Ազգապատում. հատոր Ա

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Տ. ԵՂԻՇԷ Ա. ՌՇՏՈՒՆԻ

745. ԱՂԹԱՄԱՐԱՅ ԱԹՈՌԸ

Թէոդորոս հանդարտ կացութեան մէջ վախճանեցաւ, եւ յաջորդութիւնն ալ հանդարտ կերպով կարգադրուեցաւ, դարձեալ Վասպուրականի մէջ, եւ Արծրունեաց թագաւորին հովանաւորութեամբ, որ էր Աշոտ Դերենիկը: Ազգակցական ազդեցութիւն մըն ալ խառնուեցաւ գործը դիւրացնելու, վասնզի Եղիշէ էր եղբայր Թէոդորոսի (ԱՍՈ. 157, ՎԱՐ. 89), որով գրեթէ ժառանգական իրաւունքով կաթողիկոսական աթոռ բարձրացաւ: Ինչափ ալ ազգակցական իրաւունքը ջնջուած էր Սահակ Պարթեւէ ետքը, բայց բոլորովին մոռցուած չ՚երեւիր. եւ այս միջոցներուն յաճախ կը յիշուին ազգակից կաթողիկոսներ, ինչպէս Յովհաննէս, որ Մաշտոցին ազգականն էր. եւ ուրիշներ ալ, որ առաջիկային պիտի տեսնենք: Եղիշէի անունը բոլոր հիներէն Եղիսէ գրուած է, բայց մենք նախադասեցինք պահել նորերուն գործածած ուղղագրութիւնը, միայն տեղ մը Եղիա գրուած է (ՍԱՄ. 99), զոր հարկ է իբր գրչութեան սխալ նկատել: Եղիշէ անունը մեծ տեղ մը կը գրաւէ Աղթամարի յիշատակներու մէջ, եւ կը նկատուի իրենցմէ իբրեւ Աղթամարի առաջին կաթողիկոս: Կը գրեն թէ Եղիշէ մը, Գագիկ թագաւորի ազգական, Գէորգ Գառնեցի կաթողիկոսէ յատկապէս Աղթամարի համար կաթողիկոս ձեռնադրուած ըլլայ, եւ իբր թէ Վասպուրական եւ Աղձնիք եւ Տուրուբերան նահանգներէն մաս մը զատելով, Աղթամարի բաժանեալ կաթողիկոսութեան օրինաւոր սկզբնաւորութիւն մը տրուած ըլլայ: Զարմանալի չէ որ Աղթամարի աթոռակալներ իրենց ծագումը ուզած ըլլան գեղազարդել եւ արդարացնել, սակայն մտածուած կերպը բոլորովին անկապակից է ստուգապատում յիշատակներու հետ: Գէորգ Գառնեցին իր հաւատարիմ եւ ժամանակակից պատմիչն ունի, Յովհաննէս Պատմաբան կաթողիկոսը, որ բնաւ Գէորգի ասանկ տարօրինակ բան մը ըրած ըլլալը չի յիշեր, եւ ոչ ալ Գէորգի իմաստութեան կրնայ վերագրուիլ իր կաթողիկոսութենէն ուրիշի բաժին հանելու յետսամիտ գաղափարը: Թող որ Գէորգի մահուան ատեն 897-ին, ոչ Վասպուրականի թագաւորութիւն կար, եւ ոչ Գագիկ թագաւոր, ոչ Աղթամարի կաթողիկէն էր շինուած, եւ ոչ նոր կաթողիկոսութիւն ստեղծելու պահանջ կար: Յովհաննէս ինքն ալ, որ Վասպուրականի Գագիկը կը գովէ, եւ վերջէն անոր մօտ գացած է, Աղթամարի մէջ իրմէ զատ ուրիշ կաթողիկոսի մը գտնուիլը չի գիտեր: Աղթամարի կաթողիկոսութեան պաշտպաններ հոգ չեն ունեցած եւ ոչ իսկ ժամանակակից պատմութիւնը ուսումնասիրել: Իսկ Եղիշէի անունին Աղթամարի յիշատակներուն մէջ իբր աթոռին հիմնարկող նկատուիլը կ՚արդարանայ այնու, որ Եղիշէ Աղթամարի աթոռին մէջ մեռնող վերջին կաթողիկոսն է. իր յաջորդն Անանիա` Արծրունեաց թագաւորութիւնը թողուց, եւ Բագրատունեաց սահմանը անցաւ, եւ Արծրունիք չուզեցին իրենց աթոռական առաւելութենէն հրաժարիլ. եւ այն օրէն Աղթամարի հակաթոռութեան սերմերը նետուեցան: Բնական էր ուրեմն, որ Եղիշէի անունը մեծ դեր խաղար այդ շարժումին մէջ: Հետեւաբար պէտք է ըսել թէ Գէորգէ ձեռնադրուած Եղիշէն անգոյ անձնաւորութիւն է, թեպէտ Աղթամարցոց ենթադրութեանց հիմ եղող Եղիշէ մը, իրական է, եւ է նոյնինքն Անանիայի նախորդը, Ամենայն Հայոց հայրապետներէն Աղթամար նստող ու մեռնող երեք կաթողիկոսներուն վերջինը:

746. ԳՈՐԾԵՐՆ ՈՒ ՄԱՀԸ

Եղիշէի կաթողիկոսութեան տեւողութիւնը տարբեր կերպով նշանակուած է, հինգ (ՎԱՐ. 89) կամ եօթը (ԱՍՈ. 157) տարի, տարբերութիւն մը, զոր դիւրին է մեկնել Ե եւ Է թուատառերու փոփոխութեամբ, առանց պէտք ունենալու դիմել վերջին երկու տարիները ամբաստանեալ եւ քաշուած վիճակի մէջ անցուցած ըլլալու ենթադրութեան (ՉԱՄ. Բ. 827), որուն յիշատակը չենք գտներ մեր ձեռքը գտնուող պատմագիրներու մէջ: Ժամանակագրական յարմարութիւններ նախադասելի կը ցուցնեն 5 տարի ընդունիլ Եղիշէի հայրապետութեան տեւողութիւնը, որ 941-ին սկսելով կ՚աւարտի 946-ին: Ազգային կեանքն ալ յիշատակաց արժանի եղելութիւն մը ունեցած չէ: Աբաս Բագրատունի եւ Աշոտ Դերենիկ կանոնաւորապէս եւ առանց մրցակցութեան վարած են իրենց իշխանութիւնները, եւ տեղի չեն տուած դժպհի պատահարներու: Դերենիկ թագաւորին եւ Ապլխարիպ զօրավարին մէջ ծագած հակառակութիւնը շուտով վերջացած է, զի Ապլխարիպ զղջալով զգացած է` իր մատնութեամբ Դերենիկին Ապլհաճ ոստիկանին ձեռքը իյնալուն տգեղութիւնը, եւ ինքն անոր ազատութիւնը պատրաստած է, եւ նորէն իրարու հետ հաշտ ապրած են (ՈՒՌ. 39): Ամիրապետութեան կացութիւնն ալ փոփոխութիւն չէ կրած, զի 944-ին, ինչպէս յիշեցինք 740), Մութթաքի-Պիլլահ ամիրապետն ալ գահազուրկ եղաւ եւ կուրցուեցաւ, եւ իրեն տեղը անցաւ Ապուլ-Քասմ, որ Մուսթաքֆի-Պիլլահ կոչուեցաւ, եւ 946-ին ինքն ալ նոյն վախճանը ունեցաւ, գահազուրկ եղաւ եւ կուրցուեցաւ, եւ Ֆատըլ ամիրապետութեան կոչուեցաւ, Մօթի-Պիլլահ անունով: Ասիկա բաւական ատեն գահին վրայ մնաց իշխանութիւն չվարելու պայմանով, քանի որ բոլոր իշխանութիւնը Էմիրիւլիւմէրաներու ձեռքը անցած էր: Յունական կայսրութեան մէջ Ռոմանոս Լեկաբենոս 945-ին գահազուրկ ըլլալով Պրոտի կղզիի վանքը փակուեցաւ` իր իսկ որդւոյն կողմէն, որ Կոստանդին Ը. անունով գահ բարձրացաւ, բայց միւս տարին ինքն ալ սպաննուեցաւ, եւ նորէն գահակալեց Կոստանդին Է. Պորփիւրոժէն: Ինչ որ մեր պատմութեան հետ կապ ունի, Ռոմանոսի կրօնական նախանձայուզութիւնն է, որ Ասիոյ մէջ ունեցած յաջողութիւններէն խրոխտացած, սկսաւ կայսրութեան սահմանին մէջ եղող Հայերը քաղկեդոնականութեան ստիպել, մասնաւորապէս իր խստութիւնը եկեղեցականներու վրայ ծանրացնելով: Այս պատճառաւ բազմութիւնք կրօնաւորաց հալածեալք ի Հոռոմոց աշխարհէն սակս ուղղափառութեան` պարտաւորուեցան գլխաւորապէս Արարատի հայկական թագաւորութեան սահմանները գաղթել (ՎԱՐ. 88), եւ Շիրակի եւ Սիւնիքի եւ ուրիշ շրջակայ գաւառներու մէջ վանքեր հիմնել կամ եղածները շէնցնել: Որչափ ալ այդ եղելութիւնները Թէոդորոսի եւ Եղիշէի օրերէն սկսան, սակայն մենք անոնց մէկ քաղուածքը Անանիայի օրուան կը թողունք, որովհետեւ ոչ միայն հիմնարկութեանց ճիշդ թուականները չունինք, այլեւ անոր համար` որ Անանիա եղաւ անոնց աւելի զարկ տուողը, մինչ Թէոդորոս եւ Եղիշէ Աղթամարի կղզւոյն մէջ առանձնացած գործունեայ դեր չունեցան այդ հիմնարկութեանց մէջ: Եղիշէի մահուան հանգամանքներն ու գերեզմանն ալ անյայտ կը մնան մեզի: