***
Մերկեր
աղան
ճշտապահ
մարդ
մ՚է։
Տասն
եւ
մէկին
տուն
կը
դառնայ,
կը
հանուի,
գիշերազգեստը
կը
հագնի
եւ
կէսին
սեղան
կը
նստի։
Սեղանէն
կ՚ելնէ,
խահուէն
կը
խմէ,
զաւակները
կը
սիրէ,
կը
համբուրէ,
տիկնոջ
հետ
սքանպիլ
մը
կը
խաղայ
եւ
կ'երթայ
քնանալու։
Կենացը
մէջ
գինետուն
մտած
չէ
բնաւ։
Ընկերութեան
հետ
հաշտ
չէ,
ոչ
հիւր
կ'ընդունի,
ոչ
ալ
հիւր
կ'ըլլայ։
Արի,
տես
սակայն,
որ
մարդս
իւր
անձին
իշխանը
չէ։
Մերկեր
աղան
օր
մ՚երեկոյեան
ժամը
տասնմէկ
ու
կէսին
տանը
դռան
առջեւ
աթոռ
մը
կը
դնէ
եւ
կը
նստի
զաւակը
գրկած։
Նոյն
միջոցին
մարդ
մը,
որու
հետ
սերտ
բարեկամութիւն
չունէր,
կ'անցնի
եւ
բարեւելէն
յետոյ
Մերկեր
աղան`
կ՚ըսէ
անոր.
—Սա
քուկին
ասանկ
դռան
առջեւ
նստիլդ
բան
մը
ձգեց
միտքս։
Եւ
Մերկեր
աղային
դիմացը
կանգնած`
կը
սկսի
պատմութեան։
—Ժամանակաւ,
կ՚ըսէ,
համետագործ
Բարաղամ
աղայ
մը
կար։
Համետագործ
կ'ըսեմ
նէ,
խօսքը,
խորաթան
տեղը,
շուքը
ծանր,
տեսքոտ,
խելացի
մարդ
մ՚էր։
Լուսերու
մէջ
պառկի։
Հիմակուան
համետագործներուն
պէս
չէր.
տունը
երթայիր
նէ
քառասուն
տեսակ
կերակուր
կը
հանէր,
տեսակ
տեսակ
անուշեղէններ.
աղած
ձուկեր,
ընտիր
օղի,
գինի,
մանաւանդ
գինին,
բնաւ
չեմ
մոռնար,
լուսերու
մէջ
պառկի,
սպասաւոր,
աղախիններ,
այնպէս
որ
կը
կարծէիր,
թէ
ամիրայի
մը
տունը
կը
մտնէիր։
Համետագործ,
բայց
հիմակուան
դերձակներէն
աւելի
վարպետ
եւ
երջանիկ։
Ատանկ
համետագործ
չկայ
հիմա.
դիմացը
ելլայիր
նէ,
քաշուելով
կ'ելլայիր.
բարի
մարդ
էր
սակայն,
ձեռքէն
եկած
բարիքը
կ'ընէր.
բարեպաշտ
մարդ
ալ
էր,
լուսերու
մէջ
պառկի.
ուսկի՞ց
ալ
միտքս
եկաւ,
քսան
տարուան
բան
է
պատմելիքս։
—Պատմածիդ
նայելով
բարի
մարդ
է
եղեր
Բարաղամ
աղան։
—Բարին
ալ
խօ՞սք
է,
կ՚աւելցնէ
Ղուկաս
աղան.
այս
է
պատմիչին
անունը։
—Այսինքն
շէնքով
շնորհքով
մարդ
է
եղեր,
կը
յարէ
Մերկեր
աղան։
—Շէնքով
շնորհքովին
խօ՞սքը
կ'ըլլայ։
—Այսինքն
ծանր
մարդ։
—Ի՞նչ
ծանր,
ի՞նչ
ծանր…
ի՞նչպէս
հասկցնեմ
քեզի.
ծանր,
բայց
հիմիկուան
թեթեւներուն
պէս
ծանր
չէ։
—Այսինքն
ազդեցիկ
մարդ։
—Ողջ
ըլլալու
էր
ու
քեզի
ցուցնելու
էի,
որ
մարդ
տեսնայիր։
Մարդ
էր,
մարդ,
կը
յարէ
Ղուկաս
աղան`
քթին
ծակերուն
քթախոտ
թխմելով
երկու
մատներով։
Մերկեր
աղան
կը
գուշակէ,
թէ
պատմիչին
պատասխանելն
պատմութեան
աւելի
երկարելուն
պիտի
նպաստէ,
ուստի
միտքը
կը
դնէ
բառ
մ՚անգամ
չարտասանել։
—Այո
Բա…
ափշո՜ւ…
Բա…
փսո՜ւ
փսո՜ւ…
րաղա…փսո՜ւ
սո՜ւ…
ղամ
աղան…
փսո՜ւսո՜ւ…
այս
Բարաղամ
աղան,
կը
շարունակէ
Ղուկաս
աղան`
գունաւոր
թաշկինակով
մը
քիթը
սրբելով
եւ
հնչեցնելով
զայն
այնպիսի
ահագնագոչ
ձայնով
մը,
որու
նմանն
վերջին
դատաստանին
ահագին
օրը
լսել
կ'երեւակայէր
Մերկեր
աղան։
—Բարաղամ
աղան…
եեփսուուուո՜ւ…
Մերկեր
աղան
թէեւ
չախորժիր
իւր
բարեկամէն,
ոչ
ալ
անոր
երկարապատում
ճառէն
եւ
քիթէն,
կը
զգայ
սակայն,
թէ
քաղաքավարութեան
համաձայն
չէ,
որ
ինքը
աթոռի
վրայ
նստած
ըլլայ,
եւ
հիւրն
ոտքի
վրայ
կայնի.
ուստի
կէսբերան
կ՚ըսէ
Ղուկաս
աղային.
—Ներս
չէ՞ք
հրամմեր
քիչ
մը։
Ղուկաս
աղան
անմիջապէս
տունը
կը
մտնէ,
ըսելով.
—Կ'ըլլա՞յ
մի
եա՛…
ժամանակն
ուշ
չէ՞
մի…
ի՞նչ
կ՚ըսես…
տղաքս
չե՞ն
սպասեր…
ձեզի
ալ
կոտրել
չեմ
ուզեր…
սանկ
քիչ
մը
նստիմ…
առաջուց
ըսեմ
սակայն,
որ
շատ
չեմ
նստիր,
չէէ։
Մերկեր
աղան
հիւրին
հետ
վեր
կ՚ելնէ։
Ղուկաս
աղան
կը
նստի
բազմոցի
վրայ,
մէկ
գրպանէն
ծխախոտի
տուփը
կը
հանէ,
միւս
գրպանէն
քթախոտի
տուփը
կը
հանէ,
բարձին
վրայ
կը
դնէ,
ուրիշ
գրպանէ
մը
թաշկինակը
կը
հանէ,
քովը
կը
դնէ,
քովի
գրպանէն
համրիչը
կը
հանէ,
ձախ
կողմը
կը
դնէ,
ետեւի
գրպանէն
ճերմակ
եւ
ծալուած
տոպրակ
մը
կը
հանէ,
ձախ
կողմը
կը
տեղաւորէ,
առջեւի
գրպանէն
զմելին
կը
հանէ,
թաշկինակին
վրայ
կը
նետէ,
ներսի
գրպանէն
պզտիկ
ծխափող
մը
կը
հանէ
եւ
բարակ
թելի
մը
ծայրն
քիչ
մը
բամբակ
դնելով
ծխափողին
մէջէն
կ՚անցունէ
եւ
զայն
մաքրելու
սկսելով
հանդերձ
ձեռք
կ՚առնէ
խօսքին
թելն
ալ։
—Այս
Բարաղամ
աղան,
ինչպէս
ըսի,
աղէկ
մարդ
մ՚էր,
թէեւ
քիչ
մը
խիստ
էր։
Մարդս
ալ
քիչ
մը
խիստ
ըլլալու
է,
թուլբերան
մարդիկը
պարապ
մարդիկ
են,
անանկ
չէ՞
մի…
Մերկեր
աղա՛յ,
մարդ
հրամցնողը
օղի
կը
հանէ,
ո՞ւր
է
նայինք
օղին,
տիկինին
ալ
չտեսանք…
տիկինը
ո՞ւր
է։
—Կերակուրի
պատրաստութիւն
կը
տեսնէ,
որովհետեւ
ես
ժամը
կէսին
կ՚ուտեմ։
—Շատ
աղէկ
կ'ընէք,
շատ
աղէկ
կ'ընէք,
ես
ալ
անանկ
կ'ընեմ։
Կեցցես,
սիրած
մարդս
ես։
Ես
ինչո՞ւ
կը
սիրեմ
քեզի։
—(
Մեկուսի
)
Ուր
էր,
թէ
սիրած
մարդդ
չըլլայի,
ու
կորսուէիր
երթայիր։
—Որովհետեւ
գիտեմ,
որ
դուն
ալ
կը
սիրես
ինձի.
սէրը
երկու
կողմէն
ըլլալու
է,
կ՚ըսեն
նախնիք,
ախ…
այս
նախնեաց
խօսքերուն
մէջ
շատ
աղուոր
խօսքեր
կան,
մարգարիտի
պէս
խօսքեր
կան,
բայց
մենք
չենք
ճանչնար…
Հրաման
ըրէք,
օղի
բերեն,
Մարկոս
աղայ,
սա
ի՞նչ
է,
տրտում,
տխուր
նստի՞նք
պիտի…
այս
իրիկուն
քիչ
մը
տխուր
կ'երեւաս
կոր…
ինձի
անանկ
կ'երեւաս
կոր,
չէ
նէ…
ինչո՞ւ
տխուր
ես…
մարդս
աշխատելու
է,
որ
միշտ
ուրախ
ըլլայ,
մինչեւ
անգամ
ակամայ
ուրախ,
բռնի
ուրախ…
ցաւ
մը
ունիս
նէ,
ըսէ
ինձի,
բացուէ,
ի՞նչ
վնաս
ունի…
բարեկամ
ենք…
Այս
միջոցին
տանտիկինը
կը
մտնէ
սենեակն
եւ
էրկանը
դէմքէն
առած
հրահանգաց
համաձայն`
կատարեալ
պաղութեամբ
կը
բարեւէ
Ղուկաս
աղան։
—Ներեցէք,
տիկին,
մինչեւ
այսօր
հոս
չգալուս
համար,
շատոնց
կը
փափաքէի
տեսնել
ձեզի,
բայց
ժամանակները…
ժամանակները…
կը
հասկնաք
ա՛…
չէ
նէ,
մենք
Մերկեր
աղային
հետ
եղբօր
պէս
ենք,
գրեթէ
ամէն
օր
մէկտեղ
ենք.
այս
իրիկուն
ալ
չէի
գար,
բայց
չկրցի
դիմանալ
Մերկեր
աղայի
թախանձանաց.
օձիքս
թող
չտուաւ,
անպատճառ
ներս
պիտի
գաս,
ըսաւ.
Մերկեր
աղային
խօսքը
կը
կոտրե՞մ
ես։
Եւ
պատուհանը
բացաւ,
փողոցը
նետեց
թելն,
որով
ծխափողին
կորկը
մաքրած
էր։
Տիկինը
վար
իջաւ։
Քանի
մը
վայրկեանէն
յետոյ
օղի
բերին։
—Մէյ֊մէկ
հատ
ճնկենք,
ըսաւ
Ղուկաս
աղան
եւ
գաւաթն
մինչեւ
բերանը
լեցունելով
մէկ
ումպով
պարպեց։
Մերկեր
աղան
չ
է
զոքութիւն
պահեց։
Ղուկաս
աղան
գաւաթ
մ՚ալ
տնկեց։
—Այս
Բարաղամ
աղան…
—Սեղանը
պատրաստ
է,
պոռացին
վարէն։
Ղուկաս
աղան
գաւաթ
մ՚ալ
խմեց։
—Կը
ներէք
Ղուկաս
աղայ,
տղաքը,
գիտէք
ա՛,
վարժուած
են
կանուխ
ուտելու,
անօթի
չեն
կրնար
սպասել։
—Ինչո՞ւ
սպասեն։
Էֆենտիմ
ինչո՞ւ…
հրամմեցէք,
իջնանք,
միայն
թէ
մէկը
գտնայինք
ու
մեր
տունը
ղրկէինք,
որ
չսպասեն
ինձի։
—(
Մեկուսի
)
Եկուր
տէ՛,
մի՛
ճաթիր։
—Զքեզ
չկոտրելու
համար
է,
որ
հրաւէրդ
ընդունեցի.
չէ
նէ,
ես
ուրիշին
տունը
կերակուր
կերած
մարդ
չեմ։
Մէյ֊մէկ
հատ
ալ
խմենք…
գինի
ունի՞ս,
հարկաւ
ունենալու
ես…
Բաշա
Լիմանի՞
է։
—Բան
մը
կ'ընենք։
(
Մեկուսի
)
Համբերելու
է,
ուրիշ
ճար
չկայ։
—Ինչո՞ւ
այս
գիշեր
սանկ
տխրութեան
պէս
բան
մը
կայ
վրադ։
—Ոչինչ։
—Մէյ֊մէկ
հատ
ալ
խմենք։
—Ես
չեմ
խմեր։
—Ես
կը
խմեմ
քեզի
համար։
—Կերակուրը
պատրաստ
է,
կը
կրկնեն
վարէն։
Ղուկաս
աղան
օղին
հետն
առած
վար
կ'իջնայ,
սեղանը
կը
բազմի
եւ,
որպէս
տանտէր,
սեղան
կը
հրամցնէ
Մերկեր
աղան,
անոր
կինն
ու
զաւակները։
Սեղանի
վրայ
ինչ֊ինչ
կարգադրութիւններ
կ՚ընէ.
«դուն
քիչ
մ՚ասդին
եկուր»,
կ՚ըսէ
միոյն,
«դուն
ալ
քիչ
մ՚անդին
գնա»,
կ՚ըսէ
միւսին,
«քիչ
մ՚առաջ
եկուր»,
կ՚ըսէ
մէկալին,
«ջուրի
սրուակը
իմ
առջեւս
դրէք,
ճրագն
անդին
տարէք,
որ
արգելք
չըլլայ
ձեզի,
աղցանը
քիչ
մ՚անդին
քշեցէք,
կերակուրը
քիչ
մ՚ալ
ասդին
բերէք,
գինին
իմ
քովս
տուէք,
հրամմեցէ՛ք
նայինք»,
կ՚ըսէ
եւ
մսի
լայնածաւալ
կտոր
մը
կ՚առնէ
առջեւը։
Ջրկիր
մը
կը
ղրկուի
Ղուկաս
աղային
տունը`
իմաց
տալու
համար,
թէ
Մերկեր
աղային
տունը
կ՚ընթրէ
Ղուկաս
աղան։
Դիւրին
է
երեւակայել,
ինչ
որ
կը
զգար
Մերկեր
աղան
այս
արարողութեանց
միջոցին.
մերթ
կը
մտաբերէր
հիւրին
թեւէն
բռնել
ու
փողոցը
նետել
զայն,
բայց
քաղաքավարութիւնը
կը
հակառակէր
այս
օրինակ
երթաս
բարովին
։
—Ինչո՞ւ
գինի
չենք
խմեր
կոր,
կը
հարցնէ
Ղուկաս
աղան
քանի
մը
կտոր
միս
կլլելէն
ետքը
եւ
ջուրի
բաժակ
մը
գինիով
լեցնելով
կը
խմէ
եւ
յետոյ
իւր
սեղանակիցներուն
կը
մատռուակէ։
—Շնորհակալ
ենք,
կը
պատասխանեն
տան
տէրն
ու
կինն`
առնելով
հիւրէն
մատռուակեալ
բաժակները։
Ղուկաս
աղան
սեղանի
վրայ
խօսելու
սովորութիւն
չունի.
կ՚ուտէ
եւ
կ՚ուտէ,
կը
խմէ
ու
կը
խմէ,
մերթ
ընդ
մերթ
երկար
ո՜հ
մը
կ՚արձակէ
սրտին
խորէն
եւ
նորէն
կը
սկսի
ուտելու
ու
խմելու։
Միայն
երբեմն֊երբեմն
Մերկեր
աղային
դառնալով
կ՚ըսէ.
—Բարաղամ
աղան
ալ
ի՜նչպէս
միտքս
ինկաւ
այս
գիշեր։
Մերկեր
աղան
բարկութեանը
պատճառաւ
հազիւ
երկու
երեք
պատառ
բերանը
կը
դնէ,
կինն
առն
բարկութիւնը
տեսնելով`
կը
կորսունէ
ուտելու
ախորժակը
եւ
կը
սկսի
Երուանդը,
պզտիկ
տղան,
յանդիմանել։
Խե՜ղճ
տղայք,
երբեմն
կը
պատժուին
ուրիշներու
յանցանաց
համար։
—Կ'աղաչեմ,
տղան
մի՛
ջախեր,
տիկին,
բան
մ՚ըրած
չունի
տղան,
գառնուկի
պէս
նստեր
է,
կ՚ըսէ
Ղուկաս
աղան։
—Ի՞նչպէս
գառնուկի
պէս
նստեր
է,
հանգիստ
չկենար։
—Իրաւունք
ունիս,
բայց
վերջապէս
տղայ
է,
կը
պատասխանէ
Ղուկաս
աղան`
գինիի
շիշին
յատակն
ցոյց
տալով
իւր
բաժակին։
Մերկեր
աղան
կը
կատղի։
—Ուրիշ
գինի
չունի՞ք,
Մերկեր
աղայ։
—Ոչ։
—Աղէկ
որ
չունիք,
բաւական
խմեցինք
այս
գիշեր.
զարմանալի
բնաւորութիւն
մ՚ունիմ.
բարեկամիս
տունն
ըլլամ
նէ,
առանց
քաշուելու
կ՚ուտեմ,
չեմ
քաշուիր։
—Երուանդ,
թեւդ
քաշէ,
կ՚ըսէ
Մերկեր
աղան։
Տղան
կը
սկսի
լալ։
—Երուանդ,
լռէ՛,
հիմա
ոտքերուս
տակ
կ'առնեմ
ու…
—Աս
ալ
ա՞յս
գիշեր
ելաւ,
Մերկեր
աղայ,
ի՞նչ
ըրած
ունի…
վայ
մեղքին…
ես
ջախեցի
եա՛,
հերիք
է։
—Պապանձէ՛,
Երուանդ։
—Տէր
ողորմեա,
տէր
ողորմեա,
երկու
կտոր
միս
կերայ,
կռնակս
գնաց։
—Սա
խնձորէն
կ՚ուտէ՞ք,
տիկին,
կ՚ըսէ
Ղուկաս
աղան`
խնձոր
մը
տալով
տիկնոջ։
—Երուանդ,
լռէ՛,
կը
կրկնէ
Մերկեր
աղան`
քիչ
մ՚ալ
բարձրացնելով
ձայնը։
Երուանդ
ալ
բարձր
ձայնով
կը
սկսի
լալ։
Մերկեր
աղան
երկու
թեթեւ
ապտակ
կը
հանէ
տղուն։
Տղան
հեկեկանօք
կու
լայ։
Մայրն
կը
գրկէ
տղան
եւ
սեղանէն
կ՚ելնէ
բարկութեամբ։
Ղուկաս
աղան,
որ
այս
միջոցին
իւրաքանչիւր
խնձորն
կիսագունտի
բաժանելով
կ'ուտէր,
տանը
տիկնոջ
բարկութեամբ
սեղանէն
ելնելու
վրայ
Մերկեր
աղային
կը
դառնայ
ու
կ՚ըսէ.
—Կարծեմ
տիկինը
բարկացաւ
քիչ
մը,
իրաւունք
ալ
ունի.
տղայ
է,
կու
լայ,
լալով
կը
մեծնան
անոնք.
մեր
տղաքն
ալ
շատ
կու
լան։
—Ես
չեմ
ուզեր,
որ
լան։
—Ի՞նչ
օգուտ։
—Ես
կը
կատղիմ,
աս
է
բնաւորութիւնս.
ամօթ
չէ
եա՛։
—Ինչո՞ւ
ամօթ
ըլլայ.
իմ
ըսելիքս
ալ
սա
է,
որ
ինչո՞ւ
պարապ
տեղը
տիկինն
ալ
վշտանայ։
—Վնաս
չունի։
—Վեր
երթանք,
ու
հաշտեցնեմ
ձեզի։
—Չկռուեցանք,
որ
հաշտուինք։
—Քալէ
դուն,
քալէ։
—Ձգէ,
եղբայր,
կատակի
ժամանակ
չէ։
—Քալէ
դուն,
քալէ…
պարապ
բան
է
ձեր
ըրածը,
տիկնոջ
սիրտը
առ,
մեղք
է։
Ձեզի
չհաշտեցուցած`
սըկէ
հունա
չեմ
կրնար
երթալ
ես։
Ղուկաս
աղան
բազուկները
տարածելով`
փա՜ռք
քեզ
Աստու
ած
մը
կ՚արտասանէ
մեծաձայն,
սեղանէն
կ՚ելնէ
եւ
ընկերակցութեամբ
Մերկեր
աղային
կը
մտնէ
սենեակն,
ուր
տան
տիկինն
Երուանդն
գրկաց
մէջ
քնացնելու
կ'աշխատէր։
—Տիկին,
կ՚ըսէ
Ղուկաս
աղան
բազմոցին
վրայ
նստելով,
այս
գիշեր
քիչ
մ՚անհանգիստ
եղաք։
Վնաս
չունի։
Մերկեր
աղան
ալ
քիչ
մը
նեղսիրտ
է։
Ի՞նչ
ընենք,
տուն
չկայ,
որ
խօսք
չըլլայ.
սանկ
քովէ
քով
նստեցէք,
նայիմ։
Որպէսզի
խնդիրը
չմեծնայ,
այր
եւ
կին
քովէ
քով
կը
նստին։
—Ո՜հ,
տեսա՞ք
մի
հիմա…
ի՞նչ
մեղքս
պահեմ,
գինի
մ՚ըլլար
նէ,
կը
խմէի։
—Կը
ցաւիմ,
որ
չունինք,
կը
պատասխանէ
Մերկեր
աղան։
—Կատակ
ըրի
ես.
արդէն
չեմ
կրնար
աւելի
խմել
որ…
սա
Բարաղամ
աղային
պատմութիւնը
չկրցինք
լմցնել։
Կեցիր
սա
սիկարս
պլորեմ
անգամ
մը։
—Տէր
Աստուած,
դուն
համբերութիւն
տուր
ինձի,
որ
կարենամ
դիմանալ
սա
մարդուն
անհոգութեան,
կ՚ըսէ
ինքնիրեն
տան
տէրը։
—Խահուէնիս
ալ
խմենք։
—Ի՞նչ
անհոգ
մարդ
է,
Աստուած
իմ,
կ՚ըսէ
տիկինն
իւրովի։
—Քթախոտ
մ՚ալ
քաշեմ
նախ։
Քթախոտը
կը
քաշէ
եւ
այնպէս
հնչմամբ
մը
կը
փռնգտայ,
որ
Երուանդ
կը
ցնցուի
մօրը
գրկաց
մէջ
եւ
կը
սկսի
լալ։
—Ի՞նչ
եղաւ
այս
գիշեր
այս
տղուն,
կը
պոռայ
հայրն`
ոտքը
գետին
զարնելով։
—Ինչո՞ւ
կը
պոռաս,
Մերկեր
աղայ,
կը
պատասխանէ
կինն
աղերսալի
ձայնով
մը,
ի՞նչ
յանցանք
ունի
տղան։
Փռնգտալին
կը
յաջորդէ
հազալ։
—Աստուծմէ
գտնաս,
մա՛րդ,
կ՚ըսէ
ինքնիրեն
Երուանդին
մայրը,
պզտիկս
ալ
պիտի
արթնցնէ.
կորսուիմ,
երթամ
սըկեց։
Եւ
իրօք
պզտիկն
ալ,
որ
օրօրոցի
մէջ
կը
քնանար,
կը
սկսէ
լալու։
—Ինչո՞ւ
չես
լռեցներ
տըւոնք,
տիկին։
—Մի
բարկանար,
Մերկեր
աղայ,
կ՚ըսէ
Ղուկաս
աղան,
ես
օտարական
չեմ,
տղայ
են
անոնք,
թող
լան,
ես
անհանգիստ
չեմ
ըլլար,
կ'աղաչեմ,
ինձի
համար
հոգ
մի՛
ըներ,
չէ
նէ,
կ'ելլամ,
կ'երթամ
հաա…
խըյանեթ,
ես
քեզի
եղբօր
տեղ
դրած
եմ,
ինչո՞ւ
անանկ
կ'ընես։
Թող
տուր,
որ
սա
Բարաղամ
աղան
պատմեմ
քեզի։
Այս
միջոցին
դուռը
կը
զարնուի։
Մերկեր
աղային
տղան
կը
բանայ
դուռն
եւ
վեր
կու
գայ
վազելով։
—Ո՞վ
է,
Գաբիկ։
—Երկու
մարդ
եկեր
են,
Ղուկաս
աղան
կ'ուզեն։
Մերկեր
աղան
եւ
կինն
կ'ուրախանան
այս
լուրին
վրայ
եւ
Ղուկաս
աղային
երթաք
բարով
ըսելու
նախապատրաստական
ձեւեր
եւ
շարժումներ
ցոյց
կու
տան,
մինչդեռ
Ղուկաս
աղան
դէպի
պատուհան
կ'երկննայ
եւ
գլուխը
դուրս
հանելով
կը
հարցնէ.
—Ո՞վ
է
ան։
—Բարիկուն,
Ղուկաս
աղայ,
կը
պատասխանէ
վարէն
հաստ
ձայն
մը։
—Դո՞ւք
էք,
Կիրակոս
աղայ։
—Բարիկուն,
Ղուկաս
աղայ,
կը
պոռայ
վարէն
ուրիշ
մը։
—Օ՜օ,
դո՞ւք
ալ
եկեր
էք,
Զաքար
աղա…
իրաւ…
իրաւ,
այս
գիշերուան
համար
խօսք
տուած
էի
ձեզ,
բայց
Մերկեր
աղան
թող
չտուաւ,
որ
գայի…
վեր
հրամմեցէք,
վեր
հրամմեցէք,
սանկ
քիչ
մը
նայինք,
Մերկեր
աղան
օտարական
չէ,
սեպէ,
թէ
աս
ալ
իմ
տունս
է։
Մերկեր
աղան
երկար
ա՜խ
մը
քաշեց.
