Քաղաքավարութեան վնասները

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

***

Աբրահամ աղան անգիւտ անձ մ՚է խաղի մէջ. որչափ ալ կորսնցնէ, չբարկանար. պաղ արեամբ կը շարունակէ խաղն` առանց կծու ակնարկութիւններ ընելու իւր խաղակցին։ Աբրահամ աղային հակապատկերն է Տիմոթէոս աղան, որ սաստիկ կը բարկանայ, երբ բախտը իրեն չժպտի խաղի մէջ։

Աբրահամ աղան չէր ճանչնար Տիմոթէոս աղան, ոչ ալ Տիմոթէոս աղան կը ճանչնար Աբրահամ աղան, երբ օր մը զբօսարանի մէջ իրարու հանդիպեցան, եւ Տիմոթէոս աղան հրաւիրեց Աբրահամ աղան պեզիք խաղալու։

—Աբրահամ աղա՛յ, եկո՛ւր, քեզի հետ բարթի մի պեզիք խաղանք։

—Այսօր ժամանակ չունիմ։

—Կ'աղաչեմ, բարթի մը խաղանք, ժամանակ կ'անցունենք։

—Շնորհակալ եմ, թող մնայ այսօր։

—Խաղանք, խաղանք… սա թուղթերը բեր, ծօ ։

—Գործ ունիմ, չեմ կրնար խաղալ։

—Շուտ մը կը լմննայ… շուտ ըրէ՛, ծո՛… աղէկ թուղթերէն բե՛ր։

Աբրահամ աղան չկրնար դիմադրել։

—Մէյ֊մէկ խահուէի խաղանք, Աբրահամ աղա՛յ։

—Շատ աղէկ։

—Կտրէ՛, նայինք… դուն պիտի տաս… տուր, նայինք… խաղի մէջ ես բախտ չունիմ ամա, փորձենք…

Կը սկսին խաղալ։ Տիմոթէոս աղան անանկ շարժումներ եւ ձեւեր կ՚ընէ, որ բարկութիւն կը յայտնեն. երբեմն քթին տակէն կը մրմռայ եւ ծուռ֊ծուռ կը նայի Աբրահամ աղային, որ կը վաստկի խաղը։

—Դուք վաստկեցաք… լաւ տուր, նայինք։

—Առէ՛ք։

—Աս ինչ անճոռնի թուղթեր տուեր ես, աղբար, կարծես զատեր, զատեր, գէշ թուղթերը տուեր ես։

—Դուք կտրեցիք։

—Չեմ ըսեր, թէ ես չկտրեցի… խաղացէ՛ք։

—Վերուցէ՛ք։

—Աս ի՜նչ գէշ թուղթ կը քաշեմ կոր, աղբա՛ր։

—Բիքա քոզ… քառասուն։

—Աղէկ թուղթերը դուն ես առեր։

—Չորս ասո… հարիւր…

—Գիտեմ իմ բախտս։

—Բիքա տամա, քառո ֆանթի… յիսուն։

—Ասչա՜փ աղէկ թուղթ քաշել… առաջին անգամն է, որ կը տեսնամ կոր։

—Երկու հարիւր յիսուն…

—Վայ, շունշանորդի թո՛ւղթ, վայ…

—Երկու հարիւր յիսուն…

—Ո՞րչափ գրեցիր, աղբա՛ր… եօթը հարիւրի մօտեցեր ես… դեռ նոր սկսանք խաղալ, կ'աղաչեմ, ուշադրութիւն ըրէ…

—Քու առջեւդ կը գրեմ կոր, եղբա՛յր… չորս ասո… հարիւր…

—Վայ, թշուառական թո՛ւղթ, վայ… քսան, հելէ քսան մի բացինք… օրհնեալ է Աստուած։

—Երկու հարիւր յիսուն։

—Պէ աղբա՛ր, քիչ մը կամաց խաղա՛, որ ես ալ տեսնամ, ինչ է ան, զըւըր զըւըր երկու հարիւր յիսուն կ'ըսես, կը բանաս… Ինչո՞ւ համար երկու հարիւր յիսուն կ'ըլլայ կոր եղեր… ի՞նչ ըսել է… զաթը իմին թուղթս գէշ կու գայ կոր…

—Հինգ հարիւր…

Տիմոթէոս աղան ձեռքի թուղթերը սեղանին վրայ կը նետէ եւ Աբրահամ աղային դառնալով`

—Քեզի կամաց խաղա ըսինք, աղբար, մախսուս զիս բարկացնելու համար կ'ընես կոր… ես քեզի ընեմ նէ, յօշըդ կու գա՞յ։

—Ի՞նչ կ'ընեմ կոր, աղբա՛ր…

—Տահա ի՞նչ պիտի ընես, աղբա՛ր… ինչէ՞ն հինգ հարիւր կը բանաս կոր եղեր։

—Ճանըմ, առաջ աղջիկ մը եւ պաճախ մը չունէի՞…

—Ունէիր մի, չունէիր մի, ես ի՞նչ գիտնամ, աղբա՛ր… մարդուս գլուխը խելք կը ձգե՞ս կոր մի եա՛… իմ խաղի՞ս մի նայիմ, քուկինի՞դ մի նայիմ… աճելէով, հիյեթով խաղալ մը ունիս, կարծես քի բանակի մը գլուխ անցեր ես ու մեծ յաղթանակ կը տանիս…

—Վերջէն պաճախ մը քաշեցի…

—Ե՞րբ քաշեցիր, անանկ աճելէ կը խաղաս որ…

—Վերջն ալ աղջիկ մ՚առի…

—Ես չտեսայ… ինչ է նէ, աղբա՛ր, գրէ՛, ուզածիդ չափ նշանակէ՛… շատ աղէկ, աղբա՛ր… թուղթ ա՛ռ…

Աբրահամ աղան կը նեղուի եւ շուրջը գտնուողներուն կը նայի, որք շրթունք կը խածեն հասկցնելու համար իրեն, որ համբերէ։

—Չխաղա՞ս, կը պոռայ Տիմոթէոս աղան, չխաղա՞ս… ինչո՞ւ ծանր կը խաղաս կոր։

—Հազար, կ՚ըսէ Աբրահամ աղան։

—Հազա՞ր, հազա՞ր… մութլախ աս թուղթին մէջ բան մը կայ… դուն թուղթերը կը ճանչնաս կոր, կ՚ըսէ Տիմոթէոս աղան եւ թուղթերը ուժով կը նետէ դէպի Աբրահամ աղան։

—Ե՞ս կը ճանչնամ կոր թուղթերը…

—Չեմ հասկնար, աղբա՛ր… չեմ նայիր կոր տէի, ուզածիդ չափ ալ գրեր ես…

—Աւելի՞ գրեր եմ…

—Ի՞նչ ըսեմ։

—Ծօ՛, սա թուղթերը ժողվէ՛ ու բե՛ր… գրէ՛ պէ, ատամ, գրէ…

—Խնայէ, ատա՛մ, խօսք մի՛ ըներ։

—Գրէ պէ, ատա՛մ, գրէ՛, ըսինք ա՛…

—Գրեմ, բայց…

—( Ոտք ելնելով, պոռալով ) Գրէ՛ ըսինք, աղբա՛ր, գրէ՛ ըսինք… խօսքը չեն երկնցներ…

—Անանկ մէկ շեշտով կ'ըսես կոր, որ…

—(Աւելի պոռալով) Գէշ խօսք մը չըսինք ա՛, գրէ՛ ըսինք։

—Ըսիք, բայց…

—( Աթոռին վրայ ելնելով ) Գրէ՛, պապա՛մ, գրէ՛…

—Չեմ ըսեր, թէ չըսիք… բայց չէր վայլէր, որ…

—Գէշ խօսք մը ըսի՞նք, աղանե՛ր, դուք ըսէ՛ք… գրէ՛ ըսինք… ուզածիդ չափ գրէ՛ ըսինք… խօսքն այսչափ չեն երկնցներ… Աբրահամ աղա՛յ, Աբրահամ աղա՛յ, թէ որ դուն իմ տեղս ըլլայիր, ինչե՜ր չէիր ըներ արդեօք… զբօսարանը տակնուվրայ կը բերէիր… բայց ես չեմ բարկանար ձեզի պէս…

—Աւելի՞ գրեցի։

—Գրէ՛ ըսինք, այո՛լ։

—Ինչո՞ւ ըսես, եղբայր։

—( Զբօսարանի դռան առջեւ պոռալով ) Այս մարդը խօսք չհասկնար պէ… գրէ՛, ըսինք, այոլ, քուկին ձեռքէդ բռնող եղա՞ւ, մի՛ գրեր ըսող եղա՞ւ, ինչո՞ւ կ'երկնցնես խօսքը… Աբրահամ աղային խահուէ մ՚եփէ՛, ծո՛… վաստկեցար բարթին… խմէ՛ խահուէդ… անուշ ըլլա՛յ… շատ աղէկ կը խաղաք կոր… ես չիյտեմ կոր խաղալ… ի՞նչ ըսեմ տահա՛…

—Մի՛ եփեր, ծո՛… փարթին չլմնցաւ տահա։

—Չլմնցա՞ւ մի։

—Եկուր, Տիմոթէոս աղայ, սա բարթին լմնցուր, կ'ըսեն ներկայ գտնուողները։

—Պոշ բան է, աղբար, գիտեմ կոր` պիտի կորսնցնեմ… բայց ինչ է նէ, խաղանք. մեզի ուրիշ թուղթ բե՛ր, ծո՛…

Թուղթերը կը փոխուին։ Կը սկսին խաղալ։

—Կ'աղաչեմ, որ կամաց կամաց խաղաս, Աբրահամ աղայ։

—Շատ աղէկ։

—Կտրէ՛։

—Կտրեցի։

—Հրամմեցէ՛ ք… խաղացէ՛ք։

—Առէք։

—Սա պոշ թուղթերը տանք, նայինք։

—Հրամմեցէ՛ք։

—Նայինք` այս անգամ ինչ քոզ պիտի բացուի։

—Դեռ յայտնի չէ։

—Կարծես, միշտ միեւնոյն թուղթերն են։

—Քառո քոզ… քառասուն…

—Կենէ սկսաւ։

—Ութսուն…

—Անգամ մը սկսի նէ, վերջը չբերեր որ…

—Ինձի ալ, կարծես, քի ինատընա աղէկ թուղթ կու գայ կոր…

—Ատանկ է, մէկ կողմին գէշ գայ նէ, միւս կողմին աղէկ կու գայ։

—Հարիւր…

—( Ձեռքերը բանալով ) Այս ո՜րչափ թուղթ, աղբար… այսչափ թուղթով մամիկս ալ կը խաղայ իմին…

—Երկու հարիւր յիսուն… զարմանալի է այս թուղթը…

—Ատանկ է… աճեմիին աղէկ թուղթ կու գայ կ'ըսեն, այն թուղթը ինձի գայ նէ, քսան չես կրնար գրել դուն։

—Ճիշտ է…

—Տիմոթէոս աղայ, սա թուղթը նետէ՛, կ՚ըսէ Տիմոթէոս աղային քովը նստողներէն մին։

—( Թուղթերը նետելով եւ պոռալով ) Մի՛ խառնուիք, աղբար, մի՛ խառնուիք պէ, մի՛ խառնուիք պէ… զաթը ինձի գէշ կու գայ կոր, դուրսէն մի՛ ըսէք… մի՛ ըսէք պէ… մի՛ ըսէք պէ… մի՛ խառնուիք պէ… քանի՞ անգամ կ'ըսեն մէկ խօսքը, աղբա՛ր… մի՛ խառնուիք պէ… էո՛ֆ… ասոր համար է, որ բազմութեան մէջ խաղալ չեմ ուզեր ա՛։

—Երկու հարիւր յիսուն…

—Ի՞նչ երկու հարիւր յիսուն պէ, դուն ալ… թուղթը ես պիտի քաշէի…

—Ես պիտի քաշէի…

—Ի՞նչ շուտ երկու հարիւր ըրիր…

—Յիսուն…

—Խաղէն խապար չունիս, ամա աղօթք ըրէ՛, որ թուղթ կու գայ կոր։ Ինչո՞ւ համար առաջ յիսունը չբացիր, որ վերջէն ալ հինգ հարիւր ըսէիր… չիյտես կոր ամա… թուղթը կ՚օգնէ կոր…

—Հինգ հարիւր…

—Հինգ հարի՞ւր մի… ելէք քովէս քիչ մը, ճանըմ… քիթս կը մտնէք կոր նէ… ձեռքս չեմ կրնար կոր երկնցնել, որ թուղթ նետեմ. հեռացէ՛ք քիչ մը… անդին գացէ՛ք… էո՛ֆ… ի՞նչ հինգ հարիւր է, աղբա՛ր… հինգ հարիւրը ուսկի՞ց հանեցիր… քանի՞ աղջիկ ելաւ… քանի՞ պաճախ ելաւ… այս խաղին խելքս չպառկիր կոր, վէս ելա՜մ…

—Երկու հարիւր յիսուն…

—Վաթսուն մ՚ալ բանանք, նայինք…

—Հարիւր…

—Քսան ալ մէկ բանանք… ոհ, ոհ, ոհ… ասանկ չնչին թուանշաններով… աղբար, եկուր սա տեղերնիս փոխենք։

—Փոխենք…

—Թուղթ ա՛ռ…

—Առէ՛ք… երկու հարիւր յիսուն…

—Դեւ կայ այս թուղթերուն մէջ…

—Հազար…

—( Կից մը տալով սեղանին ) Վա՛զ անցիր, Աստուածդ սիրես նէ… ասանկ խայտառակութեամբ խաղ չխաղացուիր… աղբա՛ր, թուղթը ո՞վ տուաւ։

—Դուն տուիր։

—Անանկ է նէ թուղթը դուն պիտի նետէիր…

—Ես նետեցի եա՞։

—Ոչ, ես նետեցի։

—Սխալ է։

—Ես նետեցի։

—Ո՛չ։

—Այո՛։

—Ո՛չ։ Ո՞վ նետեց, աղանե՛ր, դուք ըսէ՛ք։

—Իրաւ որ մոռցանք։

—Դուն նետեցիր, աղբա՛ր, իրաւունք ունիս, յանցանքն իմս է… իմս է, որ չգիտցած, չտեսած մարդուս հետ թուղթ կը խաղամ կոր…

—Ինչո՞ւ ծանր խօսքեր…

—Ի՞նչ ծանր խօսք, աղբա՛ր… յանցանքն իմս է, կ'ըսեմ կոր… ա՞ս ալ ծանր խօսք է։ Ես այս խաղը խաղալուն կերպը չեմ գիտեր կոր, լմնցաւ… վայ, շունշանորդի թուղթ, վայ, վայ, անիծից արմատ թուղթ, վայ, այսչափ ալ ձախորդութի՞ւն… կարծես կը հալածէ կոր զիս, աղբա՛ր… գետնին տակն անցնիմ, թէ որ մէյ մ՚ալ այս պեզիքը խաղամ նէ… աղբա՛ր, ես խաղի մէջ բնաւ չեմ բարկանար… բայց անանկ պարագաներ կան, որ մարդս ինքնիրմէ կ'ելլայ։

—Շատ իրաւունք ունի Տիմոթէոս աղան, ըսաւ ներկաներէն մին, ինձի ալ գէշ թուղթ մ՚եկաւ օր մը, մազ մնաց, որ կռիւ պիտի ընէի…

—Եթէ այս թուղթն ուրիշի մը գար, մեծ փոթորիկ մը կ'ելլէր այսօր հոս, յարեց ուրիշ մը։

—Շատ քիպարութեամբ վարուեցաւ Տիմոթէոս աղան շիտակը, մրմռաց երրորդ մը։

—Եթէ Տիմոթէոս աղային տեղ ուրիշ մ՚ըլլար, Աբրահամ աղան շատուց ծեծը կերած էր։

—Շիտակը ես չեմ բարկանար, երբ կորսնցնեմ, պատասխանեց Աբրահամ աղան։

—Հրամանքնի՞դ չէք բարկանար, հարցուց Տիմոթէոս աղան։

—Այո՛։

—Ետեւէ ետեւ երկու հարիւր յիսուն բանամ, հինգ հարիւրներ բանամ… հազար բանամ, ու չես բարկանար հէ՞… ճանըմ, ձգենք հիմա պարապ խօսքերը… բարթին լմնցա՞ւ։

—Չէ՛ տակաւին։

—Լմնցնենք ուրեմն… նորէն թուղթ տանք… դուն տո՛ւր… ոչ, ոչ… ինձի տո՛ւր, ես տամ… չէ, չէ… դուն տուր… հէ՞է… կեցի՛ր աս անգամ ես տամ… տո՛ւր, աղբա՛ր, տո՛ւր, դուն տո՛ւր… ի՞նչ կ՚ըսես…

—Որոշումդ տո՛ւր։

—Դուն տո՛ւր, ի՞նչ տամ, աղբա՛ր։

—Որոշո՞ւմ, թէ թուղթ։

—Տո՛ւր, թուղթը տո՛ւր։

—Կտրէ՛։

—Կտրեցի։

—Առէ՛ք… կ'աղաչեմ միայն, որ չբարկանաք…

—Չբարկանա՞մ… բարկացող կա՞յ։

—Չիյտեմ… եւ եթէ պիտի բարկանաք, չխաղանք…

—Մի խաղա՛ր, աղբա՛ր, մի խաղա՛ր, զաթը դուք ասանկ էք, երկու երեք քարթի կը խաղաք, կը վաստկիք, յետոյ կը փախչիք։ Ո՞վ բարկացաւ… ըսենք, թէ բարկացայ, ի՞նչ իրաւունք ունիս բռնանալու իմ վրայ, որ չբարկանամ. դուն իմ բարկութեանս քե՞յֆն ես… գնա սըկեց… զաթը քեզի պէս մարդու հետ խաղալը չվայլեր ինձի։ Անպիտա՛ն։

Աբրահամ աղան կը մտաբերէ Տիմոթէոս աղային ականջներէն քաշել, բայց քաղաքավարութիւնը կը կապէ անոր ձեռքերը եւ թոյլ չըներ, որ գործեն։ Ի՞նչ պէտք ունիմ, կը հարցնէ ինքնիրեն, նեղուելու նոյնիսկ այն բանին մէջ, որ զուարճացնելու սահմանուած է։ Ինչու այսչափ համբերեմ։

Ամէն յաղթող, ինչ բնաւորութեան տէր ալ ըլլայ, առաւել կամ նուազ աչք կը գոցէ պարտելոյն թերութեանց, եւ այս խաղին մէջ Աբրահամ աղան իւր համբերութեամբ միշտ victis հօnos ըսաւ Տիմոթէոս աղային։

Բայց Տիմոթէոս աղան չլռեր.

—Տեսա՞ք, եղբայրնե՛րս, ի՞նչ գէշ թուղթ եկաւ, ես զարմացայ, թէ ինչպէս համբերեցի… ինձմէ չէր այդ համբերութիւնը… եթէ Աստուած նոյն պահուն համբերութիւն չներշնչէր ինձի… չէի կրնար դիմանալ… որչափ աղէկ կը խաղամ, այնչափ գէշ թուղթ կու գայ… կարծես թուղթերը վրէժ կը լուծեն ինձմէ… եւ երբ այս վիճակին մէջ Աբրահամ աղան «պիտի բարկանաս նէ, չեմ խաղար» կ՚ըսէ, իւր պայաղիութիւնը կը յայտնէ։

—Ներեցէ՛ք, կարծեմ թէ պայաղի չեմ։

—Ես քեզի պայաղի չըսի, պայաղիութիւնդ կը յայտնես ըսի։

Ներկայք կ՚ակնարկեն Աբրահամ աղային, որ ձայն չհանէ։

—Մարդս քաղաքավարութիւնը ձեռքէ ձգելու չէ. եթէ դուն քիչ մը քաղաքավարութիւն կամ խիղճ ունենայիր, այնչափ երկու հարիւր յիսուն չէիր բանար… արժէքը խահուէ մ՚է, ամա մարդկութիւնը բարայի վրայ չէ… ինչ որ է… աս ալ խրատ մ՚ըլլայ ինձի… զաթը ձեզի պէս մարդոց բարեւ տալը յանցանք է։

Տիմոթէոս աղան այս ատենախօսութենէ ետքը, զոր զբօսարանի մէջ պտտելով կ'ընէր, դուրս կ՚ելնէ` նախատալի նայուածք մը նետելով Աբրահամ աղային։

—Ի՞նչ տեսակ մարդ է այս, կ՚ըսէ Աբրահամ աղան ներկայից։

—Ի՞նչպէս եղաւ, որ անոր հետ խաղացիր, պատասխանեց մէկը, մենք անոր բնաւորութիւնը գիտենք եւ բնաւ չենք խաղար հետը, շատ անկիրթ մարդ է։

—Չըլլայ, որ ուրիշ անգամ խաղաս, ըսաւ ուրիշ մը։

Վերջապէս ներկայք հետզհետէ խօսք առին` հասկցնելու համար Աբրահամ աղային, որ այսչափով գոհ ըլլայ։

Բայց քիչ մը թողունք ասոնք եւ Տիմոթէոս աղային տանը դռան առջեւ երթանք ու մտիկ ընենք։

—Ի՞նչ է աս վիճակը… տունին մէջ ոչ կարգ կայ, ոչ կանոն, ամանները չեն լուացուած, սենեակները չեն աւլուած, աս լամպան ի՞նչ գործ ունի հոս, բապուճներն ի՞նչ գործ ունին հոն, վարագուրը պատռած է, չէք կարեր, չոճուխին վարտիքները ինչո՞ւ հոս կախած էք, ինչո՞ւ համար պարապ տեղը կրակ կը վառէք կոր…

—Ինչո՞ւ կը պոռաս կոր, ճանը՛մ, ի՞նչ եղար կենէ, պեզի՞ք խաղացիր դարձեալ, ի՞նչ ըրիր։

—Բան մ՚ալ չխաղացի, պեզիք մ՚է, առեր, անցեր էք… մե՞ղք է ուզել, որ ամէն բան կանոնաւոր ըլլայ։

—Ի՞նչ կայ անկանոն… չոճուխին վարտիքները քոնսոլի վրա՞յ դնենք։

—Չիյտեմ… վերեմ պիտի ըլլամ ձեր ձեռքէն։

—Տիմոթէոս աղա՛յ, Տիմոթէոս աղա՛յ, աս քաշուելու բան չէ։

—Պապանձէ։

—Հայրի՛կ, հայրիկ…

—Լռէ՛, շո՛ւն…

Տղան կը սկսի լալ։

—Լռէ՛, հիմա ականջներդ կը փրցնեմ հա՛։

Կինը կօշիկները կը հագնի եւ դուրս կ՚ելնէ։ Հետեւենք իրեն։

Շիտակ զբօսարանը կ'երթայ, ներս կը մտնէ եւ զբօսարանին տիրոջը ցած ձայնով հարցում մ՚ընելէն եւ անկից մեծ դժուարութեամբ պատասխան մը կորզելէն ետքը` կ'ուղղուի Աբրահամ աղային…

—Խոսխոճաման մարդ ես եղեր… փրասայի պէս պեխեր ունիս, չե՞ս ամչնար դուն, չխպնա՛ծ, չե՞ս խպնիր, չամչցա՛ծ, չիյտե՞ս, որ իմ էրիկս կը բարկանայ, երբ որ կորսնցնէ խաղին մէջ եւ խելքն ալ կը կորսնցնէ, չխպնա՛ծ քեզի, իրաւունք չունի՞մ հիմա քու պեխերդ փրցնելու, պատասխան տո՛ւր։

Աբրահամ աղան արձան կը կտրի։

—Սըւոր նայէ՛ մէյ մը… կարծես թէ ուրիշին կը խօսիմ, չպատասխանե՞ս, իշու չափ եղեր ես եւ խելքդ չե՞ս ըներ կոր, որ…

—Սխալեցաւ, տիկի՛ն, սխալեցաւ, մէյ մ՚ա՛լ չըներ, կ՚ըսէ զբօսարանի տէրը։

—Եթէ անգամ մ՚ալ իմանամ, որ հետը թուղթ խաղացեր ես, իրաւ, միսերդ կտոր֊կտոր կը փրցնեմ։

—Մէյ մ՚ալ չըներ, չըներ. Աբրահամ աղա՛յ, բարտոն ըսէ՛ տիկինին։

—Բարտո՛ն, տիկի՛ն, բարտո՛ն։

—Այո՛լ, գիտէք կոր, քի կը բարկանայ, տունը տակնուվրայ կ՚ընէ նէ, քիչ մը սայղը ըրէ՛ք, մեղքցէ՛ք ինձի, ալ մեղք է, քա վա՛յ պանա։

—Գնա՛, տիկի՛ն, գնա՛, հոգ մի՛ ըներ։

Աբրահամ աղան բերանը չբանար որովհետեւ մարդիկ կան, որ երբ բարկանան, չեն կրնար խօսիլ քիչ մ՚ալ կը նստի եւ յետոյ կը մեկնի, սակայն ուխտ կ՚ընէ, որ մէյ մ՚ալ մէկու մը հետ չխաղայ, մինչեւ որ թաղին թաղական խորհրդէն տրուած վկայագիր մը չներկայացուի իրեն։