Այլ բանաստեղծութիւններ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՀՐՈՒԱՆԴԱՆ

Ո՜ւր կը նայիս, մշտնջենի ժա՜յռ ծովեզեր.

Ո՜ւր… դարերէ՜ ի վեր կանգուն հսկա՜յ ահեղ.

Մշտնջենի նայուածքդ երբեք, երբե՛ք չո՞ւզեր

Դադրիլ մէկ հեղ…

Ովկէանու իշխա՞նն ես դու յաւերժապանծ,

Նստած գահուդ վրայ զոր անդունդք լոկ կը ճանչեն…

Մինչ Այգ՝ ոսկի՛ դնէ ճակտիդ թագ, ծընեալ թափանց

Իւր ճաճանչէն…

Կամ մինչ անե՜զր Ովկէանն ի քե՜զ մինչեւ, հեռուստ,

Մինչեւ ոտքե՛րդ՝– որք կը ծակեն աւազն ու ծփանք

Իջնել հանգչիլ ի կող վըհին, ուր աճի բուստ,

Իբրեւ գորգ թանգ…–

Մինչեւ ոտքե՛րդ, ասեմ, զիւր թուխ ալիս գլորէ,

Որք խո՜ր շաչմամբ սողան նոցա տալ պա՜գ վըսեմ…:

Ա՜հ, քո հանդէպ, հնազանդ՝ այլ վե՛հ, միշտ կը լըռէ՞

Ովկէան նըսեմ…

Քանի՜ անգամ, ափսո՜ս, տեսա՛ր արդեօք խնդիւ,

Ոտիցդ առջեւ փշրի՜լն ի խո՜ւլ շառաչ, անտէր

Եւ ամայի նաւու մ’որ քեզ անէծք անթի՜ւ

Վըհէն նետէր…

Քանի՜ անգամ, քանի՜, ո՛ ժայռ, նաւ մ’ուղեւոր,

Մռայլ մըրըրկին արհաւրաց մէջ մօտեցաւ քեզ…

Եւ խոյս տալու անզօ՜ր… սուլե՜ց հոն, ահաւո՜ր

Եւ աղեկէզ…

Մըռայլամած քո դէմքն արցունք տեղա՞ց երբեք

Այդ աղէտից առաջ, ո՜ ժայռ հըսկայական…

Ի՜նչ… պի՞նդ կեցան նայուածքդ ու սիրտ յայդ դիւրաբեկ

Նաւուց կական…

Վա՜տ հրուանդան… քանի՜ անգամ, արդեօք, տմոյն

Արշալուսի լըռութեանց մէջ, խոնջ մի լուղորդ,

Զոր գիշերին մրրիկն ըրաւ վաղ ծովամոյն,

Թշուա՜ռ նաւորդ…–

Ի լիւղ՝ հասաւ քո մօտ… գրկե՜ց ըզքեզ… ու վեր

Սողաց ուժով… կառեաւ վայրի բոյսի մ’լերան,

Որ ապառաժ կողիդ վըրայ մենիկ ցըցուէր

Անդունդի՜ն վրան…

Եւ երբ յառա՛ջ տանել փորձէր ելքն այն դըժուար՝…

Չուզեցի՜ր դու. մշտնջենի ժա՜յռ անհեթեթ…

Բեկա՜ւ մացառն… ինկա՜ւ ի ծով մարդն ալ թշուառ

Ու եղաւ անհետ…

Ի՜նչ կը փնտռես, ի՜նչ անսահման այդ նայուածքով.

Անդունդներուն մէջ զո՞վ արդեօք, հեռի՜ն, հեռի՜ն…

Սիրահա՞ր մ’ես անեզրութեան. սիրե՞ս ըզծով

Գոռ թէ լըռին…

Սիրե՞ս այդ վե՜հ անհունութիւնն յաւերժական.

Ծո՜վն… այտի՞ է զի մի՛շտ հո՛դ ես, անշա՜րժ կամ պի՛շ,

Եւ կը նայիս միա՜յն անոր…– իբրեւ իշխան՝

Առ մի բամբիշ…–

Այլ ի՛նչ կ’ըսեմ, ո՛ հրուանդան, տե՛ս, տե՛ս սակայն,

Անեզրութիւնք, ծով, հորիզոնք, քե՜զ կը պատեն.

Կը սիրե՜ն զքեզ… զի դարերէ՛ ի վեր երկայն՝

Զքե՜զ կը դիտեն…

Զ’իւր համբուրիւ յաւիտենի՝ Ովկէանն ալ լուրթ

Կը համբուրէ՜ զքեզ մեղմ ալեօք խաժ ու թափանց…

Անդո՜ւնդն է որ հեռուստ կ’երգէ խորախորհուրդ՝

«Հսկա՜յդ ափանց…»

Զի օդաչու իւր նաժըշտաց հոյլ նորատի

Այգն ի համբոյր նախ քո՜ ճակտին առաքէ վաղ…

Եւ վերջալոյս դեռ նայի՜ քեզ… մինչ շուրջ պատի

Գիշեր դանդաղ…

Ի՜նչ ես դուն… Ա՛հն ալ քեզ սիրէ. հըսկա՛յ լըռուն…

Ոտիցդ առջեւ շառաչաձայն փրփրի ծով մռայլ.

Շանթ՝ ճակտի՛դ դէմ վառի. յանկա՛րծ շողան սարսռուն

Ծըփանք յիւր փայլ…:

Եւ կամ… գլխո՜յդ վերայ ճախրէ թռի՛չ չարաշուք

Անգեղ՝ մ’ոյր խաժ սեւեռին բիբք ծփանքին վրան…

Հոն, ջուրց ի ծուփ մի դի՜ խաղայ, լուռ, անշըշուկ…–

Ի՛նչ տեսարան…:

…Բայց մինչ այսպէս, ո՜ հրուանդան մշտնջենի,

Ահն եւ Անհունն ի քեզ այնքան սիրով յառին՝

Կա՛յ որ, սիրով մ’որ ո՜չ երբեք կը շիջանի՝

Քե՜զ գայ լըռին…

Մի՛շտ, վերջալոյսն երբ զհորիզոն ներկէ հեռո՜ւն,

Մինչ կապուտակ, ամայի՛ ստուերք երեկորին

Ծանրադանդաղ անկնին ի պա՜գ ծովուն նիրհուն,

Լռութեամբ խորին…,

Ոմն, հերքն ի ծուփ, գայ մելամա՛ղձ հայցուածով վեհ,

Նստիլ քե՛զ յեց, նայիլ ծովուն, նայիլ աստեղց…

  որհրդաւո՜ր ժայռ դու, այդ անձ գիտե՞ս, ո՞վ է…

Մի բանաստեղծ…

 

12 Սեպտ. 91