կինն
տղան,
զոր
արդէն
գրկած
էր,
քովի
սենեակը
տարաւ,
Գաբիկն
ալ
իւր
պզտիկ
եղբայրը
գրկեց
եւ
մօրը
հետեւեցաւ։
—Երկուքն
ալ
պապա
մարդեր
են,
ըսաւ
Ղուկաս
աղան,
երբ
Մերկեր
աղային
հետ
մենակ
մնացին.
Կիրակոս
աղան
զուարճախօս
ալ
է,
թէեւ
բերանը
մաքուր
չէ.
Զաքար
աղան
ըսես
նէ,
կամացուկ
կամացուկ
կը
խնդայ.
բրեֆայի
ընկերներս
են։
Երկու
նորեկները
ներս
մտան
եւ
բարեւեցին
Մերկեր
ու
Ղուկաս
աղաները։
—Ի՞նչպէս
էք,
նայինք,
ինչ
կայ,
ի՞նչ
չկայ։
—Սանկ,
պատասխանեց
Զաքար
աղան։
—Նանկ,
յարեց
Կիրակոս
աղան
կտրուկ
կերպով
մը։
—Վայրկեան
մը
ներեցէք
ինձի,
ըսաւ
Ղուկաս
աղան
նորեկներուն
եւ
Մերկեր
աղային
դառնալով`
աւելցուց.
կարճ
կապենք
այսօր,
ուրիշ
օր
մը
երկար
բարակ
կը
պատմեմ
քեզի
Բարաղամ
աղան…
—Վայ,
հո՞ս
ալ
Բարաղամ
աղայ,
պոռաց
Կիրակոս
աղան։
—Աղբար,
քառասուն
անգամ
ալ
ես
մըտիկ
ըրած
եմ,
յարեց
Զաքար
աղան։
—Մերկեր
աղան
չիյտէ։
Այս
Բարաղամ
աղան
ճիշտ
քեզի
պէս
իրիկուն
մը
դրան
առջեւ
աթոռի
վրայ
նստած
էր։
Մէյ
մ՚ալ
կը
տեսնէ,
որ
սիրած
բարեկամներէն
մին
կ'անցնի.
ոտք
կ՚ելնէ,
խնդումով
քիչ
մը
կը
խօսակցի
հետը
ոտքի
վրայ
անշարժ
եւ
յետոյ
բարեկամին
երթաք
բարով
կ՚ըսէ
ու
նստիլ
ուզելով
կռնակի
վրայ
իյնալ
մը
կ'իյնայ,
որ
ոտքերը
կը
տնկուին,
ֆէս
ը
մէկ
կողմ
կ'երթայ,
հողաթափներն
օդի
մէջ
գլտորելով
գետինը
կ'իյնան։
Էհ,
որո՞ւ
քով
հոգի
մնաց
որ.
խնդալէն
կը
ջարդուէինք,
Աստուած
լուսաւորէ
հոգին.
ես
երկու
կողերս
բռնած,
կռնակս
պատի
տուած՝
խնդալէն
մարելիք
եկաւ
վրաս.
դիմացի
տուներէն
կնիկներն
ըսես
նէ,
Աստուած
լուսաւորէ
հոգին,
անանկ
քահքահով
կը
խնդային,
որ
փողոցը
կը
թնդացնէին։
Ողորմած
հոգին,
Տէր
Աստուած
ի
դասս
սրբոց
դասեսցէ,
գլուխը
վեր
առաւ
սանկ
եւ
չորս
կողմը
նայելով
ինքն
ալ
սկսաւ
խնդալ`
«ամէն
գործին
մէջ
խէր
մը
կայ»
ըսելով։
Սպասուհին
սեղանը
պատրաստած
ատեն`
աթոռին
մէկը
պակսեր
է,
եւ
դռան
առջին
տեսնելով
զայն
առեր,
տարեր
է։
Լուսահոգին,
Տէր
Աստուած
ի
դասս
հրեշտակաց
ընկալցի,
կարծեր
է
որ…
հա՜,
հա՜,
հա՜…
կարծեր
է
որ
հա՜,
հա՜,
հա՜…
քանի
կը
յիշեմ,
չեմ
կրնար
խնդալս
բռնել.
կարծեր
է,
որ
աթոռը
տեղը
դրած
է։
Ասանկ
մարդ
մ՚էր
Բարաղամ
աղան,
Աստուած
ողորմի
հոգուն։
Մերկեր
աղան
հարկադրուեցաւ
խնդալու
պէս
ընել։
—Էյ,
ընկերներ,
ձեր
միտքը
կը
հասկնամ,
ըսաւ
պատմիչն
նորեկներուն
դառնալով,
դուք
ըսել
կ'ուզէք,
որ
պզտիկ
բրեֆա
մը
դարձունենք։
Մերկեր
աղան
կայծակնահար
եղաւ։
—Եկէք,
նայինք,
յարեց
Ղուկաս
աղան՝
նստելով
սեղանին
առջեւ,
որ
սենեակին
մէջտեղը
դրուած
էր։
Կիրակոս
եւ
Զաքար
աղաներն
ընդունեցին
հրաւէրն։
Զաքար
աղան
գրպանէն
հանեց
խաղի
թուղթերը։
—Մօտեցէք,
Մերկեր
աղայ,
քովերնիս
եկէք,
որ
չնեղուիք
մենակ,
ըսաւ
Զաքար
աղան։
—Հոգ
չէ,
պատասխանեց
Մերկեր
աղան
ծիծաղով
մը,
որ
կծու
էր
եւ
բարկութիւն
կը
յայտնէր։
Երեք
բարեկամներն
սկսան
խաղալ
եւ
Մերկեր
աղան
մրափել,
որովհետեւ
կանուխ
պառկելու
սովրած
էր։
—Ատ
ի՞նչ
պիտի
ըլլայ,
Մերկեր
աղայ,
կը
քնանա՞ք
կոր,
արթնցէք,
կ՚ըսէ
Ղուկաս
աղան։
—Չէ,
չեմ
քնանար
կոր,
սանկ…,
կը
պատասխանէ
Մերկեր
աղան
արթննալով
եւ
նորից
գոցելու
ստիպուելով
արտեւանունքն,
որոյ
վրայ
ծանրացած
էր
քունը։
Խաղը
կը
շարունակուի։
Կը
շարունակուի
նաեւ
քունն,
որ
Մերկեր
աղային
գլուխը
կ՚երերցնէ`
մերթ
մէկէն
ի
մէկ
դէպի
անոր
կուրծքն
իջեցունելով
գլուխն
եւ
մերթ
բարձրացնելով։
Կը
տանջուի
Մերկեր
աղան,
կամք
կ՚ընէ
չքնանալու։
Քունը
կը
յաղթէ
կամքին,
եւ
Մերկեր
աղան
վերստին
կը
փակէ
աչքերը։
—Աս
չեղաւ,
Մերկեր
աղայ,
կ՚երկրորդէ
Ղուկաս
աղան
միզէր
մը
խաղալով։
Գնա,
եղբայր,
տեղդ
պառկէ,
մենք
քեզի
անհանգիստ
ընելու
չեկանք
հոս,
գնա՛,
հանգստացիր,
մենք
օտարական
չենք.
եթէ
տեղդ
չպառկիս,
հիմա
կ'ելլենք,
կ'երթանք
հա՜,
գիտցած
ըլլաս։
Գիշերները
նստելու
սովորութիւն
չունիս,
ամօթ
բան
մը
չէ
ասիկա…
գնա,
պառկէ
տեղդ…
—Վնաս
չունի,
կ՚ըսէ
Մերկեր
աղան`
աչքերը
բանալ
փորձելով
եւ
չյաջողելով։
—Ինչպէս
վնաս
չունի…
ես
չեմ
ուզեր,
որ
անհանգիստ
ըլլաս։
Քեզի
բան
մ՚ալ
ըսեմ.
ես
գացած
տեղս
թէ
որ
քիչ
մը
սանկ
պաղ
ընդունելութիւն
գտնամ
նէ,
կ'առնեմ,
կը
քալեմ.
ես
անանկ
բաները
սիրտս
կը
դնեմ,
հասկցա՞ր.
անոր
համար
կ'ըսեմ,
որ
կամ
գնա
պառկէ,
կամ
քիչ
մը
ջուր
խմէ,
որ
քունդ
փախչի։
Պատասխան
չընդունիր
Ղուկաս
աղան,
վասնզի
քնացած
էր.
Մերկեր
աղային
գլուխը
մէկ
մ՚ասդին,
մէկ
մ՚անդին,
երերալէն
յետոյ
բարձին
վրայ
հանգչած
էր։
Ժամը
մինչեւ
իննուկէս
կը
խաղան
երեք
ընկերներն։
Յետոյ
քիչ
մ՚ալ
կը
խօսին
եւ
կ'արթնցնեն
Մերկեր
աղան,
որ
մնաք
բարով
ըսեն
իրեն։
—Ներեցէք,
Մերկեր
աղայ,
կ՚ըսէ
նախ
Ղուկաս
աղան,
այս
գիշեր
ձեզի
անհանգիստ
ըրինք
քիչ
մը։
—Որչափ
որ
նեղութիւն
տուինք
նէ,
ներեցէք,
կ՚երկրորդէ
Զաքար
աղան։
—Մեզի
համար
քնատ
մնացիք,
կ՚երրորդէ
Կիրակոս
աղան։
—Անհանգիստ
չեղայ,
կը
պատասխանէ
Մերկեր
աղան։
—Մէյ֊մէկ
խահուէ
խմենք
պիտի
ըսէի,
բայց
ժամանակն
ուշ
է,
կ՚ըսէ
Ղուկաս
աղան։
—Այո,
այո,
ուշ
է,
երթանք,
կը
պատասխանեն
ընկերները։
—Երթանք,
կը
կրկնէ
Ղուկաս
աղան
եւ
ընկերներուն
դառնալով`
խօսք
կու
տա՞ք
վաղը
գիշեր
հոս
գալու,
որ
ձեզի
քատայիֆ
մը
շինեմ։
Մերկեր
աղան
կայծակնահար
կ'ըլլայ
երկրորդ
անգամ։
—Մերկեր
աղան
ալ
կամաց֊կամաց
կը
վարժեցնենք
գիշերները
նստելու.
այո,
այո,
վաղը
խորհինք
ու
բան
մ՚ընենք
գիշերը։
Բայց,
Մերկեր
աղայ,
մենք
լապտեր
չունինք…
կարծեմ
կ՚անձրեւէ
կոր,
հովանոց
ալ
չունինք…
լաստիկներս
ալ
չհագայ…
տեսա՞ր
մի
հիմա
ըրածս։
—Մերկեր
աղայէն
առ
աս
գիշեր
ու
վաղը
տուր,
կ'ըսեն
ընկերները։
—Ուրիշ
ճար
չկայ։
Մերկեր
աղան
կը
մատակարարէ
Ղուկաս
աղային,
ինչ
որ
պէտք
էր
անոր
անձրեւէն
պահպանուելու
համար։
Ղուկաս
աղան
շնորհակալութիւն
կը
յայտնէ
եւ
կ՚իմացնէ
միանգամայն,
թէ
Մերկեր
աղային
սիրոյն
համար
յանձնառու
պիտի
ըլլայ
հետեւեալ
գիշեր
կանուխ
Մերկեր
աղային
տուն
երթալ
եւ
քատայիֆ
մը
եփել։
Վերջապէս
կը
մեկնին
հիւրերն
եւ
Մերկեր
աղան
աւուր
պատշաճի
հայհոյութիւններ
ընելով
դուռը
կը
կղպէ,
ճրագներն
կը
մարէ
եւ
պառկելու
սենեակը
կը
մտնէ`
ինքն
իրեն
խօսելով
բարձրաձայն.
«Աս
ալ
գլուխս
եկած
չէր,
աս
ալ
տեսանք.
այսչափ
անկրթութիւն,
այսչափ
աներեսութիւն
ոչ
տեսած
ունէի,
ոչ
լսած.
տասներկու
ժամ
անհանգիստ
եղիր,
որպէսզի
աղաները
զուարճանան.
ոտքս
կոտրէր,
ու
դուռը
չնստէի.
վաղն
իրիկուն
ալ
գայ
պիտի
ու
քատայիֆ
պիտի
եփէ
եղեր.
դուռը
բանամ
նէ,
ներս
կու
գայ։
Անհոգ,
անհոգ,
անհոգ
մարդ։
—Ի՞նչ
կը
մրմռաս,
ճա՛նըմ,
կ՚ըսէ
կինն`
անկողնոյն
մէջ
մէկ
կողմէն
միւսը
դառնալով
եւ
գլուխը
վերմակին
մէջ
խոթելով։
—Ի՞նչ
մի
կը
մրմռամ,
դուն
հանգիստ
քնացար
ա՛,
մէյ
մը
ինձի
հարցուր
քաշածս։
—Մի՛
պոռար,
տղաքները
պիտի
արթնցունես։
—Չպոռա՞մ
մի…
ինչո՞ւ
չեկար
քիչ
մը
նստելու,
որ
ես
ալ
քնանայի
կտոր
մը։
—Ինչո՞ւս
պէտք։
—Ինչո՞ւդ
մի
պէտք։
—Քեզի
ըսէ։
—Ինձի՞
մի
ըսեմ։
—Քունս
պիտի
փախցունես,
Տէ՜ր
ողորմեա,
լմնցուր
ալ,
մէկ
բանը
չեն
երկնցներ։
—Չե՞ն
մի
երկնցներ։
—Քունս
կը
փախցունես
կոր,
կ՚ըսէ
կինն
միւս
կողմը
դառնալով։
—Քունդ
կը
փախցնե՞մ
կոր
մի…
Մերկեր
աղան
ինքնիրեն
շարունակելով
երկար
մենախօսութիւնն`
անկողին
կը
մտնէ։
Չկրնար
քնանալ։
Մինչեւ
առաւօտ
անկողնու
մէջ
մէկ
մ՚ասդին
մէկ
մ՚անդին
դառնալով
կ՚անիծէ
ու
կ՚անիծէ
Ղուկաս
աղան։
Եւ
միշտ
կը
կրկնէ.
«վաղը
գիշեր
ալ
քատայիֆ
պիտի
եփէ
եղեր»։
Սա
աներեսը,
անպիտանը
մազ
մնաց,
որ
պիտի
ճաթեցնէր
ինձի…
ես
ալ
յանցանք
ունիմ
ա՛։
Բռնէ
ականջէն,
փողոցը
նետէ,
լմննայ,
երթայ.
համբերելու
բան
չէ
որ…
իմ
տունս
քազինո՞
է…
թող
կորսուին,
ուրիշ
տեղ
խաղան
իրենց
բրեֆան…
թէ
որ
իմանամ,
որ
մէկու
մը
կաթուած
իջեր
է,
պիտի
ըսեմ,
որ
աս
աներեսը
անոր
տունը
գացեր
է
Բարաղամ
աղայէն
սկսելով…
վա՛յ,
աներես,
վա՛յ…
Բարաղամ
աղայով
մը
անանկ
մը
քթէս
բռնեց,
որ…
իրաւ,
լմնցնենք
ալ,
մոռնամ
գոնէ
սա
խայտառակին
ըրածն.
քանի
կը
խօսիմ
կոր
նէ,
վրաս
դող
կու
գայ
կոր։
Եւ
Մերկեր
աղան
կը
սկսի
արագ
քայլերով
դառնալ
սենեակին
մէջ։