Տաղեր

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Աստուած թող շէն պահէ զԿաֆայ,
Բոլոր պարիսպն, որ ի նմա կայ,
Գերահռչակ անուն նորա.
Աստուած թող շէն պահէ զԿաֆայ:

Դռներն ամուր, որ ի նմա,
Եկեղեցիքն գերակայ,
Զանկակներուն ձայնն կու գայ.
Աստուած թող շէն պահէ զԿաֆայ:

Եպիսկոպոս մեծ եւ արքայ,
Ընտրեալ, մաքուր, սուրբ քահանայ,
Թագ պարծանաց երկրի վերայ.
Աստուած թող շէն պահէ զԿաֆայ:

Ժամատեղաց նման չի կայ,
Ււր քահանայքն փիլիսոփայ,
Լուսամաքուր շատ աբեղայ.
Աստուած թող շէն պահէ զԿաֆայ:

Խօճանին շատ դեկան կու տայ,
Ծառայ գնեն, ազատեն զնա,
Կարգեն զնա, առնեն տղայ.
Աստուած թող շէն պահէ զԿաֆայ:

Հայոց տուն է այժմ Կաֆայ,
Ձայնն ընդհանուր յերկիր կերթայ
Ղրիմն ի հետ իւր մերձակայ,
Աստուած թող շէն պահէ զԿաֆայ:

Ճոխայ ամէն մարդ եւ խնդայ,
Մանուկ եւ մեծ եւ երեխայ,
Յերեսնուն լոյս թափեալ ցոլայ,
Աստուած թող շէն պահէ զԿաֆայ:

Նաւն ի ծօվէն շատ բարեօք գայ,
Շուրջ վանքերօքն ուրախանայ,
Որդիք մարդկան ի յուխտ կերթայ.
Աստուած թող շէն պահէ զԿաֆայ:

Չար թշնամին թող վերանայ,
Պատիւ հայոցս մեծանայ,
Ջաղջնին իւր քամով շուրջ գայ.
Աստուած թող շէն պահէ զԿաֆայ:

Ռամիկ մարդիկ, իշխանք որ կայ,
Սարկաւագներ եւ քահանայ,
Վարդապետին հնազանդ կենայ.
Աստուած թող շէն պահէ զԿաֆայ:

Տիկին կանայք, պարկեշտ նոքայ,
Րամեալ մարդկան պարծանք նոքայ,
Ցնծայ ամէն ՚ւ ուրախանայ,
Աստուած թող շէն պահէ զԿաֆայ:

՚Ւիւանդ հոգով ես ձեզ ծառայ
Փառք Աստուծոյ յերակ ասա,
Քեզ Մարտիրոս Աստուած գթայ.
Աստուած թող շէն պահէ զԿաֆայ: