Ազգապատում. հատոր Ա

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Տ. ՍԱՐԳԻՍ Ա. ՍԵՒԱՆՑԻ

798. ԸՆՏՐՈՒԹԵԱՆ ՊԱՐԱԳԱՆԵՐ

Անեցին կը գրէ. թէ զկնի տեառն Խաչկայ անառաջնորդ եկաց երկիրս Հայոց ամս երկուս (ՍԱՄ. 103): Ուրիշ ցուցակ մըն ալ կը գրէ, յետ սորա առանց վերադիտողի մնացեալ աշխարհս Հայոց (ՍԱՄ. 272), սակայն պարզ թիւրիմացութեան պէտք է վերագրել այդ դիտողութիւնները. եւ թերեւս անոր առիթ տուած է Ասողիկի օրինակը, որ 439=990-ին կը դնէ Խաչիկի մահը, եւ 441=992-ին Սարգիսի ընտրութիւնը (ԱՍՈ. 250), որ երկու տարւոյ պարապ մը կը թողու: Սակայն եթէ իրօք այդչափ ատեն առանց կաթողիկոսի մնացած ըլլար աթոռը, հնար չէր որ Ասողիկ զայն յայտնապէս չյիշէր, եւ պատճառն ալ չբացատրէր եւ տեղակալութիւն վարողին անունը չտար, քանի որ իր աչքին ներքեւ, հաւանաբար իր իսկ պաշտօնական մասնակցութեամբ, կատարուած գործողութիւն մըն էր: Երկու տարի շարունակ աթոռին պարապ եւ անտէրունջ մնալը անօրինակ կերպով երկարեալ տեւողութիւն է, որուն նմանը միայն Մովսէս Եղիվարդեցիի մահուընէ ետքը տեսնուած է, եւ պատմութիւնն ալ Վրթանէս տեղապահին անունը պահած է 399), ուստի հնար չէր, որ այսպիսի տարօրինակ դիպուած անյիշատակ անցնէր Ասողիկի գրիչին տակէն: Այդ տեսութեամբ վստահօրէն պարզ թիւրիմացութեան կը վերագրենք Անեցիի ծանօթութիւնը: Պատճառ մըն ալ չկար, որ ընտրութիւնը յապաղելու ստիպէր, ոչ ներքին գժտութիւն եւ ոչ արտաքին բռնութիւն տեղի չունէին, եւ Գագիկ Ա. թագաւոր խաղաղութեամբ եւ ձեռնհասութեամբ իր գործին գլուխը կը գտնուէր: Կաթողիկոսական ընտրութիւնը նորէն ժողովական ձեւով կատարուեցաւ, եւ եպիսկոպոսներ` որ յաշխարհէս Հայոց եւ որ ի Յունաց կողմանէ համերաշխաբար ժողով արարեալ, արժանաւորի մասին համաձայնեցան: Պատմագիրը հարկ սեպած է շեշտել, թէ ընտրութիւնը կատարուեցաւ առանց կաշառոյ եւ այլ երկրաւոր շողոքորթութեանց, եւ թէ Սարգիս ոչ ինքն զկնի պատուոյն, այլ պատիւն զկնի ինքեան ընթացաւ (ԱՍՈ. 251): Չենք կարծեր թէ Ասողիկ ուրիշ ընտրութեանց մէջ այսպիսի բաներ եղած ըլլալուն կ՚ակնարկէ, եւ ոչ ալ Սարգիսի վրայ զրոյցներ եղած ըլլալուն, անոնք հերքել կ՚ուզէ: Իսկ Ուռհայեցիին ըսելը թէ, տէր Խաչիկ ձեռնադրեաց յաթոռ իւր զտէր Սարգիս (ՈՒՌ. 49), եթէ բառացի չի կրնար առնուիլ, որովհետեւ ընտրողական ժողովը զկնի տեառն Խաչկայ գումարուեցաւ (ԱՍՈ. 251), գոնէ կը զօրէ երկամեայ աթոռի պարապութիւնը հերքելու: Ժողովին նախագահ յիշուած է Սահակ եպիսկոպոս Արշարունեաց, եւ արդէն Վահան Սիւնիի ժամանակէն Արշարունեաց աթոռը գործունէութեան եւ պատուոյ յառաջնութիւն մը կը վայելէր, ինչ որ ասկէ առաջ տեսնուած էր Տարոնոյ եպիսկոպոսներուն վրայ 360): Ընտրեալն է Սարգիս` Սեւանի առաջնորդը, Գագիկի սիրելի եւ անկէ պաշտպանուած մէկ մը, այնպէս որ թագաւորի հրամանով գումարուած ժողովը, թագաւորին փափաքին ալ հետեւած կը տեսնուի: Իսկ ընտրութեան օր նշանակուած է, զկնի զատկին յաւուր երեքշաբաթւոջ (ԱՍՈ. 251), զոր ուրիշ օրինակ յերկուշաբթի աւուր գրած է (ՉԱՄ. Բ. 877): Ընտրութեան տարին, 441=992-ին, Զատիկը Մարտ 27-ին իյնալով, Երեքշաբթին կ՚ըլլայ Մարտ 29, իսկ Հայոց տոմարով նաւասարդի 7, որով ամանորի հանդիսաւորութիւնները զուգընթաց եղած են զատկական տօնախմբութեանց: Հարկաւ այդ Երեքշաբթին կաթողիկոսական օծման հանդիսաւոր օրը պիտի իմանանք, հետեւելով նստուցանեն յաթոռ կաթողիկոսութեան մեծաշուք պատուով բացատրութեան (ԱՍՈ. 251): Այս տեղեկութիւնը տուող Ասողիկն ալ, ընտրողական ժողովին մէջ գտնուած կը կարծենք, նկատելով իր դիրքը, եւ ընտրելոյն հետ սերտ մտերմութիւնը:

799. ՆԱԽԸՆԹԱՑ ԵՒ ԺԱՄԱՆԱԿ

Սարգիս կաթողիկոսի ծննդավայրն ու նախընթացները յիշուած չեն, եւ Սեւանցի մակդիրը իր աշակերտութեան վանքէն է առնուած, վասն զի ի տղայական տիս ընծայեալ Աստուծոյ, կրթուած է նոյն վանքին մէջ, որոյ առաջնորդն իր հօրեղբայրն է եղած, առաքինաջան եւ ժիր մշակ Քրիստոսի կոչուած անձ մը, բայց անունը անյայտ (ԱՍՈ. 250): Մեծամեծ գովեստներով կը բարձրացնէ Ասողիկ Սարգիսի առաքինական եւ ճգնաւորական կեանքը, ոյժ տալով աւելի աղօթասաց եւ սաղմոսանուագ պաշտամանց, առանց յիշելու ուսումնական արժանիքը: Սարգիս իր վրայ հրաւիրած է Գագիկի մտադրութիւնը, երբ սա տակաւին յաւուրս մանկութեան իւրոյ էր, որ է ըսել արքայազուն իշխանի դիրքի մէջ էր, եւ այն ատենէն Սարգիսին յանձնած էր Շողագայ վանքը, Գեղարքունի գաւառին մէջ: Երբ թագաւորական աթոռ բարձրացաւ, զայն Սեւան դարձուց, զհայրութեան եւ զառաջնորդութեան պատիւն տալով անոր, ուր բարւոք վերակացութեամբ հաճոյանար Սարգիս Աստուծոյ եւ մարդկան (ԱՍՈ. 251), եւ յատկապէս թագաւորին, որ Խաչիկէ ետքը կը յաջողցնէ անոր կաթողիկոսութիւնն ալ: Սարգիս երկարատեւ պաշտօնավարութիւն ունեցած է, որ 23 եւ 24 եւ 27 տարիներ գրուած է զանազան ցուցակագիրներէ եւ պատմագիրներէ: Առաջինները Գ. եւ Դ. թուատառերու շփոթութեան հետեւանք են յայտնապէս, իսկ 24 եւ 27 տարիներու տարբերութիւնը կրնար բացատրուիլ, գործէ քաշուելէն եւ հրաժարելէն ետքը անցուցած երեք տարիներու հաշիւով, որով 24 տարի կաթողիկոսութիւն վարած, եւ 27 տարի կաթողիկոս ապրած կրնար ըսուիլ: Սակայն երկու մեծ վկայութիւններ, Լաստիվերտցի եւ Օրբելեան, 27 տարի կաթողիկոսութիւն վարած կը ցուցնեն: Լաստիվերտցի յայտնապէս ի չորեքհարիւր վաթսուն եւ ութ թուականին կը դնէ Սարգիսի քաշուիլը, որ է 1019, եւ ընտրութենէն 27 տարիները կը ճշմարտուին: Գրչութեան սխալ ենթադրել ալ հաւանական չէ, որովհետեւ անկէ առաջ չորեքհարիւր վաթսուն եւ եօթն, եւ անկէ ետքը չորեքհարիւր եօթանասուն թուականները կը յիշուին (ԼԱՍ. 15): Օրբելեան ալ 27 տարի կու տայ կաթողիկոսութեանը (ՕՐԲ. Բ. 261), իսկ Միխայէլի ամ ամի ըսելը (ՔԱՀ. 38), պարզապէս իբր գրչագրութեան սխալանք պէտք է սեպել: Հետեւաբար 992-ին սկսած հայրապետական պաշտօնը, 1019-ին փակուած պիտի ընդունինք կամաւոր հրաժարումով, ինչպէս պիտի տեսնենք իր կարգին: Ըսինք արդէն թէ Ասողիկ, Սարգիսի մեծ գովաբանը, մինակ առաքինութեան մասին կը խօսի. իսկ ուսումնասիրութեան մասին յիշատակութիւն չ՚ըներ, սակայն լռութիւնը այդ պարագան չի մերժեր: Սեւան ժամանակին ուսումնական կեդրոններէն մէկն էր, եւ հնար չէր որ Սեւանի առաջնորդը ուսումնական արժանիքէ զուրկ ըլլար: Ուռհայեցին շատ մը նշանաւոր վարդապետներու անունները տուած ատեն, որք երեւեցան յաշխարհս Հայոց յայսմ ժամանակիս, յանուանէ կը յիշատակէ Սարգիս Սեւանեցի մըն ալ (ՈՒՌ. 215), զոր ի դէպ է Սարգիս կաթողիկոսի վրայ իմանալ, թէպէտեւ ուրիշ Սարգիս Սեւանցի մըն ալ ունինք Մագիստրոսէ յիշուած (ՄԱԳ. 66): Սարգիսի ուսումնական արժանիքին փաստ պէտք է սեպել Ստեփանոս Ասողիկի պատմութիւնն ալ, զոր սա գրած է տեառն Սարգսի, տիեզերափայլ եւ մեծաշնորհ հովուապետի զհրամանն ընկալեալ (ԱՍՈ. 276), եւ այսչափն ալ կը բաւէ հաւաստել թէ ուսմանց հետեւող եւ ուսմունքները քաջալերող մը եղած է Սեւանի աշակերտ եւ Սեւանի առաջնորդ Սարգիսը:

800. ՀԱՅ ԹԱԳԱՒՈՐՆԵՐ

Սարգիսի ժամանակը Հայաստանի լարաբաժին թագաւորութեանց գագաթնակէտը կրնայ սեպուիլ, այնչափ բազմաթիւ եղած էին ինքնուրոյն աւատական իշխանութիւնները, որոնք մէկ մէկ գաւառներ սեփականելով ինքնուրոյն կը կառավարէին, եւ ամէնքն ալ թագաւոր անունը կը գործածէին: Ասոնք երեք ազգատոհմերու վրայ բաժնուած էին, Արծրունիք կ՚իշխէին Վասպուրականի կողմերը, Սիւնիք ունէին իրենց սեփական Սիսական կամ Սիւնիք նահանգը, իսկ մնացեալները Բագրատունեաց տոհմէն էին, ուսկից էր եւ Անի նստող Արարատի թագաւորը, որ ամենուն վրայ գերագահութիւն կը վայելէր, եւ այս պատճառով Շահանշահ կը կոչուէր 764), եւ օծումի առաւելութիւնը կը վայելէր, զոր շատեր չունէին: Գագիկ` Աշոտ Ողորմածի երկրորդ որդին, իր եղբօր Սմբատ Բ. ի յաջորդած էր 990-ին, Սարգիսի ընտրութենէն իբր երկու տարի առաջ, եւ ամբողջ Սարգիսի օրով իշխանութիւնը շարունակեց, վասն զի Սարգիսի հրաժարելէն ետքը վախճանեցաւ: Արծրունի Աբուսահլի երեք զաւակները եռեակ թագաւորութիւններ հաստատած էին 776). Աշոտ բուն Վասպուրականի թագաւորը մեռած էր 439=990-ին, եւ անոր մասը սեփականեցին իր եղբայրները` Գուրգէն Անձեւացեաց եւ Սենեքերիմ Ռշտունեաց թագաւորները, եւ երբ Գուրգէն ալ մեռաւ 452=1003-ին, մանկահասակ երեք զաւակներ թողլով, Սենեքերիմ մնաց բովանդակ Վասպուրականի թագաւոր, եւ 20 տարի եւս շարունակեց այնտեղ (ԱՍՈ. 274): Սիւնեաց առաջին թագաւոր նշանակուող Սմբատին 765) մահուընէ ետքը, պայազատէ զտէրութիւն նորա մանուկ որդին իւր Վասակ, եւ մեծահանդէս ժողովով ազատակոյտ բազմութեամբ օծանի թագաւոր Սիւնեաց եւ Բաղաց (ՕՐԲ. Բ. 41): Վասակ պապենական Սահակ անունն ալ միացուցած կ՚երեւի իր անունին (ՎԱՐ. 90), համաձայն կրկին անուններու սովորութեան, որ տակաւ կ՚ընդարձակուէր Հայոց մէջ: Այս սովորութեան մեկնութիւնը կը գտնենք, մկրտեալներուն վրայ քրիստոնէական անուն մը դնելու սկզբունքին մէջ, զոր կը թելադրէ Նարեկացին` Աբուսահլ Արծրունիի երեք զաւակներուն երկրորդ անունները յիշած ատեն գործածած բացատրութեամբը, բայց ի փրկագործն ծննդենէ աւազանին նորոգութեան աստուածութեանն որդեգրութեան (ՆԱՐ. 387): Վասակ բաւական երկարատեւ իշխանութենէ ետքը անորդի մեռաւ, եւ իրեն յաջորդեց իր քեռորդին Սմբատ, որ էր որդի Աշոտոյ ի նոյն Սիսական տոհմէ, իսկ Աշոտ էր իշխանաց իշխան ամենայն թագաւորութեանս (ՕՐԲ. Բ. 61): Վասակի դուստրն էր Կատրամիդէ, Գագիկի կինը, որ նշանաւոր եղած է իր շինարար գործունէութեամբ եւ նպաստած է Սիւնեաց եւ Բագրատունեաց մէջ տիրող խաղաղութեան: Բագրատունի տոհմին իշխաններէն Գագիկէ ետքը պէտք է յիշենք Աբասը, որ Կարսի թագաւորն էր 787): Գագիկի եղբայրը Գուրգէն ալ կ՚իշխէր Տաշիրք կամ Լոռի գաւառը, ուր իրեն յաջորդեց որդին Դաւիթ, Անհողին մականուանեալ, որ հօրենական իշխանութիւնը տարածեց մինչեւ Օրբեթ, որ է Շամշուլտէ, եւ մինչեւ Տփղիս, յաղթելով Փատլուն ամիրային եւ Դեմետր մարզպանին, որ Վրաց օգնութիւնը վայելելու համար քաղկեդոնիկ կրկնամկրտութիւն ալ ընդունած էր, կամ ի նոցա կրկնամեռ լուանայր ջուր, ինչպէս կը գրէ Ասողիկ (ԱՍՈ. 249): Թէպէտ եւ Դաւիթ իր յաջողութիւններէն փքացած, եւ սակաւ ինչ ամբարձեալ անհնազանդութեամբ մասամբ, հօրեղբօր Գագիկի դէմ ալ անսաստել կը սկսէր, եւ Գագիկ վրան քալելով զսպել կը ձեռնարկէր, սակայն միջնորդութեամբ հայրապետին տեառն Սարգսի եկն ի հնազանդութիւն, եւ այնուհետեւ իբրեւ որդի առ հայր խոհական հպատակութեամբ ապրեցաւ (ԱՍՈ. 272):

801. ՇՐՋԱԿԱՅ ՊԵՏՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

Հայաստանի հիւսիսային գաւառներուն եւ անոնցմէ անդին եղող երկիրներուն իշխանութիւնն ալ Բագրատունիներու զանազան ճիւղերուն անցած էին, սակայն անոնք այլեւս տեղերուն բնիկը դարձած եւ դաւանութեամբ ալ համաձայնած էին: Ասոնց մէջ առաջին տեղը կը գրաւէր Տայոց թագաւոր Դաւիթ կիւրապաղատը 788), որ յառաջացեալ տարիքովը եւ նշանաւոր գործերովը գերակայ դիրքի մը տիրացած էր: Վրաց թագաւոր էր Բագարատ, որ այդ միջոցներուն մեռաւ, եւ իրեն յաջորդեց որդին Գուրգէն (ԱՍՈ. 261): Ափխազաց թագաւորութիւնն ալ Թեւտասի մերժուելէն ետքը տրուեցաւ Սմբատի, որ սոյն Գուրգէնի որդին եւ Բագարատի թոռն էր (ԱՍՈ. 243): Սմբատ ուրիշներէն Բագարատ կոչուած է (ՉԱՄ. Բ. 870), եւ պահ մը իր պապին դէմ ալ քալեց, իր հօրը Գուրգէնին, մեծ հօրը երկրորդ կնոջ կողմէն նեղուելուն համար, բայց դրացիներու միջամտութեամբ խաղաղութիւն հաստատուեցաւ (ԱՍՈ. 244): Աղուանից թագաւորութիւնն ալ կը շարունակէր, Փառիսոսոյ թագաւորութիւն մըն ալ կար (ԱՍՈ. 275), որոնց իշխողներ նոյնպէս Բագրատունի սերունդներ էին: Ասոնց հետ` Հայաստանի մէջ տիրապետող Տաճիկ ամիրաներ ալ տակաւին կը շարունակէին իշխել, գլխաւորապէս Գանձակի եւ Դուինի եւ Մանազկերտի եւ Նախիջեւանի կողմերը, Յոյներ ալ իրենց իշխանութեան ներքեւ կը պահէին Բարձր Հայոց եւ Չորրորդ Հայոց եւ Տուրուբերանի` թէ ոչ բովանդակը, գոնէ մեծագոյն մասը, եւ պատերազմներ ու նիզակակցութիւններ փոփոխակի կը շարունակէին ասոնց ամենուն մէջ, որոնց մանրամասնութիւնները մեր նպատակէն դուրս կը մնան: Մենք միշտ ուզած ենք քաղաքական կացութիւնն ալ բացատրել համառօտիւ, համոզուած ըլլալով թէ առանց անոր անհնար է ազգային եկեղեցւոյ գործերուն ընթացքը լաւ ըմբռնել: Բաց աստի մեր նիւթին հետ յարաբերութիւն ունեցող կէտ պէտք է նկատել, ժամանակին տիրապետող ամուր համոզումը` կրօնական սկզբունքներուն մասին: Պատմիչը Դեմետր մարզպանին պարտութիւնը պատմած ատեն, որ քաղկեդոնիկ կրկնամկրտութիւն ընդունած էր 800), կը յաւելու. Եւ ծանեաւ Դեմետր թէ որք հեռանան ի Տեառնէ, կորնչին, սատակին եւ իսպառ մաշին (ԱՍՈ. 249): Դաւիթ կիւրապաղատի կողմէն ղրկուած Վրացի բանակին` Խլաթայ պատերազմին մէջ Տաճիկներէ յաղթուելնին պատմած ատենն ալ դիտել կու տայ, թէ Վրացիք` Հայոց եկեղեցին գոմս եւ իջեւանս արարին, եւ երբ Տաճիկներէն յանդիմանուեցան, եթէ զսրբութիւն քրիստոնէից այդպէս առնէք եւ դուք քրիստոնեայքդ, Վրացիներ յանդգնեցան պատասխանել, թէ մեք զՀայ եկեղեցին եւ զձեր մզկիթն միապէս ընդունիմք: Եւ կը յաւելու, թէ այս եղաւ պատճառը որ շարժեցաւ ցասումն Աստուծոյ ի վերայ նոցա, որ նոյնիսկ 447 տարւոյ Զատկին օրը, 998 Ապրիլ 17-ին Վրացիք հարուածս սաստկագոյնս կը կրէին, եւ փախստական լինէին նոյն գիշերը (ԱՍՈ. 260): Դրացի տէրութեանց մէջ վեհապետներու փոփոխութիւններ չունինք Սարգիսի ատեն: Յունաց կայսերական գահուն վրայ կը գտնուէր միշտ Վասիլ Բ. իր եղբօր Կոստանդին Թ. ի գահակցութեամբ 778), եւ բաւական գործունեայ իշխանութիւն կը վարէր ամբողջ կէս դար տեւողութեամբ: Իսկ ամիրապետական իշխանութիւնը լոկ անուանական բան մը դարձած էր, եւ ամէն կողմ ամիրաներ ազատաբար կ՚իշխէին, եւ նոյնիսկ մայրաքաղաքին մէջ էմիրիւլիւմէրաներն էին իշխողները 747): Մըթի-Պիլլահ, 28 տարի ամիրապետի անունը կրելէն ետքը, անդամալուծութեան պատճառաւ բռնադատուեցաւ հրաժարիլ 974-ին, եւ իրեն տեղ անցաւ որդին Ապտիւլ-Քէրիմ-Ապուպէքիր, Թաի-Լիլլահ կամ Տահէր-Պիլլահ անունով. ինքն ալ էմիրիւլիւմէրայութիւնը ձեռք անցնող Պուիտեան իշխաններուն խաղալիք եղած, որոնց գլխաւորը Ատատ, Շահնշահ անունն ալ սկսաւ գործածել, իսկ անոր կրտսեր որդին Պոհաւէտ-Տէվլէ, ամիրապետը ամբաստանեց իբրեւ թէ գումարներ իւրացուցած ըլլայ, ձերբակալեց, խոշտանգեց եւ հրաժարելու ստիպեց 991-ին, եւ տեղը նշանակեց Մօքթատըր-Պիլլահի թոռներէն մէկը Քատէր-Պիլլահ անունով, որ 41 տարի մնաց անուանական իշխանութեան մէջ: Այդ տեսակ կացութեան հանդէպ դիւրաւ կը բացատրուի, թէ ինչպէս Հայ իշխաններ կրնային ազատ կերպով իրենց երկիրները կառավարել, թէպէտեւ պաշտօնապէս հարկատու իշխանի դիրքն ունէին, եւ դրացի ամիրաներուն հետ երբեմն կը պատերազմէին եւ երբեմն կը զիջանէին, իրենց զինուորական ոյժերուն համեմատ:

802. ԱՆԻԻ ՇԻՆՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

Սարգիսի անձին եւ իր ժամանակին վրայ ընդհանուր տեղեկութիւններ տալէ ետքը, կը մտնենք անոր գործունէութեան գլխաւոր կէտերը պատմել: Առաջին գործն եղաւ աթոռանիստ տեղւոյն փոխադրութիւնը: Ընտրողական ժողովը գումարուած էր Անիի մէջ, ուր Սմբատ ձեռնարկած էր փառաւոր կաթողիկէ եւ կաթողիկոսարան կառուցանել 780), բայց մահը վրայ հասնելուն գործը անկատար էր մնացած, եւ Կատրամիդէ թագուհի հոգ տարաւ եւ վճարեաց աւարտմամբ զկաթողիկէն: Կը պատմուի թէ Կատրամիդէ գործին փոյթ տարաւ ի հրեշտակէ Աստուծոյ յորդորեալ, որ խոստանայր նմա, մնալ ի նմին տաճարի մինչեւ զՔրիստոս եկեալ տեսցեն արարածք (ՎԱՐ. 90), ինչ որ պէտք է մեկնել Կատրամիդէի գերեզմանին մինչեւ աշխարհի վերջը եկեղեցիին հովանւոյն ներքեւ մնալուն վրայ, եւ ոչ թէ Կատրամիդէի մինչեւ այն ատեն կենդանի մնալուն վրայ: Իսկ տեսիլքի մը խօսքը դիւրըմբռնելի է այն դրութեամբ, որով ամէն բարի մտածումներ հրեշտակային թելադրութիւններ կ՚ընդունուէին հաւատացեալներէն: Սմբատի մահէն մինչեւ Սարգիսի ընտրութիւնը անցած երկամեան, բաւական եղած է հարկաւ կաթողիկէին եւ կաթողիկոսարանին շինուածը այնչափ յառաջացնել, որ Սարգիս կրցած է ընտրութենէ եւ օծումէն ետքը այլեւս Արգինա չդառնալ, եւ մնալ Անի, Գագիկի մօտ, որ կանուխէն ալ մասնաւոր սէր ունեցած էր Սարգիսի վրայ, եւ անոր կաթողիկոսութիւնն ալ յաջողցուցած էր 798): Արձանագրութիւնը մինչեւ 450=1001 կը տանի կաթողիկէին աւարտումը (ՇԱԿ. 91), զոր պէտք է մեկնել բոլոր զարդերուն լրանալուն վրայ: Դիտելի է եւս որ արձանագրութեան մէջ թագուհիին անունը Կատրանիգէ գրուած է (ՇԱԿ. 71), եւ ոչ Կատրամիդէ, ինչպէս ունին բոլոր գրչագիրները: Կաթողիկէին շինութեան լրումը Անեցիէն մինչեւ 1011 կը յետաձգուի (ՍԱՄ. 104), որ պարզապէս թիւրիմացութեան վերագրելի է: Կաթողիկէի շինութեան Կատրամիդէի եւ ոչ Գագիկի վերագրուիլը, դիտումնաւոր գործ մը կ՚երեւի Գագիկի կողմէ, որպէսզի անոր շինութիւնը ամբողջապէս իր եղբօր անունին մնայ, իսկ ինքը իր անունով ուրիշ փառաւոր շինուած մը սկսաւ կառուցանել, նոյնպէս Անիի մէջ, Ծաղկոցաձորի կողմը, ի բարձրաւանդակ տեղւոջ, տարփատենչ տեսողացն, մեծատաշ վիմորդեան կոփածոյ վիմօք, մանուածոյ քանդակաւ յօրինեալ, լուսանցոյց պատուհանօք, երրակի դրանց դրանդեօք, սքանչատես տեսլեամբ գմբեթաւորեալ` գունակ գերամբարձ եւ երկնանման գնտին: Գագիկաշէն եկեղեցիին մէկ առաւելութիւնն էր, Քաղաքուդաշտի կամ Վաղարշապատի մեծաշէն եկեղեցիին հետ նոյնաձեւ չափով եւ յօրինուածով շինուած ըլլալը, այսինքն Ներսէս Շինողի կառուցած Զուարթնոց եկեղեցիին յարեւնմանը, որ էր փլեալ եւ կործանեալ (ԱՍՈ. 274): Հարկաւ այս էր պատճառը որ Գագիկի կառուցած եկեղեցին ալ անուամբ սրբոյն Գրիգորի շինեալ եղաւ: Շինութեան թուական կը տրուի Քրիստոսի 1000 տարին (ԱՍՈ. 274) եւ այս հաշուով Կատրամիդէի եւ Գագիկի շինութիւնները միասին աւարտած կ՚ըլլան: Մայր եկեղեցին կիսաւեր, բայց կանգուն մնացած է տակաւին, իսկ Գագիկաշէն Ս. Գրիգորի դիրքը նոր պեղումներով ճշդուեցաւ աւերակներու մէջէն, որոնց մէջ Գագիկի արձան մըն ալ երեւան եկաւ բնականէն մեծ, տաճկական տարազով եւ փառաւոր մօրուքով, որ յաղթանդամ հասակ ալ ենթադրել կու տայ Գագիկի վրայ:

803. ՍԻՒՆԵԱՑ ԱԹՈՌԸ

Սարգիսի գործերուն կարգին նշանաւոր է Սիւնեաց աթոռին մասին համակիր վերաբերումը: Երբոր Անանիա Մոկացին` Սիւնեաց խնդիրը վերջացնելով Վահանը Սիւնեաց աթոռին ձեռնադրած էր, իբր ըմբոստութեան պատիժ զրկած էր աթոռը իր առանձնաշնորհութիւններէն 754): Վահան երբ Սիւնեաց աթոռին վրայ իրեն յաջորդ ձեռնադրեց Աշոտը 771), չկրցաւ անմիջապէս կարգադրութիւն մը ընել, եւ ինքն ալ շուտով հակառակութեանց ենթարկուեցաւ, որով Սիւնեաց աթոռին կազմութիւնը փոխել անհնար եղաւ, մինչեւ Աշոտի մահը 771): Իրեն յաջորդները Սամուէլ, Յակոբ եւ Գրիգոր, որոնք Սարգիսէ ձեռնադրուեցան, շատ համառօտ կեանք ունեցան, եւ 455=1006-ին դարձեալ թափուր էր Սիւնեաց աթոռը, ու նոր ձեռնադրութեան պէտք կար: Ընտրեալն եղաւ Յովհաննէս, երջանիկ եւ փառաւորեալ այրն Աստուծոյ, ձիրքերու արժանիքէն զատ, ցեղովն ալ նշանաւոր. վասն զի Օրբելեան կը վկայէ ի զարմից գալ տեառն Սարգսի Հայոց կաթողիկոսի (ՕՐԲ. Բ. 46): Այդ առթիւ Վասակ թագաւոր ձեռնադրութեան հետ հին առանձնաշնորհութեանց վերահաստատութիւնն ալ խնդրեց, եւ պէտք չէ մոռնալ, որ Անիի թագուհին ալ Կատրամիդէ էր, Վասակի դուստրը: Այդ միջնորդութիւնները եւ մասամբ Յովհաննէսի ազգակցութիւնն ալ, համոզեցին Սարգիսը հին առանձնաշնորհութիւնները վերադարձնել, բայց այն կոնդակին մէջ, որոյ պատճէնը Օրբելեան պահած է (ՕՐԲ. Բ. 52), Սարգիս միմիայն օրինական պահանջին խօսքը կ՚ընէ: Կոնդակը կոչուած է նամակ շրջագայական, թուականն է 455=1006, կնքուած սովորական մատանեաւս, եւ ուղղուած Սիւնեաց Վասակ թագաւորին, եղբօրը Սեւադա իշխանին, եւ քեռայրին Աշոտ իշխանին, եւ առ ազատսդ եւ յընդհանուր ժողովրդականսդ, զորս կը բաժնէ ըստ երկոտասան կարգեալ գաւազանաց, որք են մետրապոլտութեան ենթարկեալ եպիսկոպոսարանները, թէպէտեւ վերջէն 15 անուններ կը համրէ: Կը պատմէ եւս թէ իրեն ներկայացուցած են զմեծափառ նամակս եւ զվճիռ պայմանի, որով Հայոց հայրապետներ հաստատած են Սիւնեաց աթոռին արտօնութիւնները, սկսեալ ի սրբոյն Գրիգորէ Լուսաւորչէ մինչեւ Ս. Սահակ` յունարէն եւ անկէ ետքը հայերէն գրով, եւ իւրաքանչիւր մատանի կապարեայ կնքով եդեալ ի վերայ, ընդամէնն 55 նամակ շրջագայական մինչեւ Անանիա, որ իրօք 54-րդ է Լուսաւորիչէն սկսելով: Իսկ Անանիայէ ասդին վասն իրիք ինչ պատճառի խախտեալ էր առաքելադիր աթոռն Սիւնեաց, բայց ինքն Սարգիս նկատելով որ առաջիններ նզովիւք հրամայած են, զի մի ոք իշխեսցէ պակասեցուցանել, ինքն ալ ամէն բան առաջին վիճակին կը վերածէ: Գլխաւոր իրաւունքը որ կը բացատրուի, ընդհանուր Սիւնիքին վրայ գերագոյն իշխանութիւնն է, ուր եղող եպիսկոպոսներն եւ վանահայրերն ալ ի ներքոյ Սիւնեաց աթոռին նուաճեալ ըլլան: Իսկ իբր արտաքին նշաններ կը յիշէ զխաչն եւ զբազմականն (ՕՐԲ. Բ. 53), զորս պատմիչը աւելի լուսաբանելով կը գրէ. թէ Սարգիս յանձնեց Յովհաննէսի զսեպհական խաչն Սիւնեաց, եւ զոսկետտուն վառն, եւ զմեծագին գաւազանն, եւ զպատուական գահոյս բազմականին, զորս պահեալ էին ի սենեկի սրբարանի հայրապետանոցին (ՕՐԲ. Բ. 47), Անանիայի անոնք վերցնելէն ետքը 754): Յովհաննէս հայրապետական հրամանով զօրացած, մեծարգոյ շքեղութեամբ ընդունուեցաւ եւ յաջողեցաւ զամենայն յափշտակեալ ժառանգութիւնսն անդրէն դարձուցանել. վասն զի Սարգիս կաթողիկոս ահագին նզովիւք փակեալ էր, զի մի ոք իշխեսցէ յանդգնել ի հերքումն, այլ զբովանդակն ի սեպհական աթոռն դարձուսցեն (ՕՐԲ. Բ. 48): Մեծ եղաւ Սարգիսի երախտիքը Սիւնեաց աթոռին վերստին պայծառութեան համար, որուն արդիւնքները տարածուեցան մինչեւ հեռաւոր դարերը: Մենք այդ մանրամասնութիւնները տալով ոչ միայն ուզեցինք Սարգիսի իմաստուն ձեռնարկը ցուցնել, այլ եւ մտադրութիւն հրաւիրել այնպիսի մանրամասնութեանց վրայ, որ ժամանակին վարչական եւ արարողական ձեւերը կը լուսաբանեն: Յովհաննէսի 50, եւ յաջորդին Գրիգորի 58 տարի պաշտօնավարութիւն կու տայ Օրբելեան (ՕՐԲ. Բ. 247), այնպէս որ միայն երկու եպիսկոպոսներ ամբողջ դարէ մը աւելի միջոց կը գրաւեն Սիւնեաց պատմութեան մէջ. եւ երկարութեան համեմատ արդիւնաւորութիւն ալ ունեցած են:

804. ԾՌԱԶԱՏԻԿԻ ԽՆԴԻՐԸ

Սարգիսի օրուան խնդիրներէն մէկն ալ ծռազատիկն է, զոր իր տեղը բացատրած ենք 383), եւ որ 570 թուականէն ետքը, երկու անգամ եւս տեղի ունեցած էր, 665-ին եւ 750-ին, 95 տարիներու հեռաւորութեամբ, որոնց մասին պատմական յիշատակներ չեն հասած: Անկէ ետքը 247 տարիներու ընդմիջում մը կար, որով ծռազատիկի յիշատակն ալ մոռցուած էր, երբ տոմարական հաշուով նորոգուեցաւ 1007-ին: Յոյներ Ապրիլ 6-ին զատիկ պիտի տօնէին, մինչ Հայեր Ապրիլ 13-ին կը սպասէին տօնել, կամ Հայոց ամսաթուով` ՆԾԶ=456 նաւասարդի 25-ին պիտի ըլլար տօնը, մինչ Յոյներ նաւասարդի 18-ին կը տօնէին: Ուռհայեցին ՆԾԵ =1006-ին կը դնէ ծռազատիկը (ՈՒՌ. 52), նոյնպէս եւ Սմբատ (ՍՄԲ. 42), մինչ Անեցին 1009-ին կը դնէ (ՍԱՄ. 104). սակայն տոմարական հաշիւը աւելի ուղիղ է, քան գրչագիրներու սխալականութիւնը, եւ մեր մատենագիրներուն հաշուագիտութիւնը: Ըստ այսմ չենք գիտեր թէ ինչ հիմամբ Անեցին շարունակ 553 տարիներու տարբերութեամբ կը հաշուէ Քրիստոսի թուականը, մինչ մենք տոմարական ճշդութեամբ օրերու տարբերութիւնը եւ ամանորի շարժականութիւնն ալ հաշիւի կրնանք առնել: Անեցին կը գոհանայ ըսել, թէ մոլորեցուցին Յոյնք զզատիկն, եւ ոչ վառեցաւ լոյսն յԵրուսաղէմ, վասն որոյ կոտորեցին անօրէնքն ի քրիստոնէիցն տասն հազար ոգիս (ՍԱՄ. 104), այսինքն թէ զատկի ճրագալոյցին երեկոյին Քրիստոսի գերեզմանէն ելած լոյսը, Յոյներուն զատկին չվառուեցաւ, շփոթութիւն ծագեցաւ, եւ թէ Հայերուն եւ Յոյներուն հակառակութենէն առիթ առնելով, տաճիկները ընդհանուր քրիստոնէից վրայ յարձակեցան, եւ կոտորեցին սրով զամենայն քրիստոնեայսն` հոգիք իբրեւ տասն հազար: Եւ լցաւ սուրբ գերեզմանն Քրիստոսի արեամբ աղօթաւորացն (ՈՒՌ. 53): Իսկ Հայոց եւ Յունաց խռովութիւնները տեղի ունեցան նաեւ ի քաղաքն ի Կոստանդնուպոլիս եւ յամենայն աշխարհն Յունաց (ՈՒՌ. 52): Այս եղելութիւնները Վասիլ կայսեր մտադրութիւնը գրգռեցին, երբ յաղթանակով Կոստանդնուպոլիս դարձաւ Բուլղարաց պատերազմէն: Նախ Յունաց իմաստունները հարցափորձեց, եւ Հայերուն դրութիւնն ալ իմանալու համար Սարգիս կաթողիկոսէն եւ Գագիկ թագաւորէն խնդրեց որ Յովսէփ Հնձացի եւ Յովհաննէս Կոզեռն վարդապետներն իրեն ղրկուին, բայց ասոնք միայն գրով պատասխանեցին եւ երթալ չուզեցին: Իսկ երբ Վասիլ խնդիրը կրկնեց, Սամուէլ Կամրջաձորեցին յանձնառու եղաւ Կոստանդնուպոլիս երթալ: Այնտեղ երկար վիճաբանութիւններ ունեցաւ Յոյն վարդապետներու հետ, անդստին սկիզբէն տոմարական հաշիւները կազմելով: Յոյները չկարենալով ընդդիմաբանել, կ՚առաջարկէին Մուսի Կիպրոսցի, Եբրայեցի վարդապետը բերել իբրեւ գերագոյն որոշիչ. սակայն այն ալ յամօթ եւ սուտ արար զամենայն իմաստունք տանն Յունաց եւ գովէր զբանքն Սամուէլի Հայոց վարդապետին (ՈՒՌ. 55), որուն վրայ Վասիլ Յոյներէն զբազումս եհան ի պատուոյ եկեղեցւոյն, եւ զվարդապետն Հայոց մեծաւ պարգեւօք ետ դարձուց (ՈՒՌ. 56): Որչափ ալ Ուռհայեցին, եւ անկէ առնելով Գունդստապլը (ՍՄԲ. 44) մեծ ուրախութեամբ կը պատմեն այդ միջադէպը, սակայն արդիւնքին մէջ չի տեսնուիր որ Յոյներ թողած ըլլան զսուտ եւ զխաբեբայ գրոց տումարն Ռիոնի, կամ ընդունած զճշմարտագիր տումարն մեծին Անդրէասի, որուն Հայերը կը հետեւէին, այլ ծռազատիկներ շարունակեցին, եւ հետզհետէ 1102-ին, 1197-ին, եւ 1292-ին նորանոր շփոթութեանց առիթներ ընծայեցին, մինչեւ որ 1824-ին Հայերն եղան, որ իրենց դրութենէն հրաժարեցան, եւ ծռազատիկի խնդիրը միանգամ ընդ միշտ խափանուեցաւ: Հետեւապէս հնար չէ Կամրջաձորեցւոյն պատուիրակութեան տալ այն կարեւորութիւնը զոր Ուռհայեցին ուզած է ընծայել: Չմոռնանք յիշել, որ Ուռհայեցին Հայոց թագաւորն ալ կը շփոթէ, ու Յովհաննէսի անունը կու տայ (ՈՒՌ. 54), որ 1007-ի ծռազատիկէն 13 տարի ետքը հօրը յաջորդեց, եւ այն պատճառով մենք վերագոյնդ Գագիկի անունը դրինք, քանի որ Յովհաննէս` Սարգիսի հետ մէկտեղ իշխանութեան վրայ ալ չգտնուեցաւ:

