Սկիւտարի վերջալոյսներ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Ժ.

Մեռելոցի օր մըն է եւ բարեկամիս հետ կանուխէն կը պատրաստուինք Պաղլարպաշիի հայոց գերեզմանատունը երթալու. Պոլիս գալէս ի վեր ամէն օր փափաքած եմ այդ այցելութիւնը ընել. գերեզմանատունները իմ վրաս հանդարտեցնող ազդեցութիւն մը կ՚ընեն. հոգիիս մէջ խաղաղութիւն կ՚իջնայ եւ կարծես թէ կը հաշտուիմ մահուան գաղափարին հետ. իրաւ է թէ մեր երկրին բոլոր գերեզմանոցները ըլլան սեւ ու հոծ նոճիներու շուքին տակ տարածուած, ըլլան թմբիներու եւ կնձիներու լայնածաւալ հովանիին ներքեւ, հրապուրիչ անդորրութիւն մը ունին. գերագոյն հանգիստի եւ մշտնջենաւոր խաղաղութեան հրապոյրը. Փարիզի մէջ գերեզմանոցները, չափազանց զարդարուած եւ պզտիկ քառակուսի շէնքերէ խճողուած անհրապոյր եւ ըմբոստացնող բան մը ունին որ միշտ զարմանալի անձկութիւն մը կը պատճառէր ինծի։ Տիեզերական եւ անխուսափելի մահուան օրէնքը կը սաւառնի հոս մթնոլորտին մէջ եւ հողակոյտներուն ամէնէն համեստն ալ խորին տխրութիւն մը կը ներշնչէ. ա՛յնքան ապրողներուն համար, հորիզոնը գեղեցիկ է, տիրական եւ փարթամ գեղեցկութիւնովը Սկիւտարի առաւօտներուն. նորածագ արեւին ճառագայթներուն ներքեւ Մարմարան կը փալփլի անհամար ոսկի ցոլքերով ու կղզիները վարդագոյն, աննիւթական, կը ծփան կարծես ալիքներուն վրայ, իրենց շրջագիծը անորոշ կը խառնուի դեռ մթնոլորտին  մէջ  տատանող  վարդագոյն  մշուշին  հետ։

Թմբիներուն բուրումնաւէտ շուքին ներքեւ բարեկամիս հետ կը քալեմ զգուշութեամբ եւ ամէն քայլս հոգիս կը խռովէ. ինծի կը թուի թէ հողը կը սարսռայ իր մէջ պարունակող   անհամար մարդկային փոշիներով. տարիներ, դարեր ետքը ո՞վ պիտի քալէ իմ չորս հովին բաժնուած էութեանս վրայէն. իմ գոյութեանս ամէն մասնիկները կը ցաւին եւ կու լան կարծես անխուսափելի քայքայումին գաղափարովը որ հետզհետէ արբեցութիւն մը կ՚ըլլայ եւ զիս կ՚օրօրէ տարտամօրէն, մելամաղձոտ երգի  մը  պէս։  Թարմ  հողակոյտներ  ասդին-անդին  իրենց վրայ կը կրեն թառամած ծաղկեփունջեր, ճերմակ ժապաւէններու բեկորներ որոնց վրայէն անձրեւը կամ գիշերւան խոնաւութիւնը աւրած է հեռացող սիրելիին անունին ոսկեզօծ գիրերը. անդին զինքը լացող հոգիին մէջ չէ՞ մի որ իր յիշատակն ալ պիտի աւրուի հետզհետէ. տեղ-տեղ լքուած ու մոռցուած կոյտեր որոնց ներկայութիւնը կարելի է գուշակել միայն խոտերուն բարձրացող մակարդակէն, ու մարմարեայ յիշատակարաններուն մէջերէն պզտիկ կոյտեր, տղու գերեզմաններ. քառանկիւն մարմարեայ տախտակ մը ուշադրութիւնս կը գրաւէ եւ կը կարդամ աղջկան մը անունը ծննդեան եւ մահուան թուականներով, այնքան մօտ այդ թուականները. ութը տարի միայն իր պզտիկ աչքերը արեւին խնդացեր են, ութը ոչինչ տարիներ միայն, փափաքներ, տենչանքներ իր մանկական սիրտը յուզեր են ուրախութիւնով կամ տխրութիւնով. ու անկարեկիր ցաւը առեր զինքը տարեր է հողին. ու այդ պզտիկ գերեզմանը, կորսուած մեծ տապանաքարերու մէջտեղ, յանկարծ անսահմանելի տառապանքով մը կը գալարէ հոգիս, ծունկերս կը կթոտին եւ սրտիս տագնապը կ՚ուզեմ աղաղակել ամէնուն իբր թէ սպառնալիք մը ըլլար հոդ. բոլոր մայրերը որոնք պզտիկ, վարդագոյն էակ մը կը սեղմեն իրենց կուրծքին վրայ, որոնք խարտեաշ կամ թուխ խոպոպիքներու բուրմունքովը կ՚արբենան եւ կամ կապոյտ ու սեւ մանկական աչքերու մէջ անձկութեամբ կը փնտռեն ուրախութիւնը  կամ  ցաւը, պիտի  հասկնան  ասիկա։

Մանիշակներու, միօզօթիսներու [1] եւ շահպրակներու փունջեր կը ծաղկին պզտիկ գերեզմանոցին շուրջը եւ կը խորհիմ անմխիթարելի մօրը վրայ որ իր սիրելի տղեկը ծածկող հողը ուզած է բուրումնաւէտել եւ գեղեցկացնել, ինչպէս ժապաւէններով եւ ժանեակներով զարդարած էր անոր  օրօրոցը։  Խեղճ  եւ  դժբախտ  մայր, մտքէդ  կ՚անցնի՞

որ քեզի բոլորովին անծանօթ կին մը քու սրտիդ ցաւովը կը  տանջուի  քու  տղեկիդ  համար։

Բարեկամս զիս գրեթէ ստիպմամբ կը հեռացնէ պըզտիկ գերեզմանէն. արդարեւ հետզհետէ տկարութիւն մը կը զգամ, աղօթքներու մրմունջներ որ ասդիէն-անդիէն կը հասնին ինծի, երբեմն հեծկլտանքներ եւ ողբեր բոլորովին կը խանգարեն ջիղերս. պէտք է շուտ մեկնիլ որովհետեւ գերեզմանոցը հետզհետէ կը լեցուի այցելողներով, կրնան զիս ճանչնալ, կրնան տեսնել թէ որքան յուզուած եմ եւ ասիկա կ՚երեւի ծիծաղելի բան է. այլ սակայն դեռ ուխտ մը ունիմ  կատարելիք, պէտք  է  Դուրեանի  գերեզմանին  մօտենամ։

Ջերմեռանդութեամբ եւ զգուշաւոր կը յառաջանամ վախնալով որ մէկը մեզի կը տեսնայ. ծիծաղելիին խըրտւիլակը հոգւոյս մէջն է այլեւս եւ անխնայ կը խնդայ կարծես իմ ամէնէն նուիրական զգացումներուս վրայ. ինչո՞ւ չեմ գիտեր կ՚ամչնամ ուրիշներուն աչքին առաջք եւ քաջաբար մօտենալու Սկիւտարի սքանչելի եւ անզուգական բանաստեղծին գերեզմանին։

Այլ սակայն այնքան սիրած, այնքան լացած եմ իրեն համար. իմ երիտասարդութեանս առաջին տարիներուն իր ցաւովը ցաւած եւ իր տառապանքովը տառապած եմ երկարօրէն. իր տենդերը, իր տագնապները, իր հիւանդ կուրծքին հեւքը եւ մրմունջները տարիներու, տարիներու մէջէն եկած հասած են ինծի եւ կարծես մատներովս դպած եմ անոնց եւ ականջովս լսած. ինչպէ՛ս պիտի ուզէի իր ժամանակին հասած ըլլալ ու գտնալ իր նուիրական հիւղակին ճամբան ու ըսել իրեն թէ ինչպէ՜ս իր ցաւերը կ՚երկարաձգուին եւ կը թրթռան իմ հոգւոյս մէջ. թերեւս կարենայի իր տառապագին եւ սքանչելի սրտին մէջ, իր տենդագին ճակատին վրայ մխիթարութեան զովութիւնը եւ խաղաղութիւնը իջեցնել։

Սաղարթներու հովանիին ներքեւէն իր տապանաքարը կը բարձրանայ վէս եւ ճերմակ. մէկը չկայ մօտը. պիտի ուզէի որ քահանայ մը գար եւ աղօթէր իր վրայ. ինծի կը թուի որ խունկին հոտը եւ աղօթքին մրմունջը աղէկ պիտի գար իր աշխարհի կարօտով տանջուած հոգիին. բայց դարձեալ չեմ համարձակիր քահանայ մը կանչել. հեռուէն խումբ մը պատանիներ կու գան շիտակ իր գերեզմանին, Պէրպէրեան վարժարանի աշակերտներն են. տապանին շուրջը բոլորուած կը սպասեն, քահանան կը մօտիկնայ. խունկի ծուէնները կ՚ոլորուին գերեզմանաքարին շուրջը. պատանիները ջերմեռանդ եւ յուզուած մտիկ կ՚ընեն. պէտք է շնորհաւորել իրենց մեծերը որ ուզեր են այդ յարգանքը եւ սէրը դնել իրենց դեռ տղու սրտերուն մէջ, Սկիւտարի  բանաստեղծին  համար։

Քիչ մը հեռուն մենք ալ կեցած մտիկ կ՚ընենք ու կը խորհիմ  ինքնիրենս։

Եթէ իրաւ է որ բան մը մնացած է քեզմէ, եթէ քու աճիւնէդ անկորնչելի մաս մը ազատած է հողին բռնաւոր քայքայումէն, եթէ քեզմէ շունչ մը, զգացում մը կը դեգերի հոդ, թող գայ իմ էութեանս հետ խառնուի, ու իմ աչքովս տեսնայ, իմ ականջովս լսէ, դողդոջուն սաղարթներուն զմրուխտը եւ թռչուններուն երգերը ու բոլոր այն բաները որոնցմէ առանց յագենալու եւ կարօտով հեռացար. դուն օտար պիտի չըլլաս իմ մէջս, քու յիշատակովդ օծուած եւ քու յոյզերովդ բաբախուն պիտի գտնաս իմ հոգիս։

Ի՞նչ փոյթ նոյնիսկ եթէ քեզի հետ, քու ցաւդ ու տառապանքդ  ալ  տեղաւորուէր  իմ  մէջս։



[1]            Մկնականջ։