինծի. թերեւս իր տառապանքը միայն: Որչափ թշուառ էր, որչափ թշուառ, իմ մեծնալուս չարիքին հանդէպ զոր ըրի իրեն, զոր անկախութեամբս ու անձնականութեամբս, եւ անշուշտ իմ պժգալի երիտասարդութեամբս՝ ինչպէս է՜ ամեն երիտասարդութիւն՝ խստացուցի (raidir), անդարմանելի, յուսահատական ըրի. եւ սակայն այդ ինքնութիւնն ինքը տուած էր ինծի. իր անխորհուրդ առնականութեամբ ըղձակերտեր էր զայն: Եւ ես զինքն ա՛լ ատել կը թուէի:

Սակայն չէի ատեր, այնպէս չէ՞. մի՛թէ կ’ատէի՜ զինքը: Չեմ գիտեր ինչ կը զգայի: Չափազա՛նց էր ինքը. իր վրայ, իր մէջը տաք, խոնաւ, անհասկնալի չափազանցութիւն մը կար, տարօրինապէս խռովիչ: Իրմով լեցուն էի, առանց գիտնալու, կարծես միեւնոյն ելեկտրականութեամբ լի՝ խուսափիլ կ’ուզէի իրմէն: Իրմէն այնքան պատժուած մանկութեանս մէկ ակամայ, գրեթէ մեքենական հատուցո՞ւմն էր այս անկախացումը, կամ նախկին կորովալիր հօր ակնածելի ներգործութեան՝ ծերութեամբ, վիշտով, ալքոլով երկչոտած անինքնավստահ համեստութեան տեսարանէն զայրո՞յթ մը. ուստի ճշմարիտ, գիտակից յարգանքի մը անմեռ տրամադրութի՞ւնը սրտիս մէջ: Եւ կամ միթէ ճշմարիտ իւրացումը չէ՞ր. աստիճանական գրաւումը նոյն նկարագրով:

Ստոյգ է որ ես իրմով յագեցած (saturռ) էի եւ ինք կը նուազէր: Իր նախկին տիրապետութիւնն ուրիշ բան չէր, այլ բարոյապէս ու զգայարանապէս հետեւում մ’իր արեան որ բաժնուած էր իրմէ զիս յօրինելու: Իր գորովով, իր խրատով, իր պատիժով որ այնքան սաստիկ էին, կը հետեւէր իր բուռն էութեան զոր տուեր էր ինծի: Ուրիշներու մէջ յաճախ յետամնաց՝ հօրս մէջ հայրութիւնն իր ծնողութեանը կը հետեւէր. կը տառապէր ինք որ զուգընթաց ըլլար անոր: Անգիտակից ծնողութիւն մը չէր կրնար բաւել իր հզօր ու քննադատ նայուածքին որով ինքզի՛նքը կը սրբագրէր իմ մէջս: Իր խիստ հայրութիւնը գիտակցութիւնն էր իր առնավայրի ծնողութեանը: Անընդհատ կը ծնէր զիս. եւ շարունակ սպառեցաւ ոչ միայն իր մարդու տառապանքներէն կամ ալքոլէն, այլ նաեւ իր յարատեւ ծնողութենէն: Ալ ընելու բան մը չունէր. իր շռայլութեամբ ինքզինքը վատնեց իր սերունդին: Երբ իր ներէական վատուժումը տեսաւ, վշտագին, անկէ տրամադրուող ու սնանող ու անոր զուգադիպող իմ աճմանս հանդէպ., երբ ինք մորմոքով զգաց իր օտարանալն իր նախառոյգ Եսին յիշատակէն որ իմ մէջս կը վերկենցաղէր, որ գուցէ, ըստ իրեն, կը նորաստեղծուէր իմ մէջս, ու գուցէ, իր ծերունիի աչքերուն առջեւ, կ’օտարանար ու կ’այլասերէր., մինչդեռ ինքը, ինչպէս ես, չէի կրնար կասկածիլ իմ մէջս մօտալուտ փոփոխութիւնները, որք շեշտումներ ու աղօտումներ միայն անշուշտ պիտի ըլլային, եւ որ իր գոյութիւնը պիտի որոշադրէին հոն., եւ երբոր թախծալից ուրախութեամբ զգաց անօգտակարութիւնը տարեւոր բոյսերուն որք իրենց հուսկ հունտին մէջ կը սպառին, ու առանց իրենց եսն ընդնշմարելու, ճանչնալու անոր մէջ կը ծնգին, կ’ոգեվարին, այն ատեն մեռաւ: Իր որդիէն չպատկառելու համար պէտք էր որ մեռնէր արդէն:

Ի՞նչպէս եղած է ատեն մ’ուր ոչինչ իմ մէջս կը զգացնէր ինծի այն խռովիչ նմանութիւնը, զոր ժամանակը, կեանքը պիտի երեւան հանէին՝ հակառակ այն պատիր երեւոյթին որով ինքզինքս տարբեր կը կարծէի անկէ, ե՜ս, անոր որդին., եւ որ հետզհետէ կը շեշտուէր իբրեւ զիս հպարտացնող իսկ ստուգութիւն մը, եւ կը յայտնուէր, թերեւս անոր հայրական աչքին կը ցայտէ՛ր այն գիտաձեւ ու յիմար անտարբերութեանցս մէջ որոցմով եկեղեցիէն բացակայ կ’ըլլայի, եւ հօրս արտասուքին սոսկալի բարոյացուցչութենէն հեռու, եւ որոցմով անզգած կը մնայի՝ եկեղեցիէն դարձին իմ բացակայութեանս համար ինծի ըրած յանդիմանութեանն ու վշտաբեկ ծաղրին:

Չի գիտեր հիմա թէ որքան կը նմանիմ իրեն. թէ որքան կ’ուզե՜մ նմանիլ անոր, ե՛ս որ կ’արհամարհեմ ամեն տարբեր նմանութիւն: Ի՛նչ բաներ կը շարունակէի սիրել, զոր ինքը կ’արհամարհէր, եւ զոր ես կը սկսիմ ատել հիմա: Որչա՛փ բաներ կային զոր կը քամահրէի, եւ որոցմէ հիմա կ’ակնածի՜մ, որովհետեւ ինքը կը սիրէր զանոնք: Անշուշտ ժառանգականութիւնը կը գնահատուի երբ տղեկը հասնի մինչեւ իր բարձրագոյն աճման, թէեւ սաղմն իր ապագան պարունակէ: Հոգւոյն մէջ աստիճանաբար, անզգալի եւ անդառնալի յամրութեամբ մ’երեւան կ’ելլեն նոր հանգամանքներ, անոնց դեռ անինքնագէտ տիրոջ անծանօթ, եւ անկէ անյուսալի: Հին ճաշակները, սխալ, թեթեւ, վարկպարազի, տարտամօրէն կ’այլէանան, ծանր եւ օ մ’ալ անակնկալ եղափոխութեամբ որ անկաձեւ առհաւութիւն մը կը թուի, բայց որ ժառանգականութիւնն է, անկորնչելի, որովհետեւ բարեշրջական եւ թերեւս մանաւանդ գիտակցական: Վասնզի գիտակցութեան աճումը չէ՞ որ էութեանս մէջ հօրս ծագմամբը կը յայտակերպի, ինչպէս գիտակցութեան յետին բարեշրջութիւնը կը ձեւաւորուի՝ Աստուծոյ վերստին ու ներյատուկ ընդերեւման մէջ: Եւ արդեօք այն անորոշ ժամանակը որ անհատական զարգացման բարձրագոյն աստիճաններն ու գիտակցութեան լիագոյն երեւումը կ’որոշէ, այն անորոշ ժամանակը հօր մահը չէ՞ ընդհանրապէս: Պատանութեանս գիտակցութիւնը որ զիս ուրի՛շ կը ներկայացնէր քան հայրս՝ թերեւս դիտողութիւն էր միայն, եւ անհեռատես դիտողութիւն մը. զգայարանական ճարտարութիւն մը մանաւանդ. տեսնելու երկու եղանակներ որ մարդոց լեզուին մէջ կը շփոթուին իբրեւ թէ դիտողութիւնը գիտակցութեան ստորին աստիճանը չըլլար, մանաւանդ նայուածք ըլլալով, մինչդեռ գիտակցութիւնը տեսողութիւն է մանաւանդ: Այն ատեն իմ եւ հօրս մէջ տարբերութիւն մը կը դիտէի. հիմա գիտակից իմ նոյնութեանս, որքան զատ անհատներու կարելի է նոյն ըլլալ: Կ’ատեմ ինչ որ կ’ատէ ինքը. եւ իր սիրածները սիրելի են ինծի. եւ ասիկա՝ ոչ թէ որովհետեւ զինքը կը յարգեմ. հապա անոր համար որ ա՛լ ուրիշ կերպ չեմ կրնար ընել. եւ ահա ասո՛ր համար կը յարգեմ զինքը, իբր իմ օրէնքս: Կը բացատրեմ զինքը. կ’արդարացնեմ զինքը. որովհետեւ ինձմով կը յղանամ, կը գտնեմ զայն: Ատեն մը կը ներէի, կ’աչառէի ինքզինքիս, որովհետեւ զի՛նքը կը դատապարտէի այն թերութիւններուն համար որք հասարակաց էին իրեն եւ իր տղուն: Հիմա ցորչափ կը դատապարտեմ ինքզինքս, նոյնքան կը ներեմ իրեն: Եւ հիմա, երբոր մրմնջեմ ինքնիրենս թէ յոյզերուն համար որ զիս կը խռովեն, կը չարչարեն, ու կ’ազնուացնեն, ես գուցէ անարժան չեմ Անեզրութեան՝, կ’ըսեմ թէ մանաւանդ ա՛ն արժանի էր անոր. վասնզի իմս չեն այն յոյզերը. իրն են. իմ թրթռականութիւնս իրն է. իմ զմայլումս, իմ վայրենական ու անաշխարհային տրոփիւններս իրն են. իր այն արտասուագին յափշտակութիւններն են զորս կ’ատէի, եւ որոց գաղջ, հրային, մեղեդային, որոց արբեցնող պարոյրին երանութեամբ կը ձգեմ էութիւնս, իբրեւ տանջանքի մը եւ սփոփանքի մը. ի՛նքն է. մշտնջենապէս, որ կը սարսռայ սրտիս մէջ. թախծութեան անկիւնի մը մէջ կքուն, արձանացած:

