Վարձու սենեակ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԳՈՐԾԱԶՈՒՐԿ ՄԸ

Քիւպիզմի մասին Ժանընէի եւ Օզանֆանի գիրքը թեւին տակ անցուց։ Ուսերը ամփոփեց վզին շուրջ ու քալեց։ Քանի մը քայլ անդին ետ դարձաւ։ Բարեկամը, ռումանացի նկարիչը, հալեր էր արդէն մայթին վրայ յարածուփ ամբոխէն։ Աշոտ Նշանեան, հայ նկարիչը, զգաց թէ զգայարանքները կը պաղին։

Յօրանջող գաղջութիւն մը քիչ քիչ կը պարուրէր զինք։ «Քնանալ» խորհեցաւ ան։ Ամիսներ տեւող ծոմապահութիւնն ու անքնութիւնը կը տուայտէին անոր մարմնին մէջ անակնկալ խնջոյքին պատճառով։ Հիմա պողոտային այդ լուսավառ մասը կը նմանէր խրախճանքի գացող նաւու մը՝ որ հորիզոն կը դիմէր։ Ան նայեցաւ առջեւը, մինչեւ Դիտարանի հրապարակը։ Մութը խաւ առ խաւ կամրջացեր էր հոն։ Հակառակ որ պողոտան թեթեւ մը կը բարձրանայ, իրեն այնպէս կը թուէր թէ ան կ՚իջնէր։ «Ի հարկէ, հաստատեց հայ նկարիչը, որ բնաւ չէր կորսնցնէր իր քննական ոգին, քնանալու անզուսպ պէտքը կը թելադրէ նման զգայախաբութիւններ։ Մարդը իր փափաքներուն համեմատ կը վերստեղծէ աշխարհը»։ Իջնող փողոց մը ընդհանրապէս ամայութեան կը տանի։ Վկայ՝ իր մանկութիւնը։ Իր հայրենի գիւղը՝ ուր իջնող ճամբաները հովիտ կամ անտառ կը տանէին։ Փռուիլ կանաչին վրայ. երկնքի կապոյտ կամարին տակ, քնանալ Քիչ մը մղձաւանջային կը դառնար քնանալու հարկադրանքը։ Կարծես այրող գոլորշիներ աչքերուն կոպերը ներս կը քաշէին։ Ինքն իր մէջ իյնալու պատրանքներ կ՚ունենար։

Մութին մէջէն մարդակերպ մարմին մը մօտեցաւ իրեն։ «Ահ, մինակ չեմ եղեր», խորհեցաւ Աշոտ։

«Բան մը չէ՞ք կրնար տալ ինծի», ըսաւ մարդը եւ աւելցուց անմիջապէս, վախնալով թերեւս թէ չհանէ թեւին տակի գիրքը տայ իրեն, «շաբաթէ մը ի վեր ակռայիս տակ բան մը դրած չեմ»։

«Դուք գործազրկութեան հատուցում չէ՞ք ստանար», հարցուց Աշոտ։

«Ո՛չ» պատասխանեց մարդը, համոզիչ։

«Ես ալ», ըսաւ Աշոտ, չոր ու կտրուկ։

Մարդուն գինեբոյր շունչը խուժեց Նշանեանի ռունգերէն ներս։ Ան փղձկում մը ունեցաւ։ Իր ուղեղին մէջ ալ գինիի շոգիները կը սպրդէին, բայց երկուքին հանդիպումը անոր գլխուն մէջ, սրտի վերիվայրում մը պատճառեց։ Մարդը շուքի պէս հեռացեր էր արդէն։ Աշոտ սկսաւ մենախօսել, դանդաղօրէն քալելով հանդերձ. «Յաւիտենական թափառաշրջիկներ՝ որոնց համար գեղեցիկ առիթ մըն է գործազրկութիւնը հանդիպողին երկարելու իրենց նեխած դունչը»։

Պողոտային ծայրի սրճարանը լոյս կը սփռէր փողոցին վրայ։ Կարծես լոյսը անպատեհ ըլլար մտածելու համար։ Աշոտ պահ մը նայեցաւ շուրջը եւ աճապարեց ամբողջացնել միտքը։ «Ո՛չ, գործազուրկները այս մուրացկանները չեն…»։

Դիտարանի հրապարակին վրայ Աշոտ թեւերը իջեցուց վզէն, շնչեց եւ կարծեց թէ մեծցած էր անհունօրէն։ Պիւլիէի սրահին դուռը կը ժպտէր աղօտ լոյսերուն մէջէն. «Կը յիշե՞ս ինծի» կ՚ըսէր։ Ինչպէ՞ս թէ, զարմացաւ նկարիչը ու գծեց մտքին մէջ Քաշէնի եւ Պլումի նկարները։ Ձեռք ձեռքի՝ բեմին վրայ։ Այս պատկերը առողջ հակազդեցութիւն ունեցաւ Աշոտի պղտորած մտքին վրայ, մուրացկանին հանդիպումէն ի վեր։ Անոր անարգուած հոգին հազիւ կը ցցուէր՝ երբ կրկին կը սուզուէր ինքն իր մէջ։ Ո՛չ, ապահովաբար քունն էր, որ կը մխացնէր անոր ուղեղը։ Ծունկերը բամպակ դարձեր էին, թրջուած բամպակ։ Մերթ ընդ մերթ, բուրդէ կակուղ անկողին փռուած կը կարծէի ոտքերուն տակ։ Պառկիլ… երկննալ… յօրանջել… Աշոտին ամբողջ փափաքները կը վերածուէին այս երեք բայերուն։ Յանկարծ սրունքները թուլցան, ծունկերը ծալլուեցան ու կնոջ մը բազուկները իրեն կ՚երկննային։ Այո՛, այո՛, յիշեց… չա՛ր…։ Լեզու կտրած էր ամբողջ իրիկունը։ Մարդը լեզու կը կտրի երբ իր մէջ կը սկսի սերմնային խտղըտումը, ինչպէս արու թռչուններուն երգը, ծառերուն վրայ, էջ թռչուններու ներկայութեան։ Աշոտ լեցուեցաւ, այդ պահուն, երախտագին զգացումներով՝ էգ թռչուններուն հանդէպ ու այսպէս խօսեցաւ «ազնիւ սիրուն թռչուններ՝ որ օդը լեցնել կուտաք այնքան առինքնող երգերով, գարնան աղուոր առաւօտներուն…»։

Սեղանին վրայ շարունակ վիճաբանեցաւ նկարիչ բարեկամին հետ։ Կտոր կտոր եղաւ ինքնատիպ երեւնալու համար եւ գիտէր թէ խօսքերը ոչ թէ բարեկամին կ՚ուղղէր, այլ անոր գեղեցիկ եւ շնորհալի կնոջը։ Երկու տարի է չէին տեսնուած։ Շատ բաներ ունէին իրարու պատմելիք։ Գերիրապաշտութեան հերոսական օրերուն աղիւսուած իրենց բարեկամութիւնը կը փշրուէր հիմա։ Ափսոս, ա՛լ չէին հասկնար զիրար։ Ինչքան ճիգ պէտք էր։ Իրաւ, որ ինք կը նմանէր մասամբ եօթը դար քնացողներուն եւ որուն կ՚աւելնար գործազրկութեան պատճառած մեկուսացումը։ Ամիսներէ ի վեր Աշոտ ենթարկուած էր ներքին մենախօսութեան մը եւ դանդաղ մխացումով իր ըմբոստութիւնը մարեր էր։ Պառկիլ իր միակ փափաքը։ Ուրիշ ոչինչ գոյութիւն ունէր իրեն համար։ Երկու֊երեք ժամ առաջ «ուտել»ը անկարելի կ՚ընէր քնանալու ցանկութիւնը։ Հիմա կուշտ էր։ Եւ շատ կուշտ։ «Հէրն անիծած»։ Սէն֊Միշէլի պողոտային սկիզբը նստարանի մը վրայ բազմեցաւ։

Ինքաշարժերը ասֆալթին վրայէն կը գլորէին իրենց հռնդիւնները կարծես բուրդէ անկողիններուն մէջէն ու երազային հրաւէրներ կ՚ընէին։ Փակ աչքերուն կոպերուն պատկերներ կը ծնէին ու կը մեռնէին վայրկենական։ Բայց զոյգ մը աչքեր կը դիմադրէին այդ ձեւափոխութեան (metamorphose)։ Իրեն կը թուէր թէ անոնք ըսել կ՚ուզէին «Խօսեցէ՛ք, խօսեցէ՛ք»։

Ու Նշանեան կը խօսէր.

—Ինծի համար անժխտելի ճշմարտութիւնները գերիրապաշտ անճոռնի նկարներուն մէջ են։ Անոնք կը նմանին մեր երազներուն, որ միշտ բնական ցանկութիւնները ծաղրելով՝ զանոնք պատշաճութիւններու թաթերէն կ՚ազատեն։ Ինչ փոյթ թէ անոնք կը մեղանչեն նկարչութեան հիմնական օրէնքներուն դէմ։

—Բայց հոդ չէ խնդիրը, յարեց Մանուլէսքօ՛ ռումանացի նկարիչը։ Ըսածներդ նորութիւն մը չեն բերեր ինծի։ Ես ալ լողացեր եմ այդ տեսութիւններուն մէջ, գիտես, եւ դուն օր մը քանդեցիր։ Կը յիշե՞ս Մարքսի խօսքը՝ զոր ինծի բերիր առաջին անգամ դուն, «Իմաստասէրները ուրիշ բան չըրին եթէ ոչ մեկնաբանել աշխարհը, արդ, այժմ խնդիրը զայն փոխելուն մէջ է»։

Աշոտ թեթեւ մը կարմրեցաւ ու լռեց։ Անիկա ներքնապէս խոստովանեցաւ ինքզինքին թէ իր բարեկամը բացարձակապէս իրաւունք ունէր։ Բայց ինչո՞ւ համար մարդիկ այսպէս են։ Ինչո՞ւ համար ինք ալ այդպէս էր։ Եթէ դադրէր իր սեփական երգը՝ պիտի շարունակէ՞ին իրեն նայիլ ընկերուհի Մանուլէսքոյի անուշ աչքերը։ Անոր շրթները պիտի շարժէին առարկութիւն մը ընելու համար՝ երբ ռումանացին մէջ նետուեցաւ։

—Մի՛ մոռնար, որ մենք կ՚ապրինք պատմական փոխանցման շրջան մը։ Որպէսզի այդ փոխանցումը կարելի ըլլայ, պէտք է, որ աշխատաւորութիւնը անկաշկանդ կատարէ իր դերը ընկերային բեմին վրայ՝ որմէ ան սիստեմաթիք կերպով կը զրկուի։

—Այո, համաձայն

Մանուլէսքօ կարծես վճռած էր խօսքը Աշոտին չտալ։ Կտրուկ կերպով կ՚ընդմիջէր զայն ամէն անգամ, որ կը պատրաստուէր խօսելու։ Ցաւ կը պատճառէր իրեն ընկերոջ դիրքը, որ վհատութենէ մը կը թուէր գալ։

Աշոտ պատուախնդրութեամբ կը պահէր անկէ իր իրական կացութիւնը։ Ամիսէ մը աւելի Փարիզի սալայատակներուն յանձնուած՝ անքուն, անօթի։ Իր աչքին՝ ճշմարիտ «ընչազուրկ»ը ինք կ՚երեւար։ Ստիպուած էր անդադար դէմքէն աւրել նախանձի արտայայտութիւնները։ Ուղղակի կը նեղուէր անոր «երջանկութենէն»։

—Գիտեմ թէ, աւելցուց Մանուլէսքօ ցածցնելով ձայնը՝ ուր կարեկցութիւն կար, քեզ խրտչեցնողը իմ լաւատեսութիւնս է։

—Եւ լաւատեսութիւնը, շտապեց կինը խօսքը ամուսինին բերնէն խլելով, կարծես մղուած անոր հանդէպ անհաւատարիմ գտնուած ըլլալու վախէն, որովհետեւ զգացած էր իր գահավիժելը Աշոտի լռութեան մէջ։ Եւ լաւատեսութիւնը, կրկնեց անբնական դողդոջումով մը, աշխատաւորութեան յեղափոխական միջոցներուն եւ ձգտումներուն արուեստին մէջ փոխադրութիւնն է, արուեստագէտին համար։

Ռումանացիին տունը այս խօսակցութիւնը այնքան բնական կերպով կը վերակազմուէր Աշոտի յիշողութեան մէջ, որ ան պահ մը մոռցած էր փողոցի նստարանի մը վրայ գտնուիլը։ Նախանձախնդրութեամբ ու եռանդով կը շարունակէր պահել եւ խորացնել իր լռութիւնը, մանաւանդ անոր համար, որ կը զգար իրապէս լռութեան մէջ մինակ չըլլալը։ Ուշի ուշով հսկուած կնոջմէն՝ կը թողուր, որ ամուսինը խօսի, երկար, այնքան լաւ՝ ինչքան երկար, որովհետեւ կնոջ մտածումը աւելի ժամանակ պիտի ունենար սուզուելու համար իր լռութեան մէջ։ Ինչպէս կատուն՝ որ անշարժեցուցած է մուկը իր դէմ, կ՚երազէ լռելեայն պատերուն ետեւ գտնուող մուկերուն։ Աշոտ ազատ ընթացքը կուտար իր ներքին մենախօսութեան. «Երբեք, երբեք պիտի չհասկնան անոնք մեր հայու արմատախիլ հոգին։ Ի՞նչպէս բացատրել զայն։ Ի՞նչպէս ըմբռնել ծառը առանց հողին ու մեր հոգին՝ որ տրտնջող խշրտոցն է հովերուն նետուած չոր տերեւին՝ որ կը ցաւի ու կը հեծի ամէն անգամ, որ հովերը փոխեն իրենց ուղղութիւնը …»։ Հոս էր, որ կինը խօսեցաւ յանկարծ, լուղորդի մը ջուրին տակէն վեր բարձրանալուն պէս, խեղդուելու վախէն սարսափած, ինչ որ Աշոտին տուաւ ներքին պատռտուքի մը զգացումը։ Ու ահա նորէն մինակ, միշտ մինակ ոչ մէկ իրականութիւն՝ որուն վրայ ան փռէր իր անձը։ Մուկը շարժած էր կատուին դէմ։ Պատերուն թափանցկութիւնը իսկոյն չքացած։ Կատուն մինակ էր շարժիլ համարձակող միակ մուկին դէմ։ Մեր գերիրապաշտը օդային ժպիտ մը ունեցաւ գեղեցկօրէն ծիծաղկոտ, իրիկնամուտի գոյնով։

—Հա, հա, բայց ինչքան հետեւակ դարձեր ես…

Աշոտ Նշանեան, հազիւ խօսքը աւարտած, գանելանք զգաց ինքզինքէն։ Մանուկներ կան՝ խաղալիքներ կը կառուցանեն ու կը կոտրեն։ Յետոյ կուլան։ Նոր առարկայի մը տեսի՞լքն է որ զանոնք կը մղէ այդ քանդումին …։

Ինչքան ժամանակ տուած էր Մանուլէսքօն իր ներհայեցողութիւններէն արթնցնելու համար։

Ու հիմա կրկին այդ վիհերուն մէջ է որ կը նետէր զինքը։ Կինը իր խարտեաշ գլուխը, սպիտակ դէմքով, կախեր էր պարապին մէջ։ Կատուն թաթը վերցուցած էր։ Եւ լա՛ւ …։ «Հա, հա՛, բայց ինչքան հետեւակ դարձեր էք …»։

—Չչափազանցենք, աւելցուցած էր միւսը բարեացակամ ժպիտով մը, գիտեմ որ քեզ հետաքրքրողը միշտ չյարմարուող, մերժող մտքիդ ըմբոստ պատկերները եղած են, դուն անոնց որսը եղած ես շարունակ ու համոզուած՝ թէ օդը պակսած է քեզ շնչելու համար։ Արդ, ջանա՛ շրջան մը ընել ինքզինքիդ վրայ եւ դիտել ետեւդ։ Փոխանակ երեւոյթներու մէջ լիւղ գալու՝ աչքերդ պիտի բացուին պատճառներու իրականութեան վրայ։ Հաւատա՛, այն ատեն օդ պիտի ունենաս շնչելու, եւ մաքուր օդ, առատ։ Ճիշդ այդ պատճառներու դէմ տարուած պայքարին միջոցներն են՝ որով աշխատաւորութիւնը ինքզինքը կը հրէ առաջ, վարէն վեր՝ օդին, լոյսին։ Այդ միջոցները արուեստի գործին ընդլայնումին մէջ ներմուծելը յեղափոխական արարք մըն է ու հաղորդակցութիւն մը միանգամայն արուեստագէտին եւ զանգուածներու միջեւ։

Աշոտ գլուխը վերցուց։ Նայուածքները պտտցուց աշխատանոցին չորս պատերուն վրայ։ Ինչպէ՞ս մինչեւ այդ չէր տեսած ընկերոջը նոր աշխատանքները։ Պէտք եղաւ նախ, որ ցնցուէր, թօթափէր իր քինախնդրութիւնը աշխարհին դէմ։ Մանուլէսքոյին գործերէն դուրս նետուեր էին գոյները։ Ծայրագոյն պարզութեան վերածուած գծագրութիւններ էին, դէմք, իրան, ծառ։ Յաճախ մարդակազմական սխալ մը՝ որ մտածումին կուտայ ներուժ ու պերճախօս ճշմարտութիւն մը։ Իւրաքանչիւր նկար ակնարկ մըն է, ուս մը, ծունկ մը, արմուկ մը, կուրծք մը, ճիւղ մը կամ կոճղ մը։ Իւրաքանչիւրը ինքզինքէն դուրս կը ձգտի, պատռելով շրջապատը ու, ահա, կարծես պիտի տիեզերականանայ յանկարծ։ Ընդամէնը երեք, չորս, հինգ գծի մէջ՝ ոգեւորուած ներքին անզուսպ բայց համակշիռ շարժականութեամբ մը։

Քաջալերուած Աշոտին աչքերուն զմայլանքէն՝ Մանուլէսքօ վերսկսաւ.

—Կ՚ըմբռնե՛ս, չէ՞, երկերուս գործող անձերը։ Անոնք կուգան հողին ու արտադրութեան կապուած մարդոց համայնքէն՝ որ տալու եւ վայելելու կիրքը ունին միայն եւ ոչ թէ յափրացած ու լխկած մարդկութենէն՝ զբաղած անդադար իր ձեւազուրկ, տգեղ մարմինը պճնելու, որովհետեւ ան կորսնցուցած է իր կեանքով գեղեցկանանալու իրաւունքը։

—Ան որ գեղեցիկ է պիտի դիմանայ, մրթմրթաց Աշոտ ինքնիրեն, բայց բարձրաձայն։

Անկեղծութեան րոպէ մըն էր, որ գլորեցաւ անոր վրայէն։ Պիտի խօսէր, պիտի արտայայտէր իր սքանչացումը, երբ ունկնդիր երկու դէմքերը տեսաւ։ Տիկին Մանուլէսքոյի աչքերը շատ խորունկ էին ու կը նմանէին հորերուն խորքը հանգչող ջուրերու հայելիին։ Աշոտ գնաց ինկաւ անոնց մէջ։ Անոր ցաւագին երեւոյթը յուզած էր ընկերոջ կինը՝ որ այնքան գուրգուրանք կը դնէր իր ակնարկներուն մէջ։ Աշոտ տաքցած այդ գուրգուրանքին ջերմութենէն՝ երթալ անոր կուշտը կկզելու փափաքը ունէր միայն, ինչպէս կրակարանի մը շուրջ կը կկզինք ձմեռը։ Հորի ջուրերուն հայելին տակնուվրայ կ՚ալեծփէր։ Երբ հայ նկարիչը նայուածքները հեռացուց անկէ՝ անկիւն մը դրօշակ մը ներկայացնող նկարի մը վրայ ինկան։ Դրօշակը իր չորս գծերով անսասան ծփանք մըն էր։ Աշոտի հոգին ալ կը ծփար անայլայլ։ Բայց կեցաւ, հանդարտ, նոյն իսկ համեստ։

—Եթէ պէտք է, որ ճիգ ընեմ ինքզինքս բացատրելու, այսինքն ինձ ներկայացող ճամբաներուն խրթին ճիւղաւորումները, կարծեմ թէ սա կերպով կրնամ ձեւաւորել՝ կեանքի վրեժխնդրութիւնը։ Իր մէջ քսան տարուան պարապութիւն կրող սերունդ մըն ենք։ Պատճառները աւելի քան ծանօթ են։ Նկատենք պահ մը սա իրողութիւնը՝ «պարապութեան» շրջան մը կեանքի աճման ընթացքին մէջ՝ ուր մարդուն բնական յեղաշրջումը վիժած է, ուր իղձեր ծնած ու խեղդամահ եղած են, մտածումներ՝ որ չեն կրցած դուրս գալ եւ կրծած են ուղեղը։ Ու այդ սկսած եւ չլրացած կեանքը իր դաժան օրէնքը ունի, ապրելու իրաւունքը, ո եւ է ատեն։ Ան կը խուժէ մերթ ընդ մերթ մեր ներկայ անձնաւորութեան մէջ, զայն կը տապալէ, կ՚ուզէ անով ինքզինքը, կորսուած անցեալը լիացնել։

Իսկ ինչ որ կը վերաբերի յարաբերութեանս՝ գերիրապաշտութեան հետ, պարզապէս անոր այն հանգամանքն է որով ան, իր օթօմաթիզմի ուղիով, ներկայ անձս կը վտարէ հրապարակէն, թոյլ տալով, որ հինը բեմ բարձրանայ եւ կատարէ իր դերը։ Այսպէս պատառ պատառ, իւրաքանչիւր անաւարտ շարժումը, որ անհատականութիւն մըն է, կը բոլորէ իր շրջագիծը, կը հասնի իր լինելութեան եւ մենք կը վերագտնենք մեր կորսուած անցեալը։

Այս ամէնը լաւ։ Բայց ինչ որ ամբողջացուց Աշոտի գոհունակութիւնը, իր վերջին խաղը եղաւ… խաղը… ահ… պարզապէս խնդալու համար։ Կաթիլ մը զուարթութիւն սփռելու համար ծանրակշիռ մթնոլորտին վրայ… պարզապէս…

Ան աւելցուց.

—Մարդիկ տեւական ճիգ մը կ՚ընեն ինքզինքնին ծպտելու։ Այդ նպատակով ստեղծած են լեզուն։ Երբ մարմինը իր շարժումներով մատնելու վրայ ըլլայ մեր թաքուն զգացումները, լեզուն վրայ կը հասնի, կը ծպտէ զայն, կը խեղաթիւրէ անմիջապէս։ Իմացականութիւնը ունենալով իբրեւ գործիք լեզուն՝ մարդը հաւաքանակութեան մէջ դերասանի կը վերածէ։ Այսինքն ծպտուած իրականութիւնը։ Բուն իրականը ուրիշ է. օրինակի համար առնենք սա խոզի խորովածը, որ այնքան համով է։ Իրական բան է, չէ՞, խոզին խորովածը համով կ՚ըլլայ, բայց մանաւանդ աւելի համով, երբեմն նոյնիսկ զգլխիչ, որովհետեւ զայն պատրաստող ձեռքերուն մեր սրտին տուած յուզումներուն գումարը կ՚աւելնայ անոր վրայ։ Այս յաւելումով իրականը կը դառնայ գերիրական զոր պիտի կլլենք լեղի դեղահատի մը պէս, եւ լեզուն այսպէս պիտի խօսի «Շնորհաւորելի է, տիկի՛ն, խոհանոցային արուեստի ձեր այսքան նրբին ճաշակը»։

Աշոտ Նշանեան հասած էր նպատակին։ Մանուլէսքոյի նայուածքը պղտորած էր։ Կինը, բերանը քիչ մը բաց, իրանը դէպի առաջ, աճապարանքով, իբրեւ թէ մտիկ ըրած չըլլար։

—Մանու, սիրելիս, կտոր մըն ալ խորովածէ՞ն …։

  Դեռ կառքերը կ՚անցնէին խուլ աղմուկով։ Ու սահեցան դեռ մարդեր ու գոյքեր մայթը շփելով իրենց ոտքերուն տակ։ Ծառերը ստուերի կտորուանքներ թափեցին անձայն, ու վարագոյր նետեցին Աշոտը զբաղեցնող պատկերներուն վրայ։ Թեթեւ մը շարժեցաւ նստարանին վրայ ու ցուրտը մորթէն վեր սահեցաւ եւ զայն սթափեցուց բոլորովին։ Բայց Աշոտ վերադարձաւ իր տաքցուցած տեղին վրայ։ Ճարպոտ դժուարամարս խորովածը մաղձային դարձած էր շնորհիւ գինիի շոգիին, որ չես գիտեր ի՜նչ խորհրդաւոր խողովակներէ կը բարձրանար ոլոր֊ոլոր ստամոքսին։ Աշոտ գլուխը հանգչեցուց ձախ ուսին։ Այդ կողմերը, ոչ շատ հեռուն, տուն մը կար։ Աշոտ զարկաւ դուռը։ Դուռը բացուեցաւ։ «Ուշ եմ» հարցուց երիտասարդ կնոջ՝ որ իրեն կ՚ուղղէր տաք ու թաւշոտ այտ մը։ Սեղանը պատրաստ էր։ Ընթրիքէն վերջ, որ կը բաղկանար խոզի ճարպոտ խորովածէ, գետնախնձորի խիւսէ, յետոյ պանիր, պտուղ, գինի եւ այլն, ան երկնցուց ծանրացած եւ պտղած մարմինը կակուղ բազմոցին վրայ։ Ռունգերը դեռ կը թրթռային խորովածին բոյրէն, երբ մրափը իջաւ ուղեղին վրայ, որ թրջուած սպունգի մը նմանեցաւ։ Ականջներուն մէջ խլրտաց դրան զարնուիլը։ Աշոտ թօթուեց ուսը, կծկուեցաւ ինքն իր վրայ ու կրկին անշարժացաւ։ Այո՛, լաւ էր այսպէս։ Կինն էր անշուշտ դարձնողը կոճակը անթելին, որ հեռաւոր երկիր մը այս սենեակին մէջ փոխադրած էր։ Նուագը քաղցր էր ու մեղեդիական, որ կաթիլ կաթիլ կը հոսէր, սնդիկի պէս, անոր գլխուն մէջ՝ ուր կը խորասուզուէր քունը։ Բայց կինը կը ցնցէր անոր ծունկը «Ե՛լ, բարեկամ մըն է, որ կուգայ»։ Հօ՛բ… ահաւասիկ մոխրագոյն կատուն կը ցատքէ անոր ծունկերուն վրայ, վիզը կը քաշէ թիկունքներուն մէջ ու կը սկսի խորդալ, միապաղաղ։ Կատուին մարմնին ջերմութիւնը կը թափանցէ Աշոտի միսէն ներս։ Կինը կը շարունակէ թօթուել մարդուն ծունկը ափը լայն բացած։ Կատուին ջերմութիւնը աւելի վայելելու համար էր, որ Աշոտ զիստերը մօտեցուց իրանին ու կատուն սահելու վրայ՝ ճանկը մխրճեց անոր միսին մէջ։ Աշոտ քունին մէջէն ցնցուեցաւ։ Բռունցք մը ճամբեց կատուին ուղղութեամբ բայց բռունցքը իրեն ետ չվերադարձաւ։ Այն ատեն յօրանջեց երկար եւ հնչուն։ Միամիտ ժպիտով մը նայեցաւ ոստիկանին, որ դեռ անոր ձեռքը իր ձեռքին մէջ կը շարունակէր պահել։ «Արդեօք երա՞զ կը տեսնեմ» խորհեցաւ։ Բայց պողոտան իր առջեւ էր լուռ ու ամայի։ Ոտքի ելաւ, գիրքը նորէն թեւին տակ անցուց ու սկսաւ իջնել պողոտան, քիթին տակէն մռլտալով՝ «Nom de Dieu, nom de Dieu!».

Յիսուն քայլ անդիէն, խելօքիկ, անցաւ գամերուն մէջէն դիմացի կողմը։ Մութը աննշմարելի սպրդումով կը հոսէր մայթերուն եզերքը։ Գիշեր ատեն Լիւքսէնպուրկի պարտէզը մթութիւններու շտեմարան մըն է։ Ծառերուն տակ վարանքով դուրս կը թափին վանդակապատէն։ Հոն լոյսը կը սպասէ անոնց՝ պայծառ ակռաները բացած։ Ահա թէ ինչո՞ւ անոնց հանդիպման գիծը կրծուած բանի մը կը նմանի։

Աշոտ կ՚ատէր ստուերները։ Ա՜յ, այ… բոլորովին ճիշդ չէր այդ տրամադրութիւնը։ Եթէ այդքան թշնամական դիրք կը բռնէր այդ պահուն մթութեան դէմ, անոր համար, որ քնանալու փափաքը կը ծանրանար անով։ Ու քնանալու համար սենեակ մը եւ անկողին մը պէտք էր։ Հետեւաբար՝ խուսափիլ մութ անկիւններէն։ Խուսափիլ նաեւ լաւ եւ իւղոտ կերակուրներէն։ Առ նուազն մինչեւ այն ատեն երբ սենեակ մը ունենար։ Քալել լուսաւոր փողոցներէն՝ կէս մը գիշերուան գաղափարը միտքէն վտարել է։ Ի՜նչ լաւ պիտի ըլլար եթէ կարելի ըլլար ջնջել գիշերը։ Որովհետեւ մարդիկ իրենց փափաքներուն արգելք հանդիսացող պատճառներուն դէմ կռուելով է, որ կը հասնին հանճարեղ գիւտերու, Աշոտ զարտուղի միջոցով մը հասած էր այդ արդիւնքին։ Բնաւ մութին մէջ չգտնուիլ։

Ժամեր կ՚անցնէր լուսավառ ապակեփեղկերուն առջեւ, ձեւացնելով մասնաւոր հետաքրքրութիւն մը հոն գտնուող առարկաներուն։ Բայց անշարժութիւնը նոյնքան վտանգաւոր էր որքան մութը։ Ու յանկարծ անոր գլուխը կ՚իյնար կուրծքին վրայ։

Անշարժութիւնը արդիւնք էր մտածումին բացակայութեան։ Ու մտածում չի կրնար ըլլալ այնքան ատեն, որ միտքը ընտրութեան մէջ չգտնուի։ Մտածելը ընտրել է։ Փնտռել։ Աշոտ իրիկունները փնտռելով կ՚անցնէր։ Ահա թէ ինչ կը փնտռէր ան։ Անմիջապէս որ քունը իր մերձեցումը զգալի կ՚ընէր, կը մտնէր հանդիպած առաջին սրճարանը։ Նախ կը սպասէր քիչ մը, որ սպասաւորը ազատ ըլլայ, յետոյ կը դիմէր անոր շատ քաղաքավար կերպով «ներողութիւն պարոն, չտեսա՞ք մէկը, որ մէկու մը կը սպասէր, գիրուկ մարդ մը, սեւ մազերով»։ Սպասաւորին անխուսափելի ժխտական պատասխանին՝ կ՚աւելցնէր, միշտ ժամ մը տարբերութեամբ «Ժամը իննին ատենները. ո՞չ։ Բնականաբար ժամ մը չէր կրնար սպասել ինծի»։

Ու կը շարունակէր ճամբան նորոգուած, սթափած։ Գիշերուան պահերուն համար խորհրդածութեան առարկաները անպակաս էին, պարզ այն պատճառով, որ ամբոխին ստուարանալովը քաղաքը նուազ այլամերժ էր։ Ան կը նուիրուէր ինքն իր վրայ ամփոփուելով ցանցառ անցորդներուն։ Քաղաքը խաղի առարկայ մըն էր իրեն համար։ Մօնփառնասէն կը մեկնէր, հետեւելով միշտ ամենէն աւելի լուսաւոր մայթերէն, կ՚անցնէր Սէն Միշէլէն, Սէվասթափոլէն, ու այսպէս Մեծ Պողոտաներէն մինչեւ Շան զ՚Էլիզէ, եւ Էթուալի հրապարակը։ Հոս արշալոյսը կը բարեւէր իրեն ու կը սկսէր օրուան եռուզեռը։ Ան կրնար ի հարկին նստիլ նստարանի մը վրայ։ Մանաւանդ Շան զ՚Էլիզէի պողոտային եզերքը շարուած աթոռներէն մէկուն վրայ՝ հաշուի կ՚առնէր անցնող ինքնաշարժերուն ծախսած իւղը, առեւտրական տուներու լուսավառ ծանուցումներուն վատնած ելեքտրականութիւնը, Սիթրոէնին տարեկան ծախսը միայն Էյֆէլի աշտարակին տրուած։ Գումարումի, բաժանումի երկար գործողութիւններ կ՚ընէր մտքին աստառին վրայ ու մատիտի մէկ հարուածով գործազրկութեան հարցը կը լուծէր։ Յաճախ այդ գործողութիւնները սարսափի մէջ կը նետէին զինքը։ Աշխարհի հարստութեան ու գործազուրկներու թշուառութեան մէջ խրամատը ահռելիօրէն խոշոր էր։

 

Հանդիպակաց մայթին վրայ, Լիւքսէնպուրկի կայարանին մօտ, խորունկ ու երկարաձգուող խռկոց մը քերեց Աշոտի սիրտը։ Պատին տակ քուրջերու ծրար մը, որ մարդկային խլեակ մը կը պաշտպանէր աշնան ցուրտէն։ Խխունջ մը միայն ինքզինք այդքան ապահով կը զգայ իր պատեանին մէջ։ Ի¯նչ խաղաղութիւն կար այդ քուրջերուն անշաժութեան ու շնչառատ խռկումին մէջ։

Աշոտ կանգ առաւ։

Բացարձակ անտարբերութիւն մը, որ հեգնութիւն էր իր խռովքին դէմ։ Մտամփոփ դիտեց մարդը։ Հակառակ իրեն՝ սկսաւ խորհիլ։ Մտածումները կարաւանի մը պէս կը մեկնէին իրմէ ու զուգահեռաբար թափառաշրջիկին խռկոցները ուլունքներու նման կը շարուէին իրարու ետեւէ։

Նաւամատոյցին վրայէն՝ մեկնող նաւը դիտողին պէս՝ որ ինքզինքը ճամբորդողը կը զգայ, գլուխն ու սիրտը պտուտակներով լեցուն։ Աշոտ ամբողջովին յանձնուած էր խորհրդածութիւններու։ Իրեն կը թուէր թէ քուրջերու խռկացող ծրարը պսակումն էր երջանկութիւնը փնտռող մարդուն կեանքին։ Անոր միտքը պարտուած էր խորհիլ ըսուած բանէն։ Ինքն էր աշխարհի կեդրոնը եւ աշխարհը կը դառնար անոր շուրջ ափսէի մը պէս, որուն վրայ շարուած էին ապրելու յատուկ եղած բոլոր առարկաները։ Ան աշխարհին տալիք հաշիւ չունէր։ Ընդհակառակը աշխարհն է, որ պարտական կը մնար իրեն ցկեանս։ Իրեն կը մնար միայն երկարել ձեռքը։ Ձեռք երկարել… Հոս սարսափելի ցնցում մը ունեցաւ Աշոտ։ Իրեն այնպէս եկաւ թէ արդէն երկարած էր ձեռքը, որովհետեւ ուսէն սկսած ֆիզիքական անձկութիւն մը սահեցաւ բազուկէն մինչեւ դաստակը։ Անոր մէջ ձեւով մը խարսխուած կը մնար պարտականութեան ըմբռնումը։ Ամբողջ էութիւնը լեցուած էր պատկերաւոր աշխարհով մը՝ որուն դրսեւորումը սրտաբուխ ուժերու գալարումներ ունէին։ «Պէտք է», կ՚ըսէր բան մը իր մէջէն։ Ոչ անզուսպ բայց պարտադրական։

Իր ոտքերուն առջեւ փռուողը ազատ մարդն էր։ Ինք ազատ չէր։ Այսինքն հրաժարած մը։ Հոդ էր ահաւասիկ գլխաւոր թնճուկը ապրելու արուեստին մէջ։ Ատով անհատը կը շինէ իր չափանիշը հաւաքականութեան մէջ ու կեանքին դէմ։ Արտաքին աշխարհը կար ինչպէս կայ սա ճերմակ թուղթը գրութեանս համար որ շարունակ կը լեցնէր իր ներքին շտեմարանները։ Հարկ էր իրեն վերադարձնել զանոնք քիչ քիչ, որպէսզի ազատութիւնը ծնէր անկէ եւ ըլլար զգացում։ Այլապէս ազատութիւնը իբրեւ գաղափար պիտի ըլլար այնքան անհեթեթ որքան Աստուծոյ գաղափարը։

Նշանեան անգամ մը եւս նայեցաւ մուրացկանին, որուն դունչը կուրծքին վրայ պահուած կը մնար։ Այդ ծամածուռ դէմքը, բայց զսպօրէն խաղաղ, սոսկալի հեգնութիւն մը կարծեց իր խորհրդածութիւններուն ուղղուած։ Աշոտ հեռացաւ արտորանքով, մարմինը առաջ հրելով, կարծես արգելք մը վտարելու համար։

Եւ սակայն տարօրինակ զգացում մը անոր քայլերը կը դանդաղեցնէր։ Իր մէջ մտերիմ անկիւն մը կապուած կը մնար մուրացկանի պատկերին՝ որուն երանի կուտար, «բայց եւ այնպէս քնանալ»։ Այն ատեն խորհեցաւ իր բարեկամին, սեղանին՝ որուն առատութեան մէկ մասը կը ծանրացնէր փորը, մոռցուած գործողութեան մը ենթակայ, ուղեղին մէջ քունի ալիքներ վազցնել կուտար։

Ու ծանրօրէն բարեկամին դէմ գէշ մտածումներով պոռթկաց։ Իբրեւ թէ չար ոգիի մը հանդիպած ըլլար, որ իրեն դիտմամբ դժոխային դեղահատեր կլլեցուցած էր։ Գիւժաս փողոցին անկիւնը Աշոտ նայուածք մը նետեց փողոցին խորքը։ Մութը հրապուրիչ ազդեցութիւն մը ունեցաւ իր վրայ։ Ոհ, կարենալ կծկուիլ ու քնանալ խռկալով։ Ո՛չ, ուժը չունեցաւ։ Հազիւ թէ շարժումի մը սկիզբը՝ որ արիւնեցաւ գիտակցութեան հատու շեղբին հանդիպելով։ Երբե՛ք, կը հասկնա՞ք, երբեք։ Աշոտ Նշանեան չպիտի պառկէր փողոցը։ Կարծես ա՛լ բնաւ ոտքի չպիտի կրնար ելլել եւ պիտի դատապարտուէր ընդ միշտ սողալու՝ նայուածքը հողին՝ ընթանալու։ Պիտի դադրէր ուղղահայեաց անասուն մը ըլլալէ։ Ու շարունակեց քալել։ Պէտք էր քալել… Այն ատեն իր մտքին հայելիին մէջ տեսաւ ինքզինքը։ Այնպէս ինչպէս որ է։ Երիտասարդ, բարեձեւ, քիչ մը յոգնած, շշմած, բայց խոհուն դէմքով, լայնաճակատ ու քաղցր նայուածքներ, կրքոտ շրթունքներ։ Կեանքը դեռ շատ ծծելիք հիւթ ունէր անոր մէջ։ Հոդ չէր միակ արգլքը։ Այդ չէր բուն պատճառը՝ որ կեցուցած էր շարժումը՝ հազիւ սկսած։ Անիկա տակաւին կը հպատակէր որոշ հրահանգներու, ինչպէս զինուոր մը կը հնազանդի որքան ատեն, որ կը կրէ իր համազգեստը։ Ան նայեցաւ հագուստը՝ որ իր որոշ պահանջները ունէր։ Իր օրէնքները։ Թափառականին կարծեցեալ հեգնանքը այս անգամ իր բնական բնոյթը ստացաւ։ Հեգնանքը կ՚ըսէր. «Նետէ՛ գիրքը թեւիդ տակէն, հագուէ՛ ցնցոտիներ եւ ամէն բան ինքնին կը քալէ»։

Մուրացիկին արհամարհանքը երեւեցաւ իրեն իր բովանդակ լոյսին տակ, թէեւ ահաւոր, բայց հմայիչ միանգամայն։ Ու «ահաւորը» եւ «հմայիչը» սկսան անհաւասար կռիւ մղել անոր մէջ։ Ան իրապէս այն զգացումը ունեցաւ այդ պահուն թէ իր անձը երկուքի բաժնուած իրարու դէմ կը կռուէին։

Պայքարը անանկ բուռն բնոյթ մը կը ստանար, որ հաւանաբար հանդիսատես Աշոտը չկարենար հաշտութեան եզր մը գտնել, երկու հակառակորդ կողմերուն միջեւ։

Այդ միջոցին պողոտային վրայ ժխոր մըն է բարձրացած։ Աշոտ գլուխը վերցուց։ Հալերու բեռնատար կառաշարն էր, որ ծուխ ու աղմուկ փսխելով կը յառաջանար դանդաղօրէն, վախով, մէկու մը պէս, որ ընդունուած սովորութիւն կը սրբապղծէ։ Աշոտ միշտ ապշութեամբ կը դիտէր հրէշը, որ կը շրջէր աչքի վարժութիւններու համեմատութիւնը։ Զարմանքի այդ լարուած երեւոյը պատճառ մը չէր, որ անոր միտքը չգրաւուէր միեւնոյն ատեն ինքնաբուխ մտածումէն «ահաւասիկ աշխատանքը»։ Ու շարունակեց. «Հրաշք չէ մեր պահանջածը, աշխատանք է, աշխատանք։ Անով միայն կարգ ու կանոն կը մտնէ կեանքին մէջ ու հանգստութիւն՝ մտքին մէջ։ Մեր աշխատանքի պահանջին անմիջապէս կը հետեւի մտածելու իրաւունքը։ Առանց անոր մշտական ու ապահով կայունացման, կեանքը ուրիշ բան չէ եթէ քալել, քալել անդադար, շշմուած, պարպուած ուղեղով»։

Կառաշարը հոգոց տալով հասած էր կամուրջ ու կը դիմէր Շաթլէի հրապարակը։ Այդ հեռանկարին եկաւ խառնուիլ մուրացիկին պատկերը։ Ոչ, Աշոտ երբեք չպիտի համակերպէր քուրջեր կրելու։ Գաղափարը միայն իրեն տուաւ մարմնական ցաւ։ Այն ատեն ըմբռնեց թափառաշրջիկին անկման ահաւորութիւնը։

Ցաւը փոխուեցաւ ցուրտի զգայութեան։ Աշոտ մսեցաւ։ Փողկապը սեղմեց վզին շուրջ։ Քակեց ու կրկին կոճկեց բաճկոնին կոճակները ու շարունակեց ճամբան։

Սէն Միշէլի պողոտան քիչ մը շեղ ըլլալուն Նշանեանին այնպէս եկաւ, որ կը սահէր։ Ուշ էր արդէն ու բազմութիւնը ցանցառ։ Միայն Տիւբօն֊Լադէնի առջեւ պահ մը քունը՝ որ ստուերի պէս կը հետեւէր իրեն, անյայտացաւ, շուտով զինք իր ուռկանին մէջ առնելու համար, քիչ անդին։

Երբ կրթնեցաւ կամուրջին լայնեզր բազրիկին, անխուսափելին տեղի ունեցաւ։ Գլուխը ինկաւ թեւերուն մէջտեղ։ Իսկոյն հրաւէրներ՝ զորս աւելի կը զգար քան թէ կը լսէր, չորս դիէն եկան մեղրի նման ծորիլ անոր հոգիին մէջ։ Ծաղկահիւս կառք մը մօտեցաւ բարքին խճասփիւռ արահետէն։ Թիթեռնիկի թեւերով պարիկներ վայրի ծաղիկներու հիւթէ շինուած դէմքեր ունէին ու թեւերուն թաւիշ սպիտակութեան վրայ յօնքեր ու թարթիչներ գծուած էին։ Անոնց ժպիտը լոյս էր։ Անոնք ծունկի եկան ու Աշոտ հասկցաւ։ Յետոյ բազմեցաւ կառքին մէջ։

Արահետի խճաքարերը խշրտացին կառքին անիւներուն տակ։ Ծառերուն գագաթները վերեւէն զիրար կը գրկէին։ Ճիւղերէն կախուող պտուղները ելեքտրական գունաւոր լապտերներու կը նմանէին ու կը շողային կիսաստուերին վրայ։ Երբ կառքը հասաւ մրգաստանին ծայրը, որ կամար մը կը ձեւացնէր, ան համակուեցաւ անհատնում դաշտերուն աննկարագրելի գեղեցկութեան տեսարանովը։ Ծաղիկներուն բոյրը գրեթէ խուժում մըն էր, որ կատարեց անոր ռունգերուն մէջ։ Ու Աշոտի երակները քաղցրօրէն ընդարմացան խաղաղութեաբ մը՝ նման սիրային զուգաւորման հետեւող անդորրին։

Օդային համբոյր մը այդ պահուն կը փակէր անոր աչքերը երբ կամարին ոտքերուն մօտ նշմարեց երկու պահակները՝ ծիրանեգոյն գօտիներու մէջ պլլուած։ Անոնք ծռեցան մէջքերնուն վրայ, ճամբայ բանալ ձեւացուցին ու աջ ձեռքերնին կուրծքերնուն տարին բացագանչելով.

—Իշխանը։

Անիկա հազիւ ունեցած էր երանութեան մը զգացումը, որ դառնացաւ։ Երկու պահակները իրեն յիշեցուցած էին Սէն Միշէլի պողոտային թափառաշրջիկը։ Բարեբախտաբար զարմանալի երեւոյթ մը եկաւ աւրել այդ տխուր տպաւորութիւնը։ Մեղու մը թռաւ կառքէն։ Աշոտ սքանչացած դիտեց մեղուն, որ լիւղ կուգար արեւու ճառագայթներուն մէջ։ Ոգեւորութենէն թափ տուաւ թեւերը ու ահա ինք ալ, հրաշք, մեղու եղած՝ կը թռչէր։

Ճշմարիտ հրճուանք մըն էր դիտել վերէն վար դաշտերը, որ երկրաչափական ձեւերու կատարեալ համայնապատկեր մըն էին։ Օդը պայծառ է, վճիտ ու բիւրեղեայ։ Արեւին լոյսը անկէ անցնելով աւելի գեղեցկացած՝ գունազարդած էր առուները։ Իշխանին սիրտը կը վերանար կատարելութեան հասած գեղեցկութեան տեսքին առջեւ։

Անոր թռիչքին կ՚ընկերանար երկնային նուագ մը, որ փառաբանութիւնն էր Աստուծոյ եւ իշխանին։ Մեղուներու խումբն էր, որ կը հետեւէր թռիչքին։

Յանկարծ աղմուկ մը լսուեցաւ երբ շքախումբը կը հասնէր կոյս անտառին առաջին ծառերուն։ Իշխանը տխրեցաւ։ Ո՞վ կը համարձակէր աղտոտել իր «հրաշքի երկրին» գեղեցկութիւնը։

Բարկացած` իշխանը, նետի արագութեամբ երկրի վրայ իջաւ։ Շքախումբը հետեւած էր իրեն։ Անմիջապէս, որ ինքզինքնին գտան անտառային առաջին ստուերներուն մէջ, անոնք այլեւս մեղուներ չէին։ Կիսաքաղց մարդեր ու կիներ սպառնական դիրք բռնած կը սպասէին։

Բարկութիւնը պրկեր էր մարդոց բազուկները ու շրջազգեստէն դուրս նետած` կիներու ստինքները։ Անոնք համաչափ շարժումով մը վերցուցին ձեռքերնին նախ ծառի մը կոճղին` ուր կապուած էր ըմբոստ մը եւ յետոյ առուակին եզերքը պառկած երիտասարդը։ Իշխանը խիստ ակնարկ մը պտտցուց շուրջը ու լռութիւն տիրեց։ Այն ատեն առուակին կարկաչը, որ խճաքարերուն եւ եզերքի խոտերուն հետ գաղտագողի սիրաբանութիւն մըն էր, իշխանին սիրտը գրաւեց ու թեթեւցուց բարկութեան բեռէն։

—Ո՞վ է այս մարդը, հարցուց իշխանը ամբոխին։

—Օտարական մը, Տէր։

—Լա՛ւ, ոտքի ելէք, հրամայեց իշխանը օտարականին։ Բայց այս վերջինը վախկոտ նայուածք մը նետեց ամբոխին ու մնաց իր կռնակին վրայ պառկած դիրքին մէջ։

—Ոտքի ելէք, երիտասարդ, կրկնեց իշխանը։

—Բայց, Տէր, ինծի արգիլուեցաւ ոտքի կենալ ձեր հողին վրայ։ Եւ որովհետեւ կ՚ատեմ փորի վրայ սողալը, ներեցէք այս անպատեհ դիրքս։

Իշխանը քիչ մը զայրացկոտ էր հնազանդուած չըլլալուն համար, բայց քիչ մըն ալ ներքնապէս` գոհ։ Օտարականին յանդգնութիւնը, ձայնին անկաշկանդ շեշտը զմայլեցուցած էին զինքը։

—Ոտքի, բարեկամ, եւ պատմեցէք ձեր ինքնութիւնը։

Երբ օտարականը հնազանդեցաւ պարզապէս քաջալերուելով «բարեկամ» բառէն, իշխանը որ վարժուած էր բոլոր գէշ արարքները «խենթ»ին վերագրել, ծառի բունին կապուած մարդուն նայելով խօսեցաւ իր հպատակներուն.

—Շնորհակալ եմ ձեզի այս մարդը ազատած ըլլալնուդ համար «խենթ»ին ձեռքէն, որուն արժանի պատիժը տուած էք արդէն զայն ծառին կապելով։

Ամբոխը զգայախաբութեան ցնցում մը ունեցաւ։ Օտարականը նոյն պահուն խորհեցաւ թէ արդեօք պատրանքի մը խաղալիք չէ՞ր ու հողը պիտի սայթաքէր քիչ վերջ ոտքերուն տակէն։

—Ներեցէ՛ք, իշխան, աղաղակեց երիտասարդը, վախնալով թէ լռութիւն պահելով մեղսակից կ՚ըլլար «խենթ»ին տրուած պատիժին։

Գլուխը կախ, անձայն, հեռացաւ ամբոխը։

—Ներեցէք, իշխան, կրկնեց ան։ Ահաւասիկ պատմութիւնը։ Արտօնեցէք, որ այս երիտասարդին կապերը քակուին։ Անոր շնորհիւ ես կրցայ անվնաս դուրս գալ այս ահաւոր անտառէն` ուր ան զբաղած էր որսորդութեամբ

—Նորէն, աղաղակեց իշխանը, ես ձեզի պատուիրած չէի՞, որ ա՛լ չդպիք անտառիս բնակիչներուն։

—Ներեցէք, մէջ նետուեցաւ օտարականը, ես իր խոստումը ունիմ, անտառին բնակիչներուն ոչ մէկ վնաս կը սպառնայ այսուհետեւ։

—Շնորհակալ եմ, օտարական, իշխանին յարգանքը կ՚աւելնար հետզհետէ անոր հանդէպ կը հաւատամ ձեզի ու արդէն ազատ կ՚արձակեմ զինք։ Հիմա ըսէք, ի՞նչ ակնկալութիւն ունէիք հոս գալով։

Այս ըսած ատեն, իշխանը կը պատրաստուէր ձեռք առնել իր մոգական ճիպոտը, ծածուկ կասկած մը սնուցանելով անոր վրայ որովհետեւ օտարականը երիտասարդ էր եւ թեւաւոր երեւակայութիւն մը ունենալ կը թուէր։

Բայց օտարականը ըսաւ պարզապէս.

—Այն բոլոր երկիրները զորս ձգեցի հոս ապաստանելու համար, կախարդուած այս անտառին բազմազան թռչուններուն գրաւիչ երգերէն, այդ երկիրներուն մէջ թէեւ երգը բնաւ պակաս չէր, բայց անկարելի էր հաց գտնել։ Ու հացի պակասը ամէն տեղ պատճառ եղաւ, որ ես չկարենամ ականջ տալ երգին։ Ահաւասիկ, տէ՛ր, խնդրանքս պատառ մը հող է, որ ցորեն մշակեմ, հաց եփեմ, ուտեմ. իրիկունները նստիմ հորիզոնին դէմ եւ մտիկ ընեմ անտառին երգերը ու օրհնեմ Ձեզ։

«Խենթ»ը արձակուած էր արդէն։ Օտարականին խօսքերը մտիկ ընելէ ետք, դէմքը պռստեց, թքաւ գետինը ու հեռացաւ։

Իշխանին դէմքն ալ մթագնեցաւ յանկարծ։ Մտովին պատրաստուած էր օտարականը դասել գեղեցիկ բաներու կարգին ու տակաւ զայն կը զետեղէր իր պալատին մէջ` ուր իր թարմութեամբն ու նայուածքներուն պայծառութեամբը պիտի ծառայէր իր ձանձրոյթի պահերու փարատումին։ Մինչ, ահա, իր յղփացած ականջներուն գէշ հնչող բառերով կը բացուէր անոր բերանը, «հող», «հաց», «ուտել»։

—Ի՞նչ պիտի ըսէիք եթէ ձեզ առնեմ շքախումբիս իբրեւ պետ։

—Ո՛չ, տէր իշխան, աշխատանք մը չէ, որ կը նուիրէք ինծի։ Ծնած օրէս ի վեր ինծի տրուած չէ երբեք քայլերս հաստատ զգալ հողին վրայ. ամէն տեղ կարծես մարդոց դէմքերը կ՚ըսէին. «Ուշադրութի՛ւն, հողը որուն վրայ կը դնէք ձեր քայլերը, ձեզի չի պատկանիր»։ Երբ աշխատանք կը տրուէր ինծի, ողորմութեան պէս, անոնք կ՚ըսէին նորէն «Գացէ՛ք, մեր հացը կը գողնաք»։ Ինչպէ՞ս կ՚ուզէք, որ անոնցմէ տարբեր ակնկալութիւններ մշակելու ժամանակը ունեցած ըլլամ։

—Բայց, խնդիրը այն է որ հոս իշխանը կը կակազէր քիչ մը իշխանութեանս մէջ մշակելիք կանգուն մը հող չէ մնացած եւ ստիպուած եմ ժողովուրդս լաւ կամ գէշ իմ հաշւոյս ապրեցնել։

—Ա՛հ, ըսաւ օտարականը, ըսել է ձեր իշխանութեան մէջ ալ կը տիրէ ինչ որ կ՚անուանեն անդին «Տագնապը»։

Ու աչքերը դարձնելով անտառին.

—Հապա՞ այդ անտառը, կարելի է զայն քանդել, անոր փայտերով պալատներ շինել ու բացուած հողին վրայ շտեմարաններով ցորեն ցանել։

Իշխանը խստօրէն ձեռքը վերցուց։

—Անէ՛ծք, ինչպէ՞ս կը համարձակիք։ Միւս «Խենթ»ը չէր բաւեր։ Անտառը Աստուծոյ կալուածն է, անոր ստուերներուն ու տամկութիւններուն մէջ է, որ կը բնակին ոգիները որոնք մարդոց պատգամներ կը ղրկեն, որպէսզի անոնց մէջ տիրէ կարգապահութիւն, ներդաշնակութիւն, օրէնքը։ Անտառը ներշնչարանն է իմ երկրիս բանաստեղծներուն, գիտուններուն։ Քանդել անտառը հապա Աստուծոյ բարկութի՞ւնը

Իշխանը ա՛լ չուզեց օտարականին երեսը տեսնել։ Հրամայեց իր մարդերուն, որ անտառին արեւելեան ծայրամասը խոպան մնացած կտոր մը հողը տրուի անոր եւ արգիլուի իր ժողովուրդին կապ ունենալ անոր հետ։

 

Ամիսներ անցան։ Օտարականը շատ քրտինք թափեց։ Քար քարի վրայ դիզեց, բայց հողը երբեք չյայտնուեցաւ։ Աչքը անտառին վրան` յաճախ անշարժ կը մնար, կրթնած բրիչին կոթին։ Ոչ մէկ այցելութիւն ունեցաւ, բացի «խենթ»էն, որ մէկ երկու անգամ եկած էր անձայն ու դիտած օտարականին նայուածքին ուղղութեամբը։ Անսահման անտառը։

Քիչ քիչ կորսնցուց իր գեղեցկութիւնը։ Անօթութիւնը որդի պէս կպած էր աղիքներուն ու կը կրծէր անդադար։ Բազուկներուն, զիստերուն մկանները հալեցան։ Աչքերը խոռոչացան։ Օր մըն ալ չկրցաւ շարժուիլ ու ձգեց բահն ու բրիչը։ Երկնցաւ գետինը ու նուաղկոտ նայուածքները երկնքին` օրերը կը սահէին անպտուղ։ Սկսաւ նոյնիսկ խորհիլ անցեալին վրայ։ Ու զղջալ նոյն իսկ։ Ինչպէ՞ս խաբուած էր սա անտառէն աշխարհի վրայ սփռուող գեղեցիկ երգերէն` որոնք Գեղեցիկն ու Ազատութիւնը կը փառաբանէին։ Զղջումին վրայ աւելցաւ, այսպէսով, նոր զգացում մը. դասալիք մըն էր ինք։

Իրիկուն մը, ուժերը այնքան սպառած էին, որ արեւմուտէն վառող հրաշալի մայրամուտը կը խեղդուէր թարթիչներուն մէջ։ Երբ յանկարծ ամէն ինչ մթագնեցաւ։ Սեւ ամպերու կոյտեր զիրար հրմշտկելով եկան ծածկել երկինքը։ «Ահա աշխարհին վերջը» խորհեցաւ օտարականը։ Ամպակոյտերը բաղխեցան մէկզմէկու ու բացուած ճաթռտուքներուն ետեւ հորիզոնը միշտ հրաշալի էր։ Ամպերը, ածուխի նման սեւ, կը վազէին, կը պտտկէին։ Անծանօթ ձեռք մը կարծես մէկէն անշարժացուց զանոնք։ Զարմա՜նք։ Հորիզոնին լուսողող աստառին վրայ անոնք կազմեցին հսկայական խորհրդանիշ մը։ Ամպերը այլեւս սպառնական չէին եւ ոչ ալ ցրտին։ Օտարականը կարծեց շնչել։ Այնքան հեռու որքան անտառը կը տարածուէր, երկինքին վրայ ամպերը կազմեր էին մուրճի եւ մանգաղի խաչաձեւում մը։ Բայց ուրականի թունաւոր շունչը վրայ հասաւ, տարտղնեց խորհրդանիշը։ Խաւարը պատեց։ Ցուրտ, ցուրտ էր։ Երիտասարդին կզակները դողդղացին, կափկափեցին։ Որոտը ոռնաց ու, շրախկ, տեղատարափը սկսաւ։ Անձրեւը լեցուեցաւ հովիտներուն մէջ, բարձրացաւ սարերը, հասաւ երիտասարդին` որ գրաւուեցաւ խեղդուողի անպատում անձկութեամբը։ Արհաւիրքը հիմա կոկորդին չոքած էր։ Այո՛, խեղդամահ պիտի ըլլար։ Իր մէջ վերապրող ուժերը, վտիտ ու անկար, անոր էութեան խորքը ընկղմելու վրայ էին, իբր գերագոյն ճիգ մը ամփոփեց զանոնք ու օտարականը կրցաւ բերանը բանալ պատռելու աստիճան։

 

Սէն Միշէլի կամուրջին վրայ Աշոտի մարմինը շարժեցաւ։ Դիմացը Նոթրը֊Տամի տաճարն էր` որ անձրեւի վարագոյրին ետեւ ուրուականային դարձած էր։ Անձրեւը կ՚իյնար խոշոր կաթիլներով։ Գլուխը բոլորովին թրջուած` մազերու փնջիկ մը ջրմուղի ձեւով ջուրը կը բերէր ծոծրակի խոռոչին` ուրկէ ան կը տարածուէր հագուստներուն տակէն մարմնին չորս կողմը։

Աշնան ցուրտը, ջուրին թացութիւնը թմրեցուցած էին զայն։

Աշոտ երկու քայլ առաւ։ Թօթուեց ինքզինքը, նայեցաւ շուրջը։ Դէմը` դատարանի պողոտան էր, աւելի հեռուն` Շաթլէի հրապարակը, դեռ լուսաւոր։

Այն ատեն միայն ինքզինքը գտաւ ու անտուն գործազուրկի պարտականութիւնը`

Քալե՜լ…

Յունուար 1935