Ազգապատում. հատոր Ա

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Ս. ԹԱԴԷՈՍ ԱՌԱՔԵԱԼ

5. ԵԴԵՍԻՈՅ ՔԱՐՈԶՈՒԹԻՒՆԸ

Լաբուբնիայի աւանդական պատմութեան համեմատ, Յիսուսի համբառնալէն ետքը, Յուդա-Թովմաս առաքեալ, երկոտասաններէն մէկը, մականուանեալն Դիդիմոս, որ է Երկուորեակ (ՅՈՀ. ԺԱ. 16), իր երկուորակից Թադէոս Դիդիմոսը, որ եօթանասնից թիւէն էր, կը ղրկէ Եդեսիա, Յիսուսի տուած խոստումը կատարելու համար: Թովմասի միջամտութեան իբր պատճառ կրնայ ընդունուիլ, թէ առաքելական կանոնաց յիշածին համեմատ, Հնդիկք եւ ամենայն գաւառք որ շուրջ զնովաւ են, մինչեւ ի ծովն վերջին, Թովմայի վիճակած էին, թէպէտեւ քիչ ետքը Ուռհա, եւ ամենայն քաղաքք որ շուրջ զնովաւ, Մծբին եւ Արաբք եւ սահմանակիցք Միջագետաց, Հայք եւ ամենայն հիւսիսի եւ հարաւ, վիճակած կ՚ըսուին Թադէոսի (ԿԱՆ. 9): Սակայն ի դէպ էր թերեւս երկուքը իրար միացնելով, միեւնոյն վիճակը համարել, եւ հարազատ եղբայրներ իրար գործակից նկատել: Բայց ինչ ալ ըլլայ վիճակներուն խնդիրը եւ առաքեալներուն ունեցած դերը, մենք կը բաւականանանք նկատի առնել միայն Թադէոսի Եդեսիա գալը: Ըստ այս աւանդութեան, Թադէոս կ՚իջեւանի Տուբիա անուն Հրէայի մը տունը, Աբդիու անուն նախարար մը լուր կուտայ Աբգարի. Թադէոս արքունիք կը տարուի, Աբգար կը հիանայ ու երկրպագութիւն կ՚ընէ, եւ իբր Յիսուսէ խոստացուած բժիշկը կ՚ընդունի. Թադէոս կը քարոզէ, Աբգար կը հաւատայ եւ հրաշքով կը բժշկուի, ինչպէս նաեւ կը բուժուի Աբդիուի կաղութիւնը: Աբգար շատ հարուստ ընծաներ կը նուիրէ, բայց Թադէոս կը մերժէ, եւ համարձակութիւն կ՚ընդունի ժողովուրդին քարոզելու: Այստեղ ընդարձակ քարոզութիւններ դրուած են Թադէոսի բերանը (ԼԱԲ. 19-30): Քրիստոնէութիւնը կը հաստատուի Եդեսիոյ մէջ. իշխաններ ու իշխանուհիներ եւ ժողովուրդներ խմբովին քրիստոնեայ կ՚ըլլան, եկեղեցիներ կը կանգնւին եւ աւետարանը կը զօրանայ Եդեսիոյ մէջ: Այս ամէն պարագաները գրեթէ նոյնութեամբ կը կրկնուին Եւսեբիոսի (ԵՒՍ. 63-75) եւ Խորենացիի կողմանէ ալ (ԽՈՐ. 107): Բայց շարունակութեան մէջ իրարմէ կը տարբերին: Եւսեբիոս Թադէոսի վախճանին վրայ բնաւ չի խօսիր, Լաբուբնիա զայն Եդեսիոյ մէջ մեռած եւ թաղուած կը պատմէ: Իսկ Խորենացի զայն Եդեսիայէն մեկնած եւ Արտազ եկած կ՚ըսէ (ԽՈՐ. 108): Երբոր Լաբուբնիա կը յիշենք, կը նկատենք անոր ասորերէն օրինակը, որ վերջերս գտնուած է, եւ ոչ հայերէն թարգմանութիւնը, որ բոլորովին համաձայն է Խորենացիի յիշած ուղեւորութեան: Շատեր աւելորդ կը համարին այդ տարբերութեան վրայ անդրադառնալ, բոլորովին իսկ կարեւորութենէ զուրկ համարելով Աբգարու Եդեսիոյ դարձին պատմութիւնը. սակայն մենք պէտք կը զգանք փոքրիշատէ սոյն կէտը լուսաբանել, Հայոց եկեղեցւոյն առաքելականութեան կէտը տեսնելով այդ խնդրին մէջ:

6. ԵՐԿՈՒ ԹԱԴԷՈՍՆԵՐ

Լաբուբնիայի ասորերէն եւ հայերէն օրինակներու տարբերութիւնը, առաջին տեսութեամբ կրնայ Հայ թարգմանչին յանդգնութեան վերագրուիլ, որ համարձակած է բնագիրը աղաւաղել իր ազգին նպաստաւոր պարագաներ մուծանելով անոր մէջ: Սակայն բոլորովին օտարոտի չէր լիներ, նոյնիսկ Ասորիներու վերագրել աղաւաղութեանց ներմուծումը (1): Այդ կարծիքը հաւանական կը դառնայ երբ դիտենք, որ ասորի բնագիրին համեմատ Աբգար, տակաւին Թադէոս չմեռած, անոր հարուստ զարդեր եւ կարասիներ կը ղրկէ, որպէսզի անոնցմով թաղուի, եւ Թադէոս կը մերժէ ըսելով, թէ ինչպէս ի կեանս իմ, եւ ոչ այժմ ի մահուանս իմում ընծաներ չեմ ընդունիր (ԼԱԲ. 45): Այս բանը բոլորովին անյարմար եւ անբնական պարագայ մըն է մահուան համար, մինչ շատ լաւ կը յարմարէր ուղեւորութեան պարագային: Մեր տեսութեամբ, այս դիտողութիւններէն դուրս ալ, կրնանք մենք Թադէոսի Հայաստանի մէջ քարոզելուն աւանդութիւնը պաշտպանել: Անկախաբար ասորական աղբիւրներէն Բուզանդ ալ կ՚ընդունի Թադէոսի Հայաստան քարոզելը (ԲԶՆ. 5) եւ Հայոց հայրապետութեան Թադէոսի աթոռ լինելը (ԲԶՆ. 30, 41, 72) եւ հարկաւ այդ ազգային աւանդութիւնն է որ թելադրած է Լաբուբնիայի թարգմանողին, աւանդութիւնը պատմական հանգամանքներով լրացնել: Բայց նա պէտք չունէր երբեք այդ պատուաստը կատարել ազգային աւանդութեան վրայ, քանի որ Թադէոս Դիդիմոսէ զատ, որուն գոյութիւնն իսկ անծանօթ մնացած է Յոյն եւ Լատին եկեղեցիներուն, եւ միայն Ասորի հեղինակէ մը յիշուած եւ անկէ Հայերուն փոխանցուած է, կայ ուրիշ յայտնի աւետարանէ վկայեալ Թադէոս մը` երկոտասաններուն մէջ (ՄԱՏ. Ժ. 3, Մար. Գ. 18) որ կոչուած է եւս Ղեբէոս (ՄԱՏ. Ժ. 3) եւ Յուդա Յակոբեան (ՂԿՍ. Զ. 16, ԳՐԾ. Ա. 13): Ըստ այսմ հնար է, եւ թերեւս ապահովագոյն է, Յուդա-Թադէոսի անունով մեկնել մեր Թադէոսի առաքելութիւնը:

7. ՅՈՒԴԱ ԹԱԴԷՈՍ

Եթէ Հայ մատենագիրները քննենք, կը տեսնենք որ տարտամ եւ անորոշ գաղափար մը ունին իրենց առաջին առաքեալ Թադէոսին վրայ, զոր երբեմն երկոտասաններէն եւ երբեմն եօթանասունուերկուքներէն մէկը եղած կը կարծեն: Բայց ճիշդ այս անորոշութիւնն է որ մեր կարծիքին կը նպաստէ, եւ կը ցուցնէ թէ նախնական աւանդութիւն մը տեղի ունեցած է Յուդա-Թադէոսի առաքելութեան վրայ, որ յետ ժամանակաց Թադէոս Դիդիմոսի ասորական աւանդութեան հետ խառնուած ու շփոթուած է, բայց չէ կրցած նախնական աւանդութիւնը ջնջել, եւ անորոշ եւ ներհակ յայտարարութեանց դուռ բացած է: Ամենուն տեղ բաւ է Տաթեւացիին կարծիքը, որ կը գրէ թէ կենսաբուղխ սուրբ աւետարանն զԹադէոս առաքեալն մեր յերկոտասանիցն ասէ, Ղեբէոս որ անուանեցաւ Թադէոս. եւ քիչ ետքը վրայ կը բերէ, թէ ոմանք յեօթանասնիցն ասեն, զի եօթանասուն աշակերտացն գլուխ եւ վարդապետ էր (ՏԱԹ. 549): Որչափ ալ Յուդա-Թադէոսը արեւմտեաններէ նոյնացուցուած է Յուդա Տեառնեղբօր հետ, սակայն արեւելեան աւանդութեամբ եւ աւետարանի ուսումնասիրութեամբ տարբեր ըլլալնին յայտնի է: Յուդա-Թադէոս առաքելոյ մասին եղած աւանդութիւններէ կը քաղուի, թէ նախ Կապադովկիոյ մէջ քարոզեց ուր Թէոփիլոսը ձեռնադրեց եւ իրեն տեղ թողուց, անկէ Հայաստան մտաւ, եւ մինչեւ Պարսից կողմերը գնաց եւ Պարսկահայ գաւառներու մէջ նահատակուեցաւ: Նոյնիսկ Լատիններ կ՚ընդունին թէ Հայոց առաջին լուսաւորիչներէն մին եղաւ (ՓԵԹ. Բ. 172): Այդ է մեր եկեղեցւոյ այժմեան տեսութիւնն ալ, յորմէհետէ Սիմէոն Երեւանեցի կաթողիկոսը հին տօնացոյցին Առաքելոցն Բարթողիմէոսի եւ Յուդայի տօնը (ՄՇՏ. 121) բացատրական փոփոխութեամբ Առաջին Լուսաւորչաց Թադէոսի եւ Բարթողիմէոսի տօնին վերածեց(ՏՕՆ. 266): Չուզելով աւելի երկարել այդ մասին, եւ զանց առնելով շատ մը ուրիշ մանրամասնութիւններ, զորս հնար էր յառաջ բերել, կը յաւելունք միայն, թէ հայկական աղբիւրէ գրուած Թադէոսի վկայաբանութիւններն ալ, բնաւ չեն յիշեր թէ նա եօթանասնից թիւէն եղած ըլլայ (ՍՈՓ. Ը. 11, 59) եւ նոյնիսկ առաքելական կանոնք ալ Հայոց առաքեալ եղող Թադէոսի համար կ՚ըսեն որ է մի յերկոտասան առաքելոցն (ԿԱՆ. 9): Վերջապէս կամ պէտք է երկու Թադէոսներ ընդունիլ իբր Հայոց առաքեալներ, կամ թէ Յուդա-Թադէոսը ճանչնալ իբր Հայոց առաքեալ, որ թերեւս աւելի ապահովագոյն է: Բայց ամէն առթի մէջ Հայոց հայրապետութեան Թադէական աթոռ (ԲԶՆ. 75), այսինքն առաքելական աթոռ լինելը ամէն կասկածանքէ բարձր կը մնայ:

8. ԱՐՏԱԶՈՒ ՔԱՐՈԶՈՒԹԻՒՆԸ

Հայոց աշխարհին լուսաւորութեան բուն պատմութիւնը կը սկսի Թադէոսի Հայաստան մտնելէն, որ զանազան կողմեր առաքելական պտոյտներ ընելէ ետքը կը հասնի Արտազ գաւառի Շաւարշան քաղաքագիւղը, ուր էին հովոց գետինք թագաւորացն Հայոց եւ ուր կը գտնուէր Սանատրուկ թագաւոր (2) (ՍՈՓ. Ը. 13): Թադէոսի քարոզութիւններ եւ բժշկութիւններ իրենց ազդեցութիւնը ունեցան եւ բազումք հաւատացին ի Քրիստոս, ընդ որս եւ Սանդուխտ, դուստր թագաւորին: Ասոր վրայ Սանատրուկ բարկանալով կը հրամայէ սրամահ առնել զհաւատացեալսն, եւ Սանդուխտը բանտարկել: Թադէոս ազատ կը մնայ հրաշքով, եւ Սանդուխտն եւ ուրիշ բանտարկեալները կը քաջալերէ, բանտապաններէն 33 հոգի կը հաւատան եւ կը մկրտուին: Թագաւորին կողմէ իշխան մը բանտ կը ղրկուի Սանդուխտը տարհամոզելու, բայց այն ալ կը հաւատայ 50 ընկերներով, եւ դարձեալ 200 հոգի կը նահատակուին թագաւորին հրամանով: Նոր փորձերէ ետքը, Թադէոս եւ Սանդուխտ եւ ուրիշ հաւատացեալներ թագաւորին առջեւ կը հանուին: Առանձին ողոքանքիներ կը գործածուին Սանդուխտի վրայ. կը սպառնան եւ կը կապեն ալ, բայց հրաշքով կապերը կը լուծուին: Թագաւորէն ղրկուած նոր իշխան մըն ալ կը հաւատայ եւ մկրտուելով կը կոչուի Սամուէլ եւ կը նահատակուի. ուրիշ 3 ու 4 գլխաւորներ ալ անոր ետեւէն. անոնցմէ ետքն ալ կը նահատակուի Զարմանդուխտ անուն իշխանուհի մը ի մերձաւորաց թագաւորին (ՍՈՓ. Ը. 40): Վերջապէս Սանդուխտի սպանման վճիռը կը տրուի, սակայն հրաշքներ տեղի կ՚ունենան, եւ սխալմամբ դահճապետը կը զարնուի, եւ ժողովուրդէն 2000 հոգի եւս կը հաւատան ու կը մկրտուին: Իսկ Սանդուխտ կը նահատակուի կուրծքէն զարնուելով: Երեք օր ետքը կը ձերբակալուի Թադէոս առաքեալն ալ, նախ գազաններու առջեւ եւ յետոյ հնոց կը նետուի, եւ երկուքէն ալ անվնաս ազատելուն վրայ` 433 հոգի կը հաւատան, կը մկրտուին ու կը նահատակուին: Առաքեալը գլխատման կը տարուի, բայց դահիճը սխալմամբ իր եղբայրը` Զեմենտոսը կը զարնէ, զոր առաքեալը կը կենդանացնէ եւ անոր վրայ 720 հոգի եւս կը հաւատան, եւ վերջապէս Թադէոս սրով կը նահատակուի: Լոյս մը կը ճառագայթէ եւ մերձակայ վէմ մը կը բացուի եւ առաքելոյն մարմինը ներս կ՚առնէ, եւ 3400 հոգի կ՚ըլլան հաւատացեալները: Սանդխտոյ նահատակութեան օր կը նշանակուի քաղոցի 7 եւ Թադէոսի քաղոցի 14. իսկ Յայսմաւուրքի մէջ Օգոստոս 20-ին գրուած է. Յիշատակ սուրբ առաքելոյն Թադէոսի լուսաւորչին Հայոց, եւ վկայութիւն աշակերտաց իւրոց Սամուէլի եւ Զարմանդխտու եւ բազմութեան հազարուցն որ ընդ նոսա կատարեցան ի Սանաիդրկոյ: Այս է Հայոց առաջին լուսաւորութեան պատմութեան ամփոփումը, համաձայն հնաւանդ գրութեանց, որ Դ. դարու գործ համարուած են գրագէտներէ, եւ որ պարզապէս ազգային աւանդութեան վրայ հիմնուած է: Այդ պատմութեան վրայ դիտողութիւննիս, կը յետաձգենք Բարթողիմէոսի պատմութենէն վերջ, Հայոց առաջին լուսաւորութեան պարագաները լրացնելէ ետքը: