***
Սեդրաք
աղան
կօշկակարի
մը
խանութը
կը
մտնէ։
—Բարեկամ,
կ՚ըսէ
կօշկակարին,
զոյգ
մը
կօշիկ
կ'ուզեմ
ապսպրել։
—Շատ
աղէկ։
—Կօշիկներուն
քիթը
նեղ
ըլլալու
չեն։
—Հիմակուան
մոտայէն
չէք
ուզեր
ըսել
է։
—Միայն
կ'ուզեմ,
որ
ոտքս
կօշիկի
մէջ
կարենայ
շարժիլ.
նեղ
ոտքի
աման
չեմ
ուզեր,
որովհետեւ
նասըր
ունիմ։
—Գլխուս
վրայ,
ձեզի
անանկ
կօշիկ
մը
շինեմ,
որ
թէ
մոտայի
համաձայն
ըլլայ,
եւ
թէ
ձեր
ոտքերը
չսխմեն։
—Եթէ
կարենաս
գոհ
ընել
զիս,
միշտ
քու
խանութը
կու
գամ։
—Վստահ
եղէք։
Կօշկակարը
Սեդրաք
աղային
ոտքի
չափը
կ՚առնէ
եւ
կ՚իմացնէ,
թէ
քանի
մ՚օրէն
պատրաստ
պիտի
ըլլան
կօշիկները։
Սեդրաք
աղան
քանի
մ՚օրէն
կ'երթայ
կօշկակարին։
—Պատրա՞ստ
են
կօշիկներս։
—Այո՛,
պատրաստ
են։
Կօշկակարին
աշակերտը
Սեդրաք
աղային
կը
ներկայացնէ
կօշիկները։
—Եղբայր,
կ՚ըսէ
Սեդրաք
աղան,
ասոնք
պզտիկ
են։
—Ընդհակառակն,
մեծ
են։
—Ասոնց
քիթերը
նեղ
են։
—Չեմ
կարծեր,
շատ
լայն
քիթերն
այսօր
մաքպուլ
չեն.
կ'աղաչեմ,
անգամ
մը
ձեր
ոտքն
անցունէիք
սա
կօշիկները։
Սեդրաք
աղան
կը
նստի։
Կօշկակարին
աշակերտը
քառակուսի
տախտակ
մը
կը
դնէ
Սեդրաք
աղային
ոտքերուն
տակը։
Սեդրաք
աղան
կը
ձեռնարկէ
նոր
կօշիկներն
հագնելու։
Կօշիկները
կ՚ապստամբին։
—Ոտքդ
ուժով
կոխէ՛,
կը
պոռայ
կօշկակարն։
—Ոտքի
վրայ
ել
ու
այնպէս
կոխէ,
կ՚ըսէ
կօշկակարին
քալֆան։
—Ուժով
ոտքդ
գետինը
զարկ,
կը
խրատէ
կօշկակարին
աշակերտը։
—Ծօ՜,
սա
փոշիէն
ցանէ
քիչ
մը
կօշիկներուն
մէջ,
որ
Սեդրաք
աղային
ոտքերը
դիւրութեամբ
սահին
ու
մտնեն,
կը
հրամայէ
կօշկակարն
պզտիկ
աշակերտին։
Հրամանը
կը
կատարուի։
Կօշիկներն
հաստատամիտ
են։
—Էո՜ֆ,
քրտնեցայ,
պէ
ատա՛մ,
կ՚ըսէ
Սեդրաք
աղան`
երեսը
թթուեցնելով,
քեզի
քառասուն
անգամ
ապսպրեցինք,
որ
մեծ
ըլլան,
լայն
ըլլան,
երկար
ըլլան։
—Կ'երեւայ,
որ
ոտքերդ
ալ
քրտնած
են
եւ
անոր
համար…
—Չէ,
քուզո՛ւմ,
չէ,
ճա՛նըմ…
կօշիկները
նեղ
են։
—Անգամ
մը
հագնիս
նէ,
կը
բացուին։
Լայն
ոտքի
ամաններն
աւելի
կը
վնասեն
նասըրներուն։
—Չեմ
կրնար
կոր
հագնիլ։
Կօշկակարն
քալֆայովն
եւ
աշակերտներովն
Սեդրաք
աղային
օգնելու
կ'երթայ։
Երկու
հոգի
Սեդրաք
աղային
թեւը
կը
մտնեն.
կօշկակարը
Սեդրաք
աղային
մէկ
ոտքը
կը
բռնէ
եւ
կ'աշխատի
կօշիկին
մէջ
դնել։
Ամբողջ
կօշկակարեան
խումբը
կը
քաջալերէ
Սեդրաք
աղան.
—Հա՛,
հա՛,
կը
մտնայ
կոր…
—Քիչ
մ՚ալ
համբերութիւն…
—Քիչ
մ՚ալ
հաստատամտութիւն…
—Օ՛ն,
քաջալերուէ…
—Վա՛յ,
վա՛յ,
վա՛յ…
—Քիչ
մը
դիմացիր,
էֆենտիմ…
—Անգամ
մը
մտնայ
նէ…
—Ոտքս
կոտրէին
նէ,
աւելի
աղէկ
էր…
—Հա՛,
հա՛,
քիչ
մնաց…
—Քիչ
մ՚ալ
ճահտ
ընես
նէ,
կը
լմննայ,
կ'երթայ։
—Յոգնեցար
նէ,
քիչ
մը
յոգնութիւն
առ
տէ…
—Չեմ
ուզեր,
պէ
ատա՛մ,
թող
տուէք
հանեմ
ոտքս,
ճիյերս
սզլամըշ
կ'ըլլայ
կոր…
—Բան
մը
չէ,
կ'անցնի։
—Հարիւր
անգամ
ալ
ապսպրեցի,
որ
ես
մոտայ
չեմ
ուզեր,
ոտքերուս
հանգստութիւնը
կ'ուզեմ…
—Կոխէ
ոտքդ…
—Ի՞նչպէս
կոխեմ,
ճանըմ,
չէք
հասկնար
կոր,
որ
ոտքերս
կ՚էրին
կոր,
կարծես
թէ
կրակի
մէջ
կոխած
եմ…
թող
տուէք,
Աստուածնիդ
սիրէք,
սա
ի՞նչ
խօսք
չհասկցող
մարդոց
հանդիպեցանք։
—Քիչ
մ՚ալ
ղայրեթ
ըրէ՛,
էֆենտի։
—Ղայրեթնիդ
ալ
գետնին
տակը
անցնի,
կօշիկնիդ
ալ…
թող
տուէք
ոտքս,
վազ
անցայ։
—Բարկանալու
իրաւունք
չունիք,
Սեդրաք
աղայ…
—Չունիմ,
աղբար,
չունիմ,
դուք
իրաւունք
ունիք
բարկանալու,
թող
տուէք,
սա
ոտքս
քաշեմ։
Կօշկակարն
ուժով
բռնած
է
Սեդրաք
աղային
ոտքէն,
որուն
ինը
տասներորդ
մասը
մտած
է
կօշիկի
մէջ։
—Շատ
բծախնդիր
էք,
Սեդրաք
աղայ։
Սեդրաք
աղան
կը
զգայ,
թէ
գերի
բռնուած
է,
ուստի
անձնատուր
կ՚ըլլայ
կօշկակարին,
որ
իւր
խումբովը
կը
յաջողի
կօշիկներն
անցնել
իւր
յաճախորդին
ոտքերուն։
—Տեսա՞ր,
ինչպէս
աղէկ
եղաւ…
ոտքի
վրայ
կայնէ
քիչ
մը.
ո՜հ…
մինչեւ
տուն
երթաս
նէ,
ոչ
ցաւ
մը
կը
մնայ,
ոչ
բան
մը…
սանկ
քալէ՛,
նայիմ։
—Ի՞նչպէս
քալեմ,
ճա՛նըմ,
նասըրներս
կը
ցաւին
կոր…
հանեցէք
սըւոնք։
—Քիչ
մը
խօսք
մտիկ
ըրէ,
Սեդրաք
աղայ,
մինչեւ
տուն
գնայ,
ոտքերդ
պիտի
վարժուին
ու…
—Քիչ
մը
լայնկեկ
շինէիք
նէ,
չէ՞ր
ըլլար։
—Չըլլար,
Սեդրաք
աղաս,
չըլլար,
ամէն
խանութ
նամուս
ունի,
մենք
մեր
խանութին
պատիւը
չենք
կրնար
կոտրել
անանկ
մեծ,
լայն
ու
տձեւ
կօշիկներ
կարելով.