805. ՅԱԿՈԲ ԹՈՆԴՐԱԿԵՑԻ

Սարգիսի հայրապետական գործունէութեան մէջ աւելի նշանաւոր է Թոնդրակեցւոց խնդիրը: Անոնց սկզբնաւորութեան մասին խօսեցանք Յովհաննէս Դրասխանակերտացիին ժամանակ 736), իսկ անկէ ետքը իրենց վրայ շատ խօսիլ տուած չէին: Առանձնացեալ վիճակի մէջ լռիկ կ՚ապրէին Հայաստանի քանի մը անկիւնները, եւ մանաւանդ այն տեղերը որ Տաճկաց կամ Յունաց իշխանութեան ներքեւ կը մնային, ինչպէս էին Թոնդրակ Ապահունիք գաւառի մէջ, Կաշէ եւ Թուլայլ Մանանաղի գաւառի մէջ, եւ Խնունք Մարդաղի գաւառի մէջ, եւ գտնուած տեղերէն առնելով Թոնդրակեցի, Թուլայլեցի, Կաշեցի, Խնունցի, տարբեր անուններով կը ճանչցուէին, բայց կեդրոննին Թոնդրակն էր, ուր կը նստէր իրենց աղանդապետը, որ այս միջոցին էր Յեսու 736): Թոնդրակեցւոց գործին զայրանալուն առիթ ընծայեց Յակոբ Հարքայ եպիսկոպոսը, վասն զի մինչեւ այն ատեն բարձրաստիճան անձ մը չէր հետեւած այդ աղանդին, մինչ Յակոբ, եպիսկոպոսական իշխանութեամբը սկսաւ իր վիճակին մէջ այնպիսի կարգադրութիւններ ընել, որ Թոնդրակեցւոց սկզբունքներուն հետեւանքներն էին, թէպէտեւ ինքը ուղղափառ եկեղեցւոյ հետ իր համաձայնութիւնը ու յարաբերութիւնը խզել չուզեց: Քրձազգած պահեցող, բոկագնաց կերպարանով, այնպիսի ազդեցութիւն մը շահեցաւ ժողովուրդին եւ կղերին վրայ, որ թէեւ զհոգիս հանել հրամայէր, չէր ոք որ ընդդիմանայր (ԼԱՍ. 111): Անկէ ետքը սկսաւ ի նպատակ հաւատոյն մերոյ նետաձիգ լինել. քահանայից պատարագը արգիլել, եւ ոմանց միայն բացառաբար ներել ի տարւոջն երիս միայն մատուցանել պատարագս (ԼԱՍ. 114), բարեպաշտական արարողութիւնները ծաղրել, մեղաւորներուն արձակումը զլանալ, հաւատալիքները թեթեւցնել, եւ արտաքին ձեւերով ներքին անառակութիւնները քօղարկել: Յակոբի ընթացքը յոմանց ընկալեալ եղեւ եւ յոմանց ոչ, որով յերկուս բաժանեցան ժողովուրդք, եւ հարկ եղեւ Տարոնի մէջ հարց եւ հայրապետաց եւ քահանայից ժողով գումարել, եւ Յակոբի ընթացքը քննել: Երկիցս ժողով եղեւ, Յակոբ ժողովին հրաւիրուեցաւ, բայց ի տան նստեալ, ի ձեռն պատգամաց ոռնէր ժողովոյն պատասխանի, կեղծաւոր յայտարարութիւններով ամբաստանութիւնները կը հերքէր, բայց աւելի քաղաքական պաշտպանութեամբ կը զօրանար, վասն զի իշխանք գաւառին, իբրեւ ամենեքեան, ի նորա կեղծաւորական կերպարանաց իբրեւ շղթայիւ կապեալ էին (ԼԱՍ. 115): Վերջապէս Յակոբի յարած կրօնաւորներէն մէկը, Եսայի Կարնեցի աբեղան, տեսեալ եւ տեղեկացեալ նորա մծղնայ կրօնիցն, եւ միտքին մէջ գայթակղելով, Սարգիս կաթողիկոսին մօտ եկաւ, ճշմարտութիւնը պարզեց, ամէն պարագաներ հաղորդեց, եւ հաստատութեան փաստերն ալ ներկայեց: Սարգիս, որ սաստիկ կը նեղուէր Հարքայ խնդիրին ստացած ծանրութենէն, նախ քաղաքական բանիւք Յակոբը մօտը հրաւիրեց եւ խրատեց, բայց անոր իր ընթացքը շարունակելուն վրայ արդարութեան դատաստանը ձեռք առաւ, ի քահանայական կարգէն լուծեալ, եւ աղուէսադրոշմ կերպարանօք խարան յերեսս նոցա եդեալ, մունետիկի ձեռքով ալ յայտարարել տուաւ, որ ի սրբոյ Լուսաւորչին հաւատոյ սողոսկեալ յանօրէն Թոնդրակեցւոց` ի մարդադէմ գազանաց փարախն մտեալ միաբանի, դատ եւ իրաւունս զայս կրեսցէ (ԼԱՍ. 116): Բայց հակառակ այդ յայտարարութեան Յակոբ եպիսկոպոսէն զատ մէկու վրայ որեւէ խստութիւն գործածուած լինելու յիշատակութիւն չ՚ըներ պատմութիւնը, թէպէտեւ Թոնդրակեցւոց տեղն ալ աղանդաւորներն ալ յայտնի էին: Սարգիս կաթողիկոս գոհացած է միայն եպիսկոպոսին վրայ թափելով այնպիսի խստութիւններ, որ միտք կը ձգեն Շահապիվանի ժողովին մէջ Մծղնէից դէմ դրուած կանոնները 229): Արդէն Թոնդրակեցւոց աղանդն ալ Մծղնեայ կրօնք անունով յատկանշած է պատմիչը (ԼԱՍ. 116), եթէ ոչ ուղղակի յաջորդութեամբ, գոնէ սկզբունքներու նմանութեամբ իրարու համեմատելով:

806. ԲԱԶՄԱՂԲԻՒՐԻ ԽԱՉԸ

Թոնդրակեցւոց մէկ խումբն ալ Մանանաղի գաւառը կը մնար, Կաշէ եւ Աղիւս կոչուած գիւղերը, ուր գլխաւորնին էր Կունծիկ աբեղայ մը, որ բնակէր մօտ ի բերդաքաղաքն որ կոչէր Շիրի, ու զինքն յԱղուանից ազգէն կը հռչակէր: Կունծիկ իրեն պաշտպան ունէր Հրանոյշ անուն ազնուազգի տիկին մը, որ գրաւած էր իր տոհմակիցներէն Ախնի եւ Կամարա անունով երկու քոյր կիներ ալ, եւ ասոնք ալ կրցած էին որսալ իրենց Վրվէռ եղբայրը, գաւառին իշխաններէն, որ առաջ բարեպաշտ եւ եկեղեցասէր մէկն էր, եւ մինչեւ իսկ կրօնաստան այսինքն վանք մըն ալ շինած էր Անդրէաս վարդապետի մը առաջնորդութեան ներքեւ: Իշխանին եւ իշխանուհիներուն պաշտպանութիւններէն զօրացած, Կաշեցի աղանդաւորներ այնչափ յանդգնեցան, որ զատիկը անցնելէն ետքը, իբրեւ տնօրինական տօնախմբութեանց անարգանք Պենտեկոստէի, այսինքն Յինունքին սկիզբները, յաւուր որ Նոր կիւրակէն կոչի գիշերանց եկան Բազմաղբիւր գիւղը, ուր նշանաւոր խաչ մը կար կանգնած եւ ժողովուրդին յատուկ բարեպաշտութեան առարկայ էր, եւ մրճով հարեալ զթագ աստուածընկալ նշանին` մանրեալ յերկիր կործանեցին: Բազմաղբիւրի խաչը այնչափ նշանաւոր էր, որ գիւղին անունն ալ անկէ առնուելով Խաչ կը կոչուէր (ԼԱՍ. 120) եւ մինչեւ ցայսօր ալ Խաչքէօյ կը կոչուի Դերջանի մէջ: Առտուն կանուխ ժամերգութեան գացող քահանան եղելութիւնը կը տեսնէ, գոյժը կը տարածէ, գիւղը կը ցնցուի, ողբ ու աղաղակ կը տիրէ, եւ ձիւնին վրայ եղած հետքերը Կաշեցիներուն գործն եղած ըլլալը կը հաստատեն: Ձիւնի յիշատակութիւնը զատիկը կանուխ եղած տարի մը կ՚ենթադրէ, եւ կը յարմարի 1011 թուականին, որ տարին Զատիկ Մարտ 25-ին է եղած, եւ Նոր կիւրակին Ապրիլ 1-ին: Գաւառին մեծ եպիսկոպոսը, Սամուէլ հայրապետ, ժողովրդական վրէժխնդրութեան գլուխ կը կանգնի եւ զգաւառի եպիսկոպոսն եւ զերիցունս եւ զհարսն առ ինքն հաւաքեալ` Կաշէ կ՚երթայ, թող կու տայ ժողովուրդին զանօրինացն զկաղաղսն կեղեալ ապականել, գիւղը կրակի տալ, եւ վեց հոգիներ ալ կը ձերբակալէ զորս վարդապետս ասէին լինել, Ջերմայ քաղաքագեօղը կը բերէ, եւ աղուէս խարանօք զդէմս նոցա դրոշմել հրամայէ (ԼԱՍ. 121): Մանանաղի գաւառը Յունական բաժնին մէջ կը մնար, եւ Սամուէլ որ հայրապետ կը կոչուի, այդ կողմերուն գլուխ եպիսկոպոսացն էր, պատկառելի եւ ծերունի եպիսկոպոս մը: Կաշէի դիպուածը տեղական իշխանութեան մտադրութիւնը հրաւիրեց, եւ Եղիա իշխան մը` դատաւոր իրաւանց աշխարհին` քննութեան ղրկուեցաւ Եկեղեաց գաւառապետին կողմէն, եւ Կոթեր այժմ Քիւթուր աւանը նստեցաւ, ուր Մանանաղի գետը կը խառնուի Եփրատին, որ ձիւներուն հալելուն եւ առաջին անձրեւներուն պատճառով յորդեալ գայր լի դարիւ եւ դարիւ: Վրվեռ իշխան իբրեւ դատախազ ներկայացաւ Եղիա դատաւորին` Սամուէլի եւ ուրիշ եպիսկոպոսներու դէմ, թէ զիմ տունն յաւարի տարան, եւ զգեօղն աւերեալ հրդեհ արարին. եւ այս երեսէն բազում գանձուց եւ ընչից պահանջներ ալ կ՚ընէր: Եղիա մէկէն կը հրամայէ ամբաստանել եպիսկոպոսները զինուորներու ձեռքով բերել, իսկ Սամուէլ ձայն կու տայ եկեղեցականներուն եւ ժողովուրդին իրեն հետ գալ, բազմութիւնը կը հասնի Եփրատի եզերքը, որ ուռած կու գար, նաւակ մը միայն կը գտնուի որով եպիսկոպոսներ կ՚անցնին եւ կը բանտարկուին, եւ այլեւս նաւակը չեն դարձներ, որ ժողովուրդը չխուժէ: Իրիկուն կ՚ըլլայ, ժողովուրդը անհամբեր, քահանաներ առջեւէն, իրենք ետեւէն ջուրը կը նետուին, եւ անվտանգ կ՚անցնին, ոչ ոք վնասեալ յայնքան բազմութենէն եւ ոչ մի (ԼԱՍ. 123): Եղիա դատաւորն ալ կը զգածուի ժողովրդական ցոյցէն եւ անվնաս անցքէն, զոր իբրեւ զհրաշս սքանչելեաց կ՚ընդունի, Փրրիս, այժմ Փիրիզ քաղաքի եպիսկոպոսարանին մէջ ատեան կը բանայ, եւ Կաշեցիները պարտաւոր կը դատէ իրենց սրբապիղծ ձեռնարկին համար: Հազիւ թէ Վրվէռ յունադաւան ըլլալ խոստանալով եւ Եպիսառատ Հոռոմ եպիսկոպոսին կաշառք տալով զայն կը շահի, եւ անոր պաշտպանութեամբ անպատիժ կը թողուի: Իսկ մնացեալ Կաշեցիներ մեծամեծ հարուածովք եւ գանիւ տանջեալ կը պատժուին, եւ ժողովուրդը ուրախութեամբ եւ եկեղեցականներու ժողովն ալ դատաւորը օրհնելով ետ կը դառնան, եւ Բազմաղբիւրի խաչին միջադէպը կը փակուի(ԼԱՍ. 124):

