Սկիւտարի վերջալոյսներ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Թ.

 

Դեռ կանուխ է երբ Սկիւտար կը հասնիմ եւ կ՚ուզեմ որ բոլորովին Բերայէն կրած տարտամ եւ անախորժ զգայնութիւնը մաքրուի իմ մէջէս. դէպի բարձունքը կ՚ելլանք. բայց հոն ալ քազինօի մը մէջ ուր խուռն բազմութիւն մը կայ, որեւէ démodé [1] երգ մը Եւրոպայի քաֆէ-քօնսէրներէ վտարուած կը հալածէ մեզի. միայն քիչ մը կը զուարճանամ դիտելով քանի մը զաւակներու տէր ամոլներ որ իրենց սերունդին հետ բերանաբաց մտիկ կ՚ընեն ամէնէն անպատկառ եւ ամէնէն թելադրիչ coupletները [2] զարմանալիօրէն շպարուած եւ իր կարմիր ուսամերկ սնդուսէ հագուստին մէջէն դուրս պոռթկալու սպառնացող մսեղ երգչուհիի մը բերնէն, որուն կարմիր շպարը քրտինքին հետ թուշն ի վար կը վազէ։ Խեղճերը չեն հասկընար բնականաբար երգին անառակ խօսքերը, այնքան անվրդով երեւոյթ ունին եւ ինքզինքնին անմեղ զբօսանքի մը տուած ըլլալու գոհունակութիւնը իրենց տմոյն աչքերուն  մէջ։

Ահաւասիկ Պէյլէրպէյ, որուն ճերմակ եւ շքեղ պալատը իր պատկերը կը կրկնէ Վոսփորի մէջ. վերէն կը նայինք գեղին վրայ, շոճիներու ներքեւ սիրուն փայտաշէն տուներ, անցած գոյներով որոնց երանգները մասնաւոր թրթռացում մը կու տան օդին. հետզհետէ թաղերը կը մտնանք. մարդ չկայ, ձայն չկայ. կարծես թէ ամէն ոք թողուցած ու մեկնած է այդ վանդակապատ գեղեցիկ տուներէն  որոնց  մէջ  այնքան  հեշտ  ըլլալու  է  կեանքը։  Հին աղուոր  ժամանակներու  բեկոր  մըն  է  կարծես  Պէյլէրպէյ։

Վոսփորի եզերքը մոռցուած ուր ոչ մէկ եւրոպացի եկած է իր տեղական գեղեցկութիւններու անհասկացողութիւնովը բան մը պղծելու, բան մը քակելու կամ շինելու. ճերմակ եւ վարդագոյն տուներ իրենց վանդակներուն ներքեւ խստօրէն կը պահեն իրենց բնակիչներուն ուրախութիւնները եւ ցաւերը, օրօրելով զանոնք մինաւորիկ նոճիներու կամ դարաւոր շոճիներու սօսափիւնովը. աստին-անդին հազուագիւտ անցորդներ, լայն եւ հանգստաւէտ ճիւպէով, կամ կնոջ սիլուէթներ, պաշտելիօրէն փափուկ եւ ներդաշնակ երկայն ծալքերով ֆէրաճէին մէջ եւ իրենց քօղարկուած գլուխներով որոնց կոր եւ պարզ գիծը հաճելիօրէն կ՚ուրուագծուի դուրս ցցուած շահնիշիներու [3] ներքեւէն եւ պարզ ու հանդարտ գիծերով փողոցներու հեռապատկերներուն  վրայ։

Ալ ուշ է ժամանակը եւ պէտք է վերադառնալ. արեւը մայրը մտած է եւ հեռուէն Սկիւտար մէկիկ-մէկիկ կը մարէ իր բոցավառ պատուհանները. բարձունքին վրայ չհեռացած անգամ մըն ալ կը նայիմ հանդարտ եւ լռին թաղերուն վրայ. ինծի կը թուի թէ երջանկութիւնը հոդ է, բայց ահաւասիկ կը մեկնիմ յանկարծ։ Երբ տուն կը հասնիմ արդէն բաւական յոգնած եմ եւ գլխուս մէջ գաղափարները  կը  պարեն։  Նոյն  միջոցին  նամակ  մը  կը ստանամ։  Յանձնարարական  մըն  է  տեղական  թերթի  մը համար. այդ նամակն ալ կ՚ըսէ թէ պէտք է աշխատիմ. լաւ, միայն թէ վերջին յետաձգում մը. վաղը հայոց գերեզմանատունը պիտի երթամ եւ անկէց ետքը պիտի հեռանամ ատեն մը Սկիւտարէն, զմայլելի եւ ոսկեզօծ Սկիւտարէն որուն բազմակողմանի հրապոյրները զիս վայելքով կը լեցնեն  եւ  կը  հեռացնեն  աշխատութենէն։

Սրտապնդուելու համար նամակը անգամ մըն ալ կը կարդամ եւ որովհետեւ դեռ այն ատեն չէի գիտեր որ մեր գրականութեան մէջ պատուոյ տեղ մը գրաւելու համար պէտք է շփանալ, ինքզինքը ծանրէն քաշել եւ աղաչել տալ, միամտօրէն կարգի կը դնեմ կարգ մը գրուածքներ եւ կը մտադրեմ  ես  անձամբ  ներկայացնել  զանոնք  խմբագրութեան։



[1]            Նորոյթէ  ելած, հնոճ։

[2]            Կրկներգ։

[3]            Հին տուներու դէպի փողոց ցցուած բնակելի մասը, ճումպա։