Վարձու սենեակ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԳԻՆՈՎԸ

մար, որպէսզի գինովը չթաւալի։ Բայց միջոցը կը մերժէ զինքը, երդուած` քայլ մը գծել չտալու իր վրայ գինովէն։ Որովհետեւ ան կը սպառնայ, հոգին ներարկուած չարութեան թոյնով։ Կամքը։ Գերագոյն ճիգ մը եւս։ Ճմրթկած աչքերը կիսովին կը բացուին, սպառիչ զառանցանքէն արթնցողի մը պէս. ու կը չափեն տարածութիւնը։ Տարածութիւնը որ տիեզերքն է, անակնկալի եկած գիշերակերի մը պէս, որկորը բացած, ատամնաշարերը սպառնալիք կը տեղացնեն։ Հոս գինովը պահ մը կանգ կ՚առնէ։ Կը ժողվէ ինքզինքը։ Գլուխը վեր, կուրծքը ցցած, հրամանատարի մը նման։ Իր զգայարանքները կը վարէ, կը հաւասարակշռէ. մարմնին այլամերժ մասերը, որ թշնամական վիճակ յայտարարած էին` որովհետեւ ուղեղը զիրենք կը լքէր, համաձայնութեան կէտի մը կը յանգեցնէ։ Ու իր ծունկերէն մինչեւ վեր ան կը զգայ բարձրանալը հոսանքի մը որ մարմնին մասերը իրար կը յոդաւորէ, կը վարէ, կը կոճկէ, ու գալով սրտին` լայն մը կը փչէ հոն, զով հովի պէս։ Այն ատեն գինովը ինքզինքը կը նկատէ անյաղթ։ Սուր նայուածք մը կ՚ուղղէ մայթին։ Կարծես այդ նայուածքով ուզէր հալեցնել մայթին բարձրութիւնը, հաւասարեցնել իր ոտքերուն մակարդակին։ Ու յանկարծ կը վերցնէ մէկ ոտքը։ Բայց իրականութեան ձեւերը կը ճողոպրին իրմէ հեռանալով, բարձրանալով, կազմելով լեռ մը գինովին քիթն ի վեր։ Ի՞նչպէս մագլցիլ այդ ուղղահայեած զառիվերներէն։ Գինովին դէմքը երկինք դարձած է, կարծես կը չափէ լերան կատարները։ Կը մնայ անշարժ, աղօթքի կեցողի նման։ Ա՜հ, անգամ մը բարձրանար հոն։ Այն ատեն… այն ատեն… բոլոր ճամբաները պիտի հպատակէին իրեն, գետին ջուրերը իրենց ընթացքին։ Յամառութիւնը կը սկսի թթուիլ, քացղիլ անոր մէջ։ Արիւնը կ՚եռայ, կ՚արշաւէ` ինչպէս լաւան։ Կը յարձակի մայթին եզերքին դէմ։ Սանձարձակ յարձակողական մը որ կը վերջանայ գինովին պարտութեամբ։ Անոր վճռարձակ կեդրոնը փաթթուեր է ալքոլի մշուշներուն մէջ ու կը ճամբորդէ կռնակն ի վեր, կռնակն ի վար` ջլատելով անոր կամքի ամբողջականութիւնը։ Սրունքներու ճիգին կ՚ընկերանան թեւերուն շարժումները, ու գինովը պարապին վրայ կը գծէ ծառը ելլողի մը ձեւերը։ Եւ սակայն գինովը համբերութեան աղբիւր մըն է, թէեւ բերնին մէջ բարկութիւնը կը փրփրի։ Փրփուրներէն պղպջակներ կը փախչին։ Պղպջակները կը պայթին, կ՚ըլլան մէյ մէկ բառ։ Բառեր իրար կը բաղխին, օղակ օղակ կը կապուին ու կը խորտակեն քերականութիւնը։ Այդ խորհրդաւոր խօսակցութիւնը կ՚ուղղուի աշխարհի անտեսանելի ուժերուն որոնք, կը կարծէ ինք, թէ իր թեւերն ու ոտքերը կը կապեն։ Անհասկնալի ու անսովոր արտայայտութիւնները գործնականին մէջ ըմբռնելի, իմաստալից յայտնութիւններ են, եթէ ձեւերէն բառերուն մեկնելու ճիգը ընենք։ Անիկա կ՚ըսէ անցորդի մը. «Տուր սա փափշտակալդ»։ Կու տան «փամփշտակալ»ը. օրօրուն` գինովը կը բանայ լուցկիին տուփը, լուցկի մը դուրս կը հանէ, կը վառէ գլանիկը։ Ժամանակին խնդիրը գինովին համար լուծուած հարց է։ Ան գոյութիւն չունի։ Անոր թշնամին անջրպետ է։ Հետեւաբար այս վերջինը միայն գոյութիւն կրնայ ունենալ։ Ան կայ, ինչպէս կայ ինքը։ Յանկարծ գինովը կը նետէ գլանիկը թքնելով, հայհո

 

Բառերը իմաստասիրական երանգաւորումներ կը հագնին։ Յաջորդաբար յոռետես ու քնարական։ Հազիւ ոտքերուն վրայ ցցուած` կը կրթնի միջոցի անտեսանելի յենարաններուն զորս այս վերջինը կը խլէ անոր տրամադրութենէն։ Գինովը առանց խորհելու, իր հակառակորդին միջոցներով ինքն իր պէտքերը կը հոգայ։ Բայց բնութիւնը կը նմանի չարաճճի տղու մը, կը հրամցնէ աթոռը, երբ նստելու էք, կը քաշէ զայն ու քեզ գետին կը փռէ։ Ահա գինովը, նորէն գետնին վրայ, զգայախաբ։

Ինչպէս դժբախտ է։ Իր խանգարուած յիշողութեան մէջ նոր վհուկներ կը սպրդին։ Եւ այդ փափաքները որքան բուռն են այնքան ծանր կը ճնշեն անոր վրայ։

Ու գիշերը կը բարձրանայ ժամանակին կռնակէն վեր։ Հանդիսատեսներու խումբը կը ցրուի։ Բայց հակառակորդը կանգնած է իր դէմ, անպարտելի։ Ահա, լուսինը դուրս կը ցատկէ դիմացի տան պատուհանէն ու կը բարձրանայ տանիքներու կատարէն։ Ու գինովը կը բարեւէ այդ անառակ տղուն, որ փոխանակ դռնէն դուրս գալու` պատուհանը կ՚ընտրէ իրեն ելք եւ կը քալէ յոխորտալով իր շրջակայքին վրայ։ Ցնցում մը տեղի կ՚ունենայ գինովին մէջ։ Լուսինին օրինակը հակազդեցուցիչ կը հանդիսանայ անոր մտքի ոլորտներու մէջ, մինչ անսպառ երեւակայութիւնը կը գծէ պատուհան մը օդին մէջ։ Խորամանկութիւն մը, որ վայրկենապէս կամքը կը սրէ, կը զինէ։ Եւ գինովը կը քալէ, տեսէք, մէկ տանիքէն միւսը, քիչ մը անհաւասարակշիռ, օրօրուն, ոտքերը զարնելով, տարածութիւնը ճզմելու միտքով քայլերուն տակ։ Կը յառաջանայ առանց ուղղութեան, կոտրած գծի վրայով։ Ոտքերը կը սահին, տանիքներու շեղութիւնը կը քաշէ զինքը, միայն` մէկ ուսը պատին տուած` պահ մը կը դիտէ շուրջբոլորը։ Փողոցները գետերու պէս հոսանուտ են։ Լոյսեր կը վառին հեռանկարներու ծայրը։ Ոչինչ կը պլպլայ սակայն։ Սարսռեցուցիչ մեռելութիւն մը` ուրկէ պէտք է անցնիլ։ Պահ առ պահ սարսափահար, խոկալով, պոռալով օթօ մը կը հասնի, կը փախչի։ Ու ետեւ ձգած լռութիւնը, ամէն անգամ, քիչ մը աւելի ահաբեկիչ է։ Գինովը կը թօթուէ գլուխը, կը հսկէ իր արթնութեան վրայ եւ կը յանձնուի փողոցի մը հոսանքին, որ զինքը կը խրէ դրան մը սեմին վրայ, մութ անկիւն մը։

Իսկոյն խորունկ անդորրութիւն մը կը հոսի անոր երակներուն մէջ։ Ընդմիշտ հրաժարած է իր ըղձանքներէն, կը թափէ զանոնք իրմէ վար, կը պառկի անոնց մեռած մարմիններուն վրայ։ Աչքերը կը գոցուին արտաքին աշխարհին համար ուրկէ ոչ մէկ դրդում կը թափանցէ իր մէջ։ Անոր բջիջները կը լեցուին ու կը յորդին քաղցր ջերմութեամբ մը։ Ան կը զգայ թէ իր թեթեւ ու խարխուլ մարմինը կը ծանրանայ տաքուկ զգայնութիւններով ու լիութեան զգացումը կու տան։ Երկիրը զայն կը հիւրասիրէ բազուկները տարածած։ Բազուկներ` որ գաղջ արգանդներու կը յանգին։ Ու այդպէս կ՚իջնէ, կ՚իջնէ անդադրում երկրին յատակը, պառկած` ելեկտրական վերելակի մը մէջ, գլխապտոյտ տուող արագութեամբ։ Երկինքի համաստեղութիւնները կը մխրճին անհունութեան խորութիւններուն մէջ։ Միջոցը կը քաշուի, կը կծկուի ինքն իր վրայ, կ՚ընկրկի դէպի տիեզերքի որջը։ Բնութիւնը տեղի տուած է, ըսել` յաղթուած է անմիջապէս որ մարդը մերժած է զինքը, ու պայքարը նկատած` անիմաստ։ Գինովը դարձուցած է աչքերը գլխուն ներսը, գլխէն իջած ներքին խորութիւնները։ Դռները կը բացուին իրարու ետեւէ։ Ոչինչ կը դիմադրէ իրեն։ Ան կ՚իջնէ անդադար։ Արտաքին հակառակորդը պարտուած է։ Որովհետեւ իրեն կարեւորութիւն տուող չկայ։ Վայրէջքը կը հադիպի կէտի մը ու կանգ կ՚առնէ յանկարծակի, ինչպէս նաւ մը ովկիանոսին բացը` մեքենաներուն աւրուելովը։ Այն ատեն գինովը կը զգայ իր հորիզոններու անսահմանութիւնը` որուն կեդրոնը ինք կանգնեցուցած է գահը ու կը դիտէ։ Հոգ է, որ իրմէ խոյս տուող բոլոր տարրերը կը մօտենան իրեն կորաքամակ, զսպուած գազաններու պէս հնազանդ։

Աստղերը կ՚իջնեն երկինքէն կամաց կամաց։ Լուսինը կու գայ հաստատուիլ անոր գլխուն տակ` իբրեւ թագ։ Հրաշափառ պարտէզներ` կը լեցուին ամէն կլիմաներու բոյսերով։ Պալատ մը կը կանգնի կանաչութիւններու ծոցը ու աստղերը բացուելով կոկոններու պէս դուրս կը նետեն գեղեցիկ աղջիկներ որոնք կը շրջապատեն զինք։ Ան կ՚երկարէ ձեռքերը, կը շօշափէ անոնց մերկ ուսերը, լանջքերուն կորութիւնները։

Ծաղիկները կը բերեն իրենց նեկտարը բաժակներով, անոր ռունգերուն, եւ իրենց բազմապիսի երանգները կը հիւսեն անոր աչքերուն համար ամէնէն հեշտալի զգայնութիւնները։

Գինո՛վ, ահա տիեզերքը կը պարգեւէ քեզ իր բոլոր կարելիութիւնները։ Լզէ՛ ոսկի մատանիդ եւ պիտի գայ արեւելեան հէքեաթներու խափշիկը։ Հրամայէ ու բոլոր տենչանքներդ պիտի կատարուին։

Սթրազպուրկ. Դեկտ. 1931