ամէն
մարդ
իր
գործը
գիտէ։
—Աղէկ,
աղէկ,
ի՞նչ
պիտի
տանք։
—Ոսկի
մը
ու
մեճիտիէ
մը։
—Առէ՛ք։
—Շնորհակալ
եմ։
Մեզի
մի՛
մոռնաք,
Սեդրաք
աղայ։
Սեդրաք
աղան
այդ
կօշիկներով
դուրս
կ՚ելնէ
կօշկակարին
խանութէն,
նասըրներու
ցաւէն
ամէն
քայլափոխին
հառաչելով,
երբեմն
ալ
արտասուելով։
Կը
զգայ
վերջապէս,
թէ
չպիտի
կրնայ
շարունակել
ճամբան,
զբօսարան
մը
կը
մտնէ,
բազմոցի
վրայ
կը
նստի
եւ
կօշիկները
հանել
կ'ուզէ։
Չյաջողիր։
Սրճարանին
սպասաւորը
կը
կանչէ
եւ
կ՚աղաչէ,
որ
կօշիկներն
քաշէ։
Սպասաւորը
բոլոր
ուժը
կը
սպառէ,
կարելի
չէ
կօշիկները
հանել։
Իմաց
կը
տրուի
կօշկակարին,
որ
քալֆային
ընկերակցութեամբ
կը
հասնի
ու
մեծ
դժուարութեամբ
կը
յաջողի
ազատել
Սեդրաք
աղան
իւր
ոտքերուն
ձեռքէն։
Սեդրաք
աղան
կը
հագնի
հին
կօշիկները,
զորս
կօշկակարի
խանութէն
հետն
առած
էր,
եւ
կը
հանգստանայ։
—Բնաւ
սըխըի
չէք
գար
կոր,
Սեդրաք
աղայ,
կ՚ըսէ
կօշկակարը,
ձեւաւոր
եւ
ճաշակաւոր
բան
մը
հագնելու
համար
քիչ
մը
ակռան
սխմելու
է
մարդս.
ինչ
որ
է,
տուէք
սա
կօշիկներն
ինձի,
վաղը
ես
զանոնք
աղուոր
խալըպի
մը
զարնեմ
տէ,
ղրկեմ
ձեզի։
—Շատ
աղէկ,
կը
պատասխանէ
Սեդրաք
աղան
ու
խահուէ
մը
խմելուն
պէս
կը
մեկնի։
Հետեւեալ
օրը
Սեդրաք
աղան
շուկայ
կ'երթայ,
ապայէ
լաբճին
մը
ու
լաստիկ
մը
կը
գնէ,
կը
հագնի
ու
գործին
կ'երթայ։
Դիտողութիւնները
կը
սկսին.
—Սա
Սեդրաք
աղան
շատ
թոհաֆ
մարդ
է։
—Ապտալ
է
պարզապէս։
—Տիւանէ
ըսէք
սըւոր,
երթայ։
—Ես
ալ
տեսայ,
ապա
լաբճին
մը
անցուցեր
է
ոտքը,
վրան
ալ
լաստիկ
հագեր
է…
—Խայտառակութիւն
է։
—Ինչ
մեղքս
պահեմ,
հետը
պտտելու
կ'ամչնամ
կոր։
—Թող
գիւղ
մը
երթայ,
նստի,
էֆենտիմ։
—Ատ
ոտքերով
ընկերութեանց
մէջ
մտնել
կարելի
չէ։
Այս
դիտողութիւններն
Սեդրաք
աղային
ականջը
կը
հասնի։
Սեդրաք
աղան
կը
համոզուի,
թէ
քաղաքավարութիւնը
չհակառակիր
նասըրի,
բայց
սարսափելի
թշնամի
է
ապա
լաբճինի:
Սեդրաք
աղան
կը
ստիպուի
հանել
լաբճինները
եւ
ընդունել
մոտային
համաձայն
կօշիկներն
ու
անոր
հարուածներն։