Ազգապատում. հատոր Ա

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Տ. ՎԱՀԱՆ Ա. ՍԻՒՆԻ

768. ԸՆՏՐՈՒԹԻՒՆ ԵՒ ՕԾՈՒՄ

Երբոր Անանիա մեռաւ, Աշոտ թագաւոր իր ազդեցութեան գագաթնակէտն էր եւ ընդհանուր համաձայնութիւն կար տակաւին հայազգի բազմաթիւ թագաւորներու մէջ, ուստի լիագոյն իշխանութեամբ կրցաւ տէր կանգնիլ ընտրողական գործողութեանց: Հրաման ըրաւ որ գումարուի ժողով եպիսկոպոսաց եւ հարց սրբոց, որք են վանքերու առաջնորդները, Շիրակաւան քաղաքը, որ թագաւորանիստ կը կոչուի տակաւին (ՕՐԲ. Բ. 32), թէպէտ Աշոտի օծուելէն սկսելով Անի եղած էր թագաւորանիստ քաղաք Հայոց (ՈՒՌ. 4): Ժողովին ներկայ էր նաեւ Վահան, Ջուանշիր իշխանի որդին եւ Սիւնեաց արքեպիսկոպոս, Անանիայէ ձեռնադրուած 754), իսկ ժողովին նախագահն էր Յովհաննէս Աղուանից կաթողիկոսը (ՈՒՌ. 40): Վահան իշխանական ճոխութեամբ եւ շինարար գործունէութեամբ մեծ համբաւ ստացած էր վեց տարիէ ի վեր Սիւնեաց աթոռին վրայ, ամենէն ալ վկայուած էր վասն առաւել սրբութեանն եւ իմաստութեանն, ուստի միաձայն ընտրութեամբ ամենայն ժողովոյն կաթողիկոսական աթոռին յաջորդութեան կոչուեցաւ: Ինչ որ պէտք կը զգանք շեշտել տալ այդ ընտրութեան մէջ, օրինական գործողութեանց շարքն է, որ մեր օրերուն մէջ կատարուած կարգադրութեանց ըստ ամենայնի յարմար կու գայ, եւ կը ցուցնէ թէ հին ժամանակներու մէջ ալ նոյները գիտցուած ու գործադրուած էին: Թագաւորն է որ կը կարգադրէ ժողով առնել, եւ հրամայէ ընտրել զմի ոք յեպիսկոպոսաց, եւ ոչ ուրիշ եկեղեցականներէն մէկը: Ամենայն ժողովոյն կողմէ ընտրութիւնը կը կատարուի, ընտրուածին վրայ դնեն ձեռն բազմութիւն եպիսկոպոսացն, եւ օծանեն զնա կաթողիկոս Հայոց (ՕՐԲ. Բ. 32): Եւ որովհետեւ պատմիչը այդ պարագաները իբրեւ նորութիւն մը չի ներկայեր, կը հետեւի թէ ասկէ առաջ ալ միեւնոյն էր կաթողիկոսական ընտրութեանց ձեւը: Ուռհայեցին հրամանաւ Անանիայի եղած կ՚ըսէ Վահանի ընտրուիլը (ՈՒՌ. 40), որ կրնայ իմացուիլ իբր յանձնարարութիւն մը իր մահէն առաջ եղած: Ասով մէկտեղ եթէ Վահանի համար ասանկ նպաստաւոր վկայութիւն մը ըլլար, զայն լռած չէր ըլլար Օրբելեան: Բայց աստի Ուռհայեցիին գրածը ոյժ մը կ՚ունենար, եթէ միայն Անանիան յիշէր. մինչ կը գրէ, հրամանաւ Անանիայի, Յովհաննիսի եւ Աշոտոյ թագաւորացն Հայոց (ՈՒՌ. 40), մինչ Յովհաննէս ու Աշոտ, Գագիկի որդիները, Անանիայի մահուընէ 50 եւ աւելի տարի ետքը թագաւորեցին: Այսչափը շատ իսկ է Վահանի նկատմամբ Ուռհայեցիին գրածներուն կարեւորութիւն չտալու: Վահանի հայրը Ջուանշիր, Սիւնիք նահանգին Բազք գաւառին իշխանն էր, եւ այս պատճառով Վահան երբեմն Սիւնի է կոչուած, եւ երբեմն ի Բազաց (ՍԱՄ. 100) կամ Բազացի: Իր անունը Վահանիկ ալ գրուած կը գտնենք (ԱՍՈ. 168, ԿԻՐ. 49, ՍԱՄ. 101), այլ չենք կրնար վճռակի որոշել թէ փաղաքշական կոչո՞ւմ մըն է, իր իշխանազուն սերունդէն յառաջ եկած, թէ ոչ անարգական նպատակով ըսուած է իր անկումէն ետքը, որովհետեւ կեանքին վերջին պահուն միայն գործածուած է այդ նուազ լուրջ կոչումը:

769. ՎԱՀԱՆ ԱՄԲԱՍՏԱՆՈՒԱԾ

Որչափ փառօք եւ վստահութեամբ աթոռ բարձրացաւ Վահան, այնչափ ալ անակնկալ եղաւ անոր անկումը, եւ կաթողիկոսական աթոռէն վար առնուիլը եպիսկոպոսական ժողովի վճռով: Տարի մը իսկ չէր անցած Վահանին ընտրութենէն, որ զանազան կողմերէ լուրեր տարածուեցան անոր գաղտնի յարաբերութեանց վրայ Վրաց եւ Յունաց քաղկեդոնիկ եկեղեցիներու հետ, թէ անոնց կողմը միտած է, եւ Հայոց եկեղեցին ալ կ՚աշխատի անոնց համաձայնեցնել, եւ դաւանական խնդիրէն զատ ծիսական ձեւերու մէջ ալ համակերպութիւններ ընդունիլ, եւ գլխաւորապէս եկեղեցիներու ներքինը նկարէն պատկերներով լեցնել, յունածէս եկեղեցիներու նման: Ասողիկ պարզապէս կը գրէ. Սա ընդ Քաղկեդոնականս սիրելութիւն եւ հաճութիւն կամեցաւ թղթովք առնել (ԱՍՈ. 168), իսկ Վարդան աւելի կարճ կերպով կ՚ըսէ. Կարծիս առեալ թէ դաշնադիր է Վրաց (ՎԱՐ. 89), որոնք քաղկեդոնականութեան յարած էին. եւ ճիշդ այդ կէտին վրայ կը մեկնէ Կիրակոս, թէ դաշնադիր եղեւ ընդ Վիրս միաբան դաւանութեամբ (ԿԻՐ. 49): Օրբելեան, որ իբր անձնական պատուոյ խնդիր կը նկատէ իր աթոռին նախորդներէն միոյն գործը, կ՚աշխատի որչափ հնար է պաշտպանել ու կը գրէ, թէ կարծիս իմն առեալ ամենեցունց` եթէ դաշնադիր է ընդ Յոյնս, եւ կամի սպրտել յեկեղեցի զաղանդ նոցին (ՕՐԲ. Բ. 32): Երբ Օրբելեան կ՚ուզէ կերպով մը թեթեւցնել, Անեցին ամէն կերպով կը ծանրանայ, թէ Վահանը ամբաստանեցին` ծանուցեալ հաւաստեաւ զհերձուած կորստեան մտաց նորա (ՍԱՄ. 101): Թէպէտ պատմագիրները համամիտ են Վահանը ամբաստանելու իբրեւ քաղկեդոնիկ, սակայն որոշակի գործի կամ փաստի մը յիշատակութիւն չեն ըներ, այլ ընդհանրապէս կասկածի ձեւը կու տան, թէ շատ մտերիմ յարաբերութիւններ հաստատած էր Քաղկեդոնականներու, եւ գլխաւորապէս Վրացիներու հետ: Իբրեւ կասկածի նշան յառաջ կը բերուին յունական պատկերներու կիրառութեան համար ըրած ջանքերը: Օրբելեան ինքն ալ կը հաստատէ, թէ սկսաւ պատկերս բերել ի Վրաց եւ դնէր ի վերայ սեղանոյն, եւ հրամայէր յամենայն եկեղեցիս զնոյն առնել ըստ Հոռոմոց սահմանին, կօնիւք զարդարել եւ առանց կօնի ոչ առնել պատարագ (ՕՐԲ. Բ. 32): Կօները կամ իկոնները` որ է պատկերները, ուրիշներն ալ կը յիշեն, թէ ետ բերել պատկերս վասն նորոգման աղանդոյն Քաղկեդոնի (ՍԱՄ. 101): Ուզեցինք բառացի յառաջ բերել պատմագիրներուն ըսածները, որովհետեւ մեր տեսութեամբ ալ կարծես թէ բան մը կը պակսի Վահանի մտադրութիւնը բացորոշ կերպով հաստատելու համար: Պատկերներու ներածումը, եթէ միայն սեղանին վրայի համար էր, չենք կարծեր թէ մինչեւ այն ատեն Հայ եկեղեցւոյ մէջ պատարագի սեղանին վրայ պատկեր գտնուած չըլլայ, կամ թէ այդչափը դատապարտելի արարք մը ըլլայ եւ Հայ եկեղեցւոյ ուղղութեան դէմ, ուստի մեզի ալ տարադէպ չ՚երեւիր յունական իկոնոստասի վրայ իմանալ (ՕՐԲ. Բ. 296), որ է պատկերներով զարդարուած միջնորմը` մեր վարագոյրին տեղը: Սակայն այդչափն ալ ուղղակի իբր քաղկեդոնական աղանդի նշան չի կրնար նկատուիլ, քանի որ պարզապէս ծիսական կէտ մըն էր: Ուստի պիտի ըսենք թէ իկոնները կամ իկոնաստասը միտք բանալու առիթ եղաւ, եւ այս կերպով մէջտեղ ելաւ քաղկեդոնիկ Վրացիներու հետ զիջողական յարաբերութիւնները` կամ դաշնադրութիւնները դաւանական կէտերու մասին: Բայց այդ մերձաւորութիւնը ընդունելով ալ տակաւին շատ հեռու ենք հնազանդ եղեւ եկեղեցւոյն Հռոմայ մեկնութենէն, ինչպէս Կալանոս կ՚ուզէ իմանալ (ԿԱԼ. 211) վասնզի Հոռոմոց եւ Հռոմայ եկեղեցիներ իրարմէ բաժնուած էին արդէն 667), եւ Հոռոմոց հետեւողութիւնը Հռոմի հնազանդութիւն եղած չէր ըլլար:

770. ԺՈՂՈՎՆ ՈՒ ՓԱԽՈՒՍՏԸ

Այլ թէ ինչպէս եւ ինչու կրցաւ Վահան այդ միտքին հետեւիլ, այն ալ մութ կը մնայ: Նա Անանիա Մոկացիի նման խստապահանջ անձէ մը ընդունուած եւ ձեռնադրուած էր Սիւնեաց արքեպիսկոպոսութեան, վեց տարի առանց կասկած տալու պաշտօնը վարած էր, եւ կաթողիկոսական ընտրութեան ատեն եպիսկոպոսներու ժողովական որոշմամբ ըստ ամենայնի վստահելի նկատուած էր: Բայց հազիւ թէ կաթողիկոսութեան կը բարձրանայ` իրաց կերպարանը կը փոխուի եւ կասկածաւոր կը դառնայ: Սիւնեաց երկրին մէջ գայթիգայթի ընթացքը նոր չէր, եւ դէպի Վրացիներն ու Աղուանները համակիր վերաբերումն ալ նախընթացներ ունէր, Արարատի եւ Սիւնեաց թագաւորութեանց մէջ ալ համերաշխութիւնը շատ հաստատուն չէր: Մի գուցէ նորէն քաղաքական անհամաձայնութիւն մը ըլլայ բուն պատճառը. իբր զի Վահան` Արարատի մէջ ստացած իր նոր դիրքը անտեսելով` եւ Սիւնիներուն կողմը հակելով, առիթ տուած ըլլայ իրեն վրայ կասկածներ արթնցնելու, եւ իկոններու խնդիրը եւ Վրաց հետ համակրութիւնը, պատճառ դարձած ըլլան քաղկեդոնականութեան կասկածը բորբոքելու, եւ զայն իբր գահընկեցութեան փաստ գործածելու: Միւս կողմէն ալ կը տեսնենք, որ Վահան չ՚ուզեր վրան առնել այդ նպատակը, զոր պիտի չվարաներ յայտնել, եթէ իրօք քաղկեդոնականութեան համոզուած էր, այլ զպարտեալ ասէ զինքն ի նախանձաւոր արանց (ՕՐԲ. Բ. 33), եւ ամէնքը կը հաւանեցնէ սուտ զնմանէ կարծել զհամբաւ հերձուածոյ (ԿԻՐ. 49), եւ այս կերպով բացէ ի բաց հեռացնել կ՚ուզէ քաղկեդոնականութեան կասկածը: Երբոր Վահանի դէմ բողոքները կը շատնան, Աշոտ Ողորմածը հրաման տայր ժողովայ յԱնի քաղաքի, զի քննեսցեն զարժանն (ՕՐԲ. Բ. 32): Իսկ Վահան չի վստահիր քննութեան ելքին, մինչ իր նախորդներէն Յովհաննէս Ովայեցին 641) եւ Գէորգ Գառնեցին 688), նմանօրինակ պարագաներու մէջ չէին խուսափած քննութենէ, եւ արդարացած էին ժողովով: Վահան ընդ հակառակն ոչ եկաց ի ժողովն (ՕՐԲ. Բ. 33), այլ փախստեայ անկանի ի Վասպուրական առ Աբուսահլ թագաւոր (ԱՍՈ. 168): Ինչ ալ ըլլար Վահանի ներքինը, շատ դիւրին էր յայտարարութեամբ մը կասկածը փարատել եւ իր դիրքը ամրացնել, եթէ միայն քաղկեդոնականութեան խնդիր էր եղածը: Անիի ժողովին ներկաներէն կը յիշուին. Խաչիկ Արշարունեաց եպիսկոպոս, Պօղիկարպոս Կամրջաձորոյ վանահայր, Սարգիս Հոռոմոսի վանահայր, Ստեփանոս Սեւանի վանահայր, եւ այլ եպիսկոպոսունք եւ հարք բազումք (ԱՍՈ. 168): Ժողովականք ամբաստանելոյն բացակայութեան, ծանուցեալ հաւաստեաւ զհերձուած կորստական մտաց նորա, որոշեալ զնա հալածական արարին (ՍԱՄ. 101), այսինքն` պաշտօնէ մերժեցին եւ գահընկէց հրատարակեցին: Նոյնիսկ Վասպուրականի կողմը փախչիլը, եւ ոչ իր բնակարանը եղող Սիւնիք ապաւինիլը, մեր տեսութեամբ կը տկարացնէ քաղկեդոնականութեան կասկածը, վասնզի պատմութեան ընթացքն ալ կը ցուցնէ, թէ քաղկեդոնականութեան միտումը զօրաւոր էր Վրաց եւ Աղուանից սահմանակցութեան մէջ, այլ բնաւ չէր թափանցած հարաւային Հայաստանը, ուր նուազ էր Քաղկեդոնականներու ազդեցութիւնը: Արծրունի թագաւորներն ալ երբեք այդ կողմէն կասկածելի չեղան, մանաւանդ թէ ուղղակի դէմ գրող եւ մաքառողներ ալ եղան 743): Մենք աւելի պիտի միտինք կրօնական երեւոյթին ներքեւ քաղաքական խնդիր մը քօղարկուած տեսնել, եւ Աշոտ թագաւորի ու Վահան կաթողիկոսի մէջ հակառակութիւն մը տեղի ունեցած ըսել, որուն երեսէն Վահան ինքզինքը ապահով չի զգար, եւ փախուստով վտանգէն ազատելու միջոցին կը դիմէ:

771. ՊԱՇՏՕՆԻ ՏԵՒՈՂՈՒԹԻՒՆ

Վահանի կաթողիկոսութեան տեւողութիւնը, ամ մի ըսուած է յայտնապէս հնագոյն պատմիչներէն (ՕՐԲ. Բ. 32, ՍԱՄ. 100, ՎԱՐ. 89, ԿԻՐ. 49), եւ ժամանակագրական պահանջն ալ աւելի երկարել չի ներեր: Ասոնց հակառակ է Ուռհայեցիին զամս հինգ ըսելը (ՈՒՌ. 41), որուն մենք չենք կրնար կարեւորութիւն տալ, թէպէտեւ ուրիշ մը կը սիրէ այդ մէկը նախադասել պատմիչներու հանրութեան դէմ (ՉԱՄ. Բ. 841), փափաքելով քաղկեդոնիկ կարծուած անձի մը պաշտօնավարութիւնը երկարել: Սակայն Ուռհայեցին արդէն վկայուած է իբր ժամանակագրութեան եւ ճշդութեան անտեղեակ գրող մը (ՀԻՆ. 665): Եթէ ոք Ուռհայեցիին պիտի հետեւի, պէտք է բոլոր ամբաստանութեան եւ գահընկէցութեան պարագաներն ալ ընդունի, վասնզի Ուռհայեցիին գրելովը, Վահանը խաղաղութեամբ վախճանած է իր աթոռին վրայ, եւ յաջորդը Ստեփաննոս նստած է հրամանաւ եւ օրհնութեամբ տեառն Վահանայ: Նա Վահանի ժամանակակից կը դնէ Յունաց կայսրութեան մէջ Վասիլ Բ., Բագրատունեաց թագաւորութեան մէջ Յովհաննէս եւ Աշոտ, եւ Արծրունեաց թագաւորութեան մէջ Սենեքերիմ (ՈՒՌ. 42), որով պէտք կ՚ըլլար բաւական ետքը ապրող եւ բուն Վահանէն տարբեր ուրիշ Վահան մը փնտռել, եթէ Ուռհայեցիին հետեւիլ ուզէինք: Այդ մասին անբաւական կը դատենք Ասողիկէ քաղած փաստն ալ, որ Անանիայի մահը Հայոց 414 թուին դնելով (ԱՍՈ. 168), եւ Ստեփանոսի երկու տարի տալով, հինգ տարի կը մնայ Վահանի: Սակայն Ասողիկ ոչ մէկուն տեւողութիւնը չի նշանակեր. իսկ տարեթիւերը թուատառերով նշանակուած ատեն շատ սխալներու եւ տարբերութեանց կ՚ենթարկուին, ինչպէս նոյնիսկ մէկուն ՆԽԷ կարդացածը (ՉԱՄ. Բ. 1017), ուրիշ տեղ ՆԻԵ կը գտնենք (ՈՒՌ. 40): Ուստի պատմագիրներուն համաձայնութեամբ ամ մի նշանակուած տեւողութիւնը փոփոխելու բնաւ պատճառ մը չենք գտներ, եւ Վահան 968-ին աթոռ բարձրացած, 969-ին աթոռէ զրկուած կ՚ըլլայ Անւոյ ժողովին վճռով, եւ Աշոտ թագաւորի հրամանով կամ հաստատութեամբ: Շատ կարճառօտ տեւողութիւնը, եւ այդ միջոցին ալ հակառակութիւններով եւ ամբաստանութիւններով անցած ըլլալը, չներեցին Վահանի որեւէ հայրապետական գործունէութիւն ցոյց տալ, եւ պատմութիւնն ալ բնաւ պարագայ մը չի յիշեր: Օրբելեան միայն կը յիշատակէ թէ իր տեղ Սիւնեաց աթոռին արքեպիսկոպոս ձեռնադրած է զայրի երէց մի Աշոտ անուն` վասն առաւել ճգնութեանն եւ խոհեմութեանն, որ 17 տարի պաշտօն վարելէ ետքը հրաժարած է, եւ իր տեղը անցուցած իր իսկ որդին Յովհաննէսը, որ սակայն 6 ու կէս տարիէ կը վախճանի, եւ Աշոտ նորէն աթոռ կը դառնայ, եւ հինգ ու կէս տարի ետքը կը վախճանի ծերութեամբ եւ խաղաղութեամբ (ՕՐԲ. Բ. 94), որ տեղի ունեցած կ՚ըլլայ 997-ին, Սարգիս Սեւանցիի օրով: