Քաղաքավարութեան վնասները

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

***

—Կը ճանաչի՞ք Բարթողիմէոս աղան։

Զարմանալի մարդ մ՚է։

Դիցուք թէ առաւօտ մը գործիդ գլուխը գտնուելու համար վազելով կ՚երթաս խանութդ բանալու։ Մարդ մը կ՚ելնէ դէմդ, մէկ քիլոմեթրոյ հեռաւորութենէ կը բարեւէ զքեզ, թեւդ կը մտնէ եւ կ՚ըսէ.

—Ես ալ քեզի տեսնել կ'ուզէի, սանկ քիչ մը էրկննանք, խօսելիք ունիմ քեզի։

Այդ մարդն է ահա Բարթողիմէոս աղան։

(Խօսքը մէջերնիս մնայ, Բարթողիմէոս աղան չիմանայ)։

Բարթողիմէոս աղան այնքան քայլ կ՚առնէ քեզի հետ, որքան որ պէտք է որպիսութիւնդ հարցնելու համար, եւ ահա խօսքի կը բռնուի ուրիշ բարեկամի մը հետ, որուն կը հանդիպի։

—Ըսածդ կերպով ըրի, բայց չյաջողեցայ։

—Անպատճառ սխալ մ՚ըրած ըլլալու ես։

—Ոչ, ձուկը խորովեցի եւ աղով ու լիմոնով պատրաստուած համեմի մէջ դրի, անհամ բան մ՚եղաւ։

—Զարմանալի բան։

—Կ՚աղաչեմ, որ օր մը գաս ու քու ձեռքովդ պատրաստես. տիկինն ալ հետդ բեր, նստինք ու քիչ մը ժամանակ անցունենք։ Տիկինն ի՞նչպէս է, աղէ՞կ է։

—Շատ աղէկ է։

—Յատկապէս բարեւ կ'ընեմ։

—Գլխուս վրայ։

—Ե՞րբ պիտի խալսի։

—Ամիսէ մը, եթէ Աստուած կամենայ։

—Մանչ կը նմանի։

—Յայտնի չէ։

—Մանչ է առաջ Աստուած։ Տիկնոջդ ըսէ, որ չնստի, միշտ շարժի, քալէ ու քալէ։

—Շնորհակալ եմ, մնաք բարով։

Բարթողիմէոս աղան նորէն քեզի կը դառնայ եւ որպիսութիւնդ դարձեալ հարցնելէն վերջը մսավաճառի մը խանութը կը մտնէ։

—Այս վերջին անգամուան միսդ ուտուելու բան չէր շիտակը։

—Ամենէն պատուական միսէն տուի։

—Սխալ է. տիկինն ըսաւ, թէ այս անգամուան միսն գէշ ու անհամ էր։ Կը խնդրեմ, որ ուրիշ անգամ քիչ մը ուշադրութիւն ընես, ես քուկին քսան տարուան յաճախորդդ եմ, եւ չվայլեր, որ գէշ միսն ինձի տաս, որովհետեւ ես կանխիկ կը վճարեմ միշտ։

—Գալ անգամ աւելի ուշադրութիւն կ'ընեմ։

Բարթողիմէոս աղան վերստին քեզի կը դառնայ.

—Ի՞նչ կայ, ի՞նչ չկայ, նայինք, չխօսի՞ս…

Եւ ահա երկար հասակով մարդ մը կ՚ելնէ դէմն, որուն հետ կը սկսի խօսակցել։

—Տակաւին չմոռցայ, կ՚ըսէ, այն գիշերուան զբօսանքը։

—Ես ալ չմոռցայ։

—Գարեջուրն պատուական էր։

—Այո։

—Ժանպոնն ալ համով էր։

—Ընտիր։

—Քսան բաժակ խմեցի այն գիշերը։

—Անուշ ըլլայ։

—Գալ շաբթու նորէն միանանք գիշեր մը Ֆիլիբի խանութը։

—Միանանք։ Մնաք բարով։

—Մեզէն առաջուց պատրաստենք սակայն։

—Կ'ըլլայ։ Մնաք բարով։

—Բայց օտարական չգտնուի մէջերնիս։

—Շատ աղէկ։ Մնաք բարով։

—Մենք մեզի ըլլանք։

—Այո՛։ Մնաք բարով։

—Բազմութիւն ըլլայ նէ, համ չըլլար։

—Անանկ է։ Մնաք բարով։

—Տեսնուինք։

Բարթողիմէոս աղան խօսքը ձեզի կ՚ուղղէ վերստին։

—Ի՞նչ կ'ընես կոր, նայինք։

—Ոչինչ։

—Բնաւ չես երեւար, եղբայր. անոր, ասոր կը հարցնեմ քեզի համար ու…

Այս միջոցին տիկին մը կը տեսնէ յանկարծ։

—Ի՞նչպէս էք տիկին, աղէ՞կ էք։

—Փառք Աստուծոյ, Բարթողիմէոս աղայ, հրամանքնիդ ընտո՞ր էք։

—Սանկ, նանկ։ Ընտո՞ր ըրիք գլխարկը։

—Ո՞ր գլխարկը։

—Անցեալ շաբթու գլխարկ մը կը սակարկէիր կոր, հարիւր քսանի չտուա՞ւ։

—Ինտո՞ր ալ միտքդ կը մնայ, Բարթողիմէոս աղայ, իննսունի առինք։

—Աղէկ գլխարկ էր սակայն. ձեզի շատ աղէկ վայլեց, տիկին, աղջիկ դարձաք։

—Թոհաֆ ես, Բարթողիմէոս աղայ, աղջիկութիւնս մնացեր է։

—Ես քեզի հազար աղջիկի չեմ փոխեր։

—Տէր ողորմեա։

—Տունն ինտո՞ր են, աղէ՞կ են, աղադ ի՞նչ կ՚ընէ, առաջուան պէս կերակուրն ուտելուն պէս կ'երթայ, կը պառկի՞։

—Ի՞նչ ընէ, յոգնած յոգնած կու գայ։

—Բարեւ ըրէ՛։

—Շատ աղէկ։

—Տեսնուինք։

—Գլխուս վրայ։ Մնաք բարով։

—Երթաք բարով։

Բարթողիմէոս աղան խօսքը ձեզի ուղղելով`

—Էյ, զրուցէ՛, նայինք։

—Ի՞նչ զրուցեմ…

—Օօօօօօօօօ՜, փառք Տիրոջ, որ տեսնուեցանք, ո՞ւր էք, աղբար, ո՞ւր էք, կը հարցնէ Բարթողիմէոս աղան եօթանասուննոց մէկու մը։

—Հոս եմ։

—Համաձայնեցա՞ք հետը։

—Համաձայնելու մօտ ենք։

—Համաձայնեցէ՛ք, համաձայնեցէ՛ք, անուշ տեղը կապեցէ՛ք, հինգ վար, հինգ վեր, լմնցուցէք գործը։

—Իմ միտքս ալ անանկ է։

Գործ ունիս, կ'ուզես բաժնուիլ Բարթողիմէոս աղայէն եւ խանութդ երթալ, Բարթողիմէոս աղան բռնած է ձեռքէդ։

—Ինձի հրաման Բարթողիմէո՛ս աղայ։

—Մէկտեղ կ'երթանք հիմա. սա խօսքս լմնցնեմ, ըսելիք ունիմ քեզի։ Տահայ ինտո՞ր ես, նայինք…

—Սանկ, նանկ կ'երթանք կոր։

Քանի մը քայլ եւս կ'առնես Բարթողիմէոս աղային հետ, եւ ահա սրճարանի մը մէջ նստող մարդու մը կ'ուղղուի։

—Բարե՛ւ, տիրացո՛ւ։

—Ծառայ եմ։

—Շատ ուրախացայ, շատ ուրախացայ։

—Շնորհակալ եմ։

—Քեզմէ աղէ՞կը պիտի գտնայինք։

—Ողջ եղէք։

—Մեզի ալ քեզի պէս մէկը պէտք է։

—Երախտագէտ եմ։

—Ձեռնադրութիւնն ե՞րբ պիտի ըլլայ։

—Ամիսէ մը։

—Ամի՞սն ինչ է, գալ շաբթու ձեռնադրուէ՛, լմննայ, երթայ։ Անունդ պիտի փոխե՞ս։

—Այո՛։

—Ի՞նչ պիտի դնես։

—Ամբակում։

—Շատ յարմար անուն մ՚է. ծառայ եմ, տէր Ամբակում։

—Երթաք բարով։

Բարթողիմէոս աղան այսպէս քու օձիքէդ բռնելով` քեզ կը տանի մինչեւ հոն, ուր պիտի երթար։ Իւր երթալիք տեղը հասնելուն պէս`

—Չես խօսիր կոր, աղբա՛ր, կ՚ըսէ քեզի։

—Ի՞նչ խօսիմ։

—Ուրիշ օր մը երկար բարակ տեսնուինք, սանկ խօսինք։ Մնաք բարով. տեսնուինք սակայն։

—Երթաք բարով։

—Ըսելիք ունիմ քեզի։

—Շատ լաւ։

Կը բարկանաս, բայց քաղաքավարութիւնը կ՚արգիլէ քեզի երեսել իրեն անկրթութիւնն։ Կ'երթաս, խանութդ կը բանաս եւ գործերդ նոյն օրը ձախորդ կ'երթան։ Կը յիշէ՞ք օր մը, ուր բարկացած ըլլաք եւ յաջողութիւն ունեցած ըլլաք։

Ես չեմ յիշեր։

Այսու ամենայնիւ Բարթողիմէոս աղան ալ կը մարսուի. անանկ անմարսելի բաներ կան, որոնց պատմութիւնն իսկ սոսկում կը պատճառէ մարդուս։

Քիչ մը համբերեցէ՛ք։