Տաղեր

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Աստուած զայս տունս շէն պահէ,
Բազում բարեօք զինք զարդարէ,
Գեղեցկաշէն չորս անկիւն է.
Աստուած զայս տունս շէն պահէ:

Դռներն ամէն քառակուսէ,
Եւ իւր տախտակքն անփուտ փայտ է,
Զամէն մարդու ի բաց այնէ.
Աստուած զայս տունս շէն պահէ:

Էրեսն սեւ, ով վատ կասէ
Ընդ տանս այսմիկ, որ շինած է,
Թէ չես օտար նա դու նայէ.
Աստուած զայս տունս շէն պահէ:

Ժողովս ամէն, որ կոչած է,
Իմ քահանայքս, որ բազմած է,
Լից զգաւաթն, որ խաչ հանէ.
Աստուած զայս տունս շէն պահէ:

Խաթուն կանայք, որ նստած է,
Ծառայք բազումք ձեռնակապ է,
Կերակուր շատ, լուր ճաշակէ.
Աստուած զայս տունս շէն պահէ:

Հայր Աբրահամու նման է,
Ձայն ի յերկնից Աստուած օրհնէ,
Ղէբէոսի ժողովուրդն է.
Աստուած զայս տունս շէն պահէ:

Ճերմակ, կարմիր գինին շատ է,
Մտրուպ, գուսանն յորդոր կասէ,
Յայնժամ ամէն հազրապետ է.
Աստուած զայս տունս շէն պահէ:

Նայ տանուտէրն ի վեր ելնէ,
Շիշան ի ձեռն ու կու կանգնէ,
Ով կու սիրէ, ի նա խմէ.
Աստուած զայս տունս շէն պահէ:

Չարն ու բարին զամէն քննէ,
Պարտ է խմել, եղբարք, թէ չէ,
Ջուր թէ խառնէ նա ինք գիտէ.
Աստուած զայս տունս շէն պահէ:

Ռատով խմել կու վայելէ,
Սիրով խմելն, եղբարք, լաւ է,
Վաղն սիրով զքեզ հարցանէ.
Աստուած զայս տունս շէն պահէ:

Տաճարս ամէն սրբաքար է,
Րամեալքս ամէն պատուական է,
Ցնծան նոքա բոլոր սրտէ.
Աստուած զայս տունս շէն պահէ:

Ւիւրերս ամէն մեծարած է,
Փոքր եւ մեծեր յամէն ծարէ,
Քեզ Մարտիրոսն յետին կասէ.
Աստուած զայս տունս շէն պահէ: