Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Հիթ. Այնթապի ճեմարանին աշակերտներ. Շուկան. Պաղտատէն հայ աղջիկ կուզեն։

Դեկտեմբեր 8–ին հասանք Հիթ, որ պզտիկ քաղաք մըն է գետի ափին. կը տեսնուէին արմաւենիներու անտառներ, որոնց մէջ կը կորսուէին հողաշէն տուներ։ Ամեն ինչ առատ էր այստեղ, մանաւանդ արմաւը։ Այստեղ գետափին հանդիպեցայ երկու հայ երիտասարդներու, որոնք Այնթապի ճեմարանի աշակերտներ էին. դիմեցին գերմանացի սպայիս ոեւէ գործ խնդրելու։ Զիրենք հարցափորձեցի. ըսին թէ քաղաքին մէջ իրենց յարմար ոեւէ գործ չի կայ. կըսէին «Երանի՜ թէ հացագործութիւն սովրէինք, քան թէ ուսում. ահա այսպէս ստիպուած ջուրին եզերքը կուգանք այն յոյսով, որ բեռնակրութիւն կամ ուրիշ բան կը գտնենք ընելու։ Վերջին ծայր յուսահատ վիճակի մէջ էին։

Շուկան թաղերուն մէջ էր. հայերն ալ այսպէս թէ այնպէս տեղաւորուած էին եւ կը զբաղէին զանազան գործերով. կային գլխաւորապէս քէպապճիներ եւ մանրավաճառներ։ Իրենցմէ մէկուն հարցուցի։

Ի՞նչպէս է ձեր դրութիւնը։

Ի՞նչպէս… դժոխքէն անդին գիւղ չիկայ…

Ճանապարհին հանդիպեցայ հայերու, որոնք զբաղած էին տուն շինելու. աւազի, հողի խառնուրդով աղիւսներ կը շինէին եւ կը կառուցանէին  իրենց տնակները. իրենց մէջ կային վարպետ որմնադիրներ, որոնք իրենց ձեռքին տակ եղած նիւթերով նոր ծեփեր պատրաստեր էին եւ զարմացում կը պատճառէին տեղացիներուն։ Անցնելով այդ տեղէն, հասայ պզտիկ հրապարակը, ուր բաւական թիւով հայ կիներ, շուրջանակի նստած՝ գուլպայ կը գործէին կամ կը պարապէին ասեղնագործութեամբ։ Այս կիները նոյնպէս այնթափցի էին։

Գետեզրի մակուկավարները մեծ մասով հայեր էին, որոնք մարդիկ կամ բեռեր կը փոխադրէին մէկ ափէն միւսը. երբ խօսեցայ իրենց հետ, ըսին։

Կապրինք կոր եղբայր, բայց այս ապրիլ չէ, մահ է։

Գացի հեռագրատուն, որպէսզի իմացնեմ, որ մեզ համար կառք պատրաստեն Փէլլուճէի մէջ։ Պաշտօնեան, որ նոր հեռագիր մը ստացեր էր, «Դարձեալ նոյն բանը» ըսելով ձեռքը անհամբերութեամբ սեղանին զարկաւ։

Հեռագիրը վերցուցի կարդացի. այսպէս էր։

«Ձեր ղրկածներէն գոհ ենք, դարձեալ հայ աղջիկ մը կամ կին մը ղրկեցէք»։

Խնդրողները Պաղտատի կառավարական պաշտօնեաներն էին։

Այստեղ գարունը սկսած էր արդէն. գառնուկները ծնած էին, խոտը բարձրացած էր կէս կանգնուն եւ բանջարեղէնները հասած էին. տարւոյն լաւագոյն եղանակն էր ասիկա. ամառը 48–50 աստիճան տաք է շուքի մէջ։