Վարձու սենեակ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՅԱՆՈՒՆ ՏԱՌԱՊԱՆՔԻՆ

Արարքս տակաւին ինծի անբացատրելի կը մնայ։ Չեմ գիտեր ինչո՞ւ համար աճապարանքով մը դէպի զինքը ընդառաջ գացի, կարծես վախնալով թէ ուրիշ մը կրնար զիս կանխել։

Առանց այլեւայլի արտասանեցի` «Ի՞նչ պէտք է ծառայել պարոնին…։» Ծերունիին զմայլած արտայայտութենէն կը թուէր թէ ան բնաւ այդքան հոգածութիւն չէր տեսած։

Հազիւ թէ արտաբերած էի նախադասութիւնս, խորունկ դառնութիւն մը գրաւեց զիս։ Մէկէն զղջացած էի այդ աստիճան նուաստանալս։ Յաճախորդին առջեւ պզտիկնալը մաս կը կազմէ առեւտուրին։ Անկարելի է ըմբռնել առեւտուրը առանց նուաստացումի։ Պէտք է որ առեւտրականը ծռէ գլուխը, ստորադասէ ինքզինքը, որովհետեւ շողոքորթութիւնը մարդուն մէջ կը խրախուսէ պատուի մուրացկանը եւ զայն կը վերածէ կանոնաւոր յաճախորդի։ Կարելի չէ սակայն այս պարագան նմանեցնել այդ շատ բնական ընկերային երեւոյթին։ Ասով հանդերձ, ըսել չեմ ուզեր թէ ես զերծ եմ այդ ընդհանուր օրէնքէն։ Օրն ի բուն ըրածս ուրիշ բան չէ եթէ ոչ խոնարհիլ մարդոց առջեւ։ Ես բացառութիւն չեմ կազմեր։ Ոչ ոք բացառութիւն կը կազմէ։ Միայն թէ ի՞նչ բառերով բացատրել հասկցնելու համար, որ ծերունիին հանդէպ ունեցած զգացումս բոլորովին տարբեր էր։ Անակնկալ հանդիպում մը կրնայ նմանօրինակ խռովք մը պատճառել։ Կամ երազի մը յեղակարծ լուծումը մտքին մէջ։

Ծերունին անծանօթ մը չէր քաղաքին մէջ։ Ինչպէս բոլոր քաղաքները, այս քաղաքն ալ ունէր իր կեդրոնական հրապարակը։ Ոչ թէ ամէնէն գեղեցիկը, այլ` ամէնէն բանուկը։ Կը պատահի նոյնիսկ, որ ամէնէն տգեղը ըլլայ ան, բայց իւրաքանչիւր բնակիչ, մեծ թէ փոքր, այր թէ կին, օրական մէկ կամ երկու անգամ պիտի անցնի անկէ։ Անկարելի է, անպայման պիտի անցնի անկէ, մէկ կամ երկու անգամ։ Կը նշանակէ, որ ամէն ոք անկասկած օրական մէկ անգամ տեսած է զինքը, ծերունին։ Ինչ որ տարեկան կ՚ընէ երեք հարիւր վաթսուն եւ հինգ անգամ, առանց հաշուելու նահանջ տարին։

Արդ, կը հետեւցուի, որ ամէն մարդ կը ճանչնար ծերունին, որ օրուան ամէնէն զեռուն պահերուն ներկայ էր հրապարակին վրայ։ Կարելի չէր նոյն իսկ օր մը չխաչաձեւել զայն։ Այդ պահուն, եթէ ընդհարում մը տեղի ունենար, պարապութեան բաղխած ըլլալու զգայնութիւնը կ՚ունենար մարդ։ Շատ դիւրաթեք ըլլալուն` դիւրութեամբ կը սպրդէր բաղխումէն ու մեր զգայնութեան պատրանքի տարօրինակ թիւրիմացութիւններ կ՚առթէր։

Հրապարակէն անցնողները կը տեսնէին զինքը, բայց այս տեսնելը ոչ մէկ առընչութիւն ունի նայելու հետ։ Անոնք կը տեսնէին զայն, ինչ որ ակամայ է, մինչդեռ նայիլը կամաւոր արարք մըն է։ Կարելի է երաժշտական կտոր մը լսել եւ ունկնդրել, առանց որ մէկը միւսին հետ կապ ունենայ։ Ասիկա լաւագոյն ապացոյցն է համոզուելու համար թէ մեր ծերուկը խենթ մը չէր, բան մը որ կարելի է դիւրաւ շփոթել հակառակ այս տողերը գրողին դիտաւորութեան։ Մարդկային մտքին հակումն է խենթի տեղ առնել իրեն չնմանող մարդը։ Նաեւ` ըստ այն սովորութեան, որ հիմնուած է երկար փորձառութեան մը վրայ, թէ ամէն քաղաք իր խենթը ունի, ինչպէս որ ունի իր զանգակատունը։ Ասիկա ենթադրել կու տայ թէ երբ հեղինակ մը մէկ հազուագիւտ տեսակէ անհատը կը նկարագրէ, անպայման այդ խենթն է։ Այս պատճառով է, որ ընթերցողը կը հրաւիրուի մասնաւորապէս ուշադրութիւն դարձնել հոս գրուած բառերուն եւ ոչ թէ իր մտքին կանխակալ տրամադրութեան։

Ընդհանրապէս մարդիկ չեն գոհանար խենթը տեսնելով, այլ կը նային անոր, կը տեսակցին անոր հետ։ Այս հաղորդակցութեան մէջէն մարդը կը քաղէ իր յաւակնոտութեան սնունդը։ Մարդը կը կրկնէ ինքնիրեն` «Խենթը, խենթը», որպէսզի լաւ մը համոզուի թէ ինք «խենթ» չէ, միեւնոյն ատեն կը ջանայ համոզել իր նմանները` «Տեսէ՛ք խենթը», ինչ որ կը նշանակէ` «Մենք խելօքներս»։ Ինչո՞ւ մարդիկ կը խնդան խենթին վրայ իրար նայելով։ Որպէսզի չխնդանք իրենց վրայ։ Իսկ եթէ աշխարհի բոլոր խենթերուն կարծիքը հարցնէ՞ք։ Անոնք մեզի խենթի տեղ կ՚առնեն ու կը խնդան վրանիս։

Գինովը մեզի «գինով» կը պոռայ ու կը պոռայ ու կը ծիծաղի վրանիս։ Գացէք հասկցէք, ո՞վ է խենթը, ո՞վ է գինովը։

Բայց հոդ չէ հարցը։

Հարցը հոն է, որ մեր ծերուկը ոչ մէկ խնամութիւն ունէր մտքի այդ քմայքոտ աշխարհին հետ։ Հեզ, անվնաս մարդու բոլոր յատկանիշերով օժտուած, բնաւ բացառիկ դէմքի մը գաղափարը չէր արթնցներ։

Գալով ինքզինքիս դէմ ունեցած բարկութիւնս, ծերունիին ընդառաջ երթալով արտասանած նախադասութեանս համար, ի՜նչ անիմաստ նախադասութիւն արդէն հետեւեալ օրը մոռցած էի։ Անիկա ոչ մէկ յանցանք ունէր։ Ընդհակառակը, բոլորովին անբնական բան մը էր։ Ստիպողական չէր այդ աստիճան քծնիլը։ Ի հարկէ, պաշտօնեայի մը առաջին յատկութիւնը քաղաքավարութիւնն է, որ առեւտրական տան մը որակը կը ցուցնէ։

Գիտեմ, զարմանքը եղած էր դրդապատճառը։ Մանր, ջղուտ մատները երբ տեսայ ապակեփեղկին ետեւ, դրան կոթին վրայ ու գլուխը թեթեւ մը ծռած խաչուած Քրիստոսի նման, ես արդէն ապշահար էի։ Բայց, ըսէք, խնդրեմ, ի՞նչ տեղի կար ապշելու։ Պարզ է, իբրեւ ապրող էակ, ծերունին կը կարօտի որոշ պիտոյքներու զորս կարելի է հայթայթել միայն, սեփականատիրութեան այս կարգերու մէջ, երկրորդ ձեռքէ վաճառողներէն, այսինքն` խանութպաններէն։

Կարելի չէ զուտ օդով եւ ջուրով ապրիլ։ Կեանքը հազարումէկ մանր մունր բաներով կը դիմանայ։

Բայց եւ այնպէս, ո՞վ պիտի չզարմանար տեսնելով քահանայ մը, նստած սրճարանը, ինչպէս մենք` աշխարհականներս, ծունկը ծունկին վրայ ու բարձրացնելով խաղաղ օդին մէջ գլանիկի մը թանձր գուլաները։ Եւ դեռ չեմ ուզեր ըսել` աչքին տակէն անցնող կիները համտես ընելով։ Նոյնը` օրինակ, փողոցէն անցնողին համար, որ կը սուլէ։ Պէտք է, որ ան ստահակ մը եղած ըլլայ, քանի որ կրթուած տղայ մը, հասկցէք` «պատուաւոր ընտանիքի» մը զաւակը ինչպէս սովորութիւն եղած է ըսել ունեւոր ընտանիքի մը համար զուրկ է նման անկրթութենէ։

