Պրոմեթէոս ազատագրուած

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՊՐՈԼԵՏԱՐԱԿԱՆ ԳՐԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ ՄԱՍԻՆ

Ամէն այն մտաւորականները որոնք հետեւեր են մեծ պատերազմէն յետոյ Եւրոպայի մէջ յուզուող խնդիրներուն եւ անոնցմէ բղխող մտաւորական շարժումներուն, այսպէս թէ այնպէս լսած եւ գաղափար մը կազմած են Պրոլետարական գրականութեան մասին։ Բայց այդ գրականութիւնը որ անշուշտ իր արմատները ունի նախապատերազմեան շրջաններուն մէջ, բոլորովին տարբեր դիմագիծերով կը յայտնուի Խորտրդային երկիրներէ դուրս եւ Խորհրդային երկիրներու մէջ։

Խորհրդային երկիրներէ դուրս Պրոլետարական գրականութիւնը առաւելապէս կը յայտնուի իբր արտայայտութիւն պայքարի եւ ըմբոստութեան։ Անիկա կոչուած է իբր քանդիչ ուժ իր պարսատիկները անդադար արձակելու տիրապետող դրամատիրութեան նեցուկ՝ եւ անոր գաղափարաբանութեան հիմքերու վրայ կառուցուած բուրժուական գրականութեան դէմ։ Միւս կողմանէ ան կը պատրաստէ միտքերը, լոյս ու պայծառութիւն կը բերէ այն խնդիրներու մէջ որոնք մասնաւոր ձգտումներով կը շրջապատուին միութիւնով եւ կը պահուին անորոշութեան մէջ։ Արտասահմանեան Պրոլետարական գրականութիւնը կը հանդիսանայ նաեւ երբեմն որպէս ձգտումի գրականութիւն միտքերը ուղղելով եւ ոգեւորելով դէպի դեռ չիրագործուած նպատակներ։

Խնդիրը այն է սակայն որ Խորհրդային երկիրներէ դուրս Պրոլետարական գրականութիւնը չէ կազմաւորուած իբր գրական որոշ հոսանք։ Կան գրողներ որոնց մէջ կան Պրոլետարական տարրեր, կան եւ շատ հազուադէպ պրոլետ գրողներ։ Կայ նաեւ այն գրականութիւնը որ կը կոչուի Պրոլետարական որովհետեւ նիւթը, բովանդակութիւնը Պրոլետարիատի կեանքէ է վերցուած, կամ հեղինակը ինքը դուրս եկած է գիւղական կամ բանուորական պրոլետարիատի ծոցէն։ Այսու ամենայնիւ, այդ բոլոր տուեալները միացնելով դեռ չենք տեսներ այն կուռ ամբողջութիւնը որ կը գտնենք Խորհրդային երկիրներու մէջ, իբրեւ պրոլետարական գրականութիւն թէ գաղափարական հիմունքի տեսակէտէն եւ թէ երկերու ձեւի եւ բովանդակութեան առանձնայատկութեան տեսակէտէն։Այդ մեծ տարբերութիւնը ոչինչ ունի զարմանալի։ Այն ինչ բուրժուական երկիրներու մէջ պրոլետարական տրամադրութիւններ ունեցող գրողը կոչուած է քանդողական գործ կատարելու, Խորհրդային Պրոլետարական գրականութիւնը յեղափոխական-կառուցողական է։ Այն ինչ արտախորհրդային նոյն իսկ դասակարգային շեշտուած բնոյթ ունեցող գրողը շրջապատուած է հակադիր գաղափարաբանութեամբ որուն մթնոլորտին մէջ կը շնչէ եւ կապրի եւ որը հազար դիմակներով կը ներկայանայ իրեն առանց հաշուելու կազմակերպուած հալածանքը եւ ալ աւելի վտանգաւոր սիրաշահուելու անվերջ հնարաւորութիւնները [1] ընդհակառակը Խորհրդային երկիրներու մէջ Պրոլետ գրողները նեցուկ ունին իրենց կազմակերպութիւնը, կուսակցութեան ղեկավարութիւնը եւ աջակցութիւնը ու գիտակից ընթերցողներու անմիջական խրախոյսը։

 

Խորհրդային Միութեան մէջ իմ առաջին հետաքրքրութիւնս ուղղուեցաւ դէպի նոր գրականութիւնը եւ յուսացի կարենալ զբաղիլ այդ նիւթով։ Բայց ռուսերէն լեզուի չգիտնալս, տրամադրելի կարճ ժամանակս անհնարին կը դարձնէին այդ ընել քանի դեռ Մոսկուա էի։ Մնաց որ ստացած կարգ մը տեղեկութիւններս ուրիշ արդիւնք չունեցան բայց եթէ ինձ ազդարարել թէ անհնարին է ըմբռնել ինչ կը վերաբերի Խորհրդային գրականութեան եւ գեղարուեստին, առանց նախապէս ըմբռնելու Խորհրդային կեանքը եւ անոր հիմնական գիծերը։ Այդ կարող էի ընել միմիայն, գոնէ յաջողութեան յոյսով փորձել, Հայաստանի մէջ ուր պիտի ըլլայի ընտրանի միջավայրի մէջ եւ ծանօթ տեղական լեզուներու [2] ։

Հայաստանի Պրոլետարական գրականութիւնը իր կարգին անցեր է այն փուլերէն որոնցմէ անցեր է Ռուսական Պրոլետարական գրականութիւնը։ Անիկա տուեր է առաջին շրջանի քաղաքական կռիւներէն ներշնչուած դիւցազներգական էջեր, անցեր է լոզունգային կոչուած ճառախօսական շրջանէն, արտայայտեր է աշխատանքի եւ շինարարութեան զանգուածային ոգեւորութիւնները։ Անիկա եղեր է նաեւ պայքարի ազդու միջոց հինէ մնացորդ գաղափարաբանութեան դէմ եւ այն տարտամութեան, շփոթութեան, յոռետեսութեան, նահանջի տրամադրութիւններու դէմ որ այս կամ այն կերպ երեւցեր են։ Ինչպէս կենդանի օրկանիզմ Պրոլետարական գրականութիւնը ունեցեր է նաեւ ներքին խմորումներ, եթէ կարելի է ըսել՝ աճման տագնապներ (crise de croissace) եւ վերջապէս յաղթահարելով այդ դժուարութիւններուն, այսօր կը ներկայանայ իբր կուռ կազմակերպութիւն, բազմաթիւ տաղանդաւոր գրողներու համախմբութիւն, որոնց ամէն մէկը իր երկերով տեղ բռնած է արդէն մեր ժամանակակից գրականութեան մէջ եւ որոնցմէ մէկ քանիին անունները հռչակ ստացած են Հայաստանի սահմաններէն դուրս եւս։

Այժմ Հայաստանի Պրոլետարական գրականութիւնը թեւակոխեր է նոր եւ բեղմնաւոր շրջան մը, յեղափոխական րէալիսմը, ուր կարող է գտնել իր լայն զարգացումը։

Առաջին շրջանին տուեր է բանաստեղծներ որոնք դիւցազներգական եւ լիրիքական (ոչ անհատապաշտ եւ յոռետես լիրիքան, այլ եթէ կարելի է սըել հաւաքական յուզումներու թարգման լիրիքան) պոէմներ տուեր են։ Երկրորդ շրջանին զարգացեր է արձակը եւ Հայ Պրոլետ գրողները տուեր են բազմաթիւ արժէքաւոր էջեր մեծ մասամբ վիպակներ եւ պատմուածքներ որոնք կը ցոլացնեն առօրեայ կեանքը, հասարակական փոխյարաբերութիւնները, հինէն մնացորդ տիպարները եւ նոր մարդը իր յատուկ մտայնութեամբ եւ նպատակներով, պայքարի ճակատներու վրայ։

Բայց Պրոլետարական գրականութիւնը չի բաւականանար միայն այդ դերով։ Նա պատկերացնելով առօրեայ իրականութիւնը կը ձգտի վերակառուցել պրոլետարիատի ներքին էութիւնը եւ այդպէսով դառնալ ազդու միջոց մը յեղափոխական պայքարի կազմակերպման գործի մէջ։

Պատմութեան մէջ կը տեսնենք որ գրականութիւնը այդ հզօր դերը կատարեր է մեծ ժամանակաշրջաններու հերոսական սկզբնաւորութեան երբ հաւատաւոր զանգուածներ ունեցեր են մէկ կողմէ բուռն պայքեր հինի մնացորդներու դէմ եւ միւս կողմէ կամ եւ թռիչքնոր հասարակարգ կառուցանելու։ Պրոլետարիատի յաղթանակը, դիւցազնական շրջանի յոյզերը, ոգորումները, կառուցողական հրայրքը, զանգուածներու խռովայոյզ ոգեւորութիւնը, հակամարտութիւնները, բնական է որ պիտի ունենային իրենց երգիչները որոնք միեւնոյն ատեն խրախոյս եւ ուղեցոյց պիտի հանդիսանային բարձրացող դասակարգին։ Գրական «անշահախնդրութեան» կողմնակիցները կառարկեն որ գեղարուեստական գրականութիւնը իր գեղագիտական օրէնքներէն դուրս կուգայ երբ այդպիսի «քարոզչական» դեր կստանձնէ։ Բայց այստեղ խնդիրը քարոզի վրայ չէ։ Ի՞նչ կարելի է գտնել ներշնչման աւելի հարուստ արբիւր քան այդ զօրաշարժները նոր հասարակարգ կառուցանողներու բանակներու։ Ի՞նչ բան կարող է գերիվեր յուզմունք յառաջ բերել քան թէ զարթնումը ստուար զանգուածներու որոնց պոտանսիալ (podensiel) ուժերը կը բեղմնաւորուին հետզհետէ։ Կարելի՞ է երեւակայել ոգորումի աւելի հաղորդական տրամադրութիւն քան թէ այդ հզօր երկունքը որ Խորհրդային պրոլետարիատը կապրի ներկայիս։ Նուաճումներ եւ անյաջողութիւններ, բուռն հակազդեցութիւններ լոյսի եւ ստուերի փայլատակումներ եւ ժայթքումներ որոնց ուժովը եւ մղումովը կը կոփուին թիփերը, նկարագիրները, խառնուածքները։ Եւ այն ներքին հակահարուածները որ կունենան այդ ալեկոծ ներկան ներուժ ապրողները եւ այն ապագան որ կը ծանուցուի շքեղ եւ լուսաւոր եւ որը յար եւ միշտ ունին իրենց շլացած տեսողութեան առաջ... եւ այն անծայրածիր ընդլայնումը հոգեկան աշխարհին, ազատագրուած անհատապաշտութեան անձուկ բանտէն, բազմապատկում եւ բազմատեսակութիւն յուզումներու, զգացումներու եւ ոգեւորութեան եւ այդ բոլորը մի՛շտ արծարծուն, մի՛շտ հրահրուած հաւաքական կեանքի լայն շունչովը...

Յաղթական եւ բարձրացող չորրորդ դասակարգը իր նիւթական արտայայտութիւնը պիտի ունենայ Խորհրդային շինարարութեան մէջ իսկ մտաւոր եւ հոգեւոր արտայատութիւնը պիտի գտնենք Պրոլետարական Գեղարուեստի եւ գրականութեան մէջ։

Ո՞ւրտեղ պիտի ստանար հապա իր համադրական ձեւակերպումը ինչ որ հարիւր հազարաւորներու մէջ յուզում է, ոգեւորութիւն եւ եռանդ։ Ո՞րտեղ պայքարող պրոլետարիատը յստակ գիծերով պիտի տեսնէր իր անցած ճամբան եւ այն ուղիները որոնցմէ պիտի անցնի դեռ առաջնորդուելու համար գերագոյն նպատակներու։ Ո՜ւր պիտի տեսնար յստակ շրջագիծերով եւ իր բովանդակութեամբ յեղափոխութիւնը եւ իր իմաստը եթէ ոչ արուեստի եւ գեղարուեստական գրականութեան մէջ։

Ոգեւորութիւնները կարող են ենթարկուիլ տատանումներու եթէ որոշ աստիճանի վրայ չի վերածւին գաղափարներու որոնց հաստատ սիւներուն վրայ կը կամարանան զանգուածներու կայուն տրամադրութիւնները։ Ո՞վ պիտի կատարէր բիւրեղացման այդ թանկագին գործը եթէ ոչ գրականութիւնը իր ստեղծած տիպարներով, իր դէպքերու եւ եղելութիւններուլուսաբանութիւնով։

Պրոլետարական տաղանդաւոր գրողը ճիշդ է որ հիւթը եւ նիւթը կը քաղէ առօրեայ կեանքէ բայց զանոնք գեղարուեստական ձեւակերպման ենթարկելով է որ կստեղծէ համադրական տիպարներ որոնք ճշմարիտ ստեղծագործութիւններ են այնչափով որչափով կարող են հանդիսանալ առաջնորդող աստղեր իրենց կարգին ուղղելու համար զանգուածները դէպի բեղմնաւոր ոգեւորութիւն։

Հայաստանի Պրոլետարական Գրողներու Միութիւնը շատ յստակ գիտակցութիւն ունի իր բարձր դերին։ Անիկա տոգորուած է այն զգացումով որ ներգործող դեր ունի կատարելու Հայաստանեան աշխատաւորութեան վերելքին մէջ եւ հետեւաբար հաստատ տեղաւորեր է իր գոյութեան իրաւունքը։ Բայց այդ նուաճումը առանց դժուարութիւններու չէ որ ձեռք բերուած է։ Առաջին շրջանին եղեր են թերահաւատութիւններ Պրոլետարական գրականութեան հնարաւորութեան մասին մեր իրականութեան մէջ։ Ըստ այդ կարծիքի, մեր յետամնաց երկրին մէջ ուր նոր ստեղծուող արդիւնաբերութիւնը դեռ յառաջ չէ բերած բանուորական բանակներ, տուեալներ չիկան պրոլետարական գրականութեան համար։ Այս ժխտական դիրքը բռնողները առիթ ունեցեր են իրենց կարծիքը հիմնաւորել այն թերութիւններուն վրայ որ Հայաստանի Պրոլետարական գրականութիւնը ներկայացուցեր է իր սկզբնական շրջանին։

Բայց այդ խիստ քննադատութիւնները իրենց կարգին նպաստեր են որ Պրոլետարական գրականութիւնը աւելի արագ դուրս գայ իր սկզբնական շրջանի թուլութիւնէն եւ հետզհետէ առոյգանալով պատրաստուի իր վերելքը կատարել զուգընթացաբար երկրի տնտեսական եւ մշակութային վերելքին։ Այսօր արդէն ամենէն թերահաւատներն իսկ կընդունին որ Հայաստանի Պրոլետարական գրականութիւնը կարող է ստանալ թռիչ եւ տալ արժէքաւոր երկեր եւ ոչ ոք կուրանայ այլ եւս այն դերը որ անիկա կատարեր է արդէն։ Պրոլետարական գրականութիւնը ընկերացեր է առաջին շրջանի կռուող պրոլետարիատին, հռչակեր է անոր պայքարը եւ յաղթանակը, կեանքի ուժ եւ ուրախութիւն երգելով ցրուեր է մահահոտ յոռետեսութիւնը եւ անզօր լալկանութիւնը, անխնայ խարազաներ է վհատութեան, վարանումի անկապաշտ հակումները եւ երգելով աշխատանքի որգեւորութիւնը եւ շինարարական նուաճումները, ներկայ է եղեր ամենօրեայ դժուարութիւններուն դէմ պայքարող աշխատաւորութեան ճակատներուն վրայ։

Հայաստանի Պրոլետարական Գրողներու Միութիւնը ըմբռներ է նաեւ որ աւելի մեծ դեր ունի կատարելիք. գեղարուեստական գրականութեան միջոցաւ ձեւակերպել վերամշակուող բանուորի եւ գիւղացիի հոգեբանութիւնը, լուսաւորել էական հանգոյցները այն հակադրութիւններուն որ յառաջ կուգան ամենօրեայ պայքարի ընթացքին նոր հասարակարգ կառուցողներու եւ հինի մնացորդներու միջեւ եւ այս բոլորը ընել կատարեալ ձեւով։ Անիկա որ գիտէ նաեւ Պրոլետարական գրականութիւնը պէտք է տայ աւելի արժէքաւոր գեղարուեստական ստեղծագործութիւններ, քան նախորդ շրջաններու գրական արտադրութիւնները։

 

Այս հարցերու մասին չէի կարող աւելի ճիշտ լուսաբանութիւններ ունենալ քան ընկ. Գ. . . ի մօտ որ ոչ միայն հանգամանօրէն ծանօթ էր մեր երկրի Պրոլետարական գրականութեան ընթացքին այլ եւ առաջին օրերէն հանդիսացեր էր հաւատաւոր նեցուը գրական նոր սերունդին։

Ժամադրութիւն՝ իր տանը, երեկոյին։ Ցուրտ եւ ընդարձակ սենեակ։ Մեծ գրասեղան՝ բեռնաւորուած գիրքերով եւ թուղթերով։ Պատերը զարդարուած են միայն գրակալ դարաններով։ Ժոժկալ եւ խիստ կեանք, նուիրուած մի միայն աշխատանքի՝ որուն գլխաւոր ոգեւութիւններն են այն ուրախութիւնները որ կառթեն նորահաս ուժերու յայտնաբերումը եւ զարգացումը։

Ընկ. Գ. . . ինձ կընդունի ընդհատելոգ աշխատանքը։ Յոգնած եւ նոյն իսկ տխուր իրեւոյթ ունի բայց ահա զուսպ ժպիտը կը պայծառացնէ անոր դէմքը, աչքերը կը վառին եւ եռանդով կը խօսի երիտասարդ գրողներու մասին, ինձ յանձնարարելով կարդալ այս կամ այն հեղինակին գործերը։ մատնանշելով յատկութիւններ, թերութիւններ, լուսաբանելով խնդիրներ։

Խօսինք նախ քննադատութիւններու մասին։

Անարդա՞ր... ո՛չ, բայց խիստ եւ երբեմն անհիմն. բայց այժմ արդէն նոյն իսկ նրանք որ բացարձակ ժխտում էին Պրոլետարական գրականութեան հնարաւորութիւնը մեր երկրին մէջ, սկսած են թուլանալ...

. . . ՞

Այո՛, դուք կարծում էք արտասահմանի մէջ որ մենք մեր օրերը անցընում ենք այստեղ իրար վրայ հիանալով եւ իրար փառաբանելով... իրաւանութիւնը մի քիչ տարբեր է։ Մենք չենք ցանկանարմեր աչքերը փակել մեր թերութիւնների վրայ բայց չէ կարելի նաեւ ուրանալ որ մեր պրոլետարական գրականութիւնը անցեր է արդէն իր առաջին հանգրւանները։ Յեղափոխութեան բուռն շրջան էր. նոր սերունդը ցասումի եւ ոգեւորութեան տրամադրութիւններ ունէր արտայայտելիք։ ինչպէս կեանքը այնպէս եւ գրականութիւնը դուրս էր սլանում իրականութիւնից...

Գաղափարները կը շառաչէին դրօշակներու նման...

Եւ ձեւակերպում էին լոզունգների եւ նշանաբանների մէջ... Հետզհետէ սակայն, գրականութիւնը ընդհանուր երեւոյթներից դարձաւ դէպի մասնաւոր երեւոյթները։ Յաղթեր էինք եւ քանդեր եւ այժմ պէտք էր վերաշինել... Էհ այո՛.., ճիշդ է որ մինչեւ որոշ ժամանակ Պրոլետ Գրողներ գաղափարաբանութեան եւ յուզումնական պատկերացումների յարաբերական արժէքը համազօր չէր... Գրողը դեռ եւս հիացման մէջ էր, չէր վերադարձեր կեանքի խտացեալ արտայայտութեան... Բացի սրանից մեր գրողները ոգեւորութեամբ որդեգրեր էին առաջին շրջանում ֆիւդիւրիստների, իմաժիստների եւ այլ այս կարգի հոսանքների ձեւը եւ ձեւի հետ բովանդակութիւնը։ Այդ բոլորը անխուսափելի էին բայց կարող էին նուազագոյն հետեւանքներ ունենալ եթէ մեր Պրոլետ գրողները զինուած լինէին ուսմունքով... Պէտք չէ մոռանալ նաեւ որ նրանք դեռ տէր չեն դարձեր իրանց ժառանգութեան որովհետեւ անմասն մնացեր են այն անբարուած մշակութային հարստութենէն ուրկէ լիուլի քաղեր են իրանց նախորդները։

Լսեր եմ արդէն որ Պրոլետ գրողներու հասցէին եղած մեղադրանքներէն մէկը այն է որ անոնք այլամերժօրէն երես դարձուցեր են անցեալ մշակոյթէն եւ այդպէսով փակեր են հնարաւորութիւնը օգտուելու գոնէ գրական տեքնիքայի վերաբերեալ իրագործումներէ։

Խօսակիցս ինձ կը բացատրէ թէ այդ անխուսափելի էր տուեալ շրջանին որովհետեւ մեր անցեալ գրականութիւնը եղեր է ազգայնական եւ լիքը թշնամութեամբ դէպի հարեւանները։ Գրական այդպիսի ժառանգութեան մը հանդէպ հասկնալի էր այն ժխտողական կեցուածքը որ նոր սերունդը ունեցաւ։ Բայց երբ կեանքի հոսանքը մտնէ իր սովորական հունին մէջ եւ հինի մնացորդները այլեւս չի համարձակին գլուխ բարձրացնել եւ աստիճանաբար որ պրոլետարիատը կամրանայ իր դիրքերուն մէջ, կը բացուին հին արշիվները եւ գրական նոր սերունդը կը տեսնէ թէ ի՞նչ կարելի է օգտագործել նոր կեանքի մէջ հինէն մնացած մշակութային ժառանգութենէն։

Բայց այս վերաբերմունքը սխալ կը լինէր կիրառկել այն անկուսակցական գրողներին որոնք անկեղծօրէն կանգնած են Խորհրդային գծի վրայ եւ այսպէս ասած ուղեկցում են Պրոլետարական գրողներին։ Այդպիսիների նկատմամբ մեն եղեր ենք քաջալերող եւ վստահ ենք որ մենք կունենանք միշտ սերտ բարեկամական կապեր ուղեկիցների հետ թէ իբրեւ անհատ գրողի եւ թէ նրանց Միութեան հետերբ իրանց կարգին կը կազմակերպուին իբրեւ խմբակցութիւն [3] ։ Պրոլետարական գրականութիւնը իր զարգացման ընթացքին մի կողմից հակադրւում է հակայեղափոխական ազգայնական գրականութեան, միւս կողմից բարեկամական յարաբերութիւնների մէջ է մտնում ուղեկիցների հետ։ Սրանք խորտակեցլով իրենց անցեալին կապող բոլոր կամուրջները ձգտում են ձուլուել Պրոլետարիատի կեանքին եւ արտադրել այդ կեանքը... եւ կը տեսնէ՛ք... Պրոլետ գրողների հետ համագործակցութեամբ, իրականացնել մեր մեծ յեղափոխական էբիքական շրջանի ձգտումները գեղեցիկ գրականութեան մէջ, մենք այնպիսի նոր գրականութիւն կը կերտենք...

Ընկ. Գ. . . առկախ կը թողու իր խօսքը բայց ես կզգամ թէ որու ուղղուած է անիկա եւ փոխարէն այդ գեղեցիկ ոգեւորութեան կը մտաբերեմ գաղութահայմամուլի անկապ եւ անհիմն խրթմնջումները եւ ոտքի տակ հողը կորսնցուցած վհատ եւ լալկան գրականութիւնը տարագիրներու։

 

Երբեմն այցելութեան կերթամ Գ. Աբովին տունը ուր միշտ հաճոյքով կը տեսնեմ իր համակրելի երիտասարդ կինը, մտացի եւ աշխոյժ, եւ այնքան գրաւիչիր սիրունիկ երախային օրօրոցին քով։ Սենեակին մէկ անկիւնը Աբովին գրասեղանն է եւ միեւնոյն ատեն «Նորք» ամսաթերթին խմբագրատունը։ Այնտեղ կը հաւաքուին երիտասարդ գրողներ, կը խօսինք Եւրոպական, Ռուսական եւ Անդրկովկասեան գրականութեան մասին, կը յիշենք անուններ, երկեր եւ կանդրադառնամ թէինչքան այդ ինքնուս երիտասարդները շատ աւելի պաշար ունին քան Եւրոպական մեծ կեդրոններու մէջ դեգերող տժգոյն երիտասարդներ եւ նոյն իսկ տասնեակ տարիներով ապրող մտաւորականներ։ Հաճոյքով կանդրադառնամ նաեւ որ մեր յարաբերութիւնները հետզհետէ կը դառնան ջերմ. հալել է առաջին օրերու կիսապաշտօնական հանդիպումներու սառոյցը... Է՜հ, այո՛, անկեղծօրէն ինքզինքս կզգամ մօտ եւ ընտանի այդ միջավայրին եւ հաղորդակցութեան կէտերը ոչ միայն հետզհետէ կը բազմանան, այլ եւ կամրանան։

Այդպիսի պահու մըն է որ կը խօսինք Խորհրդային գծի վրայ կանգնած անկուսակցական գրողներու մասին։ Ի հարկէ գործակցութիւն կարելի է, ոչ միայն կարելի է այլ եւ անհրաժեշտ է։

Մենք ընդ առաջ կը գնանք, կը յայտնէ երիտասարդ մը, նոյն իսկ կը նախաձեռնենք հաստատել ֆէտէրացիա։

Յաճախ կը տեսակցիմ նաեւ ուղեկից կոչուած գրողներու հետ որոցմէ ոմանք վաղուց անձամբ ծանօթ են ինձ եւ որոնց հետ բնական է որ աւելի մտերիմ աղերսներ ունիմ։ Ամէնքն ալ ոգեւորուած են ջերմ հաւատքով եւ անկեղծ կապով կանգնած են Խորհրդային գծի վրայ։ Երբ այդ մասին խօսք է եղեր արտասահմանի մէջ անհատ մտաւորականներու հետ, ինձ ըսեր են լաւագոյն պարագային թէ արդարեւ սա շատ «Խելացի վարմունք» է։ Բայց այստեղ խնդիրը վարմունքի վրայ չէ, խելացի թէ ոչ եւ հարկ կը տեսնեմ լուսաբանել։ Պարզ է որ այդ կարգի գրողներ անձամբ եւ զէն ի ձեռին չեն մասնակցիր յեղափոխական քաղաքացիական կռիւներուն ինչպէս Պրոլետարական գրողները։ Թերեւս նոյն իսկ ոմանք համամիտ չեն եղեր այդ կերպ պայքերին։ Պարզ է որ նաեւ քաղաքացիական կռիւներու շրջանին ոմանք հեռուեն եղեր, ոմանք կրաւորական կերպով կրեր են կացութիւնը կամ առ առաւելն մնացեր են բարեացակամ հանդիսատեսի դերին մէջ։ Բայց այսօր անոնք ալ դուրս եկած են իրենց կրաւորականութենէն եւ Խորհրդային իշխանութիւնը կընդունին որպէս լաւագոյն րէժիմը որուն ամրացման համար պատրաստ են ներգործական դեր կատարել։ Այդ շարքին գրողները որոնք վերջերս կազմեցին իրենց խմբակցութիւնը «Աշխատաւորական Գրողներու Միութիւն» անուան տակ, կոչուած են մեծ նպաստ բերել մեր երկրի նոր գրականութեան, ներշնչման հարուստարղբիւրներ գտնելով Խորհրդային բեղուն կեանքի մէջ, օգտուելով իրենց գրական փորձառութենէն եւ ուսմունքէն եւ նպաստաւորուելով այն պայմաններէն որ Հայաստանի Խորհրդային իշխանութիւնը սիրայօժար կընծայէ մտքի աշխաւորներուն։ Եւ այսքանը չէ միայն։ Ես վստահ եմ նաեւ որ աշխատաւորական գրողներէն ոմանք ոչ թէ կրաւորական կաս բարեացակամ հանդիսատեսի դերին մէջ կը մնան այլ կը կանգնին Պրոլետ գրողներու եւ գիտակից աշխատաւորներու կողքին, առաջին գիծերու վրայ, եթէ հարկ ըլլայ զէն ի ձեռին պաշտպանելու համար Խորհրդային կարգերը։

Այս համոզումս կը բղխի ոչ միայն ամենուն ծանօթ իրենց լոյալ վերաբերմունքէն եւ գործերէն այլ եւ այն առանձինտեսակցութիւններէն որ հին ծանօթներ, մտերիմ բարեկամներ կարող են ունենալ գլուխ գլխի, անձնատուր՝ բացարձակ անկեղծութեան։

 

Հայաստանի Պրոլետարական գրականութիւնը ունեցեր է խմբակցութիւն, «Պրոլետ Գրողներու Միութիւն» եւ «Նոյեմբեր» ընկերակցութիւնը։ այս խմբակցութիւնները չեն ունեցեր ոչ մէկ գաղափարական հակամարտութիւն եւ անջատման ո եւ է բանաւոր պատճառ, այլ կարգ մը անհարթութիւններ որոնք վերցեր էին։ Եւ հանդիսաւոր միածումը պիտի կատարուէր համագումարի մը մէջ։

Համագումարը տեղի ունեցաւ Լուսաւորութեան Աշխատաւորներու Ակումբին դահլիճին մէջ։ Բացման երեկոյին սրահը լեցուած էր երիտասարդ գրողներով եւ ուսանողներով. ներկայ էին նոյնպէս Աշխատաւորական գրողներ եւ նոյն իսկ մէկ երկու հին գրողներ։ Պատգամաւորներ եկեր են Խորհ. Հայաստանի ամէն շրջաններէ։ Ուսանողներ, սկսնակ գրողներ ինքնավստահ երեւոյթով կ՚անցնին, կը դառնան. իրենց կողքին կան նաեւ Կարմիր Բանակայիններ, գիւղացիներ։

Նախ քան բացումը բազմութիւնով խճողուած սրահներու մէջ կը նշմարեմ դէմքեր որոնք արդէն ծանօթ են ինձ։ Ահա Աբով որ կը յառաջանայ իր ծանրակշիռ երեւոյթով, բայց հակառակ ատոր ժպիտ կայ իր աչքերուն մէջ. պահ մը պահճեպ կը խօսակցինք։ Ինձ կը ներկայացնէ Արաքս Պրոլետ կին գրող՝ որուն պատմուածքները նոր եմ կարդացեր եւ անձամբ համոզուեր եմ իրաւացիութեանը այն լոյսերուն որ իր երիտասարդ տաղանդը կը ներշնչէ։ Այդ միջոցին կը նշմարեմ ծուխի գուլաներու մէջ Ալազանի համակրելի դէմքը, մազի կոհակ մը ճակտին վրայ։ Գուրգէն Մահարի ժպտուն եւ սիրալիր կուգայ դէպ ի մեզ։ Կը խօսինք ՎԱՊի յայտարարութիւններուն վրայ որերեւացեր են նոյն օրուան թերթին մէջ։ Խոժոռ ստուեր մը կանցնի մեր կողքէն. Վանանդեցին է, ահա եւ անոր ետեւէն Նաիրի Զարեանի անշարժ դէմքը, սեւեռեալ նայուածքով, Ակսել՝ որ ձեռքերը բալթոյին գրպաններուն մէջ, վերացած տէրվիշի արտայայտութիւն ունի եւ որուն աչքերը կը հանդպին սակայն դէմքերու եւ անցուդարձերու թափանցող սուրութեամբ, եւ դեռ ուրիշներ եւ ուրիշներ։

Որոշուած ժամուն կը խուժենք դահլիճը եւ տեղ կը գրաւենք մուտքի կարգով։ «Նոյեմբեր» խմբակցութեան անդամներէն Ստեփան Մանուկեան կը յայտարարէ Համագումարի առաջին նիստը բացուած։ Արագութեամբ կընտրուի նախագահութիւնը եւ քարտուղարութիւնը ուրկէ յետոյ ողջոյնի խօսքերու շարքը զանազան հիմնարկներու ներկայացուցիչներու կողմէ եւ ընթերցում՝ ՎԱՊի ինչպէս նաեւ Վրաստանի եւ Ազրպէջանի Պրոլետ Գրողներու կազմակերպութիւններու կողմէ ղրկուած հեռագիրներու։

Յաջորդ երեկոյեան նիստին Բրօֆէսէօր Գիւլիքէօխեան ըրաւ իր հետաքրքրական զեկուցումը նիւթ ունենալով «Պրոլետարական Գրականութիւնը եւ նրա զարգացման հեռանկարները Հայաստանում»։

Հմուտ զեկուցանողը նախ քան նիւթին մէջ մտնելը թուեց կարծիքները որ եղեր են Հայաստանի Պրոլետարական Գրականութեան մասին, յետոյ շեշտեց այն ընդհանուր թերութիւնները որոնց դեռ չեն յաղթած Պրոլետ Գրողները եւ լուսաբանելով գրական այդ հոսանքին նշանակութիւնը, գաղափարական հիմքը եւ այն ներգործութիւնը որ պէտք է ունենայ ընթերցող հասարակութեան վրայ ըսաւ.

«Պրոլետարական Գրականութիւնը չիտարածուիր այնքան որքան կսպասուէր։ Ի՞նչ է պատճառը. որովհետեւ անհամաչափութիւն կայ զանգուածներու մշակութային աստիճանին եւ գրողներու միջեւ։ Մասամբ նոյն իսկ Պրոլետ եւ ուղեկից գրողներու լեզուն ընտանի չէ մեր զանգուածներուն։ Այլ սակայն գրականութիւնը ոչ թէ աստիճանաբար պիտի շահի ընթերցողներ այլ պէտք է խուժէ զանգուածներու մէջ։ Բայց որպէսզի այդ կատարուի, պէտք է ստեղծել բարեյաջող պայմաններ։ Այդ մարզին մէջ Լուսաւորութեան Կոմիսարիատի գործը սերտօրէն կապուած է գրողներու հետ։ Անգրագիտութեան վերացումը, կիսագրագիտութեան զարգացումը, մէկ խօսքով մեր զանգւածներու վերամշակման խոշոր գործը պէտք է տայ իր անմիջական արդիւնքը որպէսզի գրականութիւնը յաջողի իր կարգին կատարել իր մեծ դերը, այն է փոխադարձաբար զանգուածներու աշխուժացումը, ոգեւորութիւն դէպի կուլտուրական գործը։

Այսօր կը կատարուի զուգահեռաբար զանգուածներու վերամշակումը եւ գրականութեան զարգացումը։ Պրոլետարական գրականութիւնը դեռ թոյլ է, բայց խնդիրը այն է որ ան ունի զարգացման հեռանկարներ, որ անունի կատարելիք մեծ դեր եւ մօտիկ ապագայի կը յաջողի յաղթել դժուարութիւններունեւ կանգնիլ իր կոչումի բարձրութեան վրայ»։

Համագումարի նիստերէն յետոյ խումբերով կերթայինք թէյատուն եւ վիճաբանութիւնները եւ խօսակցութիւնները կը շարունակուէին մինչեւ խանութներու փակման օրինական ժամը։ Երբ վերջապէս դուրս կուգայինք Երեւանեան ցուրտ գիշերին մէջ, ձիւնով ծածկւած ճողոցներու մէջ, դեռ երկար կը լսէի զանազան ուղղութեամբ հեռացող երիտասարդ խումբերու ձայնի շեշտերը եւ երբեմն լիաթոք ծիծաղները...

Քանի անգամներ այդպիսի երեկոյներու տուն վերադարձիս, իմ կարգիս լիքը վարակիչ ոգեւարութիւնով, նսիեր եմ սեղանիս առաջ եւ աշխատեր մինչեւ այդ... Քանի անգամներ սթափելով իմ յուզումնալի եռանդէս հարցուցեր եմ ինքզինքիս. երա՞զ է թէ իրականութիւն... Եւ այժմ հեռու այդ բոլորէն, երբ օտար եւ հեռաւոր երկրի մէջ վերապրելով այդ պահերը գրի կառնեմ յիշողութիւններս եւ տպաւորութիւններս, աւագ մտահոգութիւն մը կընկերանայ ինձ։ Պիտի կարենա՞մ իմ ընթերցողիս հաղորդական դարձնել այն ոգեւորութիւնը, այն զեղուն ուրախութիւնը որ լիաբուռն շնորհեցին ինձ այնտեղ, մեր երիտասարդ երկրի, երիտասարդ մտքի աշխատաւորները։ Ինչքա՜ն ամէն ինչ յստակ էր եւ ներդաշնակ. ինչպէ՜ս ապագան կը յայտնուէր պայծառ եւ լայն ինչպէս հունձքով ծանրաբեռն խարտեաշ տարածութիւն, մինչեւ հեռաւոր հորիզոններ։

 

Ինչքան որ հնարաւոր էր կարդացեր եմ եւ հետեւեր եմ խղճմտութեամբ Հայաստանի Պրոլետարական գրականութեան։ Իմ նպատակս չէ սակայն այստեղ գրական վերլուծում մը ընել եւ ոչ ալ քննադատական ակնարկ մը։ Կուզեմ միայն մատնանշել որ Պրոլետարական գրականութիւնն է որ կը հանդիսանայ հարազատ արտայայտիչը Խորհրդային Հայաստանի յեղափոխական իրակութեան։

Ի հարկէ, գիւտ մը ըրած չենք ըլլար, երբ ըսենք թէ ութը, տասըտարուան ընթացքին գրականութիւն մը իր գեղարուեստական արժէքի լրումին չի կրնար հասնիլ եւ այն քննադատութիւնները որ կը շօշափեն իրագործման կերպերը կրնան ըլլալ արդարացի։ Այդ կարգի քննադատութիւններ կը գտնենք, նոյնիսկ երբեմն շատ խիստ շեշտով, պրոլետարական քննադատներու կողմէ իրենց պարբերականներու մէջ։

Մնաց որ ամէն անգամ որ առիթ ունեցեր եմ անձամբ տեսակցելու մէկ կամ միւս Պրոլետ գրողին հետ չեմ գտած նոյն իսկ հետքը այն ինքնաբաւականութեան, սնապարծութեան, որու մասին յաճախ կակնարկուի մամուլի մէջ։ Միշտ ինձ մատնանշեր են սովորելու, զարգանալու պէտքը, միշտ խօսեր են գրական տեքնիկա, մշակուած լեզու, ձեւակերպուած ինքնուրոյն ոջ ունենալու անհրաժեշտութեան վրայ։

Ինքնավստահութիւն եւ խոր համոզում իրենց տարած գիծի մասին, այո՛֊ բուռն նախանձախնդրութիւն իրենց խմբակցութիւնը հաւասարապէս պաշտպանելու, մանաւանդ հարկադիր գաղափարախօսներու քրթմնջումենրու դէմ, այո՛ եւ այո՛, բայց այդ բոլորը ոչ միայն չէ կարելի սնապարծութիւն համարել այլ եւ անհրաժեշտ կեցուածք՝ որու շնորհիւ պիտիկարենային աներեր հիմքերը դնել Պրոլետարական գեղարուեստական գրականութեան։

Այդ կարենալ ընելու համար պէտք էր ըլլային կուռ խմբակցութիւն մը, կազմուած բեղմնաւոր ուժերով։ Հողը պատրաստ է, սերմը նետուած է, ծիլերը արձակուած են եւ այդ ամէնը բարեյարմար կլիմայի մէջ։ Պէտք է սպասել աւելի մեծ արդիւնքներու եւ կսպասենք հաւատքով եւ համբերութեամբ։

Հայաստանի Պրոլետարական Գրողներու Միութիւնը օրկանապէս կապուած է Անդրկովկասեան Պրոլետ գրողներու խմբակցութիւններու հետ եւ միւս կողմանէ մաս կը կազմէ Համամիութենական Պրոլետարական գրականութեան։ Այսպէսով անիկա չի գտնւեր սահմանափակման մէջ եւ ընդհակառակը պարբերական շփումներու հետեւանքով իր հորիզոնները բաց են եւ մասնակից է Միութեանական յառաջապահ գրական մեծ շարժումի մը լինելութեանեւ բախտին։ Ո՞ր ժամանակ մեր գրականութիւնը ունեցեր էր զարգացման եւ ծաղկումի այդքան լայն հնարաւորութիւններ։

Բնական է նաեւ որ Պրոլետարական գրականութենէն պահանջուի իր դիրքին կարեւուրութեան համապատասխան արժանիքներ։ Խնդիրը այն է որ ժամանակ է պէտք որպէսզի Պրոլետարական գրականութեան հիմքը կազմող գաղափարաբանութիւնը գրողին մէջ դառնայ միս ու արիւն եւ դէպքերու ու երեւոյթներու առաջ գրողին յուզմունքը ոչ թէ դիտաւորութիւններով այլ ինքնաբերաբար արտայայտուի գեղարուեստական ձեւով։ Ժամանակ է պէտք նաեւ որ խորհրդայնօրէն շինարար եւ մշակուած մարդու տիպարը իր բազմակողմանի եւ հարուստ հոգեբանութեամբ կազմաւորուի որպէսլի գրողը կարենայ կենդանի կեանքէն վերցնելով իր նիւթը դառնալ արտայայտիչը նոր մարդու հիմնական տրամադրութիւններու, ինչպէս հին մեծ վիպասանները կարողացեր են ընել, համադրական եւ անմահ տիպարներ ստեղծելով իրենց ժամանակներու կենդանի մարդկութեան ներկայացուցած բազմատեսակ տարրերէն։

Եւ ինչո՞ւ արդեօք նոր բարձրացող դասակարգը չի պիտի ստեղծեր աւելի հարուստ եւ բազմակողմանի կեանք քան իար նախորդները, կեանք՝ որ իր գեղարւեստական ձեւաւորումը պիտի գտնօր նոր արուեստագէտներու եւ գրողներու տաղաննդով։ Այդպիսի հնարաւորութեան մը մասին տարակուսելէ առաջ պէտք էր որ տարակոյսներ ունենայինք ուրիշ հիմնական խնդիրներու մասին։

Պրոլետ գրողները տարակոյսներ չունին եւ ընդհակառակը հաւատքով լիքն են։ Այդ հաւատքը ինքնին բեղմնաւոր է եւ ապացոյց՝ դեռ չի յայտնաբերուած ուժերու որոնց մղումը կզգան իրենց մէջ։ Եւ երբ նկատի ունենանք որ այդ հաւատաւոր երիտասարդութիւնը ձեւակերպեր է արդէն իր առաջադրութիւնները, –խորացնել բովանդակութիւնը, բարձրացնել ձեւի մշակոյթը մենքկը հասկնանք որ անիկա արագ կանցնի զարգացման աստիճաններէ եւ կը դառնայ տիրապետող։

Խորհրդային երկիրներու Պրոլետարական Գրողներու Միութիւնը որուն մաս կը կազմէ Հայաստանի Պրոլետ Գրողներու Միութիւնը իրեն նշանաբան ընտրեր է, ուսմունք, ստեղծագործութիւն, ինքնաքննադատութիւն։

Հայաստանի պրոլետ գրողները այս նշանաբանի տակ պիտի յաջողին հասնիլ իրենց նպատակներուն եւտալ մեր ժամանակներու ոգեւորիչ, խանդավառ եւ բեղմնաւոր կեանքին գերագոյն արտայայտութիւնը։ Եւ այդ բարձր դերը կատարելու ընթացքին իրենց հետ կունենան Հայաստանի Աշխատաւորական Գրողներու եռանդուն աշխատակցութիւնը։



[1] Անմիջապէս որ Պրոլետ գրող մը հռչակի տիրանայ նոյն իսկ պրոլետարական խաւերու մէջ բուրժուական հրատարակիչները ձեռք կը դնեն իր վրայ, աննկատելի սահանքի վրայ դնելով հեղինակը։ Երբ կը դառնայ հռչակաւոր գրող ու անունը կը ներկայացնէ վաճառականական արժէք մը, ըստ ինքեան դուրս կուգայ պրոլետարի դրութենէն։ Ծ. Հ.

[2] Այս առթիւ, պարտք կը համարիմ ըսել որ երբ իմ խօսքս կը սահմանափակեմ Հայաստանեան իրականութեան մէջ, սա չի նշանակեր որ նուազ հետաքրքրական իրականութիւն կը ներկայացնեն հարեւան երկիրները, Վրաստան, Ազրպէջան։ Շատ մը նիւթերու վրայ ինչպէս է Պրոլետարական գրականութիւնը ջերմապէս պիտի փափաքէի իմ ընթերցողներուս տալ տեղեկութիւններ Անդրկովկասեան և նոյն իսկ Համամիութենական յատակագծի վրայ։ Բայց այդ՝ ինձ անկարելի էր որովհետև տրամադրելի ժամանակս ըստ ինքեան կարճ էր նոյն իսկ Հայաստանի մէջ կատարած ուսումնասիրութիւններուս համար։ Ինչ որ կարող եմ ըսել այն է որ նոյն իսկ հարևանցի ակնարկ մը բաւական է հաստատելու որ Անդրկովկասի Ֆէտէրասիօնը իր ամբողջութեան մէջ իր վերելքը կը կատարէ այլապէս հզօր և կարեւոր տուեալներով։ Ծ. Հ.

[3] Այժմ արդէն ուղեկից հայ գրողները կազմած են Խմբակցութիւն «Աշխատաւորական Գրողների Միութիւն» անունով։ Ծ. Հ.