Այլ բանաստեղծութիւններ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՏԵՍԻԼ

Համաստղալի միգանըշոյլ Գիշերին

Ցընորաբերձ երբ սըլանայ վիհն ի վեր,

Տարօրինա՛կ ուրուաժողով մըթաստուեր՝

Նոճեաց ամբոխը հոծ կանգնած է լըռին:

Սերունդներու մելամաղձիկ հոգիներ՝

Որ կարօտով վըճիտ անդրի՜ն կը յառին.

Իմաստնացմամբ մը յետ մահուա՛ն հընարին՝

Անդըրշիրմի խոր ճգնակեա՜նք երկնանուէր:

Փոսէն վերջ՝ նո՛յն միաշունչ խոհանքը նըսեմ.

Նո՛յն ճանաչումն եւ սուգն ու սոյզն ըղձապիշ.

Եսին մեղքէն ետք՝ վերացում անդրհայեաց:

Եւ մեղաւոր տըղու խռովքով կ’սպասեմ

Որ մեռնելով՝ ես ալ դառնա՜մ նոճ մ’ուրիշ,

Ապաշաւի Եղբայրութեան մէջ նոճեաց:

 

1904 Դեկտ. 11