Պրոմէթէական

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՄԵՆՔ ԿԸ ՔԱԼԵՆՔ

Մենք կը քալենք գիշերին մէջ, հսկաներու քայլերով, մինչ

Հսկայ ծառեր տապալելով ռումբերն իրար կը հալածեն։

Կ’անցնինք ուրախ կոյրերու պէս երկու՝ որոնք իրենց անձէն

Մէկըզմէկու կուտան իրենց ճշմարտութիւնն ու լոյսը ջինջ։

Սեւ տուներու տանիքներէն յառնող շուքեր դըժոխակէզ

Կը ծիծաղին մեր այս անմեղ մըտերմութեան։ Սիրեններ մեր

Գլխուն վըրայ կը սաւառնին։ Կը քրքըջան հըրացիրներ։

Փունջ մը կըրակ կը նըւիրէ մեզի երկինքն՝ հեգնելով մեզ։

 

Մենք կը քալենք միսերու պէս կախուած արնոտ բոցերու տակ,

Ամպերուն տակ՝ որ վոհմակներ կը յօշոտեն։ Ու կը գտնենք

Մեզ, լըռութեան օ՜ դիցուհիս, ծաղկաստանի մը մէջ, ուր մենք

Սոխակներուն հետ կը բաժնենք երանութիւն մ’աննըպատակ։

Մենք կը քալենք։ Ես՝ յոյզերով ու խանդերով պատանեկան,

Ան իմ կողքիս՝ իր խորհուրդէն գեղեցկացած։ Եւ կը խօսինք,

Կը զարմանանք մենք մեր վըրայ, մեր բառերուն եւ զիս եւ զինք

Եւ կեանքն ամբողջ աղուորցընող, սրբացընող այս արբեցման։