Ինծի պատահածը այդ տեսակի ընդունուած սովորութիւններու խեղաթիւրած մտածելակերպի պտուղն էր։ Ապշութեանս պահուն արտասանած նախադասութիւնս ասով ընթեռնելի կ՚ըլլայ։ «Ի՞նչ պէտք է ծառայել պարոնին…»։ Ասիկա, իր քողարկուած արտայայտութեանը տակ, կը պահէր զարմացումս։ Ի՞նչ կրնար ըլլալ, որ ծերունին ոեւէ մահկանացուի պէս խանութ կը մտնէր, գնում կ՚ընէր։

Ահաւասիկ ուրեմն, ի՞նչ տեսակի մտավիճակ մը քծնումի այդ ձեւը առած էր։

Հետեւեալ օրը, կէսօրին, հրապարակին վրայ է նորէն, նոյն տեղը։ Կզակը ցցուն, ձեռքերը կռնակին, կարծես մոռցուած հոտ մը կ՚որոնէր միջոցին մէջ։ Այդ դիրքը մտքով բացակայի մը երեւոյթը կու տար իրեն։ Երբ քովէն անցայ, քնացող դէմքին վրայ ժպիտ մը արթնցաւ, ի նշան բարեւի։

Միջոցին մէջ երկարած դունչը գրեթէ անտեսանելիօրէն երերաց։ Միւս օրը, ժպիտին հետ աչքերն ալ քթթեց։ Յետոյ յօնքերն ալ պռստեցան, որ` «Ի՞նչ լուր» ըսելու պէս բան մըն էր։

Այսպէս, կանոնաւորաբար, պարզ ժպիտը բարդացաւ, ձիւնագնդակի մը պէս, որ ձիւնակոյտի կը վերածուի հովերէն քշուելով ու կը փշրուի հովտին մէջ հանգչող խաղաղ գիւղին առաջին տուներուն վրայ։ Օր մըն ալ այդ ժպիտը, իրեն մաս կազմող բոլոր միւս մասնիկներով բաղադրուած` տուն տուաւ քայլի մը։ Քայլը յառաջացաւ իմ կողմս ու մեքենաբար զիս կեցուց տեղն ու տեղս։ Ձեռքս երկարեցաւ իրեն եւ զգացի իր տամուկ ձեռքը իմ ձեռքիս մէջ։ Եւ որովհետեւ պարագայական բան մը պէտք էր ըսել, «Ինչպէ՞ս էք» մը մռլտացի քթիս տակէն։ Յայտնապէս զգալի էր, որ ծերունին ուրախ էր։ Սիրտը գոհ էր։ Տղու մը պէս զոր գովեստով նորեկի մը կը ներկայացնեն` աւելի կը ծեքծեքէր քան թէ կը խօսէր։ Ակռաներուն տակ բառերը մռլտուք մը եղան։ Անոր արտայայտուելու դժուարութիւնը նեղեց զիս։ Մեկնեցայ, ձեռքը սեղմելով։ Մեկնեցայ, որովհետեւ, հակառակ ներկայութեանս իրեն պատճառած ուրախութեան, ուզեցի զինքը փրկել իր սեփական շփոթութենէն։

Պահեր կան, որ անկարելի է մտքին մէջ բնակող հազարաւոր բառերէն հատ մը ընտրել, անել վիճակէ մը ինքզինքնիս դուրս նետելու համար։ Ուրիշ անգամներ, ընդհակառակը, անկոչ պաշտպաններու պէս, անոնք մեզի օգնութեան կը հասնին։

Վերջին պարագան պատահեցաւ մեզի։ Պարզ «բարեւ»ն ու «ինչպէ՞ս էք»ը քիչ֊քիչ կատարեալ խօսակցութեան վերածուեցաւ։ Յաճախ տունէն 5֊10 վայրկեան առաջ կը մեկնէի, որպէսզի գործէս ուշ չմնայի, ծերունիին հետ քանի մը վայրկեան անցընելով հանդերձ։ Քանի մը օր չտեւեց, որ կինս կռահած էր աճապարանքս։ Չեմ գիտեր թէ ինչո՞ւ համար կնոջմէս կը պահէի փութկոտութեանս պատճառը։ Հաւանաբար անոր հեգնութեան առարկայ չըլլալու համար, վասնզի ի՞նչ հարկ կար ինքզինքս նման պարտադրութիւններու տակ դնել։ Միթէ՞ բաւական չէր բարեւ մը տալ ու անցնիլ։ Եւ աճապարանքիս մէջ նոյնիսկ կը մոռնայի սովորական համբոյրը տալ կնոջս։ Անգամ մը վիզը երկարելով ու ժպտերես առարկեց.

—Դուրսի արկածախնդրութիւններդ պատճառ մը չեն, որ մոռնաս համբոյր մը տալ մեկնած պահուդ։

Ակնարկութիւնը, թէեւ առանց քէնի արձակուած, նուազ իմաստալից չէր։ Ինչ որ սաստիկ խռովեց զիս։ Անկարգ շարժումներով գրկեցի զինքը ու պարտութիւնս խնդուքի մը մէջ պարտկելով` համբուրեցի։

Այդ անկանոն կացութենէն դուրս գալու միակ միջոցն էր ճամբաս փոխել։ Բայց այդպիսով դարձեալ քանի մը վայրկեանի տարբերութիւնը անփոփոխ կը մնար։ Պէտք պիտի ըլլար զարտուղի շրջան մը ընել։ Ու կրկին շարունակեցի առաջուան պէս, մեքենաբար, ինչպէս կ՚ըլլան առօրեայ շարժումները։

Բայց կինս, որ աչքին ծայրովը կը հետեւէր շարժումներուս, առիթը չէր փախցներ բառ մը տեղաւորելու, ինչ որ զիս ապշահար կը թողուր եղելութեան առջեւ։ Ի հարկէ, կնոջս բառերը երեւութապէս համեստ էին, թեթեւ հեգնութիւն մը պարզապէս, բայց խորքին մէջ, անոր համար, որ տեսնել գիտէ, ինչքան զգալի էր մտատանջութեան մը գոյութիւնը։

—Կարծես տունը անցուցած պահերդ ձանձրոյթ տային քեզի, ճաշդ կ՚ընես, արագ նայուածք մը լրագրիդ վրայ, դուրս կը նետուիս…

Որովհետեւ ակնարկութիւնը ինծի համար անտեղի էր, չէի հասկնար կնոջս սրտին մէջ կերպարանափոխուող զգացումը։ Անոր ակնարկութիւնները լոկ անդրադարձումի պատճառ կ՚ըլլային ինծի համար ու պահ մը կը մնայի անշարժացած ինքզինքիս հետ դէմ դիմաց եւ կը խորհէի։ Կը խորհէի… ի՞նչ… չէի գիտեր թէ ի՛նչ կը խորհէի։ Գիտէի միայն թէ կամքս ձգած էր զիս։ Դէպքերը տէր ու տիրական դարձեր էին անձիս, ու ծերունին կը սպասէր ինծի, հոն, հրապարակին վրայ։

Օր մը, երբ կինս կրկին իր տրտունջը կը յայտնէր, մէկէն պատմեցի իրականութիւնը։ Անոր դէմքին վրայ ծագող ժպիտէն ու վզիս շուրջ սեղմուող բազուկներէն հասկցայ անսահման հաճոյքը զոր պատճառած էի իրեն։ Ծերուկին վրայ ըրած նկարագրութեանս տպաւորութիւնը իր մէջ տեսակ մը գութի եւ գուրգուրանքի խառն զգացում մը արթնցուց։ Տարակուսանքը փարատած էր այլեւս իր մէջ։ Եւ ես վերջին ծայր երջանիկ եղայ, երբ հեռացաւ անոր վրայէն տխրութիւնը, որ կու գար այն ցաւէն զոր ակամայ ես պատճառած էի իրեն։

Որո՞ւն չէ պատահած դրամական նեղութիւն ունենալ։

Մանաւանդ ամսեգլխուն։

Երբ աչքէ անցուցինք, կինս ու ես, մեր ծանօթներու շրջանակը, աւելի յոռետես էինք քան թէ այդ գործողութեան սկիզբը։

—Ամէն մէկուն մէյմէկ առարկութիւն գտար, ըսաւ կինս, աւելի վճռական պէտք է ըլլալ կեանքի մէջ։

Դիւրին է ըսել «ամէն մէկուն մէյ մէկ առարկութիւն գտար»։ Մարդ ըսուածը զարմանալի արարած մըն է։ Երբեք կարելի չէ նախատեսել անոր հակազդեցութիւնները։ Բարեկամ մը կրնայ յանկարծ փոխուիլ երբ խնդրանքը ներկայացնէք իրեն ու անծանօթ մը դառնար ձեզի այնպէս ինչպէս որ էր ձեզ ճանչնալէն առաջ։ Այսինքն` «եկած տեղը վերադառնալ»։ Բարեկամութիւն մը պահել, պահպանել, կնոջ մը հաւատարմութիւնը հսկելու կը նմանի։ Նեղացուցիչը, այս պարագաներու մէջ, նուաստացած ըլլալն է։ Դրամ ուզելը բարեկամէ մը, հօրմէ մը նոյնիսկ, փոխ դրամ ուզելը` որ մուրալուն մեղմացած ձեւն է նախ եւ առաջ նուաստանալու հարց մըն է։ Որո՛ւն ալ որ դիմէք, անհրաժեշտ է ձայնին մէջ դնել խեղճուկ շեշտ մը։ Այսպէս կամ այնպէս գութ պէտք է շարժել։ Դրամ տուողը մեղքնալու է մեր վրան։ Կարելի չէ ըսել` «Ինծի նայէ՛, սակէ հարիւրնոց մը ճամբէ տեսնենք»։ Հարկ է շարել պատճառներ` իրականութեան աւելի ցաւալի երեւոյթ մը, աւելի ողբերգական հանգամանք մը տալ, ի՞նչ գիտնամ, մինչեւ որ սիրտը չշարժի, ձեռքը գրպանը չի մտներ։

Բանաստեղծ մը ըսած է. «Ապրիլը նուաստանալ է»։ Ի՞նչ ընել, հրաժարի՞լ։ Քանի որ ապրիլ կայ, շարունակենք նուաստանալ։

Կինս նստած էր սեղանին միւս կողմը։ Ի՞նչ կ՚ընէր։ Ի՞նչ կրնայ ընել կինը իրիկուան լամբարին լոյսին տակ, սեղանին շուրջ։ Իրեն ամէնէն աւելի հաճոյք պատճառող բանը` ամուսնին գուլպաները կարկտել։ Բայց տեսայ, որ դադրեցուցած էր կարը, ասեղը մէկ ձեռքը, գուլպան` միւսը։

—Եթէ սա, քու ծերունիէդ…

«Կարծեմ թէ ելքը գտանք» խորհեցայ։ Ու աչքիս երեւաց անմիջապէս հրապարակը, երկինքին տակ, գորշ ու ցցուն տանիքներով շրջապատուած, ինքնաշարժ կառքերու շարանները ու… ծերունին` փոքրիկ քուրջի ծրարի մը պէս անկիւն մը նետուած, կը դիտէր կեանքի այս յարաշարժ խենթութիւնը։ Որքա՜ն շարժում ու վազք ապրելու համար… Ու տեսայ նաեւ ինքզինքս` որ քաշքշող քալուածքով մը կը մօտենայի իրեն։

 

Չեմ յիշեր թէ ի՛նչ պատճառաբանութիւն տուած էի շփոթութեանս մէջ։ Մօտեցայ ուղղակի իրեն, շատ հակիրճ նախաբանով մը խնդրանքս ներկայացուցի։ Աննկարագրելի էր ծերունիին խանդավառութիւնը։ Կցկտուր, շեշտ կանչերով, ծամածռութեամբ ու ցատկռտուքով արտայայտեց իր հաւանութիւնը, ճիշդ կապիկի մը պէս։ Կարծես ես ըլլայի երկու հարիւր Ֆրանք փոխ տուողը։ Միակ բառերը զորս ըմբռնելի եղան ինծի, այդ պահուն, գործէ վերադարձիս տուած ժամադրութիւնն էր։

Իրիկուան, զարմանքս մեծ եղաւ երբ զինքը չգտայ իր սովորական տեղը։ Աւելորդ պիտի ըլլար պատմել հոս զարմանազան յուզումներս, որովհետեւ կարեւորը այն է, որ եկաւ, վազելով ու հեւալով, տասներկու տարեկան լակոտի մը ճկունութեամբ` որուն լուրջ յանձնարարութիւն մը ըրած են տունէն։ Հեռուէն, իր վազքէն անկարելի էր ենթադրել, որ ծերունի մըն էր ան։ Փոքրիկ սրունքները մանկական քայլեր կ՚առնէին իրմէ առաջ, մանաւանդ ձեռքին մէկը, կռուփը պինդ սեղմած` ուղիղ կը կախուէր առանց շարժելու, ուսին խրած գաւազանի մը պէս։ Այդ գոց կռուփին մէջէն հանեց երկու հարիւրնոց թղթադրամ ու ինծի երկարեց։

—Ահա՛, ըսաւ, ա՛ռ։

Երկու հարիւրնոցները ձեռքիս մէջ` յանցանք գործողի մը զգացումը տուին ինծի։ Ա՜հ, եթէ կարելի ըլլար վերադարձնել, առանց վրդովելու իր զուարթութիւնը, առանց ցաւ պատճառելու իրեն։ Որովհետեւ երկար ժպիտով մըն է որ ժպիտ մը` որ աղտոտ քուրջի կը նմանէր դէմքին վրայ դունչը վերցուցած` «ցտեսութիւն» ըսաւ ու սեղմեց ձեռքս։ Երբ գլխուս շարժումէն հասկցաւ շնորհակալութիւն յայտնելու պատրաստուիլս.

—Ո՛չ, ո՛չ, շնորհակալութեան պէտք չկայ, ըսաւ, մատներուն ծայրովը ձեռքին թափ տալով։

Հազիւ կռնակս դարձուցած էի, երբ իր ձայնը զիս կը կանչէր` «Հէ՜յ»։

—Կ՚աղաչեմ, չնեղուիս, ըսաւ յստակացած ձայնով մը այս անգամ իր ծեքծեքումներուն մէջէն, կը վերադարձնես երբ որ կրնաս։

—Խօսքս խօսք է, ամսեգլխուն։

—Կ՚աղաչեմ, կ՚աղաչեմ, ըսաւ մեղսակցի շեշտով մը ու մէկէն ձայնը բարձրացուց.

—Կնոջդ առողջութեան մաղթանքներս։

Ա՛լ չմնացի։ Փախայ գրեթէ։ Քրտինքը ճակատս թրջած էր։ Ինչո՞ւ այդ մաղթանքները։ Կինս հիւանդ չէր։ Այդ մասին խօսք անգամ չէր եղած։

Արդեօ՞ք…

Երկար մենախօսութենէ մը ետք եզրակացուցի թէ մեր պարտապահանջը, գթալու համար, այդ շարժառիթը հնարած էր։ Արտասանած բառերուս վերաքաղը ըրի, այդ տեսակ սուտի մը վերաբերող ոչ մէկ հետք գտայ։

Հրապարակին մէկ անկիւնէն մարդկութեան վրայ նետած կողմնակի ակնարկը ուրիշ ձեւով չէր բացատրուէր, եթէ ոչ գթալու այն անհուն պահանջը` առանց որուն իր սիրտը ոչ մէկ յուզումի այցելութիւնը պիտի ունենար։ Ուրիշ բան է տածել խղճմտանքի զգացում մը ընդհանրապէս վերացական մարդկութեան, ուրիշ բան` ուղղակի ապրող, շօշափելի էակի մը վրայ փոխադրել զայն։ Զգալի կերպով յայտնի էր, որ ծերունին կորսնցուցած էր իր նախկին անդորրը։

Ամէն անգամ զինքը կը գտնէի ենթակայ անհանգըստութեան մը։ Հարցումներու ճշմարիտ ռմբակոծում մըն է, որ կը դիմաւորէր զիս իւրաքանչիւր հանդիպումիս։ Արդեօ՞ք մօտալուտ ծննդաբերութեան մը կը պարտէր կինս իր հիւանդութիւնը։ Անարիւնութի՞ւն։ Հետեւաբար` սնունդի անաբաւարարութիւն։ Անոր հարցուփորձերուն մէջ աչքի զարնողը միշտ մարդիկ թշուառութեան մէջ երեւակայելու յամառութիւնն էր։

Արդեօ՞ք պաղառութիւն էր։ Յանկարծ կը ցցուէր ոտքերուն վրայ։ Կը նշանակէ, որ ըստ բաւականի չենք տաքցներ մեր բնակարանը։ Եւ նորէն խրատներու անհատնում շարքը կը սկսէր.

—Պէտք է լաւ մը տաքցնել, դրամը չէ կարեւորը, կարեւորը առողջութիւնն է, կը հասակնա՞ս, մի խնայեր, լեցուր ածուխը վառարանին մէջ, պաղը տաքով կը մեռցնեն…։

Քանի որ այդ էր իր սրտին երազը, չուզեցի այլեւս ընդմիջել մեղանչումներովս կամ բացատրութիւններովս։ Ընդհակառակը ձգեցի, որ երազը լաւ մը տեղաւորուի իր մէջ, թուխս նստի, նամանաւանդ որ բերանս բանալուս պէս խիստ շեշտով մը գոցել կու տար.

—Լռէ՛, մտի՛կ ըրէ։

Ուրեմն ինծի կը մնար միայն ցանցառել հանդիպումներս, պատրուակ բռնելով կնոջս կարծեցեալ հիւանդութիւնը։ Բայց այդ հազուադէպ հանդիպումներուս հաստատեցի, որ իր կացութիւնը կատարեալ մտատանջութեան մը փոխուած էր. «Ի՞նչ կայ, ի՞նչ պատահեցաւ, բժիշկ բերել տուի՞ք…», եւայլն, եւայլն։

Օր մըն ալ մանկական դողդոջուն մատներով գրուած նամակ մը։ Գրութենէն յայտնի էր, որ ծերունին խուճապի մատնուած. շպրտած էր թուղթին վրայ այդ քանի մը տողերը։ Այսուհանդերձ նուազ անել վիճակի մը չէ, որ կը մատնէր մեզի։ Կինս ու ես իրար երես նայեցանք։ Մինչեւ ամսեգլուխ տասնըհինգ օր եւս կար։ Նամակին շեշտին նայելով, ծերուկը երկու շաբաթ սպասելու ի վիճակի չէր։ «Անակնկալ կերպով ձեզի փոխ տուած դրամիս անմիջական պէտք պիտի ունենամ… Ես ալ ձեզի նման աղքատ եմ, որեւէ աշխատանքի անկարող, եթէ չըլլար քմահաճ հօրաքրոջ մը բարի կամեցողութիւնը…», քանի մը տողեր եւս` ուր կը ծանրակշռէր իր անձուկ կացութիւնը, ինքզինքը կը դնէր Յոբ երանելիի մը անբաղձալի դրութեան մէջ եւ վերջապէս սպառնական ու վերջին յորդող նախադասութիւն մը որ «եթէ»ով մը կը սկսէր։

Ուրիշ ելք չկար։

Որոշեցինք գործատէրէս ամսականիս վրայէն երկու հարիւր ֆրանքի առ հաշիւ մը խնդրել։ Բան մը` որուն երբեք չէի տրամադրուած։

Հետեւեալ առաւօտ մեզ մտատանջութեան մատնած նամակը ստորագրողը ճամբուս վրայ կը սպասէր։ Զիս տեսնելուն, սագի օրօրուն քայլերով մօտեցաւ ինծի։ «Բարի լոյս» մը մռլտաց ու առանց պատասխանի սպասելու շարունակեց.

—Ինչպէ՞ս է կինդ, աղէ՞կ է։ Գէշ երազներ տեսայ այս գիշեր, վախցայ, որ բան մը պատահած ըլլայ։ Վազեցի եկայ, Աստուած իմ, բան մը պատահած չըլլար։

Բնականաբար, հանգստացուցի զինքը։ Ըսի որ շատ աղէկ էինք երկուքով, թէ կինս եւ թէ ես։ Գալով իր նամակին… բայց չձգեց, որ շարունակեմ։

—Կ՚աղաչեմ, ոչ մէկ բառ։ Ես դրամի պէտք չունիմ։ Դրամը ի՞նչ է։ Գլխէս վեր դրամ ունիմ։ Նայեցէ՛ք, ահա՛, կ՚ուզէ՞ք, առէ՛ք, առէ՛ք պէտք եղածը։

Գրպանէն տրցակ մը հարիւրնոց թղթադրամ հանած, դողդղացող ձեռքերուն մէջ, աչքիս առջեւ կը պարզէր կատարեալ անտարբերութեամբ։

 

Տասը օր անցած էր առաջին նամակէն ի վեր, երբ նամակ մը եւս ստացայ։ Բարեբախտաբար տեսած էի հարիւրնոցներու տրցակը, այլապէս նախորդ նամակին պատճառած տագնապը պիտի վերսկսէր։ Նամակին շեշտը ծայրայեղօրէն յուզիչ էր: Մէկ ծայրայեղութենէն միւսը կը թաւալէր։ Մեզի ըրած օգնութիւնը կը յիշէր, յետոյ գէշ վարձատրուած ըլլալը եւ յանկարծ զղջումը` որ չափազանցուած անձնուիրութեան կը յանգէր։

Երեք օր վերջը, նոյնպէս առաւօտուն, ճամբան ինծի կը սպասէր։ Գանգատեցաւ մեր անտարբերութենէն, իր կեանքէն` որ զուրկ էր ամենատարրական գուրգուրանքէ, բարեկամութենէ, սէրէ եւ յարգանքէ։ Պէտք է խոստովանիլ, որ ըրած յայտնութիւնը զիս վերջին ծայր յուզեց։ Ան կը սպասէր, որ իր բարութիւնը սիրով փոխարինէինք։ Առանձնութեան մէջ ծներ ու մեծցեր էր, սրտին մէկ անկիւնը սիրուելու բուռն կիրքով մը։ Մինչդեռ կը դիմէի գործատեղիս, սիրտս կը տրտմէր ծերունիին անուրանալի խեղճութեան վրայ։ Միտքս կ՚երթար այն մեծ տառապանքներուն որոնք մարդկութեան վերեւ արձակեցին իրենց սիրուելու աղաղակը։ Խեղճ Յիսուս մը կը յայտնուէր պարտատիրոջս յոգնած դիմագծերուն տակէն, ոչ թէ իբրեւ սքանչելի դէմք մը, այլ գթալի, տրտմեցնող, հիւանդ` սիրուելու, պաշտուելու ի խնդիր, մինչեւ խաչին արիւնող գամերուն համակերպելով։

Այդպէս, հիւանդ Յիսուսի աղաղակը ականջներուս` «Սիրեցէք զիս եւ պիտի ազատուիք», ամսեգլուխ եկաւ։

Կէսօրին կինս ընկերացաւ ինծի։ Կ՚ուզէր անպայման ճանչնալ զինքը։ Երբ հրապարակ հասանք, ծերունին զուարթ ու կայտառ ընդառաջեց մեզի։ Ուժով սեղմեց ձեռքերնիս։

—Ա՛հ, ա՛հ, աս է տիկինդ, ուրախ եմ, ուրախ եմ, լաւ, առողջ դէմք ունիք, տիկին, այնքան հիւանդութենէ ետք, կարծէք բնաւ հիւանդ եղած չըլլայիք։ Աղուոր գոյն, լեցուն այտեր։ Ա՜հ, ինչքան աղէկութիւն կը պատճառէք ինծի ձեր առողջութեամբը։ Այնքան մտահոգ էինք, ձեր ամուսինը եւ ես։ Այո՛, այո՛, ե՛ս ալ, չէ՞ որ ձեր բարեկամն եմ ես ալ։ Բայց… ըրաւ պահ մը` մտածկոտ ու լռեց։

Յետոյ վերսկսաւ.

—Բայց ինչո՞ւ համար զատ զատ բնակիլ, երկու սենեակի համար զատէն վարձք տալ, փոխանակ բնակարան մը փնտռելու, թէ՛ աւելորդ ծախս չըլլար եւ թէ իրարմով աւելի լաւ կրնաք զբաղուիլ։

Կնոջս աչքերը զարմանքով լեցուեցան։ Նշան ըրի, որ լռէ։ Ծերունիին ալ ըսի, որ արդէն կարգադրուած է, գտած ենք համեստ, բայց կոկիկ բնակարան մը։ Կարգը եկաւ երկու հարիւր ֆրանքը վերադարձնելուն։ Ծերունին պնդեց, որ այդ գումարը պահենք իբրեւ նուէր։ Բարեբախտաբար կինս մէջ մտաւ ու իր կանացի ձայնը աւելի ազդեց զինքը համոզելու համար։

—Բարեբախտաբար հետս եկար, ըսի կնոջս, երբ բաժնուեցանք, որովհետեւ իմ հաճոյակատարութիւնս պատճառ պիտի ըլլար, որ այս կատակերգութիւնը շարունակուէր, սնունդ տալով միշտ ծերունիին տառապելու պահանջին։

Այդ պահուն, կինս կանգ առաւ։ Ետ դարձաւ։ Մատը խածնելով երազունակ բացագանչեց.

—Անկարելի՜ է, աչքերուս չեմ կրնար հաւատալ… Սէբըլը… Սէբըլը… մեր գիւղին ամէնէն հարուստ ընտանիքին մէկ հատիկ զաւակը, հազիւ քսան տարեկան…։

Սթրազպուրկ, 1937