807. ԱՂԱՆԴԱՒՈՐԱՑ ՊԱՏԺՈՒԻԼԸ

Այդ եղելութիւնները նորէն առիթ կ՚ընծայեն մեզի մտադրութիւն դարձնել հոգեւորական եւ կրօնական խնդիրները արտաքին պատիժներով զսպելու պարագային վրայ, որ կերպով մը կրնայ բաղդատուիլ Արեւմուտքի մէջ միջին դարերու ատեն զօրացած հաւատաքննական զեղծումներուն հետ: Քանիցս յիշած ենք թէ Հայոց եկեղեցին սկզբունքով հեռու է բռնադատական միջոցներէ, բայց այն ալ կրցաւ երբեմն անցողակի կերպով նմանօրինակ միջոցներ գործածել, երբ աղանդաւորներուն գործերը հասարակ եղեռնագործութեանց եւ անարդարանալի բռնութեանց կերպարան կ՚առնէին, կամ թէ արտաքին ազդեցութիւններ իրենց միտքը կը նախապաշարէին: Ինչ որ ներկայ պարագային մէջ Բազմաղբիւրի խաչին առթիւ Կաշեցիներու վրայ գործուեցաւ, մասամբ ժողովրդական յուզման հետեւանք էր, որ կանոն ու օրէնք չի լսեր, եւ մասամբ յունական օրէնքներու գործադրութիւն էր, վասն զի Մանանաղի յունական իշխանութեան ներքեւ էր, որ յօրէնս հրամայէ զվերջին պատուհաս կրել նոցա, եւ իրօք ալ կայսերական զօրավարք եւ պետք ի սուր սուսերի մատնեցին զնոսա, ինչպէս Մագիստրոս կը վկայէ (ՄԱԳ. 162), եւ ինչպէս իրօք ալ կատարուած է 671): Իսկ աղուեսադրոշմի կիրառութիւնը Մագիստրոսէ կը յիշուի իբր պատիժ մը` զոր մեր քահանայապետք գործածած են (ՄԱԳ. 162), բայց հնար չէ իբր զուտ հայկական սկզբունք նկատել: Վասն զի կանուխ Յոյներու կողմէ ալ գործածուած էր, եւ Սարգիսի հրամանով` միայն Յակոբ եպիսկոպոսի վրայ գործադրութիւնը յիշուած է: Իսկ Սամուէլի վեց Կաշեցիներու վրայ ըրածը, աւելի յունական սովորութեանց պէտք է վերագրել: Թոնդրակեցւոց աղանդը նորամուտ բան մը չէր Հայոց մէջ. եւ անդստին Ս. Սահակի օրէն 207) Հայ աղանդաւորներու շարունակութիւն մը անընդհատ է պատմութեան մէջ, այնպէս որ արտաքին պատմիչներ նոյնիսկ Պաւղիկեաններուն ծագումը այդ Հայ աղանդաւորներու հետ կապեցին: Անոնց գործունէութիւնը աւելի սաստկացաւ Օձնեցի, Ովայեցի եւ Դրասխանակերտացի Յովհաննէսներու եւ բոլոր Հայաստանեայց քահանայապետացն օրով, որոնք անիծեալ զնոսա զգուշացուցին զմերձենալ իսկ առ նոսա (ՄԱԳ. 154), բայց բռնական կարգադրութիւններ չըրին: Սարգիս ինքն ալ տարբեր ճամբէ չքալեց, եւ մէկ Յակոբի վրայ եղածը` վարչական ուղղութեան փոփոխութիւն չի հաստատեր: Յակոբի համար կը պատմուի եւս, թէ Սարգիս հրամայեց զայն ի բանտի արգելուլ, բայց նա յաջողեցաւ ի գիշերի հատեալ զբանտն փախստական ըլլալ: Անկէ ետքը Կոստանդնուպոլիս երթալով խնդրէ մկրտել ըստ նոցա կարգաց, բայց չընդունուիր, նորէն Ապահունիք կու գայ եւ Թոնդրակի մէջ զանխլաբար կը մնայ, բայց աղանդաւորներն իսկ զինքն կը մերժեն վասն առաւել պղծութեանն (ԼԱՍ. 117): Այս կենցաղական պղծութեան պարագան կրնայ հիմ եղած ըլլալ Սարգիսի գործածած խստութեանց: Յակոբ Թոնդրակէ ալ հեռանալով, Խլաթայ լեռներու կողմը կը բնակի ժամանակ մը, անկէ կ՚անցնի Մուհարկին, որ է Մուֆարզին կամ Նփրկերտ, թերեւս իսլամութեան դիմելով, վասն զի միեւնոյն ամիրային իշխանութեան ներքեւ կը գտնուէին Ապահունիք եւ Նփրկերտ (ԱՍՈ. 257), եւ վերջապէս այնտեղ մեռաւ իբրեւ գէշ, եւ թաղեցաւ իբրեւ գէշ (ԼԱՍ. 117): Վրվէռի վերջն ալ խեղճութեամբ եղաւ, վասնզի չարաչար ախտերու մատնուեցաւ, եւ նոյնիսկ զներգործութիւն աղբոյն վերադարձութեամբ վճարէր, եւ այնպէս տառապեցաւ մինչեւ յօր մահուան իւրոյ (ԼԱՍ. 125): Իսկ Թոնդրակեցւոց բորբոքումը առվայր մը հանդարտեցաւ, մինչեւ որ նորէն սկսան գլուխ վերցնել Պետրոս Գետադարձի օրով, եւ սաստիկ կերպով ճնշուեցան Գրիգոր Մագիստրոսի իշխանութեամբ:

808. ԴԱՒԻԹ ԿԻՒՐԱՊԱՂԱՏ

Ժամանակիս նշանաւոր դէմքերէն մին է Տայոց թագաւոր Դաւիթ կիւրապաղատը, զոր արդէն յիշելու առիթ ունեցանք 801), եւ որ իբրեւ ծերագոյն եւ կարողագոյն անձ` բոլոր Հայազգի իշխանաւորներուն վրայ ազդեցութիւն ունէր: Ապահունիքի եւ Նփրկերտի ամիրա Բատի մեռնիլը, առիթ տուաւ Դաւիթի Հայաստանի հարաւակողմը յարձակիլ, Տաճիկները այն կողմերէն հեռացնելու համար, եւ իրօք ալ յաջողեցաւ Մանազկերտը գրաւել, յորմէ հանեալ արձակեաց զՏաճկաստանեայս (ԱՍՈ. 257), եւ զտուն աղօթից նոցա կործանեց (ԱՍՈ. 261): Ատրպատականի ամիրան Մալմլան (ԱՍՈ. 258) կամ Մամլան (ՈՒՌ. 44), պաշտպանութեան եկաւ, եւ Բատի քեռորդի ու յաջորդ Մրվան Ապումսար (ԱՍՈ. 257. 258)ամիրային հետ մինչեւ Ծաղկոտն կամ Տիատին գաւառը յառաջեց, բայց Տայոց Դաւիթին, Հայոց Գագիկին, Կարսի Աբասին եւ Վրաց Բագարատին համախմբուած բանակները Վաղարշակերտ կամ Ալաշկերտ քաղաքի մօտ համախմբուած տեսնելով` չյանդգնեցաւ, եւ երկիրը աւերելով եւ ասպատակելով ետ դարձաւ (ԱՍՈ. 258): Ապումսար Տաճիկներուն թշնամանալուն համար անոնցմէ սպաննուեցաւ, եւ Դաւիթ նորէն Վրացի գունդեր ղրկեց, որոնք Խլաթի մօտ յաղթուեցան 998 զատկին, ինչպէս յիշեցինք 801), եւ Մալմլան առիթ գտաւ աւելի մեծ զօրութեամբ Հայ թագաւորներուն դէմ ելլել: Այս անգամ թագաւորներ անձամբ ասպարէզ չիջան, եւ զօրավարներ ղրկեցին: Գագիկի նշանակած հրամանատարն է Վահրամ Պահլաւունին, որ առաջին անգամ գործի գլուխ կը յիշուի` իր որդւոյն Սմբատի հետ (ԱՍՈ. 262): Դաւիթի գունդերուն գլուխն է Գաբրիէլ Ոչոպնտրեան, Վրաց Գուրգէն թագաւորին գունդերուն կը հրամայէ Փերս Ջոջիկեան, Աբասի գունդերուն հրամայողը յիշուած չէ: Հայեր ու Վրացիներ իրենցմէ շատ աւելի բազմաթիւ կը տեսնեն թշնամին եւ կը զգուշանան ճակատիլ, մինչ միւս կողմէն թագաւորներ, զցայգապաշտօնն սաղմոսանուագ երգով կը կատարեն, եւ առատաձեռն զողորմութիւնս աղքատացն կը բաշխեն` երկնային օգնութեան դիմելով: Պատմիչը կը յիշէ թէ այդ ամէնը հանդերձ հայրապետական կատարէին (ԱՍՈ. 263), որ մեզի կը հաւաստէ Սարգիսի մասնակցութիւնը ազգային պաշտպանութեան գործերուն, եւ ժողովուրդին տուած հոգեւորական քաջալերութիւնը: Հայոց 447 թուին, յամսամտին արեգ ամսոյ, յերեքշաբաթւոջ աւուր, որ ճիշդուճիշդ կը պատասխանէ 998 Հոկտեմբեր 18-ին, թշնամիներ ուզեցին Հայերն ու Վրացիները պատերազմի գրգռել, բայց ասոնք զգուշացան, ոչ ոռին յանձն եւ ոչ հեծան յերիվարս (ԱՍՈ. 263), որուն վրայ թշնամին սկսաւ ցրուիլ, եւ աւարառութեամբ զբաղիլ: Քրիստոնեաներ պարագայէն օգուտ քաղելով ուժգին կերպով անոնց վրայ կը յարձակին, կը ջարդեն եւ կը հալածեն, եւ Մալմլան ինքն ալ հազիւ կրնայ Արճէշ քաղաքը ապաւինելով ազատիլ: Պատմիչին ըսելը, թէ շահատակեալ արագաշարժ շարժմամբ զօրն Հայոց յարձակումը կը սկսէր (ԱՍՈ. 263), կը ցուցնէ թէ Ծմբոյ մեծ յաղթութեան փառքը գլխաւորապէս Հայոց զօրավար Վահրամ Պահլաւունիին ճարտարութեան արդիւնքն եղած է, թէպէտ ընդհանրապէս Դաւիթ կիւրապաղատին անունն է` որ կը յիշուի, ինչչափ ալ նա հեռու էր, եւ բանակին մէջ եղողներ ոչ թագաւոր զոք ունէին մէկտեղ, եւ զամենեցուն թագաւորն զՔրիստոս իբրեւ պատերազմին գլուխ եւ օգնական կը նկատէին (ԱՍՈ. 264):

809. ԴԱՒԻԹ ԵՒ ՅՈՅՆԵՐԸ

Մենք չենք ուզեր ոչ մի կերպով Դաւիթ կիւրապաղատին արժանիքը նուազել կամ գովեստները ագահել, զորս պատմիչներ չափազանց կերպով կը շռայլեն, սակայն չենք ալ կրնար լռել, որ նա առաջին օրինակը տուաւ վնասակար գործողութեան մը, որով Հայ իշխաններ սկսան իրենց երկիրները յօժարութեամբ Բիւզանդիոյ կայսրներուն յանձնել. առառաւելն պիտականուն եւ անհաստատ փոխանակութեամբ մը, որով հետզհետէ սկսան ջնջուիլ Հայաստանի մէջ եղող ազգային տէրութիւնները: Առաջ սկսած էին մանրուելով տկարանալ, միանգամայն իրարու հետ հակառակութեամբ վտանգուիլ, եւ վերջապէս ձեռնարկեցին յօժարութեամբ վերջանալ եւ ջնջուիլ: Իշխանութեան գլուխը գտնուողներուն անձնասէր ձգտումներուն արդիւնքն էր այս, որ մինչեւ իրենց մահը զօրաւորի մը պաշտպանութեան ներքեւ մտնելով, եւ իրենց ժողովուրդին ազատութիւնն ու բախտը օտարին վաճառելով, ինքզինքնին ապահովել կ՚աշխատէին: Դաւիթ առաջին վտանգաւոր օրինակը տուաւ այդ ընթացքին: Իբր պատճառ կը նշանակուի թէ ոչ գոյր նորա որդի կամ եղբայր, որ ժառանգէր զաթոռ թագաւորութեան նորա (ԱՍՈ. 267), եւ կը յիշուի միանգամայն թէ Տայոց իշխաններ խորհեցան չար խորհուրդս կիւրապաղատին վրայ (ՈՒՌ. 46): Կ՚երեւի թէ Դաւիթ ներքին գժտութիւններէ ալ ցաւած, իր կենդանութեան ատենէն յանձն արարեալ էր զազատագունդն իւր թագաւորին Յունաց Վասլի (ԱՍՈ. 267): Ասողիկ կը գրէ թէ Դաւիթ լցեալ աւուրբք, ծերացեալ ժամանակօք, վախճանեցաւ յաւուր մեծի փրկական զատկին ի 449 թուին (ԱՍՈ. 267): Գրածին ժամանակակից ըլլալով, բնաւ յիշատակութիւն չ՚ըներ թէ դաւաճանութեամբ սպաննուած ըլլայ, ինչպէս կը գրէ Ուռհայեցին: Մահուան օրը կը յարմարի 1000 Մարտ 31-ին, թէպէտ կրնար 999-ին զատիկին վրայ ալ իմացուիլ, որ հանդիպեցաւ Ապրիլ 9-ին, իբր զի Հայոց 449 ամանորը կ՚իյնար Մարտ 21-ին: Ուռհայեցիին պատմածին համեմատ Իլարիոն Վրաց արքեպիսկոպոս, իշխաններէ գրգռուած, առաջին անգամ հաղորդութեան խորհուրդին թոյն խառնելով ուզեց սպաննել, եւ երբ Դաւիթ դաւաճանութիւնը իմանալով գեղթափ կ՚առնէր եւ կ՚ազատէր, Իլարիոն Դաւիթի քնացած ատեն սենեակը կը մտնէ, բարձը ի վերայ բերանոյն կը դնէ, եւ անկեալ սաստկապէս ուժգին ի վերայ նորա, չարչարանօք խեղդէր Դաւիթը (ՈՒՌ. 46): Թերեւս Դաւիթի ըրած տարօրինակ նուիրատուութեան վրէժխնդրութիւնն էր, որ Տայոց իշխաններն ու եպիսկոպոսը գրգռեցին, իրենց ազատութիւնը պաշտպանելու դիտմամբ, բայց կայսրը փութաց գալ եւ ժառանգութեան մտնել:

810. ՅՈՅՆԵՐՈՒ ՏԻՐԵԼԸ

Վասիլ 998-ին Ասորիք անցած էր Եգիպտացւոց դէմ պատերազմի, Խաչվերացէն մինչեւ Յայտնութիւն, այսինքն 998 Սեպտեմբեր 16-էն մինչեւ 999 Յունուար 6 այնտեղ էր եղած, եւ անկէ ետքը ձմերելու համար Կիլիկիա եկած, եւ Փոքր Ասիոյ գործերով այն կողմերը մնացած (ԱՍՈ. 266): Երբոր Դաւիթի մահը լսեց, իսկոյն ճամբայ ելաւ, Մելիտինէի մէջ Սեբաստիոյ Հայ քահանաները ընդունեցաւ, եւ արտօնեց համարձակ լինել յամենայն գործս հաւատոց, եւ հնչեցուցանել զձայն ժամահարի (ԱՍՈ. 268), ինչ որ խափանուած էր Սեբաստիոյ յոյն մետրապոլիտին հանած հալածանքէն ի վեր 782): Վարդավառի տօնին, այսինքն Յուլիս 7-ին, կը գտնուէր Բալուի եւ Քղիի կողմերը: Երզնկայի մէջ ընդունեցաւ, եւ պատուեց Նփրկերտի նոր ամիրան (ԱՍՈ. 268), Ապումսարի եղբայրը (ԱՍՈ. 260), եւ Ափխազներու Բագարատ եւ Վրացիներու Գուրգէն թագաւորները, եւ անոնցմէ ետքը Կարսի Աբաս, եւ Վանի Սենեքերիմ թագաւորները(ԱՍՈ. 269): Միայն Գագիկ Հայոց թագաւոր չուզեց երթալ, իբրեւ փոքրութիւն համարեալ զգնալն իւր առ նա: Վասիլ չսպասեց ու առաջ քալեց, եւ Ուխթիքի կամ Օլթիի ճամբով մտաւ Տայոց երկիրը եւ տիրացաւ, դէմ դնող իշխանները գաւառէն դուրս հանելով եւ կայսրութեան ուրիշ կողմերը ցրուելով. իսկ Իլարիոն եպիսկոպոսը վիզէն քար մի մեծ կապել տալով, ծով նետել տուաւ (ՈՒՌ. 47): Գործը լրացնելէն ետքը ինքն ալ Խաղտառիջ իջաւ, եւ անկէ Կոստանդնուպոլիս դարձաւ (ԱՍՈ. 270): Այս առաջին քայլն եղաւ, եւ անկէ ետքն է որ Հայ իշխանութիւններ հետզհետէ կը վերջանան կայսրութեան խառնուելով: Պահ մը Վրաց Գուրգէն թագաւոր փորձեց Յոյները Տայոց նահանգէն հեռացնել, եւ մինչեւ Մամրուան կամ Նարման հասաւ, սակայն Կանիկլ մագիստրոս անոր դէմ ելաւ, եւ պատերազմները շարունակեցին մինչեւ 1001 տարւոյ ձմեռուան սկիզբը, եւ վերջապէս խաղաղութիւնը կնքուեցաւ Մեծափայ Աստուածածին գիւղին դաշնադրութեամբը, տիրապետութեան սահմանները անփոփոխ մնալով (ԱՍՈ. 271): Այս եղելութեանց հետեւանքն է Յոյներուն քայլ մը եւս Հայոց թագաւորութիւններուն մօտենալը, եւ ասոնց հետզհետէ ջնջուիլը, եւ այդ հետեւանքին պատասխանատուութենէն զերծ չի մնար Դաւիթ կիւրապաղատ, որչափ ալ Ասողիկ ուզէ վկայել, թէ եղեւ նա պատճառ խաղաղութեան եւ շինութեան ամենայն Արեւելեայց, մանաւանդ Հայոց եւ Վրաց (ԱՍՈ. 267):

811. ԶԱՆԱԶԱՆ ԴԷՊՔԵՐ

Սարգիսի կաթողիկոսութեան գլխաւոր պարագաները գրեթէ կը վերջանան պատմուած եղելութիւններով: Յիշատակութեան արժանի է ահեղ երկրաշարժը, որ Հաշտեանք, Խորձեան, Ծոփք, Բալահովիտ եւ Պաղնատուն գաւառները վերիվար ըրաւ, լեռներ ճեղքուեցան, ժայռեր պատառուեցան, ջուրերու ակեր չորցան, անջրդի տեղեր աղբիւրներ բացուեցան, լեռներ իրարու կը խոնարհէին, դաշտեր կ՚օրօրուէին, փոշին օդը կը մթնեցնէր, փողոցներ եւ գիւղեր կործանեցան, շատեր աւերակներու ներքեւ մեռան, եւ կիսամեռ փախչողներ լացուկոծով աշխարհքը կը թնդացնէին: Կործանուած բերդերէն կը յիշուին Ճապաղջուր, Աթթախ եւ Ամիդ: Երկրաշարժին սկիզբը կը դրուի 444 քաղոց 30-ին, կամ 995 Օգոստոս 19-ին. եւ տեւողութիւնը եօթն ամիս մինչեւ յաջորդ նաւասարդը (ԱՍՈ. 255), որ կը սկսէր 995 Մարտ 22-ին, եւ այսպէս ամբողջ ձմեռնային միջոց մը տեւած էր Ծոփաց կամ Չորրորդ Հայոց նահանգին խեղճութիւնը: Թէպէտ յայտնապէս գրուած չէ, բայց անհնար էր որ ժողովրդասէր կաթողիկոս մը, ինչպէս էր Սարգիս, իր բոլոր հոգածութիւնը դարձուցած չըլլար այդ խեղճերուն օգնութիւն հասցնելու համար: Իբր Սարգիսէ կատարուած շինութիւն մը կը յիշուի յատկապէս Ս. Հռիփսիմէ եկեղեցի մը, կամ Վկայարան սրբոց Հռիփսիմեանց մը առընթեր կաթողիկէին Անւոյ (ՎԱՐ. 90), եւ իրօք ալ մինչեւ հիմա Անիի մայր եկեղեցւոյն կից փոքրիկ եկեղեցիներու աւերակները կը տեսնուին (ՇԱԿ. 73): Պատմիչը կը յաւելու, թէ անդ փախեաց զնշխարս Հռիփսիմեանց, բերեալ մեծաւ հանդիսիւ (ՎԱՐ. 90), որով կ՚իմացուի թէ Վաղարշապատի հին վկայարանին գերեզմանները բանալով, մասունքներէն մաս մը Անի փոխադրած ըլլալ, սակայն ժամանակակից պատմութեան մէջ այսպիսի գործողութիւն մը յայտնապէս յիշուած չէ: Այս պատճառով ուրիշներ ուզած են ենթադրել, թէ գտեալ զնշխարս ինչ սրբոց Հռիփսիմեանց, յիշեալ եկեղեցին շինած ըլլալ (ՉԱՄ. Բ. 877): Ամէն առթի մէջ ենթադրութենէ աւելի չեն տրուած մեկնութիւնները: Իսկ կարգեաց զօրն տօն մեծ ըսելը (ՎԱՐ. 90), կրնանք իմանալ թէ Անւոյ կաթողիկէին մէջ ալ Հռիփսիմեանց տօնը մեծահանդէս կատարել տալու սկսաւ, Վաղարշապատի կաթողիկէին հին սովորութեան հետեւողութեամբ: Այս պարագան Հայոց լուսաւորութեան եւ Հռիփսիմեանց պատմութեան մասին ազգային աւանդութեան նոր հաստատութիւն կ՚ընծայէ: Վերջապէս Սարգիսի գործունէութեան կը պատկանի, Ստեփանոս Տարոնեցի կամ Ստեփանոս Ասողիկ վարդապետի թողած պատմութեան արժանիքն ալ, վասն զի որչափ ալ Ասողիկն եղաւ որ զաշխարհապատում գիրսն շարագրեաց սքանչելի յօրինուածովք (ԼԱՍ. 13), սակայն Սարգիսի հրամանն ու քաջալերութիւնն է որ Ստեփանոսը յորդորեց, ինչպէս յիշեցինք 799): Ասողիկ իր գրութեան տարին կը ցուցնէ բաղդատական թուականներով, եւ կը յիշէ Սարգիսի 13, Գագիկի 15, Վասիլի 30, Հայոց 453, Յունաց 756, Քրիստոսի 1004 եւ Ադամի 6282 տարին (ԱՍՈ. 276), որ պատմագիրին մտադրութեան նշան մը կրնայ համարուիլ:

812. ՍԱՐԳԻՍԻ ՀՐԱԺԱՐԻԼԸ

Սարգիս երբոր կաթողիկոսութեան բարձրացաւ, արդէն բաւական յառաջացած տարիք ունէր, ճգնաւորական կեանքն ալ հարկաւ իր վրայ ծանրացած էր, այսուհանդերձ 27 տարի էր, որ ծանր պաշտօնը կը վարէր, ինչպէս տեսանք, ամէն տեսակ գործառնութեանց ալ մասնակցելով, թշնամութիւններ հեռացնելու աշխատելով, եւ նոյնիսկ պատերազմական ձեռնարկներու ատենն ալ հայրապետութեան վայել գործակցութենէն չխուսափելով: Տարիքը ինչ եղած էր, պատմագիրներ չեն գրեր, բայց գրեթէ իննսնամեայ եղած պիտի ըլլայ, որ այլեւս ինքզինքը աշխատութեան անբաւական տեսնելով յօժարակամ կ՚որոշէ գործէ քաշուիլ, եւ իր ձեռքով իր յաջորդն օծել ու տեղը նստեցնել: Վստահ կրնանք ըլլալ, թէ ոչ մի արտաքին հակառակութիւն կամ դժգոհութիւն առիթ տուած չէ Սարգիսի այդ որոշումին, վասն զի վկայուած է, թէ նա բարի հանդիսիւք աւարտեաց զկեանս իւր (ԼԱՍ. 13), հետեւաբար յօժարակամ որոշումէ տարբեր պատճառ մը չենք կրնար նշանակել, եւ այս ալ իրեն առաքինի զգացումներուն արդիւնքն է, չուզելով որ իր պատճառով հայրապետական գործունէութիւնը տկարանայ: Այս գեղեցիկ նպատակով ծերունազարդ հայրապետը ի կենդանութեան իւրում, իւրով ձեռօք, եւ մեծ հանդիսիւ օծեց իր յաջորդը Անիի կաթողիկէին մէջ (ՎԱՐ. 93), անոր յանձնեց պատիւն ալ, պաշտօնն ալ, եւ ինքն քաշուեցաւ իր մնացած օրերը անցընել պարապելով աղօթից (ՔԱՀ. 38). բայց չէ յիշուած թէ ուր: Համարձակ պիտի ըսէինք թէ իր սիրելի Սեւանը դարձած կ՚ըլլայ, եթէ յիշուած չըլլար որ Հոռոմոսի վանքը թաղուած է (ԼԱՍ. 19), որ նոյնտեղ ապրած ու մեռած ալ ըլլալը ենթադրել կու տայ: Իսկ մահուան թուական յիշուած է 471=1022 տարին (ՍՄԲ. 48), որ հրաժարելէն ետքը երեք տարի եւ աւելի ալ տակաւին ապրած լինելը կը հաստատէ: Սարգիսի առաքինի նախընթացը, եւ ժիր գործունէութիւնը եւ համեստ վերջաւորութիւնը ըստ ամենայնի կ՚արդարացնեն իրեն համար գրուած լիաբերան գովեստները, եւ յատկապէս Ասողիկի վկայելը, թէ ի փառս առաքելականին ծայրագունին ժամանեալ պատուոյ` եկաց ի նոյն միտս ըստ առաջին խոնարհութեան, եւ ոչ փոխեաց զվարս իւր, այլ ըստ Աստուծոյ պատկերացեալ, առատաձեռն յողորմութիւնս եւ ի խոնարհութեան զարդս, ժրաջան աղօթիւք ի տուէ եւ ի գիշերի կատարէր զկանոն կարգի կրօնաւորական սահմանին, պնդութեամբ վարեցեալ եւ պահոցն սրբութեամբ եւ ձեւով մարմնոյ (ԱՍՈ. 251): Սարգիսի յաջորդ կաթողիկոսը եղաւ Պետրոս Ա., այլ մենք անոր վրայ խօսիլ չսկսած, մեր սովորութեան համեմատ, ժամանակին նշանաւոր անձնաւորութեանց մասին պէտք եղած տեղեկութիւնները աւելցնենք:

813. ԳՐԻԳՈՐ ՆԱՐԵԿԱՑԻ

Առաջինը այս կարգին Գրիգոր Նարեկացին է, Խոսրով Անձեւացիի որդին 757), Անանիա Նարեկացիի աշակերտը եւ եղբօր թոռը, եւ Յովհաննէս Նարեկացիի եղբայրը 791): Գրիգորի ծնունդը մերձաւորաբար կը դրուի 400=951 տարին, որովհետեւ 426=977 թուականին արդէն քահանայ ձեռնադրուած, եւ գիտութեան ու իմաստութեան հռչակ հանած էր, որ Գուրգէն Արծրունի Անձեւացեաց թագաւորին խնդրանօք Երգ Երգոցի մեկնութիւնը գրելու կը ձեռնարկէր (ՆԱՐ. 367), եւ 25 տարեկանէ պակաս անձի մը հնար չէր այսպիսի փափուկ գրուած մը յանձնարարել: Ասկէ իբր 5 տարի ետքը գրած է ապարանից Խաչին պատմութիւնն ու զոյգ ներբողեանները, Դաւիթ Մոկացի եպիսկոպոսին խնդրանօք (ՆԱՐ. 422), ինչպէս իր տեղը պատմեցինք 793): Ճիշդ այս միջոցին, 984-ին, կը դնէ Անեցին, թէ փայլէր իբրեւ զարեգակն իմաստութեամբ եւ առաքինութեամբ սուրբ այրն Աստուծոյ Գրիգոր Նարեկացին (ՍԱՄ. 103): Նարեկ աղօթագիրքին թուական նշանակուած է, 451=1002 տարին (ՆԱՐ. 268), իսկ միւս գրուածներուն, Առաքելոց եւ Յակոբ Մծբնայի ներբողներուն, գանձերուն եւ տաղերուն ժամանակները որոշակի չեն նշանակուած, եւ հարկաւ առիթներու համաձայն զանազան ատեններ պատրաստուած են: Իսկ ուղիղ հաւատոյ եւ մաքուր վարուց խրատին (ՆԱՐ. 483) հեղինակութեան ստուգութիւն ճշդելը մատենագրութեամբ զբաղողներուն կը թողունք: Գրիգորի ամբողջ կեանքը անցած է Նարեկի վանքին մէջ, ուր Անանիայէ ետքը առաջնորդ էր իր իսկ եղբայրն Յովհաննէս, իսկ ինքն յետին վարժապետաց եւ կրտսեր բանասիրաց միայն կը կոչէ զինքն (ՆԱՐ. 422), որով Նարեկի մէջ աշակերտաց ուսուցիչ եւ գրական աշխատութիւններով զբաղող մը եղած ըլլալը կը յայտնուի: Սքանչելի աղօթագիրքը, կամ ինչպէս ինքն կ՚անուանէ, դրութիւնքն յոգնաթախանձ բանից օգտակարաց, զոր պատրաստած է ի խնդրոյ հարցմանց հարց միանձանց եւ բազմաց անապատականաց, եթէ մէկ կողմէն իր քերթողական աւիւնին, գրական յաջողութեան եւ բարեպաշտ զգացմանց մեծութիւնը կը հաստատէ, միւս կողմէն կը ցուցնէ այն սրբութեան եւ կարողութեան համբաւը, զոր կը վայելէր Գրիգոր, Նարեկայ վանքին համեստ վանականը: Մեր նպատակէն դուրս է Նարեկ գիրքին առաւելութիւնները վերլուծել, բայց իբրեւ պատմագիր բաւական կը սեպենք յիշել տալ, թէ ազգին մէջ գրեթէ Սուրբ Գիրքին համահաւասար պատիւ ընծայուած է այդ գիրքին, եւ սքանչելագործ յատուկ զօրութիւններ կը վերագրուին անոր մէն մի գլուխներուն: Այդ աղօթագիրքն եղած է նաեւ մեծ փաստը, որ Գրիգորին առաքինազարդ կեանքը ցոլացնելով, անոր անունը տօնելի սուրբերու կարգը անցուցած է: Բայց այդ կարգադրութեան ժամանակը որոշել չենք կրնար, միայն գիտենք որ մօտ 1300-ին Ստեփանոս Գոյներիցանցի գրած տօնացոյցին մէջ` տակաւին Նարեկացիին անունը չկայ, թէպէտեւ անկէ շատ առաջ աստուածաշնորհ եւ յոգունց գերազանց հրեշտակն ի մարմնի կոչած էր զայն Լամբրոնացին (ՏՂԱ. 158), եւ Նարեկացիին Ամենակալ բարերար աղօթքը (ՆԱՐ. 86), ամբողջաբար յառաջ բերած էր պատարագի մեկնութեան մէջ (ԼԱՄ. 195): Նարեկացիին մահը կը գրուի յիսուն տարեկան եղած ատեն 452 տարւոյ մեհեկի 21-ին (ՅԱՅ. 395), որ կը պատասխանէ 1003 Հոկտեմբեր 7-ին, թէպէտ Յայսմաւուրքը հաստատուն տոմարով կը համեմատէ Փետրուար 27-ին: Մարմինը թաղուեցաւ նոյն իսկ Նարեկայ վանքին մէջ, որուն բուն անունը Ս. Սանդուխտ է, բայց անկէ ետքը Ս. Գրիգոր ալ սկսաւ կոչուիլ:

814. ՆԱՐԵԿԱՑԻԻՆ ԴԱՒԱՆՈՒԹԻՒՆԸ

Հռոմէադաւան ազգայիններն ալ Գրիգոր Նարեկացիի տօնը պահած ըլլալով, կը ջանան ոչ միայն յունադաւան քաղկեդոնիկ մը, այլեւ կատարեալ հռոմէադաւան մը ցուցնել Նարեկացին, որ Հռոմի գոյութեան յիշատակութիւն ալ չունի բոլոր իր գրուածներուն մէջ: Լամբրոնացիին խօսքը առ առաւելն յունական քաղկեդոնիկ դաւանութեան մօտիկ կրնար ցուցնել Նարեկացին, մինչ ճիշդը խօսելով, բաժանումները վերցնելով եկեղեցիներու միութեան փափաքն եղած է` Նարեկացիին բուն զգացումը, որ նոյն ատեններ ուրիշ շատերու ալ փափաքն էր: Մանաւանդ որ Հայ արքունական իշխանութեան տկարանալը, եւ պարսկական ու թաթարական բռնութեանց զօրանալը, բնական կերպով մը Հայերուն մի մասը յունական կայսրութեան կողմը կը մղէր: Բայց երբ մէկ մասը այդ տեսութիւններով կ՚օրօրուէր, անդին միւս մասը ազգային եկեղեցւոյ նախանձախնդրութեամբ կասկածելի կը գտնէր այդ միաբանական ձգտումները, եւ Ծայթ անունով կ՚այպանէր այդ ձգտումները ունեցողները, եւ անհաւատալի չէ որ այդպէս կոչուած ըլլայ Նարեկացին ալ: Զանազան պարագաներ յայտնի կը ցուցնեն թէ այդ տեսակ ձգտումներ աւելի հաճութեամբ կը փայփայուէին Վասպուրականի կողմերը, եւ այդ սահմանին մէջն էին Նարեկայ վանքն ալ, եւ Վասպուրականի մէջ ապրող Անձեւացի եւ Նարեկացի վարդապետներն ալ: Ասոնց մասին Թոնդրակեցւոց համակրութեան կասկածներ ալ եղան, կասկածները տարածուեցան Գրիգորի վրայ ալ, որ Խոսրովի որդին էր 757) եւ Անանիայի աշակերտը 191), ուստի Գրիգոր ալ Անանիայի նման պարտաւորուեցաւ Թոնդրակեցիները նզովելու գիր մը գրել, սակս ազատութեան ի չար կարծեացն (ԹՂԹ. 495): Գիրը ուղղուած է առ Տէր հայր մը, որ գուցէ նոյնինքն Սարգիս կաթողիկոսն է, եւ կը զարմանայ, որ այդպիսի բաներ իրեն համար ըսուած են, իբր թէ Մուշեղ Թոնդրակեցիին համախոհ ըլլայ, եւ յայտարարութիւն մըն ալ կը գրէ (ԹՂԹ. 498-502), հետեւելով իր վարդապետին Անանիայի տուած օրինակին: Հետեւաբար թոնդրականութեան եւ ոչ քաղկեդոնականութեան խնդիրին վրայ յարմար կ՚ըլլայ մեկնել, ինչ որ Յայսմաւուրքը կը պատմէ, թէ ժողովեալ ի մի վայր եպիսկոպոսունք եւ իշխանք, ազատանօք եւ տանուտէրօք, յղեալ կոչեցին Գրիգոր Նարեկացին, առ ի դատել եւ յանդիմանել հրապարակաւ եւ աքսորել զնա պատուհասիւ որպէս զհերձուածող (ՅԱՅ. 394): Պատմութիւնն ալ անորոշ է, ոչ իշխաններն յայտնի են եւ ոչ եպիսկոպոսները, ոչ տեղը եւ ոչ ժամանակը, եւ ոչ նպատակը: Բայց այդչափը բաւական եղած է հռոմէադաւաններուն, Անիի մէջ հաստատել Նարեկացին դատող ատեանը, եւ Սարգիս կաթողիկոսն ընել Նարեկացին հալածողը (ՉԱՄ. Բ. 852): Կը պատմուի միանգամայն, թէ Նարեկացին տանելու եկող հրաւիրակները, Ուրբաթ օր մը կը հասնին Նարեկ, եւ Նարեկացին անոնց տապկած աղաւնի կը հանէ ուտելու, եւ երբ եկողներ Ուրբաթ ըլլալը կը յիշեցնեն, Նարեկացին տապկած աղաւնիներուն կը հրամայէ մեկնիլ, որոնք յանկարծ կը կենդանանան, կը փետրաւորուին, կը թեւաւորուին, եւ թռչելով կը մեկնին(ՅԱՅ. 394): Ամբաստանութեան չափ անիմաստ է հրաշքն ալ, որ կ՚ենթադրէ Նարեկացիին վրայ յետսամիտ ցուցամոլութիւն մը, պահոց օրով ուտիք կերակուր հանելու, որ հրաշագործութեան առիթ պատրաստէ, մինչ ճգնազգեաց կրօնաւորը բոլոր կեանքին մէջ թերեւս տապկած աղաւնիներ չէր ճաշակած: Իսկ հրաշքին տրուած իմաստը, որ Նարեկացիին արդարացումէն զատ, իբր քաղկեդոնականութեան հաստատութիւն յառաջ կը բերուի, մեր կարծիքով աւելի ծիծաղելի կը դարձնէ պաշտպանուած ուղղութիւնը: Քանի որ աղօթամատոյց գիրքին վերջանալէն միայն տարի մը ետքը եղած է Գրիգորին մահը, եթէ որեւէ կասկածանքի կամ հալածանքի ենթարկուած ըլլար, հարկաւ ակնարկ մը ըրած կ՚ըլլայ ինքնագիր յիշատակարանին մէջ, ուր մինչեւ իսկ կը յիշէ Վասիլ կայսեր ի կայս եւ ի կոյս կողմանց հիւսիսոյ գալը, որ է Տայոց երկրին գրաւումին համար ըրած արշաւանքը, նպատակ ունենալով սեպհականել յաւելեալ բաժինս աշխարհոց ի ծոց իւր (ՆԱՐ. 268): Նարեկացիին լեզուին վրայ յունասէր բարեկամութեան միտում կը տեսնուի, իրաւ, բայց նշանախեց մը չկայ, որ անոնց դաւանութեան կամ եկեղեցւոյն հաւանութիւն ցուցնէ: Հետազօտութիւն ընողներ այս միտքով բոլոր անոր գրածներն ալ պրպտած եւ բան մը գտած չեն, հետեւաբար ոչ մի կերպով կ՚արդարանայ Նարեկացին յունադաւան մը, եւս առաւել հռոմէադաւան մը ընողներուն կարծիքը: Չմոռնանք յիշել որ Լամբրոնացիին ակնարկները` Օձնեցիին, Եզրին, Վահանին եւ Նարեկացիին վրայ (ՏՂԱ. 158), առ մեծ եկեղեցին Հոռոմոց, եւ ոչ Լատիններու հետ համաձայնութեան վրայ զրուցուած են, մինչ Յոյներ Լատիններէ զատուած էին, եւ ըսուածներն ալ հարեւանցի ակնարկներ են, առանց պատմական փաստի, իր խօսքերուն հռետորական ոյժ մը տուած ըլլալու համար:

815. ՍՏԵՓԱՆՈՍ ԱՍՈՂԻԿ

Այս միջոցին ծաղկող վարդապետներուն մէջ նշանաւոր է եւս Ստեփանոս Տարոնեցին, Ասողիկ կամ Ասողնիկ մականուանեալ, իբրեւ քաջ խօսող, թէպէտ աւելի սովորաբար իբրեւ քաջ երգեցող կը հասկցուի: Ինքն Տարոնեցի ծննդեամբ, բայց կեանքը անցուցած է Անիի հայրապետանոցին մէջ եւ արքունիքին շուրջը, հարկաւ կաթողիկոսարանի աշակերտութենէն յառաջ եկած ըլլալուն համար: Իր գլխաւոր գործն է պատմութիւնը կամ Աշխարհապատում (ԼԱՍ. 13), բայց Երեմիայի մարգարէի մեկնութիւն մըն ալ գրած ըլլալը կը յիշէ Մագիստրոս, Ասողնկայ երջանիկ ծայրագոյն ծերոյ անունը տալով անոր (ՄԱԳ. 128), ուսկից կրնանք հետեւցնել թէ յոյժ երկարակեաց եղած է: Ինքն իրեն համար կը վկայէ թէ Անանիա Մոկացիի օրով ծաղկած վարդապետներէն զոմանս ի ծերութեան իւրեանց` ի տղայութեան մերում տեսաք աչօք մերովք, եւ ճաշակեցաք ի քաղցր ճաշակաց բանից նոցա (ԱՍՈ. 165), զոր պէտք է ոչ մանկութեան, այլ յառաջացեալ երիտասարդութեան տարիքին վրայ իմանալ, եթէ վարդապետներուն գիտական խօսքերուն ճաշակը առնելու կարողութիւնն ունէր: Պատմութիւնը 1004-ին փակած լինելը կը ցուցնէ, թէ այդ թւականէն ետքը շատ ապրած չէ: Կ՚երեւի թէ իր պատմութիւնը իրեն դէմ հակառակութիւններ ալ յարուցած է, վասն զի կը գրէ, թէ կրեմ զփառս եւ զանարգանս, զգոհութիւնս եւ զպարսաւանս ի ծանրասիրտ եւ ի խստապարանոց ազգէս մերմէ (ԱՍՈ. 277), եւ այս բնական եւ անխուսափելի է ժամանակակից դէպքեր պատմողին վրայ, երբ կ՚ուզէ ճշմարտութիւնը գրել, առանց ակնածանաց: Բայց թէ որոնք էին փառք եւ գոհութիւն տուողները, եւ որոնք անարգանք եւ պարսաւանք խօսողները, Ասողիկ բացատրած չէ: Ինքն աւելի Բագրատունեաց ազգայնական շրջանակին մէջ մնացած, Վասպուրականի յունասէրներէն սիրուած պիտի չըլլայ, Նարեկացիին ունեցած ուղղութեան եւ գտած հակառակութեան բոլորովին ներհակը:

816. ՈՒՐԻՇ ՀԵՂԻՆԱԿՆԵՐ

Ասողիկի ժամանակակից պատմիչ մըն ալ Ուխտանէսն է, Սեբաստիոյ եպիսկոպոս, որ եպիսկոպոս Ուռհայի ալ ըսուած է (ԿԻՐ. 4), եւ ինքզինքը Անանիա Նարեկացիի յետին եւ տրուպ աշակերտ կամ թէ որդի կը խոստովանի (ՈՒԽ. 10), եւ անոր հրամանովը կը գրէ երեք մասի բաժնուած պատմութիւնը, որուն երրորդը, եւ հաւանաբար երկրորդին մէկ մասն ալ դեռ գտնուած չեն: Իսկ իր կենսագրական պարագաները բոլորովին անյայտ կը մնան: Միւս այլ նշանաւոր վարդապետը, որ այս միջոցին կը յիշուի Յովհաննէս Տարոնեցին է, մականունը Կոզեռն (ԼԱՍ. 13), որուն զանազան գրուածներ կը վերագրուին, բայց մեզի հասած նշանաւոր գործ մը չունինք (ՀԻՆ. 571): Կոզեռնի վրայ ինչ ինչ պատմական դէպքեր առիթ պիտի ունենանք առաջիկային յիշատակել: Կը յիշուին եւս Սարգիս վարդապետ, Տիրան վարդապետ, Յենովք վարդապետ, երեքն ալ կաթողիկոսարանի վարդապետներ, եւ Գրիգոր վարդապետ յոյժ իմաստուն բանիւք (ԼԱՍ. 13), ինչպէս նաեւ Սամուէլ Կամրջաձորեցին եւ Յովսէփ Հնձացին, զորս յիշեցինք Խաչիկ Արշարունիի օրէն 792): Ասոնցմէ զատ եւ այլք բազումք ծաղկած ըլլալը, եւ պատմիչին վկայելը, թէ անոնց ձեռքով բարձրանայր յոյժ եղջիւր եկեղեցւոյ ուղղափառ վարդապետութեամբ (ԼԱՍ. 13), նոր արժանիք մը կ՚աւելցնէ Սարգիս կաթողիկոսին` իբր հովանաւոր ուսումնական զարգացման, եւ իբր պաշտպան ազգային ուղղափառ եկեղեցւոյ:

817. ՆԻԿՈՆ ՊՈՆՏԱՑԻ

Երբ ներքին աղբիւրներ Հայոց եկեղեցւոյն ուղղափառութեան գովեստները կը խօսին, Յոյներ իրենց կողմէն Հայ եկեղեցին անարգելու եւ անոր դէմ մաքառելու առիթը չեն կորսնցներ: Քաղկեդոնական խնդիրին շուրջը յուզուած վէճեր երբեք դադարած չէին, բայց այդ միջոցին անոնց նոր զարկ մը կու տայ Նիկոն Պոնտացի, մականուանեալ Միտանոյիդէս, որուն անունով կը գտնուի յունարէն գրուած մը` Ընդդէմ ամպարիշտ կրօնից Հայոց (ՍԵՎ. Դ. 90), եւ յաւելուած մըն ալ իբր Կարգաւորութիւն վասն դարձին Հայոց (ՍԵՎ. Դ. 92): Նիկոն հայազգի կ՚ըսուի սերնդեամբ, եւ Պոնտացի ծննդեամբ, Պափղագոնիոյ Ոսկեքար վանքին աշակերտած 12 տարի, եւ անկէ ետքը Հայաստան գացած յունական դաւանութիւնը քարոզելու (ՍԵՎ. Դ. 90), ուր զերծեաց զազգն Հայոց ի բազում մոլորութեանց զոր ունէին (ԿԱԼ. 213): Հայաստանէ զատ Կրետէի եւ Յունաստանի մէջ ալ ապաշխարութիւն քարոզած կ՚ըսուի, այնպէս որ Յոյն եւ Լատին եկեղեցիներու մէջ տօնելի սուրբ ընդունուած է, եւ Նոյեմբեր 26-ին յիշատակը կը կատարուի: Նիկոնի յառաջ բերած Հայոց կարծեցեալ մոլորութիւնները, Յոյները Հայերէն զատող սովորական կէտերն են (ՍԵՎ. Դ. 91), այսինքն երկու բնութիւն եւ երկու կամք չընդունելնին, որ խաչեցար յաւելուածը, Հոգւոյն Սրբոյ բղխման կէտը, զորս իբրեւ եւտիքականութիւն, աստուածաչարչարութիւն եւ հոգեմարտութիւն կ՚ուզէ ցուցնել ծամածուռ մեկնութիւններով: Նոյնպէս են խաչի օծումը, օծումի նշան բեւեռ զարնելը, պատկերներ չշատցնելը, Աստուածայայտնութեան տօնին օրը, բաղարջ հացը, անապակ բաժակը, մատաղի օրհնութիւնը, որոնք բոլոր հին ծէսեր են, եւ պարապ տեղ կ՚աշխատի իբր հին օրէնքի զոհ ցուցնել մատաղը, կամ պատկերամարտութիւնը կարծել տալ իկոններով եկեղեցին չխճողելը: Ղուկասի աւետարանէն արեան քրտինքի տունը, եւ Յովհաննէսի աւետարանէն շնացեալ կնոջ պատմութիւնը, Հայերը չեն վերցուցած, այլ հնագոյն յոյն օրինակներու հետեւած են: Կեսարիայէ ձեռնադրութիւն չառնելը Հայոց եկեղեցւոյն ինքնագլուխ լինելուն պատմական փաստն է: Իսկ բոլորովին նոր լսուած բան է, թէ Հայերը մեծ պահքին մսեղէն եւ կթեղէն կը գործածեն, մինչ ամենախիստ էր Հայոց մէջ պահեցողութեան կանոնը: Չամչեան ինքն ալ Նիկոնի չափազանցութիւններէն գայթակղած, ոչ Հայ ըլլալը եւ ոչ Հայաստան քարոզած ըլլալը կ՚ուզէ ընդունիլ (ՉԱՄ. Բ. 1025), հիմնուելով նախնական պատմիչին վկայութեան, զոր մենք չենք տեսած, եւ Ասողիկի լռութեան, որ հիմնական փաստ մը չէ: Որովհետեւ պէտք չէ բնաւ ենթադրել, թէ Նիկոն Հայ թագաւորութեանց երկիրները մտած ըլլայ: Հայաստանէ բաւական մաս մը Յունաց իշխանութեան ներքեւն էր, ուր միշտ Յունաց կողմէն բռնական քարոզութիւններ կը կատարուէին, եւ Սեբաստիոյ ու Մելիտինոյ մոլեռանդ մետրապոլիտները հարկաւ մէկէ աւելի Նիկոններ ունեցած են իրենց ձեռքին տակ 782): Այսպիսիներուն գործը ոչ թէ Հայ եկեղեցւոյ դաւանութիւնը փոխելն եղած է, այլ խումբ մը Հայ-Հոռոմներ շինելով, կարծել թէ զազգն Հայոց ի բազում մոլորութեանց ազատած են: Իսկ այս միջոցին յայտնի է թէ, կէս բռնութեամբ եւ կէս հրապուրանօք բաւական Հայ-Հոռոմներ եղած են, գլխաւորապէս Արեւելքէն եկող յարձակումներուն դէմ Արեւմուտքէն հովանաւորութիւն գտնելու ակնկալութեամբ:

818. ԵՐԵՔ ՃԳՆԱՒՈՐՆԵՐ

Իբրեւ հետաքրքրական ծանօթութիւն կ՚ուզենք յիշել այդ միջոցներուն Լատին աշխարհքի մէջ սրբութեամբ փայլող, եւ Լատին եկեղեցիէն սուրբերուն կարգը դասուած երեք Հայերուն անունները: Ասոնց առաջինն է Մակար Անտիոքայ եպիսկոպոսը, որ Անտիոքայ պատրիարք ալ ըսուած է (ՓԵԹ. Բ. 324), եւ թերեւս Անտիոքի մէջ հաստատուած Հայ եպիսկոպոսներէն է 785): Մակար հայազգի ծնողներէ կը ծնի Անտիոքի մէջ, եւ այնտեղ եկեղեցականութեան կը հետեւի իր հօրեղբօր Մակար եպիսկոպոսի ձեռքին տակ, եւ անոր կը յաջորդէ եպիսկոպոսութեան մէջ (ՓԵԹ. Բ. 334): Երուսաղէմ ուխտի գացած ատեն, քրիստոնէութիւն քարոզելուն համար կը բանտարկուի եւ կը չարչարուի, եւ առանց իր աթոռը դառնալու Եւրոպա կ՚անցնի իբր պարզ ճգնաւոր մը, եւ ամէն կողմ հրաշագործութեամբ կը հռչակուի: Գերմանիոյ Բաւարիա եւ Մոգունտիա գաւառները կը շրջի, տարի մը կը մնայ Փլանդրիոյ մէջ Գանտավիոյ վանքը, ուր ժանտախտէ բռնուողները խնամելով, ինքն ալ կը վարակուի, եւ 1012 Ապրիլ 10-ին կը վախճանի: Ասոր վրայ նախ Փլանդրիոյ, եւ յետոյ բոլոր Լատին եկեղեցւոյ մէջ իբրեւ սուրբ ընդունուած է (ՉԱՄ. Բ. 860): Երկրորդն է Սիմէոն Հայ նախարարազուն մը, որ առաջ Արշարունեաց գաւառի վանքերուն մէջ կրօնաւորեցաւ եւ յետոյ առանձին ճգնութեան սկսաւ խրճիթի մը մէջ: Երուսաղէմ ուխտի գացած ատենն ալ հրաշագործութիւններով փայլեցաւ, եւ Արսէն Հայ եպիսկոպոսէն պատուուեցաւ, եւ անծանօթ մնալու փափաքով Եւրոպա անցաւ: Նախ Հռոմ եկաւ, ուր առաջ իբրեւ հերետիկոս կասկածի ենթարկուեցաւ, բայց Հռոմի հայրապետէն ուղղափառութիւնը հաստատուեցաւ: Հռոմէ մեկնելով Տոսկանիոյ քաղաքները շրջեցաւ, եւ հետզհետէ Սպանիա, Բրիտանիա, եւ Գաղղիա պտտեցաւ պանդխտութեամբ, ամէն տեղ հրաշքներով փառաւորուելով, եւ ժողովրդական ցոյցերէ փախչելով: Վերջապէս հաստատուեցաւ Իտալիա, Մանտովա քաղաքի Բենեդիկտեանց վանքը, ուր եւ վախճանեցաւ 1016 Յուլիս 16-ին, եւ հրաշքներ մահուընէ ետք ալ շարունակեցին, եւ Բենեդիկտոս Ը. պապէն սրբոց կարգը դասուեցաւ (ՉԱՄ. Բ. 865): Երրորդն է Դաւինոս, թերեւս Դաւիթ, բնիկ Հայաստանցի եւ այնտեղ կրօնաւորած, որ մեծ ուխտերու երթալու փափաքով կը սկսի շրջիլ Երուսաղէմ եւ Հռոմ եւ Սպանիոյ Կոմպոստելիա քաղաքը, եւ վերջապէս կը հաստատուի Իտալիոյ Լուկա քաղաքը, խստակրօն ճգնաւորի եւ հրաշագործի համբաւը վայելելով, մինչեւ որ սրբութեամբ կը վախճանի 1050 Յունիս 3-ին, եւ դար մը ետքը Հռոմի պապերէն սրբոց կարգը կը դասուի (ՎՐՔ. ԺԲ. 125): Բելգիոյ Գանտավիա (Gand), եւ Իտալիոյ Մանտովա (Mantova), եւ Լուկա (Lucca) քաղաքները մեծ պատուով կը պահեն այդ Հայ սուրբերուն գերեզմանները եւ մեծահանդէս կը տօնախմբեն, եւ իբր իրենց երկնային պաշտպաններ կը ճանչնան սքանչելագործ Հայազգի երանելիները: