Ազգապատում. հատոր Ա

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Տ. ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ Զ. ՍՍԵՑԻ

1072. ԸՆՏՐՈՒԹԻՒՆ ԵՒ ՊԱՐԱԳԱՆԵՐ

Ապիրատի մահուան ամսաթիւին` գարնան սկիզբները մարտ 14-ին դրուիլը կը ցուցնէ, թէ Լեւոն կրցաւ Անտիոք երթալէն առաջ նոր կաթողիկոսի ընտրութեամբ զբաղիլ, վասն զի յիշեցինք Նոյեմբեր 11-ին Անտիոք եղած ըլլալը 1070): Հակառակ պարագային հազիւ 1203-ին վերջը` Դեկտեմբերին, կամ 652-ին Մարգաց եւ Հրոտից վերջին ամիսներուն կրնար Անտիոքէ Սիս դարձած ըլլալ, եւ չէր ճշմարտուեր 1203-ին Ապիրատի յաջորդին ընտրութեան կատարուիլը: Վկայասէրէ ասդին եօթը հայրապետներ շարունակ Պահլաւունի ազգատոհմէն էին, եւ դարուկէս տեւող սովորութիւն մը օրինական կերպարան առած էր, բայց պատրաստ Պահլաւունի եպիսկոպոս մը չկար, որ յաջորդութեան կոչուէր, եւ երեւի թէ ազգատոհմին մէջ եկեղեցական փառասիրութեան հոգին ալ մարած էր, որ Ապիրատ չէր կրցած իր ցեղէն կաթողիկոսներ պատրաստել: Պահլաւունիներու տունէն ընտրելիներուն պակսելով, բայց ժառանգական յաջորդութեան գաղափարը դեռ միտքերու մէջ սեւեռած ըլլալով, Գետադարձի կամ Մոկացիներու ազգատոհմէն Անանիա Սեբաստիոյ եպիսկոպոսը ինքզինքը յառաջ կը մղէր: Իրեն ընդդիմադիր կը կանգնէր Յովհաննէս Սսոյ եպիսկոպոսը, որ թէպէտ իրեն գործակից եղաւ Քարավէժը կործանելու 1034), եւ Տարսոնի համաձայնութիւնը գոյացնելու ատեն 1058), սակայն գործը կը տարբերէր երբ կաթողիկոսական աթոռը գրաւելու խնդիրը մէջտեղ կ՚ելլար: Յովհաննէս ալ տոհմային իրաւունք մը կրնար առաջարկել, վասնզի էր ազգաւ Հէթմցի, որդի Կոստանդեայ, որդւոյ Օշնի (ՍՄԲ. 115), Օշին Գանձակեցիի թոռը 905), Լամբրոնացւոց ազգատոհմէն, որ թէ ազգութեամբ առաջնակարգ Հայազգի տուն մըն էր, եւ Պահլաւունեաց հետ խնամութեամբը կրնար նոյն ազգատոհմին ժառանգութիւնը պահել: Ասկէ ալ աւելի, Յովհաննէս արդէն Լեւոնի մտերմութիւնը կը վայելէր, շատ կարեւոր պարագաներու մէջ անոր գործակիցը եղած էր, մայրաքաղաքին վիճակաւորն էր, եւ ամենայն հաւանականութեամբ Կեսարիայէ անցած էր այդ աթոռին (ԸՆԴ. 199), Լեւոնի մտերմութիւնը շահած ըլլալով: Ասոնք ամէնքը զօրաւոր պարագաներ էին որ Յովհաննէս Անանիայի նախադասուէր, ուստի ժողովեաց թագաւորն Լեւոն շատ եպիսկոպոս, եւ եդիր կաթողիկոս զտէր Յովհաննէս Սսոյ եպիսկոպոսն (ՍՄԲ. 114): Ապիրատի մահուանէ ետքը ի նոյն ամի այդ ընտրութիւնը կատարուած ըսելու կերպը (ՍՄԲ. 114), անուղղակի կը զգացնէ, թէ նախորդին մահուան եւ յաջորդին ընտրութեան մէջ` միջոց մը անցած է, եւ այս ալ ստուգիւ հետեւանք է կաթողիկոսցուներու եւ կուսակցութիւններու մէջ տեղի ունեցած անհամաձայնութեան, որովհետեւ իրօք ալ սկսան մախողքն Գրիգորիսի զմիմեամբք ելանել, թէ ո՞ նստի յաթոռ հայրապետական, մինչեւ որ Լեւոն յաջողեցաւ իր կամքը կատարել տալ, եւ իր ընտրելին աթոռ բարձրացնել, եւ այսպէս Յովհաննէսն, զի ընտանի էր թագաւորին Լեւոնի, բռնացաւ եւ կալաւ աթոռը (ԿԻՐ. 70):

1073. ՅՈՎՀԱՆՆԷՍԻ ՆԿԱՐԱԳԻՐԸ

Սմբատ պատմիչ` որ պէտք է ճանչցած ըլլայ Յովհաննէսը, շատ տարօրինակ նկարագիր մը կ՚ընծայէ անոր. էր այր իմաստուն եւ առատ եւ սեղանով արքայակերպ. խոնարհ սրտիւ եւ նենգաւոր, անպաճոյճ անձամբ այլ ի հոգեւորս անփոյթ. զառաքինիս յոյժ սիրէր եւ ոչ հրապարակէր զվնասս կարգաւորաց, շինասէր էր եւ տան յարդարիչ, եւ պիտոյից պատրաստիչ յոյժ գովելի (ՍՄԲ. 114): Անեցիին շարունակողն ալ նոյնը համառօտելով կը կրկնէ, թէ էր այր արքայակերպ, առատասիրտ եւ ողորմած, հեզ եւ խոնարհ բարւոք (ՍՄԲ. 146), մինչ ուրիշ մըն ալ այր մեծամիտ եւ յաղթասէրկ՚անուանէ զայն (ՔԱՀ. 39): Գովելի ձիրքերու եւ պարսաւելի կիրքերու խառնուրդ մըն է տրուած նկարագիրը. ուր ամէնէն լաւ հանգամանքներու հետ կը խառնուին նենգաւոր եւ ի հոգեւորս անփոյթեղած ըլլալու ոչ-թեթեւ թերութիւնները: Տրուած նկարագիրին եւ նախընթաց գործերուն վրայ հիմնուելով, եթէ ճիշդ գաղափար մը կ՚ուզենք կազմել Յովհաննէսի վրայ, պէտք է ճանչնանք զայն իբր կարող եւ ճարտար եւ ուսեալ անձնաւորութիւն մը, իր ազդեցութիւնը ցուցնելու եւ իր մեծամիտ դիտումները կատարելու, եւ ամէնէն բարձր դիրքերը գրաւելու համար ամէն տեսակ միջոցները գործածող, եւ օգտակար տեսած միջոցներուն բարոյական կողմը չփնտռող: Ուրիշներու կամակատար, երբոր անով իր ձգտումներուն ճամբայ պիտի բանար, բայց եւ կամակոր` երբոր այլեւս ձեռք ձգելու բան չէր մնար: Լեւոնի ըստ ամենայնի ընտանի` այսինքն մտերիմ ըլլալը, եւ Քարավէժի ձերբակալութեան համար նենգամիտ գործադիր հանդիսանալը 1035), կը հաստատեն առաջին մասը: Իսկ երկրորդին ապացոյց է կաթողիկոսանալէն ետքը, մինչեւ իսկ ապստամբ ի Լեւոնէ ըլլալու համարձակիլը (ՎԱՐ. 139): Արքայակերպ ճոխացող մէկու մը` անպաճոյճ էր ըսելը, ուրիշ կերպով չի կրնար մեկնուիլ, բայց եթէ ըսելով որ իր անձնականին համար պաճուճանք եւ զարդարանք չէր սիրեր, բայց երբ ինքզինքը ուրիշին ցուցնելու եւ ազդեցութիւն շահելու պարագան ներկայանար, ճոխութիւն ցուցնելու կերպերն ալ գիտէր ու կը գործածէր: Այդ նկարագիրին բացատրութիւնն է Մեծաբարոյ մակդիր անունը, զոր պատմութիւնը իրեն տուած է, որ ոչ յետսամիտ ամբարտաւանութիւն կը նշանակէ, եւ ոչ ունայնամիտ փառասիրութիւն, այլ մեծութիւն ունենալու եւ ճոխութիւն ցուցնելու վեհանձն ուղղութիւն մը: Յովհաննէսի Խճկտոր մականունն ալ տրուած է(ՍՄԲ. 145), որ միանգամայն Արքակաղնոյ վանքին ալ կը տրուի (ՍՄԲ. 144). եւ կ՚երեւի թէ Սսոյ եպիսկոպոսութենէ զատ Արքակաղնոյ առաջնորդութիւնն ալ երբեմն վարած ըլլալէն առնուած է, թէպէտ Լեւոնի թագադրութեան առթիւ Արքակաղնոյ առաջնորդութիւնը Դաւիթի կը տրուի, իսկ Յովհաննէս Դրազարկի առաջնորդ կը յիշուի (ՍՄԲ. 110): Աներկբայապէս Յովհաննէսի արտաքինն ալ այդ ներքինին համաձայն եւ կերպարանն ալ փառաւոր եւ հոյակապ եղած պիտի ըլլայ: Յովհաննէսի վրայ պէտք է ճանչնալ նաեւ լատինասէր ուղղութեան մէջ նշանակելի չափաւորութիւն, հարկաւ կաթողիկոսանալէ ետքը կազմուած` Արեւելեայց համակրութիւնը շահելու դիտմամբ, եւ այս նպատակով, հայկական եկեղեցւոյ հնաւանդ սովորութեանց պահպանութեամբ` լատինական նմանողութենէն խոհական խորշում: Այս մասին պէտք եղած ակնարկները ու դիտողութիւնները պիտի շեշտենք պատմութեանս կարգին:

1074. ԶԱՐԴԵՐԸ ՋՆՋԵԼԸ

Հետաքրքրական պարագայ մը կը յիշէ Սմբատ Յովհաննէսի նկատմամբ, թէ նա եկեղեցական զարդերու շատ մը յապաւումներ ըրաւ, եւ մինչեւ նախկին վայելչութեան անզարդ մնալն հասուց իր գործերը, ինչ որ հաճելի չէ եղած զինուորական պատմիչին, որ եղածը չէ թէ ի համբաւէ լուաք կ՚ըսէ, այլ տեսաք եւ շօշափեցաք ձեռօք ի քակելն, եւ լացաք: Յովհաննէս քակեր եւ վերուցեր է բոլոր եկեղեցական զարդերուն վրայ գտնուող հարստութիւնները: Սմբատ որոշակի կը յիշէ թէ Շնորհալիէն մնացած պահարան սրբոցն, յոսկւոյ եւ յարծաթոյ եւ յականց զարդարած, զոր Ապիրատ փարթամացոյց իր ատենին` քակեաց: Վասիլ իշխանի` Շնորհալիին հօրը` շինել տուած զմեծ խաչն ոսկեղէն` քակեաց: Գրիգորիսի, այսինքն Գրիգոր Տղայի զձոյլ ոսկի սուրբ նշանն` հալեաց, եւ էառ ակունս եւ մարգարիտս շատ, որ վրան կը գտնուէին: Նոյնպէս Տղային զոսկիակազմ տուփ աւետարանին` քակեաց, որ էր ակամբ եւ մարգարտով զարդարուած: Շնորհալիին զօքսինտրի զվշատ նափորտն ` փակեաց, որ շատ ոսկւով կարած էր, եւ որ զետ ձուլածոյն կանգնէր, հարուստ ասղնեգործ շուրջառ մը, որ ձուլածոյ նիւթի պէս կրնար կանգուն կենալ: Ապիրատին շինել տուած ի գօտւոյ սուրբ սեղանին, զոսկին եւ զքարինսն եւ զմարգարիտն` քակեաց: Տղային շինել տւած եւ սուրբ Գրիգորի գմբեթէն կախած զմեծ լուսակալն արծաթի` էառ: Ապիրատին շինել տուած զկամարն ոսկւով եւ արծաթով եւ մարգարտով եւ ակաբմք` քակեաց: Մէկ խօսքով Յովհաննէս ուզած է վերցնել այն չափազանց հարուստ եւ զարդարուն սպասները զորս Լատիններու հետեւողութեամբ սկսած էին պատրաստել տալ Հայոց կաթողիկոսները: Այս կերպով Յովհաննէս տեղի կու տար Արեւելեայց յանդիմանած նորութեանց հանդէպ, եւ կը հրամայէր անզարդ սպասներ գործածել, կերպով մը համաձայնելով սեւ փիլոնով եւ սեւ վեղարով պատարագող Արեւելեայց բաղձանքներուն: Սմբատ թէպէտեւ կուլայ անզարդ վայելչութեան վրայ, սակայն Յովհաննէսը չ՚ամբաստաներ, թէ ոսկին ու արծաթը, գոհարն ու մարգարիտը իւրացուցած ըլլայ, կամ անտեղի նպատակներու գործածած: Առաջ ըսած էր թէ շինասէր էր եւ տանյարդարիչ, եւ պիտոյից պատրաստիչ յոյժ գովելի: Վերջէն ալ կ՚աւելցնէ, թէ զբերդն շինութեամբ կարի ամրացոյց, եւ զամէն եկեալսն առ ինքն գոհութեամբ դարձոյց (ՍՄԲ. 115), ինչ որ կը ցուցնէ թէ Հռոմկլայի բերդին ամրութեան եւ պայծառութեան, եւ պէտք ունեցողներուն օգնութեան ծախսած է հարուստ սպասներէն քաղած արժէքները, որով իր վրայ բամբասանքի առիթ չէ տուած:

1075. ԱՆԱՆԻԱ ՍԵԲԱՍՏԱՑԻ

Յովհաննէսի կաթողիկոս ընտրուիլը հաճոյ չեղաւ Անանիա Սեբաստացիին, եւ իր դիրքին վրայ վստահելով չուզեց իսկ ընտրութիւնը ճանչնալ: Իրաւ Հռոմկլայի աթոռը Ամենայն Հայոց անունը կը պահէր, բայց արդէն Հայոց մի մեծ մասը իր իրաւասութենէն դուրս էր: Աղթամար Դաւիթ Թոռնիկեանի օրէն 928) յայտնապէս կաթողիկոսական անուն եւ իշխանութիւն կը գործածէր Հայաստանի հարաւային եւ հիւսիս արեւելեան մասերուն վրայ, եւ մինչեւ իսկ Սիւնեաց եպիսկոպոսներ, ինչպէս Յովհաննէս, Աղթամարէ ձեռնադրութիւն կը ստանային (ՕՐԲ. Բ. 87): Ժամանակին կաթողիկոսին անունը Դաւիթ կ՚ըսուի ըստ Կիրակոսի (ԿԻՐ. 70), սակայն կ՚երեւի թէ Թոռնիկեանի անունին հետ շփոթութիւն է, վասնզի այդ միջոցին Դաւիթ մը չյիշուիր, նոյն իսկ Աղթամարի Հաւաքարան անուանց կաթողիկոսաց յիշատակարանին մէջ (00. ԲԻԶ. 1190): Հայաստանի հիւսիսային կամ վերին մասն ալ, որ Վրաց իշխանութեան կը հպատակէր, Բարսեղ Անեցին իրեն կաթողիկոս հռչակած էր(§ 1040), եւ այսպէս քաղաքական տիրապետութեանց համեմատ երկուքի բաժնուած բուն Հայաստանը երկու կաթողիկոս ալ ունէր, եւ Ամենայն Հայոց աթոռէն բաժնուած էր: Հայութեան մի ստուար մասն ալ Սելճուքեանց կամ Իկոնիոյ սուլտանութեան ներքեւ կը գտնուէր, որ Ռում կամ Հոռոմ անուն կը կրէր Փոքր Ասիոյ տիրապետողը ըլլալուն, եւ այդ մասին մէջն էին Իկոնիոն, Կեսարիա եւ Սեբաստիա գլխաւոր քաղաքները: Անանիա յօգուտ գործածեց այդ պարագան, իրեն կողմը դարձուց Սելճուքեանց տէրութեան ներքեւ եղող եպիսկոպոսները, չոքաւ առ սուլտանն զոր Հոռոմոց կոչեն, եւ ետ նմա կաշառս (ԿԻՐ. 70), եւ յօգուտ գործածեց կաշառէն աւելի զօրաւոր եղող քաղաքական փաստը, որով սուլտանին հպատակ Հայերը, Հայոց թագաւոր Լեւոնին ազդեցութենէն կը հեռացուէին: Անանիա ամէն կողմէ իր նպատակը պաշտպանելով, ինքզինքը կաթողիկոս հռչակեց. եւ եղեւ հակառակ աթոռ ի Սեւաստ (ԿԻՐ. 76), աթոռը հաստատելով Սեբաստիոյ Ս. Նշան թագաւորաշէն եւ հայրապետական վանքը: Այսպէս Հայոց կաթողիկոսութիւնը չորս ճիւղերու բաժնուեցաւ, համաձայն չորս տէրութեանց որոնց ներքեւ բաժնուած էին Հայերը: Անանիայի գործին նպաստեցին ժամանակին քաղաքական պարագաներն ալ: Լեւոն թագաւոր եւ Քէյխասու կամ Խոսրով շահ սուլտանը, իրարու դէմ պատերազմած էին, Լեւոնի բանակը անգամ մը յաղթուած, երկրորդ անգամ յաղթական եղած էր, եւ մէջերնին վերջապէս հաշտութիւն մը կնքուած էր, բայց սուլտանը միշտ հաճութեամբ պիտի ընդունէր Լեւոնի ազդեցութիւնը նուազեցնող ձեռնարկ մը. իսկ Լեւոն պիտի չ՚ուզեր լոկ եկեղեցական պարագայի մը պատճառով սուլտանին հակառակ կամ անհաճոյ քայլ մը առնել: Ուստի ինչպէս կանուխէն Բարսեղի կաթողիկոս հռչակուելու ատեն, նոյնպէս այս անգամ Անանիայի կաթողիկոս հռչակուելուն դէմ պաշտօնական գործողութիւն կամ որոշողութիւն մը չկատարուեցաւ Կիլիկիոյ թագաւորութեան եւ անոր ազդեցութեան ենթարկեալ Հռոմկլայի աթոռին կողմէն: Սակայն այս չարգիլեր որ մեր տեսութեամբ, թէ Անիի եւ թէ Սեբաստիոյ կաթողիկոսները` աւելորդ աթոռներ նկատուին, որչափ ալ իրենց դէմ վճիռ արձակուած չըլլայ: Հայրապետական աթոռին ուղիղ յաջորդութիւնը Հռոմկլայի վրայ պահուած ու ճանչցուած էր, եւ միւսները զանազան մասերու մէջ եղած ինքնագլուխ գործեր էին, առ առաւելն թոյլատրեալ աթոռակիցներ էին, դատապարտութիւն մը վճռուած չըլլալուն համար, իսկ հայրապետական աթոռին բուն եւ օրինաւոր տէրը միայն Յովհաննէս էր, եւ այսպէս ալ պէտք է ճանչնանք օրէնքի եւ կանոնի զօրութեամբ:

1076. ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ ԶԳՈՒՇԱՒՈՐ

Երբ Յովհաննէս ընտրուեցաւ, Լեւոն Անտիոք երթալու վրայ էր Ռուբէնի իրաւունքը պաշտպանելու, ուր թէպէտ վայրկեան մը յաղթական, սակայն երեք օրէն ետ դառնալու պարտաւորուած էր, Կրտսեր կամ Տրիպոլսեցի Բոյեմոնդոսի նորէն զօրանալուն պատճառով 1070): Լեւոն հարկադրուած` խնդիրը պապական դատաստանին ենթարկեց, զոր միշտ իրեն նպաստաւոր կը նկատէր, վասնզի Լեւոն խաչակրութեանց պաշտպանի եւ հովանաւորի դերը առած էր: Յովհաննէս ալ իր կողմէն Լեւոնի նպատակը եւ ազգային պատիւը պաշտպանելու պատրաստ էր, եւ երկուքն ալ նոր նամակներ գրեցին Իննովկենտիոսի, եւ իրենց խոնարհ հպատակութիւնը յայտնելով կը խնդրէին, որ Անտիոքի խնդիրը Ռուբէնի նպաստաւոր կերպով վճռուի: Այդ նամակներուն մէջ եղած գլխաւոր յանձնառութիւններն են դաւանիլ զհնազանդութիւն եւ զպատիւ սուրբ եկեղեցւոյն Հռոմայ, եւ առաքել զհրեշտակ, որ է կաթողիկոսական նուիրակ յիւրաքանչիւր հինգ ամի (ԿԱԼ. 367. 368): Բայց այդ արտաքնապէս պատուադիր յանձնառութեանց նպատակին ինչ ըլլալը անմիջապէս կը բացատրուի, որ է Անտիոքի խնդիրը, խաղաղութիւն առնել ի մէջ Ռուբինոսի թոռին մերոյ եւ իշխանին Տրիպոլսոյ (ԿԱԼ. 367), որոնք են Ռուբէն Լեւոնի եղբօր թոռը, եւ Բոյեմոնդոս Տրիպոլսոյ կոմսը եւ Անտիոքի իշխանութիւնը բռնաբարողը: Իսկ կաթողիկոսին նամակին մէջ նշանակելի է այն յայտարարութիւնը ուր կ՚ըսէ, թէ զսահմանադրութիւնս հռոմէական սուրբ եկեղեցւոյ մեք ընդունեցաք ըստ մասին ինչ, եւ ըստ միւս մասին մնացաք սպասելով զայլ եպիսկոպոսունս մեր (ԿԱԼ. 368), եւ ասկէ յայտնի հնար չէր բացատրել, թէ կատարելապէս հռոմէադաւանութիւն չեն ընդունիր, այդ ինչ ինչ ժամանակաւոր, կամ լաւ եւս արտաքնայարդար զիջողութիւններ կ՚ընեն մասնաւոր ակնկալութեանց պատճառով: Ոչ նուազ կարեւոր է կաթողիկոսին միւս խօսքն ալ, որով կը պահանջէ, զի մի արասցի ժողով ինչ յայսկոյս ծովուն, եթէ ոչ ներկայ լինիմք մեք կամ հրեշտակն մեր (ԿԱԼ. 368), եւ այս կերպով կ՚ուզէ ինքն ալ Հռոմի կարգադրութեանց մէջ մաս ունենալ, եւ բացարձակ հպատակ մը չըլլալ Հռոմի պապութեան: Յովհաննէս արդէն պատրաստուած կացութիւն մը կը գտնար իր առջեւ Ապիրատի ժամանակէն կազմուած, գործերը սերտ կապակցութիւն ունէին քաղաքական շահերու հետ, չէր կրնար եղելութիւնները իսպառ խանգարել, սակայն կը համարձակի բաւական յայտնի կերպով իր վերապահութիւնները շեշտել, եւ իր եկեղեցւոյն ինքնութիւնը պաշտպանել:

1077. ԼԵՒՈՆ ՀՌՈՄԻ ՀԵՏ

Անտիոքի խնդիրը անլուծանելի հանգոյց մը դարձաւ, կուսակցութեանց հակընդդէմ հակառակութեամբը եւ պապական նուիրակներու տարտամ ընթացքովը: Արդէն Լատիններն ալ երկու կողմի բաժնուած էին, ինչպէս եւ Անտիոքցիք: Ասպետական միաբանութիւններէն Հիւրընկալք` Ռուբէնի կողմն էին, Տաճարականք` Բոյեմոնդոսի: Պապական պատուիրակներէն Պետրոս կարդինալ-երէց Ս. Մարկեղոս եկեղեցւոյ Բոյեմոնդոսի կողմը բռնելով մինչեւ իսկ Հայերը բանադրել յանդգնեցաւ Լատին ժողովով մը, զոր հերքեց եւ մերժեց Յովհաննէս կաթողիկոս Հայ ժողովով, եւ Իննովկենտիոսի գանգատագիր գրեց, թէ Հռոմին մայր ըսելով, կաթ կը սպասէինք անկէ ընդունիլ, եւ ոչ լեղի (ՍԻՍ. 495): Իսկ Լեւոն սպառնական դիրքի ձեռնարկեց: Վրայ հասաւ միւս նուիրակն Սոփրետոս կարդինալ-երէց Ս. Պրաքսիզէ եկեղեցւոյն, գործը մեղմացոյց, բանադրանքը յետս կոչեց, եւ Պտղոմայիսի մէջ խառն ժողով գումարելով ուզեց հաշտութիւն գոյացնել: Հայոց կողմէն գլխաւոր պատգամաւոր գնաց այնտեղ` Կոստանդ Կամարաիաս, Լեւոնի ազգական եւ Յովհաննէսի քեռորդի: Բանակցութիւնները յաջող ելք չունեցան, եւ գործը ձգձգուեցաւ. Լեւոն նոր քննիչներ առաջարկեց, Իննովկենտիոս ուրիշներ նշանակեց 1205 Մարտ 5-ի թղթովը, հրամայելով երկու կողմէն թշնամութիւնները դադրեցնել եռամսեայ պայմանաժամով, բայց Բոյեմոնդոսի յամառութիւնը եւ Լեւոնի պահանջները հաւասարապէս շարունակեցին. Իննովկենտիոս կը հրամայէր որ քննական դատաստանի չանսացողը զինու զօրութեամբ բռնադատեն, եւ Բոյեմոնդոս հռոմէական կայսրութենէ ալ գլուխ քաշելով, զինքն նոր հաստատուած Կոստանդնուպոլսոյ լատին կայսրութեան 1068) հպատակ կը հռչակէր: Լեւոն տեսնելով նոյն իսկ պապին կողմէն պաշտպանութիւն չի գտնելը, զէնքի դիմեց եւ դիւրութեամբ Անտիոքը գրաւեց, Ռուբէնը նստեցուց, եւ Անտիոքի Լատին պատրիարքն եւ ժողովուրդը ուրախութեամբ ընդունեցին Ռուբէնը: Լեւոն ալ շնորհներ եւ պարգեւներ տալով առատաբար, ետ դարձաւ իր երկիրը, կարծելով ամէն բան վերջացուցած ըլլալ: Բայց Բոյեմոնդոս նորէն զօրացաւ, լատին պատրիարքը բանտարկեց, Ռուբէնի կողմնակիցները նեղեց ու ճնշեց, եւ հազիւ թէ Ռուբէնը կրցան ողջամբ Լեւոնի հասցնել: Լեւոն չկրցաւ անմիջապէս Անտիոքի վրայ քալել, եւ շատացաւ Անտիոքի իշխանութեան սահմանները յարձակիլ, աւերել եւ աւարել, եւ շարունակ նեղութիւն հասցնել, առանց ունկնդրելու Իննովկենտիոսի յորդորներուն եւ խնդրանքներուն, մինչեւ որ վստահութիւն չգոյացնէր, թէ իրեն կողմը պիտի ըլլայ խնդիրին լուծումը: Այդ ելքը ապահովելու համար, Լեւոն նոր դեսպանութիւն մը ղրկեց Հռոմ, որուն գլուխն էր Հեղի Լամբրոնացի` Դրազարկի առաջնորդը, որ է նոյն ինքն Հեթում` Լամբրոնի նախկին իշխանը 1069), ընկեր ունենալով Արշիվալտ զօրաւարը եւ Բաւոն արքունի քարտուղարը: Այդ առթիւ Լեւոն նորէն առջեւ կը դնէր Երուսաղէմի խնդիրը, որ եթէ իրեն գոհացում տրուի, պատրաստ է զէնքը այլազգիներուն դէմ դարձնել:

1078. ՅՈՎՀԱՆՆԷՍԻ ԳԺՏԻԼԸ

Յովհաննէս կաթողիկոսի անունը վերջին գործերուն մէջ չյիշուիր այլեւս, եւ Պետրոս կարդինալին դէմ բողոքէն ետքը, 1077), անգամ մը միայն 1205-ին Լեւոնին մօտ եկած ըլլալը կը պատմուի: Այս առթիւ է որ Լեւոնի կը հաղորդէ բանս բանբասանաց, զորս լսեց վասն Անտաքացի թագուհւոյն զոր ունէր թագաւորն, եւ որուն ամուսնութիւնը յիշած ենք ատենին 1022): Սաստիկ եղաւ Լեւոնի զայրոյթը, որ ի մերձաւորաց թագուհւոյն, այսինքն է մեղսակիցներէն եւ օգնողներէն ետ սպաննել շատք, եւ նոյն իսկ անհաւատարիմ ամուսնոյն վրայ բռնանալով իւր ձեռօքն ծեծեց խիստ, եւ թերեւս ծեծի տակ մեռցնէր, եթէ Կոստանդին Վասակի որդին եւ Լեւոնի մօրեղբօրորդին չէր յաջողած պրծուցանել զնա ի ձեռանց կիսամահ: Լեւոն զիջաւ թագուհին ապրեցնել, բայց յուղարկեց ի զնտան ի բերդն Վահկայն (ՍՄԲ. 116): Յովհաննէսի անունը այլեւս չյիշուիր, եւ գործակից էր Լեւոնի, եւ մէջերնին պաղութիւն մը ինկած էր: Լեւոնի նախկին մտերիմը եւ անոր որոշումներուն գործակից գործադիրը, դիրքը փոխած էր կաթողիկոսութիւնը ձեռք անցընելէ ետքը: Անձնական էր արդեօ՞ք պատճառը, թէ հանրական շահի մը հետեւանք, որոշակի չեն գրեր պատմիչներ: Տէր Յովհաննէս նախայիշեալ, ընդ որ արքայն Լեւոն վիճեալ, կը գրէ Վահրամ (ՎԱՀ. 219): Իսկ Վարդան կ՚ըսէ. Տէր Յովհաննէս կայր ապստամբ ի Լեւոնէ (ՎԱՐ. 139). Կիրակոս ալ կը գոհանայ ըսել, որ ապստամբ էր ի թագաւորէ Լեւոնէ (ԿԻՐ. 82), ինչ որ բնաւ պատճառը չլուսաբաներ: Հեթում երկու իրողութիւններ իրարու կը կապակցէ. Թագաւորն Հայոց Լեւոն կալաւ զՍեւաստոսն Հեռի որդւովքն, եւ զԽումարտիաշն զՃօշինն եւ զՊալտինն: Զտէր Յովհան կաթողիկոսն ընկեցին յաթոռոյն (ՀԵԹ. 81): Այդ յարակցութիւնը, կամ թէ ուրիշ աւելի յայտնի յիշատակ մը, թելադրած է Ալիշանի երկու իրողութիւնները իրարու կցել իբր պատճառ ու հետեւանք (ՍԻՍ. 506): Խումարտիաշը Կամարտիաս Կոստանդն է, որուն հայրն է Հեռի, Յովհաննէս կաթողիկոսի քեռայրը, եւ անոր որդիներն են յիշեալ Կոստանդն, որ դեսպանութեամբ գնաց Պտղոմայիս 1077), ու Ճօշին կամ Ճօսլինը ու Պաղտին կամ Պալտինը: Որպիսի պատահարէ կամ կասկածանքէ կամ քսութենէ, յայտնի չէ, Լեւոն յանկարծ բոլոր Կամարտիասները խիստ բանտարգելութեան ենթարկեց: Բայց հաւանաբար կուսակցութեանց զօրացած միջոցին, եւ Անտիոքի գործին ձախողած պարագային, Լեւոն կասկածած պիտի ըլլայ Կամարտիասներու հաւատարմութեանը վրայ, մինչ Յովհաննէս կաթողիկոս կասկածանաց անհիմն լինելը պնդելով, պահանջած է քեռայրին եւ քեռորդիներուն ազատութիւնը: Լեւոն իր համոզման վրայ հաստատուն, եւ կաթողիկոսին վրայ ալ կասկածելով, մերժած է անոր միջնորդութիւնը, եւ Յովհաննէս ցաւած ու զայրացած Հռոմկլայ քաշուած, եւ այլեւս չէ ուզած Լեւոնի օգնել, եւ պէտք եղած կաթողիկոսական ձեռնատուութիւնն ալ զլացած է:

1079. ԴԱՒԻԹ ԱՐՔԱԿԱՂՆԵՑԻ

Այդ դժկամութիւնն ու հակառակութիւնն է հարկաւ պատմիչներուն ապստամբ ըլլալ ըսածը, որուն առջեւ Լեւոն ուզած չէ խոնարհիլ, եւ ոչ միայն շարունակած է Կամարտիասներու խիստ բանտարկութիւնը, այլ եւ Յովհաննէսը իբր կաթողիկոսութենէ հրաժարած եւ ձեռնթափ նկատելով, ձեռնարկած է նոր կաթողիկոս մը ձեռնադրել տալ Սիսի մէջ, որ եղած է Դաւիթ Արքակաղնոյ վանքին առաջնորդը, որ Մամեստիոյ արքեպիսկոպոս ալ էր (ՍՄԲ. 110): Շատեր կատարեալ օրինաւոր ենթադրելով եղած գործողութիւնը, 1207-ին Յովհաննէսը կաթողիկոսութենէ դադարած կ՚ընդունին, եւ Արքակաղնեցին` Դաւիթ Գ. անունով կաթողիկոսաց յաջորդական գաւազանին կ՚անցնեն, եւ անոր մահուընէ ետքը Յովհաննէս Մեծաբարոյն կրկին անգամ եւ իբր նորէն աթոռ բարձրացած կը նշանակեն: Մեր տեսութեամբ հնար չէ Յովհաննէսը կաթողիկոսութենէ դադարած ըսել, ինչպէս որ Պետրոս Գետադարձը կաթողիկոսութենէ ինկած չընդունեցանք Դէոսկորոսի կաթողիկոսանալովը 835): Յովհաննէս իր կողմէ չհրաժարեցաւ, իր վրայ ամբաստանութիւն եւ քննութիւն չեղաւ, ժողովական վճիռ չտրուեցաւ, գահընկէց չհրատարակուեցաւ, հետեւաբար իր դադարման մասին օրինական պայմանները չպահուեցան, եւ Լեւոնի բարկութիւնը եւ քինախնդիր ձեռնարկը չէին բաւեր, օրինաւորապէս հաստատուած կաթողիկոս մը քմահաճ կամքով իրաւունքէն զրկել: Ասկէ զատ Յովհաննէս իր աթոռն ու դիրքը չկորսնցուց, մնաց անխախտ իր Հռոմկլայի աթոռին մէջ, որ օրինաւոր յաջորդութեան տեղն էր, վարեց իր իշխանութիւնը նոյն տեղ եւ շրջակայից վրայ, գոնէ Հալէպի սուլտանութեան սահմաններուն մէջ, ուր չէր ազդեր Լեւոնի կամքը. մինչ Դաւիթ օրինաւոր աթոռէն դուրս իրեն նոր աթոռ մը ստեղծեց Սիսի մէջ, եւ այն տեղէ սկսաւ կաթողիկոսական իշխանութիւն վարել, ինչպէս միեւնոյն ատեն կը վարէին Բարսեղ Անիի եւ Անանիա Սեբաստիոյ մէջ: Հետեւաբար երկուքին նմանութեամբ երրորդ մըն ալ աւելցեր էր կատարեալ կաթողիկոսութեանց վրայ, ուր Լեւոնի կամքը չէր տիրապետողը, կաթողիկոսական իրաւասութեան դիմում ընողներէն Զաքարէ սպասալար գրէ թուղթս եւ առաքէ դեսպանս առ կաթողիկոսն Հայոց Յովհաննէս անուն, որ ընդ նոյն ժամանակս ապստամբ էր ի թագաւորէն Լեւոնէ, ի Հռոմկլայն, վասն իրիք պատճառեց (ԿԻՐ. 82), որ կը ցուցնէ թէ Հայութեան ըմբռնմամբ Յովհաննէս կը շարունակէր կաթողիկոս մնալ: Ուրիշ պատմիչ մըն ալ կը խոստովանի, թէ Հռոմկլայի մէջ իր դիրքը կը պահէր քաջութեամբ եւ իմաստութեամբ, եւ թէ շարունակ եկաց ընդդէմ ծածուկ եւ յայտնի հնարից Լեւոնի(ՍԻՍ. 507): Հետեւապէս Արքակաղնեցին իբր Ամենայն Հայոց կաթողիկոս ճանչցուած չէր, եւ եթէ բացարձակապէս հակաթոռ չուզենք ըսել, որովհետեւ իրեն դէմ ալ, ինչպէս Բարսեղի եւ Անանիայի մասին ըսինք, հակառակ վճիռ տեղի չունեցաւ, սակայն լռելեայն ընդունուած աթոռակիցէ աւելի դիրք մը չենք կրնար տալ Դաւիթի, եւ երբեք կաթողիկոսութեան յաջորդական գաւազանին չենք կրնար անցնել իր անունը: Ըստ այսմ Յովհաննէսի կաթողիկոսութիւնը օրինաւորապէս շարունակուած կը նկատենք, նաեւ այն միջոցին, որ Լեւոնէ ցաւած եւ Հռոմկլայի մէջ քաշուած իր աթոռն ու դիրքն ու իրաւասութիւնը կը պահէր:

1080. ԶԱՔԱՐԷԻ ԱՌԱՋԱՐԿՆԵՐԸ

Միջանկեալ դէպք մը կ՚ելլայ մեր դիմաց այդ միջոցին: Զաքարէ Օրբէլեան, Վրաց թագաւորութեան սպարապետ, որչափ եւ հայադաւան մնացած, եւ Իւանէ եղբօրը յունադաւանութենէն հեռու կեցած(§ 1021), սակայն միշտ ներքին ցաւ մը ունէր, երբոր Արեւելեայց ոճին հետեւելով ստիպեալ էր բոլորովին անշուք եւ անպաճոյճ ծիսակատարութիւններ պահել, եւ Վրաց եկեղեցւոյն շքեղութեանց եւ զարդուց հանդէպ նկուն ցուցնել Հայոց եկեղեցին 1053): Ծանր կու գար մանաւանդ, որ նախատէն Վիրք զՀայք, որ քաղաքէ դուրս եւ բանակի մէջ պատարագի եւ հաղորդի միջոց չունէին, եւ տօներնուն օրերն ալ անորոշ էին եւ ամսաթիւի վրայ հաստատուն չէին (ԿԻՐ. 81): Զաքարէի փափաքն էր Հայոց եկեղեցիէն չբաժնուիլ, բայց եւ այդ կէտերուն մէջ փոփոխութիւններ ունենալ: Հարկաւ լուր ունէր որ Կիլիկիոյ մէջ շատ բան տարբեր կերպով կը կատարուէր, եւ Լամբրոնացիի նախաձեռնութեամբ մուծուած սովորութիւնները 1045) հետզհետէ Կիլիկիոյ մէջ կ՚ընդարձակուէին: Սանահինի եւ Հաղբատի խումբերը` Գրիգոր Տուտէորդիի եւ Դաւիթ Քոբայրեցիի գլխաւորութեամբ կը շարունակէին իրենց յամառ ընդդիմութիւնը, առաւել եւս զայրացած Լամբրոնացիին նախատալից գրութիւններէն, եւ Բարսեղ Անեցին, բոլոր իր կաթողիկոսութեամբ չէր համարձակած անոնց հակառակ կամ անոնցմէ տարբեր ընթացք մը ունենալ, որով Զաքարէ չէր կրցած Բարսեղի իշխանութեամբ եւ վճիռով փափաքին հասնիլ: Իր վարանումներուն լուծումը ստանալու համար կը դիմէ Գետկայ վանքի առաջնորդ եւ հիմնադիր Մխիթար վարդապետին, որ է նոյն ինքն Մխիթար Գօշը, Զաքարէի հայր խոստովանութեանն (ԿԻՐ. 81): Մխիթար թէպէտ եւ պաշտօնական բարձր դիրք չունէր, բայց գիտութեամբ եւ սրբութեամբ այնպիսի ազդեցութիւն եւ հեղինակութիւն ստացած էր, որ բոլոր Արեւելեան վարդապետներէն գերիվերոյ կը նկատուէր եւ իր կարծիքը գերակշիռ կ՚ընդունուէր: Մխիթար բնիկ Գանձակեցի էր, եւ Գօշ մականունը առած էր, զի հեղգագոյն եկին ալիք նորա (ԿԻՐ. 115), նմանութեամբ գօշերու կամ նոխազներու մօրուքին, կամ եթէ ուզուի` աղաւաղութեամբ տաճկերէն քէօսէ բառին, որ է քարձ: Մխիթար նախ Յովհաննէս Տաւուշեցի վարդապետի աշակերտած, իր ուսումը լրացնելու համար թէ Արեւելեան եւ թէ Արեւմտեան վանքերը շրջեցաւ, երկար ատեն Կիլիկիոյ Սեաւ-Լեռն ալ մնաց, եւ նորէն Արեւելք դառնալով Կարնոյ Քուրդ եւ Խաչէնի Վախթանկ իշխաններու պաշտպանութիւնը վայելեց, Աղուանից Ստեփանոս կաթողիկոսէն հովանաւորուեցաւ, եւ վերջին երկուքին խնդրանօք 1184-ին ձեռնարկեց պատրաստել դատաստանագիրքը, որ իր անունը անմահացուցած է, Հայ գաղթականութեանց ալ իբրեւ օրինագիրք ծառայած է, եւ մինչեւ այսօր ալ մեր եկեղեցւոյն համար ընտրելագոյն կանոնագիրքն է: Գօշի երկասիրութեանց կարգին ունինք մէկ կողմէն աղօթքներ, միւս կողմէն առակներ, նաեւ Յայտարարութիւն ուղղափառ հաւատոյ, որով իր բազմակողմանի կարողութիւնը կ՚ապացուցուի (ՀԻՆ. 696): Մխիթար նախ Գետիկ վանքը հիմնեց ու ճոխացուց Հաղբատի մօտ, Կայենական գաւառի մէջ, ուր մնաց Յովհաննէս Տաւուշեցի եւ Յովհաննէս Վանական վարդապետներուն հետ, եւ երբ այդ վանքը երկրաշարժէ վնասուեցաւ, երկրորդ Գետիկ մըն ալ հիմնեց Տանձուտայ ձորը, նոյն գաւառին մէջ, որ Գօշայ վանք ալ կոչուեցաւ, եւ այնտեղ կը մնար իր ծերութեան ատեն, յարգանքով եւ պատկառանքով շրջապատուած:

1081. ԴԻՄՈՒՄԻՆ ՊԱՐԱԳԱՆԵՐԸ

Այդ Մխիթարին է որ կը դիմէ Զաքարէ, գլխաւորապէս շարժական սեղան ունենալու համար, որ Հայերն ալ կարենան Վրացիներու նման բանակի մէջ պատարագ ունենալ եւ հաղորդուիլ: Մխիթար եւ իրեն հետ եղող վարդապետներ կը պատասխանեն թէ շարժական սեղան եւ վրանի ներքեւ պատարագ Հայերն ալ ունեցած են, եւ Տրդատի ատեն եւ Վարդանանց պատերազմին այդպէս գործադրուած է. Հիպերիքեան մարտիրոսներ ալ իրենց բանտին մէջ պատարագ ընել տուած են: Զաքարէ իսկոյն կը հետեւցնէ, թէ ուրեմն ինքն ալ կրնայ իրեն հետ պատարագի վրան ու սեղան եւ պատարագիչ քահանաներ պտտցնել, բայց Մխիթար կը պատասխանէ, թէ քանի որ այժմ խափանուած է, կաթողիկոսական արտօնութեան պէտք կայ վերսկսելու համար, եւ խորհուրդ կու տայ դիմել Յովհաննէս կաթողիկոսին, Լեւոն թագաւորի իշխանութիւնն ալ յարգելով (ԿԻՐ. 82): Կիլիկիա դիմելու պարագան, Բարսեղի մեռած ըլլալէն աւելի, անկէ նպաստաւոր կարգադրութիւն մը ստանալու անհաւանականութեան նշանն է մեր տեսութեամբ, եւ Մխիթար Գօշի կողմէն յայտնուած այդ հեղինակաւոր կարծիքը, յայտնի կը ցուցնէ, թէ իբր Ամենայն Հայոց օրինաւոր կաթողիկոսութիւն, միշտ Հռոմկլայի աթոռը ճանչցուած էր, եւ թէ Անիի Բարսեղ, Սեբաստիոյ Անանիա, եւ Սիսի Դաւիթ կաթողիկոսները իբրեւ անոր օգնականները կամ աթոռակիցները կը նկատուէին, իւրաքանչիւրը իր սահմանին մէջ մասնաւոր իրաւասութեան իրաւունքով: Զաքարէ առած խրատին հետեւելով, գրէ թուղթ եւ առաքէ դեսպանս առ կաթողիկոսն Հայոց Յովհաննէս, եւ նմանապէս գրէ եւ առ թագաւորն Լեւոն եւ ծանուցանէ նմա զխնդիրն (ԿԻՐ. 82), որ է ըսել, թէ Զաքարէ իր խնդրանքը ուղղակի կաթողիկոսին կը ներկայացնէ, իսկ Լեւոնի միայն ծանուցանէ զխնդիրն, որպէսզի թագաւորն ալ գիտակից ըլլայ գործին: Զաքարէին Յովհաննէսի դիմելը, ոչ գիտելով զմերժումն սորա գործած ըլլալուն վերագրել, եւ յետոյ Յովհաննէսի պատասխանը, անկոչ միջամտութեան վերագրել (ՍԻՍ. 508), բոլորովին մտացածին եւ անտեղի գաղափար մըն է, քանի որ պատմիչը յայտնապէս կ՚ըսէ թէ Զաքարէ գրէ թուղթ եւ առաքէ դեսպանս առ կաթողիկոսն Յովհաննէս անուն, որ ընդ այն ժամանակս ապստամբ էր ի թագաւորէն Լեւոնէ ի Հռոմկլայն (ԿԻՐ. 82), որով Արեւելքի մէջ Կիլիկիոյ գործերուն ծանօթ եղած ըլլալնին կը հաստատուի: Զաքարէի առաջարկներուն գիրը չունինք սակայն տրուած պատասխանէն կը քաղենք, թէ Զաքարէ, անգամ մը որ խնդիրին պաշտօնական կերպարանք կու տար, զայն բոլոր իր ընդարձակութեամբը ուզած է պարզել, եւ միայն շարժական սեղանի խնդիրով չէ գոհացած: Յովհաննէս Հռոմկլայ էր առանձնացած, մինչ բոլոր Լեւոնի թագաւորութեան մէջ կաթողիկոսական իշխանութիւն վարողը Դաւիթ էր: Լեւոն Յովհաննէսի դէմ քէնը սնուցանելով եւ անոր իշխանութիւնը նսեմացնել ուզելով, Զաքարէի խնդիրը լուծելու համար Սիսի մէջ ժողով մը գումարել կու տայ Դաւիթի նախագահութեամբ, եւ ներկայութեամբ Կիլիկիոյ վարդապետաց եւ եպիսկոպոսաց, հարց եւ երիցանց (ԿԻՐ. 82), եւ անոր որոշման կ՚ենթարկէ Զաքարէի առաջարկները, որ իրեն ոչ թէ ներկայացուած, այլ լոկ ծանուցուած էին:

1082. ՍՍՈՅ ԳՈՒՄԱՐՈՒՄԸ

Պատմիչը Սսոյ ժողովոյն պաշտօնագիրը քաղելով կ՚ըսէ, ժողովականք քննեալ գտին զխնդիրս Զաքարէի համաձայն աստուածային գրոց, եւ համաձայն առաքելական կանոնաց, եւ ոչ արտաքոյ: Սակայն միւս կողմէն հարկ կը սեպէ եւս յիշել թէ յանձն առին, զի մի ելցէ արտաքոյ ուղղափառ հաւատոյ, որպէս զեղբայր իւր, այսինքն թէ հաւանութեան իսկական պատճառը խոհեմութիւնն էր, որպէսզի Զաքարէ ալ եղբօրը Իւանէի հետեւելով յունադաւանութեան չանցնի: Իսկ կանոնաց համաձայն գտնելնին պաշտօնական բանաձեւն էր, առանց որուն չէր արդարանար իրենց որոշումը: Սսոյ ժողովին որոշումները, կամ Զաքարէի առաջարկները հետեւեալ թուով ութ գլուխներու վերածուած են: 1. Պատարագը դպիրներու եւ սարկաւագներու սպասաւորութեամբ մատուցանել: Ասկէ կը հետեւի թէ այն բազմաթիւ խորշերու մէջ, որոնք մինչեւ այսօր եկեղեցիներու աւերակներու մէջ կը տեսնուին, յատուկ պատարագի սեղաններով, առանց սպասաւորութեան պատարագներ կը մատուցանէին, կամ թէ պարզապէս միմեանց քահանայքն սպսաւորէին (ԿԻՐ. 85): Այս գլուխին ներքեւ պէտք է իմանալ շարժական սեղանի կիրառութիւնն ունենալ, որ գլխաւոր խնդիրն էր, եւ ութ գլուխներու մէջ յիշուած չէ: 2. Աւետումը Ապրիլ 6-ին, Վերափոխումը Օգոստոս 15-ին, եւ Խաչվերացը Սեպտեմբեր 14-ին տօնել, յօրում յաւուր եւ հանդիպի: Ծնունդի խօսքը չկայ, վասնզի անիկա Յունուար 6-ին կապուած էր արդէն, եւ Զաքարէ ալ Դեկտեմբեր 25-ին տօնել չէ ուզած, զայն իբրեւ հայադաւանութեան հակառակ նկատելով: Աւետումը Ապրիլ 7-ին կապուած է հիմա ալ, եւ 6-ի ու 7-ի տարբերութիւնը հին տօնացոյցերու մէջ ալ կ՚երեւի, բայց վերջապէս 7-ն ընդունուած է: Ասկէ կը քաղենք եւս թէ Աւետումն ալ նախնաբար կիրակիի կը փոխադրուի եղեր: Իսկ Վերափոխումի եւ Խաչվերացի հաստատուն ամսաթիւով տօնուիլը, կամ այն է որ չէ գործադրուած, կամ թէ շուտով խափանուած է, վասնզի յետագայ դարերու մէջ ուրիշ յիշատակութիւն չունինք: 3. Յայտնութեան եւ Յարութեան ճրագալոյցներուն մինչեւ երեկոյ պահել, եւ երեկոյին ձուկով եւ ձէթով միայն լուծել, եւ ոչ կաթեղէնով ու կթեղէնով: Այս ալ Յունական նմանութիւն մըն է, որ որոշեալ օրեր ձուկը կ՚ընդունի իբր պահքի թեթեւացում, այլ ոչ երբեք կաթնուկիթը, իսկ Հայոց շաբաթ երեկոյէն կաթնուկիթ գործածելը այնպէս կը մեկնւէր, իբրեւ թէ Յարութիւնը շաբաթ երեկոյէ տեղի ունեցած ըլլայ: 4. Յիսուսի եւ ամենայն սրբոց նկարեալ պատկերները ընդունիլ, ու չխոտել հեթանոսաց պատկերներուն նման: Հայեր պատկերներու մասին խիստ էին, եւ եկեղեցիներու մէջ չէին ընդունիր` սեղանի միակ պատկերէն դուրս: Ասով պարզ թոյլտուութիւն մը կ՚ուզուի թիւի եւ շատութեան խօսք չընելով: 5. Պատարագի մատուցումները կատարել ոչ միայն ի հանգիստ ննջեցելոց, այլ եւ յօգուտ կենդանեաց: Այդ խնդիրը լոկ թիւրիմացութեան հետեւանք մը եղած պիտի ըլլայ, վասնզի կենդանեաց օգտին մատուցանել երբեք արգելք չէ դրուած: 6. Կրօնաւորները միս չ՚ուտեն, ինչ որ զեղծումներու դէմ դրուած կանոն մը կը նկատուի. զի Լամբրոնացին ալ Ձորոգետացիները կ՚ամբաստանէր թէ հրապարակաւ մսակեր եւ թուրքացն կթղայընկեր կ՚ըլլան (ՏՂԱ. 241): 7. Ձեռնադրութիւնները կարգաւ եւ միջոցով ընել, նախ դպիր, յետ աւուրց սարկաւագ, եւ ի կատարեալ հասակի քահանայ: Կ՚երեւի թէ տհաս հասակի մէջ եւ մէկէն քահանայ ձեռնադրելուն զեղծում տեղի ունեցած է: Վերջապէս 8. վանականներու համար կը հրամայուի միաբանական կեանքով ապրիլ եւ առանձին իրս ոչ ստանալ (ԿԻՐ. 63): Այդ վերջին կէտը նկատողութեան արժանի է իբր հիմն Վանական բարեկարգութեան, որ դժբախտաբար յաջորդ դարերու եւ ներկայ ժամանակին մէջ ալ զանց եղած է, եւ բոլոր վանական գժտութիւններ եւ խնդիրներ, այդ կէտէն առած են եւ կ՚առնեն իրենց ծագումը: Սսոյ ժողովը իր որոշումները պաշտօնական գրութեան վերածեց, եւ ստորագրութեամբ վաւերացուց, ինչպէս օրէն էր, եւ Դաւիթ կաթողիկոս եւ Լեւոն թագաւորը յատուկհրամանաբեր դեսպաններու յանձնեցին պաշտօնագիրը Զաքարէի տանիլ:

1083. ՅՈՎՀԱՆՆԷՍԻ ԸՆԾԱՆԵՐԸ

Լեւոն ուզած էր իր անձին եւ իր դրած կաթողիկոսին գերակշռութիւն տալ, ժողով գումարելով եւ ժողովական որոշում կազմելով, սակայն պաշտօնական դիմումը Յովհաննէս կաթողիկոսի եղած էր, եւ ոչ Դաւիթի, եւ Լեւոնի ալ միայն ծանուցում ու տեղեկութիւն հաղորդուած էր: Բայց Յովհաննէս ի զուր Մեծաբարոյ կոչուած չէր: Եթէ շուրջը բազմութիւն չունենալով ժողովական ձեւ չէր կրնար տալ` ճոխութեամբ եւ առատաձեռնութեամբ ուզեց Լեւոնը գերազանցել եւ իր վեհանձնութիւնը ցուցնել: Զաքարէյի ամէնէն աւելի փափաքած խնդիրին դարձուց մտադրութիւնը, եւ շարժական սեղանի եւ խորանաձեւ վրանի կիրառութիւնը ոչ միայն հրամանով արտօնեց, այլեւ նիւթապէս զայն ընծայաբերեց, եւ բանակի մէջ պատարագի բոլոր պէտքերը պատրաստել տալով նուէր ղրկեց: Յովհաննէսի ղրկածներն էին, վրան մի գմբէթազարդ եկեղեցաձեւ, եւ սեղան մարմարեայ, եւ այլ ապասք պատարագաց: Նիւթերուն հետ ղրկեց նաեւ պէտք եղած անձերը, այսինքն է մէկ կողմէն կազմողս եւ յօրինողս վրանին ու սեղանին, որ ուրիշ անունով լուսարարներ կը կոչուին, եւ միւս կողմէն սարկաւագս եւ դպիրս եւ քահանայս եւ գեղեցկաձայն ասողս, այսինքն երգեցողս պատարագին: Այս կերպով Զաքարէ իր փափաքին անմիջական լրումը պիտի ունենար: Հարկաւ Յովհաննէսի ղրկած ընծաները վայելուչ ու հարուստ էին, զի գիտենք թէ պիտոյից պատրաստիչ յոյժ գովելի մէկն էր(ՍՄԲ. 114): Այդ բոլոր հանդերձանքը ներկայելու եւ գացողներուն առաջնորդելու պաշտօնն ալ յանձնեց Մինաս անունով եպիսկոպոսի մը, որ հարկաւ ծիսակատարութեանց եւ երգեցողութեանց հմուտ անձ մը կ՚ենթադրուի, եթէ Յովհաննէսի ընտրութեան արժանացաւ: Յովհաննէս իր գործնական որոշումը ու ընծաները ճամբայ հանելու առթիւ, հարկաւ Զաքարէի առաջարկներուն պարտուպատշաճ պատասխաններ ալ գրեց, որոնք գլխաւորապէս իրեն որոշման ենթարկուած էին: Այդ գործողութեանց թուական պիտի նշանակենք 1208 տարին, Յովհաննէսի քաշուելուն եւ Դաւիթի կաթողիկոսանալուն անմիջապէս յաջորդող տարւոյն ընթացքին մէջ:

1084. ԼՈՌԻԻ ՀԱՆԴԷՍԸ

Եղելութեանց ընթացքը կը պահանջէ որ պահ մը Արեւելեայց կողմը անցնենք մեր հայեցողութիւնը` Սիսէ եւ Հռոմկլայէ գացող որոշումներուն արդիւնքը տեսնելու: Զաքարէի յաջողութիւնը կատարեալ էր, Յովհաննէս եւ Դաւիթ կաթողիկոսներ եւ Լեւոն թագաւոր համաձայնած էին իր միտքին, եւ հաւանած իր առաջարկներուն: Եղելութեան պաշտօնական եւ հանդիսական ձեւ տալու համար ժողով հրամայեաց առնել ի Լօռի քաղաք (ԿԻՐ. 83), որ սովորաբար իբրեւ Լօռւոյ մէջ գումարուելիք ազգային ժողով մը կ՚ըմբռնուի (ՉԱՄ. գ. 181), մինչ ժողովական գործի կամ որոշումի առիթ մը չկար, եւ Զաքարէի միտքն ալ ստացուած հրամանը հաստատութեան ենթարկել չէր, այլ միայն հանդերձ քահանայիւք եւ աշխարհական ամբոխիւ կամէր կանգնել զվրանն եւ պատարագ մատուցանել (ԿԻՐ. 84): Հրաւիրեալներու կամ ներկաներու անուններ կու տայ այստեղ պատմիչը, առանց յստակ որոշելու թէ որոնք եղան անձամբ պատասխանողները: Առաջին կարգի մէջ կը դնէ Հաղբատի, Անիի, Բջնիի, Դուինի եւ Կարսի եպիսկոպոսները: Հաղբատի եպիսկոպոսը նոյն ինքն Գրիգոր Տուտէորդին էր, Օրբելեանց ազգականը, Զաքարէի եւ Իւանէի քեռորդին (ՕՐԲ. Բ. 87), որ Սանահնի վանահայրն էր, եւ յետոյ Հաղբատի անունով Ձորոգետի ընդհանուր եպիսկոպոսն էր եղած: Անիի եպիսկոպոսը աւելի վարը Սարգիս աթոռակալ Անւոյ անունով կը յիշուի, եւ Բարսեղի կաթողիկոս հռչակուելէն ետքը, օրինական էր Անիի նոր եպիսկոպոս մը անուանուիլը: Այդ ամէն եղելութեանց մէջ շօշափելի է Բարսեղի անունին չյիշուիլը, այնպէս որ բոլորովին անհիմն չէ Բարսեղը մեռած ենթադրել, թէպէտ ստոյգ յիշտակութիւն մը չենք գտներ: Բջնիի եւ Դուինի աթոռները միացած կը ցուցուին Վրթանէսի անձին վրայ, իսկ Կարսի եպիսկոպոսին անունը Յովհաննէս կը յիշուի: Միւս վանքերու վարդապետներէն նախ կը յիշուի Մխիթար Գօշը Գետիկի վանքէն, յետոյ Իգնատիոս եւ Վարդան եւ Դաւիթ Քոբայրեցի Հաղբատի վանքէն, որոնք ուրիշ առթիւ ալ յիշուած են 1004), Սանահնի վանքէն Յովհաննէս, որ հայր ալ կը կոչուի, այսինքն վանահայր, եւ սնուցիչ նոցին իշխանաց, այսինքն Զաքարէի եւ Իւանէի դաստիարակ եղած: Կէչառիսի վանքէն Գրիգոր Մոնմոնիկ, Թեղենեաց վանքէն Տուրքիկ, Հաւուցթառի վանքէն Եղիա, Սեւանի վանքէն Սարգիս եւ Գրիգոր Դըւնեցին: Տուրքիկ եւ Եղիա առանձինն կը գովուին, առաջինը միաբանական եւ հասարակաց կեանք հաստատելուն, եւ երկրորդը ընդ մի բերան պաշտամունք կատարել տալուն համար: Գումարուողներ կանուխէն ստոյգ եւ կատարեալ տեղեկութիւն ունեցած պիտի չըլլան, որ գալերնէն ետքը լուան եւ գիտացին զհրամանս կաթողիկոսին եւ թագաւորին: Այստեղ ալ միայն մէկ կաթողիկոսի հրամանը կը շեշտուի, այսինքն Յովհաննէսի, թէպէտ երկու կաթողիկոսներէ գիրեր եւ հրամաններ հասած էին: Եպիսկոպոսներու եւ վարդապետներու կարծիքները անմիաբան լեալք քակտեցան ի միմեանց. եղեն որ հաւանեցան, ուրիշներ գիշերի փախչելով գնացին հանդիսութեան ներկայ չըլլալու համար, իսկ քանիներն ալ Զաքարէ արգել բռնութեամբ եւ ստիպեց ներկայ գտնուիլ, Յովհաննէսի ղրկած վրանով եւ սեղանով եւ սպասներով եւ սպասաւորներով եւ Մինաս եպիսկոպոսի առաջնորդութեամբ կատարուած մեծահանդէս պատարագին (ԿԻՐ. 84):

1085. ՏՈՒՏԷՈՐԴԻ ԸՆԴԴԻՄԱԴԻՐ

Զաքարէ սպարապետ Կիլիկիոյ կողմէն առած որոշումներովը զօրացած, սկսաւ Արեւելեայց ընդդիմութեան դէմ մաքառիլ, եւ իր իշխանութեամբ, ու մինչեւ իսկ բռնութեամբ ալ գործադրել տալ նոյն որոշումները, եւ խափանել տալ հակառակ սովորութիւնները: Պատմիչը Վերափոխման եւ Խաչվերացի տօներուն հաստատուն ամսաթուով տօնուիլը կը յիշէ, բայց հարկաւ բովանդակ յիշուած ութը կէտերն ալ միեւնոյն կերպով գործադրուեցան: Հետեւանքը եղաւ ընդհանուր երկպառակութիւն` հաւանողներու եւ չհաւանողներու միջեւ, բազում անմիաբանութիւնք եւ կռիւք, փոխանակ սիրոյ` ատելութիւն ընդ միմեանս, եւ փոխանակ ուրախութեան` տրտմութիւն եւ ատելութիւն, մինչեւ ի սուր եւս մտաբերել միմեանց դէմ (ԿԻՐ. 84): Զաքարէ ուզեց որ նոյնիսկ Հաղբատի վանքին մէջ, որ Արեւելեայց դիմադրութեան կեդրոնն էր, Կիլիկեան հրահանգները գործադրուին, եւ Մինաս եպիսկոպոսը իր պաշտօնեաներով եւ սպասներով ճամբայ հանեց, անոնցմով պատարագ մատուցանել տալու համար: Զաքարէի ձեռնարկը բռնութիւն նկատուեցաւ, եւ բռնութիւնը բռնութեամբ վանելու նպատակով, Տուտէորդին իր մարդիկներէն, հարկաւ միաբաններէն ալ, խումբ մը ղրկեց եկողներուն դէմ, որոնք եկող պաշտօնեաները հարին բրօք, եւ վէրս ի վերայ եդեալ թողին կիսամահ, բեռնակիր ջորիները գահավէժ արարեալ սատակեցին, նոյն իսկ Մինաս եպիսկոպոսը այնպէս ծեծեցին, որ բարձեալ մահճօք տարան առ Զաքարէ: Բնական է հետեւցնել, թէ սպասներն ալ կոտրտեցին եւ ցրուեցին: Զաքարէ զայրացած, ոչ միայն իրեն եղած անարագանքին, այլ պարզապէս ոճիրին ալ վրէժը լուծելու համար, մարդ հանեց Հաղբատեցւոց եւ Տուտէորդիի դէմ, մահուչափ սպառնացեալ ի վերայ եպիսկոպոսին: Տուտէորդին յաջողեցաւ Հաղբատէ փախչիլ եւ Գետիկի վանքը ապաստանելով Մխիթար Գօշի պաշտպանութիւնը խնդրել, որուն հանդէպ մեծ յարգ կը տածէր Զաքարէ, եւ իրօք ալ Տուտէորդին Գօշի միջնորդութեամբ ազատեցաւ եւ ճողոպրեցաւ այս անգամ ի ձեռաց Զաքարէի: Սակայն վերջնական չեղաւ ազատութիւնը, որովհետեւ երբ Տուտէորդին Կէչառիսի վանքը կը գտնուէր, եւ անշուշտ նոր խլրտումներ ալ կը պատրաստէր, Զաքարէ յանկարծ ըմբռնեաց զնա, պաշտօնէն զրկեց, եւ եդ ի բանտի, եւ Հաղբատի եպիսկոպոսութիւնը յանձնեց Յովհաննէսի, այն որ յառաջն եթող զաթոռն եւ գնաց ի Խաչէն (ԿԻՐ. 85): Յովհաննէսի անձը որոշող պարագան մութ կը մնայ, վասն զի անգամ մը Հաղբատի աթոռը թողած ըլլալու պարագան ուրիշ տեղ չի պատմեր Կիրակոս, երբ Զաքարէի ազգական երկու Յովհաննէսները կը յիշէ, որոնք իրարու յաջորդեցին (ԿԻՐ. 56), եւ վերջին գումարման առթիւ յիշուածներուն մէջ ալ երկու Յովհաննէսներ կային, մէկը Կարսի եպիսկոպոսը, եւ միւսը Սանահինի վանահայր եւ Զաքարէի դաստիարակ 1042): Հաւանաբար այս վերջինն է Հաղբատի նոր եպիսկոպոսը, որ կը գովուի իբր այր առաքինի, որ եւ միանգամայն բազում գործս յիշատակի արժանիս գործեաց ի Հաղբատ (ԿԻՐ. 85): Շինութիւններ կը վերագրուին ուրիշ տեղ առաջին Յովհաննէսի ալ, որ էր նոյնպէս այր հեզ եւ առաքինի, եւ Զաքարէին քեռայրին եղբայրը (ԿԻՐ. 56):

1086. ԱՆԻԻ ԳՈՒՄԱՐՈՒՄԸ

Տուտէորդին բանտարկել տալով ալ չկրցաւ Զաքարէ ընդդիմադիր վարդապետներուն հակառակութեանը յաղթել, որոնք ոգւով չափ կը մերժէին Կիլիկիայէ եկած որոշումներուն համակերպիլ, զորս բացարձակապէս օտարամուտ նորութիւններ կը համարէին, եւ այս պատճառով շփոթումն ունէր զեկեղեցիս Արեւելից: Արեւելեայք չէին ուզեր հաստատուն ամսաթուով տօներ ընել, վասն զի չէին ներեր որ տօնին պատճառով լուծցին պահքն, երբոր պահոց օր մը իյնար ամսաթիւը: Իսկ պատարագին սարկաւագաւ եւ դպրաւ չմատուցուելուն, եւ ի ժամ սոսկալի խորհրդոյն` զդրունս եկեղեցեաց թողուլ ի բաց սովոր չըլլալնուն, պատմիչը պատճառ կը ցուցնէ, թէ յառաջ եկած էին ի բռնութենէն Տաճկաց, որ ոչ տային համարձակ պաշտել զպաշտօնս իւրեանց քրիստոնէից, եւ վախ ալ կար որ ոճիրս ինչ գործեսցեն այլազգիքն (ԿԻՐ. 85): Զաքարէ անշուշտ այդ դժուարութեանց դէմ յառաջ կը բերէր իր իշխանութեան ներքեւ տիրող ապահովութիւնը, բայց երբ այս չէր բաւեր, համաձայնութիւն գոյացնելու եւ միտքերը հանդարտելու համար, հրամայէր ժողով առնել ի մայրաքաղաքն Անի: Եղած հրաւէրին անսացին եւ ժողովեցան վերոգրեալ եպիսկոպոսունք եւ վարդապետք 1084), եւ եւս յոլովք: Միայն Մխիթար Գօշ, պատճառեաց զհիւանդութիւնն եւ զանկարութիւնն, ու չկրնալ գալը ծանոյց, յայտարարելով թէ զոր ինչ առնեն դոքա եւ կամին, համաձայն եմ ես այնմ: Սակայն ժողովականք պնդեցին թէ անհնար է մեզ առանց մեծ վարդապետին առնել զայդ, որովհետեւ Գօշը, միայն կրնար իրենց ընդդիմութիւնը արդարացնել, եւ Զաքարէի բռնադատութենէն զիրենք ազատել, քանի որ Մխիթար սկզբունքով իրենցմէ հեռու չէր, եւ Զաքարէի վրայ ալ զօրաւոր ազդեցութիւն ունէր: Զաքարէ կը պահանջէր որ ժողովը գործէ, Գօշի կանխաւ հաւանութիւնը առնուած սեպելով, եւ կը յուսար իր ազդեցութեամբ ժողովը իրեն հնազանդեցնել, Տուտէորդիի բանտարկութենէ ետքը: Բայց ժողովը խնդրէր ի նմանէ ներումն, եթէ առանց Գօշի գործի ձեռնարկելէ կը քաշուէր: Այն ատեն ինքն իր վրայ առաւ Գօշը բերելուն հոգը, եւ ստիպաւ գիր եւ պատուիրակ յղեց Մեծ Վարդապետին, զի այսպէս կոչէին զնա վասն պատուոյ: Գիրին մէջ յայտարարած էին, թէ զանկարութիւն մարմնոյ մի ինչ պատճառէր, եթէ ի ճանապարհին հասանէ քեզ վախճան, ընդ առաջին սուրբ վարդապետաց եկեղեցւոյ կարգեսցուք զյիշատակս քո (ԿԻՐ. 86):

1087. ՄԽԻԹԱՐ ԳՕՇԻ ԴԵՐԸ

Ժողովականաց թախանձանքը, եւ եկող պատուիրակներուն ստիպումը, գուցէ եւ գործը վերջացնելու համար Զաքարէի կողմէն ղրկուած հրամանը, Մխիթարի դժկամակութեան յաղթեցին, եւ գնաց զկնի կոչնականաց, թէպէտ եւ էր աւուրքն ձմեռնային, եւ տօն Ծննդեան եւ Յայտնութեան Յիսուսի Քրիստոսի մերձեալ էր (ԿԻՐ. 86): Ժամանակագրական հաշիւին հետեւելով 1208 Դեկտեմբերի վերջերուն պէտք կ՚ըլլայ նշանակել Գօշի Գետիկի վանքէն Անի ուղեւորիլը: Հաւաքուած ժողովականներուն կէսը, որ եպիսկոպոսքն էին իշխանութեան, այսինքն Զաքարէի իշխանութեան ներքեւ, հաւանեալ էին անոր հնազանդիլ, զի մի անկցին յաթոռոյն, իսկ միւս կէսը, որ այս վախը չունէր, մտադիր էր դէմ դնել: Ամէն առիթի մէջ կ՚ուզէին, որ Մխիթար Զաքարէն չտեսած իրենց գայ, վասնզի կը վախնային թէ հանդերձեալ էր զօրավարն աքսորել զնոսա յօտարութիւն, մինչ Զաքարէ ալ կ՚ուզէր որ Մխիթար ժողովի չգացած` իրեն հետ տեսնուի: Զաքարէի կողմէ դիմաւորելու գացող իշխանը, կանխեց եւ ձիուն երասանակը ձեռքը առնելով զայն Զաքարէի տանիլ սկսաւ: Ներսէս վարդապետ Կեչառուեցին, որ ժողովին կողմէն ղրկուած էր, ուրիշ բան չկրցաւ ընել, բայց եթէ արտաքուստ ձայնեաց առ նա եւ ասաց զպատգամս ժողովոյն, այն է ժողովը չլսած զօրավարին խոստում չտալ: Շատ փափուկ էր Մխիթարի դիրքը, նա բացարձակ չէր կրնար Զաքարէի ուզածը արգելուլ, որ Կիլիկիայէ կաթողիկոսական եւ թագաւորական հաստատութիւն ստացած էր: Արեւելեայց վարդապետներն ալ չէր կրնար ստիպել, որոնք հնօրեայ սովորութիւններ կը պաշտպանէին, եւ եկած որոշումները օտարներու ճնշման կը վերագրէին: Սակայն այսչափն ալ բաւական է Զաքարէի իւր ընթացքը արդարացնելու: Ժողովականներէն ալ գոնէ առ ահի համամիտներ կը գտնուէին, ուստի ինքզինքը զօրացած նկատելով, առանց ժողովական եւ վերջնական վճիռի սպասելու կը յայտարարէր, թէ ինձ ոչինչ փոյթ է ի նոցանէ: Այդ պարագաները ընդդիմադիրները զայրացուցին, որ սկսան Մխիթար Գօշը բամբասել, իբրեւ Զաքարէն քաջալերող: Ասոր վրայ Գօշը մէկ կողմէն մեղադիր եղեւ զօրավարին թէ իշխանաբար ոչ պարտ էր զայսպիսի իր առնել կամ ըսել. եւ միւս կողմէն ժողովին ազդարարեց, որ դուք հոգ տարէք վասն ազգիս մեր, զի մի' այդպիսի սովորութեամբ խառնեսցին ընդ Վիրս, եւ ես հոգամ վասն զօրավարիս, զի մի լիցի սա Վրացի իբրեւ զեղբայրն, որում սպասեն Վիրք: Իսկ եթէ, կ՚ըսեր, Զաքարէ կը պնդէ նոր որոշումները գործադրել, զի՞ մեղադրէք ինձ, զի հրաման ունի ի կաթողիկոսէն եւ ի թագաւորէն Լեւոնէ առնել զայս եւ մեք, թէ կամիմք եւ թէ ոչ, սա ոչ դադարէ առնելոյ զայս: Արդարացի էր Գօշին դիտողութիւնը, որ իւր կամ Արեւելեայց ժողովին հեղինակութեամբ չէր կրնար Կիլիկիայէ եկած հայրապետական որոշումը եւ թագաւորական հաստատութիւնը արգելուլ, ուստի կ՚եզրակացնէր, որ պէտք է Զաքարէն իր ընթացքին մէջ թողուլ, եւ միայն աշխատիլ որ ընդդիմադիրները չհանէ յեկեղեցեաց եւ ի տեղեաց իւրեանց, եւ թող տայ որ զպաշտօն որ մինջեւ ցայսօր պաշտեալ են, զնոյնն պաշտեսցեն (ԿԻՐ. 87): Մխիթար վստահացաւ թէ այդ պայմաններով խաղաղութիւն կը հաստատուի, սակայն Զաքարէ առանց գիտելոյ վարդապետին հրամայեց ընդդիմադիրներուն գլխաւորները մերժել յօտարութիւն: Գօշ այդ բանը իմանալուն պէս, ուժգին միջնորդեց, եւ զբազումս ի նոցանէ թափեաց` դառնալ ի տեղիս իւրեանց, մնացեալներն ալ Զաքարէի եղբօր Իւանէի հրամանով դարձան: Պատմութիւնը կը ցուցնէ թէ Անիի ժողով ըսուածն ալ օրինաւոր եկեղեցական կերպարան չառաւ, թէ' որոշման մը չյանգելուն, եւ թէ' Զաքարէի բռնութեանը ենթարկուելուն համար: Իսկ գործերը տարտամ կերպով յառաջեցին, Զաքարէ նոյնպէս վարեցաւ` որպէս կամէր, իսկ Հայաստանի եկեղեցիքն ամենայն, առաջին պաշտամամբն վարեցան (ԿԻՐ. 87):

1088. ԼԵՒՈՆԻ ԸՆՏԱՆԻՔԸ

Հայաստանի դիպուածները այդ վիճակին մէջ թողլով` հայեցողութիւննիս նորէն Կիլիկիա դարձուցած ատեննիս, եկեղեցական պարագայ մը չենք ունենար առջեւնիս: Լեւոն կը շարունակէ իր գործերը, երբեմն ողոքով ու երբեմն բողոքով, երբեմն զէնքով ու երբեմն ճարտարութեամբ կը ջանայ Անտիոքի խնդիրը վերջացնել` որ իր եղբօր թոռ Ռուբէնը, զոր իրեն որդեգրած էր, Անտիոքի իշխանութեան անցնէ, միանգամայն իրեն ժառանգ հռչակէ, եւ այսպէս Կիլիկիայով եւ Անտիոքով մեծ Հայ իշխանութիւն մը կազմէ, եւ այսպէս զօրացած` Հայաստանն ալ իր իշխանութեան ներքեւ առնէ: Իկոնիոնի սուլտաններուն հետ քանի մը անգամ չափուած եւ յաղթող եղած էր, իսկ Վրաց թագաւորները իրեն արգելք չէին կրնար ըլլալ, մանաւանդ որ անոնց զօրութեան մեծ մասը Հայերն էին, զորս դիւրեն էր իր կողմը ձգել: Որպէսզի Ռուբէն, Ռուբինեանց զարմէն միակ ընտրելի արու համարուի, Լեւոն մինչեւ իսկ կուրացնել տուաւ Մլեհ հօրեղբօրը Գորգ անուն զաւակը, թէպէտ յօտար անկողնոյ ծնած, եւ Ռուբէնը պաշտօնապէս թագաժառանգ հռչակեց, 1209-ին, երբ տակաւին 12 տարեկան էր, պատանի գեղեցկատեսիլ, հասակաւ երկայն, հերով խարտեաշ որպէս թել ոսկւոյ, ձիավարժ գովելի, իշխանական ձեւով պատկառելի, եւ անձամբ սուրբ (ՍԻՍ. 509): Գործին աւելի ոյժ տալու համար, Հեղի Լամբրոնացիի յանձնարարած էր Ոթոն Դ. կայսեր ալ ներկայանալ, որ 1198-ին Հենրիկոս Զ. յաջորդած էր, Ռուբէնի համար թագաւորական թագ խնդրել իբր թագաժառանգի, ինչ որ շնորհուեցաւ, եւ 1211 օգոստոս 15-ին, Վերափոխման երկրորդ օրը, թագի հանդիսութիւն ալ կատարուեցաւ: (ՍԻՍ. 510): Նոյն տարին Լեւոն երկրորդ ամուսնութիւն կնքած էր, եւ Հայոց թագուհիութեան բարձրացուցած, Կիպրոսի թագաւոր Հուկոնի քոյրը եւ վախճանած Ամաւրիի դուստրը, Լուսինեանց տունէն, Սիպիլ կամ Զապէլ անուն (ՀԵԹ. 82): Ասով Լեւոն քենեկալ կ՚ըլլար իր հակառակորդին Բոյեմոնդոս Տրիպոլսեցիին հետ, որ Սիպիլի քրոջ Մելիսենտի հետ ամուսնացած էր: Լեւոն ամուսնութիւնը կարգադրելու համար Կիպրոս գնաց, ուր էառ իւր կին զՍիպիլն (ՀԵԹ. 82 եւ ՍՄԲ. 117). բայց ուրիշ պատմիչ մը եբեր յայսկոյս եւ արարին հարսանիս կ՚ըսէ (ՍԻՍ. 510), եւ պսակը Սիսի մէջ կատարուած կ՚ըլլայ: Կիրակոս այդ ամուսնութեան առթիւ Լեւոնը կը մեղադրէ, թէ նա թէպէտ ամենայն իրօք բարեգոյն էր, բայց միայն միով մասամբ կը թերանար, զի էր նա իգասէր, եւ եթող նա զկինն իւր զառաջին զոր ունէր յիշխանութեան, եւ առ նա ի կնութիւն զդուստրն արքային ի Կիպրոս կղզւոյ Ֆռանկ ազգաւ, զի լիցի նմա թիկունք եւ օգնականք. (ԿԻՐ. 77): Կիրակոս շփոթած պիտի ըլլայ իբր 60 տարեկան Լեւոնի 11 տարեկան Սիպիլի հետ ամուսնանալէն, որուն գաղտնիքը պէտք է տեսնել իրեն թիկունք եւ օգնական փնտռելուն մէջ: Բայց միւս կողմէ Սմբատի վկայութեամբ գիտենք թէ առաջին կինը իբր անհաւատարիմ ամբաստանուած եւ մերժուած եւ Վահկայ բերդը բանտարկուած էր 1078), եւ այդ դէպքը եղած էր 1205-ին (ՍՄԲ. 115), մինչ նոր ամուսնութիւնը կը դրուի 1210-ին (ՀԵԹ. 82), եւ հինգ տարիներու հեռաւորութիւնը կ՚արդարացնէ Լեւոնը թէ պարզ իգասիրութեան հետեւանք չէր երկրորդ ամուսնութիւնը: Այդ միջոցին կրնար մեռած ըլլալ բանտարկեալ թագուհին, դիւրին ալ էր անհաւատարմութեան ամբաստանութեամբ օրինաւոր ամուսնալուծութիւն վճռել, որով ամէն առիթի մէջ օրինաւորութեամբ կատարուած կ՚ըլլայ Սիպիլի հետ երկրորդ ամուսնութիւնը, եւ օրինաւոր ամուսնութեան պտուղը կ՚ըլլայ Զապէլ, որ ծնաւ 1215-ին: Լեւոն աղջիկ մըն ալ առաջին ամուսնութենէն ունեցած էր, Ռիթա անուն, որ մօրը մերժուելէն ետքը, իր մեծ մօր Ռիթայի խնամոց յանձնուած էր (ՍՄԲ. 116), եւ 1215-ին երբ չափահաս կը նկատուէր ամուսնացաւ Յովհաննէս Բրիէնոսի (Jean de Brienne) հետ, որ Ռէ Ջուան (RԸ Giovanni կամ Roi Jean) ալ կոչուած է, զի Երուսաղէմի թագաւորութեան անուանական կոչումը ստանձնած էր:

1089. ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ

Հայոց հայրապետութեան տագնապը, եւ պառակտեալ կաթողիկոսութեանց անտեղութիւնը հարթուեցաւ անակնկալ կերպով, երբ թերեւս նուազ էր հաշտարար լուծումի յանգելու ակնկալութիւնը: Դաւիթ Արքակաղնեցին մեռաւ, եւ հաւանական է որ տարիքը լեցուն անձ մըն էր: Բարսեղ Անեցին ալ մեռած էր նոյն միջոցներուն, ինչպէս առիթ ունեցանք յիշել 1084), Անանիա Սեբաստացիին մահն ալ նոյն միջոցին տեղի ունեցաւ: Երեքին ալ մահուան թուականները տարեթիւով եւ ամսաթիւով նշանակուած չունինք, միայն Արքակաղնեցիին մահը 1211-ին կը դրուի Հեթումէ (ՀԵԹ. 82), թէպէտեւ Անեցին մինչեւ 664, այսինքն 1215, կամ իր համեմատութեամբ 1217 կը յետաձգէ (ՍԱՄ. 146): Բոլոր հակաթոռները կամ բռնադատեալ աթոռակիցները միանգամայն հեռացած էին ասպարէզէն, Զաքարէ արգելք եղած էր Արեւելքի մէջ Բարսեղին յաջորդ մը տալու, որպէս զի Արեւելեայց դիրքը չզօրանայ, Անանիայի կաթողիկոսութիւնը աւելի անձնական նախաձեռնութեան գործն էր, եւ ոչ թէ Իկոնիոնի սուլտանութեան Հայերուն ընդհանրութեան կամքով: Կը կարծուէր որ Լեւոն Դաւիթի յաջորդ մը նշանակէր Յովհաննէսի դէմ հակառակութիւնը շարունակելով, բայց նա այդ միտքը չունեցաւ: Գուցէ երեք հակաթոռներուն հետզհետէ մահը իրեն վրայ ալ տպաւորութիւն գործեց, եւ իբր վերնային կարգադրութիւն մեկնուեցաւ, կամ թէ ատեն անցնելով հակառակութիւնը մարեցաւ եւ Յովհաննէսի հետ նախկին մտերմութիւնը զօրացաւ: Յովհաննէս ալ թերեւս իր մեծաբարոյ կերպերը մեղմացուց, մանաւանդ որ քեռայրն Հեռի եւ քեռորդին Կոստանդ բանտին մէջ մեռած էին, եւ հակառակութեան պատճառին մեծ մասը ինքնին վերցուած էր: Հեղի Լամբրոնացին ալ, Եւրոպայի ուղեւորութենէն նոր դարձած էր, Լեւոնը իրեն երախտապարտ ըրած էր պապին խոստումները, կայսեր վստահութիւնները, եւ Ռուբէնի համար թագը բերելով, ուստի համարձակութիւն ունեցաւ թագաւորն ու կաթողիկոսը հաշտեցնելու միջամտել: Նախ իր ազգականին` Յովհաննէսի միտքը շինեց, անկէ Լեւոնի հաւանութիւնը պատրաստեց, եւ այսպէս Ճոսլին եւ Պալտին Կամարտիասներ բանտէ արձակուեցան, Յովհաննէս եւ Լեւոն հաշտուեցան, հայրապետական կալուածներուն արդիւնքները կաթողիկոսի դարձան, եւ Յովհաննէսի հայրապետական իրաւասութիւնը բովանդակ Հայութենէ ճանչցուեցաւ, Աղթամարի աթոռէն զատ: Հաւանաբար 1212 Օգոստոս 15-ին Ռուբէնի թագաժառանգական օրհնութեան հանդէսը 1088), Յովհաննէսի նախագահութեամբ կատարուեցաւ, եւ քաղաքական եւ հոգեւորական կրկին ուրախութիւններով մխիթարուեցան ազգն ու եկեղեցին հաւասարապէս:

1090. ԱՆՏԻՈՔԻ ԽՆԴԻՐ

Կիլիկիոյ եւ Լեւոն թագաւորին մտահոգութիւն եւ աշխատութիւն պատճառող կէտը` Անտիոքի խնդիրն էր միշտ, որուն մասին բուռն կամ ողոքական միջոցներ կը գործածուէին փոփոխակի, բայց խնդիրը իր վերջնական լուծումէն կարծես թէ աւելի կը հեռանար: Հեղի Լամբրոնացիի դեսպանութենէն սպասուած վերջաւորութիւնը` խոստումներու շրջանակէն դուրս չելաւ, եւ Լեւոն խաբուած ըլլալուն վրայ զայրացած, նորէն պատերազմական նոր շարժումներու ձեռնարկեց, եւ հետզհետէ զայրացուց: Անտիոքի իշխանութեան սահմանները յարձակեցաւ, եւ շատ վնասներ հասցուց Լատիններուն, մանաւանդ կրօնաւորներուն դէմ հալածանք բացաւ, շատեր իր երկրէն վտարեց, եւ նորերուն մտնելուն արգելքներ դրաւ: Իննովկենտիոս պապ Լեւոնը իր խոստումներուն ուխտադրուժ նկատելով, բանադրանք հրատարակեց 1211-ին, սակայն թէ թագաւորը եւ թէ կաթողիկոսը կարեւորութիւն չտուին պապին որոշումին, եւ կարծես թէ ցոյց մը ընելու նպատակով, մեծահանդէս եւ արտասովոր շքեղութեամբ ջրօրհնէք կատարեցին 1212 Յունուար 6-ին, Լատին իշխաններու եւ այցելուներու ներկայութեան (ՍԻՍ. 476): Նոյն տարին ուղղակի Անտիոք քաղաքի վրան ալ քալեց, եւ զինու զօրութեամբ զայն գրաւեց, եւ անգամ մըն ալ Ռուբէնը իշխանական աթոռը նստեցուց: Ասով իր նպատակին մէջ գոհունակութիւն ստացած ըլլալով, Լատիններու դէմ հակառակութիւնները դադրեցուց, ասպետական միաբանութեանց ձեռքէն առած տեղերը ու դղեակները դարձուց, եւ իր երկիրը բացաւ մասնաւորապէս Գենուացի եւ Վենետիկցի վաճառականներուն առջեւ, անոնց դիւրութեանց հետ` իր երկրին ալ զարգացումը դիտելով: Միւս կողմէն Իննովկենտիոս պապ ալ Լեւոնը խոնարհած ըմբռնելով, բանադրանքի վճիռը ջնջեց, որովհետեւ ոչ այնչափ վրէժխնդրութեան դիտում մըն էր Իննովկենտիոսի նպատակը, որչափ ամէն միջոցներով Լեւոնը ստիպել, որ Երուսաղէմի ազատութեան գործածէ իր զօրութիւնն ու իշխանութիւնը: Սոյն նպատակով պապը նորէն Եւրոպայի իշխանները ոտք հանելու կ՚աշխատէր, եւ Լատերանի մէջ գումարուելիք ժողովի մը հրաւիրագիր ցրուեց ամէն կողմ, յատուկ հրաւիրագիր մըն ալ Յովհաննէս կաթողիկոսին ուղղեց, որ իր եպիսկոպոսներով ներկայ գտնուի, եւ Հայոց գործակցութիւնը բերէ խաչակրութեան արշաւանքին: Ժողովը գումարուեցաւ 1215 Նոյեմբեր 11-ին, 1300 Լատիններու, այսինքն 71 արքեպիսկոպոսներու եւ 412 եպիսկոպոսներու եւ 800 վանահայրերու եւ վարդապետներու ներկայութեամբ, որ Լատերանեան Դ. եւ տիեզերական ԺԲ. անունով ընդունուած է Լատիններէն (ՊԵԼ. Ա. 1053), սակայն Հայոց մասնակից եղած ըլլալուն բնաւ յիշատակութիւն չկայ: Իսկ Ռուբէնի իշխանութեան անցնիլը այս անգամ ալ հաստատուն չեղաւ: Հազիւ թէ Լեւոն հեռացաւ, Բոյեմոնդոս Տրիպոլսեցին նորէն Լատինները իրեն միացուց, եւ Անտիոքը գրաւեց: Որոշակի չէ ճշդուած թէ ինչչափ կրցաւ մնալ Ռուբէն Անտիոքի մէջ: Զանազան եղելութիւններ մերձեցնելով պիտի ըսենք, թէ տեւողական պայքար մը շարունակեց երկու կողմերու մէջ, եւ քաղաքին վրայ կամ գաւառին մէջ պատերազմները անընդհատ եղան:

1091. ԶԱՔԱՐԷԻ ՄԱՀԸ

Երբ այդ եղելութիւնք կը կատարուէին Կիլիկիոյ մէջ, անդին Հայաստանի մէջ Զաքարէ սպարապէտ եւ միանգամայն Վրաց թագաւորութեան հպատակ Հայաստանի իշխան, թէ Վրաց իշխանութեան եւ թէ Հայոց ազգութեան պայծառութիւնը միանգամայն շատցնել կ՚աշխատէր: Մեծ արշաւանք մը կազմակերպեց այլազգիներու դէմ, Մարանդ եւ Արտաւիլը գրաւեց, եւ Արտաւիլի մզկիթին մէջ ապաւինած մեծամեծներն ու կարդացողները այրեց, հին անցքերը յիշելով եւ ըսելով, Իշխանքդ փոխանակ իշխանցն Հայոց` զոր այրեցին Տաճիկք ի Նախջուանի, 547) եւ կուրայքդ փոխանակ քահանայիցն Բագուանայ` զոր մորթեցին: Ասկէ ետքը շատ եւս չ՚ապրեցաւ Զաքարէ, զի ելին վէրք անբժշկելիք յանդամս նորա, եւ յողջանալ միոյն միւսն բուսանէր, մինչեւ որ յետ սակաւ աւուրց վախճանեցաւ, եւ Սանահինի մէջ թաղուեցաւ (ԿԻՐ. 93): Զաքարէի անունը իր պատւոյ տեղը պէտք է գրաւէ ազգային պատմութեան մէջ, իր եկեղեցւոյն հաւատարմութեան եւ անոր պայծառութեան համար ունեցած ջանքերուն, եւ օտար իշխանութեան ալ ծառայելով իր ազգը պաշտպանելուն համար: Զաւակ մը թողուց Շահնշահ անուն, տակաւին պատանի, որ հօրեղբօրը Իւանէի խնամոց ներքեւ եւ անոր կնոջ Խօշակի ձեռքը դաստիարակուելով, անոնց յունադաւանութեանը հետեւեցաւ (ՎԱՐ. 140): Զաքարէի մահը տեղի ունեցաւ 1212-ին:

1092. ՄԽԻԹԱՐ ԳՕՇԻ ՄԱՀԸ

Միւս տարին, 1213-ին վախճանեցաւ Մխիթար Գօշ վարդապետը, ալեւորեալ եւ լի աւուրբք, Նոր-Գետկայ վանքին մէջ (ԿԻՐ. 114): Մխիթարի անունը աւելի պայծառացած է իր Դատաստանագիրքով եւ ուրիշ գրական արդիւնքներով 1080), բայց իբրեւ գործիչ ալ իւր նշանակութիւնն ունի, մանաւանդ այն հեղինակաւոր միջամտութեամբը` որով կրցաւ Արեւելեայց ընդդիմութեան եւ Արեւմտեայց օտարասիրութեան մէջ միջսահման ընթացք մը բռնելով, գործերուն խաղաղ վիճակ պատրաստել, եւ յարուցուած երկպառակութիւնները հարթել: Ինքն անձամբ Արեւելեայց ընդդիմութեան համամիտ եղած է, բայց Կիլիկիոյ մէջ ալ ապրելով, եւ նորութիւն ըսուածներէն մի մասին նախնի սովորութեանց վերանորոգումն ըլլալը ճանչնալով, ջանացած է մեղմ կերպերով անոնց կիրառութիւնը Արեւելեայց ալ ընտելացնել:

1093. ՏՈՒՏԷՈՐԴԻԻ ՄԱՀԸ

Այդ միջոցին պէտք է հանդիպած ըլլայ Գրիգոր Տուտէորդիի ալ մահը, որ այնչափ աղմուկ բարձրացուց Գրիգոր Տղայի եւ Գրիգոր Ապիրատի կաթողիկոսութեան օրերը, եւ յամառ ընդդիմադիր մը եղաւ Կիլիկեցւոց օտարասիրութեան, եւ բուռն ախոյեան մը Ներսէս Լամբրոնացիի դէմ: Ինչպէս Լամբրոնացիին համար ըսինք, թէ կատարեալ հայադաւան մըն էր իր օտարասիրութեան ներքեւ 1061), նոյնը պիտի ըսենք Տուտէորդիին համար, թէ կատարեալ կանոնապահ մըն էր, իր բուռն յամառութեան մէջ: Նախանձայոյզ պահպանողականութիւնը չափազանցելով, մինչեւ իսկ չէր ուզեր ուղղել ինչ որ պարագայից բերմամբ մուծուած զեղծում էր, զոր օրինակ քահանայական զգեստներու զանցառութիւնը, որոնք Լուսաւորչին դարէն սկսելով գործածուած էին: Այդ յամառութիւնը եւ անհանդարտ գործունէութիւնը զինքն մինչեւ իսկ անտեղի ձեռնարկներու մղեց, որով ծերութեան օրերուն մէջ բանտարգելութեան ալ ենթարկուեցաւ 1085), անշուշտ վանքի մը մէջ, ուսկից ետքը այլեւս իր անունը չյիշուիր պատմութեան մէջ, եւ հասունացեալ տարիքին մէջ կրած նեղութիւնը` փութացուցած կ՚ըլլայ իր մահը:

1094. ԼԱՄԲՐՈՆԱՑԻ ԵՒ ՏՈՒՏԷՈՐԴԻ

Եթէ երբեք Լամբրոնացին Տուտէորդիին հետ բաղդատել ուզենք, եւ երկուքին ուղղութիւնները քննադատութեան եւ գնահատութեան ենթարկենք, երկու ծայրահեղութեանց մասին հաւասարապէս մեր մեղադրանքը յայտնելու պիտի չվարանինք, աւելցնելով` թէ աւելի ապահով էր պահպանողական ուղղութեամբ յառաջել, քան օտարասէր զիջողութիւններով նորութեանց հետեւիլ: Այդ վերջին կերպը շատ աւելի վտանգաւոր էր եկեղեցւոյն իսկութեան տեսակէտէն, եւ Հայ եկեղեցւոյ ինքնութեան նպատակակէտէն: Զեղծումներու եւ վերանորոգումներու խնդիրը` այսօր իսկ արդիական խնդիր մը եղած է, եւ մենք պատեհ առիթ կը նկատենք մեր միտքը համարձակօրէն արտայայտելու: Մենք ոչ զեղծումներու պահպանութեան եւ ոչ նորութիւններու ներմուծութեան պաշտպան կրնանք կանգնիլ, այլ Հայ եկեղեցւոյ ինքնութեան վրայ հիմնուելով` կը սիրենք իբր կանոն ընդունիլ Հայ եկեղեցւոյ սկզբնական կազմակերպութիւնը, Լուսաւորիչով սկսած, Որդւոց եւ Թոռանց օրով զարգացած, եւ Թարգմանչաց դարին փակուած, Քաղկեդոնի խնդիրը յուզուելէն առաջ: Կը դիտենք ամէն եկեղեցական խնդիր, դաւանութիւն եւ վարդապետութիւն, օրէնք եւ կանոն, ծէս եւ արարողութիւն, կերպ եւ սովորութիւն, այդ սկզբունքով ճշդել, եւ դժուարութիւնները այդ փաստով լուծել: Կիլիկեցւոց թոյլատու զիջողութիւնը շատ բաներ յունացուց եւ լատինացուց Հայ եկեղեցւոյ մէջ, ինչ որ շատ աւելի առջեւ գացած կ՚ըլլար եթէ վերջէնվերջ Արեւելեայց ազդեցութիւնը գերակշռելով` հայրապետական աթոռը Արեւելք չդառնար: Շատ կէտեր այսօր մեր մէջ` Յունաց կամ Լատինաց համակերպութիւնը զգեցած են, եւ զուտ հայկական ոգւով կ՚ընդունինք` զանոնք թօթափել, եւ նախկին հայկականը վերակենդանացնել` Լուսաւորչի եւ Թարգմանչաց դարերուն հիմամբ: Այդ ուղղութիւնը ոչ միայն փափաք մըն է ազգասիրական զգացումէն մղուած, այլ եւ օգուտ մըն է լայնախոհ եւ ազատամիտ միտումներու տեսակէտէն նկատուած, որոնք եթէ նոր դարուս մէջ կը զօրանան, մեր ազգային եկեղեցւոյն բուն ոգւոյն եւ հին ուղղութեան կը համապատասխանեն: Միայն թէ յախուռն եւ անխորհուրդ ձեռնարկն ալ չենք յաձնարարեր, հասուն քննութեանց եւ բաւարար զննութեանց արդիւնք պէտք է ըլլայ` որոշել հինն ու նորը, բնիկն ու օտարը, եւ միանգամայն աստիճանաւոր եւ խոհական կարգ մըն ալ պահելու է ուղղութեանց եւ փոփոխութեանց մէջ, որպէսզի հապճեպ որոշումներէ եւ շտապ գործադրութիւններէ ծագող անտեղութեանց ալ դուռ չբացուի: Առիթէն օգտուելով տեսութիւննիս յայտնելէ ետքը, պատմութեան կարգին դառնանք:

1095. ԼԵՒՈՆԻ ՓԱՓԱՔՆԵՐԸ

Անտիոքի խնդիրը չէր դադարած իր ամէն ուժգնութեամբ շարունակել, Լեւոն աշխատելով Ռուբէնը նստեցնել, եւ Բոյեմոնդոս Տրիպոլսեցին ուզելով զայն իւրացնել: Իսկ Անտիոքացիք եւ Լատինացիք մերթ մէկուն եւ մերթ միւսին կողմն կ՚անցնէին, ինչպէս որ առօրեայ շահեր ու ակնարկութիւններ իրենց կը թելադրէին: Յիշատակներ կան որոնք 1215-ին Լեւոնը Անտիոքի մէջ կը ցուցնեն, մինչ 1216-ին Լեւոն նորէն Անտիոքի դէմ կը պատերազմի զայն գրաւելու համար: Վերջապէս Լեւոն զգաց թէ լոկ զէնքի զօրութեամբ գործը պիտի չվերջանայ, ուստի որոշեց ուրիշ միջոցներու ալ դիմել Անտիոքը գրաւելու: Հեթում (ՀԵԹ. 82) եւ Անեցին (ՍԱՄ. 117) կը գրեն թէ Լեւոն էառ դաւով ի գիշերի զԱնտիոք, այլ ժամանակակիցն Սմբատ աւելի ճշդութեամբ կը գրէ, թէ էառ զԱնտաք իմաստութեամբ, որովհետեւ առատ պարգեւօք եւ խոստմամբ հաւանեցոյց զոմանս յիշխանացն, եւ նոքա բացին զդուռն գիշերի յորում եմուտ շատ զօրօք, Փետր. 14-ին, Տեառնընդառաջի տօնին (ՍԻՍ. 502), իսկ անոնք որ միջնաբերդին մէջ էին, յետ աւուրց եկին ի հնազանդութիւն (ՍՄԲ. 117), եւ այս անգամ աւելի հաստատուն եղաւ Ռուբէնի իշխանութիւնը, որ 1216-էն մինչեւ 1219 զայն պահեց շարունակ: Այդ հանդարտութեան նպաստեց հինգերորդ Խաչակիր արշաւանքին սկսիլը Արեւմուտքի մէջ 1217-ին, որ անհրաժեշտ պէտք ունէր Լեւոնի օգնութեան: Իննովկենտիոս Գ. մեռած էր 1216 Յուլիս 16-ին Պերուսիա (Perugia) քաղաքին մէջ (ՍՄԲ. 117), բայց Հոնորիոս Գ. որ անոր յաջորդեց, ձեռք զարկաւ գլուխ հանել 1215-ի Լատերանեան ժողովին մէջ հաստատուած խաչակիր արշաւանքը, որուն առաջնորդ կանգնեցաւ Անդրէաս Բ. Հունգարաց թագաւորը, եւ իրեն օգնական Յովհաննէս Բրիէնոս, Երուսաղէմի անուանեալ թագաւորը: Հանորիոս ալ ոչ նուազ քան Իննովկենտիոս մեծ նշանակութիւն կ՚ընծայէր Լեւոնի զօրութեան եւ օգնութեան. հետեւապէս չէին ուզեր զայն վշտացնել Անտիոքի խնդրով: Լեւոն ալ համապատասխանեց անոնց ակնկալութեան, եւ մինչեւ Պտղոմայիս գնաց արշաւանքին առաջնորդելու եւ օգնելու, եւ Պաղեստին ալ հասաւ ու թափորի ձախող պատերազմին գտնուեցաւ: Ասոր վրայ գժտութիւն ինկաւ Խաչակիրներու մէջ: Անդրէաս Հունգարացին որոշեց ետ դառնալ Կիլիկիոյ ճամբով, Լեւոն ալ անոր ընկերացաւ, եւ զայն հիւրընկալեց Սիսի մէջ 1218-ին, եւ այս առթիւ հաստատուեցաւ Անդրէասի եւ Լեւոնի մէջ խնամախօսութեան դաշինքը: Ռուբէն Անտիոքի իշխանութեան մէջ հաստատուելէն ետքը մեծամտելով, սկսած էր յոխորտանօք վարուիլ Լեւոնի հետ, Լեւոն ալ անսալով, արդէն յետս կոչած էր Ռուբէնի շնորհած թագաժառանգութեան իրաւունքը, եւ իրեն ժառանգ ու յաջորդ հռչակած էր Սիպիլէ ունեցած միամօր դուստրը, Եղիսաբէթ անուն, որ ըստ Ֆրանկաց լեզուին Զապէլ կոչի (ՎԱՐ. 141), հազիւ երկու տարեկան եղած ատենը: Այդ Զապէլին համար համաձայնեցան որ ամուսնանայ Անդրէասի Անդրէաս որդւոյն հետ, եւ փեսայն Հայոց թագաւոր ըլլայ, եթէ Զապէլ կանուխ մեռնի ալ, եւ այդ պայմանները պապին ալ հաղորդուեցան, որ իր հաւանութիւնը տւաւ 1219 Մարտ 4-ի պաշտօնագիրով (ՍԻՍ. 513): Ինչպէս դիւրին է նկատել, պարզ քաղաքական յարաբերութիւններ էին ասոնք եւ հետեւանք Լեւոնի հռոմէական կայսրութեան եւ պապութեան հովանաւորեալը կամ լիճը նկատուելուն:

1096. ՄԱՀՆ ՈՒ ԺԱՌԱՆԳԸ

Յովհաննէս կաթողիկոս խաղաղօրէն եւ հանդարտօրէն իր կաթողիկոսութիւնը կը վարէր այդ միջոցին, եւ իր բարեբախտութենէն կամ թէ ճարտարութենէն, Լատինաց հետ յարաբերութիւններ պարզապէս քաղաքական գետնի վրայ կը կատարուէին, ու վարդապետական կամ ծիսական խնդիրներ չէին յուզուեր: Թագաւորին հետ յարաբերութիւններն ալ շատ յաջող կը յառաջէին, եւ Լեւոն ու Յովհաննէս իրարու մօտ ըլլալու եւ իրարու գործակից գտնուելու նպատակով կ՚որոշէին, որ կաթողիկոսը Հռոմկլայի բերդաքաղաքը թողլով, Կիլիկիոյ մէջ Դրազարկի վանքը բնակի, զոր Լեւոն անոր տրամադրութեան ներքեւ կը դնէր Հեղի Հեթում առաջնորդին մեռնելէն ետքը: Ոմանք ալ տեղափոխութիւնը իբր փոխանակութիւն կը մեկնեն, եւ Հռոմկլան Դրազարկի փոխարէն Լեւոնի թողուած կը կարծեն (ՍԻՍ. 232), սակայն նկատելով որ Յովհաննէսի քանի մը տարի Դրազարկ բնակելէն ետքը, անոր յաջորդը նորէն Հռոմկլայ կը դառնայ, աւելի ուղիղ կ՚երեւի ըսել, թէ Հռոմկլայ հայրապետական սեփականութիւն եւ հայրապետանոց ըլլալէ չդադրեցաւ, եւ Լեւոն Յովհաննէսը մօտ ունենալու համար, Դրազարկը անոր տրամադրութեան ներքեւ դրաւ, ինչպէս վերջէն զայն իր աղջկան խնամակալ հաստատելէն ալ կը տեսնուի: Այդ տեղափոխութիւնը եղաւ 1218-ին, երբ արդէն Լեւոն ախտով եւ հիւանդութեամբ տկարացած էր, ցաւոտեալ էր ի նիկրիսէն եւ աւերեալ էր ձեռքն ու ոտքն (ՍՄԲ. 117): Այդ միջոցին Իկոնիոնի սուլտանութեան հետ տեղի ունեցած պատերազմները (ՍՄԲ. 117) ներքին եւ ազգային գործերուն հետ ուղղակի չեն կապուիր: Ինչ որ աւելի մեզ կը շահագրգռէ` Լեւոնի առողջութեան տակաւ վատթարիլն է, որ իրեն ալ գուշակել կուտար իր մօտալուտ վախճանը: Նոյն միջոցին, այսինքն 1219-ին սկիզբները Լատիններ նորէն Բոյեմոնդոսի կողմն անցնելով Ռուբէնը Անտիոքէ վտարեցին, զի Խաչակրութեան գործը ընդհատած եւ Լեւոն ալ հիւանդութեամբ տկարացած էր: Ռուբէն նորէն դիմեց Լեւոնի, այլ սա այլեւս անկէ երես դարձուցած էր: Իր միակ հոգը թագաւորութեան յաջորդութիւնն էր, իսկ թագաժառանգուհին հազիւ հինգ տարեկան էր տակաւին: Այդ պատճառով թագաւորութեան խնամակալութիւն կազմեց երեք կարողագոյն անձերէ բաղկացած, Յովհաննէս կաթողիկոս, Կոստանդին սպարապէտ` իր Վասակ մօրեղբօր որդին` որ Մոզոն մականուն ալ ունեցած է (ՀԱՅ. 483), եւ Սիր-Ադան իշխան մը հոռոմ դաւանութեամբ (ՍԱՄ. 118), թերեւս եւ հոռոմ ազգաւ (ՄԻԽ. 505), բայց իբրեւ քաջ դիւանագէտ ճանչցուած: Ապագային ապահովութեան համար ալ սաստիկ երդումներով ջանաց պարտաւորել բոլոր իշխանները ու զօրավարները, եւ նոյն իսկ զինուորներու գունդերը, թէ պիտի յարգեն իր կամքը եւ պիտի հնազանդին իրեն աղջկան ու անոր խնամակալներուն: Ախտաւորներ, որչափ ալ իրենց կեանքին համար կը վախնան, նոյնչափ ալ մանր նշաններէ խաբուելով մահը իրենցմէ կը հեռացնեն: Լեւոնի համար ալ հարկ եղաւ որ Յովհաննէս կաթողիկոս անձամբ կատարէ դժպհի պաշտօն մը, եւ անոր զգացնէ իր կեանքին մօտալուտ վախճանը: Ասոր վրայ, թէ նոր գարունին լեռնային զեփիւռովը կազդուրուելու, եւ թէ սիրելի ձեռակերտն եղող Ակների կամ Ականց վանքին մէջ մեռնելու եւ թաղուելու փափաքով: Լեւոն Սիսէ մեկնեցաւ զատիկէ ետքը, որ այն տարի Ապրիլ 7-ին կը հանդիպէր: Փոքր օթեւաններով եւ ընդհատեալ հանգիստներով սկսաւ յառաջել Սիսէ դէպի Բարձրբերդի գաւառը: Շարունակ իրեններուն կը յանձնարարէր Հայ թագաւորութեան պաշտպանութիւնը, իր Զապէլը ու անոր խօսեցեալ Անդրէասը: Սակայն Ակներ ալ չկրցաւ հասնիլ, եւ Մրվանտ կամ Մավռիան գիւղէ անդին չկրցաւ ճանապարհորդել, եւ այնտեղ վախճանեցաւ 1219 Մայիս 2-ին (ՅԱՍ. Ա. 196), հինգշաբթի օր, յինանց մէջ, Գրիգոր Սկեւռացի վարդապետէ ընդունելով վերջին հոգեւորական մխիթարութիւնները: Խնամակալները մտածեցին թէ Ակների վանքին տեղին եզր էր, եւ հնար էր որ այլազգիներ հանցեն զդա եւ այրեսցեն հրով, ուստի կամքը տեղը տարած ըլլալու համար զսիրտն եւ զփորն տարան ի վանքն Ակներ, իսկ զմարմին նորա թաղեցին ի Սիս (ԿԻՐ. 94):

1097. ԽՆԱՄԱԿԱԼՔ ԵՒ ՀԵՏԱՄՈՒՏՔ

Յովհաննէս կաթողիկոս իր եկեղեցական պաշտօնը լրացուց պատշաճ յուղարկաւորութիւն կատարելով, Հայոց վերջին հարստութեան առաջին թագաւորին, անոր բարձր արժանիքին համաձայն: Լեւոնի ձիրքերը կատարեալ եղան ամէն ճիւղերու մէջ հաւասարապէս, արիասիրտ պատերազմիկ, քաջ զօրագլուխ, ճարտար աշխարհավար, յաջող դիւանագէտ, բարեպաշտ քրիստոնեայ, առատաձեռն եկեղեցասէր, ժողովուրդին խնամող, արդարութեան պաշտպան, ուսմանց եւ դպրութեանց քաջալերող, որ կրցաւ Ռուբէնի հիմնած փոքր իշխանութիւնը Հայ թագաւորութեան վերածել` նոյնիսկ Հայուն բնաշխարհէն դուրս: Նշանակութեան արժանի է եւս իրեն համար վկայուած ըլլալը, թէ ուղղափառ հաւատով կենցաղավարեալ ապրեցաւ ու մեռաւ (ՄԻԽ. 505): Եւ ուղղափառ անունը մեր պատմիչներուն բերանը կը հնչէ իբրեւ հաւատարիմ հայադաւան, եւ ոչ երբեք հռոմէադաւան: Զայդ դիտել կու տանք պնդելով, թէ Լեւոնի լատինասիրութիւնը երբեք զինքն իր եկեղեցիէն չհեռացուց, եւ ըրած զիջողութիւններն ալ արտաքին եւ առժամեայ ձեւակերպութիւններէ անդին չանցան 1055): Յովհաննէս կաթողիկոս նոր կերպարան մըն ալ զգեցած էր թագաւորութեան խնամակալ նշանակուելով, եւ այնուհետեւ քաղաքական գործունէութեան մեծ ասպարէզ մը բացուեցաւ իրեն, իր կեանքին վերջին տարւոյն մէջ: Իրեն համար նոր չէին քաղաքական գործերն ալ, բայց նոր դժուարութիւն կը բացուէր, միւս երկու խնամակալներուն իրարու կատարելապէս համամիտ չըլլալուն համար, քանի որ յունադաւան մըն էր Սիրադան: Սակայն սա շատ շուտ ասպարէզէն պակսեցաւ, վասն զի քիչ ետքը սպանաւ ի Հաշիշեացն (ՄԻԽ. 505). որոնք են այլազգի մոլեռանդներ, աւազակութեամբ ապրողներ, մինչեւ իսկ գործը անունին համանշանակ դառնալու չափ ( Հաշիշի assassin): Պատմիչը կ՚ուրախանայ թէ լաւ եղաւ Սիրադանի սպանութիւնը, վասն զի խորհէր ի միտս յինքն առնուլ զիշխանութիւն (ՄԻԽ. 505), այսինքն է, իր ուղղութեան հպատակեցնել Հայոց թագաւորութիւնը: Յովհաննէս ու Կոստանդին մինակ մնացին խնամակալութեան մէջ, եւ պարտաւորուեցան ամբողջապէս իրենց վրայ առնուլ իշխանութիւնը, վասն զի լուր եկաւ թէ Հունգարաց թագաւոր Անդրէասը ետ կեցած է իր որդին Զապէլի հետ ամուսնացնելէ եւ Հայոց թագաւոր ընելէ: Պատճառը որոշակի չէ ըսուած, բայց շատ հաւանական է, որ Անդրէաս արքայորդին Հայ դաւանութեամբ մկրտելով (ՄԻԽ. 505) գահ բարձրացնելու պայմանը` հաճելի եղած չըլլայ Հունգարաց թագուհւոյն եւ աւագանւոյն ու կղերին: Հայոց թագին յաւակնութիւն ունեցողներն ալ նոր դժուարութիւններ յարուցին: Յովհաննէս Բրիէնոս Երուսաղէմի անուանեալ թագաւորը, 1220 Փետրուարին փորձ փորձեց Հայոց թագաւորութեան տիրանալ, իբր ամուսին Ռիթայի` Լեւոնի երիցագոյն դստեր. սակայն ինքն իր գործը խանգարեց, կոշտ հարուածով մը Ռիթայի մահը փութացնելով, եւ իր ժառանգութեան փաստը կորսնցնելով: Ժառանգութեան թեկնածուներ եղան նաեւ Վահրամ տէր Կոռիկոսոյ, որ Ռուբէնի մօր Ալիծի հետ կ՚ուզէր ամուսնանալ, եւ Ճօֆրէ տէր Սարուանդիքարի` որ Լեւոնի այրիին Սիպիլի հետ ամուսնանալու կը ձգտէր: Ասոնց հետ ժառանգութեան կը յաւակնէր նաեւ Ռուբէն, Լեւոնի եղբօր թոռը, երբեմն թագաժառանգ նշանակուած 1088), յետոյ մերժուած 1095), եւ վերջէն Անտիոքի իշխանութենէն ալ վտարուած 1096), այլ կրնար իբր զօրաւոր փաստ գործածել Ռուբինեանց տոհմէն միակ արու մնացած ըլլալը: Իրեն նպաստաւոր եղան նաեւ Հայ իշխաններէն ոմանք, եւ յատկապէս Լեւոն տէր Կապանի եւ Սահակ տէր Մազվայ, եւ բաւական զօրութեամբ ամրացան Տարսոնի մէջ: Կոստանդին սպարապետ եւ խնամակալ պարտաւորուեցաւ վրանին երթալ, եւ զինու զօրութեամբ Տարսոնը գրաւել, եւ Ռուբէնը ու իր կուսակիցները կալանաւորել եւ բանտ նետել, ուր եւ մեռան. եւ այսպէս Զապէլի ժառանգական իրաւունքը ապահովուեցաւ (ՄԻԽ. 516):

1098. ՅՈՎՀԱՆՆԷՍԻ ՄԱՀԸ

Յովհաննէս կաթողիկոս իբրեւ խնամակալ պարտ սեպած էր անձամբ ընկերանալ Կոստանդին սպարապետին, երբոր Տարսոնի վրայ քալեց. սակայն յառաջ քան զառնուլ քաղաքին վախճանեցաւ (ՄԻԽ. 516). չենք գիտեր թէ Տարսոնի առջեւ բանակին մէջ, թէ ոչ բանակէն ետ գալով Սիսի մէջ: Մարմինը թաղուեցաւ Դրազարկի վանքը (ՍԱՄ. 148): Յովհաննէսի մահուան թուկանը 1220 նշանակուած է (ՀԵԹ. 83. ՄԻԽ. 516), եւ թէպէտ ամսաթիւը յիշուած չէ, այլ ամառուան միջոցին պէտք է դնել ժամանակագրական պահանջմամբ: Գուցէ բանակին նեղութիւնը եւ ամառնային տօթը վտանգեցին ծերացեալ կաթողիկոսին առողջութիւնը, եւ մահուան ալ պատճառ եղան: Յովհաննէս Մեծաբարոյ, պզտիկ դէմք մը չէ կաթողիկոսաց շարքին մէջ, իրեն կատարած տարբեր, բայց ոչ ստորին դերերովը: Յստակ ու սեփական գաղափարներու տէր կը տեսնուի, իր համոզումներու հետեւող առանց աղմուկի, ուրիշը շահելու ճարտար առանց քծնելու: Իր եկեղեցական ուղղութիւնը լատինասիրութենէ հեռու էր, նոյնիսկ Լեւոնի առջեւ չստրկանալով, բայց ոչ ալ անարգելով այն օգուտները` որոնք կը յուսացուին խոհական զիջողութիւններէ եւ չափաւոր համակերպութենէ, առատանալով միանգամայն ազնիւ ու պատուադիր ձեւերու մէջ, զորս քաղաքավարի յարաբերութիւնները կը պահանջէին: Թէպէտ իր հայրապետութեան սկիզբները յաջողութեամբ չսկսան, կաթողիկոսութեան բազմաճղի պառակտումներով 1079), բայց Յովհաննէս իր գերակայ դիրքը պահեց այնպիսի վեհանձնութեամբ եւ մեծաբարոյութեամբ, որ երբ հակաթոռները մեռան, ոչ մէկ կողմը մտածեց պառակտումը շարունակել, եւ ամէնքը միացան Յովհաննէսի իշխանութեան ներքեւ 1089): Հետեւապէս քանի մը տարուան տագնապէ ետքը, Յովհաննէս փառօք եւ պատուով, յաջողութեամբ եւ արդիւնաւորութեամբ շարունակեց իր իշխանութիւնը այնպիսի արժանաւորութեամբ, որ Լեւոն իսկ զայն յարմար դատեց Հայոց թագաւորութեան խնամակալ նշանակելու, երկար ատեն իրեն գործակից ունենալէ ետքը: Մեր այդ տեսութիւնները կաթողիկոսական գործունէութեանը վրայ կը հիմնուին, թէ ոչ իր կարգին զանց չըրինք Քարավէժի նկատմամբ վարմունքը մեղադրել 1046), եւ Լամբրոնացիին հետ գործակցութիւնը քննադատել 1058), երբ ինքն Յովհաննէս ալ հետամուտ էր իր ասպարէզը ընդարձակել:

1099. ԺԱՄԱՆԱԿԱԿԻՑ ՎԱՐԴԱՊԵՏՆԵՐ

Յովհաննէսի եւ Լեւոնի իշխանութեանց օրերը նշանաւոր եղած են ուսումնական եւ արդիւնաւոր վարդապետներու բազմութեամբ, թէպէտ անոնց մեծ մասը նախորդներուն ժամանակին սկսած էին ծաղկել: Արդէն յիշած ենք Գրիգոր Տուտէորդին 1093) եւ Մխիթար Գօշը 1092), շատերու անունները տուինք եղելութեանց առթիւ ինչպէս Դաւիթ Քոբայրեցին, Վարդան Հաղբատացին, Իգնատիոս Հաղբատացին, Յովհաննէս Սանահնեցին, Գրիգոր Մոնմոնիկը, Տուրքիկ Թեղենեցացին, Եղիա Հաւուցթառեցին, Սարգիս Սեւանեցին, Գրիգոր Դւնեցին 1084), Յովհաննէս Տաւուշեցին(§ 1080), Ներսէս Կեչառուեցին 1087), որոնք աննշան անձեր չէին: Շատ աւելի բազմաթիւ եղան Գօշի աշակերտները, եւ ամէնքն ալ համբաւաւոր, այնպէս որ ուրիշ տեղի վարդապետներ, ծածկէին զինքեանս եւ գային ի կարգի աշակերտաց Գօշին: Անոր աշակերտներէն յատուկ կերպով մը կը յիշատակուին, Թորոս Մելիտինեցին, զոր կը գովէ Կիրակոս իբրեւ հաւասարապատիւ Յովհաննէս Վանականի, որ ծանօթ է իր ընտիր արդիւնքներով (ԿԻՐ. 113): Պէտք է առանձինն յիշել Մարտիրոս Գետկացին ալ, զոր Գօշ արժանաւոր տեսաւ Նոր Գետկայ վանքին առաջնորդութեան մէջ իրեն յաջորդելու (ԿԻՐ. 114): Կիրակոս Գանձակեցին ալ, եղած է աշակերտ սուրբ վարդապետին Մխիթարայ, որ մականուամբ Գօշ կոչիւր, ինչպէս ինքն ալ կը յայտարարէ (ԿԻՐ. 243): Վարդապետներու այս կարգին պիտի յիշենք եւս Աստուածատուր վարդապետ Արճիշեցին, Աղբայրկայ Որդի մականուանեալ, հարուստի զաւակ, որ մօրը եւ հօրը մեռնելէն ետքը բոլոր ժառանգութիւնը աղքատներուն բաշխելով, Տաճիկներէն ալ շատեր քրիստոնէութեան դարձուց: Բայց ասով մոլեռանդներու զայրոյթին առիթ տուաւ, որոնք մարդ մը խեղդելով վանքին դրան առջեւ թաղեցին, եւ ետքէն վարդապետը ամբաստանեցին, եւ այս պատճառաւ քրիստոնէից ջարդ մըն ալ կը պատրաստէին: Սակայն Աստուածատուր յաջողեցաւ զըրպարտութիւնը ցրել, ինչպէս կը պատմեն, նոյն իսկ մեռած մարդը խօսիլ տալով, ուսկից Աստուածատուրի Մեռելյարոյց մականունն ալ (ԿԻՐ. 92): Նշանաւոր վարդապետներուն մէջ կը յիշուին եւս Գէորգ Կարենացի, եւ Գէորգ Տիրացու մականուանեալը եւ Ստեփանոս Տէրյուսկանորդի (ԿԻՐ. 91), որուն վրայ առանձինն իր կարգին:

1100. ԹԷՈԴՈՐՈՍ ԿԵՍԱՐԱՑԻ

Պատշաճ կը դատենք յառաջ բերել այս տեղ նաեւ Թէոդորոս Կեսարացիի նահատակութիւնը: Երիտասարդ արհեստաւոր մըն էր Թէոդորոս, որ կարօտութեան միջոցին փոխդրամ առած էր այլազգիէ մը, եւ պայմանաժամին չկարենալով վճարել, պարտատէրին ու դատաւորին խստութենէն ազատելու համար ուրացութեան էր դիմած: Բայց շուտով ուշաբերելով եւ ըրածին վրայ զղջալով, Կեսարիայէ կը փախչէր, եւ անծանօթ կը բնակէր Գըրշէհիրի մէջ: Այն տեղ պատահմամբ կը ճանչցուի Կեսարացի այլազգիէ մը, եւ դատաւորին կը մատնուի իբրեւ իսլամութենէ ետ դարձող մը: Առաջին հարցափորձէ ետքը քրիստոնէութեան վրայ հաստատ մնալուն, Կեսարիա կը ղրկուի, ուր էր սուլտանը եւ այնտեղ ալ աղաչանքներ եւ յորդորներ, խոստումներ եւ պարգեւներ չեն կրնար համոզել Թէոդորոսը: Ասոր վրայ ձեռք կը զարնուի խոշտանգանքներու եւ տանջանքներու, որոնք ամսօրեայ ժամանակով կը շարունակուին ամենայն խստութեամբ: Անանիա կաթողիկոս Սեբաստիոյ, որ Կեսարիա կը գտնուէր այն միջոցին, Գէորգ քահանայի ձեռքով քաջալերական յորդորներէ եւ աղօթքէ զատ օգնութիւն մը չկրնար հասցնել Թէոդորոսի (ՆՈՐ. 85), որ վերջապէս սուրի հարուածներով եւ քարկոծումով կը նահատակուի քաղաքին հրապարակին մէջ մահափայտին կապուած (ՆՈՐ. 92): Մահուան օրը նշանակուած է 653 մարերի 12=1204 Մայիս 18, երեքշաբթի օր (ՆՈՐ. 93), որ ճիշդ կու գայ հռոմէական տոմարով, որչափ ալ մարերի 12-ը մեր անշարժ տոմարի հաշուով կը պատասխանէ Մայիսի 19-ին, եւ իրօք այն օր դրուած է յիշատակը Յայսմաւուրքի մէջ (ՅԱՍ. Ա. 223), բայց այս առթիւ եօթնեկի օրն ալ պէտք կ՚ըլլայ չորեքշաբթիի փոխել: Այլեւս պէտք չենք զգար շարժական տոմարի դիմել, որուն հաշուով մարերի 12-ը Նոյեմբեր 6-ին կը համեմատուի: Ժամանակակից մարտիրոսներէն կը յիշուի նաեւ Առաքել Կեչրորցի քահանան, զանազան տանջանօք նահատակեալ, մերձաւորաբար 1208-ին, բայց աւելի տեղեկութիւն չկայ իր վրան (ՆՈՐ. 94):