Ա.
…Երկայն
պտոյտէ
մը
ետքը
բարեկամիս
հետ
մեծ
շուկային
մէջ,
գունագեղ
եւ
շքեղ
շուկային
տաճարի
մը
պէս
խորհրդաւոր՝
իր
կամարներուն
երկայն
շարքին
ներքեւ
կ՚աճապարենք
դէպի
Սկիւտար։
Դեռ
աչքերուս
մէջ
հրճուանքը
կայ
ճերմակ
եւ
խնկաւէտ
լոյսին
որ
կապոյտ
յախճապակիներուն
վրայէն
անցնելով
սատափի
երանգներ
կ՚առնէ
եւ
լուսաւոր
կապուտութիւն
մը
կու
տայ
մթնոլորտին
եւ
իրերուն։
Հիմա
սիրտերնիս
եւ
աչքերնիս
յոգնած
հաճոյքէ
եւ
վայելքէ
եւ
թեթեւ
մը
օրօրուն
շոգենաւին
շարժումներէն
որ
արագօրէն
կ՚անցնի
բնութեան
այնպիսի
յարափոխ
գեղեցկութիւններու
առաջքէն
որ
ամբողջ
կեանքի
մը
գեղեցկութեան
տենչանքներուն
պիտի
բաւէին,
գրեթէ
գինովցած՝
զգայնութիւններու
եւ
տպաւորութիւններու
առատութիւններէն
կը
հասնինք
Սկիւտար։
Ոսկեքաղաքը
իր
գերագոյն
փարթամութեան
մէջ
է։
Արեւը
կը
բոցավառէ
ամբողջ
քաղաքը
եւ
մզկիթներու
գմբէթներէն
սկսեալ,
որոնք
հսկայ
սաղաւարտներու
պէս
կը
փայլին
եւ
մինարէներէն,
որ
վարդագոյն
բոցերու
պէս
դէպի
վեր
կը
սլանան,
մինչեւ
ամէնէն
հեռաւոր
եւ
ամէնէն
համեստ
հիւղակն
ալ
իր
բաժինը
ունի
տիրական,
արդար
արեգակին
փայփայանքէն։
Հեռուն
նոճիներ
կը
տատանին
իրենց
գագաթներուն
վրայ
կրելով
կարծես
ոսկեփոշիի
պէս
արեւի
բեկբեկ
ցոլքեր
եւ
անհամար
պատուհաններ
ամէն
կողմէ
կը
ցոլացնեն
կարմիր
եւ
դեղին
լոյսերու
խուրձեր,
որոնց
փայլիւնը
մինչեւ
կը
յառաջանայ
դէպի
ծովը՝
ոսկեզօծելէ
ետքը
նաւամատոյցին
շէնքերը,
հոն
կայան
ընող
մակոյկներու
կայմերը
եւ
շոգենաւին
գրեթէ
բոլոր
կազմածքը։
Երբ
առաջին
անգամ
կոխեցի
նուիրական
եւ
պաշտելի
հողին
վրայ,
երբ
ամբողջ
էութիւնովս
պարուրւած
զգացի
կենսաւէտ
արեւին
ջերմութիւնովը,
հոգիս
կարծես
լեցուեցաւ
մէկէն
հեշտագին
թրթռացումով
մը
եւ
հրճուանքէ
խելայեղ
ինծի
թուեցաւ
որ
ամբողջ
էութիւնս
պիտի
երթար
արեւի
ճառագայթի
մը
հետ,
ջերմեռանդ
փառաբանութեան
մը
մէջ
անէանալու։
Ինչպէ՜ս
մաքրուած
էր
այլեւս
մեր
մէջէն
անսահման
տխրութիւնը
մարախլապատ
օրերուն,
տմոյն
եւ
անճառագայթ
օրերուն
երբ
մեր
տխրած
հոգիներուն
մէջէն
կու
լայինք
արեւին
կարօտը,
մեր
սքանչելի
եւ
ոսկեզօծ
Արեւելքին
կարօտը։
Կ՚ուզէի
ծունկի
գալ
եւ
շրթունքս
դնել
հողին՝
կարծես
ըմպելու
համար
բարերար
ջերմութիւնը
որ
ճերմկած
հողը
իր
անհամար
հատիկներուն
մէջէն
կը
ճաճանչէր։
Դիմացնիս
հոյակապ
սիլուէթը
կը
բարձրանայ
Պէօյիւք
Ճամիին,
«որ
նշանաւոր
է
իր
գմբէթին
պզտիկութիւնովը
եւ
շրջապատի
զարդերուն
գեղեցկութեամբը»
[1]
։
Արդարեւ
երբ
անգամ
մը
մզկիթին
բակին
մէջ
կը
մտնանք,
կամարակապ
դռներու
եւ
պատուհաններու
մանուածապատ
զարդագծերը
գերագոյն
գեղեցկութիւններու
ներդաշնակութիւնը
կը
ներշնչեն.
կարելի
է
հոն
օրերով
կենալ
եւ
ինչպէս
մտիկ
պիտի
ընէինք
կախարդիչ
երաժշտութեան
մը,
նայիլ
երկարօրէն
գիծերու
բեկբեկումներուն
եւ
անցնելու
վրայ
եղող
գոյներուն
անհասանելի
քաղցրութեանը։
Անօրինակ
զգացում
մը
արտասուելու
չափ
կը
յուզէ
մեզի,
այլ
սակայն
կը
խորհիմ
որ
ամէն
օր,
ամէն
ժամ
մարդիկ
կ՚անցնին
հոսկէ
առանց
թերեւս
նայելու,
կոյրի
պէս
փակ
աչքերով
եւ
հոգիով
ալ։
Բակին
մէջտեղը
բազմաթիւ
ծորակներ
ունեցող
աղբիւրը
ջուրի
թեթեւ
մրմունջներ
ունի
որ
զովութեան
հաճելի
զգայնութիւն
մը
կու
տան.
աղաւնիներու
երամներ
կը
թռչկոտեն
քիչ
մը
ամէն
տեղ,
անդին
երկաթեայ
վանդակով
ծածկուած
պատուհանի
մը
ետեւէն
լայնածաւալ
կաղնի
մը
կը
տատանի
իր
սօսաւիւնը
խառնելով
ջուրի
մրմունջին։
Սիւներու
վրայ
բարձրացած
կամարներու
ներքեւ
ապաստանած
մուրացիկներ
անիմանալի
աղօթքներ
կը
մրմնջեն.
ինչպէ՜ս
սիրելի
են
բոլոր
ասոնք
ալ
եւ
ինչպէ՜ս
պիտի
ուզէի
առաջին
ողջոյնս
տալ
եւ
ըսել
իրենց
թէ
որքա՛ն,
որքա՜ն
ատեններէ
ի
վեր
իրենց
սիլուէթներուն
եւ
իրենց
դէմքերուն
կարօտը
ունեցած
էի,
դէմքեր՝
որոնցմէ
ոմանք
տղայութենէս
ի
վեր
տեսած
էի
հոն
նոյն
անկիւնին
մէջ,
ճերմակ
քօղերու
տակ
ծածկուած
գլուխներ
որոնց
ձեւը
իմ
երկայն
եւ
nostalgique
[2]
ըղձանքներուս
միջոցին
կ՚ուրուագծուէին
մտքիս
մէջ։
Ինչպէս
հեռու
էինք
արդէն
Եւրոպայէն,
տմոյն
եւ
տխուր
մթնոլորտներէն,
ինքզինքս
կը
զգայի
պզտիկ
աղջիկ,
միամիտ
եւ
տգէտ
եւ
ինչ
որ
հոն՝
հոծ
գրադարաններու
մէջ
ժամերով
ջանացած
էի
ուսանիլ,
ինչ
որ
համալսարանին
յոգնած
շրթունքներով
եւ
անարիւն
դէմքերով
վարպետներ
աւանդած
էին
ինծի,
բոլորն
ալ
մոռցած
կը
թուէի,
բոլորովին
մոռցած,
երջանիկ
եւ
ապահով
տգիտութեան
մը
մէջ
ապաստանած
եւ
ամբողջ
հոգիս
լեցուած
Արեւելքի
կախարդիչ
հրապոյրովը։
Թեւէս
վար
կախուած
էր
սանդալի
հատիկներէ
կազմուած
երկայն
համրիչ
մը.
երբեմն
կը
ներշնչէի
անոնց
անօրինակ
եւ
խորհրդաւոր
բուրմունքը
որ
տարտամ
զգայնութիւնը
կու
տար
բաղնիքներու
հեշտագին
եւ
շոգեպատ
մթնոլորտներուն
մէջ
ծածանող
բուրմունքին։
Մզկիթէն
դուրս
արեւը
իր
վերջին
եւ
շեշտակի
ճառագայթներով
վերստին
ողողեց
մեզի.
դիմացնիս
երկայն
եւ
փոշիէ
ճերմակ
ճամբայ
մը
կ՚երկարէր
որուն
կողմը
քով
քովի
կրպակներ
միրգերու
եւ
կանանչեղէններու
գունագեղ
եւ
մեզի
համար
անսովոր
դարձած
առատութիւն
մը
կը
ցուցադրէին։
Տարօրինակ
զուգադիպութեամբ
մը
այդ
միջոցին
եւրոպական
տարազ
կրող
ոչ
մէկ
մարդ
կը
խանգարէ
շուրջի
նկարչավայել
ներդաշնակութիւնը.
երկու
տէրվիշներ
հեռուէն
կը
յառաջանան
պատկառանքով
եւ
իրենց
ետեւէն
արդէն
կ՚ընդնշմարենք
Պիւլպիւլ-տէրէսիի
եզերքը
տարածուող
գերեզմաննոցի
նոճիներուն
մթութիւնը։
Չեմ
գիտեր
ինչ
մը
կայ
խանդավառ
մեր
նայուածքին
մէջ
որ
ամէնքը
մեզի
կը
դառնան
եւ
հետաքրքրուած
կը
նային
մեր
աչքերուն
մէջ։
Քանի
մը
մանկիկներ
ճերմակ
քօղերով
գլուխնին
ծածկած
եւ
թոյլ
ու
նկարէն
էնթարիներ
[3]
հագած՝
խմբովին
կը
խաղան.
ինչպէ՜ս
իրենց
ճռուողիւնը
երկայն
ատենէ
ի
վեր
չլսուած
երգի
մը
պէս
քաղցր
է
ինծի
եւ
ինչպէ՜ս
պիտի
ուզէի
իրենց
ըսել
երկարօրէն,
թէ
որքա՜ն
ցանկացած
էի
զիրենք
տեսնել։
Ամէն
բան
անսովոր
պերճանքի
եւ
շքեղութեան
մը
մէջ
է,
որովհետեւ
արեւը
իր
ոսկին
ամէն
տեղ
դրած
է
եւ
մինչեւ
հոն
փլած
պատի
մը
տակ
կզկտուած
ֆաքիրին
ցընցոտիները
կ՚ոսկեզօծէր.
ոչ
մէկ
տգեղութիւն
պիտի
կրնար
դիմանալ
տիրական
արեւին։այց
հետզհետէ
քանի
կը
յառաջանայինք՝
անիկա
իր
ճաճանչները
կ՚ամփոփէր
պղնձագոյն
եւ
շողշողուն
հորիզոնին
վրայ
եւ
Ոսկեքաղաքը
կը
տժգունէր,
կը
տըժգունէր
ու
հեռուէն
գորշ
եւ
մթին
ստուեր
մը
կը
յառաջանար
զայն
ծածկելու
համար
այրիի
մը
պէս։
[1]
Thomas
Allom
“Costantinople
Ancienne
et
Moderne”