Ազգապատում. հատոր Ա

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Տ. ՄՈՒՇԷ Ա. ԱՅԼԱԲԵՐԵՑԻ

351. ԸՆՏՐՈՒԹԻՒՆՆ ՈՒ ԳՈՐԾԸ

Սամուէլի յաջորդեց Մուշէ, Կոտայք գաւառի Այլաբերք գիւղէն, որ յոմանց Աղբերք ալ գրուած է, իսկ Կոտայք այժմեան Երեւանի գաւառն է, որով Մուշէ Դուինի հայրապետանոցին մօտերէն եղած կ՚ըլլայ: Նախընթացաբար իր անունը երբեք յիշուած չէ, պատմագիրներն ալ տեղեկութիւն չեն տար, որով չենք կրնար ճշդել, թէ ինչ կերպով եւ ինչ արժանիքով աթոռ բարձրացաւ: Քսանի մօտ պատմագիրներ եւ ցուցակագիրներ, մէկէն զատ, ամէնքն ալ զարմանալի միաձայնութեամբ 8 տարի կու տան Մուշէի կաթողիկոսութեան, որով Սամուէլի մահուան թուականն եղող 526-էն մինչեւ 534 պէտք կ՚ըլլայ դնել անոր պաշտօնավարութեան տեւողութիւնը, թէպէտ մահուան պարագաներն ալ կ՚անգիտանանք: Իր ատենի մարզպանը եղած է Մժէժ Գնունի, իսկ Պարսից թագաւոր Կաւատը վախճանած է 531-ին 43 տարի թագաւորելէ ետքը, եւ իրեն յաջորդած է Խոսրով Ա. իր որդին, Անուշիրուան մականուանուած, այսինքն է Երանելի: Յունաց կայսրութիւնը 527-ին Յուստինոսի մահուընէ ետքը, անցաւ Յուստինիանոսի, որ կայսրներուն կարգին ամենէն նշանաւորներէն մին եղած է իր օրէնսդիր եւ բարեկարգիչ հանճարովը: Յուստինիանոսի նպատակներէն մինն ալ եղաւ Քաղկեդոնի ժողովին խնդրոյն վերջ մը տալ, որ իր գահակալութեան ատեն, 76 տարիէ հետէ կը յուզուէր, առանց վերջնական լուծման մը յանգելու: Ինքն Յուստինիանոս ալ տակաւին 25 տարիէ աւելի աշխատեցաւ, մինչեւ որ կրցաւ խնդիրին վերջ տալ ճարտար դարձուածքով մը: Իսկ քաղաքական խաղաղութիւնը վրդովուած էր Յունաց եւ Պարսից մէջ, ցորչափ կենդանի էր Կաւատ, սակայն պատերազմի ասպարէզը Միջագետքն էր, եւ Հայաստան համեմատաբար ազատ էր պատերազմի դժնդակ հետեւանքներէն: Խոսրով իր թագաւորութեան սկիզբը հաշտութեան դաշնագիր կնքեց Յուստինիանոսի հետ, թէպէտ խաղաղութիւնը երկարատեւ չեղաւ:

352. ԵՐԻՑԱԿ ՍԻՒՆԵՑԻ

Պատմական եղելութեանց նուազութեան ատեն, իբր հետաքրքրական յառաջ կը բերենք Սիւնեաց եպիսկոպոսի ընտրութիւնը, զոր կատարած է Մուշէ, Օրբէլեանի պատմածին համեմատ: Սիւնեաց վերջին եպիսկոպոսը, նոյնպէս Մուշէ կոչուած, զոր անգամ մը յիշած ենք 327), կը վախճանի Մուշէի կաթողիկոսութեան օրերը: Օրբէլեանի հաշուով, Անանիա 42, Նուն 8, Գաղատ 17, եւ Մուշէ 36 տարի պաշտօնավարած են (ՕՐԲ. Բ. 246), որ է բովանդակ 103 տարի: Եթէ Անանիայի Սահակէ ստացած ձեռնադրութիւնը 420-է 425-ին ատենները դնենք, 530-ին մօտերը կ՚իյնայ Մուշէ եպիսկոպոսին մահը: Սակայն Փարպեցիին համեմատ 476-ին Մուշէ արդէն Սիւնեաց եպիսկոպոս էր 327) եւ 36 տարի պաշտօնավարութիւն տալով կը հասնինք 512-ին, որով ժամանակակից չի կրնար ըլլալ Մուշէ կաթողիկոսին, որ 526-ին ընտրուեցաւ: Սակայն ստէպ յիշած ենք թէ ժամանակագրական թուականներ շատ տկար են մեր պատմագիրներուն մէջ, մանաւանդ թուատառերու փոխանակութենէն գրչագիրներուն ստեղծած շփոթութիւններով, այնպէս որ պարտաւորուած ենք աւելի դիպուածներու ժամանակակցութեան հետեւիլ քան թէ յիշատակուած թուականներու: Երբ Մուշէ եպիսկոպոս կը վախճանի` Սիւնեաց տանուտէրութիւնը դատարկ եղած կ՚ըլլայ, եւ վերջին նախարարին այրին, Սահակիա տիկին, գլուխ կ՚ըլլայ կաթողիկոսը Սիւնիք հրաւիրել որ ընտրութիւն եւ ձեռնադրութիւն կատարէ: Մուշէ կաթողիկոս կը հաւանի եւ ճամբայ կ՚ելլէ ըստ հայրապետական ճոխութեանն: Ըստ այսմ կաթողիկոսը հեծեալ ի սպիտակ ջորւոջ, ոսկեզօծ թամբօք, եպիսկոպոսօք, եւ բազմամբոխ պաշտօնէիւք, որք զառաջեաւ ունելով զոսկիափայլ նշանն աստուածընկալ արեգակնակերպ նշուլիւք, ընթանային զճանապարհաւն սաղմոսիւք եւ քաղցրաձայն եղանակօք (ՕՐԲ. Ա. 115): Նկարագրութիւնը հետաքրքրական է ժամանակին սովորութիւնները ուսումնասիրելու համար: Մտադրութեան արժանի է խաչին նշուլիւք զարդարուած ըլլալը, որ է թեւերու մէջտեղերը ճաճանչներ ունենալը, ինչպէս են այսօր ալ մեր եկեղեցիներու մէջ գործածուած խաչերը, որուն այս կերպով Հայ ծէսի սեփական խաչի ձեւ շինելը կը հաստատուի: Երբոր Մուշէ Սիւնեաց նահանգը Վայոցձոր գաւառը կը հասնի, եւ ամէն կողմեր երաշտէ թարշամեալ եւ ցամաքած կը տեսնէ, արտասուագոչ պաղատանօք ձեռս ի վեր ամբարձեալ կ՚աղօթէ, եւ քիչ ետքը կը սկսի անձրեւել, եւ զաւուրս երիս զցայգ եւ զցերեկ անձրեւը կը շարունակէ եւ բուսաբերութիւնը կը վերակենդանանայ: Իշխանուհին Սահակիա եւ բոլոր Սիւնեաց ժողովուրդը մեծահանդէս ընդունելութիւն կ՚ընեն կաթողիկոսին, իջանէին ամենեքեան ի վերայ ծնկաց եւ երկիր պագանէին, կէսք հետեւակք եւ կէսք հեծեալք ընթանային յաջմէ եւ յահիկէ, եւ մեծաձայն աղաղակաւ հնչէին եւ գոչէին զերգս օրհնութեան, եւ այս կերպով մինչեւ նախարարական ապարանքը առաջնորդելով նստուցանէին ի վերայ ոսկեթել եւ մարգարտաշար բազմականին (ՕՐԲ. Ա. 116): Երեք օր հանգիստ ընելէ ետքը կաթողիկոսը ընտրողական ժողով կը գումարէ, եւ ամէնքն միաբերան հայր Երիցակը կ՚ուզեն իրենց տեսուչ հոգւոց: Այս Երիցակը Բաղք կամ Քաշունիք կամ Բարկուշատ գաւառի մէջ Երիցու վանք կոչուած մենարանը քաշուած ճգնաւոր մըն էր, որ առաջ աշակերտած էր նոյն Բաղք գաւառի մէջ Գիւտ կամ Վասակ ճգնաւորին, եւ անկէ զատուելով նոր վանք հիմնած էր 12 ընկերներով: Երիցակ ճգնաւորին եպիսկոպոսական աստիճանէ փախչիլը նախատեսելի էր, անոր համար Մուշէ անմիջապէս մարդ հանեց որ վանքին պահպանութիւն ընեն: Երիցակ վերջապէս ընդդիմացաւ Մուշէի կողմէն` սարկաւագապետին ձեռօք եկած հրաւէրին, մինչեւ որ կաթողիկոսը պարտաւորուեցաւ անձամբ երթալ անոր ճգնարանը, եւ սաստելով հնազանդեցնել, եւ քաղաք բերելով ձեռնադրել, եւ ինքն դառնալ ի հայրապետական աթոռն ի Դուին շահաստան (ՕՐԲ. Ա. 119): Իսկ Երիցակ տարի մը միայն պաշտօն վարելով, սրբութեամբ վախճանեցաւ, եւ իրեն յաջորդեց Մակար (ՕՐԲ. Ա. 131), հարկաւ նա ալ Մուշէէ ընդունելով ձեռնադրութիւնը:

353. ԳԻՒՏ ԵՒ ՔՐԻՍՏՈՍԱՍԷՐ

Օրբէլեան Երիցակի վրայ խօսելէն առիթ կ՚առնէ Գիւտ ճգնաւորին վրայ ալ խօսիլ, եւ այս մասին գրածներն ալ կ՚ուզենք քաղել, թօթափելով շատ մը հրաշապատում պարագաները: Շաբիթ իշխան Գողթն գաւառի, հաւանաբար թոռն Շաբիթի, որ Մեսրոպի առաջին քարոզութեանց օգնած էր 187), եւ որդի Գիւտի` որ նոյնպէս Մեսրոպի օժանդակած էր 207), երկու զաւակ թողած էր, Վասակ եւ Շապուհ, որ ընտանեկան պատերազմի կ՚ելլեն ժառանգական խնդրով, եւ յատկապէս Որդուատ գիւղին ստացութեան համար: Վասակ, պատերազմի բորբոքման մէջ Շապուհը կը վիրաւորէ, բայց այնպէս կը յուզուի, որ կ՚ուխտէ աշխարհքէ քաշուիլ, եթէ եղբայրը բժշկուի (ՕՐԲ. Ա. 121): Շապուհ կ՚առողջանայ, եւ Վասակ լռելեայն կը փախչի, եւ Բաղք գաւառի լեռներուն մէջ ճգնաւորութեան կը սկսի Գիւտ անունով: Եղած տեղը երեքուկէս տարի մնալէն ետքը, օր մը այն կողմերը ուրախութեան երգեր լսելուն, աւելի ներսերը կ՚երթայ, եւ Երասխի եզերքը Քարավազ կոչուած տեղը, պզտիկ քարանձաւի մը մէջ կը հաստատուի: Տասը տարիներ անցած էին, եւ Գիւտ-Վասակ խոտաճարակ կ՚ապրէր, գազաններու հետ ընտելացած, երբոր յանկարծ այնտեղ կը հասնի իշխանաւոր մէկը, հրաշալի եղջերուի մը հետեւելով: Գիւտ նոյն միջոցին արջի մը թաթը կը խնամէր: Իշխանաւորը, որ օտար թագաւորի մը որդի է եղեր, հիացած կը մնայ, Գիւտի սրբութենէն կը հրապուրուի, կը մկրտուի Քրիստոսասէր անունով, եւ դրամ ալ բերել տալով նոյն տեղը վանք ու եկեղեցի կը շինէ Գիւտի գլխաւորութեամբ, եւ ինքն ալ անոր կ՚աշակերտի: Թագաւորին խնդրակները տեղը կը գտնեն ու բռնութեամբ տանելու կու գան, բայց Գիւտ եւ Քրիստոսասէր եւ ընկերներ կանուխէն հեռացած կ՚ըլլան, միայն հիւանդ կրօնաւոր մը կը գտնեն, կը սպաննեն, եւ վանքն ու եկեղեցին կը քանդեն: Ասոր վրայ թագաւորը չարաչար կը հիւանդանայ, որդին իրեն լուր կը ղրկէ, որ բժշկուելու համար զինքն ազատ թողու եւ քանդածը շինել տայ: Ինչ որ կը գործադրուի: Քարավազի վանքը մինչեւ 500 ճգնաւորներ կը հաւաքուին, 200 վանքին եւ 300 քարանձաւներուն մէջ: Վանքը նորէն փորձանքներու կը հանդիպի, մինչեւ որ Գիւտ 84 տարեկան եղած եւ Քրիստոսասէր կը նահատակուին, վանքին վրայ եղած նոր յարձակման մը ատեն: Ցրուեալ կրօնաւորները դառնալով Գիւտը կը թաղեն եկեղեցւոյ գաւիթը, եւ Քրիստոսասէրը եկեղեցւոյ մէջ: Ստեփանոս Օրբէլեան, որ Սիւնեաց արքեպիսկոպոս էր, արժանահաւատ անձերէ քաղելով աւանդած է Գիւտի եւ Քրիստոսասէրի պատմութիւնը (ՕՐԲ. Ա. 121-130): Այս Գիւտին աշակերտներէն է վերեւ յիշուած Երիցակ ճգնաւոր եպիսկոպոսը: