Սկիւտարի վերջալոյսներ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Է.

Առաւօտուն կանուխ եկեղեցիին զանգակները զիս կ՚արթնցնեն. եթէ բան մը կայ որ զուտ եւ անխարդախ գեղեցկութեան յուզմունքը կը պատճառէ ինծի, այն ալ մեր եկեղեցին է իր ծէսերով, մեղեդիներով եւ այն սքանչելիօրէն զուտ աւետարանական պարզութիւնովը՝ զերծ բիւզանդական եկեղեցիներու արուեստակեալ սեթեւեթներէն եւ զերծ նաեւ այն բոլոր խաբուսիկ եւ աչք շլացնող զարդարանքներէն որոնցմով կարգ մը եկեղեցիներ հարկ համարած են պճնուիլ, հասարակ ժողովրդին, տղոց եւ տկարներուն  երեւակայութեանը  վրայ  ազդելու  համար։

Փարիզի հոյակապ եկեղեցիներէն շատերը մտած եմ եւ օռկին ձայնը միացած Ֆրանսայի ամէնէն մեծ երգիչներու ձայնին հետ, գեղարուեստական ամէնէն ուժգին հաճոյքներէս  եղած  են։  Կը  յիշեմ  նոյնիսկ  որ  երբ  առաջին անգամ Նօթրտամի միջնադարեան եւ կօթական դռնէն ներս մտայ եւ երբ իրարու մէջ ոլորուող կամարներուն ներքեւէն, ու սլացիկ, աղօթքի պէս շիտակ վեր բարձրացող սիւներուն մէջերէն վիդրայները [1] իրենց հրաշալի գոյներու միսդիք մեղեդին ղրկեցին նուիրական բուրմունքներով ծանրաբեռնուած մթնոլորտին մէջ, երբ տեսայ խնկուած ծուխերու ծուէնները որոնք ոլոր-ոլոր կը թափառէին կամարակապ ձեղուններուն մէջերէն, հոն դեգերող մաղթանքներու եւ օրհնութիւններու պէս, այնպիսի անօրինակ եւ ուժգին յուզումով մը հոգիս լեցուեցաւ որ կը դողդոջէի եւ կը յիշեմ որ ինծի ընկերացող բարեկամներուն կ՚ըսէի գրեթէ արտասուելով.

-Տարի մը՛, տարի մը՛… ամբողջ կեանքս թերեւս կրնամ հոս անցընել այսպէ՛ս…

Այլ սակայն գոյներու, բուրմունքին, կօթական գիծերուն ամբողջութեան միսդիք ներգործութիւնն էր այս. անխուսափելի եւ հաշուըուած ներգործութիւնը տկար, դիւրազգաց նկարագիրներու վրայ. ինչ որ սակայն մեր եկեղեցիները եւ մասնաւորապէս Ս. Խաչ եկեղեցին կ՚արթընցնէ իմ մէջս՝ բոլորովին ուրիշ բան է. տեսակ մը խորունկ ներքին զգացում, վերյուշում մը կարծես մանկական ջերմեռանդ օրերու, տաք արցունքներու, հայկական շարականներուն, արեւով եւ լոյսով օծուած շարականներուն պայծառ եւ ջինջ յուզմունքին ներքեւ. եւ արդարեւ մեր եկեղեցին միակ տեղն է ուր «Առաւօտ լուսոյ»ի պէս փառաբանութիւն մը լսելով -ուրախութեան եւ գոհութեան սքանչելի եւ այնքան մարդկային աղաղակ- ինքզինքս մերձաւոր եւ մէկ կը զգամ այս ցեղին հետ եւ հոգիիս խորէն կը ճանչնամ այն փափուկ եւ սակայն իրական ձայնը որ մեր նախահայրերէն մեզի աւանդուած է եւ ինծի մասնաւորապէս նուիրական եւ սիրելի է այդ ձայնը, ինծի որ անկէ դուրս այնքան օտար եմ շատ մը տեսակէտներով  իմ  համայնքիս։

Զանգակները թրթռուն կ՚երգեն միշտ եւ վայրկեան մը օրօրուելէ ետքը իրենց ձայնին կանոնաւոր ելեւէջներէն կը  պատրաստուիմ  երթալ  եկեղեցի։

Եկեղեցին՝ պատարագի արարողութիւն կը կատարւի. տղու ձայն մը կայ որ ոլորուելով կը բարձրանայ ջինջ ու անուշ, անգիտակից իր գեղգեղին հարստութեան. բաւական բազմութիւն կայ որուն մէջ մեծամասնութիւնը ճաղատ գլուխներ ունի. լոյսը՝ պղտորած խունկի եւ կընդրուկի ծուխերէն եւ պրիսմակներուն մէջէն անցնելով կու գայ կը լուսաւորէ թեթեւօրէն այդ ճաղատ գլուխները. հիմա անոնք բարձր են եւ մտիկ կ՚ընեն, տղուն ձայնը հետզհետէ հրաշալի կը թրթռայ, վերացումներու, գերբնական յուզմունքներու արբեցութիւնը խորհրդանշելով. վառուած մոմեր դեդեւելով կը վառին եւ ցորեկուան լոյսին մէջ հիւանդոտ բան մը ունին, նուաղուն եւ տժգոյն. ասդին-անդին պրիսմակ մը կը պլպլայ, կարմիր, կանանչ կամ մանիշակագոյն ու կը զգաս որ ճնշում ու արուեստակեալ ծեքծեքումներ չկան. քրիստոնէութեան առաջին տարիներու սքանչելի եւ հաւատքով օծուած պարզութիւնն է. քահանաներ -թէեւ նախկին արհեստաւորներ եւ ուսուցիչներ- առաքելական եւ հնամենի բան մը ունին իրենց բանուածքներով ծանրացած բեհեզեայ վերարկուներուն տակ, իրենց բնականօրէն ծաւալած մօրուքներով եւ աղօթքով մաշուած ու գրեթէ խռպոտ ձայներով. հոն՝ խորանին առաջք մարդը այլեւս գոյութիւն չունի. symboleներ [2] են միայն, եւ իրենց ծանր շուրջառներուն ներքեւ, յամրաքայլ ու դարերէ ի վեր իրենց աւանդուած խորհրդանշական շարժումներով հրաշալի ամբողջութիւն մը կը կազմեն արարողութեանց, շարականներուն, խնկուած բուրմունքներուն  եւ  երգեցիկ  տղոց  մանկական  եւ  ջինջ  ձայներուն  հետ։

Շարականը կը վերջանայ, քահանաները կը մրմնջեն, աւետարան մը կը կարդան. եւ ահա «Տէր ողորմեա»ի շարքը, ողբալի, հեծեծագին, աղերսող։

Ճաղատ գլուխները կը հակին, կը հակին ու քամակները կը ծռին, կ՚ընկճին գրեթէ. քրիստոնէական ոգին էապէս համակերպութիւններու, աղաչանքներու, նուաստութեան ոգին կ՚անցնի նախ մեղմօրէն՝ հետզհետէ հզօր, ծռած գլուխներուն վրայէն եւ այլեւս տաժանելի բան մը կայ, ինքնալլկման եւ մոռացութեան զգացում մը… պաղատագին ամէնքը մէկ կ՚երգեն. Տէր ողորմեա՜…

Տէր ողորմեա՜… ու կը զգաս որ ժողովուրդը որուն վրայէն կ՚անցնի համակերպող աղերսանքը, միշտ քամակը պիտի ծռէ ու նկուն, տկար, անկարող, իր ամէն ժամերուն, իր ցաւի եւ յուսաբեկութեան ժամերուն պիտի մրմնջէ մխիթարող, համակերպութիւն  ներշնչող  «Տէր  ողորմեա»ն։

«Տէր ողորմեա»ն լալագին կը շարունակէ երկարաձգուիլ, դեգերիլ կամարներուն ներքեւէն, այլեւս լռած ու հեռացած է շարականին վարդաւէտ եւ ցնծուն փառաբանութիւնը, այլեւս տղոց ձայնը կը խեղդուի, կ՚ողողուի ճերմակ մօրուքներով քահանաներուն խռպոտ ձայնին մէջ որուն կը միանայ ամբողջ ժողովուրդին մրմունջը որ կ՚երգէ նաեւ հծծելով գրեթէ լալով…

Ինչո՞ւ իմ թարթիչներս ալ կը խոնաւնան եւ ինչո՞ւ անձկութեամբ կը նային այդ խղճալի ամբոխին վրայ. եւ ինչո՞ւ նաեւ հոգիիս խորէն ըմբոստացումի եւ ցաւի կսկիծը կը զգամ…

Նոյն միջոցին ահա կը տեսնեմ բազկատարած ծերունի մը, գլուխը կուրծքին, ճակատը գետնին յառած որ ջերմեռանդութեամբ կ՚աղօթէ. պատկառելի կիսադէմք մը ունի իր արծուային քիթովը եւ երկայն ձիւնի պէս ճերմակ մօրուքովը, առաքեալի գլուխ մը պարզապէս… ու մէկէն կը ճանչնամ զինքը…

Եթէ դուք ալ զինքը ճանչնայիք, եթէ գիտնայիք թէ այդ պատկառելի երեւոյթին տակ ի՛նչ նողկալի հոգի մը ծածկուած է, միայն այն ատեն պիտի հասկնայիք իմ զարմացումս եւ զզուանքս միանգամայն որ գտնուած տեղս կեղծաւորութեան եւ անանուանելի քսութիւններու տեղի մը  վերածեց։  Այլեւս  սկսայ  կասկածով  նայիլ  ճերմակ  մօրուքներուն եւ ճաղատ գլուխներուն, այլեւս քահանաները իսկ մերկացան գրեթէ աչքիս առաջք իրենց ոսկեթելով եւ մետաքսով զարդարուած կեղեւներէն ու ողորմելի, աղաչող ձայնը մնաց միայն, ծածկամիտներու, վատերու, նենգաւորներու  ձայնը։

Այդ պատկառելի ծերունին նշանաւոր եւ ծանօթ դէմք մըն է եւ բարոյական մեծ վարկ վայելած մեր ցեղին մէջ. աղջկանց վարժարանի մը տէր եղած է եւ ամբողջ տարիներ մայրերը տարած իրենց աղջիկը յանձնած են այդ մարդուն որպէսզի իր յարկին տակ կրթուին. մէ՛կը, մէ՛կը չէ՞ եղած որ այն ժամանակէն հասկնայ այդ մարդը. ոչ մէկ մայրական սիրտ իր բնազդովը չէ՞ գուշակած թէ իր աղջիկը կեղծաւորութիւններու ապականարար բոյնին մէջ կը ձգէր. ալ ասկէ ետքը գացէք վստահեցէք ժողովրդին եւ մայրերուն բնազդային հասկցողութեան վրայ. ընդհակառակը մայրերն էին որ նախապաշարուած էին ամէնէն աւելի այդ մարդով եւ զինքը կը պատուէին, կը փայփայէին. կը յիշեմ որ մայրերը պարծանքով եւ բերնի մասնաւոր կըծկումով մը կ՚ըսէին թէ իրենց աղջիկները այդ մարդուն վարժարանը  կը  յաճախէին։

Անկէց ի վեր ամէն բան յայտնուած է սակայն եւ վերջերս մասնաւոր դէպք մը դիմակազուրկ ըրած է զինքը. կ՚ըսեն թէ նոյն բազկատարած եւ ջերմեռանդ երեւոյթով պատկառելի ծերունին գործի մը համար սուտ երդում ըրեր էր աւետարանին վրայ. երեւակայեցէք այլակրօն դատաւորին զայրոյթը եւ նողկանքը երբ իմացեր էր եղելութիւնը…

Իրաւ է թէ երբեք Մայր բնութիւնն այսքան օժտուած ֆիզիքական երեւոյթի մը տակ այնքան նողկալի հոգի մը չէր ծածկած ցարդ, ինչ որ իրեն թոյլ տուած է բնականաբար առանց արգելքի եւ անմռունչ իր ձեռքին յանձնուող մատղաշ  հոգիները  կազմել  իր  հոգիին  կաղապարին  մէջ։

Բոլոր ասոնց կը խորհիմ դիտելով իր կիսադէմքը եւ քննելով գրեթէ դիմագծերը մի առ մի. խաչեր եւ երկրպագութիւններ -աւանդական փարիսեցին- յետոյ կը մեկնի եկեղեցիէն. գրեթէ ետեւէն դուրս կ՚ելլեմ եւ բակին մէջ կը տեսնեմ որ մէկը ծայրայեղ յարգանքով կը բարեւէ զինքը, յետոյ ուրիշ մը. ինքը երկու ձեռքերը կուրծքին վրայ կը խոնարհի  եւ  բարեւնին  կ՚առնէ։  Ասոնք  ամէնքը  գիտեն  սակայն իրեն ի՛նչ մարդ ըլլալը ու սուտ երդումին պարագան ամէնուն  շրթունքին  վրայ  է։  Վայրկեան  մը  կը  խորհիմ  թէ այնքան ակներեւ յայտնութիւններէ ետքը զինքը յարգանքով եւ պատիւով պարուրող մարդիկը արժանի չէի՞ն որ իրենց աղջիկները եւ կիները կրթուած ըլլային այդ մարդուն ձեռքը. ուրեմն, tout est pour le mieux [3], եւ կը մեկնիմ եկեղեցիէն ոչ առանց տեսակ մը սրտի սեղմումի։

Այլ սակայն կը յամառիմ մտածել բոլոր այն աղջիկներուն վրայ որոնք իր դպրոցին մէջ դաստիարակուած էին. բացի մէկ քանի հազուագիւտ ուժով նկարագիրները որոնց հետ անհաշտ դիրք մը ունի արդէն, ամէնքն ալ բնականօրէն խեղաթիւրուած, ապականուած պիտի ըլլան եւ անոնցմէ շատերը արդէն գացած տեղաւորուած են պարկեշտ ընտանիքներու մէջ. ինչպէս հիմա, այն ատեն ալ ապահով ապարդիւն վիճաբանութիւններ կ՚ըլլային տուներու եւ թերթերու մէջ տղոց դաստիարակութեան վրայ եւ մէկը չէր գտնուած որ մատը ճիշդ վէրքին վրայ դնէր. ուրիշ առիթներու մէջ ալ դիտած եմ արդէն թէ շատ յատկանշական տոհմային թերութիւն մըն է ասիկա. աւելորդ շարժումներ եւ պարապ խօսքեր ընել. մեր լրագիրները ծայրէ ծայր գրեթէ պարապ շարժումներով լեցուած են. անոր համար է որ այսօրուան հրապարակային կեանքը երէկին հետ կապուած չէ եւ վաղը պիտի չունենայ. ընդհանուր գաղափարներու եւ ձգտումներու միութեան պակասը նոյն վտանգաւոր վիճակը յառաջ կը բերէ ցեղի մը մէջ ինչ որ պիտի ընէր մարդու մը համար որուն այս ժամւան ըսածը չհամաձայնիր նախորդ ժամուան ըսածին, կապ չկայ խօսքերուն մէջ, հետեւաբար իմաստ ալ՝ գաղափար ալ չկայ… այս մտաւորական վիճակով մարդ մը յայտնի է թէ ինչպէս կ՚որակուի. ճիշդ մեր հաւաքական տոհմային մտաւոր վիճակը այս է. եւ ասոր համար է որ մեր բոլոր ձեռնարկած բաները պարապ շարժումներու կը յանգին եւ նոյնիսկ մեր զայրոյթները, մեր կատաղութիւնները։

Այս առթիւ կը յիշեմ դէպք մը որ ամէնէն ճիշդ կը խորհրդանշէ  իրաց  այս  վիճակը։

Փարիզի մէջ հայ ուսանողները գրական երեկոյթներ կը սարքէին ուր բանաստեղծական ու փիլիսոփայական նիւթերու վրայ փոխն ի փոխ ընթերցումներ եւ արտասանութիւններ կ՚ըլլային. օր մը չեմ գիտեր ինչպէս վիճաբանութիւն մը մէջտեղ կ՚ելլէ -կարծեմ Ժաքօպինի գիսաւորին վրայ, այսինքն թէ երկիրս պիտի բախէ՞ր Ժաքօպինի գիսաւորին թէ չէ. արդ այս plus que [4] կենսական եւ տիեզերական խնդիրը լուծելու համար մեր ուսանող եղբայրները այն աստիճանի կատղեր էին որ րոպէի մը մէջ ամէնքն ալ ոտքի վրայ տեսայ եւ օդին մէջ աթոռներ, գաւազաններ, կօշիկներ -օ՜հ, այո՛ կօշիկներ- ես եւ ուրիշ օրիորդ մը կայինք հոն իգական սեռէն. ընկերուհիս առաջին աղմուկին մարեցաւ. կ՚երեւի պատշաճութիւնը այնպէս կը պահաջէր. բայց ես հակառակ խորհելուս եւ ընդունելուս թէ կնոջ մը տրամաբանական դերը այդպիսի պարագայի մը մէջ մարելէ զատ բան չի կրնար ըլլալ՝ երբ անդրադարձայ թէ աչքերս սովորականէն աւելի արթուն եւ բաց են, նստարանի մը վրայ ելայ, քղանցքս եւ ոտքերս պաշտպանելու համար իմ շնորհալի ընկերներուս յարձակումներէն եւ սկսայ դիտել ու կը վստահեցնեմ ձեզ թէ դիտելու եւ մանաւանդ խնդալու շատ բան կար. այլեւս խեղճ Ժաքօպինին մոռցուած էր իր սրարշաւ եւ գիսաւոր երկնային ընթացքին մէջ ու անլուր հայհոյութիւններ, վիրաւորիչ խօսքեր, թուքեր կը նետէին իրարու երեսին կատղած, փրփրած, այնպէս որ իրաւամբ կարծեցի վայրկեան մը թէ հետեւանքը գէշ պիտի ըլլայ. որովհետեւ մէկ քանի հոգիներ գաւազանը ձեռքերնին կը ճօճէին օդին մէջ, բայց անմիջապէս ապահովուեցայ. պարապ շարժումներ կ՚ընէին այսպէս պոռալով, պոռչտալով, բայց յայտնի էր թէ որեւէ իրական վախ չկար. ոչ մէկուն գաւազանը միւսինին հանդիպեցաւ. ասիկա ամէնէն յատկանշական բաներէն մէկն էր որ տեսած էի. եթէ իրարու գլուխ պատռէին, եթէ զիրար ծեծէին, վերջապէս եթէ իրենց շարժումները լաւ թէ գէշ բանի մը յանգէին, հասկնալի էր. բայց գաւազանները պարապին մէջ շարժեր էին… ո՛րքան իրաւունք ունէի չմարելու։

Պէտք է ըսել սակայն թէ այն ատեն ուսանողներու հաւաքումին ամէն կարգէ մարդ ներկայ կրնար գտնուիլ. այս դէպքէն ետքը հարկ տեսնուեցաւ այդ հաւաքումները մաքրել եւ անկէց ետքը հազուադէպ եղան այդպիսի տգեղ բաներ։

Ամէն անգամ որ կրթական կամ գրական խնդիրներու վրայ վիճաբանութիւններ կ՚ըլլան հրապարակաւ, կը մտածեմ. ոչ մէկուն համար վտանգ կայ. գաւազանները պարապին մէջ պիտի շարժին եւ մինակ շարժումին տգեղութիւնը պիտի մնայ մէջտեղ. ասոր համար է թերեւս որ անոնք որ իրենց ապօրէն եւ կեղծաւոր վարմունքով վախու մէջ պիտի ապրէին, անոնք որ ամէն վայրկեան պիտի դողային դիմակազուրկ ըլլալու, անպատկառ անդորրութեան մը մէջ կ՚ապրին, անոնք աւելի ուժովներն են, որովհետեւ թափանցած են իրենց բնածին խորամանկութեամբ միւսներուն  սին  պարապութեան  եւ  անկարողութեան։



[1]            Երփնապակի։

[2]            Խորհրդանշան։

[3]            Ամէն բան կարգին է։

[4]            Աւելի քան։