Ազգապատում. հատոր Ա

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Տ. ՔՐԻՍՏԱՓՈՐ Բ. ԱՊԱՀՈՒՆԻ

455. ԸՆՏՐՈՒԹԻՒՆ ԵՒ ՆԱԽԸՆԹԱՑ

Կաւատ Շիրոյ հազիւ թէ գահ բարձրացաւ, եւ Հերակլի հետ խաղաղութիւնը կնքելով հին հայալ հարկաւ զինքը կը քաջալերէր յունական կառավարութեան հոգ տանիլ եւ օգտակարագոյն սեպեց Հայու մը յանձնել պաշտօնը, որպէսզի բնակչութեան սիրտը շահի, եւ երկրին շինութիւնը դիւրացնէ: Սմբատ Բագրատունի Խոսրովշնումի յիշատակը դեռ յարգի եւ պատկառելի էր Պարսից միտքին, թէպէտ Սմբատ 627-ին վախճանած էր եւ մարմինն ալ Կոգովիտ գաւառի Դարոյնք աւանը ի բնիկ հանգստարանսն բերուած էր (ՍԵԲ. 109): Բայց կար Վարազտիրոց որդին, որ հօրը կենդանութեան ատենէն արքունի պաշտօններու մէջ յառաջացած էր, եւ պատերազմներու ժամանակ ալ շարունակած էր պատուոյ դիրք վայելել, եւ հօրը ժառանգը կը նկատուէր ձիրքերով եւ արժանիքով ալ: Կաւատի ընտրութիւնը կը դիւրանար այս կերպով, եւ Վարազտիրոց Բագրատունի Հայաստանի մարզպան նշանակուեցաւ, եւ անմիջապէս գործին գլուխը անցաւ, եւ խնդութեամբ ընկալան զնա ամենայն աշխարհն Հայաստանեայց (ՍԵԲ. 153), զի Հայ մըն էր, Սմբատի զաւակն էր, եւ արժանեաց ալ տէր ճանչցուած էր: Վարազտիրոց Հայաստան հասնելով դատարկ գտաւ կաթողիկոսական աթոռը, եւ իբրեւ կարեւորագոյն եւ ստիպողական գործ` կաթողիկոսի ընտրութեան ձեռնարկեց: Ժողով գումարեց ըստ օրինի, եւ Թէոդորոս Ռշտունիի պաշտպանութեամբ ընտրուեցաւ, ոմն անապատական յԱբրահամեան տանէ, որում անունն էր Քրիստափոր (ՍԵԲ. 154): Այսպէս կը ներկայացնէ Սեբէոս նորընտիր կաթողիկոսը: Պատմաբանն ալ Քրիստափոր ոմն յԱբրահամեան տանէ կ՚ըսէ (ՅՈՎ. 97): Բայց Ասողիկ աւելի պատուաւոր կերպով կը կոչէ. Տէր Քրիստափոր ազատ յԱբրահամեան բարձէն յԱպահունեաց գաւառէն (ԱՍՈ. 88), եւ ի յազատ տանէ ըլլալը Օրբէլեան ալ կը հաստատէ (ՕՐԲ. Ա. 156): Այդ իրարմէ տարբեր տեղեկութեանց մէջ Քրիստափորի նախընթացը ճշդելու համար, նախ կը դիտենք որ ծննդավայրը յիշուած չէ, եւ լոկ նախարարութեան անունով Ապահունեաց գաւառէն ըսուած է, որ մեր տեսութեամբ նախարարական ազգատոհմէ ըլլալը կը ցուցնէ, ինչ որ կը հաստատուի յազատ տանէ խօսքովն ալ: Իսկ Աբրահամեան տուն ը, աւելի յստակ կերպով Աբրահամեան բարձ ալ ըսուած է, որ կը ցուցնէ թէ Ապահունեաց տոհմին Աբրահամեան ճիւղէն էր: Հետեւապէս մտացածին գիւտ մըն է կարծել, թէ Աբրահամեան ըսուելուն պատճառը` Աբրահամ կաթողիկոսի ազգական պիտի իմացուի (ՉԱՄ. Բ. 327), եւ մինչեւ իսկ Աբրահամ կաթողիկոսի զաւակ, իբր թէ Աբրահամ եկեղեցականութենէ առաջ աշխարհք մտած եւ հայր եղած ըլլայ (ԱԿԻ. 149): Բաւական էր նկատել, որ Աբրահամ Ռշտունի էր, իսկ Քրիստափոր` Ապահունի: Մեր կարծեօք պէտք չէ իսկ Քրիստափորը պարզ անապատական մը եղած կարծել կաթողիկոսութենէ առաջ, վասնզի ոչ միայն սովորութիւն էր միշտ ընտրելագոյն եպիսկոպոսներուն մէջէն առնել կաթողիկոսը, այլեւ պարագաները չէին ներեր անփորձ անապատական մը գործի գլուխ անցընել. ուստի մենք ճշմարտանման կը կարծենք Քրիստափոր Ապահունի կաթողիկոսը նոյնացնել Քրիստափոր Ապահունեաց եպիսկոպոսին հետ, որ Աբրահամ կաթողիկոսի հետ ստորագրած է Աղուանից թուղթը 428), որով գործերու հմուտ եւ կարող անձ ալ ցուցուած է: Իսկ անապատական կոչումը, որ իրեն տրուած է Սեբէոսէն, հետեւանք է Քրիստափորի վերջին կեանքին, եւ քիչ մըն ալ խստակրօն կենցաղին եւ խստաբարոյ զգացումներուն:

456. ԲՆԱՒՈՐՈՒԹԻՒՆՆ ՈՒ ԸՆԹԱՑՔԸ

Քրիստափոր համառօտ եւ վաղանցուկ օրեր միայն ունեցաւ կաթողիկոսական աթոռին վրայ: Պատմագիրք եւ գաւազանագիրք խառն կերպով կը նշանակեն 2, 3 եւ 4 տարիներ, միայն Ասողիկ 6 տարի կու տայ, որ մինակ մնալով հեղինակութիւն չի կրնար կազմել: Երեք եւ չորս տարիներու տարբերութիւնը անշուշտ Գ եւ Դ նմանաձեւ թուատառերու շփոթութենէն է, իսկ 2 եւ 3 տարիներու տարբերութիւնը հետեւանք է Սեբէոսի գրածին, կալաւ սա զաթոռ հայրապետութեան ամս երկուս, եւ յամին երրորդի եղին ի վերայ նորա բամբասանս (ՍԵԲ. 154): Ըստ այսմ Քրիստափորի պէտք է տանք երկու լրացեալ տարիներ միայն, եւ անոնք ալ զետեղել 628-է 630 տարիներուն մէջ: Երկու լրացեալ տարիներն ալ բաւական էին որեւէ գործունէութեան եւ արդիւնաւորութեան միջոց ըլլալ, սակայն դժբախտաբար ոչինչ չենք գտներ պատմագիրներէն նշանակուած, որք կը գոհանան նորա բնաւորութեան ակնարկել եւ պաշտօնէ ելնելուն պարագաները բացատրել: Սեբէոս կը գրէ, Նա դիպաւ այր հպարտ եւ ամբարտաւան, որոյ լեզու իւր էր իբրեւ զսուր սուսեր (ՍԵԲ. 154): Սեբէոսի դատաստանը խիստ է եւ վճռական, մինչ Պատմաբանը կը մեղմացնէ գրելով. Զսմանէ բան ճառի, թէ քսութիւն իմն յիւրում լեզուի կրէր (ՅՐՎ. 97): Ասողիկ ալ մեղադրանքները կը թեթեւցնէ. Եւ այլ ինչ պատճառ ասացին ըսելով (ԱՍՈ. 88). Օրբէլեան եւ Կիրակոս կը լռեն բոլորովին, իսկ Վարդան անցողակի կ՚ըսէ, թէ առնէր խռովութիւն ի մէջ իշխանացն (ՎԱՐ. 61): Այդ վկայութիւններուն բաղդատութիւններէն եւ Քրիստափորի պաշտօնանկութեան պարագաներէն կը տեսնուի, որ Սեբէոս յատուկ կիրք մը ունի Քրիստափորի դէմ, ինչ որ դիւրին պիտի ըլլայ մեկնել, երբոր պարզուի թէ Քրիստափորի անկման պատճառը Վարազտիրոց Բագրատունիի կողմէ յարուցուած խնդիրն էր, եւ Քրիստափոր Վարազտիրոցի նպաստաւոր եղած չէր: Իսկ Սեբէոս ինքն ալ Բագրատունի էր եւ Բագրատունեաց եպիսկոպոս, եւ Վարազտիրոցի դէմ եղողներուն նպաստաւոր չէր կրնար ըլլալ: Այլ թէ եղելութեան մէջ իրաւունք ունեցողը ո՞րն է, եւ մեղադրութեան արժանի ո՞վ է, պատմագիրներու կցկտուր եւ հարեւանցի տեղեկութիւններով վճռական որոշում տալ դժուար է, միայն թէ Սեբէոսէ ետքը եկող պատմագիրներ, Սեբէոսի գրածն ալ աչուընին առջեւ ունենալով, կը մեղադրեն Քրիստափորի դէմ Վարազտիրոցի ազդեցութեամբ բացուած պայքարը, եւ այդ պատճառով պաշտօնէ ձգուիլը: Պէտք է եւս դիտել, որ Քրիստափորի կաթողիկոսութենէն հազիւ 15 տարի ետքը, Սեբէոս արդէն Բագրատունեաց եպիսկոպոս է, եւ նախապատիւ եպիսկոպոսներէն մէկը, ինչ որ իրաւունք կու տայ ըսելու, թէ Սեբէոս անձամբ ալ խառնուած էր Վարազտիրոցի խնդիրին մէջ, եւ Քրիստափորի հետ ալ անձնական շփումներ ունեցած էր, եւ ասոնց արձագանգն է որ իր պատմութեան մէջ կը տեսնուի: Այդ դիտողութիւններէն ետքը գանք եղելութիւնը բացատրել:

457. ԲԱՄԲԱՍԱՆՔ ԵՒ ՀՐԱԺԱՐԱԿԱՆ

Սեբէոսի պատմութեան համեմատ, Քրիստափոր խռովութեանց պատճառ եղաւ իր չարախօսութիւններով, ու գժտութիւն թողուց Վարազտիրոցի եւ իր եղբօր մէջ: Ասոր վրայ եպիսկոպոսներ եւ իշխաններ քննութիւն բացին, եւ իր ընտանիքներէն երկու հոգի ժողովին ներկայացան եւ կաթողիկոսին դէմ վկայութիւն տուին: Եպիսկոպոսներէն ոմանք դուրս հանուեցան, եւ մնացեալ ժողովականներուն որոշմամբ կաթողիկոսութեան փակեղը Քրիստափորէ առնուեցաւ, կարգէն զրկուեցաւ, եւ անարգանօք դուրս հանուեցաւ (ՍԵԲ. 154): Բոլորովին կը տարբերի Յովհաննէս կաթողիկոսի պատմութիւնը: Սա կը գրէ թէ զրոյցներու նայելով Վարազտիրոց գժտած է եղեր իր եղբայրներուն հետ Քրիստափորի քսութեանց համար: Այսպիսի խօսքեր սկսեր են պտըտիլ, եւ նոյնիսկ անոր տունին մարդիկներէն քանի մը խօսք խառնողներ բամբասանս ապիրատս շիներ են, եւ կամակոր մտօք եւ քմահաճ կերպով որոշեր են զինքը կաթողիկոսութենէ վար առնել: Քրիստափոր ասոր վրայ յօժարակամ կը հրաժարի չարիքի առիթ չտալու համար, եւ Մասեացոտն գաւառի Ուղիք գիւղին մօտ միայնարան մը կը շինէ, եւ շատ ալ միայնակեացներ իրեն քով հաւաքելով, պահքով ու աղօթքով, տքնութեամբ ու աշխատութեամբ, առաքինաջան կեանքի կը ձեռնարկէ (ՅՈՎ. 97): Ժամանակով մերձաւորներէն Ասողիկ ալ կը գրէ, թէ Քրիստափորը աթոռէն վար առին, որովհետեւ իշխաններուն մէջ խռովութիւն կը ձգէր, եւ յետոյ ուրիշ պատճառներ ալ աւելցուցին (ԱՍՈ. 88): Վարդան ալ իշխաններու մէջ խռովութիւն ձգելէն զատ բան մը չի յիշեր (ՎԱՐ. 61). իսկ Կիրակոս եւ Օրբէլեան բնաւ պատճառ մը չեն ցուցներ: Այդ մանրամասնութիւնները իրարու մօտեցնելով կը տեսնենք, որ Սեբէոսէ զատ ամէնքն ալ համաձայն են Քրիստափորը յանիրաւի հակառակութեանց զոհ գացած ցուցնել: Վարազտիրոցի եւ եղբայրներուն մէջ գժտութիւնը, եթէ ընտանեկան խնդիր չէ, ընտանիքէ դուրս իշխաններու վրայ պէտք կ՚ըլլայ մեկնել, վասնզի գործի մէջ գտնուող Վարազտիրոցի եղբայրներ, բնաւ յիշուած չեն: Քրիստափորի դէմ վկայութիւն տուող ընտանիքներն ալ, ազգականներ չեն, այլ կաթողիկոսարանի մարդիկներ, որք դիւրաւ կրնային մարզպանէն վաստկուիլ: Նշանակալից է Սեբէոսի խոստովանութիւնը, որ ժողովին եպիսկոպոսներէն ոմանք դուրս հանուած են որոշումէ առաջ, որ է ըսել թէ բողոքող մաս մը եղած է Քրիստափորի նպաստաւոր: Բայց ամենէն աւելի նկատելի է Քրիստափորի կաթողիկոսութենէ ետքը անցուցած կեանքը, ինքզինքը ճգնաւորական եւ խաղաղական կենցաղի մը նուիրելով, հեռու ամէն անտեղի ճիգերէ: Այդ պարագան սուտ չի կրնար ըլլալ, վասնզի Ուղեաց միայնարանը ամենուն ծանօթ էր եւ Վարդան ալ զայն կը յիշէ, թէ տէր Քրիստափոր Մասեացոտնի մէջ միայնարան շինեց, ուր առաքինանայր բազում ջանացող աղօթիւք, երեքհարիւր խարազանազգեստ արամբք (ՎԱՐ. 62): Սեբէոս այս նպաստաւոր կէտը լռութեամբ կ՚անցնի եւ չի յիշեր, եւ ասով աւելի եւս կասկած կ՚աւելցնէ իր կուսակցական հակառակութեան վրայ:

458. ԵՂԵԼՈՒԹԵԱՆՑ ԱՄՓՈՓՈՒՄԸ

Այդ ամէն դիտողութիւններէ ետքը, մենք կը կարծենք թէ հետեւեալ կերպով պէտք է իմանալ իսկական եղելութիւնը: Ընտրութեան վայրկեանէն կը շեշտուի, որ Քրիստափոր ընտրուեցաւ առաջադրութեամբ Թէոդորոսի Ռշտունեաց տեառն (ՍԵԲ. 153) կամ խորհրդակցութեամբ Թէոդորոսի (ՅՈՎ. 97), իմացնելու համար թէ Քրիստափոր Վարազտիրոցի պաշտպանեալը չէր, կամ թէ ըսել Թէոդորոսի կողմնակիցն էր: Այդ կէտը եւսքանզեւս նշանակութիւն առած կ՚ըլլայ ընտրութենէ ետքը, որով Վարազտիրոց չի կրնար կաթողիկոսը իր ուղղութեան ծառայեցնել: Թէոդորոս սաստիկ յունատեաց մը եղած է, ինչպէս իր բոլոր գործերը պիտի ցուցնեն, մինչ Վարազտիրոց յունասէր մը կը յայտնուի, վերջէն վերջ մարզպանութեամբը հանդերձ Յունաց կողմը անցնելովը: Քրիստափոր Թէոդորոսի ուղղութեան ջերմ հետեւող եղած կ՚երեւի, իր խիստ ու բուռն իշխանական բնաւորութեամբը` Վարազտիրոցը վիրաւորելու չափ: Ասոր վրայ տեղի կ՚ունենան մարզպանին ջանքերը իրեն հլու կաթողիկոս մը ունենալու եւ Քրիստափորը հեռացնելու համար: Այսուհանդերձ իշխաններու մէջ գժտութեան առիթ ըլլալէն զատ, ուրիշ ամբաստանութեան նիւթ չեն գտներ, նոյնինքն Սեբէոս, իր ամէն հակակրութեամբը ուրիշ ամբաստանութիւն չի յիշեր, ոչ բարոյից եւ ոչ հաւատքի նկատմամբ մեղադրանք չի գտներ: Քրիստափորը պաշտօնանկ ընելու համար ժողով կը գումարուի, համաձայնութիւն չի գոյանար, ժողովականաց մէկ մասը կը բողոքէ, բայց մարզպանին կամքը կը յաղթանակէ: Բողոքողներ կը հանուին, եւ Քրիստափոր այդ տգեղ դարձուածքներէն զայրացած, կը հրաժարի, քօղն ու հայրապետանոցը կը թողու, եւ նենգաւոր մեքենայութիւններէն ազատ մնալու համար, ճգնաւորութեան կը դիմէ եւ անապատական կ՚ըլլայ: Ըստ այսմ Քրիստափոր կը յայտնուի այնպիսի բնաւորութեամբ մէկ մը որ կը կոտրուի, բայց չի ծռիր, կը յաղթուի, բայց չի ստորնանար: Մեր տեսութեան դէմ թերեւս դիտուի, թէ Վարազտիրոց, Սմբատ Խոսրովշնումի որդի, եւ պարսկական արքունեաց մէջ սնած, յունասէր զգացմանց տէր պիտի չըլլար: Սակայն Պարսկաստանի կացութիւնը հիմնովին փոխուած էր Սմբատի ժամանակին կացութենէն: Կաւատ Շիրոյ հազիւ 6 ամիս թագաւորութիւն ունեցաւ, եւ մեռաւ 628 տարւոյն վերջերը, եւ Արտաշիր` հօրը տեղ թագաւոր հռչակուեցաւ, 7 տարեկան անչափահաս հասակի մէջ: Ասոր վրայ Հերակլ բանակցութեան մտաւ Շահրվարազ Խոռեամի հետ, որ անոր թագաւորելուն օգնէ, եթէ գերի տարուած Խաչափայտը դարձնէ: Խոռեամ պայմանին հաւանեցաւ, եւ Տիզբոնի վրայ քալեց, Արտաշիրը սպաննել տուաւ, եւ ինքն թագաւոր հռչակուեցաւ, Խոսրովի աղջկան Բորանի կամ Բորանդուխտի կամ Բբորի հետ ամուսնանալով: Խոռեամ եւ ոչ իսկ երկու ամիս թագաւորութիւն վայելեց, որովհետեւ շուտով սպաննուեցաւ 630 Ապրիլին, եւ Բորան արքայադուստրը թագուհի հռչակուեցաւ Խոռոխ Որմիզդ իշխանի խնամակալութեամբ, եւ ինքն եղաւ որ Խաչափայտը դարձուց Հերակլի բարեկամութիւնը ապահովելու համար: Այդ շփոթութեանց մէջ էր որ Վարազտիրոց ալ իր զգացումները կը փոխէր, եւ Յունական ազդեցութեան կ՚ենթարկուէր: Վարազտիրոցի եւ Քրիստափորի մէջ անհամաձայնութիւնն ալ, ոչ թէ կաթողիկոսութեան սկիզբէն կը սկսի, այլ երկրորդ տարւոյն մէջ կը զօրանայ Հերակլի յաջողութեանց հետեւանօք, եւ երրորդ տարւոյն սկիզբը յայտնի հակառակութեան կը յանգի:

459. ՎԵՐՋԻՆ ԿԵԱՆՔԸ

Քրիստափորի մնացեալ կեանքին վրայ տեղեկութիւն չունինք, իր յաջորդներէն Յովհաննէս Պատմաբան նորա ճգնաւորական կեանքը գրելով, վերջը չի նշանակեր, որով կ՚իմացուի թէ նոյն վիճակին մէջ կեանքը կնքեց, միայնակեացներու բազմութեան առաջնորդելով: Մեր տեսութիւնը աննպաստ չէ Քրիստափորի անձին վրայ, թէպէտեւ դիտողութեան ենթակայ ըլլայ խիստ եւ բուռն ընթացքը, մինչ իշխանաւորներու վրայ գնահատելի եւ նախադասելի է սիրաշահելու ուղղութիւնը: Այլ որն եւ ըլլայ Քրիստափորի նկատմամբ ըլլալիք դատաստանը, եւ ինչ շարժառիթ ալ մղած ըլլայ եպիսկոպոսները եւ իշխանները ժողովի գումարուելու, միայն եկեղեցական կանոններուն մասին կարեւոր հետեւութիւն մը ունինք քաղելիք, թէ Հայ Եկեղեցին իր մէջ իշխանութիւն կը զգայ, նոյնիսկ իր կաթողիկոսը դատի ենթարկելու, եւ անոր վրայ վճիռ արձակելու: Այդ առաջին առիթն է, զոր պատմութիւնը մեզի կը ներկայացնէ. առաջիկային ուրիշ նմանօրինակ առիթներ ալ պիտի տեսնենք: Արդէն իսկ այդ գերագոյն իշխանութեան նշանակը կը նկատուի, որ ծիսական կարգադրութեամբ Ասասցուք քարոզին մէջ, Վասն ամենայն սուրբ եւ ուղղափառ եպիսկոպոսաց մաղթանքը` նախադասուած է Վասն հայրապետին մերոյ մաղթանքին (ԺԱՄ. 243): Նոյնը կը տեսնուի բոլոր նմանօրինակ աղօթքներու, եւ յատկապէս պատարագի Գոհութիւն քարոզին մէջ (ԺԱՄ. 593): Աւելորդ չըլլայ աւելցնել, թէ Ապահունին ոմանց Քրիստափոր Գ. ըսելը, հետեւանք է Քրիստափոր Արծրունի մը ստեղծելու դրութեան 292):