Ազգապատում. հատոր Ա

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Տ. ԳՐԻԳՈՐ Գ. ՊԱՀԼԱՒՈՒՆԻ

927. ԸՆՏՐՈՒԹԻՒՆ ԵՒ ՏԱՐԻՔ

Բարսեղի մահը անակնկալ արկած մըն էր, որ կարեւոր ժամանակի մէջ պարապ կը թողուր հայրապետական աթոռը, եւ զանազան նկատումներ մէջտեղ կ՚ելլէին յաջորդին ընտրութեան համար: Ամենուն ծանօթ էր Վկայասէրի կտակը իր քրոջ թոռ Գրիգորը` Բարսեղէ ետք հայրապետական աթոռ բարձրացնելու համար: Վկայասէրի կամքն ալ երկնային պատգամի մը չափ զօրաւոր էր ամենուն միտքին վրայ, միայն թէ ոչ ոք մտածած էր թէ Բարսեղի անակնկալ մահուամբը, Գրիգորի նորահաս տարիքին մէջ պիտի ճշմարտուէր այդ պարագան: Իսկ Բարսեղ իր վերջին օրերուն նոր ոյժ մը աւելցուցած էր մօրեղբօրը կտակին, նոյնիսկ հարուածեալ եւ արկածեալ օրերուն մէջ փութալով Գրիգորի եպիսկոպոսական ձեռնադրութիւն տալ, որպէսզի յաջողութեան համար արգելք չնկատուին կանուխէն եպիսկոպոս ձեռնադրուած չըլլալը: Հայ իշխաններ, որոնց ձայնը կշիռ ունէր, էին Վասիլ Կամսարականը Կոմագինէի մէջ եւ Թորոս Ռուբինեանը Կիլիկիոյ մէջ, երկուքն ալ Վկայասէրին անունին ջերմեռանդ, եւ անոր փափաքին հլու հպատակ: Եկեղեցական դասակարգն ալ ընդհանրապէս Սեաւ-Լեռնեցի վարդապետներէ կազմուած էր, որ Վկայասէրի աշակերտութենէն յառաջ եկած կամ անոր հովանաւորութեամբ զարգացած էր, եւ միեւնոյն համակերպող զգացումներն ունէին Վկայասէրի կտակին հանդէպ: Աւելցնենք թէ սերնդական եւ ժառանգական յաջորդութեան գաղափարն ալ բաւական զօրաւոր էր ամենուն սիրտին վրայ, ինչ որ Մոկացեանց եւ Պահլաւունեաց տուներուն վրայ քանիցս դիտել տուինք: Այդ ամէն պարագաներ իրենց ազդեցութիւնը գործեցին, Գրիգորի տարիքէն յառաջ գալիք դժուարութիւնը` տեղի տուաւ Վկայասէրի կտակային կամքին հանդէպ, մանաւանդ որ Գրիգոր վարուք եւ բարուք, ուսմամբ ու զարգացմամբ, հասակով եւ կերպարանով կատարելապէս կրնար վայելցնել բարձր աստիճանը, եւ վստահութիւն կը ներշնչէր իր կարողութեան վրայ: Եղեւ ժողով եպիսկոպոսաց եւ հարանց ի Կարմիրվանք, մերձ ի Քեսուն, այսինքն հայրապետութեան աթոռանիստ տեղը, ամենուն կարծիքը միաբան գտնուեցաւ եւ Գրիգորիս եպիսկոպոս ստացաւ զձեռնադրութիւն կաթողիկոսութեան ի վերայ աթոռոյ սրբոյ Գրիգորի (ՈՒՌ. 412): Գրիգորի տարիքը 18 կամ 20 կամ 22 եղած կ՚ըսուի կաթողիկոսացած ատեն, մինչեւ իսկ 15 տարեկան ըսող կայ (ՍԱՄ. 124), հարկաւ թուատառերու շփոթութեամբ, իսկ մենք 20-ը իբր աւելի հաւանական ընդունած ենք: Ուռհայեցին ի տղայութեան հասակին կ՚ըսէ, եւ կը յաւելու թէ չէ եւս լեալ էր սկիզբն մօրուացն, որ եթէ խստութեամբ իմացուէր 18-է ալ պակաս տարիք կը ցուցնէր, սակայն հիներ ուշ կը ձգէին կատարեալ տարիքը եւ շատ կ՚ընդարձակէին տղայութեան միջոցը: Ասոր հետ մէկտեղ բարձրահասակ եւ գեղեցկատեսիլ եղած ըլլալը կը վկայուի (ՈՒՌ. 412), որ այլեւս տղայ չլլալը կը հաստատէ: Այս երրորդ Գրիգորը` Պահլաւունի մականունովը կը տարբերենք համանուններէն, զի Ծովքեցի կոչումը սովորական չէ եղած, եւ միւս Պահլաւունիները յատուկ մակդիր ունենալնուն, ազգատոհմին անունը անոր սեփական մնացած է: Գրիգոր արդէն Շուղրի կամ Քէսունի վանքը կը մնար, կաթողիկոսներու մօտ, եւ այն տեղ ալ պահեց իր աթոռը: Իսկ Ծովքի մէջ, եթէ իր հօրը մեռնելէն ետքը 923), Վասակ կամ Վահրամ հօրեղբայրներէն մին ալ եղաւ գլուխը, բայց շուտով իշխանութիւնը անցաւ Ապիրատի Վասիլ որդւոյն, ինչպէս Շնորհալին ալ կը գրէ, թէ յիշխանական ագահ յառաջեալ Վասիլ անուն վեհ երեւեալ, եւ զօրավար համապատուեալ (ՉԱՓ. 557):

928. ԴԱՒԻԹ ԹՈՌՆԻԿԵԱՆ

Երբոր գաղթական Հայութիւնը դիրքի տիրացած, կ՚ուրախանար ազգային միութեան միակ նշանակ մնացած հայրապետական աթոռին` ընտիր յաջորդ մը նշանակած ըլլալուն համար, յանկարծ գժտութեան եւ երկպառակութեան ձայն մը կը բարձրանար Վասպուրականի կողմէն, եւ ամենուն մտահոգութիւն կը պատճառէր: Աղթամարայ եպիսկոպոսն Դաւիթ Թոռնիկեան, արհամարհէ զտղայութիւն Գրիգորիսի, եւ ապստամբեալ նստի կաթողիկոս (ՍԱՄ. 124): Իրեն համախոհ գտաւ միայն հինգ եպիսկոպոսներ, եւ անոնց ձեռքով Ձորովանքի եկեղեցւոյն մէջ ձեռնադրեցաւ կաթողիկոս, պատճառաբանելով թէ աթոռ է սա թագաւորացն Արծրունեաց, եւ վայել է լինել եւ պատրիարք, թէ Վահանիկ կաթողիկոս ալ անդ վախճանեցաւ, թէ այնտեղ էին Լուսաւորիչին պատարագի սեղանը եւ գաւազանը եւ մաշկեղէն գօտին, եւ Հռիփսիմէի հողաթափը ու տաստառակը ու արիւնոտ պարեգօտը (ՎԱՐ. 116), ինչպէս նաեւ Աբդլմսեհ վկային բազուկը, Ապարանից խաչը, եւ շատ մարտիրոսներու մասունքներ (ԱՐԾ. 349): Այստեղ աւելցնենք թէ Լուսաւորչի աջին Աղթամարի մէջ գտնուիլը (ՉԱՄ. Գ. 37) հիներէն յիշուած չէ, եւ կ՚երեւի թէ զգաւազան ամենազօր աջոյն` խօսքը (ԱՐԾ. 349), սխալ մեկնուած եւ գաւազանը աջին հետ շփոթուած է: Այդ պատճառաբանութիւնները բաւական են ճշդիւ կշռելու Աղթամարի Դաւիթին անհիմն ձեռնարկը, եւ միայն հինգ եպիսկոպոսներու կամակցութիւնը կը ցուցնէ թէ շատ մասնաւոր գործ մըն էր ըրածը: Միւս կողմէն Անեցիին եւ Վարդանին պատմութիւնները բացէբաց կը մերժեն Գէորգի ժամանակէն Աղթամարի կաթողիկոսութեան սկսիլը, որպիսի ինչ եթէ տեղի ունեցած ըլլար, ամենէն զօրաւոր փաստը պիտի ըլլար Դաւիթի յաւակնութեան: Այդ կէտին վրայ ըրած խորհրդածութենէն աւելի բան մը 902) հնար չէ ընդունիլ, այն է Աղթամարի եպիսկոպոսներուն Վասպուրականի մէջ ինքզինքնուն աւելի փայլ մը տուած ըլլալու ձգտումը: Որչափ ալ Արծրունիին շարունակողը` Դաւիթին համար գովեստներ շռայլէ, մինչեւ իսկ հաստատութիւն հաւատոց եւ պսակ պարծանաց սուրբ եկեղեցւոյ կոչել զայն (ԱՐԾ. 359), մեր տեսութեամբ Դաւիթ չի կրնար ազատ մնալ ապստամբութեան եւ աթոռի պառակտման մեղադրանքէն, թէպէտ, գործունեայ եւ ձեռներէց անձի մը նկարագիրը կը տեսնուի իր վրայ: Շարունակող պատմիչն ալ, որ Աղթամարի աթոռին երկրպագու մըն է, բոլորովին կ՚անգիտանայ Գէորգ Գառնեցիէ հաստատուած Եղիշէ կաթողիկոսի մը կարծեցեալ պատմութիւնը 745), եւ միայն արտաքին փայլ մը կու տայ Դաւիթի, զայն Արծրունի թագաւորազուն սերունդ մը ցուցնելով, եւ ժառանգական իշխաններու զաւակ: Թոռնիկեանց ազգատոհմին նախահայր կը նշանակէ Թոռնիկ Արծրունի մը, Ամիւկի իշխան, Սենեքերիմ թագաւորի տոհմակից, որ Աստուածայայտնութեան տօնին օրը արժանի եղեւ առնուլ զպսակ մարտիրոսութեան, Աստիճանսի ճակատամարտին մէջ, Սրահանգներու զօրավարներէն մեկուն դէմ պատերազմելով (ԱՐԾ. 347): Այդ Թոռնիկի զաւակն է Աբդլմսեհ իշխան, որ կը փեսայանայ Գրիգոր դուքսին Մարիամ դստեր, ուսկից կ՚ունենայ Թոռնիկ իշխանը, եւ տէր Դաւիթ, տէր Ստեփաննոս ու տէր Գրիգոր, զսուրբ զամենագով եւ զբարերջանիկ զհովիւսն (ԱՐԾ. 349): Թոռնիկէն կը ծնանի Թադէոս, որ հայր է երրորդ Թոռնիկի մը, եւ այդ Թոռնիկին զաւակն է Աբդլմսեհ իշխան ժամանակակից Երուսաղէմի Լատիններէն առնուելուն 906): Վերջապէս այդ Աբդլմսեհէն կը ծնին սաստէօք եօթն եւ դստերք հինգ, որոնց մէջէն ընտրեաց տէր զմի ոմն, որում անուն էր Դաւիթ, նմանող եղեալ Յեսսէ Բեթղեհեմացւոյն (ԱՐԾ. 351), եւ այս Դաւիթն է զոր շարունակողին համոզմամբ, նստոյց Տէր յաթոռ մերոյ սուրբ Լուսաւորչին (ԱՐԾ. 353), այլ պատմական ճշմարտութեան համաձայն ապստամբ մըն է, Լուսաւորչի աթոռին դէմ հակաթոռ մը, եւ եկեղեցւոյն պառակտումներուն պատճառ եղող մէկ մը:

929. ԱՂԹԱՄԱՐԻ ՄԵՐԺՈՒԻԼԸ

Աղթամարի եպիսկոպոսը պէտք ունէր հարկաւ իրեն կուսակիցներ գտնել, իր դիրքը զօրացնելու: Նա իբր փաստ ջանաց գործածել Գրիգոր Պահլաւունիի եւ իր ընտրողներուն Հայաստանէ դուրս գտնուիլը, եւ հայրապետական աթոռին բուն հայրենիքին սեփական լինելը: Բայց իր դիմումները ընդունելութիւն չգտան, եւ ինքն ոչ եղեւ ընկալեալ, թէեւ շատիցս եղեւ աշխատ ընծայիւք եւ աղաչանօք: Պէտք ունէր իր կողմը ձգել Անին, որ մինչեւ Բարսեղին օրը աթոռանիստ կը նկատուէր, բայց մանաւանդ ի յԱնւոյ գլխաւորացն մերժուեցաւ (ՎԱՐ. 116), որոնք պատուով կը պահէին Բարսեղի յիշատակը եւ կը յարգէին անոր ըրածները: Պահ մը Սիւնեաց եւ Արտազու աթոռները համակրութիւն ցուցուցին Թոռնիկեանի ձեռնարկին, բայց հազիւ թէ տարի մը տեւեց այդ յարաբերութիւնը, եւ Գրիգորի կողմին զօրութիւնը, եւ Վկայասէրի եւ Բարսեղի օրհնեալ յիշատակները իրենց ազդեցութիւնը ունեցան, եւ խզեցին Թոռնիկեանի հետ յարաբերութիւննին եւ Աղթամար մինակ մնաց յիւրում ապստամբութեան (ՍԱՄ. 124): Անդիէն Կիլիկիոյ եւ Կոմագինէի Հայերն ալ անգործ չէին եկեղեցական իրաւանց պաշտպանութեան համար: Մեծ Սիւնհոդոս մը հաւաքուեցաւ ի սուրբ Լեառնն, որ է յայտնապէս Քէսունի լեռնային Կարմիր վանքը, ներկայութեամբ սուրբ եւ առաքինեաց արանց ազգիս Հայոց, որք հաւաքուեցան աւելի քան զերկու հազար եւ հինգ հարիւր. բոլոր եկեղեցական դասակարգերէ եպիսկոպոսաց, վարդապետաց, հարց վանականաց, եւ միանձանց, որոնք միաձայն հաւանութեամբ նզովեալ հերքեցին յեկեղեցւոյ Քրիստոսի, ապստամբութեան գլուխն ու հետեւողները, անէծս ցաւագինս կուտեալ ի գլուխս նոցա (ԸՆԴ. 49): Ժողովական եկեղեցականներուն թիւը ուրիշ տեղ միայն 300 ըսուած է (ՀԱՅ. 696): Շնորհալին, որ հարկաւ այդ պարագային գործիչներէն մէկն էր, 2500 եկեղեցականները յիշած ատեն, իշխաններու եւ աշխարհականներու անունը չի տար, բայց գործը առանց անոնց ձեռնտուութեան չէր վերջանար, նոյնիսկ ժողովն ալ Վասիլ Կամսարականի իշխանութեան սահմաններուն մէջ կը գումարուէր, Կիլիկիոյ Թորոսն ալ ըստ ամենայնի համամիտ էր, եւ իրեն մօտ ունենալ կը սիրէր հայրապետական աթոռը: Իսկ ուրիշ մանր իշխաններ, որոնց իւրաքանչիւրը իբրեւ զատ զատ աւատապետ բազմաթիւ իշխանութիւններ հիմնուած էին այդ կողմերը, արդէն երկու մեծ իշխաններուն ազդեցութեան ներքեւ էին, եւ իրենց ալ շահը կը պահանջէր հայրապետական աթոռի ազդեցութիւնը իրենց մօտ պահել: Ըստ այսմ Աղթամարցի Դաւիթին ձեռնարկը ընդհանուր կացութեան եւ պաշտօնական դիրքին վրայ ազդեցութիւն չունեցաւ, հայրապետական աթոռին ուղիղ յաջորդութիւնը չխանգարուեցաւ, բայց եկեղեցւոյ մէջ բաժանում մը ստեղծելու պատճառ եղաւ, որ բաւական դարեր շարունակեց իբրեւ դատապարտեալ հերձուած: Իրաւ ետքէն գործին օրինաւորութեան կերպարան մը տրուեցաւ, սակայն միշտ նորաստեղծ աթոռ մը աւելցուց, առանց մեծ օգտակարութիւն մը ունենալու, եւ առանց նկատողութեան արժանի արդիւնք մը պտղաբերելու:

930. ՉՈՐՍ ԱԹՈՌՆԵՐ

Ինչպէս ակնարկեցինք, Աղթամարի ապստամբութիւնը Գրիգորի տարիքին խնդիրէն աւելի զօրաւոր պատճառ մըն ալ ունէր, այն է բուն Հայաստանին եւ նորակազմ Հայաստանին մէջ մրցակցութիւն մը, թէ որուն պիտի իյնար հայրապետական ընտրութեանց մէջ գլխաւոր ազդեցութիւնը եւ տիրապետող ձայնը: Խնդիրը մեծ կարեւորութիւն ունէր այն տեսակէտէն, թէ նորակազմ Հայաստանն էր, որ ազատ իշխաններ ունէր, լաւագոյն դիրք կազմած էր, եւ հետզհետէ իր ոյժն ու ազդեցութիւնը կ՚աճեցնէր, մինչ բուն Հայաստանը օտարներու ձեռքին ներքեւ ընկճուած, ոչ ազգային կեդրոն մը ունէր, ոչ ազգային վարիչներ կային, եւ ոչ ալ ազգին անունով գործելու միջոցներ եւ դիւրութիւններ կը գտնուէին: Իրաց վիճակը նորակազմ Հայաստանին նպաստաւոր էր, մինչ աւանդական իրաւունքը հին Հայաստանին էր: Այդ դժուարութեան լուծումը կը գտնենք սովորական դարձած կանոնի մը մէջ, որով հաստատուած է որ ընտրութիւնը, նորակազմ Հայաստանէն կատարուած ատեն իսկ, բուն Հայաստանին չորս մեծ աթոռներու հաւանութիւնը անհրաժեշտ նկատուի ընտրութեանց վաւերականութեան համար: Չորս աթոռներն ալ են, Բջնի, Հաղբատ, Տաթեւ եւ Արտազ: Բջնին հաւանաբար առաջ Անի է եղած, եւ միայն քաղաքին կործանումէն ետքը, Բջնիի վրայ անցած պիտի ըլլայ իրաւունքը. Հաղբատ նշանաւոր էր Կովկասի կողմերը, Տաթեւ Սիւնեաց մեծ աթոռն էր, Արտազ ալ Թադէոս առաքելոյ գերեզմանին պահապանն էր: Չորս աթոռներուն տրուած իրաւունքին մասին ժողովական որոշումը յստակ կերպով տեղ մը նշանակուած չգտանք, բայց չենք դժուարիր համաձայնիլ անոնց, որ այս ժողովին կը պատշաճեցնեն սոյն որոշումը (ՉԱՄ. Գ. 37), իբր զի հիմնական եւ նախնական կանոն մը սեպուած էր այն, եւ ասկէ առաջ աւելի մեծ ժողով մը չունինք ընտրական գործերով զբաղող: Միւս կողմէն Սիւնեաց եւ Արտազու աթոռներուն առաջ Թոռնիկեանի կողմը ըլլալնին, եւ յետոյ անկէ բաժնուելնին փոխադարձ համաձայնութեան մը գոյութիւնը կ՚ենթադրէ, եւ կ՚արդարացնէ իրենց տրուած իրաւունքին պայմանը: Բջնի, կամ լաւ եւս Անի, արդէն իր գերակշռութիւնն ունէր, եւ Հաղբատ ալ Սանահինի հետ Արեւելեան վարդապետներուն օրրանը դարձած էր, եւ հիւսիսային գաւառներուն մէջ գտնուող Հայերուն կեդրոնն էր: Այդ համաձայնութիւնը վերջացնելէն եւ Հայութեան երկու կէսերուն մէջ համաձայնութիւնը գոյացնելէն ետքն է, որ Գրիգոր Պահլաւունի երիտասարդ կաթողիկոսը, գրէ մեծ շնորհակալութիւն օրհնութեամբ, եւ շրջաբերականներ կը ցրուէ, ամենայն վանօրէիւք Սեաւ-Լերինն, եւ շրջակայ եպիսկոպոսացն ձեռագրով (ՎԱՐ. 116):

931. ԾՈՎՔԻ ՀԱՅՐԱՊԵՏԱՆՈՑԸ

Հազիւ թէ կաթողիկոսական խնդիրը եկեղեցական եւ նուիրապետական տեսակէտէն յաջող լուծում մը կը գտնէր, քաղաքական տագնապ մը կը հասնէր աթոռին, որ կրնար անոր դիրքը վտանգել, եթէ ճարտար եւ արթուն գլուխ մը չգտնուէր աթոռին վրայ: Վասիլ Կամսարական Քէսունի իշխանը խնամեցած էր Կիլիկիոյ տունին հետ, ամուսնանալով Թորոսի եղբայր Լեւոն մեծ իշխանին աղջկան հետ (ՈՒՌ. 421), ինչ որ պէտք էր Հայութեան համար նոր ոյժ մը ըլլար, երկու գլխաւոր իշխանապետութեանց մէջ սէրն ու համերաշխութիւնը ամրապնդելով: Այլ հետեւանքը բոլորովին հակառակը եղաւ: Բաղդովինոս կամ Պաղտին Տպորկ, Ուռհայի կոմսը, չենք գիտեր ինչ պատճառանքով պատերազմի ելաւ Վասիլի դէմ, թէպէտեւ իրեն ալ խնամին էր, զի Լեւոնի կինը կամ Վասիլի զոքանչը Բաղդովինոսի քոյրն էր: Այսուհանդերձ Վասիլի երկիրը գրաւելու նպատակով, Ռապանը պաշարեց, որ ամուր քաղաքաբերդ էր, եւ լաւ պաշտպանուած, որով ոչինչ կարաց առնել, եւ խասրեալ ունէր զնա ի պահեստի: Այդ միջոցին Թորոս Բաղդովինոսի օգնելու նպատակով, Վասիլը նենգութեամբ իրեն մօտ կը հրաւիրէ, եւ կալանաւորելով Բաղդովինոսի կը յանձնէ(ՈՒՌ. 421): Ոմանք այդ միջադէպը կը մեկնեն Թորոսի եւ Լեւոնի, երկու եղբայրներու մէջ տեղի ունեցած գժտութեամբ, եւ Վասիլի Թորոսի մօտ երթալը եւ կալանաւորուիլը ամուսնութիւն կնքելու պարագային կը կցեն (ՉԱՄ. Գ. 39), սակայն Ուռհայեցին եւ ուրիշներ գժտութեան խօսք չեն ըներ, եւ Վասիլի համար կին առեալ կ՚ըսեն, այսինքն արդէն կին առած, եւ ոչ կին առնելու գացող, եւ Լեւոնն ալ արդէն Վասիլի աներ եղած գիտեն (ՈՒՌ. 421): Բաղդովինոս Վասիլը ձեռք անցընելէն ետքը գաղտնաբար ի խոշտանգս արկանէր, մինչեւ որ բռնութեամբ առեալ ի նմանէ զամենայն գաւառն, յաջողեցաւ տիրապետել բոլոր Քէսունի իշխանութեան քաղաքներուն, եւ խափանեաց զիշխանութիւն Հայոց ի յայսմ աշխարհէ (ՈՒՌ. 422): Թորոսի այդ դաւաճանութենէն քաղած գլխաւոր օգուտը` մինակ Հայոց իշխանապետ մնալը կ՚ըլլար, քանի որ զրուցուած ալ չէ, որ Վասիլի քաղաքներէն գոնէ քանի մը հատն ալ իրեն տրուած ըլլան` իբր նենգութեան փոխարեն: Բաղդովինոս երբոր Քէսունի տիրապետութիւնը կը լրացնէր, թող կու տար Վասիլի ազատօրէն մեկնիլ. նա ալ շիտակ աներոջ մօտ կուգար Կիլիկիա` Լեւոնի եղած քաղաքը, անկէ ալ Կոստանդնուպոլիս կ՚անցնէր, թերեւս Հոռոմոց օգնութեամբ իշխանութիւնը ձեռք ձգելու յուսով, եւ թէպէտ մեծ ընդունելութիւն կը գտնէր, սակայն ուրիշ արդիւնք չէր ունենար (ՈՒՌ. 422): Հայրապետական աթոռին այդ պարագային զգացած վնասը` Լատին իշխանութեան ներքեւ մնալն էր, եւ Հայ իշխանապետի մը պաշտպանութիւնը կորսնցնելը: Քէսուն այլեւս իշխանանիստ եւ լաւ պաշտպանուած ալ չէր, եւ Գրիգոր չէր կրնար ապահովաբար այնտեղ նստիլ, ուստի այդ պարագային հետ յարմարագոյն կ՚ըլլայ կցել` հայրապետանոցին Շուղրի կամ Քէսունի Կարմիր վանքէն, Ծովք կամ Տլուք փոխադրուիլը (ԿԻՐ. 62), որ հայրենական դղեակն էր կաթողիկոսական ազգատոհմին, եւ ուր իշխան էր իր Վասիլ եղբայրը: Վասիլ Կամսարականի արկածը նշանակուած է Հայոց 564 տարւոյն ներքեւ (ՈՒՌ. 418), առանց յաջորդ տարւոյն վրայ եղելութիւն նշանակելու: Բաղդովինոս Տպորկ ալ 1118-ին Երուսաղէմի թագաւորութեան անցաւ, որով Քէսունի իշխանութեան անկումը, եւ հայրապետանոցին փոխադրութիւնը ժամանակագրական հաշուով կրնայ տրուիլ 1116 թուականին:

932. ԼԱՏԻՆՔ ԵՒ ԱՅԼԱԶԳԻՔ

Բաղդովինոս Տպորկ Եդեսիոյ կոմսը, սկսած էր զինու զօրութեամբ իր սահմանները ընդարձակել: Երբոր 563 սահմի 24-ին, Ուրբաթ օր (ՈՒՌ. 413), այսինքն 1114 մայիս 15-ին, Ուրբաթ օր, Տափար սուլտանին զօրավարը Բուրսուխ` Եդեսիան պաշարեց եւ 30 օր աշխատելէ ետքը, ձեռնունայն դարձաւ, եւ Լատիններ միանալով յաղթութիւն տարին Բուրսուխի վրայ, այն օրէն Բաղդովինոս մեծամտեցաւ: Այս բանին առաջին հետեւանքն եղաւ Քէսունի անկումը 931): Անոր յաջորդեց Պիրտայի գրաւումը, որ եւ Պիր, եւ այժմ Պիրէճիկ կը կոչուի, ուր կ՚իշխէր Ապլղարիպ, եղբայր Լիկոսի եւ որդի Վասակի` Օշինեան ցեղէն, որ թէպէտ տարի մը դիմացաւ, բայց վերջապէս անճարացեալ տայր զՊիրն եւ զամենայն գաւառն, եւ ինքն կը քաշուէր Թորոսի մօտ, եւ կը հաստատուէր Անարզաբայի մէջ (ՈՒՌ. 423): Կարգը կու գար Արեւընտանի իշխան Բագարատի, որ նոյնպէս Բաղդովինոսի տեղի կու տար, իսկ Կարկառի իշխան Կոստանդին սաստիկ դիմադրելուն` չարաչար նեղութեամբ կը բանտարկուէր Սամսաուտի բերդը, եւ ի կապանս մեռանէր (ՈՒՌ. 423): Մարաշն ալ կ՚իյնար Լատինաց ձեռք, որոնք ամէն բռնութիւն եւ անգթութիւն կը գործէին տիրապետելու եւ կողոպտելու համար, այնպէս որ Ուռհայեցին ինչ ինչ պարագաներ յիշելէն ետքը կը գրէ, թէ միայն նստեալ խորհէին զչարութիւն, եւ զամենայն ճանապարհս չարեաց սիրէին. եւ կը կնքէ ըսելով. զբազում անիրաւութիւնս նոցա կամէր գրել, բայց ոչ համարձակեցայ, զի ընդ իշխանութեամբ նոցա էաք (ՈՒՌ. 424): Ըսել է թէ շատ դարեր առաջ ալ իշխանութիւններ` գրիչի վրայ կը բռնանան եղեր: Լատիններուն գրաւած տեղերը, դարուն սովորութեան համեմատ, մի-մի փոքրիկ աւատականութիւններ կը դառնային այս ու այն ասպետին ձեռք, եւ Հռոմկլան ալ, որ Քեսունի իշխանութեան բերդերէն էր, վիճակեցաւ Ժօսլէն (Josselin) անուն ասպետի մը, բարեբարոյ եւ բարեսէր անձ մը, եւ միանգամայն բարեկամ Ծովքի գերդաստանին: Գրիգոր կաթողիկոս տեսնելով թէ իրենք Ծովքի մէջ, շարունակ նեղուած են Սկիւթականաց եւ Տաճկաց յարձակումներէն, եւ բերդն ալ այնչափ ամուր չէ. բարկեալ զսրբութիւնս իւր եւ զսպասս եկեղեցւոյ` տարաւ եդ ի պահեստի Հռոմկլայի ամուր բերդին մէջ, եւ Ժօսլէնի կինը յանձնառու եղաւ աւանդին պահպանութիւնն ընել (ԿԻՐ. 62): Դժուար է այդ գործողութեան թուականը ճշդել, բայց մերձաւորաբար կրնանք դնել շուրջ 1120-ին: Իսկ Սկիւթականաց եւ Տաճկաց արշաւանքներուն մանրամասնութեանց մտնել մեզի չի պատկանիր: Միայն օգտակար է գիտնալ թէ այս պահուս չորս տարբեր խումբեր էին եկողները 1. Սելճուքեանք, որոնք Ապպասեան ամիրապետութեան կամ խալիֆայութեան անունով կը գործէին. 2. Եգիպտացիք` որոնք Եգիպտոսի մէջ Ֆաթիմեան խալիֆայութիւնն ունէին, 3. Յունական կամ Ռում ինքնակալութիւնը` որ Սելճուքեանց մէկ ճիւղն էր Իկոնիոնի կամ Գոնիայի սուլտանութեան անունով, եւ 4. անկանոն արշաւանք ընողներ ալ կային Կասպից կողմերէն: Անոնց դէմ էին Բիւզանդիոնի Յոյները, որոնք բաւական գաւառներ ունէին Փոքր Ասիոյ մէջ, Վրացիք` որոնք Կովկասի կողմերը կը զօրանային, եւ Լատիններ` որոնք Պաղեստինի թագաւորութենէն զատ բազմաթիւ իշխանութիւններ հիմնած էին Ասորիքի եւ Միջագետքի մէջ: Այդ ամէն տէրութիւնները շարունակ իրարու հետ ընդհարումներ ունէին, բարեկամներն ու թշնամիները անխտիր կը փոխանակուէին, եւ այդ խառնակութեանց մէջ էր որ Հայերն ալ մանր իշխանութիւններ կը կազմէին ու կը կորսնցնէին, ինչպէս փոքր ի շատէ մեր պատմածներէն ալ կը քաղուի: Ասոնց ամենուն մէջէն Ռուբէնի հիմնածն է, որ հետզհետէ կ՚ընդարձակուէր, եւ աւելի երկար կեանք ունեցաւ:

933. ԹԱԳԱՒՈՐԱՑ ՓՈՓՈԽՈՒՄՆԵՐ

Նշանաւոր կ՚ըլլար 1118 տարին, հարեւան վեհապետներու փոփոխութեամբ: Ալեքս Ա. Կոմնենոս մեռնելով իրեն յաջորդ թողուց իր որդին Յովհաննէս Բ. Կոմնենոսը, որ աւելի կը յիշուի Պորփիւրոժէն կամ Փերփերոժէն մականունովը. այն է Ծիրանեծին, երկարակեաց հօր մը խաղաղութեամբ յաջորդած ըլլալուն համար, որ անակնկալ նորութիւն մըն էր նախընթաց խառնակութեանց վրայ 889): Թէպէտ Ալեքս խաղաղարար բնոյթի տէր` արտաքին շփոթութիւններէ հեռու կը մնար, սակայն ի վերայ ազգիս Հայոց յոյժ ատեցող երեւեալ էր, կը գրէ Ուռհայեցին, եւ անոր կը վերագրէ, Հայոց մկրտութիւնը անարգելով, զանոնք կրկնամկրտութեան ենթարկելու հրամանը (ՈՒՌ. 432): Իսկ Յովհաննէս, թէպէտ պատերազմող քաղաքականութիւն մը ունեցաւ բայց կրօնամոլ ձգտումներու չհետեւեցաւ (ՈՒՌ. 433), եւ եթէ շփումներ ալ ունեցաւ, Կիլիկիոյ նորահաստատ իշխանապետութեան հետ, միշտ նոյն ուղղութիւնը պահեց: Միեւնոյն տարին մեռաւ Մըսթատըր-Պիլլահ ամիրապետը Պաղտատի մէջ 906), Սելճուք սուլտաններու ազդեցութեան ներքեւ 24 անգործ տարիներ անցընելէն ետքը: Վերջին տարիներու մէջ 1115-ին Մուհամմէտ-Տափար ալ մեռնելով անոր յաջորդած էր Մասսատ սուլտան Պարսկաստանի մէջ: Ասոր օրով ամիրապետութեան յաջորդեց Մսթարխէտ-Պիլլահ, բայց իր հօրմէ տարբերեցաւ, եւ ուզեց գործունէութիւն ցոյց տալ, կարողութենէ ալ զուրկ չէր: Սակայն այլեւս ամիրապետներուն անգործութիւնը եւ սուլտաններու ամէն իշխանութիւնը օրէնք եղած էր, եւ Մասատ զօրաւոր էր իր գործին վրայ, ուստի ոչ միայն ապարդիւն եղան Մըսթարխէտի ճիգերը, այլ եւ կեանքն ալ վրայ տուաւ 1135-ին, եւ դաւաճաններու ձեռքով սպաննուեցաւ: Ռաշիտ-Պիլլահ որդին որ իրեն յաջորդեց, ուզեց ինքն ալ ամիրապետական իշխանութիւնը վերակենդանացնել, բայց տարիէ մը գահազուրկ եղաւ 1136-ին, եւ իրեն տեղ անցաւ հօրեղբայրը Մըքթաֆի-Լիամրուլլահ: Ռաշիտ 1138-ին փորձեց նորէն իշխանութիւնը ձեռք ձգել, բայց սպաննուեցաւ իր հօրը նման, եւ Մըքթաֆի-Լիամրուլլահ իշխանութիւնը վարեց մինչեւ 1160, չափով մը օգուտ քաղելով իր դժբախտ եղբօր եւ եղբօրորդւոյն ճիգերէն (ՎԵՐ. 465): Մասուտ մըն ալ կար նոյն ատեն, Գոնիայի Րում սուլտանութեան բարձրացած 1117-ին, որ երկար կեանք ալ ունեցաւ մինչեւ 1155, եւ ժամանակակից եղաւ Պահլաւունիի օրով կատարուած եղելութեանց, եւ շատ շփումներ ունեցաւ Հայ իշխանութեանց հետ: Վերոյիշեալ 1118 տարին կը մեռնէր նաեւ Երուսաղէմի լատին թագաւոր Բաղդովինոս Բուլիոն, եւ իր յանձնարարութեամբ եւ Լատին իշխաններու հաւանութեամբ իրեն կը յաջորդէր Ուռհայի կոմս Բաղդովինոս Տպորկ, որ ճիշդ նոյն միջոցին Երուսաղէմ հասած էր: Ծաղկազարդի օրը, 1118 Ապրիլ 7-ին, աթոռ բարձրացաւ, տարի մը թագադրութիւնը յապաղելու պայմանով, Բուլիոններուն երրորդ եղբօր Եւրոպայէ գալուն եւ յաջորդութիւնը ժառանգելուն ակնկալութեամբ, ինչ որ տեղի չունեցաւ եւ Բաղդովինոս թագը դրաւ: Այդ Բաղդովինոսն է, Հայ իշխանները զրկողը` որուն մասին Ուռհայեցին կը գրէ, թէ էր յաւէտ ճարտար, յափշտակիչ անյագուրդ, գանձուց եւ արծաթոյ անկուշտ, եւ ի տուրս ընչից նուազ, եւ կարծես թէ այդ մեղադրանքները զգալի չընելու դիտմամբ կը յաւելու միանգամայն, թէ էր քաջ պատերազմող, մարմնով սրբասէր, մեղաց ատեցող, բարուքն հեզ եւ ցած (ՈՒՌ. 426), ինչ որ չի կրնար մաքրել խուժդուժ անիրաւութեանց կեղտը, զորս պատմիչը չէ համարձակած իսկ մանրամասնօրէն գրել (ՈՒՌ. 424):

934. ԹՈՐՈՍԻ ՄԱՀԸ

Բաղդովինոսի Երուսաղէմ անցնելէն ետքը միջոց մը աւելի հանդարտած կը գտնենք նոր հայաբնակ երկիրներուն վիճակը, եւ պատմութիւնն ալ տասը տարուան միջոցի համար ազգային նորութիւններ չի ներկայեր մեզի, եւ հանդարտ օրեր կ՚անցընեն Գրիգոր կաթողիկոս Ծովքի մէջ եւ Թորոս իշխանապետ Կիլիկիոյ մէջ: Թորոսի մահը Սմբատէ որոշակի դրուած է Հայոց 578-ին (ՍՄԲ. 92), որուն կը ձայնակցի Անեցին 549-ին դնելով իշխանութեան սկիզբը եւ 29 տարի հաշուելով տեւողութիւնը (ՍԱՄ. 121), եւ ասոր հակառակ ալ բան մը չէ գրուած ուրիշ տեղ, որով չ՚արդարանար 1123-ին դնելու հաշիւը (ՉԱՄ. Գ. 50), եւ 1129-ը պէտք է ընդունուի իբր Թորոսի մահուան թուական: Իսկ ճիշդ օրը Յայսմաւուրքի մէջ դրուած է Փետրուար 2-ին, համեմատելով զայն արացի 26-ին (ՅԱՍ. Ա. 61) անշարժ տոմարով, մինչ սովորական հաշիւներ շարժական տոմարով կ՚ըլլային, եւ այդ հաշուով Թորոսի մահը կ՚իյնայ 1129 Օգոստոս 11-ին: Թորոս զաւակ մը ունեցած էր Կոստանդին անունով, եւ անոր մեռնելովը իշխանապետութեան յաջորդութիւնը ինկաւ եղբօրը Լեւոնին: Մթին են պատմական յիշատակները Կոստանդին Թորոսեանի մահուան մասին, թէ երբ եւ ինչպէս մեռաւ: Վահրամ կը գրէ, սորա որդի մի էր թողեալ, ում Կոստանդին անուն ձայնեալ, զոր ամպարիշտք ոմանք կալեալ եւ մահացու դեղօք բարձեալ (ՎԱՀ. 196): Անեցին ալ նոյնպէս կը կրկնէ ըսելով, թէ Լեւոն յաջորդեց Թորոսի, վասն զի զԿոստանդին որդին նորա կալան ոմանք ամբարիշտք, եւ մահացու դեղօք հանին ի կենաց (ՍԱՄ. 128): Վահրամի թողեալ բառը, եւ Անեցիին վասն զի պատճառականը այնպէս կը ցուցեն, թէ Թորոսի մահուան ատեն կենդանի էր Կոստանդին որդին, եւ զայն թունաւորել տալով յաջողեցաւ Լեւոն իշխանապետութիւնը ժառանգել: Եթէ այդ է իրողութիւնը, վերին արդարադատութեան գործ պէտք կ՚ըլլայ սեպել Լեւոնի վրայ եկած արկածները, եւ եղերական մահը բանտարկութեան մէջ: Սակայն անհնար չէ, որ բոլորը կասկածանաց արդիւնք ըլլայ, Կոստանդին տղուն յանկարծական մեռնելէն յառաջ եկած: Լեւոնի առաջին տարիները յաջող եղան, Լատինաց խնամի էր, եւ ինքն քաջ պատերազմիկ, հետզհետէ իր սահմանները ընդարձակեց, եւ Կիլիկիոյ քաղաքներէն գրաւեց Տարսոնը, Ատանան եւ Մսիսը որ է Մոպսուեստիա (ՍՄԲ. 93), որոնք Յոյներու կը պատկանէին, մինչ անդին ցիրուցան պատերազմներ անպակաս էին Կիլիկիոյ շուրջը գտնուող պետութեանց միջեւ, որոնց հետեւիլ մեր նպատակէն դուրս է:

935. ԳՐԻԳՈՐ ԵՒ ԱՆԻ

Գրիգոր կաթողիկոս կը մնար Ծովքի մէջ, վշտակիր ականատես իւրայնոց խեղճութեան, եւ որչափ ալ իր հայրենական դղեակին մէջ ապրող, բայց իբր կաթողիկոս` պաշտօնական աթոռէ հեռու թափառական վիճակ մը ունէր: Որչափ եւ ինքն Անեցի չէր, եւ Անի չէր գացած, եւ հայրապետական վերջին աթոռը իրեն ծանօթ չէր, այլ Բարսեղ Անեցի կաթողիկոսէն ներշնչեալ` ուխտ սիրոյ ունէր վասն սեփական աթոռոյս, եւ կը փափաքէր գալ այսրէն Անիի աթոռը, եւ այս նպատակով բանակցութեան ալ մտած էր Ապլսուարի հետ, երբ նա Մանուչէի յաջորդեց, որպէսզի նորա յօժար կամակցութեամբ այդ բանը կատարուէր (ՍԱՄ. 127): Ապլսուարի մասին ուրիշ կողմէն հասած պատմութիւններ, զինքն շատ հայասէր եւ քրիստոնէասէր չեն ցուցներ 919), բայց թերեւս Հայոց կաթողիկոսը մօտը ունենալու ակնկալութիւնը զինքն զիջողութեանց համոզած ըլլայ: Բայց Ապլսուար դիրքը կորսնցուց, իսկ Անի երթալու գաղափարը աւելի դիւրին պիտի ըլլար, երբոր Դաւիթ Վրաց թագաւոր քաղաքը գրաւեց, սակայն դեռ բան մը չկարգադրուած Փատլուն եկաւ եւ տիրապետեց: Այդ պատերազմին առթիւ կը յիշուի Այծեամն անուն Հայ կնոջ մը քաջութիւնը, որ պարիսպներուն վրայէն յարձակողները քարերով ետ կը մղէր` առ ոչինչ համարեալ զխոցուածս նետիցն (ՍԱՄ. 127): Թէպէտեւ Փատլուն Անիի անձնատուր եղած ատեն երդում ըրաւ որ սուրբ կաթողիկէն հանապազ Հայոց կացցէ, եւ մի' մտցէ ի նա Տաճիկ եւ ոչ Մոսուրման ազգ (ՈՒՌ. 459), սակայն յետոյ իւիք իւիք հնարիւք էառ վրէժս, եւ նեղութեանց եւ հարկապահանջ յափշտակութեանց դուռ բացաւ (ՍԱՄ. 127), եւ Գրիգորի Անի դառնալու գաղափարը անհնարութեան մատնուեցաւ, եւ մէկ կողմ թողուեցաւ:

936. ԳՐԻԳՈՐ ԵՒ ՆԵՐՍԷՍ

Գրիգորի Ծովքի մէջ իրեն օգնական ունէր իր եղբայրը` Ներսէս Շնորհալին, իրմէ հինգ տարով պզտիկ, զոր մինչեւ յարբունս հասուցեալ եւ քահանայ ձեռամբ օծեալ (ՉԱՓ. 558), սկսաւ եկեղեցական պաշտօններու ալ գործածել: Շնորհալիին քահանայական ձեռնադրութիւնը առաջին երիտասարդութեան մէջ եղած ըսուելէն, Գրիգորի կաթողիկոսութենէն հազիւ 6 տարի ետքը պէտք է նշանակել, շուրջ 1120-ին: Իսկ եպիսկոպոսական ձեռնադրութեան մասին յայտնի յիշատակութիւն չենք գտներ: Թէպէտ աւելի ուշ կը տեսնենք անոր անունը իբր եպիսկոպոս նշանակուած (ԸՆԴ. 86), բայց այդ պատճառ մը չէ որ ձեռնադրութիւնը ուշացնենք մինչեւ 1135, ինչպէս սովորաբար կը դրուի (ՉԱՄ. Գ. 52): Պահլաւունի իշխանազուն մը, կաթողիկոսի եղբայրը, ուսմամբ զարգացուն, եւ գործունէութեամբ գերազանց Ներսէսը, հարկաւ մինչեւ քառասունի մօտ տարիքը չսպասեց եպիսկոպոսութիւն ընդունելու իր եղբօրմէն, որուն աջ բազուկը եւ ըստ ամենայնի գործակիցն էր: Հետեւաբար անհաւանական չէ շուրջ 1125-ին Ներսէսը եպիսկոպոս ձեռնադրուած ըսել:

937. ԳՐԻԳՈՐ ԵՒ ԱՂՈՒԱՆՔ

Պահլաւունիի Արեւելքի մասին ունեցած հոգածութեանց կարգէն է Աղուանից կաթողիկոսական աթոռին երկարատեւ պարապութիւնն ալ վերջացնելը: Ստեփանոս կաթողիկոս տարիուկէս պաշտօնավարութենէ ետքը վախճանած էր 1131-ին, եւ յաջորդին ընտրութիւնը խափանուած էր 8 տարի` երկրին շփոթութեանց պատճառով: Գրիգորի դժուար ըլլալով անձամբ երթալ կամ Աղուաններուն գալ, լիազօր նուիրակութիւն տուաւ Կարնոյ Սահակ եպիսկոպոսին(ԿԻՐ. 101), որ Աղուանից եպիսկոպոսներուն հետ, եւ Դաւիթ թագաւորին ներկայութեան կաթողիկոս օծեց հանգուցեալ Ստեփանոսի հօրեղբօրորդին Գագիկը, Գրիգորիս անունով, Հոգեգալուստի օրը 1139 Յունիս 11-ին, եւ Վարդավառին նոր կաթողիկոսը միւռոնօրհնէք եւ եպիսկոպոսի ձեռնադրութիւն կատարեց (ՀԱՅ. 386): Ութամեայ պարապութեան երեսէն մկրտութեան միւռոն իսկ կը պակսէր, եւ ձեռնադրութեանց համար եպիսկոպոս չէր գտնուէր, կ՚ըսէ յիշատակագիրը (ՀԱՅ. 385): Գրիգորի ուրիշ եկեղեցական աշխատութիւնները կը պահենք վերջէն ամփոփել, կցկտուր չընելու համար:

938. ԼԵՒՈՆԻ ԳԵՐՈՒԹԻՒՆԸ

Լեւոն իշխանապետի գործերը յաջող կ՚երթային, եւ Լատիններուն հետ բարեկամութեամբ էր, Ազազի պատերազմին մէջ ինքն էր որ Հռոգերիոս (Roger) Անտիոքայ կոմսը մեծ վտանգէ մը ազատած էր, եւ անոր շատ սիրելի եղած էր(ՈՒՌ. 429): Այսպէս շարունակեց, մինչեւ 1135, երբ Լեւոնի եւ Լատիններուն մէջ գժտութիւն ինկաւ, Սարուանդիքար բերդը գրաւելուն համար: Անտիոքի կոմսը Երուսաղէմի թագաւորին օգնութեամբ պատերազմի ելաւ Լեւոնի դէմ, որուն օգնական էր Լատիններէն Եդեսիոյ կոմսը, քանի որ անոր քեռորդին էր: Սակայն թշնամիները զօրացան եւ աւերեցին զերկիրս Կիլիկեցւոց: Ասոր վրայ Գոնիայի սուլտանութեան Թուրքերը քրիստոնեաները իրարու դէմ ելած տեսնելով, երկու կողմին վրայ միանգամայն յարձակեցան, եւ գերեցին զազգն Քրիստոնէից անհամար եւ շատ (ՍՄԲ. 93), որով Անտիոքայ կոմսին յարձակումն ալ ապարդիւն մնաց, երկու կողմեր քիչ մը ատեն հանդարտ մնացին: Հռոգերիոսի մահուընէ եւ առաջին պատերազմէն յետ երից ամաց, 1138-ին Անտիոքի նոր կոմսը Բոյեմոնդոս կամ Պայմունդ կամ Պիտեւին, նենգութեամբ Լեւոնը կալաւ եւ բանտարկեց (ՍԱՄ. 158), հին վրէժը լուծելու համար: Լեւոն չորս որդիներ ունէր, Թորոս, Ստեփանէ, Մլեհ, եւ Ռուբէն (ՎԱՀ. 187), եւ հարճորդի մը Կոստանդին անուն: Հօրերնուն բանտարկութենէն ետքը ասոնք յարեան ի վերայ միմեանց, եւ իրենց հարճեղբայր Կոստանդինի խաւարեցուցին զաչսն, մինչ Լեւոն կը սպասէր ի որդւոց պաշտպանութեան: Անոնց բան մը ընելէն յուսահատ` փրկանքով ազատութեան ստիպուեցաւ, ոչ միայն յանձն առաւ Սարուանդիքարը դարձնել, այլ եւ Ատանան եւ Մոպուեստիան ալ տալ, որդիները պատանդ թողուլ, եւ 60, 000 դահեկան գումար մըն ալ վճարել, եւ այսպէս յետ երկուց ամաց բանտարկութեան իր ազատութիւնը ստացաւ (ՍԱՄ. 129): Այլ հազիւ թէ ելաւ, բուռն զօրութեամբ Լատիններուն վրայ դարձաւ, տուած քաղաքները ետ առաւ, եւ միայն Եդեսիոյ կոմսին միջնորդութեամբ հաշտութեան զիջաւ` պատանդները, ետ առնելով (ՉԱՄ. Գ. 51): Յովհաննէս Կոմնենոս կայսր արշաւանք մը կազմած էր դէպ Արեւելք, կայսրութեան հին ոյժը եւ սահմանը նորոգելու միտքով, յաղթութիւններ ունցաւ Գոնիայի կամ Ռումի Թուրքերուն վրայ, Լատիններուն վրայ ալ յարձակեցաւ, եւ Լեւոն վերջիններուն հետ կնքած հաշտութեան հաւատարիմ, Յոյներուն դէմ նախայարձակ եղաւ եւ անոնց յառաջացումը արգիլեց: Լատիններ գոհ մնացին, բայց Յոյներու եւ Հայերու մէջ հակառակութիւնը զայրացաւ: Յովհաննէս Կոմնենոս նոր յարձակում կազմակերպեց ուղղակի Հայերու եւ Լեւոնի դէմ, ոչ միայն գրաւուած քաղաքները ետ առնելու, այլ եւ Հայ իշխանապետութիւնը հիմնովին ջնջելու համար: Այդ իրողութեանց ժամանակագրութիւնը շատ շփոթ կը տեսնուի պատմագիրներու մէջ, եւ դժուար կը լինի ճշդել Յունաց արշաւանքներուն անդամները եւ տեւողութիւնը եւ Լեւոնի գերութեան ճիշդ թուականը: Առանց երկար զննութեանց մտնելու կը համաձայնինք 1141-ին դնել Լեւոնի անձնատուր ըլլալը Վահկայ բերդին մէջ, եւ 1143-ին անոր մահը Կոստանդնուպոլիս գերութեան մէջ ինչպէս որ շատեր ալ կը դնեն Լեւոնի իշխանութիւնը 12 տարի հաշուելու հիմամբ, թէպէտեւ Անեցին Լեւոնի համար պարզապէս կեցեալ, եւ ոչ թէ իշխած կը գրէ 12 տարիներ (ՍԱՄ. 128):

939. ԱՆՏԻՈՔԻ ԺՈՂՈՎԸ

Լեւոնի գերութեամբ Հայկական իշխանութիւնը պահ մը ընդմիջեցաւ, եւ կաթողիկոսութիւնն ալ իրեն նեցուկը կորսնցուց, որովհետեւ չկար հովանաւորութիւն եւ պաշտպանութիւն ընելու կարող իշխանութիւն մը: Այլազգիներուն զանազան ճիւղերէն լաւ բան մը յուսալ անհնար էր, Յոյներ բացարձակ թշնամական դիրք առած էին, Քէսուն ինկած, Կիլիկիա դադարած, մանր մունր Հայ իշխաններ իրենց իսկ անբաւական, Ծովքի Վասիլին իշխանութիւնն ալ միեւնոյն վիճակը առած, Գրիգոր կաթողիկոս ուրիշ ճամբայ չունէր իրեն համար հովանաւորութիւն մը ճարելու, բայց եթէ Լատին իշխաններուն կողմը դառնալ, եւ անոնց բարեկամութիւնը մշակել: Իսկ Լատիններուն մէջէն աւելի մօտաւորը եւ աւելի զօրաւորը Անտիոքի կոմսութիւնն էր, որ այդ միջոցին բարգաւաճ կացութիւն ալ ունէր: Արդէն Լեւոն ալ, անգամ մը Անտիոքի հետ գժտուելէն ետքը` հաշտուած, եւ Լատիններուն պատճառով վերջին փորձանքը վրան հրաւիրած էր: Լատիններն ալ կ՚աշխատէին իրենց հետ հաշտ պահել Հայ տարրը, որ երկրին մէջ նշանաւոր եւ ազդեցիկ դիրք կը գրաւէր, եւ անկէ միայն կրնային իրենց նպաստաւոր օգնութիւն մը սպասել: Այդ յարաբերութեանց հետեւանքն եղաւ, որ երբ 1141-ին Լատիններ եկեղեցական ժողով մը գումարեցին Անտիոքի մէջ, Գրիգոր կաթողիկոս եւ իրեն օգնական եղբայրը` Ներսէս եպիսկոպոս ալ ժողովին հրաւիրուեցան, եւ ասոնք ալ մտադիւր յանձն առին երթալ, հարկաւ բարեկամութիւնը աւելի սերտ եւ աւելի գործնական ընելու նպատակով: Ժողովը գումարուած էր Անտիոքայ Լատին պատրիարք Հռոդոլփոսի (Rodolphe) դէմ եղած ամբաստանութիւնը քննելու համար, որ մինչեւ Հռոմի պապին հասած էր: Իննովկենտիոս Բ., որ 1130-ին ընտրուած, Անակղետոս հակաթոռէն նեղուելով Հռոմէ հեռացած, եւ հակաթոռին մեռնելէն ետքը նորէն Հռոմ դարձած եւ գործի գլուխ անցած էր 1139-ին, իր կողմէն Ոստիոյ կարդինալ եպիսկոպոս Ալբերիկոսը նուիրակ ղրկելով ժողով գումարելու եւ գործը քննելու հրամանը տուած էր: Հռոդոլփոսի վրայ ծանրացած ամբաստանութեանց մէջ կար հարկաւ Տանգրէտի կոմսը դեղակուր սպաննած ըլլալու կէտը (ԿԻՐ. 63) եւ Գրիգոր եւ Ներսէս իբր տեղական գործերու տեղեակ, կրնային ժողովին գործը դիւրացնել: Հռոդոլփոս պարտաւորուեցաւ եւ դատապարտուեցաւ, բայց ժողովին պարագան օգնեց Հայոց հոգեւորական գլուխը յարաբերութեան մէջ դնելու Լատիններուն ընդհանուր հոգեւոր պետին հետ, որուն ձայնով կը շարժուէր Եւրոպա, նոյնիսկ քաղաքական եւ զինուորական գործերուն մէջ, եւ որուն բարեկամութիւնը կրնար օգտակար դառնալ Հայերուն վատրանդի եւ անտերունջ կացութեան: Ճիշդ այն միջոցին էր, որ Լեւոն փակուած էր Կոստանդնուպոլսոյ բանտին մէջ, եւ Հայերը իշխանապետնին կորուսած, անիշխանական դիրք ունէին եւ Յոյները տիրացած էին Կիլիկիոյ:

940. ԳՐԻԳՈՐ ՅԵՐՈՒՍԱՂԷՄ

Երբ Հայոց կաթողիկոսը ազգային տեսակէտէն պապական նուիրակին հետ յարաբերութիւն կը մշակէր, Լատին նուիրակն ալ իր կողմէն միեւնոյն կերպով կը վարուէր, ոչ թէ լոկ Արեւելքի Լատին իշխանութիւններուն բարեկամներ ճարելու եւ շատցնելու, այլեւ իր գլխաւորին եկեղեցական իշխանութեան ալ ընդարձակութիւն պատրաստելու համար: Բայց այս միտքեր համարձակ չէին խօսուեր եւ պաշտօնապէս չէին յայտնուեր: Ալբերիկոս իր միտքը յառաջացնելու նպատակով խնդրեց Գրիգորէ, որ իրեն հետ մէկտեղ Երուսաղէմ գայ, ուր ինքն կ՚երթար թէ սուրբ տեղերը այցելելու, եւ թէ Արեւելքի մէջ եղող Լատիններուն գործերն ու կացութիւնը մօտէն քննելու: Գրիգոր համակերպեցաւ, թէ սուրբ տեղեաց ուխտ մը ընելու, եւ թէ իր նպատակին ծառայելու համար, բայց որովհետեւ բացակայութիւնը կրնար երկարիլ, եւ հայրապետանոցը անգլուխ թողուլ յարմար չէր, Ներսէս եղբայրը Ծովք դարձուց, իբր տեղակալ գործերը հոգալու, եւ ինքն Ալբերիկոսի հետ Անտիոքէ Երուսաղէմ ուղեւորեցաւ, ուր միասին տօնեցին 1142-ի զատիկը, որ կը հանդիպէր Ապրիլ 19-ին: Պապին նուիրակը ժողով մըն ալ գումարեց Երուսաղէմի մէջ, Սիոնի պատրիարքարանը, ընդհանուր բարեկարգութեան համար, որպէսզի կանոնական պահպանութիւնք ամրանան եւ սպրդած զեղումներ դարմանուին: Գրիգորի ալ ժողովականներու կարգին պատուոյ տեղ մը տրուեցաւ, որովհետեւ ճանչցուած էր իբր մեծ հայրապետ Հայոց, գլուխ եւ պետ ամենայն եպիսկոպոսաց Կապադովկացւոց եւ Մարաց եւ Պարսից եւ երկաքանչիւր Հայաստանի, եւ գերագոյն րաբունապետ, որ կաթողիկոսն անուանի, ինչպէս կը գրէ Գուլիելմոս Տիւրացի (ՉԱՄ. Գ. 53): Բարեկարգական խնդիրներու շուրջ եղած ժողովական բանակցութիւնները, հարկաւ առիթ պիտի ընծայէին Գրիգորի ալ իր եկեղեցւոյ տեսակէտը պարզել, Հռոմի եւ Հայոց եկեղեցիներուն մէջ աչքի զարկած տարբերութիւնները բացատրել, եւ Հայոց եկեղեցւոյն դաւանութիւնն ու կանոնները ու սովորութիւնները պաշտպանել: Այդ բանակցութեանց մասին ազգային աղբիւրներէ հասած տեղեկութիւններ կը վկայեն, թէ Լատիններ ծանեան ի բանսն հաւատոյ` զճշմարտութիւն ամենեւիմբ, զոր պայծառ եւ կանոնական կարգաւ եւ կանոնով վարդապետական ճոխութեամբ բարբառէր Գրիգոր: Իսկ արդիւնքը եղած է, որ Լատիններ ուրախացան հաճելութեամբ եւ առաւել սէր հաստատեցին ընդ հայրապետին եւ ընդ ազգս մեր (ՍԱՄ. 123): Շատ չի տարբերիր Գուլիելմոս Տիւրացիին գրածն ալ, թէ բանք եղեն ի վերայ մասանց հաւատոյ, յորս տարաձայնիլ երեւէր ժողովուրդ նորա ի մէնջ, եւ առ ի նմանէ խոստացեալ եղեւ ի բազում ինչ իրս ուղղութիւն (ՉԱՄ. Գ. 54): Զիջողութիւն ըրած կամ համակերպած ըլլալու կէտը բոլորովին կը հեռանայ, եւ բացատրութիւններ կը տրուին միայն տարբերութեանց նշանակութիւնը պարզելու: Ուղղութիւն ընելու խոստումը զոր կը շեշտէ Տիւրացին, թէական պայման է, եթէ անուղիղ բան մը տեսնուի, ինչ որ լրացեալ գործողութեան մը տեղի ունեցած չըլլալը կը հաստատէ: Գրիգորի տուած բացատրութեանց ոճը ուրեմն այն եղած է, թէ հիմնական տարբերութիւններ չեն, եւ եթէ հաստատուին` կրնան ուղղուիլ: Ասկէ աւելի խոհեմ կերպով չէր կրնար Գրիգոր գործին մէջէն ելլել, ուր իր եկեղեցւոյն ամբողջական ներկայացուցիչներով չէր գտնուեր, եւ գլխաւոր նպատակ ունէր Լատիններու համակրութիւնը շահիլ, եւ անոնց օգնութեամբ Կիլիկիոյ կործանած իշխանապետութիւնը վերականգնել: Լատիններն ալ` աւելի առաջ մղած չեն իրենց պահանջները, որպէս զի Հայոց հետ բարեկամութեան դիրքը չխզեն, ուսկից շատ օգուտներ կը սպասէին իրենց արեւելեան գաղթականութեանց եւ իշխանութեանց համար: Կիրակոս կը յաւելու, թէ զհին դաշինսն, սրբոյն Գրիգորի եւ Տրդատայ եւ Կոստանդիանոսի կայսեր եւ Սեղբեստրոսի` վերստին նորոգեցին առ սովաւ (ԿԻՐ. 67), ազդուելով անշուշտ Դաշանց Թուղթէն, որ իր ատեն մէջտեղ ելած էր, իսկ այս միջոցին չկար, եւ նոյնիսկ Լատիններ, այդպիսի ակնարկ մը չունին:

941. ԻՆՆՈՎԿԵՆՏԻՈՍԻ ԸՆԾԱՆԵՐԸ

Գրիգոր գոհունակութեամբ դարձաւ Ծովք, եւ Ալբերիկոս ալ Հռոմ դառնալով միեւնոյն գոհունակ գնահատութիւնը յայտնած պիտի ըլլայ, որ Իննովկենտիոս Բ. պապէն սիրոյ գիր եկաւ Գրիգորի, եկեղեցական ընծաներով մէկտեղ, զորս Լամբրոնացին գաւազան եւ քօղ հայրապետական անուններով կը բացատրէ: Գաւազանը պէտք է ըլլայ հովուական գաւազանը կորագլուխ ծայրով, Լատիններուն գործածած ձեւին համեմատ, զոր թերեւս Գրիգոր երբեմն գործածեց ալ, բայց չենք կարծեր թէ Գրիգոր կամ Ներսէս անիկա սովորական կիրառութեան ընդունած ըլլան, եւս առաւել բոլոր եպիսկոպոսներու տարածած ըլլան, փոխանակելով օձագլուխ հովուականին հետ, զոր անշուշտ կը գործածէին Հայերը, Յունաց կամ Կապադովկացւոց եկեղեցւոյ ծիսական սովորութեանց հետեւողութեամբ: Միւս ընծային մասին դժուարին կ՚ըլլայ ճշդել թէ ինչ պէտք է իմանալ քօղ հայրապետական անունին ներքեւ, վասն զի Լատիններ ոչ հայրապետական օծում ունին եւ ոչ քօղ, եւ չենք համարձակիր ենթադրել, թէ Գրիգորի վրայ տեսնուած քօղին նմանութիւնը շինել տուած ըլլայ Իննովկենտիոս, Ալբերիկոսէ ստացած տեղեկութեանց վրայ: Պապերու այդպիսի առիթներու մէջ գործածած նուէրը Պալլիում է, սակայն այն եմիփորոնի նմանութիւնն ունի եւ ոչ քօղի: Ասուիէ հիւսուած ճերմակ եւ լայն երիզ մըն է սեւ խաչերով զարդարուած, եմիփորոնի նման ուսերուն վրայ պատած եւ ետեւէն եւ առջեւէն կախուած, բայց շատ մանր եւ մինչեւ մէջքը հասնող եմիփորոն մը: Թերեւս Գրիգորի զրկուածն ալ միեւնոյն պալլիումն էր, եւ հայերէն անուն չունենալուն, եւ հայրապետական յատուկ սպաս մը կարծուելուն, Լամբրոնացին զայն քօղ անունով բացատրած է: Եթէ Լատին հեղինակներէն ընծաներ յիշուած ըլլային, հնար կ՚ըլլար իսկութիւնը դիւրաւ ճշդել: Իննովկենտիոսի գիրն ու ընծաները ստացուած պիտի ըլլան 1143-ի ընթացքին: Գրիգոր բարեկամական յարաբերութեանց կապը շարունակելու եւ ակնկալեալ օգնութիւնները փութացնելու համար, ինքն ալ իր կողմէն սիրոյ գիր մը եւ պատուական ընծաներ պատրաստելով, յատուկ պատգամաւորութեան ձեռքով ճամբայ կը հանէ Հռոմ տանելու: Ո՞վ էին յղուած պատգամաւորները, ի՞նչ էին ղրկուած ընծաները, ի՞նչ ըսուած էր կաթողիկոսական նամակին մէջ, անծանօթ են մնացած, ոչ տեղեկութիւն ունինք պատմութենէն եւ ոչ թուղթի պատճէն: Կը յիշուի միայն որ զմի ամ եւ վեց ամիս բազում աշխատանօք ճամբորդած են Հայ պատգամաւորները (ԿԱԼ. 235), Ծովքէ Հռոմ հասնելու համար: Թերեւս այդ երկարութեան եւ աշխատութեան պատճառ եղած էին Հռոմի խռովութիւններն ալ: Իննովկենտիոս Բ. մեռած էր 1144-ին, եւ իր յաջորդը Լուկիոս Բ. Հռոմայեցիներէ մերժուելով, զինու զօրութեամբ Հռոմը գրաւել ուզած ատեն վիրաւորուած եւ սպաննուած էր. եւ 1145-ին պապ ընտրուած էր. Եւգինէոս Գ. Բեռնարդոս Կլարավալլեցի (Bernard de Clairvaux) հռչակաւոր աբբային աշակերտը, բայց նա ալ Հռոմայեցիներէ մերժուելով աստ անդ կը թափառէր եւ Գրիգորի պատգամաւորները կը գտնէին զինքը Իտալիոյ Վիտերբիա (Viterbo) քաղաքը:

942. ԳՐԻԳՈՐԻ ՊԱՏԳԱՄԱՒՈՐԸ

Գրիգոր կաթողիկոսի յղած պատգամաւորութեան վրայօք Սիս գումարուած 1307-ին ժողովը կը յիշէ, թէ իրենց ըսածները գրուած են ի թուղթսն Եւգենիոսի պապին Հռոմայ զոր գրեալ է առ տէր Գրիգոր կաթողիկոսն, եղբայր մեծին Ներսէսի Կլայեցւոյն (ԿԱԼ. 467): Դժբախտաբար այսպիսի նամակի մը ոչ հայերէնը կը գտնուի եւ ոչ լատիներէնը, ինչպէս Հայոց կաթողիկոսին գրած նամակին ալ պատճէնը չի գտնուիր, որով կարենայինք ճիշդ գաղափար մը կազմել Հայոց եւ Լատինաց մէջ տեղի ունեցած այս առաջին բանակցութեան վրայ, քանի որ Վկայասէրին մասին պատմուածներուն` հիմնական եւ հաստատուն բան մը չլինելը յայտնեցինք 898): Վաւերական աղբիւրներու տեղ առջեւ կը բերուի Ոթոն Փրիսինգացիի (Othon de Freising) պատմածը, որ կը գրէ թէ ինքն ալ Վիտերբիա կը գտնուէր 1145-ին Հայ պատգամաւորներուն եկած ատենը, եւ իբր ականատես կը պատմէ պատգամաւորութեան նպատակը եւ յարակից եղելութիւնները (ԿԱԼ. 235): Ոթոնի պատմածին համեմատ, Հայերը Ծնունդն ու Յայտնութիւնը միասին տօնելէ զատ, խմորուն հացով եւ անջուր բաժակով կը պատարագեն եղեր: Եւ Հռոմ եկեր են` ուսանիլ զկերպ պատարագին ըստ սովորութեան նորա. եւ պապն ալ սորվեցնելու համար, անոնց ներկայութեան կը կատարէ զհանդիսի մեծ պատարագն, եւ եւս զփոքրն որ լինէր ի ծածուկ (ԿԱԼ. 236): Դարձեալ թէ Հայոց շուրջը կը գտնուին եղեր ոչ-քրիստոնեայ ազգեր, որոնք իրենց հոտած տղաքները Հայոց մկրտութեան աւազանին մէջ լուալ կու տան եւ հոտը կ՚անցնի եղեր, եւ յետոյ նորէն կը դառնան եղեր ի պիղծ սովորութիւն կռապաշտութեան, ուստի պատգամաւորութիւնը եկեր է ուսանիլ մի՞թէ պարտ էր Հայոց մկրտիլ զայնպիսի երեխայս (ԿԱԼ. 237): Եթէ այսչափ էր իրօք պատգամաւորութեան նպատակը, իրաւ որ խղճալ պէտք էր Գրիգոր կաթողիկոսին եւ իր եղբօր Ներսէս եպիսկոպոսին տգիտութեան եւ ապիկարութեան վրայ, որ այս կէտերը սորվելու համար մէկուկէս տարի ճամբորդութեամբ պատգամաւորութիւն մը կը ղրկեն Հռոմ: Ապա թէ ոչ պէտք է ըսել թէ Գրիգորի պատգամաւորները ուզած են զուարճանալ Ոթոնի եւ անոր ընկերակից Լատին եպիսկոպոսներու հետ, ասանկ բաներ հաւտացնել տալով անոնց, կամ թէ Ոթոն լսածէն բան մը հասկցած չէ, մինչեւ իսկ Հայերը խմորուն հացով պատարագ ընող կարծելով, եւ Հայաստանի մէջ կռապաշտներու գոյութիւնը ենթադրելով: Հայերուն զուարճանալ ուզած ըլլալուն իբր նշան կրնանք նկատել, պատգամաւոր եպիսկոպոսներէն մէկուն վկայելը, թէ պապին պատարագած ատենը տեսած է, որ անոր գլխուն վրայ շառաւիղ մի պայծառ լուսոյ փայլատակէր, թէպէտ ոչ գտանէր լուսամուտս` զորով անցեալ էր այն լոյսն, եւ թէ երկու աղաւնիք վերուստ ի վայր իջանէին եւ ելանէին (ԿԱԼ. 236): Իսկ Եւգինէոս պապ այս տեսիլքը ոչ արժանաւոր արդեանցն իւրեանց, այլ Հայ եպիսկոպոսին մեծի հաւատոյ վերագրեր է (ԿԱԼ. 237): Փրիսինգացիին գրածին ամփոփումը տալերնիս բաւական կը սեպենք անոր կեղակարծ պատմութիւնները հերքած ըլլալու համար: Ինչ որ իբր ստոյգ կրնանք քաղել, այն է, թէ Գրիգորի պատգամաւորները շողոքորթութիւնն ալ ձեռք առած են պապը շահելու, որպէս զի անոր ձեռքով Կիլիկիոյ կործանած իշխանապետութիւնը կանգնելու օգնութիւն ստանան, իսկ կրօնական խնդիրներէ ալ խուսափած են, աննշանակ կէտեր մէջտեղ նետելով:

943. ԻՇԽԱՆՈՒԹԵԱՆ ՎԵՐԱԿԱՆԳՆՈՒՄԸ

Չենք գիտեր թէ ի՞նչ եղաւ պատգամաւորութեան ելքը, թէ ի՞նչ օգուտ կամ օգնութիւն կրցան ստանալ Հայերը Եւգինէոսէ, որ ինքն ալ հալածեալ կացութիւն ունէր, կամ թէ ի՞նչ գրեց պապը կաթողիկոսին, եւ թէ ե՞րբ դարձան պատգամաւորները կաթողիկոսին մօտ: Պատմութիւնը կը լռէ բոլորովին այդ կէտերուն վրայ: Ազգային պատմութիւնը Հռոմ ղրկուած պատգամաւորութենէն ալ տեղեկութիւն չունի, իսկ արտաքինը` պատգամաւորութեան արդիւնքը չի պատմեր. հետեւապէս ապարդիւն վերջացած եւ օգուտ չունեցած գործ մըն է եղածը, եթէ պաշտօնական եղելութիւնն իսկ` կասկածի ներքեւ չթողունք ազգային աղբիւրներու լռութեան վրայ հիմնուելով: Իրաւացի ալ էր գործին աննշանակ մնալը, վասնզի մինչեւ որ պատգամաւորութիւնը Հռոմէն դառնար, Կիլիկիոյ մէջ գործերը բոլորովին փոփոխուած էին, եւ նոր յուսալից եւ ուրախաբար երեւոյթներ սկսած էին, եւ Հռոմի օգնութեան այլեւս պէտք չէր մնացած: Լեւոն գերի տարուած էր իր Թորոս եւ Ռուբեն զաւակներուն հետ, իսկ Ստեփան եւ Մլեհ ազատ մնացած էին, պատերազմի միջոցին Եդեսիա գտնուելով, իրենց հօրաքրոջ եւ անոր ամուսնոյն` Եդեսիոյ Ճոսլին կոմսին մօտ: Միջոց մը Լեւոն Յովհաննէս կայսեր գթութեան հանդիպելով, բանտէ արձակուած էր որդիներով, եւ մինչեւ իսկ ի պաղատանն ի ճաշ կոչեալ, եւ անգամ մըն ալ կայսեր հետ ի բաղանիսն լոգացեալ: Այնտեղ Ռուբէն մեծ աւազան մը ջրով լցեալ ի վեր առեալ, եւ առաջի կայսերն եդեալ ըլլալով, զարմանքի հետ նախանձ ալ շարժեց, քսութեանց հանդիպելով կուրացուեցաւ, եւ Լեւոն ու Թորոս կրկին բանտարկուեցան, մինչեւ որ Լեւոն բանտի մէջ մեռաւ 1143-ին, եւ Թորոս նորէն ազատ թողուեցաւ գերութենէն երկու տարի ետքը (ՎԱՀ. 198-201): Յովհաննէս Կոմնենոս կը մեռնի նոյն 1143-ին, եւ իրեն կը յաջորդէ որդին Մանուէլ Կոմնենոս, որ հօրը կիրքն ու ձգտումները չունէր, եւ Թորոս աւելի պատուաւոր դիրք եւ աւելի գործի համարձակութիւն կը ստանար Կոստանդնուպոլսոյ մէջ, մինչեւ որ յաջորդ տարին 1144-ին կը յաջողի այնտեղէն խոյս տալ, եւ Կիլիկիոյ մէջ գործի գլուխ գտնուիլ, եւ միտքը դրած շարժումը սկսիլ եւ առջեւ տանիլ: Թորոս կ՚երեւի թէ իր փախուստին կերպը գաղտնի պահել ուզած է` իրեն օգնողներուն չվնասելու համար, եւ զանազան ձեւեր պատմած է զանազաններու, որ ժամանակակիցներն ալ չեն կրցած համաձայն կերպով զայն բացատրել: Ոմանց ըսելովը Կոստանդնուպոլսէ հետեւակ փախած է, եւ զինքն Ասորիներու Աթանաս պատրիարքին յայտնած, եւ խումբ մը կազմելով նախ Ամուտա բերդը գրաւած եւ անկէ սկսելով իշխանութիւնը վերականգնած (ՍԱՄ. 130): Ուրիշներու համեմատ նաւով Անտիոք է ելած, անկէ Կիլիկիա մտած, Ստեփանէ եղբօրը հետ միացած, Ամուտա գրաւած, եւ այնպէս գործի ձեռնարկած (ՎԱՀ. 202): Ուրիշ պատմութեան մէջ ալ Դշխոյ անուն կին կը մը յիշէ, որ սիրեաց զնա եւ ետ նմա գանձս բազումս, եւ Թորոս դրամի զօրութեամբ եւ առաջնորդող քահանայի մըն ալ հանդիպելով, նախ Վահկայ բերդը ձեռք ձգեց, եւ անկէ յաջողութեան սկսաւ (ՍԱՄ. 131): Վերջապէս ըսող ալ կայ, թէ Թորոս Յովհաննէս կայսեր բանակին հետ Կիլիկիոյ պատերազմին մէջ գտնուած էր, եւ երբ կայսրը հոն մեռաւ եւ որդին յաջորդեց եւ Յոյները ետ դարձան, Թորոս Կիլիկիա մնաց, եւ իր նպատակին ձեռնարկեց (ՎԱՀ. 201): Որն ալ ըլլայ Թորոսի Կիլիկիա գալուն կերպը, 1144-ին նա գործի սկսած էր, եւ 1445-ին արդէն վերականգնած էր իր հօր իշխանութիւնը, եւ նոր հիմնադիր եղած Ռուբինեան իշխանապետութեան քանի մը տարի դադարումէ ետքը: Թորոս այդ առթիւ օգնութիւն գտաւ բոլոր Կիլիկեցիներէն, որք Յունաց բռնութիւններէն զզուած, յանկարծ ոտք ելան, զինուեցան, եւ ամէն կողմէ Յոյները վտարեցին: Ամենէն վերջ Անարզաբան ալ պաշարեցին, որ Յոյներուն կեդրոնն էր, եւ ուր Անդրոնիկոս դուքս ամրանալով Թորոսի կը սպառնար, թէ զերկաթն որով զքո հայրն տարաք, ի հետ ունիմք: Բայց Հայերը կատաղութեամբ պատերազմեցան, եւ Անարզաբան գրաւեցին, Յոյները հալածեցին, շատեր գերեցին, որոնց հետ Յոյներուն օգնող Լամբրոնի Օշին եւ Բարձրբերդի Վասիլ Հայ իշխաններն ալ, իսկ Յոյն գերիները մերկացուցանէին եւ թողուին զթուլամորթ հոռոմանին (ՈՒՌ. 508): Ահա թէ ինչու եւ ինչպէս Հռոմ ղրկուած պատգամաւորութիւնը իր նպատակը կը կորսնցնէր, եւ աննշանակ կը մնար:

944. ՀՌՈՄԿԼԱՅԻ ՀԱՅՐԱՊԵՏԱՆՈՑԸ

Երբ Թորոս իր իշխանութիւնը կը ընդարձակէր, եւ Կիլիկիոյ քաղաքները կը գրաւէր, թերեւս կաթողիկոսն ալ Ծովքի հայրապետանոցը Կիլիկիա փոխադրել ուզէր եթէ Թորոս շարունակ պատերազմներու մէջ խռովեալ եւ անկայուն վիճակ մը չունենար: Մանաւանդ որ Ծովքն ալ կը վտանգուէր Եդեսիոյ կոմսին օգնել ուզած ատեն, Եդեսիա քաղաքին Ծանքի ամիրայէ 1144-ին գրաւուելէն ետքը, Ճոսլին կոմս պաշարուած էր 1148-ին Թելաւետեաց կամ Թլպաշար բերդին մէջ, երբ Ծովքի եւ Կարկառի իշխանը ու կաթողիկոսին եղբայրը Վասիլ, պաշարողներուն վրայ յարձակելով զանոնք կը ցրուէր եւ քաղաքին պաշար ալ տալով կը դառնար վստահօրէն: Բայց յանկարծ Հանձիթի իշխան Գարա-Ասլան դարանամուտ յարձակմամբ Վասիլը կը գերէր իր 400 ընկերներով (ՈՒՌ. 501): Անկէ ետքը Վասիլը հետը առած Կարկառի առջեւ կը ներկայանար, ուր էին անոր կինն ու զաւակները, որոնք յանձն կ՚առնէին բերդը յանձնել, իբր Վասիլի կեանքին փրկանք: Թէպէտ նա գերին չէր սպաններ, բայց իրեն մօտ կը պահէր, մեծաւ փառաւորութեամբ, սիրելի եղբօր պէս (ՈՒՌ. 502): Իսկ Վասիլի կինն ու զաւակները անտէրունջ մնացած կ՚ապաւինէին Հռոմկլայ բերդը` որ Ճոսլինի կը պատկանէր: Սակայն Ճոսլին ալ կը վտանգուէր, եւ Անտիոքի Բաղդովինոս կոմսին օգնութեան գացած ատեն Բաղդովինոսէ կը սպաննուէր, որուն վրայ ընդարձակ ողբ մը գրած է Բարսեղ վարդապետ Քէսունցի (ՈՒՌ. 473-500), հայրապետ կոչուած (ՈՒՌ. 473), իբրեւ պետ վանական հարց կամ վանահայր: Ինքն Ճոսլին ալ Հալէպի իշխան Նուրէտտինի ձեռք կ՚իյնար, եւ գերութեան մէջ կը մեռնէր (ՈՒՌ. 527): Ճոսլինի կինը, որ Կոստանդին իշխանապետին աղջիկն ու Թորոս իշխանապետին հօրաքոյրն էր, զինքն այլեւս ապահով չէր զգար այդ կողմերը, ուր երկու կողմէն Իկոնիոնի եւ Եգիպտոսի սուլտանութիւնները իրենց աշխարհակալութիւնը կ՚ընդարձակէին եւ կը զօրանային, իսկ Լատիններ հետզհետէ կը տկարանային: Ուստի միտքը կը դնէ Եւրոպա անցնիլ ուր էր իր որդին, կամ մնալ այնտեղ, կամ նոր զօրութեամբ դառնալ: Հռոմկլայ բերդը կամ Ռում-Քալէ, այսպէս կոչուած կը կարծուի վասն Հոռոմ աբեղայի անդ բնակելոյ (ՎԱՐ. 128), բայց աւելի հաւանականութեամբ Հոռոմոց բերդ եղած ըլլալուն համար, Բերդը երբեմն Ծովքի իշխան Վասիլի ձեռք ալ անցած էր, եւ վերջին անգամ Եդեսիոյ կոմս Ճոսլինի կը պատկանէր, եւ իր ամուր դիրքով ինքնուրոյն պաշտպանութեան ալ յարմար էր: Երբոր Ճոսլինի կինը Եւրոպա դառնալիք եղաւ, որդին բացակայ էր, Վասիլ գերութեան մէջ էր, Շահան եղբայրն ալ մէջտեղ չկար, մտածեց իր բերդը իբրեւ աւանդ յանձնել անոնց կաթողիկոս եղբօր, որ եթէ որդին դառնայ անոր յանձնէ, իսկ եթէ չդառնայ կ՚ըսէ, լաւ քեզ քան օտարաց (ՎԱՐ. 128): Այսպէս Գրիգոր Ծովքի հայրապետանոցը կը թողու, որ այլեւս ապահովութիւն չէր ներշնչեր, եւ կը հաստատուի Հռոմկլայ, ուր կանուխէն գլխաւոր սրբութիւններն ու թանկագին սպասներն ալ պահեստի դրած էր 932): Այս փոխադրուիլը յարմար է նշանակել 1149-ին, Ճոսլինի գերութեան եւ մահուան տարին, որով 1116-էն երբ աթոռը Շուղրէ Ծովք փոխադրուեցաւ 931), հայրապետանոցը իբր 33 տարի Ծովքի մէջ մնացած կ՚ըլլայ: Գրիգորի այդ որոշումը, որով Հռոմկլայի մէջ փակուիլը նախադասեց, եւ յայսմ տօթագին քարանձաւի արգելեալ մնալու յանձնառու եղաւ (ԸՆԴ. 8) եւ Թորոսի մօտ երթալու որոշումը չտուաւ, պէտք է վերագրել, ինչպէս ըսինք, այն յուզումնալից կացութեան յորում կը գտնուէր Թորոս, շարունակ պատերազմելու պարտաւորած Բիւզանդական կայսրութեան եւ անկէ գրգռուած Իկոնիոնի սուլտանութեան դէմ: Գրիգոր այդ քաշուած դիրքին մէջ ալ իր յարաբերութիւնները կը պահէր ներքին գաւառներու հետ, որուն նշան մը կը նկատենք, Գրիգոր քահանան Սիւնեաց արքեպիսկոպոս ձեռնադրելը: Բարսեղ եպիսկոպոս Երասխի մէջ խեղդուելով մեռած էր (ՕՐԲ. Բ. 85) 5 տարի պաշտօն վարելէ ետքը (ՕՐԲ. Բ. 248), եւ աթոռը ամայի կը մնար: Բարսեղի եղբայրը Գրիգոր ամուսնացեալ քահանայ էր, եւ զինքը յաջորդութեան հրաւիրողներէ խոյս կու տար, մինչ իր տիրուհին կամ երէցկինը, Ծամամ անուն, կը քաջալերէր ըսելով. տե'ս զսուրբն Գրիգոր եւ զորդիս եւ զթոռունս իւր, զի էին նոքա կանամբիք, եւ այսպէս Գրիգոր համարձակեալ գնաց առ տէր Գրիգորիս, եղբայր Ներսէսի, եւ ձեռնադրեալ եպիսկոպոս Սիւնեաց` վիճակը կառավարեց 20 տարի (ՕՐԲ. Բ. 86) մինչեւ 1168:

945. ՀՌՈՄԿԼԱՅԻ ՄԷՋ

Ճոսլինի կնոջ ըրած տուուչութեան մասին, պատմիչը կը գրէ, թէ շարժեալ ի հոգւոյ Հռոմկլան ետ յերկոսեան հարազատսն, եւ մենք միտեալ ենք անոր մէջ ազգասէր հոգի մը տեսնել, քանի որ Հայ արիւն կար Կոստանդինի դստեր եւ Ռուբէնի թոռին երակներուն մէջ, թէպէտ Լատինի ամուսնացած: Իսկ կնոջ բերնին դրուած այն խօսքը, թէ կայ իմ որդի յայնկոյս ծովուն առ ծնողսն իմ (ՎԱՐ. 128), պէտք է Ճոսլինի որդւոյն հօրենական ազգատոհմին վրայ իմանալ: Տղան արեւելք դարձաւ իր մօրը Եւրոպա գալէն ետքը, բայց տեսնելով թէ տիրեալ էր Թուրքն բոլոր շրջակայ գաւառաց, ոչ վստահանար միայն բնակիլ ի մէջ այլազգեաց, եւ Գրիգոր ու Ներսէս տեսնելով անոր այդ միտքը, տուեալ ինչս յոլով, Հռոմկլայի սեփականութիւնը եւ տիրապետութիւնը գնեցին, եւ Ճոսլինի որդին դարձուցին անդրէն Եւրոպա (ՎԱՐ. 128): Այս է Հռոմկլայի հայրապետանոց դառնալուն հաւատարմագոյն պատմութիւնը, իսկ այն դարձուածքը որով Գրիգոր կաթողիկոս աղաչեաց, եւ կինն ետ յօժարութեամբ կ՚ըսուի, եւ փոխարէն Թորոս գիւղս եւ ագարակս եւ զայլ կալուածս տուած կ՚ըըլայ Ճոսլինի կնոջ, բնաւ ճշմարտանմանութեան երեւոյթ չի ներկայեր, վասն զի եթէ Թորոս յուղարկեաց զնա յաշխարհն իւր, կալուածներ տալու բնաւ պէտք չկար (ԿԻՐ. 62): Մեր տեսութեամբ հազիւ թէ տարի մը Հռոմկլայ իբր աւանդ մնացած կրնայ ըլլալ կաթողիկոսին ձեռքը, եւ 1150-է կրնանք հաշուել տիրապետութեան սկիզբը, որով կաթողիկոսներ աւատապետ իշխանի դիրքը ստանձնեցին իրենց բերդին մէջ, պաշտօնապէս ոչ Լատինաց եւ ոչ Այլազգեաց գերիշխանութեան ենթարկուած ըլլալով, այլ պարագայից համեմատ երկու կողմերուն հետ ալ հաշտ ապրելով, ոչ տարեկան եւ հաստատուն հարկի պայմանով, այլ պէտք եղած ատեն առատատուր նուէրներով անոնց բարեացակամութիւնը գնելով: Անգամ մը որ կատարեալ տիրապետութիւնը ձեռք անցուցին, սկսան իրենց դղեակը զարդարել թէ իբրեւ բերդ եւ թէ իբրեւ հայրապետանոց, կաթողիկէ մըն ալ հիմնեցին, եկեղեցի հրաշազան գմբէթարդ (ԿԻՐ. 63), ուրիշ ամէն յարակից շինութիւններով: Հռոմկլայի հաստատուն բնակութիւնը աւելի Ներսէսի քան Գրիգորի անունին յարակցած մնաց, զի Կլայեցի մակդիր անունը, որ Ներսէսի համար սովորական դարձաւ, Գրիգորի երբեք չտրուեցաւ: Հռոմկլայի հայրապետանոցի մէջ յառաջացողներէն մէկն ալ Վասիլի տղան Գրիգոր եղաւ, որ հօրը պաշտպանութիւնը կորսնցնելով, կատարելապէս իր հօրեղբօր կաթողիկոսին հովանաւորութեան ներքեւ մտաւ, եւ կերպով մը կաթողիկոսին տղան եղաւ, եւ հարկաւ այնպէս ալ սկսած է կոչուիլ, որ Տղայ մակդիր անունը իր վրայ հաստատուն մնաց մինչեւ վերջը: Եկեղեցական կոչումի հետեւող եւ աստիճաններու մէջ յառաջացող կաթողիկոսին եղբօրորդիներուն մէջ, Վասիլի զաւակէն զատ, Շահանի մէկ զաւակն ալ կար` Ապիրատ անունով եւ երկուքն ալ կերպով մը ապագայ կաթողիկոսութեան կը պատրաստուէին, սովորութեան անցած ժառանգական իրաւունքով, ինչպէս իրօք ալ այդ աստիճանին բարձրացած պիտի տեսնենք իրենց կարգին:

946. ԱՄԱՅՔ ԵՒ ՇՊՂԹԱՆ

Վերջին անգամ Թոնդրակեցիներու վրայ խօսած ատեննիս ըսինք, թէ Մագիստրոսի հանած հալածանքէն խուսափելով դէպի Միջագետք գացած, եւ Ասորի տարրին մէջ ապաւինած էին 858), որ Հայերէն շատ աւելի դիւրամէտ էին աւելորդապաշտ եւ կրօնամոլ ուղղութեան: Ասոնց յաջորդներն ու մնացորդներն են, որոնց գոյութիւնը յանկարծ կը յիշատակուի այդ միջոցին ի Միջագետս Ասորւոց (ԸՆԴ. 240), Ամայք եւ Շպղթան գաւառներու մէջ, Թլկուրանի իշխանութեան մէջ, որուն գլուխը կը գտնուէր Առիւծ անուն իշխան մը, չենք գիտեր որ տոհմէն: Զարմանալի չէ որ այդ աղանդաւորները միեւնոյն անունով չեն յիշուիր շարունակ, վասնզի, իրենց աղանդին անուն մը սեփականած չունէին, որպէսզի ազգային եկեղեցիէն բաժնուած եւ տարբերուած չկարծուին եւ միայն իրենց բնակավայրին անունով կ՚որոշուէին եւ կը կոչուէին: Ընդհանրապէս առանձնացած եւ ինքնուրոյն դիրք մը կը պահէին, բայց երբ ինքզինքնին տեղ մը բազմացած եւ ուժովցած կը տեսնէին, արտաքին բռնութեանց իսկ կը ձեռնարկէին, եւ իրենց վրայ մտադրութիւն կը հրաւիրէին, եւ զսպելու ձեռնարկները անհրաժեշտ կը դառնային: Այսպէս եղած էր Ամայք եւ Շպղթան գաւառներու մէջ ալ, որ Թլկուրանի իշխանը Առիւծ, պէտք զգաց յատուկ կերպով Գրիգոր կաթողիկոսին դիմել, որպէսզի պատշաճ հրամանները տայ, եւ գլխաւորաբար խրատէ զքահանայս Ամայք եւ Շպղթան կոչեցելոց գաւառաց (ԸՆԴ. 241), որոնք աղանդաւորներուն կողմը վաստկուած էին: Ամայքի դիրքը անորոշ կը մնայ, վասնզի այստեղ ի Միջագետս Ասորւոց ցուցուած է, մինչ ուրիշ տեղ Կիլիկիոյ բերդաքաղաքներու կարգէն Ամայք մըն ալ յիշուած է, եւ երկուքը իրարմէ տարբեր կարծուած են (ՍԻՍ. 197), բայց անհաւանական չէ նոյնացնել ալ, վասնզի այդ միջոցին Կիլիկիա եւ Կոմագինէ եւ վերին Ասորիք, եւ Եփրատին միւս կողմը Միջագետքի առաջակողմը, իրարու միացած իբրեւ միեւնոյն երկիր կը նկատուէին անխտիր կերպով: Թլկուրանի իշխանին ըրած դիմումին ալ շարժառիթ կրնայ նկատուիլ, կաթողիկոսին Հռոմկլայ փոխադրուելով Միջագետքի մօտ գացած ըլլալը: Աշխարհագրական զննութիւնները մասնագէտներուն թողլով, մեզի բաւական ըլլայ գիտնալ, թէ Գրիգոր կաթողիկոս, առաջին անգամ վարդապետական եւ խրատական նամակով մը աղանդաւորները իրենց մոլորութենէն ետ կանչել ուզեց, եւ նամակին պատրաստութիւնը յանձնեց իր եղբօր Ներսէսի: Ճշդիւ այդ նամակին ուսումնասիրութենէն կը հաստատուի, թէ Ամայեցիներ եւ Շպղթանցիներ նախկին Թոնդրակեցիներուն եւ Թուլայլեցիներուն յաջորդներն են, ժամանակի անցնելովը մուծուած ինչ ինչ մանր փոփոխութիւններով մէկտեղ, որոնք Ասորւոց եւ Հայոց շփումէն յառաջ եկած էին: Արդէն նոյնիսկ գրուածին մէջ Սմբատ Թոնդրակեցին ալ կը յիշուի իբրեւ իրենց աղանդին հեղինակը (ԸՆԴ. 269):

947. ՎԱՐԴԱՊԵՏԱԿԱՆ ԳԻՐԸ

Կատարելապէս վարդապետական է կաթողիկոսին հրամանով եւ անոր կողմէն Ներսէսի գրած նամակը (ԸՆԴ. 240-289), ուր մի առ մի յառաջ կը բերուին աղանդաւորներուն քարոզած մոլորութիւնները, եւ պատշաճ հերքումները կը տրուին: Նամակը նախապէս կը ցուցնէ, թէ ինչպէս պէտք է քննել ու մեկնել Սուրբ Գիրքը, որ երբ մէկ կողմէն միտ դնել ընթերցուածոց խրատը կը գործադրուի, ի յիմար եւ յանիմաստ խնդրոց հրաժարեա հրամանն ալ յարգուի: Առաջին խնդիրը մարդեղութեան խորհուրդին վրայ է, թէ ինչպէս պէտք է իմանալ երկու բնութեանց միաւորութիւնը եւ Քրիստոսի մահը որ խաչին վրայ ոչ աստուածային բնութիւնը մեռած ըսուի, եւ ոչ սոսկ մարդ մը մեռած կարծուի: Սուրբ Գիրքէ եւ սուրբ հայրերէ վկայութիւններով կը բացատրէ Ներսէս` բնութեանց միաւորութիւնը Հայ եկեղեցւոյ տեսակէտէն, Նեստորն ու Եւտիքէսը հաւասարապէս մերժելով, բայց քաղկեդոնիկ դրութեան ալ չմօտենալով (ԸՆԴ. 242- 252): Յետոյ կը խօսի մատաղին վրայ, զոր իբրեւ հրէական զոհ կը պախարակէին աղանդաւորները, եւ կը ցուցնէ տարբերութիւնը, եւ զատկի եւ տեառնականի եւ ննջեցելոց մատաղները յիշելով` անոնց պայմանները կը բացատրէ, աղի օրհնութեան նշանակութիւնը կու տայ, եւ չուտուելիք այսինքն անսուրբ կենդանիներ գտնուիլն ալ կը պաշտպանէ, զոր օրինակ մուկն ու մողէսը (ԸՆԴ. 252-264): Նկատելի է այն ըսածը, թէ մատաղը Հռոմայեցւոց եկեղեցւոյն հետեւողութեամբ մտած է Հայոց մէջ, եւ թէ Փռանկները զատկի օրը խորոված գառ մը կը դնեն պատարագին սեղանին ներքեւ, եւ հաղորդուելէ ետքը անկէ կտորներ կը բաժնեն, եւ կ՚ուտեն եկեղեցւոյն մէջ, ուրիշ կերակուրէ առաջ (ԸՆԴ. 258): Հարկաւ Լատիններուն մօտ այսպիսի սովորութիւն մը տեսած էր, որ համարձակօրէն կը պատմէ, թէպէտ այժմ այսպիսի սովորութիւն մը այլ եւս չտեսնուիր: Երրորդ կէտը Հին Կտակարանի մէջէն Եդեմական դրախտին, Գիտութեան ծառին, Նոյի տապանին, Սաբեկայ խոյին, Մովսէսի գաւազանին եւ նմաններուն, պատմական իրողութիւններ ըլլալուն վրայ է, թէպէտեւ խորհրդաւոր նշանակութիւն ալ ունենան, եւ թէ նշանակութիւնը` իրականութիւնը չի ջնջեր (ԸՆԴ. 265-269): Չորրորդ յօդուածով կը պաշտպանէ խաչ օծելու, եկեղեցի օրհնելու, եւ ուրիշ Մաշտոցի պարունակուած ծիսակատարութիւնները, կը յիշէ թէ հակառակը Սմբատ Թոնդրակեցիին արդէն հերքուած մոլորութիւնն է, եւ կ՚ակնարկէ Անանիա Նարեկացիի աւելի ընդարձակ գրութեան: Յատկապէս կը զբաղի խաչին պաշտելի թէ պատուելի ըլլալուն վրայ, եւ երկրպագելի կ՚ընդունի` ոչ Խաչին նիւթը, այլ Խաչեալ Քրիստոսը: Նոյն կերպով կը մեկնէ եկեղեցիի նշանակութիւնը: Մաշտոցին համար ալ կ՚ըսէ, թէ երանելին Մաշտոց, ոչ թէ ինքն յարմարցուցած է ծիսակատարութիւնները, այլ ի մերոց Լուսաւորչացն եւ յայլոց ազգաց հայրապետաց պատրաստուածները ի մի գիրս հաւաքած է (ԸՆԴ. 269-275): Շնորհալիին գրածէն որոշ չհասկցուիր թէ Մաշտոց-Մեսրոպի, կամ թէ Մաշտոց կաթողիկոսին կ՚ուզէ ակնարկել, այլ աւելի հաւանական կ՚երեւի` մերոց Լուսաւորչաց խումբէն դուրս եղող մէկու մը, այսինքն Մաշտոց կաթողիկոսին ակնարկած կարծել: Նոր կէտ մը անցած ատեն, երկրորդ թուղթ մը կը յիշէ ի ձէնջ գրեալ (ԸՆԴ. 275), որով կը յայտնուի թէ միայն ի վերայ գրոյ պատուական իշխանին Առիւծու չի հիմնուիր (ԸՆԴ. 242), այլ իրենց իսկ խոստովանութիւնները աչքի առջեւ ունի: Հինգերորդ յօդուածով մի առ մի կը հերքէ Եւտիքէսի դրութենէն հետեւող երկու մոլորութիւնները, թէ մարմինն Տեառն մերոյ ոչ էր ի բնութենէ մարդկան, այլ յառաջ քան զլինելութիւն մարդոյն, եւ թէ մարդեղութիւն ըսուածը եղած է Բանին էութեան թանձրանալ յորովայն կուսին, իբրեւ ջուր սառուցեալ, այլ ոչ զմարդկայինս առեալ բնութիւն. եւ այս կէտերը հերքելու համար յառաջ կը բերէ աւետարանի խօսքերը, եւ կը բացատրէ տնօրինական գործողութիւնները (ԸՆԴ. 275-283): Վերջին յօդուածով կը հերքէ Մարդակերպարանեան մոլորութիւնը որ աստուածային բնութեան մարդկային անդամներու կերպարաններ կը վերագրէր, իսկ մարդուն ի պատկեր Աստուծոյ եղած ըլլալը կը մեկնէ մարդկային բնական ազատութեան վրայ, իբր զի եթէ ոչ էր անձնիշխան, ոչ վարձս ընդունէր եւ ոչ տանջանս (ԸՆԴ. 283-288): Նամակը կը փակէ ընդհանուր յորդորականով, որ ի բաց դարձուսջիք զլսելիս ձեր ի թիւր եւ ի մոլար բանից անիմաստիցն եւ մոլորելոցն, որպէսզի թէ այս կեանքի եւ թէ հանդերձեալի մէջ երջանիկ ըլլաք (ԸՆԴ. 289):

948. ԹՈՐՈՍԻ ԳՈՐԾԵՐԸ

Երբոր ասոնք տեղի կ՚ունենային, Հռոմկլայի հայրապետանոցին մէջ, անդին Թորոս Լեւոնեան բուռն ընդդիմութեանց դէմ պատերազմելու զբաղած էր, Ռուբինեանց հայրենական իշխանութիւնը վերակենդանացնելու, անկախ ընելու, եւ ամրացնելու համար: Մանուէլ Կոմնենոս աղէկ աչքով չէր տեսած որ Թորոս յաջողի կայսրութեան երկիրներէն խլել Կիլիկիան, զոր իր հայրն Յովհաննէս Կոմնենոս կայսրութեան ներքեւ առած էր: Երբոր Յոյներ մինակ ինքզինքնին անբաւական կը տեսնէին Հայերը նուաճելու, Իկոնիոնի սուլտան Մասուտը օգնութեան կը հրաւիրէին, բայց նա կը բաւականանար, որ իր գերիշխանութիւնը ճանչնան Հայերը, որոնք միայն Յոյներուն դէմ էին, եւ անհնար է կ՚ըսէին, դարձուցանել զմերն ի Հոռոմն: Այսպէս Հայեր եւ Թուրքեր դաշինս սիրոյ խաղաղութեան կը կնքէին 1153-ին (ՈՒՌ. 511): Բայց Յոյներուն նոր գրգռութիւններէն եւ խոստումներէն ազդուելով, Իկոնիոնի սուլտանութիւնը կրկին կը յարձակէր Հայերուն վրայ, Յոյներ ալ իրենց կողմէն շարունակ բանակներ կը շարժէին Հայերուն դէմ, որոնք յաջողութեամբ դէմ կը դնէին, Թորոս իշխանապետի եւ Ստեփանէ եւ Մլեհ եղբայրներուն հրամանատարութեամբ: Պահ մը Ստեփանէ ուզեց ինքնիր գլխուն գործել, եւ իրեն որոշ իշխանութիւն մը հաստատել Կոմագինէի կողմերը, բայց ձախողելով Յոյներուն ձեռք ինկաւ, եւ յեռանդեան կաթսայ արկեալ սպաննուեցաւ (ՎԱՀ. 209), 1157 Փետրուար 3-ին, ըստ Յայսմաւուրաց (ՅԱՍ. Ա. 62), եթէ արաց 27-ը շարժական տոմարի չվերածենք, որ այն ատեն պիտի համեմատուէր Օգոստոս 5-ին: Թորոս ու Մլեհ սաստիկ զինուեցան Յոյներէն վրէժը հանելու, եւ մինչեւ Կիպրաւ հասուցին իրենց թշնամութիւնները: Մանուէլ Կոմնենոս իր զօրավարներուն անյաջողութիւնը տեսնելով, անձամբ եկաւ Թորոսի դէմ 1159-ին: Այդ միջոցին էր, որ Մլեհ եղբօրը դէմ ելլելով մինչեւ իսկ զայն սպաննել կը խորհէր, բայց Թորոս երբ զայն կալաւ, միայն քշփեց խիստ եւ եհան յերկրէն (ՍՄԲ. 99), եւ նա իր համախոհ իշխաններէն մաս մըն ալ հետը տանելով Հալէպ գնաց: Երբ Թորոս ինքզինք տկարացած զգաց, սկսաւ Յոյներէն խուսափիլ, վերջէն Լատին իշխաններէն` Երուսաղէմի թագաւորին եւ Անտիոքի կոմսին միջամտութիւններուն դիմեց եւ կայսեր հետ հաշտութիւն կնքեց, Անարզաբան եւ Մամեստիան Յոյներուն դարձնելով, եւ Կիլիկիոյ միւս մասերու վրայ իր իշխանութիւնը ապահովելով յունական գերիշխանութեան ներքեւ, վասնզի կայսրն ալ պարտաւորուեցաւ, այդչափ տարիներու անպտուղ ճիգերէն ետքը, Հայոց Կիլիկեան իշխանապետութիւնը ջնջելու գաղափարէն հրաժարիլ: Այսպէս խաղաղ կացութեան մը սկիզբ տրուեցաւ 1159-ին, տասնեւհինգ տարի շարունակ պատերազմական շրջան մը բոլորելէն ետքը 1144-էն սկսելով 943): Իսկ Մլեհ բոլորովին բաժնուելով Հայոց իշխանապետութենէն մնաց Բերիա, Հալէպի սուլտան Զանգիի որդի Նուրէտտինի մօտ:

949. ՕՇԻՆԵԱՆՑ ԸՆԹԱՑՔԸ

Մանուէլի եւ Թորոսի մէջ կնքուած հաշտութեան հետեւանօք, երկու Հայ իշխաններ կը գտնուէին Կիլիկիոյ մէջ, իրարու դրացի, իրարմէ անկախ, երկուքն ալ յունական գերիշխանութիւնը ճանչցող, եւ Յոյներէն Սեւաստոս ճանչցուած, իբր կայսերական ներկայացուցիչ ներքին ազատ վարչութեան իրաւունքով: Այս երկուքէն մէկը Կիլիկիոյ իշխանապետ Թորոսն էր, իսկ միւսը Լամբրոնի իշխան Օշինը, Հեթումի որդին եւ Օշին Գանձակեցիի թոռը 905), որ կաթողիկոսին ալ խնամի եղած էր, ամուսնանալով անոր Շահան եղբօր Շահանդուխտ դստեր հետ: Լամբրոնի իշխաններուն քաղաքականութիւնը եղած էր, կապակցութիւն յունական շահերուն եւ հաւատարմութիւն յունական քաղաքականութեան, որով մինչեւ իսկ Յոյներուն կողմէն պատերազմած էին Թորոսի դէմ, եւ Օշին ինքը գերի ինկած էր Թորոսի ձեռքը 943): Սակայն զՕշինըն վաճառեալ Թորոս, եւ զբազմութիւն ոսկւոյ առեալ ազատ թողուց զայն(ՎԱՀ. 207), կամ աւելի ճիշդ խօսելով, Օշին կտրեց գին անձին իւրոյ ոսկի դահեկան քառասուն հազար, եւ ետ զքսան հազարն, եւ կիսոյն գրաւական երետ զտղայ որդին իւր Հեթում: Բայց վերջէն համաձայնեցան որ Հեթում Թորոսի աղջկան ամուսնանայ, եւ մնացեալ քսան հազարը հարսին պռոյգ սեպուի, որով Թորոս Հեթումը նախ մկրտել, եւ յետոյ պսակել տալով իր հօրը դարձուց (ՍՄԲ. 96), եւ այսպէս սիրով ընդ նա կապեալ եղաւ (ՎԱՀ. 207), ու պահ մը խաղաղութիւն տիրեց երկու իշխաններուն մէջ: Սակայն Թորոս իր ընդարձակ նպատակէն շուտով ետ կեցող չէր, ուստի նորէն փորձեր սկսաւ ընել տէրութիւնը շուտով ընդարձակելու Լատիններու հովանաւորութեամբ: Այդ առթիւ Թորոս մինչեւ Երուսաղէմ ալ գնաց, եւ յաջողեցաւ Յոյներէ գրգռուած այլազգիներուն ալ դիմադրել, բայց իրեն ցաւ եղաւ Օշինի նորէն Յոյներու կողմը բռնելը, ուստի անոր դէմ ալ ելաւ, եւ անոր սահմաններն ալ արշաւելով վնասներ հասցուց: Երկու Հայ իշխաններուն նորէն գժտիլը վշտացուց կաթողիկոսը, որ ուզեց հաշտութիւնը վերանորոգել անոնց մէջ, եւ գործը յանձնեց իր եղբօր Ներսէսի, որ անձամբ երթայ եւ տեսակցի եւ կարգադրէ: Այդ մասին մեզի տեղեկութիւն կու տայ նոյնինքն Օշինի որդին Սմբատ Լամբրոնացին, որ այն ատեն իբր 12 տարեկան պատանի, հարկաւ շատ չէր կրնար իրողութիւնները թափանցել, եւ միայն երկու ալեւորեալ հերով, եւ լցեալ զժամանակս անձանց տպաւորութիւնը պահած է կաթողիկոսին եւ անոր եղբօրը վրայ, բայց մեծնալէն եւ Ներսէս անունով արքեպիսկոպոս ըլլալէն եւ գրիչը ձեռք առնելէն ետքն ալ, չէ կրցած իր Օշինեան աւանդական տեսութիւններէն հեռանալ: Հետեւաբար իր եղբօր աներ Թորոսը կը դատէ իբրեւ ամբարտաւան, եւ իբր մոռացեալ զերդմնակուռ դաշինսն, եւ իր հայր Օշինը իբր բարեպաշտ, եւ իբր հաւատարմապէս մնացեալ ի հնազանդութիւն արքային Հոռոմոց (ԸՆԴ. 86), եւ այս կերպով կանուխէն կը յայտնէ այն օտարասէր ուղղութիւնը, որ Լամբրոնացի Ներսէսին գլխաւոր նկարագիրը կազմեց, թէպէտեւ բացարձակ արդիւնքի մըն ալ չյանգեցաւ:

950. ՇՆՈՐՀԱԼԻ ՊԱՏԳԱՄԱՒՈՐ

Ներսէս Շնորհալիի հաշտարար պատգամաւորութեան սկիզբը պէտք է դնենք 1164-ին, զի ետ դառնալը Հայոց 614-ի այսինքն 1165-ին դրուած է (ԸՆԴ. 87), եւ պատգամաւորութեան առաջին մասը բնաւ պատմուած չէ, որ բաւական երկար պէտք էր եղած ըլլար: Ներսէս պարտաւոր էր առաջ Թորոսը տեսնել, եւ անոր սիրտը շինել, պայմաններուն վրայ համաձայնիլ, եւ դիւրին ալ չէր Թորոսի նման խրոխտ մէկ մը իր յաղթական ճամբուն վրայ կասեցնել, որ իր աւելի զօրաւոր տէրութեամբը եւ աւելի կարող ռազմագիտութեամբը անգամ մըն ալ Օշինը գերելու, եւ թերեւս այս անգամ անոր իշխանութիւնն ալ ջնջելու, ամէն հաւանականութիւն, եւ գրեթէ ստուգութիւնն ունէր ձեռքը: Այս առաջին մասը վերջացնելէ ետքը, պէտք էր Օշինը տեսնել, եւ համաձայնութեամբ հաստատուած պայմաններուն հաւանեցնել, եւ վերջէն Օշինն ալ Թորոսի տանիլ, որ հաշտութեան դաշնագիրը ստորագրուի: Հաշտութենէ ետքը գերագոյն իշխանն, ինչպէս Լամբրոնացին կ՚անուանէ իր հայրը, զսրբասնեալ արքեպիսկոպոսն Ներսէս, յիւրն սեպհական աւանն Լամբրոն բերէր ըսելը, յայտնապէս կը ցուցնէ, թէ հաշտութիւնը Լամբրոնէ դուրս կնքուեցաւ, Թորոսի նստած քաղաքը, թերեւս Վահկայ բերդը, որով Ներսէս ալ զհաւատացեալ գործն արդեամբ կատարած եղաւ, անքակ սիրով կապակցելով երկու իշխանները ընդ միմեանս (ԸՆԴ. 86): Մեզի յայտնի չեն այն պայմանները, որոնց վրայ հիմնուած էր Կիլիկիոյ եւ Լամբրոնի իշխաններուն անքակ սէրը, բայց շատ հաւանական կ՚երեւի, որ այնուհետեւ Լամբրոնի իշխանները Կիլիկիոյ իշխաններուն գլխաւորութիւնը ճանչնալով համերաշխ գործակցութիւն կը հաստատէին իրարու հետ: Երկու իշխաններն ալ Շնորհալիին համար օտարներ չէին, Օշին իր եղբօր փեսան էր, Թորոս ալ իր եղբօր աներն էր, բայց այս նկատումներէն աւելի բարձր նպատակ մը կը սիրենք վերագրել Շնորհալիին, Հայութեան գլուխը զօրաւոր եւ գլխաւոր իշխանութիւն մը ունենալու դիտումը, որչափ ալ Հռոմկլայ, տակաւին դուրս էր Թորոսի իշխանութեան սահմաններէն: Օշին Թորոսին մօտէն ետ դառնալով իր դղեակը բերաւ Շնորհալին, որ ըսել է թէ գոհ մնաց անոր ըրածին իր վերահաս վտանգէ ազատուելուն վրայ, եւ ըստ արժանի պատուով մեծարեալ պատուեց խաղաղարար եպիսկոպոսը ի մէջ հարազատ ընտանեացն եւ կարեւոր բարեկամացն: Շնորհալին ալ օրհնեալ զնոսա եւ զդղեակն եւ զամենայն բնակիչս գաւառին, ուղեւորեցաւ կաթողիկոսին մօտ դառնալ, Օշին ալ իրեն ուղեկցեցաւ ի պատիւ, եւ միասին հասան Մամեստիա կամ Մսիս քաղաքը, ուր կը նստէր կայսերական դուքսը: Հոռոմոց սովորութիւն էր ամէն տարի դուքսերը փոխել, եւ այս տարուան նստողն էր Ալեքս հռչակաւորն թագազարմ իշխան, Մանուէլ կայսեր փեսայ, Պռօտոստրատօս աստիճանով, որ է հեծելազօրաց սպարապետ (ԸՆԴ. 86): Ալեքս շատ գոհ եղաւ այս հանդիպումէն, որովհետեւ խոհական առաջնորդն Հայոց կրնար իրեն գոհունակութիւն տալ, եւ բացատրել զպատճառ պառակտելոյ միոյ եկեղեցւոյ Քրիստոսի: Ինքն ալ կորովամիտ եւ իմաստուն անձ մըն էր, կրօնական խնդիրներով զբաղող, ինչպէս բոլոր բիւզանդական պալատականները, եւ Շնորհալիէ տարբէր անձ մը պիտի չկարենար զինքն լաւագոյն կերպով լուսաբանել: Ստիպեց եւ հիւր պահեց Ներսէսը, օրերով բանակցեցաւ եւ վիճաբանեցաւ անոր հետ բոլոր դաւանական եւ ծիսական տարբերութեանց վրայ, եւ գոհ մնալով անոր տուած բացատրութիւններէն խնդրեց որ գիրի առնէ խօսուած կէտերը, եւ Շնորհալին այնտեղ Մամեստիայի մէջ շարադրեց իր առաջին Գիր հաւատոյ խոստովանութեան Հայաստանեայց եկեղեցւոյ գրուածը, որուն պատճէնը պահած է Լամբրոնացին Պատճառ խնդրոյ միաբանութեան հաւաքածոյին մէջ (ԸՆԴ. 87):

951. ՀԱՒԱՏՈՅ ԳԻՐԸ

Շնորհալին այդ գրուածին (ԸՆԴ. 87-107) յառաջաբանին մէջ յայտնապէս կ՚ըսէ թէ խօսուածներուն չմոռցուելուն համար կ՚ուզէ եղած խօսակցութիւնները գրով արձանացուցանել, ինչպէս որ Ալեքս խնդրած է: Անմիջապէս ընդարձակ հանգանակ մը կը կազմէ (ԸՆԴ. 88-93), որուն մէջ աւելի տեղ կը բռնեն Մարդեղութեան խորհուրդը եւ բնութեանց միաւորութիւնը: Կը խորշի Քաղկեդոնը յիշելէն եւ երկու բնութիւն բացատրութիւնը հերքելէն, եւ կը բաւականանայ յերկուց կատարեալ բնութեանց միաւորութիւնը պաշտպանել, զմարդկային բնութիւնս խառնմամբ եւ միաւորութեամբ միացած ընդունիլ, ու ամն եւ ոմն բանաձեւը մերժել, որ Լեւոնի տոմարին մէջ ընդունուած է: Այս կերպով հայադաւան դրութիւնը կը հռչակէ, առանց յունադաւան դրութիւնը մեղադրելու, որ միայն խոհական զգուշաւորութիւն մըն է: Կը պաշտպանէ Յիսուսի ծնունդին Յունուար 6-ին տեղի ունեցած ըլլալը, հիմնուելով Զաքարիայի քահանայապետ եղած ըլլալուն ենթադրութեան եւ անցողակի կը յիշէ Հայ եկեղեցւոյ մէջ Աստուածածնի պատուոյն երգեր երգուիլը (ԸՆԴ. 94-95): Անկէ ետքը նորէն բնութեանց խնդրին դառնալով, համարձակ կը խոստովանի թէ ասեմք մի բնութիւն ի Քրիստոս, բայց ոչ ըստ Եւտիքեայ, այլ ըստ Կիւրղի, եւ եթէ երկու բնութիւն ասելը` միայն անշփոթութեան իմաստով գործածուի, կ՚ըսէ, ոչ փախչիմք (ԸՆԴ. 96-97): Կ՚ընդունի թէ Հայեր շուշմայ ալ գործածած են միւռոնին համար, քանի որ Հայաստանի մէջ ձիթենիի ձէթ չի գտնուիր եւ երկուքն ալ բուսական ձէթ են, եւ ոչ թէ ձիթենիի նիւթէն է միւռոնի աստուածային ազդումը, եւ երկուքին տարբերութիւնը աննշանակ կը գտնէ, ինչպէս պատարագի գինիին գոյնը (ԸՆԴ. 97): Պատկերներու մասին կ՚ըսէ, թէ Փրկչականը ընդունիմք եւ երկրպագեմք, եւ սրբոցը ըստ իւրաքանչիւր կարգի պատուեմք, փայտէ խաչերուն բեւեռ կը զարնենք, երկու մասերը միացնելու, իսկ միատարր նիւթէ շինուածներուն բեւեռ չենք դներ, եւ ասոր հակառակ ըսուածները արարուածք տգիտաց կ՚անուանէ (ԸՆԴ. 96), եւ կը յայտնէ թէ Սուրբ Աստուած ը որ խաչեցար ով ի դէմս Որդւոյ կ՚երգուի (ԸՆԴ. 99): Մեծ-Պահքին Շաբաթ եւ Կիրակի օրերը ձէթ եւ կաթ ճաշակելու մասին կ՚ըսէ, թէ հին ատեններ Հայոց իշխաններ բոլոր մեծ-պահքին մէջ ձուկ եւ ձէթ կը գործածէին, եւ գինի կը խմէին Յոյներու եւ Փռանգներու պէս: Եւ ժամանակին առաջնորդները հրամայեցին հինգ օր անոնցմէ զգուշանալ, եւ միւս երկու օրերը ձէթ ու կաթ ալ գործածել, ձուկն ու ձէթը անոնց հաւասար համարելով, այդ ալ կ՚ըսէ ներելով միայն հրամայեցաւ այն ատեն, եւ յետոյ բարձաւ ի միջոյ: Այժմ ալ, կ՚ըսէ, իշխաններ եւ զինուորներ, երբեմն ինքնակամ կամօք եւ երբեմն ի մէնջ թոյլ տուեալ յիշեալ ուտելիքներուն կը մերձենան, մինչ եկեղեցականներ եւ բազումք ի ժողովրդոց խստութեամբ կը պահեն, զանցառուներուն ծանրագոյն բեռն ապաշխարութեան ի վերայ դնեմք (ԸՆԴ. 99-100): Բաժակին ջուր չխառնելը Լուսաւորիչէն մնացած աւանդութիւն կը ճանչնայ եւ կը պաշտպանէ (ԸՆԴ. 100): Այնպէս կը պաշտպանէ խաչերուն լուացումը եւ օրհնութիւնը մէկ անգամուան համար, եւ կը հերքէ ամէն տարի կրկնելու զրոյցը (ԸՆԴ. 101): Մարդեղութեան խնդիրներուն դառնալով կը հեռացնէ երեւութականութեան զրպարտութիւնը, եւ կ՚ընդունի ի Քրիստոս մարմին երկրաւոր, թանձր, չարչարելի եւ մահկանացու, եւ ապականացու ըսելը կ՚ամփոփէ քաղցոյն եւ ծարաւոյն եւ արտասուելոյն եւ արեանն հեղլոյն վրայ, եւ կը հեռացնէ այն ամենայն, որ մեղաց է ծնունդ: Ասկէ առիթ առնելով անգամ մըն ալ կը շեշտէ թէ Հայեր մի բնութիւն ըսելով երբեք չեն իմանար թէ ընկղմեցաւ մարդկութիւնն (ԸՆԴ. 102-104): Ամենէն վերջը կը խօսի Առաջաւորաց պահքին վրայ, ցրելով Սարգիս Կախարդի առասպելը, եւ հաստատելով Հայոց լուսաւորութեան առթիւ Լուսաւորիչէ հրամայուած ըլլալը (ԸՆԴ. 105): Գրութիւնը կը փակէ երդմամբ, թէ ոչ աւելի եւ ոչ պակաս բան մը գրած չէ, այլ միայն ու միայն ճշմարտութիւնը գիրի առած է (ԸՆԴ. 106): Սոյն գրութեան պատճէնը Կիրակոս ալ յառաջ բերած է իր պատմութեան մէջ (ԿԻՐ. 69): Պարունակութիւնը կատարելապէս Հայ եկեղեցւոյ ազատախոհ եւ շինարար սկզբունքներուն համաձայն է, մեկնութիւնները հիմնական են, եւ Հայոց դաւանութենէ կամ ծէսէն բան մը զոհուած չէ: Միայն խմբագրութեան մէջ դիտելի է` մէջ ընդ մէջ դաւանական եւ ծիսական խնդիրներուն խառնումը, սակայն այդ պարագան պէտք է վերագրել Ալեքսի ներկայած հարցարանին, որուն կը հետեւի Շնորհալին, ստէպ կրկնելով, Դարձեալ գրեալ էր ի գիրս. Գրեալ էր եւ զայս ինչ. Նաեւ այս եւս ամբաստանութիւն գրեալ էր, եւ այլն (ԸՆԴ. 97-99), եւ երբեք իր կողմէ կազմուած ծրագիրի մը հետեւած չէ:

952. ՇՆՈՐՀԱԼԻ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ

Շնորհալիի Մամեստիոյ մէջ եղած տարի 1165 էր (ԸՆԴ. 87), յաւէտ տարւոյն առաջին մասին մէջ, վասնզի Մամեստիայէ նորէն Լամբրոն կը դառնայ հանդերձ գերապատիւ իշխանիւն Օշնիւ, եւ ժամանակս ինչ այնտեղ մնալէ, եւ հաշտութեան գործը լաւ եւս ամրապնդելէ ետքը կը մեկնէր Հռոմկլայ, առ նախապատիւ եղբայրն իր (ԸՆԴ. 107): Դարձը յարմար կ՚ըլլայ դնել յիշեալ 1165 տարւոյ աշունին մօտերը: Առ այժմ ի կախ կը թողունք, ինչ որ Յունաց կողմը գործուեցաւ: Հայ իշխանութիւններն ալ նոր միջադէպ չեն ներկայեր, եւ մեզ կը մնայ շարունակել հայրապետանոցին գործերը: Գրիգոր Գ. աթոռի վրայ էր 53 տարիէ ի վեր 924), եւ եթէ 20 տարեկան ալ կաթողիկոս եղած ըսենք, 70-ը անցուցած ծերունի մը եղած էր արդէն, տառապանքներով եւ վիշտերով շատ աւելի ընկճած, եւ աստիճանին պարտաւորութեանց ներքեւ ճնշուած: Ոչ միայն ի ծերութիւն պատուական հասեալ էր, այլ եւ ի կրից ախտակիրս բնութեան վտանգեալ էր (ԸՆԴ. 292), որ է ըսել թէ հիւանդութիւններով ալ տկարացած էր, ուստի շատոնց խորհուրդ յղացած էր գործէ քաշուիլ, եւ կանխագոյն ժամանակօք դնէր առաջի Ներսէսի առնուլ զաստուածընկալ աթոռոյ իւրոյ փոխանորդութիւն, ուսկից միշտ կը հրաժարէր Ներսէս, բաւական սեպելով իր գործունէութեամբ անոր օգնել: Այլ երբ Կիլիկիոյ պատգամաւորութենէն դարձաւ, շատ աւելի ինկած եւ տկարացած գտաւ եղբայրը, մինչեւ իսկ հայրապետական գործերը լրացնելու անկարող դարձած, եւ այն ատեն միայն Ներսէս յանձն առաւ կաթողիկոսական ձեռնադրութիւն ընդունիլ, որպէսզի եղբայրը ազատ մնայ որեւէ աշխատութենէ: Ասոր վրայ Գրիգոր ժողով առնէ եպիսկոպոսաց եւ վարդապետաց եւ ամենայն վանականաց (ՍՄԲ. 100) Հռոմկլայի մէջ, եւ ժողովական որոշմամբ կը հաստատուի Ներսէսի ընտրութիւնը կաթողիկոսական աթոռին յաջորդութեան (ԸՆԴ. 2), եւ յաւուր տօնի արմաւենեաց, որ է Ծաղկազարդի օրը 1166 Ապրիլ 17-ին, Գրիգոր կու տայ ձեռնադրութիւն ցնա կաթողիկոսութեանն Հայոց (ԸՆԴ. 296): Այս առթիւ Ներսէս ատենաբանութիւն մը կը խօսի առ եպիսկոպոսունս եւ վարդապետս եւ համօրէն դաս եկեղեցւոյ (ԸՆԴ. 296-307), եւ անկէ պէտք է քաղենք կատարուած եղելութեան իսկական իմաստը: Մենք մտադիր չենք յիշեալ 1166 Ապրիլ 17 թուականէն Գրիգորը բոլորովին հրաժարած եւ Ներսէսը իբրեւ հայրապետական աթոռի տէր դարձած նկատել, այլ պարզ օգնական աթոռակցութիւն մը կ՚ընդունինք, ինչպէս Ներսէս ինքն ալ երբեք յաջորդութեան վրայ չի խօսիր, այլ աթոռոյ փոխանորդութիւն կ՚անուանէ այն օր իրեն տրուած աստիճանը (ԸՆԴ. 300), որ ապագայ յաջորդութիւնն ալ կ՚ապահովէր: Ատենաբանութիւնը պատմական տեսակէտէն շատ բան չի պարունակեր, նախնեաց եւ իր եղբօր գովեստը, հայրապետական անձուկ վիճակը, եւ գործին դժուարութիւնը կը լրացնեն բովանդակութիւնը զոր կը փակէ կաթողիկոսին օրհնութիւնը եւ ներկայից աղօթքը խնդրելով: Դիտողութեան արժանի կէտերն են, Գրիգոր կաթողիկոսը եղբայր ըստ մարմնոյ եւ հայր ըստ հոգւոյ կոչելը (ԸՆԴ. 298), հայրապետական աթոռը պանդխտական կենաց մէջ նկատելը, որով կ՚ըսէ, ոչ ժառանգեցաք զլեառն սրբութեան (ԸՆԴ. 299), որ է հին հայրապետանոցը, եւ վերջապէս խոստովանիլը, թէ ոչ միայն նեղուած են յարտաքնոցն` որք հակառակ են հաւատոցս, այլ եւ անուամբ քրիստոնէից կողմէն, որք ի սկզբանէ հայրապետութեան տեառնս մերոյ Գրիգորի, զեկեղեցի սուրբ ընդ հարկաւ արարին անօրինաց (ԸՆԴ. 303): Այդ վերջին մեղադրանքը, կ՚ակնարկէր գլխաւորաբար Յոյն եւ Լատին քրիստոնէից ազգերուն, եւ մասամբ նոյնիսկ Հայ իշխաններուն, որոնց ընթացքը ստիպած էր հայրապետութիւնը մնալ Հռոմկլայի մէջ, որ նոյն միջոցին Հալէպի սուլտաններուն գերիշխանութեան ներքեւ էր:

953. ԳՐԻԳՈՐԻ ՄԱՀԸ

Գրիգորի կեանքը իր վերջը հասած էր արդէն, երբ եղբօրը կը փոխանցէր կաթողիկոսական իշխանութիւնը, եւ այդ գործողութենէն յետ երից ամսոց կեանքը կնքեց, հազիւ թէ կատարեաց զգործ հրամանին, որ ազդեցաւ նմա ի վերուստ (ԸՆԴ. 3): Եղելութեան թուականը տարբեր կերպերով նշանակուած կը գտնենք զանազան պատմագիրներու մօտ, բայց առանց շատ երկարելու տարբեր գրուածները համեմատելու, որոնց մէջ գրչագրական թիւրիմացութիւններ ակներեւ են, ժամանակագրական պահանջից համաձայն կը գտնենք Վարդանի նշանակած 615 թուականը (ՎԱՐ. 128), որ է 1166: Իսկ ամսաթիւը Յայսմաւուրքի մէջ Օգոստոս 8-ին նշանակուած կը գտնենք (ՅԱՍ. Բ. 68), համեմատելով աւելեաց 3-ին, եւ այս անգամ հարկ կը զգանք թուականը անշարժ տոմարով նշանակուած ընդունիլ, վասնզի շարժական տոմարի վերածած ատեննիս աւելեաց 3-ը, կը համեմատուէր 1667 Փետրուար 5-ին, եւ Ներսէսի ձեռնադրութենէն մինչեւ Գրիգորի մահը, ոչ եւս երից ամսոց միջոց կ՚ըլլար, ինչպէս յայտնապէս կը գրէ ինքն Ներսէս (ԸՆԴ. 3), այլ գրեթէ տասը ամիսներու միջոց մը: Գրիգորի գերեզմանը հարկաւ եղաւ Հռոմկլայի կաթողիկէին մօտը, զոր ինքն էր շինած, եւ ուր իրմէ ետքը թաղուեցան Հռոմկլայ նստող կաթողիկոսները, դար մը ամբողջ: Գրիգոր Գ. Պահլաւունի կաթողիկոսը, թէպէտ երիտասարդ տարիքի մէջ աթոռ բարձրացաւ, սակայն չափահաս եւ փորձառու անձի արդիւնքը ցուցուց իր պաշտօնին սկիզբէն, եւ ամենէն գովեստով նշանակուած է իր անունը: Շուղրի առաջնորդ Ստեփանոս Մանուկ վարդապետի աշակերտած ըլլալով, լաւ ուսումնական պաշար մը գանձած էր մատաղ տարիքէն, որով սկսաւ թարգմանութիւնս առնել աստուածային գրոց, եւ բազում գիրս ետ թարգմանել ի հայ լեզու, զորս ինքեամբ, եւ զորս այլոց ձեռամբ (ԿԻՐ. 63): Այդ թարգմանութիւնները պէտք է իր մօրեղբօր Վկայասէր կաթողիկոսի ձեռնարկին շարունակութիւնը եղած ըլլան, որ առիթ տուին ոմանց Պահլաւունին Փոքր-Վկայասէր մակդիր անունով պատուել: Թէպէտ իր անունով մնացած յայտնի գործեր չկան, սակայն այն քիչն ալ, ինչպէս Աւետման եւ Երկրորդ Ծաղկազարդի շարականները (ՏԱԹ. 638), եւ քանի մը տաղեր (ՀԻՆ. 619), որ իրեն անունով ծանօթ են, կարող գրիչի եւ բեղմնաւոր միտքի արտադրութիւններ են: Գրիգոր աւելի պայծառ եղաւ իր վարչական արդիւնաւորութեամբ, որով յոյժ հրաշափառագոյն բանիւ եւ գործով քան զբազումս յաթոռակալացն գտաւ սա նախնեաց, եւ իր առաւելութիւններն եղան ի մաքրութիւն հոգւոյ, յիմաստս բանի, ի շարադրութիւնս տառի, ի վերծանութիւնս, ի գիտութիւնս եւ մանաւանդ ի խորհուրդս հանճարոյ (ԸՆԴ. 298), որով միշտ յաւելոյր ի բարեգործութիւն եւ ի պայծառութիւն եկեղեցւոյ (ԿԻՐ. 67): Այդ ձիրքերն են, որոնցմով Պահլաւունին եղաւ պատուեալ փառաւորութեամբ, ոչ միայն ի մերազնեայ արանց, այլ եւ յօտարասեռ թագաւորաց եւ իշխանաց, մանաւանդ ի Հռոմայեցւոց, իմա' Լատինաց, թագաւորացն եւ պատրիարքացն (ՍԱՄ. 122), որոնք անձամբ ալ տեսան 940), ընդ վայելչազգեաց եւ պատշաճագեղ տեսիլ մարմնոյն անոր ներքին առաւելութիւնները, եւ ծանեան զհոգւոյն գեղեցկութիւն եւ ի բանսն հաւատոյ զճշմարտութիւն (ՍԱՄ. 123): Մեր եկեղեցին ալ խորին յարգանք կ՚ընծայէ անոր յիշատակին, եւ թէպէտ տօնելի սուրբերու կարգը դասած չէ անոր անունը, սակայն Յայսմաւուրքի մէջ անցընելէն զատ, շարունակ պատարագի մէջ կը յիշատակէ Գրիգորիսեանց հովուապետաց անունը (ԺԱՄ. 591), որով կը հռչակուին գլխաւորապէս Մեծ ու Փոքր Վկայասէրներ:

954. ՍԵԱՒԼԵՌՆԵՑԻ ՎԱՐԴԱՊԵՏՆԵՐ

Գրիգորիսեանց դարը հարուստ է ազգային մատենագիրներով եւ ընտիր վարդապետներով, որոնք իրաւամբ Հայկական դպրութեանց վերանորոգիչներ եղան, եւ Արծաթիդար մը կազմեցին: Անոնց գլխաւոր կեդրոններէն մեկն էր Շուղրի Կարմիրվանքը, որուն առաջնորդ էր Ստեփանոս Մանուկ, եւ որուն արդիւնքը յիշեցինք արդէն 917), այլ կեանքին եւ մահուան վրայ ուրիշ տեղեկութիւն պիտի չկարենանք աւելցնել: Ստեփանոսի աշակերտներէն է Իգնատիոս Շնորհալի, Շափիրին վանքի առաջնորդ, որուն Ստեփանոսի հետ Պահլաւունին ալ յանձնարարեցին Ղուկասի աւետարանին մեկնութիւնը գրել, եւ Իգնատիոս առաջ անբաւականութիւն պատճառելով կը խուսափէր, բայց տեսիլքէ կամ երազէ մը զգածուելով ձեռնարկեց ու լրացուց (ԿԻՐ. 63), եւ մեզի հասած է, եւ իբր ընտիր գործ գնահատուած է (ՀԻՆ. 643): Նոյն աշակերտութենէն է եւ Բարսեղ Շնորհալի վարդապետը, ուսկից Մարկոսի մեկնութիւն մը հասած է մեզի, թէպէտ հրատարակիչները զինքն Բարսեղ Ճոնի հետ շփոթած են: Նոյն խումբէն է եւս Սարգիս Շնորհալի վարդապետը, Քարաշիթու վանքին առաջնորդը, Կաթողիկեայց եօթը թուղթերուն ընտիր մեկնաբանը (ԿԻՐ. 64), որուն գործը մեծ արժէք ունի թէ մեկնողական ոճին, եւ թէ յորդորակներուն քարոզական ձիրքին, եւ թէ ընտիր հայկաբանութեան համար: Այդ գործին վերջաւորութիւնը կը դնէ ինքն 1156-ին իսկ անոր համառօտութեան աւարտը 1166-ին, Պահլաւունիի մեռած տարին: Սարգիսի կը վերագրուի Եսայիի մեկնութեան հետ Առաջաւորաց ճառ մըն ալ (ՀԻՆ. 646): Շուղրի աշակերտութենէն կը նկատուի նաեւ Յովսէփ եպիսկոպոսը, որ երեւելի եղած է Անտիոքի կողմերը(ԿԻՐ. 64): Բայց դժբախտաբար աւելի ընդարձակ տեղեկութիւններ չունինք այդ անձերուն վրայ, եւ ոչ ալ ուրիշ անուններ գիտենք Շուղրի վանքին եւ Սեաւլեռան միւս վանքերուն վարդապետներուն վրայ, որոնք բազմաթիւ էին, ինչպէս յիշուեցաւ Պահլաւունիի կաթողիկոսութիւնը պաշտպանող 929), եւ Շնորհալիի կաթողիկոսութիւնը հաստատող 952) ժողովներուն առթիւ:

955. ԱՐԵՒԵԼԵԱՆ ՎԱՐԴԱՊԵՏՆԵՐ

Վարդապետներու ուրիշ ընտիր խումբ մըն ալ կը ծաղկէր Արեւելեան գաւառներուն մէջ, կեդրոն ունենալով Ձորագետի Հաղբատ եւ Սանահին վանքերը, եւ իրեն ասպարէզ նկատելով Վրաց թագաւորութիւնը եւ Անի քաղաքը: Այն օրէն որ Անեցիք Բարսեղը կաթողիկոս օծել տուին 896), Հաղբատի առաջնորդ եւ արքեպիսկոպոս ձեռնադրուեցաւ Սարգիս, Կիւրիկէի արքունիքին աւագերէցը (ՎԱՐ. 104), կամ դրան երէցը, եւ աթոռը մեծ նշանակութիւն ստացաւ: Սարգիսի անմիջական յաջորդն եղաւ Գէորգ, եւ անկէ ետքը յաջորդեցին կարգաւ Բարսեղ` Թամար թագուհիէն պատուուած վասն վայելչութեան գեղոյ, Գրիգորիս` ազգական Օրբելեանց, Յովհաննէս` ազգական Խաչէնի իշխաններուն, դարձեալ Յովհաննէս` քեռորդի Իւանէի եւ եղբօրորդի առաջին Յովհաննէսի, նորէն Յովհաննէս մըն ալ Մածնաբերդացի եւ Աղսարթանայ որդի, եւ վերջէն Համազասպ Անեցին (ԿԻՐ. 56): Երեք Յովհաննէսներէն առաջինը կամ Խաչենցին հարկ կ՚ըլլայ նոյնացնել Յովհաննէս Փառիոսցիի հետ, որ է նոյնինքն Սարկաւագ մականուանեալը, եւ որուն վրայ խօսեցանք արդէն տոմարի վերակազմութիւնը բացատրած ատեննիս 899): Սարկաւագ վարդապետ տոմարական աշխատութենէն զատ, յիշատակուած ունինք պատմութիւնն ալ, որ դժբախտաբար կորած է (ՀԻՆ. 609), ինչպէս նաեւ տոմարական եւ համարողական գրուածներ, որք չեն գըտնուիր (ՀԻՆ. 613): Կը յիշուին եւս Տրդատ թագաւորի, Մեծին Ներսէսի, Սահակ Մեսրոպի, եւ Ղեւոնդեանց վրայ ներբողեաններ (ԿԻՐ. 64), որք նոյնպէս չեն հասած, եւ միայն մեզի կը մնան Աղօթամատոյցը (ՍՈՓ. ժէ. ), Ղեւոնդեանց շարականը (ՇԱՐ. 580) եւ Լուսաւորչի ներբողեանը(ՍՈՓ. Ե. 5-36), եւ քանի մը ընտիր տաղեր եւ հատակտորներ (ՀԻՆ. 613): Սարկաւագ վարդապետի արժանիքին եւ հռչակին իբր նշանակ կը պատմուի, Վրաց թագաւոր Դաւիթին ամէն անգամ անոր առջեւ ոտքի կանգնելով եւ գլուխը խոնարհեցնելով օրհնութիւն խնդրելը (ԿԻՐ. 64): Իսկ իբրեւ հետաքրքրական կը պատմուի Հաղբատի միաբաններէն Ստեփանոս Զամզոմա վարդապետը անկարգ ընթացքին համար պատարագէ արգիլելը, եւ սպանութեան սպառնալիքի ներքեւ նորէն թոյլատրելը, բայց Զամզոմայի խորան բարձրացած ատեն յանկարծ գետին իյնալով տապլտկիլը եւ այսահարիլը (ԿԻՐ. 65): Սարկաւագի մահը տեղի ունեցած է 1129-ին, եւ գերեզմանը եղած է Հաղբատի փոքր եկեղեցւոյն արեւելեան կողմը, զոր նորոգած է յետոյ Համազասպ Անեցի առաջնորդը (ԿԻՐ. 66): Հաղբատի վարդապետներէն կը յիշուին եւս Դաւիթ Գանձակեցի Ալաւկայորդի, որ հոգեւորական կանոններ գրեց տէր Արքայութիւն քահանայի խնդրանքով եւ վախճանեցաւ 1130-ին: Այդ կանոնները կը գտնուին կանոնագիրքին մէջ (ԿԱԼ. 160-170) առանց թուահամարի, եւ ընդհանրապէս լուծումն են զանազան դժուարութեանց եւ շփոթ պատահարաց, զորս քաղել աւելորդ կը դատենք, եւ մի մասին ալ կարեւորութենէ զուրկ ըլլալը յայտարարելէ չենք քաշուիր: Նոյնպէս կը յիշուի Գրիգոր Գանձակեցի Թոքակերորդի, Հաղբատի միաբաններուն նշանաւորներէն (ԿԻՐ. 66): Այս խումբին պէտք է միացնել եւ Անանիա Սանահնեցին, որուն կը վերագրուին Գործք առաքելոցի մեկնութիւնը, աւետարաններու համեմատութիւնը, Յունաց հետ խնդիրներուն մասին բացատրութիւններ, եւ Շողակաթի ներբողեան (ԿԻՐ. 64): Սամուէլ Անեցին ալ, որուն ժամանակագրութենէն ստէպ օգտուած ենք, թէպէտ աշխարհիկ քահանայ, սակայն Սարկաւագի աշակերտութենէն էր, եւ այստեղ յիշատակել յարմար կը դատենք: Իր բուն գործը կը հասնի մինչեւ 1179, իսկ մնացեալներ յետիններու յաւելուածներ են (ՀԻՆ. 673): Ինչպէս յիշուած թուականներէն կը տեսնուի, մատենագիրներու եւ վարդապետներու մասին տեղեկութիւնները խառն յառաջ կը բերենք, պատմական շարքը չընդմիջելու համար, եւ առանց խիստ ժամանակագրութեան հետեւելու:

956. ՊՕՂՈՍ ՏԱՐՈՆԵՑԻ

Միեւնոյն պատճառով այստեղ կը յիշենք Պօղոս Տարոնեցի վարդապետն ալ, բնիկ Տարոն գաւառէն, բայց չենք գիտեր որ վանքի աշակերտութենէն, թէպէտ վերջէն Ղազարու վանքին, կամ Տիրինկատարի Առաքելոց վանքին առաջնորդն եղաւ, եւ թաղուեցաւ նոյն վանքին մէջ` Թարգմանչաց գերեզմաններուն կարգին, ինչպէս մինչեւ ցայսօր կը տեսնուի: Տարոնեցին յունադաւան եկեղեցւոյն եւ երկաբնակ դրութեան դէմ բուռն բանակռուողներէն մէկը եղաւ, գրգռուելով մանաւանդ Թէոփիստէ անուն հայերէնագէտ յոյն հռետորին Հայոց եկեղեցւոյն դէմ հակառակութեան հոգւով մէջտեղ հանած գրուածներէն: Տարոնեցին ինքն ալ չի ծածկեր իր լեզուին խստութիւնը, յայտարարելով թէ իրեն ալ բանակռուութեան հոգին տրուած է: Բայց Հայ եկեղեցւոյ պաշտպաններ լաւ աչքով նկատած են անոր ընթացքը, խստութիւնը խստութեամբ հերքելու մասին: Այս նկատմամբ Պօղոս Տարոնեցին, մինչեւ իսկ` երկրորդ լուսաւորիչ երեւեալ տանս Հայոց կոչուած է, եւ գնահատուած է իբրեւ վէմ ադամանդեայ ընդդէմ հերձուածողաց, եւ յոյժ ախոյեան ուղղափառաց (ՈՒՌ. 446): Մինչ Չամչեան կը ցաւի, որ Տարոնեցիին գրուածը փոխանակ այրելոյ, տպագրեցին ոմանք ի Կոստանդնուպոլիս (ՉԱՄ. Գ. 92): Բայց Տարոնեցիին մաքառումը յունադաւան Թէոփիստէի դէմ էր, եւ Հռոմէադաւաններ պէտք չունէին այդչափ նախանձայոյզ ըլլալ` ոչ Հռոմէադաւանի մը պաշտպանութեան համար, եւ քանի որ յոյն Թէոփիստէն ու հայ Պօղոսը հաւասարապէս հեռու էին Հռոմէադաւանութենէ, պէտք չէր օտարազգիին պաշտպանութեան համար յոգնէին: Մեր նպատակը չէ բուռն լեզուներու պաշտպանութիւնն ընել, բայց շատ մեղադրելի չենք գտներ անոնք, որ անդուռն բերաններ փակելու համար հաւասար զէնքերով կը կռուին: Պօղոս Տարոնեցիի մահը գրուած է 1123-ին (ՈՒՌ. 442):

957. ՄԱՏԹԷՈՍ ՈՒՌՀԱՅԵՑԻ

Սոյն ժամանակամիջոցին մատենագիրներէն է եւս Մատթէոս Ուռհայեցի, որուն պատմութենէն օգտուեցանք շարունակ: Մատթէոս բնիկ Եդեսացի է, նոյն քաղաքի երէցներէն, եւ ինչպէս կ՚երեւի ուսմամբ եւ ծանօթութեամբ ալ նոյն քաղաքի շրջափակին մէջ ամփոփուած, որովհետեւ իր տեղեկութիւնք նուազ եւ անկատար են Հայաստանի ներքին գաւառներու վրայ, եւ անգիտակ իսկ կ՚երեւի Հայաստանցի մատենագիրներու պատմութեանց: Ընդհակառակն շատ առատ է Եդեսիոյ պատկանող մանրամասնութիւններով, եւ մինչեւ անկարեւոր եւ անստոյգ պարագաներու մէջ ալ կը մտնէ: Եդեսիոյ ամենէն տագնապալի ժամանակին մէջ ապրող, Այլազգիներու եւ Յոյներու եւ Լատիններու ներհակընդդէմ մաքառումներէ եւ պատերազմներէ ձանձրացած, եւ իր հայրենիքին թշուառութիւնները եւ Հայ ազգութեան շարունակ ոտքի տակ երթալն ալ տեսնելով` չէ կրցած իր կսկիծը զսպել, եւ ցաւագին ակնարկներ չխառնել, ամենուն դէմ հաւասարապէս, թէպէտեւ յանկարծ լեզուն կը կարկէ գրգռութիւն պատճառելու երկիւղէն: Ուռհայեցիին պատմութիւնը 952-էն սկսելով կը հասնի մինչեւ 1136, որուն առաջին մասը քաղուածօրէն առած է ուրիշներէն, վերջին մասը իրմէ շարադրած: Ոճը ժամանակագրական է տարուէ տարի եղելութիւնները արձանագրելով, սակայն յայտնի շփոթութիւններ ակներեւ աչքի կը զարնեն, եւ լուրջ բաղդատութեանց պէտք կը ստեղծեն: Իր կենաց եւ մահուան տեղեկութիւնները կը պակսին: Մատթէոս Ուռհայեցիի շարունակողն է Գրիգոր երէց Քէսունցի, որ 1137-էն սկսելով պատմութիւնը կը հասցնէ 1162-ի, կատարելապէս հետեւելով Մատթէոսի լեզուին եւ ոճին, այնպէս որ զանազանել դժուար պիտի ըլլար, եթէ յայտնապէս յիշուած չըլլար (ՈՒՌ. 466): Ըստ այսմ Ուռհայեցիի ժամանակագրութիւնը կը փակուի Պահլաւունիին մահուընէ առաջ:

958. ԳՈՀԱՐԻՆԵԱՆ ՎԿԱՅՔ

Պատմութեանս կարգին շատոնց էր որ մասնաւոր մարտիրոսներու յիշատակութեան չէինք հանդիպեր, թէպէտ խմբովին նահատակներ շատ յիշատակեցինք, որովհետեւ անհատական դէպքեր չէին հանդիպեր, եւ որչափ ալ քրիստոնէութեան դէմ բռնութիւններ կը գործուէին, սակայն եղելութիւնները ընդհանուր արշաւանքի եւ յուղկահար հրոսակի կերպարանը կը կրէին: Մահմէտական օրէնքը, ինչպէս Գողթնացիի վրայ խօսած ատեննիս ալ յիշեցինք(§ 585), մահուան կը դատապարտէ իսլամութենէ յետս դարձողները բայց ոչ իսլամութիւն չընդունողները: Այդ ձեւը տրուեցաւ Գոհարինեանց մարտիրոսութեան ալ (ՅԱՍ. Բ. 48): Սեբաստացի Դաւիթ անուն Հայ իշխանաւոր մը նեղութեան կամ գերութեան ինկած եւ իսլամութեան դիմած էր իր անդրանիկ զաւակով, որուն անունն էր Արեւ: Սակայն Դաւիթի կինը քրիստոնեայ էր մնացած, եւ քրիստոնէութեան մէջ մեծցուցած էր իր չորս մանր զաւակները, որոնց անունն էր Գոհարինոս կամ Գոհարմելիք, Ռատիկոս կամ Ռատիոս, Ծամիդոս կամ Ծամիդէս, եւ Տուքիկոս կամ Տունկիոս: Ասոնք չափահաս ըլլալնէն ետքը Սեբաստիոյ բանակին մէջ զինուորուած էին համարձակ իբրեւ քրիստոնեայ, մինչեւ որ իսլամացած հօր զաւակներ ըլլալնին յայտնուելով, իբրեւ իսլամութենէ ետ դարձողներ` Ալիբաս իշխանին մատնուեցան եւ հարցափորձի ենթարկուեցան: Իսլամացած եղբայրնին փութաց օգնութեան հասնիլ, եւ եղբայրներուն թող չտալով խօսիլ, յայտարարեց Ալիբասի առջեւ, թէ հաւատ զոր դու ունիս եւ մեք պաշտեմք (ՅԱՅ. 672): Եղբայրները ազատ թողուեցան, բայց գոհ չմնացին, որովհետեւ իսլամացած կարծուեցան, ինչ որ իրենք չուզեցին կեղծել: Զինուորութենէն քաշուեցան, Ռատիկոս Ս. Նշանի վանքը մտաւ, եւ որովհետեւ քրիստոնէութիւննին չծածկեցին, կրկին Ալիբաս իշխանի մատնուեցան եւ դատի ենթարկուեցան: Իշխանը թէ սպառնալիքներ, թէ խոստումներ եւ թէ խոշտանգանքներ գործածեց, Գոհարինոսը ջրծեծով տանջեց, Ռատիկոսը չարաչար գանակոծել տուաւ, Ծամիդոսը եւ Տուքիկոսը փայփայելով ջանաց որսալ, ընտանիքնին եւ զաւակնին ալ բերել տուաւ յուզելու համար, բայց ոչ մէկ կերպով անոնց հաստատամտութեանը չկրցաւ յաղթել, եւ վերջապէս գլխատման վճիռ արձակեց, իր իսկ սուրը յանձնելով դահիճին գործադրութեան համար: Ըստ այնմ ալ կատարուեցան, եւ չորս մարտիրոսներուն մարմինները եւ գլուխները ամփոփուեցան հեղեղատի եզերքը, Մարգճակ անուն տեղը, Քառակուսի կոչուած ճամբուն մօտերը: Գոհարինեանց վկայութեան թուականը, Յայսմաւուրքի մէջ Հայոց 524 այսինքն 1075-ին յիշուած է (ՅԱՍ. Բ. 49), բայց ուրիշ աղբիւրներու հետեւողութեամբ ոմանք 1136 տարին նախադասած են (ՉԱՄ. Գ. 49): Սակայն աւելի յստակօրէն Հայոց 604 տարին նշանակուած է (ՆՈՐ. 21): Ամսոյն օրը հին Յայսմաւուրքը Յուլիս 28-ին (ՅԱՅ. 672), եւ նորը Յուլիս 30-ին է դրած (ՅԱՅ. Բ. 49). իսկ հայկական ամսաթուով հրոտից 22 է ըսուած (ՆՈՐ. 21) որ շարժական տոմարի հաշուով պէտք կ՚ըլլայ 1156 Յունուար 28-ին համեմատել: Գոհարինէի որդին Թէոդորոս ալ, որ երիտասարդութեան հասնելով աբեղայութիւն ընդունած էր, ամբաստանուեցաւ թէ անարգէ եւ թշնամանէ իշխանը, որ զհայր նորա եւ զազգականսն սպաննած էր: Ձերբակալուեցաւ, ուրացութեան բռնադատուեցաւ, եւ խոշտանգանքներէ ետքը բանտարկուեցաւ, բռնի մզկիթ տարուեցաւ, ուր չուզեց մտնել դրան առջեւ գետին փռուելով: Թէպէտ սրօք եւ բրօք տանջեցին, բայց յուսահատեալ նորէն բանտ տարին: Վերջէն ուրացեալ Թօտոս դատաւորին յանձնուեցաւ, որ քաղաքին մէջ չարաչար խոշտանգել տալէ ետքը, մարմինը երեք կտոր ընելով սպաննել տուաւ 1156 Յունիս 22-ին (ՆՈՐ. 9), իսկ նոր Յայսմաւուրքի համեմատ Յունիս 7-ին (ՅԱՍ. Ա. 245), որ է ըսել հօրը նահատակութենէն հինգ ամիս ետքը:

959. ՅՈՎՍԷՓ ԵՒ ԽՈՍՐՈՎ

Այդ միջոցին կը դնէ Վարդան` Յովսէփ Դըւնեցիի վկայութիւնը (ՎԱՐ. 129): Եուսուֆ բնիկ պարսիկ մահմետական, բայց քրիստոնեայ մօր որդի, Դուինի Նորաշէնք գիւղէն, քրիստոնէից հետ ալ կենակցելով քրիստոնէութեան կ՚ընտելանայ եւ հաստատուն հաւատով կը դառնայ եւ կը մկրտուի` Յովսէփ անունով: Նախ Երուսաղէմ ուխտի կ՚երթայ, անկէ դառնալով Հռոմկլայ կը հանդիպի, Ներսէս Շնորհալիէ կը սրտապնդուի, եւ իր տունը դառնալով մօրը քով կը պատսպարուի, հայրը արդէն մեռած ըլլալով: Դուինի ամիրան անոր իսլամութենէ դարձը իմանալով, դատաստանի կ՚ենթարկէ եւ ետ դարձնելու փորձերը արդիւնք չունենալնուն գլխատման վճիռը կու տայ, որ եւ կը կատարուի մարգաց 12-ին (ՅԱՍ. Ա. 261), կամ լաւ եւս Հայոց 656 մարգաց 13-ին, որ համեմատուած է Յունիս 9-ին Յայսմաւուրքի անշարժ տոմարով (ՅԱՅ. 621), բայց շարժական տոմարով պիտի համեմատուի, 1167 Դեկտեմբեր 1-7-ին: Յովսէփ վկային մարմինը թաղուած է Հաւուցթառի վանքը, Գառնի քաղաքի մօտերը: Ժամանակակից մարտիրոս մըն է Խոսրով Գանձակեցին ալ, նորահաս երիտասարդ մը Աղուանից Արեանաշէն գիւղէն: Դրացի այլազգի աղջիկ մը իր եղբօր հետ կը շնայ, եւ յղութիւնը երեւան ելած ատեն, կ՚ամբաստանէ դրացի Խոսրով գեղանի պատանին, որ իր հրապոյրներուն չէր պատասխանած: Երիտասարդը Գանձակի դատաւորին կը մատնուի, եւ ուրացութեան կը բռնադատուի, եւ իր հաւատքի վրայ հաստատուն մնալուն համար, քարակոծմամբ կը նահատակուի, 616 արաց 3-ին, որ համեմատուեր է 1167 Յունուար 10-ին (ՆՈՐ. 23) այլ պէտք էր համեմատուէր Յուլիս 10-ին, արդէն Յայսմաւուրքն ալ կը դնէ Յուլիս 3-ին (ՅԱՍ. Բ. 5):

960. ԳԷՈՐԳ ԵՒ ԱՒԵՏ

Գէորգ Արճիշեցին, կոյր մըն է ի ծնէ, Աչիկայ մականուանեալ, իբր ըսել Աչք չկայ, որ իր հայրենիքին մէջ սաստիկ ճգնողական կեանք մը անցուցած է, Գրիգոր անուն ընկերի մը հետ, մինչեւ իր յառաջացեալ տարիքը: Անկէ ետքը միասին կը ձեռնարկեն մեծ ուխտերու շրջանը ընել, որք են Երուսաղէմ եւ Հռոմ եւ Կոմպոստելլա: Երուսաղէմէ ցամաքով Հռոմ գացած ատեննին` Ունկռուզաց Ֆրանկաց (ՅԱՅ. 548), հաւանաբար Հունգարացւոց երկիրը աւազակներու կը հանդիպին եւ կը վիրաւորուին, բայց կրօնաւոր մը զիրենք կը գտնէ եւ իր վանքը կը փոխադրէ: Գրիգոր ճամբան կը նուաղի, բայց Գէորգի աղօթքով կը կենդանանայ, եւ միասին Հռոմի ուխտը վերջացնելով Հայաստան կը դառնան, եւ Անիի կաթողիկէի մօտ կը բնակին: Գէորգ հրաշքներով մեծ հռչակ կը ստանայ, բայց կեանքը շատ չերկարիր եւ կը վախճանի ահեկանի 27-ին, որ համեմատուած էր Մայիս 4-ին (ՅԱՍ. Ա. 198) անշարժ տոմարով: Տարին ճշդուած չէ, բայց այդ միջոցներուն շարժական տոմարով պէտք էր համեմատուեր Նոյեմբեր 1-ին կամ 2-ին: Յիշենք եւս Աւետ անուն հայ քահանան, Միջագետքի սահմանակից քաղաքներուն մէկէն, որոյ անունը յիշուած չէ: Սովի միջոցին իր տան համար ջաղացք ցորեն տարած ատեն, ի տեսլենէ տառապելոց աղեխարշեալ, ոչ միայն ցորենը կը բաշխէ, այլ եւ էշն ալ եւ ունեցածն ալ վաճառելով կարօտելոց կը բաժնէ, եւ անկէ ետք այդ գործին կը նուիրուի, ճգնաւորի կեանք կը սկսի վարել, ու ամէն կողմ շրջելով, քարոզելով, ու նպաստ հաւաքելով` որբեր ու այրիներ կը խնամէ: Հարաւային Հայաստանի ամիրայ Շահիարմէն կը սկսի զայն պատուել եւ աղօթքը խնդրել: Բայց որովհետեւ Աւետ զպոռնիկ քահանայսն կը յանդիմանէր, ասոնք ուզելով վրէժ լուծել, քսեցին զնա, թէ լրտես է Հոռոմ թագաւորին, եւ Շահիարմէնն ալ համոզելով` ետուն զնա քարկոծել: Սակայն քարկոծման տեղը մինչեւ երեք օր տեսնուած լոյսէն Շահիարմէնն ալ զգածուելով ետ հրաման պատուել զոսկերս նորա (ՎԱՐ. 125): Մեր տեսութեամբ ազգային նահատակներուն յիշատակները պէտք չէ մոռցուին, եւ այս նպատակով կը սիրենք գոնէ համառօտակի անոնց վրայ խօսած ըլլալ: