Պրոմեթէոս ազատագրուած

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԿԻՆԸ ԽՈՐՀՐԴԱՅԻՆ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՄԷՋ

Արեւը ծագեր է դեռ ձիւնապատ քաղաքին վրայ. օդը մեղմացած է եւ ձիւնհալը զգալի է ջուրի մեղմ խոխոջներով որ կը լսենք ամէն տեղ։ Վճիտ առուակներ կը սողոսկին մայթերու երկայնքին, երբեմն կը ճիւղաւորուին եւ դեռ դիզուած եւ քարացած ձիւնը կը դարձնեն փխրուն։

Կը դիմեմ «Հայաստանի Աշխատաւորուհի» պարբերականի խմբագրութիւնը որ Հայաստանի Կին Բաժնի օրկանն է եւ ուր ժամադրութիւն ունիմ խմբագրապետուհի Ֆլորա Վարդանեանի հետ։

Թերթի համակրելի աշխատակիցները ինձ կընդունին եւ պահ մը կը խօսակցիմ այդ երիտասարդ եւ գործունեայ կիներու հետ որոնք արիութեամբ եւ հաստատակամութեամբ հասարակական գործ կը կատարեն։ Արտասահմանի հայ ընթերցողը քիչ ծանօթ է այն բազմաթիւ կին դէմքերուն որոնք կարեւոր դերեր կատարած են մեր երկրի իրականութեան մէջ։

Ասոնցմէ մէկն է Ֆլորա Վարդանեան. անիկա իր նախնական կրթութիւնը ստացեր է Թիֆլիզի աղջկանց հայկական վարժարանի մէջ ուրկէ անցեր է կիմնազիա։ Երկրորդական կրթութիւնը աւարտելէ յետոյ մանկավարժական մասնագիտական ուսում ստացեր է Լոնդոնի Կէօչինթընի Էստիւտիի մէջ ուրկէ յետոյ վերադարձեր է Անդրկովկաս ուր շուրջ քսան տարի զբաղեր է ուսուցչութեամբ եւ հասարակական գործերով։ 1901ին Ձարական իշխանութեան կողմէ աքսորուեր է Մարիսբօլ քաղաքը։

Վրաստանի խորհրդայնացման միջոցին եղեր է Թիֆլիզ եւ գործօն դեր ունեցեր է նոր հաստատուող իշխանութեան մէջ իբրեւ վարիչ Վրաստանի ագիտ բաժնի եւ յետոյ, իբրեւ վարիչ Կին Բաժնի։

1923ի Փետրուարին փոխադրուեր է Հայաստան Կին Բաժինը կազմակերպելու եւ ստանձներ է վարիչի պաշտօնը։ Անիկա անդամ էր Անդրկովկասի Գործադիր Կոմիտէի եւ Հայաստանի Կեդր. Գործ. Կոմիտէի, նախագահ՝ Անապաստան երեխաներու պաշտպան ընկերութեան եւ անդամ ՀՕԿ. ի Հայաստանի Կեդրոնական Վարչութեան։

 

Ըստ Խորհրդային օրէնսդրութեան Հայաստանի մէջ կիները կը վայելեն լիակատար եւ հաւասար իրաւունքներ։ Բայց օրէնքի տուած իրաւունքները բաւական չեն եթէ կինը իրապէս չէ ազատագրուած։ Մեր յետամնաց եւ գիւղացիական երկրի մէջ կինը մնացեր է թանձր տգիտութեան մէջ եւ անշշուկ կրեր է ամէն կարգի բռնապետութիւն։ Հայաստանի խորհրդայնացման առաջին օրերէն Հայաստանի կիներու կուլտուրացման ծանր հարցը դրուեր է իշխանութեան առաջ։ Չէր կարելի նախատեսել ո եւ է շինարարական եւ մշակութային ծրագիր անտես առնելով բնակչութեան կէսը կազմող գեղջկուհիներու յետամնացութիւնը։ Ուրեմն, օրէնքով ազատագրուած կինը պէտք էր կարենար տէր դառնալ իր իրաւունքներուն եւ գիտակցիլ իր պարտաւորութիւններուն։ Այդ կարելի էր կատարել լուսաւորութեամբ։ Կին Բաչինները մասնաւորաբար իրենց վրայ վերցուցեր են այդ մեծ գործը եւ կը հետապնդեն կանանց վերամշակումը, աշխուժացումը տեւական եւ հետեւողական աշխատութեամբ։

Պետք էր շատ զգոյշ մօտեցում ունենալ այդ հարցերին, կը բացատրէ ինձ Ֆլորա Վարդանեան, ակնարկելով առաջին դժուարութիւններուն։ Պետք էր այնպէս անել որ յետամնաց գեղջկուհին ինքն իր աչքերով տեսնէր իր շահը եւ ընդ առաջ գար մեր ձեռնարկներին։ Այժմ արդէն չի խօսկան գեղջկուհին ձայն է բարձրացնում ժղովների մէջ եւ իր պահանջքները դնում է համարձակ։ Գիւղ Խորհուրդների մէջ կիներ ընտրւում են եւ կատարում են իրանց դերը նախանձախնդրութեամբ… Ի հարկէ մենք դեռ շատ գործ ունինք կատարելիք, բայց թէ համեմատաբար կարճ ժամանակում շատ ճամբայ ենք կտրեր, սա անտարակուսելի է։

Տեղեկութիւններ կը հարցնեմ այն կազմակերպութիւններու մասին որոնք կզբաղին կանանց կենցաղի բարելաւումով եւ մշակոյթով։

Ամենից առաջ ձեզ խօսեմ մայրութեան եւ մանկութեան գործի մասին։ Մեր կարգերում մայրութիւնը հանդիսանում է որպէս սոցիալական ֆոնկցիա…

Խօսակիցս ինձ կը պատմէ երկարօրէն այդ նիւթի վրայ։ Խորհրդային Պետութիւնը իր պաշտպանութեան տակ կառնէ մայրերը եւ մանուկները։ Նոր հասարակարգի կառուցման էական պայմաններէն մէկն է ունենալ առողջ սերունդ, ծնած առողջ մայրերէ։ Մեր երկրի գեղջկուհին զոհ գացեր է յաճախ իր տգիտութեան։ Անոր աչքերը այժմ կը բացուին երբ իրեն կը խօսւի առողջապահական պայմաններու մասին, երբ մանաւանդ գործնականապէս կը գտնէ աջակցութիւն եւ խնամք այդ պայմանները ստեղծելու համար։ Կնոջ առաջացման գլխաւոր արգելքները կը հանդիսանան նահապետական սովորոյթները, նախապաշարումները։ Պէտք է ցրուել այդ բոլոր լուսաւորութեան ջահեր վառելով ամենէն ետ մնացած շրջաններուն մէջ։

Անգրագիտութեան վերացումը… պէտք է տեսնել թէ ինչպէս հասակաւոր կանայք իսկ գալիս են լիկ կայանները եւ գրել կարդալ սովորում…

Առողջապահական, բժշկական խորհրդակցութիւնները նոյնպէս մեծ դեր կը կատարեն։ Տեղերու վրայ գործօն դեր կատարող կիները որ մօտէն կը հետեւին գեղջկուհիներու կեանքին եւ գիտեն իրենց պէտքերը, կապ կը հանդիսանան յղի կիներու եւ մանկաբարձուհիներու միջեւ։ Դպրոցէ ելած մանկաբարձուհիներու մեծ պահանջք կայ եւ համապատասխան հիմնարկները ամէն ջանք կընեն տարուէ տարի անոնց թիւը աւելցնելու։ Պէտք է շատնան նաեւ խորհրդակցական կայանները որոնք ոչ միայն գործնական աջակցութիւն կընծայեն գեղջկուհիին այլ եւ կը կատարեն լուսաւորութեան գործ ժողովրդականացնելով կարգ մը գիտելիքներ։

Մայրութեան եւ մանկութեան գործը բարեգործական հիմքերու վրայ չէ այլ պետական գործ է եւ պէտք է ընդգրկէ բոլոր պահանջները։

Երեւանի մէջ գոյութիւն ունի մայրերու խորհրդակցական կայան։ Վեց տարուան ընթացքին 7000 մայրեր իրենց երախաներով անցեր են այն կայանէն։ 1924 թիւէն ի վեր կայանը կապ հաստատեր է Կին Բաժնի հետ եւ ձեռնարկեր է հասարակական աշխատանքի։ Կազմուած է անգրագիտութիւնը վերցնող խմբակ, մայրերու կոլլեկտիվ, եւ կատարուած են պատգամաւորներու նախապատրաստական աշխատանքներ։ Ստեղծեր են պատի թերթ եւլն. ։

Սակայն քանի աշխատաւորուհին դուրս կուգայ իր յետամնացութենէն եւ կը դառնայ աշխուժ եւ աշխատունակ, այնքան իր պահանջները կը բազմանան։

Հերթական խնդիրներ են մսուրներ եւ մանկապարտէզներ ունենալու անհրաժեշտութիւնը։ Լենինականի եւ Երեւանի ֆապրիքներու շրջաններու մէջ կան մսուրներ բայց անոնք եւս անբաւական են տեղւոյն պէտքերուն համար։ Ստեղծուեր են նաեւ բաց մսուրներ գեղջկուհիներու մանուկներու համար, դաշտային աշխատանքներու ժամանակ, բայց պահանջքը շատ աւելի մեծ է։ Նոյնն է նաեւ մանկապարտէզներու խնդիրը։ Պէտք կզգացուի հաստատել նաեւ մանկական սենեակներ հիւանդանոցներու կից, հիւանդ մայրերու եւ հիւանդապահուհիներու երախաները պահելու համար։

Այս բոլորը կը հանդիսանան իբրեւ անմիջական պահանջքներ որոնք իրենց լուծումը կը գտնեն որքան կարելի է երկրի տնտեսական ներկայ վիճակին մէջ։

Իսկ տնտեսական վերելքը իր կարգին պայմանաւորուած է մասամբ համապատասխան օրկանների ստեղծումով։ Մենք ձգտում ենք գեղջկուհիներու ստուար զանգուածը դարձնել ստեղծագործ տարր, միւս կողմանից մենք պիտի լուսաւորենք բանուորուհիները, պիտի ունենանք որակեալ բանուորուհիներ մեր շինարարական նպատակները իրագործելու համար։ Առանց կանանց գիտակից մասնակցութեան մեր գործը կը կաղնայ բայց եւ այդ ճանապարհին ո եւ է քայլ առնելուց մենք տեսնում ենք որ կինը պէտք է ամենից առաջ ազատագրուի ընտանեկան տնտեսութիւնից եւ երախայի խնամքից։

Սա է, կըսեմ կենցաղային յեղափոխութիւնը…

Ֆլորա Վարդանեան կը ժպտի եւ կը շարունակէ.

Այստեղ հարցը ֆէմինիստական շարժունի մասին չէ, այլ կիներու զանգուածային մասնակցութեանը, իբրեւ գիտակից աշխատաւորուհի, գործունէութեան բոլոր ճակատների վրայ։ Դուք իմանում էք թէ կոոպերացման գործը ինչ հիմնական նշանակութիւն ունի մեր կարգերում. իսկ առանց կնոջ գործօն մասնակցութեան անհնարին է ապահովել լիակատար յաջողութիւն։ Արդ, ասացէք, խնդրեմ, երբ կինը իր աշխատանքի ժամերից դուրս դեռ պէտք է պարապի տնային գործերով, զբաղի երախաներով… լուացք անի, ճաշ պատրաստէ…

Մեր խօսակցութիւնը կընդհատուի որովհետեւ խմբագրատունը կը մտնէ Համամիութենական Կին Բաժնի վարիչ Արթիւխինա որ նոյն օրը հասեր է Երեւան։ Պարզ հագուած, խելացի եւ բաց դէմքով այդ ռուս կինը որ եղեր է կուլհակ բանուորուհի, այժմ կը վարէ պատասխանատու մեծ գործ, հմտութեամբ եւ գործնական իմացականութեամբ։

Քիչ յետոյ ամէնքս մէկ կուղղուինք դէպի Կուլտուրայի Տունը ուր տեղի պիտի ունենայ խորհուրդներւ ընտրութեան առթիւ կանանց քաղաքային պատգամաւորական ժողովը։

 

Ընդարձակ դահլիճը լիքն է գեղջկուհիներով, բանուորուհիներով եւ ուսուցչուհիներով։ Կուգան նաեւ խումբ մը թրքուհիներ քօղարկուած իրենց գոյնզգոյն չատրաներով. առաջին շարքերուն վրայ ինքնաբերաբար տեղ կը բանան իրենց։ Քանի մը րոպէ յետոյ բեմին վրայ կերեւան օրուան ճառախօսները։ Արթիւխինաի մուտքը կընդունուի բուռն եւ երկարատեւ ծափահարութիւններով։ Օրուան նախագահն է Ֆլորա Վարդանեան. սեղանին շուրջ կը բոլորուին նաեւ Սուսաննա Շահվէրտեան Անդրկովկասեան Կին Բաժնի վարիչ եւ Իշկովա, Ազրպեջանի կեդրոնական կոմիտէի Կին Բաժնի վարիչ։

Ֆլորա Վարդանեան ժողովը բացուած յայտարարելէ յետոյ խօսք կուտայ Արթիւխինաի որ կը խօսի ռուսերէն։ Յետոյ կը խօսին նախագահը եւ Անդրկովկասի եւ Ազրպեճանի Կին Բաժիններու վարիչները։

Ճառախօսները իրենց տեղերէն օրինակներ բերելով կը մատնանշէին ինչ որ կատարուած է եւ ինչ բացեր կան։ Անհրաժեշտութիւն՝ գործօն դեր կատարող կանանց գատրը աւելցնել, առաջ քաշել անոնք որ դեռ վարանոտ են, հետամուտ ըլլալ եւ ըմբռնել գեղջկուհիներու իրական պահանջները, լուսաբանել, իրազել ընել զիրենք։

Յետոյ անցնելով հերթական խնդիրներուն խօսք եղաւ ընտրութիւններու մէջ կանանց թիւը աւելցնելու մասին։ Հայաստանի մէջ ընտրական իրաւունք ունեցող կիներէն 30 առ հարիւրը քաղաքներու մէջ իսկ 10 առ հարիւրը գիւղերու մէջ կը մասնակցին ընտրութիւններուն։ Արհեստակցական Միութիւններու մէջ կանանց թիւը 58 առ հարիւրը կը կազմէ իսկ կան արհեստակցական միութիւններ ուր կիները հարիւրին 15, 9 տոկոսը կը կազմեն։

Պատգամաւորական ժողովները պէտք չէ բաւականանան զեկուցում լսելով այլ իրենք պէտք է հետաքրքրուին տեղերուն գործնական խնդիրներով եւ բերեն առաջարկներ։

Նախագահը հրաւիրեց պատգամաւորուհիները խօսք առնել։ Քանի մը րոպէ տեւող վարանումներէ ետքը բանւորուհիներ բարձրաձայն նշանակեցին իրենցմէ մէկը որ խօսի։ Բանւորուհի մը համարձակ շարժուձեւերով բարձրացաւ բեմ եւ սկսաւ ներկայացնել իրենց շրջանի պէտքերը։ Յետոյ խօսք առին ուրիշ բանւորուհիներ եւ նոյն իսկ դեռ լաջակը կապած գեղջկուհիներ։ Աշխատաւորուհիները առանց ընդհանուր հարցեր շօշափելու կը ներկայացնէին մասնաւոր խնդիրներ եւ կը դնէին ժողովին առաջ գործնական եւ անմիջական հարցեր։

 

Ժողովէն յետոյ առիթ ունեցայ խօսակցելու զանազան ասպարէզներու մէջ կարեւոր դեր կատարող կիներու հետ որոնց յաճախ կը հանդիպիմ արդէն իմ ամենօրեայ ուսումնասիրութիւններուս ընթացքին։

Աշխէն Քէօզէկէզեան որ լուսաւորութեան աշխատաւորներու արհեստակցական միութեան նախագահն է ինձ կը բացատրէ այն մեծ դերը որ գիւղական շրջաններու ուսուցչուհիները կը կատարեն իրենց տեղերուն վրայ։ Անոնք մօտէն կը հետեւին գեղջկուհիի կեանքին եւ ի վիճակի են ըմբռնելու թէ ի՞նչ ընդհանուր եւ մասնաւոր խնդիրներու կարգադրութիւնը կարող է ազդել անոնց կեանքի եւ կենցաղի վրայ։ Բացի դպրոցական գործէն այդ ուսուցչուհիները բեռնաւորւած են հասարակական գործերով եւ յաճախ մէկ գիտակից ուսոցչուհի ամբող գիւղախումբի մը մէջ կը հանդիսանայ առաջնորդող աստղ։ Մեր խօսակցութեան կը միանայ Ալեքսանդրա Խեչումեան որ պատրաստւած կին է, իր ուսմունքը ստացեր է Բեթրոկրատի համալսարանի պատմա-գրական բաժնի մէջ եւ այժմ գլխաւոր Քաղլուսվարի անգրագիտութիւնը վերացնող բաժնի եւ չափահասներու դպրոցներու վարիչն է։ Ալեքսանդրա Խեչումեանի կարծիքով մեր գեղջկուհիները ընդհանրապէս ընդունակ են, արթուն եւ աշխատունակ եւ իրենց լուսաւորութեան համար եղած բոլոր ձեռնարկները յուսացուածէն արագ արդիւնք կուտան. բայց հարցը այն է որ պէտք է բազմապատկել լուսաւորութեան վառարանները եւ գիտակից եւ գործօն կիներու գատրը։

Ինձ կը թուեն ուրիշ յայտնի կիներ որոնք ամենքն ալ գնահատելի աշխատակցութիւն կը

աշխատաւորներու Միութեան քարտուղար, Վերգինէ Մխիթարեան, ժող. սննդամատակարարութեան վարիչ, Վարդուշ Գրիգորեան (բանւորուհի) կար ու ձեւի Միութեան վարիչ, եւ դեռ ուրիշ շատ արժանաւոր դէմքեր, բժշկուհի, հիւանդապահուհի, ուսուցչուհի, գիտական աշխատակիցներ համալսարանի, որոնք իրենց յատկութիւններով եւ աշխատութեան եռանդով թանկագին ուժեր կը հանդիսանան գործունէութեան ամեն մարզերու մէջ։

 

Մարտ 8ին, Միջազգային կանանց օրը իր ճշգրիտ նշանակութեամբ տօնուեցաւ Հայաստանի մէջ։ Թերթերը բերեն մեր երկրի շինարարական եւ մշակութային գործին մէջ։

Մարիա Համբարձումեան, ուսուցչուհի երկրորդ աստիճանի դպրոցներու, մասնգէտ բնագիտութեան որ իր բարձրագոյն ուսմունքը ստացեր է Բեթրոկրատ, եւ այժմ իբր ուսուցչուհի կը պաշտօնավարէ Հայաստանի մէջ եւ փոխ նախագահն է Անապաստան երեխաներու պաշտպան ընկերութեան։

Թեմզա Զաքարեան Գեղարուեստի մասնաւոր թիւեր նուիրեցին այդ օրուան նշանակութիւնը լուսաբանող եւ հրատարակեցին Խորհ. Միութեան զանազան կեդրոններէ ինչպէս եւ արտասահմանէ, այդ օրուան առթիւ հասած ուղերձները։ Հանդիսաւոր նիստը տեղի պիտի ունենար կէս օրին, պետական թատրոնի մէջ։ Առաւօտէն ի վեր կանանց երթեր, պիոներական թափորներ փողոցները կը լեցնէին ոգեւորութիւնով։ Նալբանդեան փողոցի վրայ կը տեսնեմ թուրք կանանց թափոր մը որ կուղղուի դէպ ի թատրոն։ Գոյնզգոյն չատրաներու ծալքերուն մէջէն կը տեսնեմ գեղեցիկ եւ ժպտուն դէմքեր, հուր նայւածքներով։ Ե՞րբ մէկ կողմ պիտի նետեն այդ քօղը որ կայլանդակէ իրենց սիլուէթը եւ պատանքի պէս կը պարուրէ իրենց մատղաշ հասակները որոնց ներդաշնակութիւնը կընդնշմարեմ իրենց թեթեւ քայլերուն առոյգ րիթմին մէջ։ Ազրպեջանի կիները մեծ մասամբ արդէն ազատուեր են այդ ստրկութեան խորհրդանշանէն բայց Հայաստանի մէջ թուրք կին, անշուշտ իր յետամնաց տնտեսութեան եւ կենցաղին հետեւանքով, դեռ կապաստանի հինէն մնացած սովորոյթներու։ Բայց սա ալ ժամանակի խնդիրն է։ Այս եւ ուրիշ խնդիրներու մէջ դիւրին է անդրադառնալ որ ազատագրութիւնը պիտի իրագործեն իրենք, շահագրգռուող զանգուածները եւ ոչ թէ օրէնքները եւ հրամանագիրները։

Թատրոնի սրահին մէջ ծովածաւալ բազմութիւն. ոչ թէ նստելու այլ նոյն իսկ անցնելու տեղ չի կայ։ Անծանօթ ընկերուհի մը ինձ կառաջնորդէ, ուրիշ անծանօթ ընկերուհի մը սիրալիր ժպիտով իր տեղը կուտայ ինձ. կուզեմ մերժել, բայց արդէն կատարւած է։

Զեկուցումները կը ձեւակերպէին այն խնդիրները որոնց աստիճանական լուծումէն կախում ունի երկրին մշակութային բարձրացումը։ Ճառախօսները կը շեշտէին որ ակտիւ կանանց գործն է լուսաբանել զանգւածները. պէտք է համբերութեամբ մօտենալ անոնց, իմանալ իրենց օրինաւոր պահանջները։ Ամէն ջանք գործ դնել աշխատաւորուհիները քաշելու գործնական աշխատանքներուն մէջ եւ չի բաւականանալ գաղափարական լուսաբանութիւններով։ Կանանց աշխոյժ գործնէութեան գլխաւոր արգելքներն են տգիտութիւնը եւ տնային աշխատանքները։ Պէտք է սովորիլ, սովորիլ եւ սովորիլ։ Պէտք է ընդլայնել կոոպերատիւներու ցանցը, պէտք է բազմապատկել մսուրներու եւ մանկապարտէզներու թիւը. «Եթէ մենք խօսինք կնոջ առաջացման եւ իր հասարակական դերի մասին առանց նկատի ունենալու որ կինը երախայ ունի, որ ծանրաբեռնուած է տնային աշխատանքներով, դատարկ խօսք ըրած կը լինինք»։

Բանւորուհիներ եւ Գեղջկուհիներ կըսեն ողջոյնի խօսքեր կը դնեն պահանջներ։ Ուշադրութեամբ կը հետեւիմ իրենց խօսքերուն եւ կանդրադառնամ թէ ինչպէս պարզ եւ յստակ կը ձեւակերպեն իրենց միտքերը։ Սա արդէն երեւոյթ է, մեծ քայլ դէպի առաջ։

 

Հայաստանի աշխատաւորուհին իր վերելքը կը կատարէ։ Անիկա որ միայն չի հանդիպիր օրինական արգելքներու այլ եւ կը վայելէ իշխանութեան հովանաւորութիւնը եւ աշխուժ գատրերու աջակցութիւնը. կը մնայ իրեն իր կատարեալ ազատագրութիւնը ձեռք բերել ինքնազարգացումով, յամառ աշխատանքով։ Քանի մշակոյթը կը տարածուի այնքան կին անդամներու թիւը կը բարձրանայ կոոպերատիւներու, վարկային ընկերութիւններու, փոխադարձ օգնութեան կոմիտէներու (Փօկ) եւ հասարակական զանազան կազմակերպութիւններու մէջ։

1923ին խորհուրներու մէջ ընտրուեր են 295 կին, 1925ին 910 եւ այժմ 1598 կին կը մասնակցին իբր անդամ քաղաքի եւ գիւղի խորհուրդներուն։ Սպառողական կոոպերատիւները ունին 6000 կին անդամ, Փօկերու մէջ կան 457, Արհեստակցական Միութիւններու մէջ 6119 եւ Մոպրի շարքերուն մէջ 3658 կին անդամներ։

Համագումարները ցոյց կուտան որ կանանց մասնակցութիւնը հետզհետէ կաճի. 1925ին համագումարներու մասնակցեր են 2969 պատգամաւորուհի, 1926ին 6277 եւ 1927ին 6616։

Այս բոլոր տուեալներով կը տեսնենք որ Հայաստանի Կին Բաժնի գործը եղեր է բեղմնաւոր, բայց եւ դեռ շատ մեծ գործ կայ կատարելիք։ Առանց կանանց լայն զանգուածներու գործօն եւ գիտակից մասնակցութեան չէ կարելի նախատեսել շինարարական եւ մշակութային յեղափոխութիւնը որու իրագործումը դրւած է մեր երկրի աշխատաւորութեան առաջ։ Աշխատաւոր կանայք ըստ արդիւնաբերական ծրագրի պահանջներուն պէտք է առաջնորդուին դէպի որակեալ աշխատութիւն. անոնք պէտք է կարենան նաեւ իրենց տեղը բռնել թէ որակով եւ թէ քանակով երկրի տնտեսական կազմակերպչական գործերուն մէջ, մասնակցին երկիրը կառավարելու գործին։ Այդ հաստատ մտադրութիւնը ունի կինը Խորհրդային Հայաստանի մէջ եւ երբ իր մշակոյթի աստիճանը հասնի համապատասխան բարձրութեան անիկա իրեն բաժին ինկած դերը կը կատարէ արիութեամբ եւ հաստատակամութեամբ։