ԽԽՈՒՆՋԸ
‘Look
at
the
snail,
how
slow
it
is
!
(Royal
Readers)
Միակ
մեղադրելին
այս
պատմութեան
մէջ,
խխունջն
է։
Այո՛,
այդ
անմեղ,
լպրծուն
անասունը
զոր
բոլորդ
ալ
կը
ճանչնաք։
Այն
որ
ախոյեանական
դանդաղութեամբ
կը
յառաջանայ
խոտերուն,
պատերուն
վրայէն,
ետեւը
սպիտակ
ժապաւէն
մը
ձգելով,
որ
իմաստուններուն
համբերատարութեան
չափանիշը
կրնայ
ըլլալ։
Ամէն
տղայ
խաղացած
է
անոր
հետ
ոսկի
օղերուն
խոստումի
խաղը`
«Խլե՜զ
մլե՜զ
ականջներդ
դո՜ւրս
հանէ,
հայրդ
մայրդ
քեզի
ոսկի
օօօօղ
պիտի
բերէ…»։
Եւ
այդ
վախկոտ
անասունը,
պահ
մը
առաջ
կծկուած
իր
անշարժ
պատեանին
մէջ,
ահա,
կամաց
կամաց
վիզը
դուրս
կը
հանէ։
Ականջները
գլխէն
դուրս
կը
ցցուին։
Խորամանկ
մանկութեան
անուշ
ձայնէն
հմայուած։
Խաբե՞լու
թէ
խաբուելու
հաճոյք։
Խոստումի
պատրանային
ներգործութեան
կամ
հնազանդութեամբ
ինքնապաշտպանութեան
միջոց։
Եւ
սակայն,
յաճախ
կը
զգամ
դեռ,
կրունկիս
տակ
ճզմուած
խխունջի
մը
աղեխարշ
աղմուկին
բարձրանալը
սրունքս
ի
վեր։
Կար
նաեւ
ամառնավերջի
այն
զգլխիչ
իրիկնամուտը,
որ
վարդագոյն
ու
մանիշակագոյն
թափանցկութիւն
մը
կու
տայ
իրերուն։
Չորս
տարի
անցեր
է
անկէ
ի
վեր։
Մօտաւորապէս
տարի
մը
կայ,
որ
այդ
աննշան
դէպքը
սկսած
է
յաճախակիօրէն
ժայթքիլ
յիշողութեանս
մէջ,
մատներով
խաղալ
ուղեղիս
հետ
եւ
փոխել
կեանքիս
ընթացքը։
Թէեւ
առօրեայ
կեանքը
շատ
մը
նման
պարագաներ
պարտութեան
կ՚ենթարկէ,
այս
մէկը,
անմղելի
դիմադրութեամբ
մը,
ամէն
առիթով
կը
վերադառնայ,
կ՚ամփոփէ
ջիղերս
ափերուն
մէջ
ու
կը
թաւալէ
զիս
անել
ու
անափ
գոյավիճակի
մը
մէջ։
Կը
բաւէ,
որ
մէկը
խօսակցութեան
ընթացքին
խ
տառը
արտասանէ
կամ
ընթերցանութեանս
մէջ
նոյն
գիրը
իյնայ
նայուածքիս
տակ,
որպէսզի
այդ
անմեղ
կենդանին
Օնֆլէօռի
բլուրին
կանաչին
վրայ
սկսի
սահիլ
դէպի
թմբիի
ծառը,
Մառի`
ծռած
դիրքի
մէջ,
սրունքները
լայնօրէն
բաց
կամուրջ
ձեւացնելով
անոր
ճերմակ
հետքին
վրայ։
Այս
գիշեր,
սենեակիս
բացարձակ
լռութեան
մէջ
անպաշտպան
որսն
եմ
նորէն
այդ
յաճախանքին։
Սեղանիս
կռթնած
կը
խորհիմ,
կզակս
ափերուս
մէջ։
Մէկիկ
մէկիկ
անտեսանելի
գոյութիւններ
կը
շարժին
սենեակիս
խորանարդ
միջոցին
մէջ,
միմոսութիւններ
կ՚ընեն,
կը
քմծիծաղին,
պար
կը
բռնեն։
Մինակ,
անօգնական,
սարսափը
կը
պատէ
զիս։
Սենեակիս
առարկաները
տեղի
կու
տան
Օնֆլէօռի
տեսարանին
առջեւ։
Խխունջներ
կը
սահին
դանդաղօրէն։
Ես
սարսուռով
կը
հետեւիմ
անոնց,
որ
չեն
հեռանար
—
անպատկառ
ու
քինախնդիր
դանդաղութիւն։—
Աչքերս
կը
խոշորնան,
իրենց
խորշերէն
դուրս
կը
նետուին։
Վճռական,
մատներս
կը
դառնան
ելեքտրական
կոճակին
վրայ
ու
խաւարը
օգնութեան
կը
կանչեմ
ինծի։
Աւա՜ղ։
Ժանգոտ
աչքեր
թունաւոր
ծաղիկներու
պէս
կը
բացուին
մութին
մէջ,
խխունջներու
կը
վերածուին,
կը
սողան,
կը
սողան…
ոչ
իսկ
անհետանալու
տրամադրութեամբ։
Երբ
թարթիչներս
իրար
կը
բերեմ
ու
աչքերս
ուժով
կը
սեղմեմ
սենեակիս
դէմ,
խխունջները
կը
փոխուին
բազմաթիւ
Անտրէներու,
նոր
ոտքի
ելած
երկու
տարեկան
ճուացող
երեխայի
մը,
որ
խխունջին
ձգած
շառաւիղէն
կը
քալէ,
զուարթ,
գոհ,
թեւ
տալէն։
Այս
իրիկուն
բարեկամ
մը
զիս
ստիպման
տակ
դրաւ
չմերժել
իր
հրաւէրը։
Դէմ
դիմաց
նստանք
սեղանի
մը
շուրջ։
Ճաշացուցակ
մը
ձեռքերնիս
սկսանք
զատել
ճաշերը։
—Կ՚ուզե՞ս,
մէյ
մէկ
երկվեցեակ
խխունջով
սկսինք։
Կը
սիրե՞ս
խխունջ
ուտել,
մանաւանդ
այս
ճաշարանինները
լաւագոյնն
են,
ալզասեան
ձեւով
պատրաստուած։
Տարակոյս
չկայ,
որ
եթէ
բարեկամս
գիտնար
ինչ
որ
դուք
գիտէք
հիմա,
այդ
բառը
բերանը
պիտի
չառներ։
Չէր
բաւեր
արդէն
խխունջին
պատկերը
ճաշացուցակին
վերին
անկիւնը,
«specialites»
ներուն
մէջ,
սիրելի
բարեկամս
հարկ
կը
տեսնէր
շեշտել
սեղանի
իր
ծանօթութիւններով
պարծենալը,
մինչեւ
այտերը
պատռող
ժպիտով
մը
համեմուած.
—Մանաւանդ
ալ
՚ալզասիէնը,
որ
ես
կը
նախընտրեմ
ա
լա
պուռկինեոնէն։
Ու
մեզի
բերին
խխունջները
տասներկու
փոսիկներով
ալիւմինիումէ
պնակներու
մէջ։
Արդէն
իսկ
միտքս
վարագոյր
քաշած
էր
իմ
եւ
շրջապատիս
միջեւ։
Այլեւս
չէի
տեսներ
բարեկամս,
բայց
իր
ձայնը
վարագոյրին
ետեւէն
կու
գար,
մեղմ
ու
իր
չարաբաստիկ
խաղովը։
—Ընդհանրապէս
Ալզասի
մէջ
խխունջին
հետ
նոր
գինի
կը
խմեն։
Բայց
ես
կը
նախընտրեմ
գարեջուրը,
Ալզասի
գարեջուրը,
ուժեղ
եւ
թանձր։
Նոր
գինին
շատ
անուշ
է
համեմուած
կերակուրի
հետ
խմելու
համար,
ինչպէս
է
խխունջը։
Ու
յետոյ
ցեխի
ալ
գոյն
ունի
նոր
գինին։
Ասիկա
Կռիւպէռ
գարեջուրն
է։
Ալզասէն
դուրս
ամէնէն
տարածուածը։
Գրեթէ
Ֆրանսայի
ամէն
քաղաք
իր
Պռասըռի
Կռիւպէռը
ունի։
ժամանակէ
մը
ի
վեր
Վալսհայմն
ալ
մէջտեղ
ելած
է։
Զարմանալի
է,
երկուքն
ալ
տեղւոյն
վրայ
ամէնէն
քիչ
գործածուածն
են։
Ի՞նչպէս
են,
լա՞ւ
են
խխունջները։
Խխունջները
կը
սողան
պնակիս
մէջ։
Դգալն
ու
փոքրիկ
երկճիւղ
պատառաքաղը
ձեռքս,
կը
թուի
թէ
Անտրէին
միսն
է
որ
կը
ծամեմ։
Պատառները
բերնիս
մէջ
կը
շատնան,
կը
դիզուին
ու
կը
խափանեն
կոկորդս։
Գարեջուրով
կը
ջանամ
վար
ճամբել։
Պնակիս
մէջ,
պատառ
պատառ,
Անտրէին
մատղաշ
մարմինը
կը
սպառի։
Խորունկէն,
թաւ
ու
խուլ,
ծամուած
միսէն
աղեկէզ
ճիչերը
կը
խլացնեն
ականջներս։
Բարեկամս,
քիթը
պնակին
մէջ,
բիբերը
փայլակնացայտ,
երջանկօրէն
կը
շարունակէ
պարծենալ։
Իր
յամառ
անտարբերութեան
մէջ
ծրարուած,
բարեկամս
կը
ստիպէ
ինձ
քանի
մը
կծու
բառեր
արտասանել,
որոնք
կը
վերցնեն
անոր
նայուածքները։
—Ի՞նչ,
արդէն
գինովցար
երեք
տըմիով։
Ինծի
համար
մէկ
խխունջը
մէկ
տըմի
է։
Խխունջը
ծարաւ
կու
տայ։
—Բայց…
ես…
Գէորգ,
սիրելի
բարեկամս,
պիտի…
ահա…
հէ՜…
պիտի…
փըս…
է՜…
Անտրէին
միսը…
Տարտամօրէն
կը
յիշեմ
միայն
հանդերձապահուհիին
դէմքը,
հաճոյակատար,
համակերպող։
Ան
կը
մաքրէ
հագուստիս
վրայի
փսխունքը,
պաղ
ջուր
կը
խմցնէ
ինծի։
Ու
հիմա
գիշերը
կը
տիրէ
իր
ծանր
լռութեամբ։
Դուրսը
խաղաղութիւն
է։
Երբեմն
նաւամատոյցէն
նաւու
մը
թաւ
ու
կերկեր
սոյլը
կը
նետուի
միջոցին
մէջ։
Կայարանէն
մեկնող
կառախումբին
սուր
ճիչը
կը
նետահարէ
գիշերային
անդորրը։
Անցեալ
տարի
գործով
մը
կրկին
Հավր
կը
գտնուէի։
Ամբողջ
կէսօրէ
վերջ
մը
ունէի
անցընելիք։
Քաղաքը
որեւէ
հմայքէ
զուրկ
էր
ինծի
համար։
Խոշոր
սրճարանները,
երկար
փողոցները,
քարափները
ինծի
միայն
յօրանջելու
տրամադրութիւն
կու
տային։
Սէնթ
Ատռէսի
ճամբուն
վրայ
էի
երբ
յանկարծ
Օնֆլէօռ
երթալու
գաղափարը
ունեցայ։
Ի
վերջոյ
վայրերը
արժէք
մը
կը
ստանան
շնորհիւ
մեր
հոն
ձգած
յիշատակներուն։
Հավրը
այդ
տեսակէտով
ոչինչ
կը
ներկայացնէր,
ոչ
իսկ
ջերմ
ձեռքի
մը
սեղմումը։
Երբ,
օրինակի
համար,
կ՚ուզեմ
իջնել
յիշողութեանս
մէջ
ու
ոգեկոչել
Ռուանը,
իսկոյն
կը
չքանան
Մայր
Եկեղեցին,
Ժան
տ՚Առքի
աշտարակը,
Պոն
Սըքուռը,
Սէնի
հեռանկարը
ու
աղջկան
մը
ժպիտը
կը
փթթի
եւ
զիս
կը
քաշէ
փողոցէ
փողոց։
Գետին
ու
ծովուն
իրարու
խառնուող
ջուրերը
հանդարտ
էին։
Նաւը
ուղիղ
գիծով
կը
դիմէր
հանդիպակաց
նաւամատոյցը,
մինչ
բոլորովին
նոր
հոգեվիճակ
մը
կը
ստեղծուէր
ներսիդիս։
Տեսակ
մը
անհամբերութիւն։
Կարծես
դիմացի
նաւահանգիստը
բարեկամ
մը
ինծի
կը
սպասէր։
Միեւնոյն
արեւն
էր,
որ
կը
լուսաւորէր
հոս
ալ
գետինն
ու
պատերը,
բայց
երբ
մտայ
Տօվիլ
տանող
մեծ
ճամբան,
արեւը
նոր
փայլով
մը
կ՚ապրէր։
Ամառնավերջ
էր։
Բլուրին
կատարը
կանաչը
առոյգ
էր
ու
թմբին
հոտաւէտ։
Մօտաւոր
Սեպտեմբերը
սկսեր
էր
արդէն
արթնցնել
բնութիւնը։
Վարը,
հորիզոնին
վրայ,
արեւը
գունտ
ու
կլոր
նարինջի
մը
նման
ծովը
կ՚իյնար։
Թմբիին
մօտ
ոչ
խխունջ,
ոչ
ալ
իր
հետքը
կար։
Փափաքեցայ
որ
խխունջը
նորէն
հոն
ըլլար
սպիտակ
ժապաւէնը
ետին
ձգած։
Բլուրին
վրայ
լռութիւն
ու
ամայութիւն։
Անդին
աղջիկ
մը
խոտին
վրայ
նստած
գիրք
կը
կարդար,
կարծես
բացակայ`
մխրճուած
ընթերցանութեան
մէջ
ու
լռութեան
կու
տար
հանդիսաւոր
դրոշմ,
գրեթէ
քրմային։
Մերթ
ընդ
մերթ
մեծ
ճամբայէն
ինքնաշարժ
մը
կ՚անցնէր
սուրալով,
թափ
տալով
փոշին,
որ
շուրջի
կանաչութեան
վրայ
կ՚իջնէր
դանդաղօրէն,
կառքին
անցնելէն
ետք։
Այն
ատեն
զգացի,
որ
յիշատակը
չէր
կրնար
օգնել
արիւնիս
նորոգուող
կենսունակութեանը։
Զիս
մինչեւ
Օնֆլէօռ
բերող
ուժերը
սկսան
տեղի
տալ
յամրօրէն,
ինչպէս
իրիկուան
ստուերները
կը
լքէին
երկինքը
ու
կը
լուծէին
մայրամուտին
բաբախուն
գոյները։
Տեսակ
մը
թմրութեան
ենթակայ
էի
արդէն,
երբ
մանկական
ձայն
մը
բարձրացաւ
մարգագետինէն,
օդը
ճանկելով։
Երեխաներու
այդ
առինքնող
ճիչը,
որ
օգնութեան
կանչ
մըն
է,
երբ
անոնք
յանկարծօրէն
կ՚անդրադառնան
իրենց
մինակութեան։
Քանի
մը
քայլ
առեր
էի
դէպի
այդ
ձայնը
ու
գտնուեցայ
դէմ
դիմաց
երիտասարդ
կնոջ
մը,
որ
կը
յայտնուէր
մացառներուն
մէջ
կիսաթաղ
ամայի
փոքրիկ
եկեղեցիին
ետեւէն,
ձեռքը
վայրի
ծաղիկներու
փունջ
մը։
Իրարմէ
քանի
մը
քայլ
հեռու
կանգ
առինք։
Կինը
ծաղկեփունջը
ձախ
թեւով
կուրծքին
վրայ
սեղմած
էր։
Տարօրինակ
զգայութիւն
որ
կը
կայանայ
փախչիլ
ուզել
ու
չկարենալ
փախչելուն
մէջ։
Կարծես
սիրտ,
սրունք,
արտաքին
ազդեցութեան
մը
ենթարկուած
ըլլան։
Բարեբախտաբար
երեւակայութեան
ամենապարարտ
սնունդը
անշարժութիւնն
է։
Անցեալը
կը
յորդի
ժամանակի
բաժակէն,
ազնիւ
գինիի
մը
նման,
որուն
փրփուրին
տակ
ներկան
կը
չքանայ։
Եւ
ծառին
ու
եկեղեցիին
հնամենի
պատերուն
շուքին
տակ
կը
խաղանք
միամիտ
ու
մանկունակ։
Իրիկուան
թեթեւ
հով
մը
կը
փչէ,
կը
հովհարէ
մեր
ճակատները,
որոնք
մերթ
ընդ
մերթ
իրար
կու
գան
դողալով։
Արեւը
կը
մերկանայ
իր
գոյնզգոյն
շղարշներէն։
Կը
շպրտէ
զանոնք,
անփոյթ
հոմանուհիի
մը
պէս,
աջ
ու
ձախ
ցրիւ`
հորիզոնին
վրայ
ու
կը
մտնէ
իր
կանաչաւուն
անկողինը,
աստեղահիւս
կապոյտ
վերմակին
տակ։
Կամաց
կամաց
իր
մութ
ձեռքերով
ան
կը
փակէ
մեր
աչքերը։
Խոտին
վրայէն
խխունջը
կը
յառաջանայ։
Արեւի
վերջին
ճառագայթ
մը
ինկեր
է
անոր
ականջներուն
վրայ,
ինչպէս
մոմի
մը
պատրոյգին
մօտեցած
լուցկիի
մը
բոցը։
Ու
թաղմանական
դանդաղութեամբ
խխունջը
կը
սահի,
կը
սահի,
կը
սահի
դէպի
ծառը…
Երեխան
չկայ։
Հիմա
խխունջն
է
նորէն։
Մառի
ծռած
է
անոր
վրան,
հոս`
ուր
կուշտի
վրայ
ինկած
եմ
ես։
Կարճ
շրջազգեստը,
այդ
դիրքին
մէջ,
պարզած
է
անոր
սրունքները,
ողորկ
ու
սպիտակ
մորթով,
որ
կլորնալով,
լայննալով
կը
բարձրանան
մարմարիոնէ
սիւնի
մը
պէս։
Ձայն
մը,
անցնելով
բլուրին
բիւրեղային
օդէն,
կու
գայ
արձագանգել
հոգիիս
մէջ։
Ու
միտքս
կը
ժխտէ,
կ՚ուրանայ
ներկան,
կը
պառկի
խոտին
վրան,
աչքերը
կը
յառէ
պիշ֊պիշ,
խոշոր,
խխունջին
վրայ
հակած
Մառիին,
մինչդեռ
խխունջը
մազ
առ
մազ
կը
յառաջանայ
դէպի
ծառը,
գծելով
միջոցին
կռնակին
վրայ
անհունին
դէմ
տարած
յաղթանակը,
իր
էութենէն
քամուած
մածուցիկ
հիւթովը։
Ձիւնաթոյր
մորթին
տակ
կապտաւուն
երակները
կը
դողդղան։
Քանի
կը
յառաջանայ
խխունջը,
որ
կարծես
դիտմամբ
կը
յամենայ։
Մառի
քիչ
մը
աւելի
կը
ծռի,
շրջազգեստը
աւելի
վեր
կ՚ելլէ,
զիստերը
աւելի
կը
լայննան,
հոյակապ։
Ձեռքերս
կը
սկսին
դողդոջել։
Աչքերս
կէս
մը
կը
գոցուին
ու
պատկերը
այսպէսով
աւելի
ամփոփ,
աւելի
հրապուրիչ
ու
միակ
տիրողը
կ՚ըլլայ
տեսողութեանս
դաշտին։
Խխունջը
ծառին
կողն
ի
վեր
կ՚ելլէ,
քիչ
մը
աւելի
արագ
եւ
տղու
մը
գլուխը
կը
սկսի
գծուիլ,
յետոյ
վիզ,
ուսեր,
թեւեր,
իրան,
սրունքներ,
ոտքեր,
որ
կը
շարժին,
կը
քալեն…
ձայն
մը
կը
կանչէ`
«Մամա՜»։
Ու
յիշողութիւնը
վարագոյրը
ետ
կը
քաշէ։
Օդը
զով
էր։
Մառին
բացարձակապէս
միեւնոյն
դիրքին
ու
միեւնոյն
վայրկեանին
մէջ
կը
գտնուէր։
Տղան
կը
մօտենայ
մօրը
եւ
աչքերը
մեծ
մը
կը
բանայ
վրաս։
Վայրկեանը
դեռ
չէր
բոլորած
որ
արդէն
անցնող
տեսիլքին
մէջէն
խորապէս
փոխակերպուած
դուրս
եկած
էի,
մորթ
փոխած
անասունի
պէս։
Ինքնաբերաբար
Օնֆլէօռ
մնալու
վճիռ
արձակած
էի։
Ի
հարկէ
ծովեզերեայ
խաղաղ
գիւղաքաղաքը
եւ
ոչ
ալ
իր
հոգեզմայլ
իրիկնամուտները
չէին,
որ
հիմա
զիս
կը
բռնէին։
Իրաւ
որ
ձկնորսութեան
մեկնող
նաւակները
համակ
քերթուածներ
էին`
հեռուներու
խորհուրդով
բեռնաւոր։
Բայց
ուղեղին
այդ
փոսորականութենէն
աւելի,
մսեղէն
շղթայ
մը
սիրտս
կը
կապէր
ու
հեւք
կու
տար
կուրծքիս։
Անկարելի
էր
ինծի
տեսնել
այդ
կինը
տարբեր
դիրքի
մէջ
քան
թէ
այն
որուն
ընթացքին
բուռն
յուզումներ
յանգած
էին
խօլագին
պարապնդումի
մը։
Խխունջը
կը
յառաջանայ
դանդաղ֊դանդաղ։
Կինը
ոտքերը
նետած
է
անոր
ետեւ
ձգած
ճերմակ
ճապաւէնին
վերեւ,
կամուրջ
ձեւացնելով։
Որովհետեւ
կինը
անշարժ
է,
հարկ
կ՚ըլլայ
քիչ
աւելի
ծռիլ,
կարենալ
հետեւելու
համար
անասունին
ու
իրանը
վեր
կը
քաշէ
ետեւէն
շրջազգեստը,
ծունկերը
կը
պարզուին։
Կապոյտ
երակներ
կը
վազեն
ձիւնաթոյր
մորթին
տակէն։
Ճակատս
տաք
է
ու
աւելցած
հաճոյքով
կը
զգամ
իրիկուան
զովութիւնը։
Կարելի
չէ
գուշակել
գրաւի
մը
գոյութիւնը
խխունջին
եւ
կնոջ
միջեւ,
բայց
դիւրին
է
ըմբռնել
կնոջ
շարժումներուն
գիտակցական
նպատակը,
թէեւ
արտաքնապէս
այդ
շարժումները
անպատասխանատու
կը
թուին։
Պէտք
չէ
մոռնալ
խխունջին
սկզբնական
մեղսակցութիւնը։
Բայց
կ՚ուզէի
ընդվզիլ
անոր
վրէժխնդրութեան
դէմ,
կ՚ուզէի
նոյնիսկ,
եթէ
կարելի
ըլլար,
ոսկի
օղեր
անցնել
անոր
ականջներուն,
մանկութեանս
խոստումը
յարգած
ըլլալու
համար։
Խխունջին
ականջները
պատրանք
մըն
են,
հազիւ
մեր
աչքը
կը
հաստատէ
անոնց
յայտնութիւնը,
որ
արդէն
աներեւութացած
են։
Մառիին
մատները
կան։
Անոնք
կը
սեղմեն
ծաղիկներու
փունձ
մը
իր
կուրծքին
վրայ
ու
ես
կրնամ
պատրանքին
տալ
իրականութիւն,
շնորհիւ
մատանիի
մը։
Համարձակութիւնը
կը
ծնի
այդ
փափաքէն։
Ու
կ՚ըսեմ.
—Մառի,
ահա
եկայ,
ներողութիւն…
Մառի
թերահաւատ
խնդուք
մը
կ՚ունենայ։
—Բայց,
Մառի,
այս
տղան
պէտք
ունի
իր
հօրը։
—Ի՞նչ
հայր,
ան
հայր
չունի,
կ՚ըլլայ
Մառիի
պատասխանը
կտրուկ։
Ան
մայր
մը
ունի
միայն։
Եւ
հեգնոտ,
մեկուսի`
«Հա՜յր»։
—Ի՞նչ
է
որ
մարդը,
այրը,
կ՚աւելցնէ
յետոյ
անմիջապէս,
պատահար
մը,
պատճառ
մը։
Այսքան։
—Ամէն
պատճառ
նպատակ
մը
ունի
իր
մէջ։
Մառի
չի
հաճիր
նոյնիսկ
պատասխանել։
Ընդոստ
շարժումով
մը
կա՚ռնէ
տղուն
ձեռքը։
Կռնակը
կը
դարձնէ
ինծի,
կը
սկսի
իջնել
քաղաք
տանող
ճամբայէն։
Ես
կը
մնամ
անշարժ
ու
կարկամ։
Աշխարհը
անսահման
անապատ
մըն
է,
մենութեան
անապատը,
որ
դանդաղօրէն,
այնքան
դանդաղ
որքան
խխունջին
յառաջացումը,
կը
սկսի
ընկղմել
զիս
իր
մէջ,
մինչեւ
գանգիս
պատերուն
վրայ
երերուն
պատկերը,
հեռուն`
ճամբու
մը
հեռանկարին
մէջ,
մայր
մը
ու
իր
տղան
քով
քովի։
Մառի
չի
հաճիր
պատասխանել
վերջին
հարցումիս։
Բայց
վարուելակերպը
կը
հասկցնէ,
արդարեւ,
որ
այդ
պատճառը
իր
մէջ
կը
պարունակէր
նպատակ
մը`
ՄԱՅՐՈՒԹԻՒՆԸ։