ՆԿԱՐԸ
Այն
ատենները
անակնկալ
անհանգստութիւն
մը
ծագեցաւ
ներսս
ու
գրաւեց
ամբողջ
էութիւնս։
Անկարելի
դարձաւ
մտային
որեւէ
աշխատանք։
Քունը
իր
յամառութեամբն
իսկ
քիչ
անգամ
կրցաւ
տիրել
մտքիս։
Աչքերս
առաստաղին`
գիշերները
հոգեվարքի
քրտինքներով
կը
տրորուէի։
Մտածումս
թափառական`
կը
սահէր
գաղափարներու
կամ
իրողութիւններու
կուշտէն
ու
կ՚երթար
կորսուիլ
խառնաշփոթ
պատկերներու
հովիտի
մը
մէջ։
Սենեակիս
դրանը
առջեւ
եկեղեցական
թափօր
մը
շարականներ
կը
կարդար։
Բայց
այդ
շարականները
փոխանակ
սրտապնդիչ
խոստումներու`
խորհրդաւոր
շշունջներու
կը
վերածուէին
ու
ահաբեկիչ
պատգամներով
կը
սպառնային
էութեանս։
Անմիջապէս
որ
այդ
մռլտուքը
լսելի
կ՚ըլլար,
կը
գոցէի
աչքես,
կը
քաշէի
վերմակը
գլխուս
եւ
շունչս
սեղմած`
կը
սպասէի
անոր
հեռանալուն։
Զո՜ւր
ինքնախաբէութիւն։
Դուռը
կը
բացուէր
կռնակին
վրայ
ու
անվերջ
այդ
թափօրը
կը
շրջագայէր
սենեակիս
մէջ
արձակելով
խռպոտ
հռնդիւններ։
Այդ
խուլ,
թափանցող
ձայնին
ազդեցութեան
տակ,
ատամներս
կը
մխրճուէին
լինդերուս
մէջ։
Յետոյ
կ՚անհետանար
ան
ու
հեռացող
աղմուկը
դեռ
կը
թրթռար
ականջներուս
մէջ`
սղոցի
մը
հռնդիւնին
պէս։
Ու
կը
մարէր
դանդաղօրէն։
Երբեմն
այսպէսով
քունը
թակարդներ
կը
նետէր
վրաս։
Երբեմն
ալ
կը
ձգէի
անկողինս,
կը
փախչէի
փողոց։
Այդ
պահերուն
իրապէս
կը
հաւատայի
թէ
ուրուական
մըն
էի։
Կը
թափառէի
անձայն,
անշշուկ,
շուքի
մէջ
շուք,
գոյ
եւ
անգոյ
միանգամայն։
Մանաւանդ
երբ
ինքզինքս
կը
գտնէի
գերեզմանատունը,
մեռելաքարի
մը
վրայ
նստած։
Հոն
հեռաւորութիւնները
սողոսկելով
կը
մօտենային
ինծի
ու
ես
կը
քալէի
ձորերուն
ծոցը,
առուակներուն
ներդաշնակ
մրմունջէն
օրօրուն։
Կատու
մը
տանիքին
վրայ,
տխուր
շեշտ
մը
հագած,
կը
մլաւէր
երկար
ելեւէջներով։
Յաճախ
ժամերով
անշարժութեան
մատնուած,
շիւղի
մը
ամենամեղմ
սօսափիւնը
կ՚աւրէր
զիս`
կաւիճով
գծուած
պատկերի
մը
պէս։
Ընդհակառակը,
ուրիշ
անգամներ
գործելու,
զբաղելու
հրամայական
հարկադրանքին
տակ
կը
գտնուէի։
Բայց
խնդիրը
այդ
զբաղումը
գտնելն
էր։
Կը
կարծէի
զայն
գտած
ըլլալ`
մինչդեռ
աւելի
կը
պեղուէի
տագնապիս
մէջ,
դէպի
խորունկը։
Անհամբերութիւնը
կը
կրծէր
կուրծքս։
Սպասման
դիրքի
մէջ
էի
յարատեւօրէն։
Կը
սպասէի
ու
կը
սպասէի։
Ինչի՞…
ոչինչ
կու
գար։
Արտաքին
աշխարհի
ներկայութիւնը
չէր
լեցներ
ներսի
այդ
սպասման
պարապը։
Մորթիս
տակ
զգայուն
իրականութեան
մը
պահանջը
հետզհետէ
կը
դառնար
աւելի
ըմբռնելի։
Ու
այդ
ներկայութեան
առարկան
մեծ
անծանօթ
մը
կը
թուէր
ինծի։
Խորհեցայ
փախուստի
մը
ճամբան
փնտռել։
Ահա
թէ
ինչպէս
թեւատարած
գացի
դաշտերն
ու
բլուրները,
որոնք
անապատի
մը
տարածութեան
պէս
պարապ
կը
հնչէին։
Բնութիւնը
մեռած
էր։
Շունչս
չէր
կրնար
ոգեւորել
զայն։
Ես
ինքս
ոգեւորիչ
ու
հաւասարակշռող
ուժի
մը
կը
կարօտէի։
Ու
վերսկսայ
նախկին
խելագարութիւններս։
Խոստովանիլ
սակայն`
թէ
այս
անգամ
նոր
հեռապատկերովը
զինուած։
Գիտակցական
միակ
վիճակ
մը
—
որ
սպասման
վիճակ
մըն
էր
—
կը
վարէր
մտածումներս
եւ
շարժումներս.
«պիտի
գայ»։
Չորս
հինգ
ժամը
անգամ
մը
հագուստ
փոխել,
փողկապ
շտկել
հայելիին
դէմ,
սանդուխները
իջնել,
բարձրանալ։
Տեղ
մը
երթալու
նպատակով
դուրս
ելլել
եւ
անմիջապէս
վերադառնալ։
«Կրնայ
ըլլալ
որ
հիմա
գայ…»։
Յաճախ,
կարկանդակ
մը
ձեռքս,
մէկ
սենեակէն
միւսը
կը
նաւէի,
կարծես
փախչող
վայրկեաններէն
ախորժակ
աղերսելու
համար։
Օր
մըն
ալ
վճռեցի
գիրքերուս
վերադառնալ։
Սեղանիս
վրայ
կիսատ
մնացած
հատորի
մը
ձեռք
զարկի։
Էջ
մը
դողաց
մատներուս
տակ,
ու
երբ
պատկերացաւ
«անիկա»
նայուածքներուս
ներքեւ`
տողերը
ինքնաբերաբար
սրբուեցան։
Դէմք
մը
ծագեցաւ
գիրերուն
տեղ։
Ժպիտ
մը
փթթեցաւ,
տարածուեցաւ
ու
գրաւեց
զիս
այնպէս`
ինչպէս
գիշերէն
ծնող
այգը
կը
տիրէ
երկրին
դանդաղօրէն։
Ի
զուր
ճիգ
ըրի
կռուելու
համար
այդ
ժպիտին
դէմ
որ
բանակէ
մը
աւելի
հզօր
էր։
Կը
յիշեմ,
գլուխս
թեւերուս
մէջ
գիրքին
մէկ
էջին
վրայ
հակիլս։
Ու
երբ
երկար
ժամերէ
ետք
արթնցայ`
արդէն
ժպտերես
«դէմք»ը
անհետացած
էր։
Այն
ատեն
ինծի
համար
նոր
տանջանք
մը
եղաւ
անոր
բացակայութիւնը։
Ու
կեանքս
եղաւ
տեսակ
մը
վազք
անյայտին
մէջ։
Գլուխս
մտասեւեռումէն
անշարժացած,
անվերջ
թափառումներ
զիս
կը
տանէին
հեռաւոր
ճամբաներու
մինակութեան։
Երբեմն
տեղի
կ՚ունենային
մասնակի
յայտնութիւններ։
Այսպէս,
օրինակի
համար,
ընթերցանութեան
ընթացքին
նայուածք
մը
կը
ծնէր
գիրքին
էջէն,
եւ
կամ`
ականջներուս
մէջ
ձայնի
մը
արձագանգը
կը
կաթէր
ծառերու
ճիւղերէն։
Աւելին,
յանկարծ
կզակ
մը,
ճակատ
մը,
քիթ
մը
կը
վարագուրէր
նայուածքս
գրաւող
առարկան։
Երեւակայութիւնս
արուեստագէտի
նման
կը
հսկէր,
առարկայականօրէն
կ՚ամբարէր
այս
մասնիկները,
օր
մը
ինծի
ներկայացնելու
համար
անոնցմէ
կերտած
իր
դիմակը։
Ատիկա
կը
յայտնաբերէր
կնոջ
դէմք
մը,
որ
գիծերու,
կորութիւններու
եւ
երանգներու
լուսարձակ
ներդաշնակութիւն
մըն
էր։
Կը
պատահէր,
որ
կանգ
առնէր
մէկէն
աղջկան
մը
առջեւ։
Մտքիս
յօրինած
տեսլական
դիմակը
կ՚անցնէր
այս
իրական
դէմքին
վրայէն,
որ
ընդհանրապէս
անհամապատասխան
էր։
Կեանքը
առաջին
անգամ
ըլլալով
կը
յայտնուէր
ինծի,
այսպէս
յուսախաբութենէ
յուսախաբութիւն
տատանող
ճամբու
մը
մէջտեղ։
Բայց
կէս֊գիտակցական
համոզում
մը
մէջս
կը
սրսկէր
այն
գաղափարը
թէ
յոյսը
իր
ամբողջ
փառահեղութեամբ
պէտք
էր
բազմած
ըլլար
տեղ
մը։
Իրականութեան
մէջ
իւրաքանչիւր
յուսախաբութիւն
կը
պարունակէր
մաս
մը
այդ
յոյսէն։
Եթէ
այդպէս
չըլլա՞ր,
ի՞նչպէս
տանելի
պիտի
ըլլար
անոնց
կուտակումը։
Ահա,
օր
մը,
«անիկա»
կը
քալէր
առջեւէս
բլուրին
գագաթը։
Երբ
անակնկալ
կերպով
ինքզինքս
ըսի`
«անիկա
է»,
սիրտս
փրթաւ
ու
թեւ
տարածելով
անհամեմատ
տարածութիւններ
կտրեց։
Վազեցի,
վազեցի
սրտիս
ետեւէն։
Տարածութիւնները
սահման
չունին
սիրտին
համար։
Ու
նոյն
հեռաւորութիւնը,
իմ
եւ
յայտնութեան
միջեւ,
կը
շարունակէր
անխախտ
մնալ,
հակառակ
քայլերուս
իրարու
վրայ
գահավիժումին։
Յանկարծ
«անիկա»
քովս
եկաւ։
Զգացի
մեղմ
հպումը
որ
գաղջ
էր
ու
խոնաւ։
Ամիսներով
քաղցած
մը
ինչպէս
որ
կը
յարձակի
առաջին
պնակին
վրայ,
այդպէս
ալ
մարմինս
ցնցում
մը
կը
գծէր
միջոցին
վրայ,
գրաւելու
համար
վերջապէս
այդ
ինքնամերժ
երջանկութիւնը։
Ձեռքս
որ
մեկնեցաւ
դէպի
ան`
մնաց
առկախ
օդին
մէջ
ու
չքացաւ
տեսիլքը։
Յուսախաբութիւնը
խորտակեց
մարմինս։
Արդէն
սկսեր
էր
ծերութեան
նշաններ
ցոյց
տալ,
քանի
որ
կը
վտարէր
ինձմէ
անմիջական
ամէն
խանդավառութիւնները։
Բայց
անգամ
մը
եւս
ինծի
տրուեցաւ
խաբուիլ։
Այո,
այս
անգամ
հանդիպած
էի
անոր`
զոր
կը
փնտռէի:
Անիկա
էր։
Պատկերը։
Ու
դարձեալ
վազեցի
իր
ետեւէն
գիտակցութեանս
համար
անորոշ
երկար
պահեր։
Եւ
սակայն
բնաւ
համարձակութիւնը
չունեցայ
քայլ
մը
աւելի
անցնիլ
իրմէ,
նայիլ
երեսն
ի
վեր
ու
ըսել`
Դո՞ւն»,
ու
կէս
շրջան
մը
ընել
ինքզինքիս
առանձքին
վրայ
շատ
աւելի
դժուար
կու
գար
ինծի`
քան
թէ
երկիրն
ու
երկինքը
մէկզմէկու
տեղ
փոխանակելը։
Կողմնակի
փողոց
մը
մտայ
ու
վազեցի։
Ճամբուն
ծայրէն
յառաջացայ
իր
ուղղութեամբ
ու
չեմ
գիտեր
ի՞նչպէս
կանգ
առի։
Թաթառի
արագութեամբ
գլխապտոյտ
մը
կորսնցնել
տուած
էր
ինծի
իրականութեան
զգացումը։
Երբ
նայուածքս
բացուեցաւ
անոր
մութ
աչքերուն
վրայ,
անիկա
պռստեց
յօնքերն
ու
ըսաւ`
«Բայց
դուք
սարսափելի
էք…»։
Յաջորդաբար
օրերը
տառապելի
եղան։
Ամէն
մէկ
մասնիկին
հետ
ունեցած
իւրաքանչիւր
հանդիպումէս,
փափաքիս
անորոշութիւնը
հետզհետէ
աւելի
շօշափելի
կը
դառնար,
ամփոփուելով
ինքն
իր
վրայ
ու
վերածուելով
միակ
կորիզի
մը։
Բայց
քանի
այդ
կորիզը
կը
բնորոշուէր
ինքզինքով
ու
կը
դառնար
թանձրացեալ,
նոյն
համեմատութեամբ
ալ
կը
կազմակերպուէր
կեդրոնախոյս
ուժ
մը
պահանջելով
արտաքին
մակերես,
ատով
կարենալ
արտացոլալու
համար։
Բայց
հոն
կը
տիրէր
բացակայութիւնը
տեսակ
մը
ներկայութեան
կարճ
ցոլացումներով,
նման
ձուկերուն
ջուրէն
դուրս
ընդոստ
երեւումին,
որուն
առթած
հաճոյքը
համեմ
մըն
է
ի
հաշիւ
ձկնորսին
վատնած
երկարատեւ
ժամերուն։
Երեւակայութիւնս,
վրձինը
ձեռքը,
գիշեր
ցերեկ
կը
ձեւէր,
կը
կերտէր
զայն։
Ա՛յդ
դէմքը։
Ի՞նչպէս,
կրնայի՞
սխալիլ
եթէ
պատահմամբ
հանդիպէի
տեղ
մը,
աշխարհի
որեւէ
մէկ
մասին
մէջ,
իմ
կողմէ
շունչ
ու
երակ
տրուած
այդ
ստեղծագործութեան։
Ու
պատահեցաւ
հրաշքը։
Վայրը
պզտիկ
խանութ
մըն
էր։
Ո՞ւր…
ե՞րբ…
ինչքա՞ն
ատեն
ետք…
ինչքա՞ն
ատեն
առաջ…
չեմ
գիտեր։
Միայն
թէ
հանդիպեցայ
այդ
պզտիկ,
աննշան
վայրին
մէջ
երեւակայութեանս
կերտուած
աղջկան։
Գտայ
զայն
բանտարկուած
ապակեփեղկին
ետեւ,
փոշոտ
բացիկներու,
կաւիճներու,
տետրակներու
եւ
միմոսութիւններու
խառնակոյտին
մէջտեղ։
Դուռը
գոց
էր,
ու
ինծի
կը
պակսէր
գողի
մը
քաջութիւնը
ապակին
կոտրելու
համար։
Սպասեցի,
գլուխս
կրթնցուցած
լուսընկային,
որ
կ՚իջնէր
երկինքէն
ու
կը
ցոլար
ապակեփեղկին
մէջ։
Նկարը
ամենաքաղցր
նայուածքը
ունէր
այս
աշխարհին
վրայ
ու
սիրտս
լարուած`
կը
դիտէի։
Հոդ,
ամբողջ
գիշերը,
հետզհետէ
հանգստացող
անհամբերութեանս
մէջէն
կը
կրկնէր.
«Ճոգոնտա…
Ճոգոնտա…»։
Խորունկ
քուն
մը
երկար
ատեն
է
որ
պակսած
էր
ինծի,
սակայն
մնացի
կանգնած
որպէս
հսկումի
գիշեր։
Կը
յիշեմ,
աչքերս
բնաւ
չգոցուեցան
այդ
նայուածքին
վրայ։
Երբ
այգը
ծագեցաւ,
վարդագոյն
կեանքը
սկսած
էր
արդէն
բաբախել
մէջս,
բնականոն
կերպով։
Դարերու
փորձառութիւնն
ու
գիտութիւնը
կը
պարզուէին
մտքիս
առջեւ։
Աքաղաղներու
երգը
դադրած
էր,
երբ
պառաւ
մը
բացաւ
խանութին
դուռը։
Վճարեցի
իր
պահանջած
չնչին
գումարը
եւ
տիրացայ
կեանքի
գաղտնիքին։
Պառաւը
չգիտցաւ
ու
պիտի
չգիտնայ
ալ
թէ
գանձ
մըն
էր
որ
կը
նուիրէր
ինծի։
Եթէ
գիտնար`
հարկ
պիտի
ըլլար
ինքզինքս
ծախել։
Ու
վազեցի
տուն,
նկարը
պինդ
սեղմած
կուրծքիս
վրայ։
Տասնըութը
տարեկան
էի
այն
ատեն։
Սկիւտարի
աղջիկները
այնքան
գեղեցիկ
էին
իրենց
լոյսէ
դէմքերով
ու
կղզիները
գոհարներու
պէս
պսպղուն`
հեռուն,
Մարմարայի
գարնան
մայրամուտի
ջուրերուն
վրայ։