Տ. 
   
    ՏՐԴԱՏ 
   
    Բ. 
   
    ԴԱՍՆԱՒՈՐԵՑԻ
  
 
   
    602. 
   
    ՊԱՇՏՕՆՆ 
   
    ՈՒ 
   
    ԺԱՄԱՆԱԿԸ
  
 
   
    Տրդատի 
   
    յաջորդեց 
   
    ուրիշ 
   
    Տրդատ 
   
    մը, 
   
    ծննդեամբ 
   
    Տուրուբերան 
   
    նահանգի 
   
    Դասնաւորք 
   
    գաւառէն, 
    
     (ՅՈՎ. 
    
     134), 
   
    որ 
   
    կը 
   
    պատասխանէ 
   
    այժմեան 
   
    Թէքման 
   
    ու 
   
    Շուշար 
   
    լեռնային 
   
    գաւառներուն: 
   
    Տեղ 
   
    մը 
   
    Դասնաւան 
   
    կոչուած 
   
    է 
   
    Տրդատի 
   
    ծննդավայրը 
    
     (ԱՍՈ. 
    
     107), 
   
    որ 
   
    կրնայ 
   
    բացատրուիլ 
   
    իբր 
   
    Դասնաւորք 
   
    գաւառի 
   
    գլխաւոր 
   
    աւանը, 
   
    եւ 
   
    ի 
   
    դէպ 
   
    է 
   
    նոյնացնել 
   
    զայն 
   
    ուրիշ 
   
    պատմիչէ 
   
    Բուոյնք 
   
    կոչուած 
   
    աւանին 
   
    հետ, 
   
    իբր 
   
    Տրդատի 
   
    հայրենիք 
    
     (ԿԻՐ. 
    
     39): 
   
    Ոչ 
   
    նախընթաց 
   
    կեանքին 
   
    եւ 
   
    ոչ 
   
    հայրապետական 
   
    գործունէութեան 
   
    վրայ 
   
    պատմուած 
   
    յիշատակ 
   
    չունինք, 
   
    եւ 
   
    պատճառն 
   
    ալ 
   
    անշուշտ 
   
    իր 
   
    նախորդին 
   
    համար 
   
    ըսածնիս 
   
    է 
    
     (Գլ. 
    
     601), 
   
    թէ 
   
    աղետալի 
   
    եւ 
   
    տագնապալի 
   
    օրերու 
   
    մէջ` 
   
    գործերու 
   
    վրայ 
   
    մտածելու 
   
    պատեհն 
   
    ալ 
   
    կը 
   
    պակսէր 
   
    այդ 
   
    վշտակիր 
   
    կաթողիկոսներուն: 
   
    Միւս 
   
    կողմէն 
   
    այս 
   
    երկրորդ 
   
    Տրդատը 
   
    շատ 
   
    համառօտ 
   
    ալ 
   
    պաշտօնավարութիւն 
   
    ունեցաւ, 
   
    3 
   
    տարի 
   
    միայն, 
   
    ինչպէս 
   
    միաձայնութեամբ 
   
    յառաջ 
   
    կը 
   
    բերեն 
   
    բոլոր 
   
    ցուցակներ, 
   
    մէկ 
   
    երկուքէն 
   
    զատ, 
   
    որոնք 
   
    կարեւորութիւն 
   
    չեն 
   
    կրնար 
   
    ունենալ 
   
    միւսներուն 
   
    համաձայնութեան 
   
    հանդէպ: 
   
    Դասնաւորեցիին 
   
    3 
   
    տարիները 
   
    կը 
   
    զետեղուին 
   
    ընդհանրապէս 
   
    764-է 
   
    767 
   
    միջոցին, 
   
    եւ 
   
    մենք 
   
    ալ 
   
    պատճառ 
   
    չունինք 
   
    այլեւս 
   
    հաշուելու:
  
 
   
    603. 
   
    ՍԱՍՏԻԿ 
   
    ՆԵՂՈՒԹԻՒՆՔ
  
 
   
    Հայրապետական 
   
    գործերու 
   
    պակասը 
   
    կը 
   
    լրացնեն 
   
    Հասան 
   
    ոստիկանի 
   
    ձեռքով 
   
    կատարուած 
   
    անգթութիւնները, 
   
    որոնց 
   
    կցկտուր 
   
    յիշատակներն 
   
    իսկ 
   
    կարդացողը 
   
    կը 
   
    քստմնեցնեն: 
   
    Հասանի 
   
    հետ 
   
    եկած 
   
    էր 
    
     գունդ 
    
     բազում 
    
     ի 
    
     տոհմէ 
    
     Խորասան 
    
     աշխարհին, 
   
    որ 
   
    իր 
   
    կատաղի 
   
    խուժդուժութիւններով 
   
    նշանաւոր 
   
    է 
   
    նոյնիսկ 
   
    արաբական 
   
    պատմութեան 
   
    մէջ, 
   
    եւ 
   
    այս 
   
    գունդին 
   
    ազատութիւն 
   
    կը 
   
    տրուէր 
   
    ըստ 
   
    հաճոյս 
   
    գործել: 
   
    Հետեւաբար 
   
    անխնայ 
    
     գործէին 
    
     զզազրագործութիւնս, 
    
     եւ 
    
     բազմացուցանէին 
    
     զաղետս 
    
     եւ 
    
     զհեծութիւնս: 
   
    Սովորական 
   
    գործեր 
   
    դարձած 
   
    էին
    
     արհամարհութիւնք 
    
     հայրապետաց, 
    
     այպանութիւնք 
    
     եպիսկոպոսաց, 
    
     գան 
    
     եւ 
    
     խոշտանգանք 
    
     քահանայից, 
    
     իշխանաց 
    
     քարշանք, 
    
     նախարարաց 
    
     քայքայութիւնք: 
   
    Բռնութեամբ 
   
    դրամ 
   
    հաւաքելու 
   
    եւ 
   
    կողոպտելու 
   
    համար, 
   
    մեծերն 
   
    ալ 
   
    պզտիկներն 
   
    ալ 
   
    անխտիր 
    
     խոշտանգէին 
    
     ազգի 
    
     ազգի 
    
     չարեօք, 
    
     փոկահարութեամբ 
    
     լլկէին, 
    
     գելարանօք 
    
     եւ 
    
     կախաղանօք 
    
     տանջէին, 
   
    եւ 
   
    կամ 
    
     մերկացեալ 
    
     ի 
    
     զգեստուցն 
    
     արկանէին 
    
     ի 
    
     մէջ 
    
     լծից 
    
     յաւուրս 
    
     դառնաշունչ 
    
     ձմերայնոյ: 
   
    Պատմիչն 
   
    ալ 
   
    կը 
   
    խոստովանի 
   
    թէ 
    
     պատմել 
    
     ոչ 
    
     կարեմք 
    
     զաղետիցն 
    
     պատմութիւն, 
   
    եւ 
   
    կը 
   
    վկայէ 
   
    թէ 
    
     ոչ 
    
     կարացեալ 
    
     հանդուրժել 
    
     զօրագլուխք 
    
     աշխարհիս, 
    
     հեծէին, 
    
     եւ 
    
     հառաչէին 
    
     յանհանդուրժելի 
    
     տագնապէն: 
   
    Եւ 
   
    որովհետեւ 
   
    հեծեծանք 
   
    ու 
   
    հառաչանք 
   
    ալ 
   
    չափ 
   
    ու 
   
    սահման 
   
    մը 
   
    ունին, 
    
     եդին 
    
     զոգի 
    
     ի 
    
     ձեռին 
    
     իւրեանց, 
    
     եւ 
    
     լաւ 
    
     համարեալ 
    
     զմահ 
    
     քաջութեամբ, 
    
     ձեռնամուխ 
    
     եղեն 
    
     յիրս 
    
     ապստամբութեան, 
   
    թէպէտեւ 
   
    յայտնի 
   
    էր 
   
    թէ 
   
    կը 
   
    ձեռնարկէին 
   
    գործի 
   
    մը, 
    
     զոր 
    
     ոչ 
    
     կարէին 
    
     վճարել, 
    
     վասն 
    
     զի 
    
     նուազունք 
    
     էին 
    
     (ՂՆԴ. 
    
     168): 
   
    Սակայն 
   
    խլրտումներուն 
   
    սկզբնաւորութիւնը 
   
    յապաղեցաւ 
   
    քանի 
   
    մը 
   
    տարի, 
   
    Հասանի 
   
    ետ 
   
    կանչուելովը: 
   
    Այս 
   
    էր 
   
    երկրին 
   
    աղետալի 
   
    եւ 
   
    վտանգալից 
   
    կացութիւնը, 
   
    երբ 
   
    Տրդատ 
   
    Դասնաւորեցին 
   
    տարաժամ 
   
    կը 
   
    վախճանէր, 
   
    սաստիկ 
   
    ցաւերու 
   
    մէջ, 
   
    այդ 
   
    անտանելի 
   
    վիշտերու, 
   
    տոկալ 
   
    չկարենալու 
   
    չափ: