Վարձու սենեակ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԱՊՈՒՇԸ

Ցուցափեղկերուն առջեւ յուլօրէն կը կենար։ Յետոյ կը շարունակէր քալել, փոխն ի փոխ` արագ ու դանդաղ։ Գրպանին մէջ ձեռքերը դեռ կը ճմլէր թուղթին կտորը` «Խնդրեմ այսօր անգամ մը մեզմէ անցէք»։

Տիկին տը Պռէվալի պատկերը խորապէս թափանցեր էր անոր մտքին մէջ, բաղեղի նման պլլուեր էր մտածումին։ Երբ հասաւ Տիկ տը Պռէվալի բնակած փողոցին բերանը, նկատեց որ մինչեւ հոդ կոյրի պէս էր քալած։ Յետադարձ ակնարկ մը բաւեց ստուգելու համար, որ դիտած ցուցափեղկերէն բան չէր յիշեր։ Իսկոյն ետ դարձաւ, արագաքայլ ուղղուեցաւ դէպի քաղաքին կեդրոնը ու մտաւ սրճարան մը։ Գաւաթ մը գարեջուրի առջեւ սկսաւ խորհիլ, բայց գաւաթը չխմած ոտքի ելաւ ու վճռական գնաց մատը դրաւ ելեկտրական կոճակին վրայ։ Զանգակին հնչիւնէն սիրտը դողաց ու զըղջումին ամբողջովին դեռ չէր գիտակցած` երբ դրան վրայի լուսամուտը բացուելով` Տիկ. տը Պռէվալի շնորհալի դէմքը երեւաց.

—Ա՜հ, պարոն Արմենեակ, բացագանչեց Տիկ. տը Պռէվալ։

Անմիջապէս որ ներս մտաւ, Արմենակ նորէն ենթարկուեցաւ այն ներքին ոստումին զոր ան կ՚ունենար հակազդելու համար Տիկ. տը Պռէվալի ներկայութեան իրեն պատճառած մանկական երկչոտութեան։ Արմենակ, միւս անգամներու նման, մտաւ պատանիի մը մորթին տակ։

Տիկ. տը Պռէվալ հագած էր ներքին շրջազգեստ մը, որ կ՚իջնէր մինչեւ կրունկները։ Սեւ շղարշը սլացիկ հասակն ի վար կը վէտվիտէր ամէն մէկ քայլին։

—Ուրեմն եթէ երկտողս չստանայիք մեզի բոլորովին պիտի մոռնայիք։

—Օ՜հ, ո՛չ, բողոքեց Արմենակ, զբաղումներս չներեցին։

Արմենակ սիրտը յանձնեց կնոջ արծաթահունչ ձայնին ու մինչեւ ականջները կարմրեցաւ ըրած ստութենէն։ Յաճախ եկած էր ստոյգ մտադրութեամբ մը, բայց չկարենալով յանգիլ համոզիչ պատրուակի մը, վերադարձած էր գլխիկոր։

—Պրն. տը Պռէվալ հոս չէ՞, քանի մը օրէ չեմ տեսած զինքը սակարանը։

—Պրն. տը Պռէվալ Անգլիա է… բայց ինչո՞ւ հոս դրան ետեւը կը մնանք, կը ներէք, որ ստիպուած եմ ձեզի սենեակս ընդունիլ։ Արդուզարդս ընելու վրայ էի երբ դուռը զարկիք։

Թէեւ Արմենակ Սալորեան վարանում մը ունեցաւ, բայց չկրցաւ չհետեւիլ տիկնոջ ու երբ հասան մեծ պատուհանէն ներս թափող միջերկրականեան արեւի ջրվէժին մէջտեղը, Արմենակին աչքերը գոցուեցան սրտին նուաղանքէն։ Սեւ շղարշէ շրջազգեստին տակ Տիկ. տը Պռէվալ մերկ էր։

—Ահաւասիկ, ըսաւ տիկինը թիկնաթոռ մը հրամցնելով, նստեցէք հոս ու բան մը պատմեցէք ինծի, գիտէ՞ք, այն արեւելեան աղուոր հէքեաթներէն։

Տիկ. տը Պռէվալ իր անձնական լուացարանին դուռը բացաւ։ Իսկոյն անուշահոտութեան յորձանք մը հոսեցաւ սենեակին մէջ։ Արմենակ կէս գինով էր։ Դրան ետեւէն եկող շարժումներով ընկերացող աղմուկները ձեւ կ՚առնէին անոր աչքերուն մէջ, ամէն մէկ աղմուկ գծելով հոն իրեն համապատասխան պատկերը։ Յամրօրէն սահեցաւ թմբիրային վիճակի մը մէջ։ Ներկան կը բաժնուէր իրմէ խորհրդաւոր հեռացումով մը, ինչպէս որ նաւը կը բաժնուի քարափէն եւ յանկարծ պահը կը դառնայ կիսովին անիրական երազ մը, որ կը դիմէ, ապրելու եւ ուռճանալու ի խնդիր, ամենայն շարժումներու աղբիւրը` դէպի իրականութիւն։

Արմենակ կ՚երազէր իր Ֆրանսա հասած առաջին օրերը։ Հայրը զայն յանձնարարած էր Պրն. տը Պռէվալի, իր առեւտրական գործակալը։ Սկիզբները ատեն մը մնացած էր անոնց տունը։ Իր կեաքին այդ շրջանը գեղեցիկ քերթուածի մը պէս դեռ տպաւորուած էր մտքին մէջ։ Գաղթային Ցուցահանդէսին էր։ Տիկ. տը Պռէվալ ու Արմենակ, թեւ թեւի կ՚երթային ցուցահանդէս` ուր Պրն. տը Պռէվալ կու գար իրիկունը, միշտ ժպտերես ու զուարթ, միասին ընթրելու գեղեցիկ ու անուանի ճաշարանի մը պատշգամը։

Կ՚երազէր երեկոները երբ Տիկ. տը Պռէվալ Միւսէ կը կարդար եւ կամ Տիվուառ, ձմրան երկար գիշերներուն երբ դուրսը հովը կը փչէր ու օճախին մէջ կրակը կը պճլտար։ Ծխնելոյզին մէջ կրակն ու քամին կը փսփսային ու հոգին երկա՜ր, երկա՜ր կը հառաչէր, վերջակէտի մը հասած, երբ Տիկ. տը Պռէվալ նայուածքը կը վերցնէր գրքէն ու կը հանգչեցնէր անոր աչքերուն մէջ։

Ու յետոյ երբ դեռ, իր սենեակը առանձնացած, երկար ատեն կը մնար մխրճուած թիկնաթոռին մէջ, գիրք մը ձեռքին, ականջ կու տար հոգիին մէջ խլրտացող քերթուածի մը երկունքին, մինչդեռ հայրը զինքը ստիպողաբար սահմանած էր առեւտրական ասպարէզին։ Բայց, առանձնութեան մէջ երկարող անձկագին սպասումները առեւտրական նաւերը կը խրէր ծովեզերքի աւազուտին մէջ եւ կը յուսար իր հոգիին ազատագրումը քերթողութեան հրաշքէն եւ անկէց ալ աւելի երբ վերջապէս, գիշերուան լռութեան մէջ, դուռը թեթեւ մը զարնուելով` մեծվայելուչ Տիկ. տը Պռէվալ կը սպրդէր սենեակէն ներս, իբրեւ մարմնացած քերթուած, սփոփանքի գերագոյն պահը զոր ան կը կարդար ականջներովը Տիկ, տը Պռէվալի շրթունքներուն վրայ։

—«Alors mon petit on ne dort pas encore?

Գաղթը մէկիկ մէկիկ իրեն կը բերէր Պոլիս ձգած դպրոցական ընկերները։ Ընկերներուն ներկայութիւնը քիչ քիչ տարտղնեց Արմենակի հոգիին մէջ թուխս նստած երազը։ Տիկ. տը Պռէվալ սկսաւ նուագ կշռել անոր երեւակայութեան վրայ, մինչեւ որ օր մը, ընկերներէն մէկը, իրապաշտ Գեւորգը, կնոջ տեսիլքէն ապշահար, բացագանչած էր.

—Ծօ՛ Արմենակ, դուն այս կնիկը…

Ի հարկէ եթէ Արմենակ ասպետական շրջանի արտադրութիւն մը եղած ըլլար, մենամարտի հրաւէր պիտի կարդար Գեւորգին, Տիւլսինէն անարգած ըլլալուն համար։ Բայց ան միմիայն ամփոփուեցաւ ինքն իր մէջ, ինչպէս վիրաւորը կը կծկուի իր վէրքին շուրջ։

Թէեւ Գեւորգ բան չգիտցաւ, բայց Արմենակ անվերադարձ ատելութեամբ մը ատեց զայն։

Ժամանակ մը վերջ Գէորգի տգեղ ելոյթը չքացած էր Արմենակի յիշողութեան մէջ, բայց անոր աչքերը հիմա մասնաւոր շահագրգռութեամբ մը սկսան նայիլ Տիկ. տը Պռէվալը, որ իր կարգին որոշապէս կը զգար նայուածքին նորութիւնը։

Գրասենեակը բանալէն վերջ զբաղումներու պատրուակով ձգեց տը Պռէվալ ամոլը։ Այն ատեն է, որ ներքին պայքարը աւելի կիզիչ եղաւ։ Լափլիզող բոցերու սրտին մօտեցած պահերուն է, որ ան կ՚երթար տը Պռէվալներու տան կողմերը, կը դառնար հոս, հոն, կը մնար ցուցափեղկերու առջեւ առանց բան մը տեսնելու անոնց ետին ու պատրուակէ պատրուակ, խոչընդոտէ խոչընդոտ կը փշրէր իր նպատակին յանգելու կամքը։

Հիմա արեւով ու անուշահոտութեամբ գաղջ սենեակը նստած, տիկինին շքեղ ու կակուղ անկողնին դիմաց, մէկ կողմը երկու լայն բացուած պատուհանները եւ դուռ֊պատուհան մը անոնց մէջտեղ, միւս կողմը լուացարանը` ուրկէ Տիկ. տը Պռէվալ դուրս կու գայ գարնան բուրումներովն ու երանգներովը։ Պատուհաններուն դէմ արեւը նորէն փաթթուեցաւ հասակին ու իրեն աչքերուն ընծայուած տեսարանէն, սիրտ թպրտաց ցամաք նետուած ձուկի մը պէս։

—Կ՚ուզէ՞ք հիմա քովի սրահը անցնիլ, որպէսզի հագուիմ, ու յետոյ, եթէ կ՚ուզէք, կրնանք պտոյտ մը ընել։

Արմենակ չպատասխանեց անմիջապէս, որովհետեւ նայուածքը յափշտակուած կը մնար դեռ արեւով թափանցկացած շրջազգեստէն։

—Կ՚ուզէ՞ք, կրկնեց Տիկ. տը Պռէվալ, ու դէմքը դարձուց երիտասարդին։ Նոյն ատեն անոնց նայուածքները իրար հանդիպեցան ու պղտոր տրամադրութիւն մը երկուստեք վրդովեց։

—Սիրով, ըսաւ Արմենակ։

Բայց երբ ոտքի ելաւ ու կը յառաջանար դէպի դուռը, իրեն կը թուէր թէ մորթը կը կեղպուէր մարմնին վրայէն։ Ահա ինչպէս պատահեցաւ, որ դաշնակին գլուխը նստելուն` Արմենակին մատները ստեղնաշարէն ամենասրտառուչ ձայնանիշերը հանեցին։ Համակ տրտունջ, անոր նուագը կարծես ետ կը կանչէր իր մորթը որ կնոջ սենեակը մնացած էր։ Ու մեղեդին կը բարձրանար, կը գալարուէր, կ՚երկարէր սրտապինդ, մինչեւ որ եկաւ, արդարեւ, այնքան գրաւիչ էր հրաւէրը ու երգը` առինքնող։

Տիկ. տը Պռէվալ եկեր էր բամպակուած քայլերով ու անցեր էր նուագածուին ետեւ, երկար ու սպիտակ բազուկները բարականալով մինչեւ մատներուն վարդագոյն ծայրերը, կը հանգչէին երիտասարդին ուսերուն վրայ, կուրծքը յուզումով լի ու վզին մարմարէն վեր բերանը իբրեւ վարդ, կ՚երգէր վարդերուն երգը`

«Les roses du jardin

«Chaque matin ont du chagrin…

եւ երբ կը ծռէր տետրակին վրայ, անոր մազերուն հուրը երիտասարդին քունքերը կ՚այրէր։ Իր կարգին, Տիկ. տը Պռէվալ նստաւ դաշնամուրին առջեւ, բայց հազիւ թէ կազմած էր քանի մը նախադասութիւն, կուրծքէն հառաչ թռաւ.

—Այնքա՜ն յոգնած եմ։

Ոտքի ելաւ, գնաց նստաւ աթոռի մը վրայ, գլուխը թեւին մէջ ու թարթիչները եկան մեղմօրէն փակել աչքերը։

Հիմա լայն ճակատը հոն էր պարզուած դրօշակի մը պէս, դէմքը` որուն վրայ այտերը ցից են ու վարդագոյն, կը վերջանայ երկարող կզակով մը, որ կը շեշտէ հասակին սլացքը։

Տիկ. տը Պռէվալ իրապէս կը մրափէր, հաւանաբար յոգնած սրտին նուաղումէն զոր կը զգայ երկար ժամանակ տաք բաղնիք առնող մը, բայց մրափը զինքը զոհի մը պէս Արմենակին մատռուակող քրմապետն էր կարծես։ Յանկարծ Սալորեան անսանձելի ուժ մը զգացի իր մէջ, որ իրաւունքի զգացումէն անջատ չէր։ Ան ինքզինքը կարծեց կացութեան օրինաւոր տէրը, որ կնոջ ձեռքը առնել իր ձեռքերուն մէջ կամ շոյել անոր խաղաղ ճակատը եւ նոյնիսկ, եթէ ուզէր, համբոյր մը զետեղել բերնին վրայ։ Արդէն Արմենակ ինքզինքը շատ մօտիկ գտաւ կնոջ կուրծքին, երբ այս վերջինին երկար թեւը եկաւ գերեվարել իր գլուխը, որ գնաց խրիլ կախ ստինքին վրայ։ Վայրկեան մը հազիւ տեւած էր գինովութիւնը որով ետ էր եկած Արմենակի արիւնը եւ սիրտը ուժգին կը զարնէր, երբ յանկարծ զգաց խլրտալը իր հոգիին մէջ այն խռովարար ուժի հետքերուն։

Անհետացած էր այլեւս իր մէջէն այն զգացումը, որ զինքը, քիչ առաջ, կնոջ տէրն էր ըրած, կատարելու համար իր առնական դերը եւ ատոր փոխարէն ան կը մնար պաշտելի թեւերուն մէջ այն քնքուշ զգացումով զոր կ՚ունենայ երեխան մօր մը թեւերուն մէջ։

Տիկ. տը Պռէվալի կուրծքը կը զարնէր հեշտալի օրօրումով մը Արմենակի քունքին տակ, մինչդեռ ան կը սեղմուէր անոր իրանին դէմ, աչքերը ուժով մը կը գոցէր փշրելու համար գանկին մէջ դիմադրող պատկերը, բայց ականջներուն մէջ անարգել կը բարձրանար Գեւորգին ձայնը, Գեւորգին խօսքը որ

Կտրուկ շարժումով մը ձեռքը երկարեց, թեւի ժամացոյցին վրայ նայեցաւ ժամը։ Ցնցումը արթնցուց կինը, որ տեսնելով Արմենակին ժամացոյցը նայիլը, հարցուց միալար ձայնով մը.

—Քանի՞ն է ժամը… ա՛հ, ըսել որ դեռ պտոյտի պիտի երթայինք։

Սալորեան ոտքի էր արդէն, դէմքը մտածկոտ։

—Ներեցէք, Տիկ. տը Պռէվալ, կարծեմ թէ պիտի ստիպուինք պտոյտը յետաձգել։ Ժամը հինգին պէտք էի սակարանը ըլլալ շատ կարեւորը գործի մը համար, ու ժամը հինգուկէսն է արդէն։

Առանց պատասխանի ժամանակ տալու, Արմենակ առաւ կնոջ ձեռքը, որուն վրայ բարեպաշտ համբոյր մը դրոշմելէ ետք մեկնեցաւ։

Դուրսը պայծառ էր օդը։ Արեւը` խնդում։ Բայց տրտում էր Արմենակ ու սիրտը` ալեկոծ։ Արցունքի կաթիլ մը ուռեցաւ կոպերուն տակ ու կախուեցաւ թարթիչներէն։ Արցունքի կաթիլը կախուած էր թարթիչներէն ու չէր ուզեր վար իյնալ, կը դողդղար աչքերուն ծայրը ու ճառագայթները կու գային լոյսի զուարթ խաղեր հիւսել հոն։

Կեցուց առաջին հանդիպած ինքնաշարժը եւ հրաման տուաւ.

—Ծովափ։

Անդին, Տիկ. տը Պռէվալ, որ վտանգէ մը ազատողի գոհունակութիւնը ունէր թէեւ, թեւերը կուրծքին վրայ խաչաձեւած գնաց իր առանձնասենեակը։ Մօտեցաւ մահճակալին, միշտ կուրծքը թեւերուն մէջ, դէմքը պրկուած` կարծես կ՚ուզէր ցաւ մը յաղթահարել, բայց մէկէն ջղային ցնցումէ մը բռնուելով, նետուեցաւ անկողնին վրայ, լոյսի պէս ատամներով իր բազուկին փափուկ միսը խածաւ ու պոռաց.

—Ապո՜ւշը, ապո՜ւշը

Փետրուար 1941