Վասնզի ո՞ւրկէ է Աստուծոյ գաղափարովը չպաշարուելու, Յիսուսի կերպարանէն չմշտագրաւուելու այս անկարողութիւնը. ինչո՞ւ ամեն բան Եկեղեցւոյն մէջ այդ տրտմեցնող տեսիլները կը վերակոչէ. տրտմեցնո՜ղ, իրապէս, եւ ըստ Եղիայի՜ն, որ «Առաջին անգամ տրտմած եմ, կ’ըսէ, եկեղեցւոյն մէջ տեսնելով զԱստուած: »– Ինչո՞ւ անոնցմով լալագին խռովուելու սպառնալիք մ’է ամեն բա՜ն: Ինչէ՞ն է որ երգերուն մէջ գալարուող շեշտ մը անգութ ու տարօրինակ համեմատութիւններով կը ծաւալի (dռferler) մտքիս մէջ, եւ ա՛լ ահագին բաներու սաւառնաթեւ պարզման մէջ կը տարուիմ շիւղի մը պէս, համե՜ստ քան Իմաստասէրին եղէգը: Ինչէ՞ն է այս սիրայօժար վերլուծողութիւնը որով աղօթքի մը բառն իմաստներու որոշ կամ աղօտ ու տարապայման հոծումներով հաշշայնացած կը զգամ., կամ այն երկիւղած համադրողութիւնը որով աղօթքը սրտագին վերյղանալու կը ձգտիմ, իր նկարագրին մէջ, կամ տեսակէտի մը: Ուրկէ՞ է մտքիս յուզումնալի պատշաճեցումը, տարո՛ւմն հինաւուրց աղօթքներուն, Եկեղեցւոյն մէջ յաւերժացած, տիեզերականութեան անմահութեամբը., անցեալ խնկալի դարերուն հայեցողութեանց որ վերամբարձ կը սառչին, մշտավա՜ռ՝ ինչպէս առկախ կանթեղները, վաղնջուց կրակով: Չէ՞ մի որ մեռած հայրս իմ մէջս է, հա՜յրս, որ Եկեղեցւոյն մէջ կուլար:

