Սկիւտարի վերջալոյսներ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Ը.

Առաւօտուն Հայտար-Փաշայի սքանչելի գերեզմանոցին մէջ բաւական դեգերելէ ետքը՝ Բերա. ի՛նչ հակասութիւն եւ ինչպէս ամբողջ օրը զղջացի նոճիներուն շուքը -որոնց մթին եւ հոծ սիլուէթը հեռուէն շատոնց ի վեր զիս կը հրապուրէր- եւ անանուխի բուրմունքը թողուցած ու մեկնած ըլլալուս. մոլորումներ նեղ շաւիղներու մէջ՝ բարձր նոճիներուն տակ գրեթէ մթին, անոնց սօսաւիւնովը դաշնակաւոր, կէս մը գինով ռետինի եւ անանուխի բուրմունքէն խառնուած գերեզանոցներու յատուկ անսահմանելի եւ տարտամ հոտի մը հետ որուն մէջ փոսփորային եւ թարմ  հողի  երանգ  մը  կայ։  Վարդագոյն  կամ  երկնագոյն տապանաքարեր ցցուած հողին մէջէն, ճակատնին դարձուցած արեւելքին եւ ծածկուած ոսկեզօծ արձանագրութիւններով. ասդին-անդին գմբէթներ, թիւրպէներու [1] սիլուէթներ պերճօրէն գեղեցիկ իրենց ճարտարապետական նրբութիւններով եւ քանդակներով. ու ամէնուն վրայ միահեծան եւ տիրական մթութիւնը նոճիներու անտառին, վէսօրէն բարձրացած եւ օրօրուն կապոյտ եւ ոսկեզօծ երկնքին  տակ։

Երբ Հայտար-Փաշային նաւամատոյցէն շոգենաւը մեզ տարաւ, բաւական ատեն դեռ աչքերս սեւեռած մնացին գերեզմանոցին, որ իր սգաւոր շուքը կ՚երկարէ Սկիւտարի  թաղերուն  եւ  տանիքներուն  վրայ։  Զարմանալի  չէ որ այսքան անուշ մելամաղձոտութեամբ տոգորուած երկրի մը մէջ սիրոյ եւ վայելքի երգերը անգամ երկար ողբեր ըլլան, տխրութիւնով լեցուն, որոնց սարսուռին մէջ մահւան  համը  կայ  արդէն։

Բերա՝ առաջին այցելութենէս իսկ հարկ եղաւ մոռնալ Հայտան-Փաշան իր նոճիներով եւ իր բուրմունքներով. աշխարհիկ խօսակցութիւններ, քիչ մը համեմուած բամբասանք. միջավայրը փոխուած է արդէն, Սկիւտարի տիկիններուն հետ բաղդատութեան կարելի չէ դնել իրենց Բերայի  քոյրերը։  Հոս  այլեւս  չեն  ըսեր  ինծի  թէ  ինչո՞ւ  Փարիզ քօրսէ կամ գլխարկ շինել չսորվեցայ, այլ ամէնքն ալ կը հարցնեն թէ ինչո՞ւ բան մը չեմ ըներ, ինչո՞ւ բան մը չեմ գրեր. ինչպէ՛ս ամէն բան յարաբերական է, աս դիտողութիւնները զիս կը մխիթարեն եւ սիրտ կու տան, մինչեւ որ այնքան կը կրկնուին որ կը սկսիմ նեղանալ. վերջապէս  համար  տալու  պարտական  չեմ  մէկու  մը։

Հետզհետէ սակայն իրենց առաւել կամ նուազ ճարպիկ արդուզարդերուն, սիրուն խօսակցութիւններուն եւ սրամիտ բամբասանքներուն ներքեւէն մէջտեղ կու գայ այն սնամէջ յաւակնութիւնը եւ ծիծաղելի ինքնահաւանութիւնը որ յատկանշական է Բերայի ամէն ազգէ միջակ դասուն կարգերուն, աւելի ուշ կ՚անդրադառնամ թէ Բերա բնակիլը ճշմարտապէս հարուստ եւ աշխարհիկ կեանքի հաճոյքները կարենալ վայելողներուն շուքին տակ տեսակ մը  պարծանք  է  իրենց  համար, ի՞նչ  կ՚ըսեմ, տիտղոս  մը։

Երեկոյեան դէմ կ՚անցնինք մեծ փողոցէն կամուրջ իջնելու համար, ու հետզհետէ բազմայարկ եւ տգեղ շէնքերը, խառն բազմութիւնը, արդուզարդերու baroque [2] գոյները, կիներէ ոմանց գլխու եւ ազդրերու մասնաւոր մէկ օրօրումը այնպէս մը ջղերս կը գրգռեն որ կը սկսիմ գլխու թեթեւ ցաւ մը ունենալ. տգեղ գոյներու եւ ձեւերու յաճախումը պարզապէս ֆիզիքական ազդեցութիւն մը կ՚ունենայ իմ վրաս։

Ահաւասիկ բարեբախտաբար կամուրջին վրայ թաթար ուխտաւորներ. ինչչափ երախտապարտ եմ իրենց անուշ եւ բարի աչքերուն, իրենց գլխու ոլորուած փաթթոցներուն համար որ ներդաշնակ գիծեր կը շինեն երբ խմբովին կը յառաջանան rythmique [3] շարժումներով, հանդիսաւոր եւ հանդարտ  վերջալոյսի  կարմիր  հորիզոնին  վրայ։



[1]            Իսլամական մատռաձեւ յուշադամբաններ՝ կառուցուած կրօնական ու պետական մարդոց համար։

[2]            Գեղարուեստի ոճ, հոս՝ խայտաբղէտ։

[3]            Կշռութաւոր։