Ահա, երբ ա՛լ դադրած է աշխարհի վրայ ըլլալէ՝, իմ մէջս կը տեւէ դեռ. եւ արդար էր որ ասանկ ըլլար. եթէ ոչ գոյութեանս արդարացում մը պիտի չունենայի. ե՜ս. զինքը նոյն իսկ չսիրելով. Ա՛հ. գիտեմ, գիտեմ որ զայն չէի սիրեր որչափ հնար էր որդւոյ մը. հէ՛ք ահագին մարդը: Ստուգապէս զի՛նքն եմ հիմա սակայն:   ե՛ղճ ծերունիներ. եթէ ունիք երբեք սիրելի որդիներ որ չեն սիրեր զձեզ, քանի որ չեն հասկնար, եւ զերծ կը կարծեն զիրենք ձեր նայուածքէն որ կը թուի հրամայել այլ իրապէս կ’աղաչէ՛՝, յիշեցէք որ օր մը, երբ այս աշխարհէն մեկնած ըլլաք դուք, անոնք պիտի տեսնե՜ն որ զձեզ միայն կը կրեն, իբրեւ իրենց բարոյականը: Երբոր հայրը կը զառամի աշխարհի վրայ՝ իր որդւոյն մէջ կը վերածնի. Հա՜յր, խիղճս քու գերեզմանէդ բղխեցաւ, ինչպէս հողակոյտիդ վրայ ծաղկած տատասկը:

…Ժամերգութիւնը լռեր է. ամեն բան աւարտեցաւ: Կարելի չէ՞ մեծ պատուհանէն դուրս՝ պարտէզին խոտերուն սարսռալը դիտել դեռ: Մարդիկը, ծերունիները կամաց կամաց դուրս կ’ելլեն. յամրաքայլ կը հեռանան: Տղաքը գացեր են. կ’երթան. գաւիթին, պարտէզին մէջ անոնց անհասկնալի խօսքերուն զուարթութիւնը կը լսուի: Վաղը Կիրակի է: Ես ալ դուրս կ’ելլեմ, տատամսոտ: Ողորմեա, Տէ՛ր, ամենայն աշխարհի, հիւանդաց, վշտացելոց, ճանապարհորդաց, նաւորդաց, խոստովանողաց, եւ հոգւոցն հանգուցելոց… եւ հոգւոցն…: Ելլենք դուրս, երթանք: Պարտէզին խոտերը հոս պիտի մնան. գիշերը, ամբողջ գիշերը սարսռալով: Եւ իմ գերեզմանիս խոտերը չեն. ինչո՞ւ ես չունիմ դեռ գերեզման մը որու վրայ խոտերը սարսռան. իրիկունը, մինչեւ լոյս, արշալոյսին, միշտ: Ո՞ւր պէտք է երթալ: Ծերունիները կը քալեն. ալ ընելիք բան մը չունին: Կիները, պառաւները կը կենան, խմբակներ կ’ըլլան. յետոյ կը բաժնուին, կ’երթան: Կիրակամուտքի եկեղեցիէն ելլելու այն մեղմ վայրկեանն է ուր թշուառները, մեռելները կը յիշուին, իբրեւ գերազանց իրականութիւններ. նաեւ Աստուած., ուր ասոնց ամենուն յիշատակը միակ անորոշ ու խորին անձկութեան մը մէջ կը ձուլուի: Կ’անցնիմ կ’երթամ. բոլոր այս գացողներուն պէս ես ալ եկեղեցին էի: Ալքոլամոլ ծերուկին կը հանդիպիմ, որ կը քալէ, դողդոջուն, հակած, կարծես կուզ, ոտքին ծայրերուն վրայ տատանելով. չի նմանիր հօրս. բայց կը վախնամ դեռ որ կ’ելլէ ինծի կը նայի, երկարօրէն: Կը հեռանամ կ’երթամ շտապով:   ղճիս մէջ տրտմութիւններ կան: Ի՛նչպէս թախծալի է աշխարհքը: Գրեթէ ամբողջ կեանքս իր գլխաւոր երեւոյթներուն մէջ կը յիշեմ: Փողոցին, տուներուն, մարդերուն երթեւեկին կը նայիմ. ընելիք բաներուս վրայ կը խորհիմ. Իռենան կը մտածեմ…: Բայց խունկով լեցուն եմ, մահուան գաղափարով մը լեցուն եմ: Մահուան ահագին տրտմութիւնը կը զգամ, որ մահուան կարօտի մը կը նմանի: Տարտամօրէն կը մտածեմ թէ գերազանց բան մ’է այն. միակ յոյսը, կատարումը: Կը վախնամ որ փողոցին անդիի ծայրէն աշխարհի բիրտ սովորութիւնը երեւան կ’ելլէ, երազի պէս ընելու, անցելացնելու գեղեցիկ ու խորին, վասնզի թերեւս ճշմարիտ բաները. աղօթքը, եկեղեցին. որոց աղօտ ու խնկային զգայութեամբը լեցուն է փողոցը: Կարծես պիտի ուզէի որ ճամբան չաւարտէր: Անսովոր անարտաճահում մը կը զգամ. դժկամակելով ու կատարելապէս կ’ընեմ ինչ որ այնքան վարժուած եմ ընելու. այսինքն փողոցէն կ’անցնիմ: Կարծես թէ ամեն բան պէտք է վերսկսիլ: Անկորնչելի, վայրի, ու ցաւագին անտարբերութիւն մ’ունիմ շատ մը բաներու համար, բացարձակապէս անօգուտ: Ա՛հ, զերծո՛ւմ, զերծո՛ւմ, անհուն առանձնութեան մը մէջ. լեռը:

Յետոյ կը խնդամ, ու կը ցաւիմ վրաս: Բայց ներսս դեռ կը տենչացուի՛ անորոշ ու մեծ բան մը, յաւիտենապէս տենչալի: Սենեակիս մէջն եմ. ամենօրեայ դառնութեան մը մէջ: Ակամայ ու հոգեւին կը տեսնեմ ծաղկամանիս բանգը (jusquiame)… կը դիտեմ զայն, սրտագին, զմայլած անոր տմոյն, անորակելի տեսքին. աճիւնով ու արցունքով շինուած բան մ’է, վհկային բոյսը: Եթէ կարելի ըլլա՛ր…: Ամեն բան կը համառօտուի, կը նուազի՝ ընդնշմարուող այն ահագին բանին առջեւ որ ներումով, քաւութեամբ, սրբութեա՛մբ կարծես լեցուն անդրագոյն վիճակ մ’է, աղօտ, խորունկ, զարհուրելի՝, զմայլելի կերպով իրական. բայց կարծես թէ ընտանի վիճակ մ’է այն. երկար ատեն զգացուած, մտախոհուած վիճակ մը զոր անյուսութիւնը կը ծնի, եւ որու անպատում անդորրին կարծես պայմանն է անյուսութիւնը, հի՛ն աշխարհատեցութիւնը որ հանճարեղ վայրկենի մ’անհունութեան պէս երեւան կ’ելլէ էութիւնը տոգորելու: Կարծես թէ, թունաւո՜ր ծաղիկ, իմ մէջս կ’աճիս…: Յիմարաբար կ’երազեմ ամեն աշխարհայնութիւն մեռցնել մէջս. մինակ ըլլալ. համագոյական ամայութեան մը մէջ, անասնիկներու, խոտերու հետ որ կը սարսռին. սօսափիւններու, սրսփումներու հետ. պարեխներու ալեշշունջ մենութեանց հետ. Աւետարանի մ’էջերուն յամր շրշիւնին հետ: Եւ ծառայէի, կ’ըսեմ, անցորդներու, որք մոռնային զիս:

Եւ բարձրաձայն կը խնդամ վրաս յանկարծ, նողկալի ծիծաղով որ կարծես թէ աշխարհի մէկ զգայռումն է. եւ կատաղօրէն կ’արհամարհեմ ինքզինքս. իմ ապիկար եսս: Ա՛հ, այնքա՛ն հէք, այնքա՛ն թերի, այնչափ վնասակար կը զգամ ինքզինքս որ կ’ուզեմ վերստին, ու կատարելապէս հաւտալ դրապաշտութեան: Հօրս հոգւոյն բեռը շատ ծանր է իմ գիտակցութեանս…:

Վայրկեանները, տրտմագին, երազածուփ կը սահին. դուրսը երկինքը վճիտ է. թռչնիկները նոճիներուն մէջ կը ճռուողեն. ի՛նչ հանդարտ ըլլալու են հիմա մենարանները, գերեզմանները: Ի՛նչպէս գեղեցիկ է երկիրը: Երանի անոնց որ անոր ծոցը դարձած են. ու տիեզերքին մէջ կորսուած մենարան մը կամ շիրիմ մ’ունին:

Հիմա, վերջալոյսն է: Նոճիները կը լուսաւորուին, մեղմօրօր ու հսկայ. զիրար մթագնած՝ իրենց մեծ ստուերներուն դեռ թափանցիկ սքօղմամբ, ուր անոնց կանաչութիւնը կը մամռոտի, հոծ ու խաժ գանգրումներով, մերթ շիկախայտուած՝ փախստեայ հուրքերով որ բացուածքներէ կը ներսահին, ստորին ճիւղերու պղնձաթոյր վանդակումներէ, վերի ձիգ ոստախուրձերու ոսկեթել ցանցերէն մաղուած. մինչդեռ նոճիները քրքմայեղց կողերով վերջալոյսին մէջ կը բարձրանան իբրեւ թաւածալ շքհանդերձներու մէջ նափորտուած, հորիզոնին ծաւի եթերին մէջ ոսկեհուռ ծայրեր օրրելով, կանգնած, կանգնած, հառաչալիր՝ դէպի երկինքն ուր ամպիկներու հրեղէն ծխիւններ կը սուզառկախին, յափշտակուած՝ իրիկունին աւիւնէն որ շշուկներու, գոլորշիներու մէջ կը բռնկի, կը շառագունի հետզհետէ: Աւի՜ւնը բարձունքներուն, հորիզոններուն, նոճիներուն, բոլոր անդրհայեցութեանց՝ մօտալուտ գիշերուան համար որու լուրթ անդորրութիւնը կը բարձրանայ արեւելքէն, ստուեր արշալո՛յս յաւիտենական խաղաղութեանց տեսիլին որ լռութեան մէջ պիտի պարզուի յամրօրէն, եւ որու հայեցողութեան կը վերադառնան հոգիները ծիրանի երանութեամբ: Գիշերուան շշնջալիր նախատօնն է, Գիշերամո՜ւտքը՝ նոճեաց վանանտառին մէջ:

Սակայն շառ հրայրքները տակաւ կը մթագնին, կը բալին. մամռերանգ ստուերը նոճեաց բարձրաբերձ վիհերուն մէջ կը խաւարի. շշնջիւնները, անօսր, յետին ճլուըլիւններով կայլակուած, կը հեւան, կը սահին վերջալոյսին հանդարտութեան մէջէն որ իրերը կը թափանցէ, որ նոճիներուն վեհաշուք հեշտութենէն կը ծծուի: Վերը, հեռուն, անոնց ծփացող կատարներուն վրայ վերջին բոսորները հիմա պիտի նուաղին: Հեռալուր խժլտուքներէ անորոշ աւաչներ կ’ելլեն ու կը մարին, կը հատնին իրիկուններու խոնջութեանը մէջ: Շշուկները հեռացած են, լռութեան անզգալի սքօղումներու մէջ սուզուած: Անպատում խոնարհման մը կարծես անվախճան հծծիւնը կը սաւառնի: Մթնցան նոճիները. անհուն սօսափող ստուերի մը միութեան մէջ նոյնացան. եւ իրենց ծանրաշարժ ժանեցայտքը հիրային պարապին մէջ կը սեւանկարուի, միահամուռ, երկնաբերձ, իբրեւ ցնորական Եկեսցէի մը համար:

Ո՜ նոճիներ. յամրաբար, ու մեղմիւ, թող գրաւուիմ ձեր մթին մեծութեամբը. ձեր աղօթքին մթին յաւերժութեամբը թող յափշտակուիմ, ժամերով, վասնզի երկար ատենէ ի վեր ա՛լ չեմ կրնար աղօթել: Կանգնեցէք, կանգնեցէք, արշալոյսին անապակութան, կապոյտ տուընջեան մէջ, վերջալոյսին հուրքերուն, գիշերին ահագնութեան մէջ բարձրացէք, ձեր երկնաձիգ ամբարձման զօրութեամբը (puissance) որ ձեզի կ’ամփոփէ դէպի զենիթը, որ ձեզի կը ներանձնէ մռայլ լուսաւորեալներու խստամբեր հայեցողութեամբ, եւ որ ձեր անվախճան աղօթողութիւնն է, ո՛ նոճիներ, լաժուարթ վերջալոյսին մէջ բարձրացած, իբրեւ թէ խաւարէ բոցեր ըլլայիք, անվերջ ելքի մը մէջ խոյանշարժ յափշտակուած, դատապարտուած նիւթերուն մահկանացութեան ձգտումով դէպի լուսաննիւթ Յաւերժութիւնը, որմէ ամեն բան անջատուեցաւ, իջաւ յամրօրէն, դիրտերու սուզմամբը, թանձրացած բաներու տրտմութեամբը. եւ ո՜ր պաղած երկիրներուն մէջ իբրեւ խիղճեր, իբրեւ կրօնքներ կը կայծի, անջնջելի՜՝ էակներուն անդրազգացնելու համար միակ երկնային բնաշխարհի մը հեռափառ ոլորտներն, ու պատմելու, արտասուագին թշուառին՝ ա՛յն վերիւրացումը, որով նիւթին տարածութիւնները պիտի վերադարձնէ, ցյագ՝ իր լուսեղինութեան., որով թերեւս Աստուած իր անդրաշխարհին ադամանդէ մուտքը պիտի բանայ նորաստեղծելի՜ հոգիներուն՝ բարութեամբ, աղօթքով, ինքնաքաւումով մինչեւ հո՛ն բարձրացած: Դուք, որ նիւթին, խաւարին վերիտէանալու բաղձախտաւոր ձգտումը կ’անձնաւորէք, սովրեցուցէք, դաշնաշշունջ, ձեր գոթասլաց երկրաժեշտը անոր որ անբացատրելի անձկութեամբ կը նայի ձեզի. շշնջեցէք, յաւերժօրէն, բնէական միջինդարը միանձնային, մեռելական այն արհամարհանքին՝ զոր աշխարհին համար ունի ձեր ինքնամփոփ ու կուսական անջատումը երկրէն: Սովրեցուցէք ինծի, անհուն խոհանքովը ձեր մեղեդիին՝ հայեցողական հեշտանքներու կատարելութեան հաւատքովը լուսաւորուիլ, ու մոռնալ ինչ որ կը խթանէ, կը պահպանէ, բաբէ՜, կը մշտնջենաւորէ իմ մարմնաւորութիւնս՝ անդադար պատժապարտ., ինչ որ իմ տխուր յիմարութեանս առջեւ ամեն նիւթականութեանց արգահատելի վաղանցութիւնը կը սքօղէ: Եւ պատմեցէք բոլոր նիւթականութեանց վախճանաւորութեան օրէնքը, պատի՜ժ ու շնորհ: Տիեզերական քունին աստղանշոյլ անդորրութեանը ժամուն՝, երբ անծանօթ ազդումներն, այերաթեւ, կուգան նիրհող իմացականութիւնները թափանցելու, ու զանոնք Անեզրութեան հետ հաղորդակցելու, պատմեցէ՜ք հուսկ ճշմարիտ Հանգիստին աստղալի խաղաղութիւնը. դուք որ մեռած ու վերածնած էակներ կը թուիք, այնքա՛ն՝ յաւիտենութենէն հեռու՝ անոր սուգովը դեռ համակուած՝ անոր վայելքին երանութեան մէջ արդէն սուզուած էք միանգամայն. այնքա՛ն ձեր սօսափիւնին մէջ թախիծ ու հեշտութիւն կայ. այնքա՛ն հեծիւն ու փառաբանութիւն. այնքա՛ն, ո՜ նոճիներ, ձեր շշնջիւնին մէջ իմաստութիւն կը լսուի: Ձեր ներկրօնային, ձեր աստուածաշունչ բարբառը մեծվայելուչ մեղմութեամբ թող բղխի մշտապէս ձեր խորին ներբարձունքէն, իբրեւ անդրաշխարհի հեռուներէ. ու Գիշերին բարութեան մէջ թող Մահուան արդարութիւնը շշնջէ: