Քաղաքավարութեան վնասները

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

***

Նահապետ աղան սուրհանդակին հասնելուն կը սպասէր, որպէս կ'ըսեն, չորս աչքով։ Մեծ յոյս ունէր սուրհանդակէն ստանալ գումար մը, որով պիտի վճարէր պզտիկ փոխոնակագիր մը։ Սուրհանդակն ուշացաւ։ Նահապետ աղան դիմեց ծանօթներուն եւ բարեկամներու եւ յաջողեցաւ փոխ առնելու գումարն, որուն պէտք ունէր։ Սիրտը հանդարտեցաւ։ Գրասեղանին առջեւ անցաւ եւ կը սպասէր, որ փոխանակագիրը ներկայացուէր իրեն։ Սակայն մարդուս չներկայանար միշտ այն, որուն կը սպասէ… չորս երեւելի վաճառականներ Նահապետ աղային սենեակը մտան։

—Բարեւ, Նահապետ աղայ։

—Աստուծու բարին։

—Բարեւ, մուսիւ Նահապետ։

—Աստուծու բարին։

—Բարեւ, Նահապետ էֆենտի։

—Աստուծու բարին։

—Բարեւ, Նահապետ պէյ։

—Աստուծու բարին։

Նահապետ աղան կը հրամցնէ հիւրերը աթոռներու վրայ բազմիլ եւ խահուէ ապսպրելու համար դուրս ելնելու միջոցին կ'աղաչուի հիւրերէն տեղը նստիլ։

—Մեզի համար է նէ խահուէ, չենք ուզեր։

—Արդէն խահուէ չեմ խմեր ես։

—Ես ալ շատ խմեցի։

—Ես ալ կերակուրի պիտի երթամ հիմա։

—Գիտէ՞ք, Նահապետ աղայ, մեր հոս գալուն պատճառը։

—Ի՞նչպէս գիտնայ։

—Էֆենտի, ըսէ՛ք իրեն։

—Մարդասիրական գործ մ՚է, որ հոս հրեց զմեզ։

—Կրթասիրական նպատակ մը։

—Ազգասիրական զգացում մը։

—Զո՛ւտ մարդասիրական։

—Կրթասիրական միանգամայն։

—Եւ միանգամայն ազգասիրական։

—Եւ կը յուսամ, թէ Նահապետ էֆենտին չպիտի մերժէ մեր առաջարկը։

—Նահապետ պէյն ան տեղուանքը չէ։

—Ո՜ւր էր, թէ ամէնքն ալ միւսիւ Նահապետին պէս ըլլային։

—Նահապետ աղան աղայ է, բայց պէյի զգացումներ ունի։

—Ինչո՞ւ պէյ չըլլայ։

—Նահապետ աղային պէս ազգը սիրող մարդ խիստ քիչ կը գտնուի ազգին մէջ։

Նահապետ աղան, համեստ մարդ, կը շուարի եւ միայն ձեւերով եւ շարժումներով կը յայտնէ, թէ կը չափազանցեն։

—Քանի՞ տոմսակ տանք Նահապետ աղային։

—Ի՞նչ գիտնամ, առ նուազն տասը հատ տալու է։

—Տասը հատը քիչ է։

—Նահապետ պէյը տուող մարդ է։

—Ի՞նչ տոմսակ է։

—Պարահանդէսի տոմսակ է, Նահապետ էֆենտի։

—Քանի՞ ղրուշ է հատը։

—Մեծ բան մը չէ։

—Չնչին գումար մը։

—Ուրիշ ազգերուն տոմսակներուն պէս սուղ չէ։

—Աղքատիկ ազգին աղքատիկ տոմսակ։

—Քանի՞ դահեկան է։

—Բան մը չէ։

—Պզտիկ գումար մը։

—Հատը մէկ ոսկի է…

—Մէ՞կ ոսկի…

—Այո, բայց պարտ է գիտնալ, թէ անգղիական ոսկի չէ, օսմանեան է։

—Տուէ՛ք, տուէ՛ք տասը հատ Նահապետ աղային։

—Տա՜սը հատ… կը ծաղրէ՞ք կոր զիս։

—Կ'աղաչեմ, ատանկ մի՛ խօսիք… կը վիրաւորուինք… ինչո՞ւ ծաղրենք զքեզ։

—Ազգասիրական գործ մը կատարելու համար միայն եկած ենք հոս։

—Շնորհակալ եմ, բայց…

—Բայցի մայցի գործ չկայ… տասը տոմսակ ձեզի համար քիչ է, շատ չէ…

—Տասն ոսկի մէկ մեծ բան չէ։

—Մանաւանդ երբ էֆենտիներուն պէս անձեր կը ներկայանան ձեզ. անոնք տասը տան նէ, դուն քսան առնելու ես, որպէսզի էֆենտիները պզտիկ չմնան ու քաջալերուին։

—Շնորհակալ եմ, բայց իմ կարողութիւնս չներեր մէկ ոսկի տալ պարահանդէսի տոմսակին։

—Չներե՞ր… ի՞նչպէս չներեր… մենք բիացայի մարդ ենք, գիտենք, թէ քանի տոմսակ առնելու կարող ես… տասը հատ առաջարկեցինք, որ չմերժուինք։

—Չեմ կրնար…

—Քուզո՛ւմ Նահապետ աղայ, պարապ խօսքեր մի՛ ըներ։

—Ոտքդ պագնեմ, Նահապետ էֆենտի, երկար մի՛ ըներ, ուրիշ տեղեր ալ պիտի ենթանք, գործ ունինք։

—Տո՛ւր տասը հատ…

—Նահապետ աղայ, տո՛ւր տասը ոսկի։

—Չեմ կարող… բայց խաթըրնուդ համար հատ մը առնեմ։

—Հա՞տ մը… չվայլեցուցի շիտակը…

—Մէ՞ն հատ մը… չորս հոգի ոտքդ գանք, եւ մէկ հա՞տ մը…

—Միա՞յն մէկ հատ… մեզի թշնամանալու համար ասկից ուրիշ միջոց մը չէիր կրնար գտնել։

—Մէկ հա՞տ… մէկ հատին խօ՞սքը կ'ըլլայ, երբ խեղճ, աղքատ եւ որբ տղայոց բարոյական զարգացման վրայ է խնդիրը։

—Կարողութիւն չունիմ առնելու, կրկնեց Նահապետ աղան կարմրելով։

—Պարապ խօսքեր։

—Զմեզ ժամավաճառ կ'ընէք։

—Չէի յուսար, որ ընդդիմանայիք մեր առաջարկութեան, մեր, որ գործերնիս ձգած ենք եւ տասնհինգ օրէ ի վեր ամէնուն խանութը, տունը, վաճառատունը կը պտտինք մուրացկանի պէս։

—Ճանըմ, Նահապետ էֆենտին անանկ կ՚ըսէ, ամա կ՚առնէ, տասը հատ տո՛ւր։

—Ճանը՛մ, դուք ալ սխալ կը հասկնաք կոր, Նահապետ աղան չեմ տար չըսաւ։ Ինչո՞ւ չպիտի տայ։

—Երկու հատ կ'առնեմ, ըսաւ Նահապետ աղան` չկրնալով դիմադրել թախանձանաց հանգանակողաց, որ ազգին երեւելի վաճառականաց դասուն կը վերաբերէին։

—Երկո՞ւ հատ։

—Ըսել է, որ այսօր մեր խօսքը կոտրել ուխտեր ես։

—Ինչո՞ւ ուխտեմ, ի՞նչ ըրի…

—Տակաւին ի՞նչ պիտի ընես… տասը տոմսակ առ կ'ըսեն կոր նէ, կ'առնեն, էֆենտիմ, երկար չեն ըներ… սանքի մենք քուկին կարողութիւնդ չենք գիտեր կոր… բիացայի վրայ չենք ապրիր կոր մենք… մարդու հետ ալ տեսնուած չունինք… լեռնէն եկանք… բան մը չիյտենք։

—Ատ ի՞նչ խօսքեր են… ինչո՞ւ բիացայի վրայ ապրած չըլլաք, ինչո՞ւ լեռնէն…

—Ան ըսել է, էֆենտի՛մ…

—Կ'ուզէք նէ, մէկ հատն ալ մի՛ առնէք… հարկաւ հաթըրնիս սեպող մէկը կը գտնենք…

—Քիչ մ՚ալ դիմացինին հաթըրը նայելու է, Նահապետ աղաս։

—Հաթըրնիդ գլխուս վրայ, բայց չեմ կրնար կոր հասկցնել, որ…

—Շատ աղէկ, շատ աղէկ, հինգ ոսկի տուր նայիմ սըկեց, ալ ասոր ալ ըսելիք չունիս ա՛։

—Հինգ ոսկիի մնալէն ետքը ալ խօսք չուզեր…

—Տուր նայինք հինգ ոսկին։

—Բայց…

—Երթանք ալ, մնաք բարով, Նահապետ աղայ, աֆ կ'ընէք, որ ձեզի նեղութիւն տուինք…

—Ինչո՞ւ կը բարկանաք։

—Չբարկացանք, բայց ամէն բանին կարգ ու կանոնը կայ…

—Ես անոր առնել կու տամ հինգ հատ… տուր հինգ տոմսակ ինձի… Նահապետ էֆենտի, տուր հինգ ոսկի ինձի…

Նահապետ աղային ճարը կը հատնի եւ կու տայ հինգ ոսկի։

—Վերջապէս խօսքդ ըրիր, հինգ ոսկիէն աւելի չտուիր… վնաս չունի… շնորհակալ ենք։

—Մնաք բարով, Նահապետ էֆենտի։

—Երթաք բարով։

—Մնաք բարով, միւսիւ Նահապետ։

—Երթաք բարով։

—Մնաք բարով, Նահապետ աղայ։

—Երթաք բարով։

—Մնաք բարով, հոճայ Նահապետ։

—Երթաք բարով։

Հանգանակողները կը մեկնին, եւ Նահապետ աղան հազիւ կու գայ գրասեղանին առջեւ նստելու, փոխանակագիրը կը ներկայացուի երիտասարդէ մը։

—Հրամմեցէ՛ք, կ՚ըսէ փոխանակագիրը գրասեղանին վրայ դնելով։

Փոխանակագիրն երեսուն եւ չորս ոսկւոյ էր։

—Այո՛, կը պատասխանէ Նահապետ աղան, մէկ ժամէն եկէք, հիմա գործ ունիմ քիչ մը։

Մարդը կը հնազանդի։

Թերեւս մեր ընթերցողները զարմանան, թէ երեսուն եւ չորս ոսկւոյ փոխանակագիր մը վճարելու համար նեղութիւն կրող մարդ մ՚ի՞նչպէս կը հաւանի հինգ ոսկի տալ պարահանդէսի։ Բայց զարմանալու բան չկայ։ Նահապետ աղան չափազանց ամօթխած է, համեստ ու հեզահամբոյր, չուզեր եւ ոչ մէկուն սիրտը կոտրել. երբ իրմէ շատ աւելի մեծ անձնաւորութիւններ առաջարկութիւն մ՚ընեն իրեն, իբրեւ հրաման կ'ընդունի այդ առաջարկութիւնը, մանաւանդ երբ գործը կրթութեան ծաւալմանը նպաստելու վրայ է։ Նահապետ աղան հարուստ երեւալու համար բնաւ աշխատած չէր, որ համարձակութիւն տուած ըլլար այդ վաճառականաց` քաղաքավարութեամբ կողոպտել զինքը, եւ այդ վաճառականներն իսկ լաւ գիտեն, թէ Նահապետ աղան այն վաճառականներէն էր, որ իրենց իւղովը կը տապկուին, եւ աւելի լաւ գիտէին, թէ Նահապետ աղան առաջարկութիւն մերժելու մէջ ամէնէն տկար արարածն էր, ուստի ստակ փրցնելու համար իրմէ` որոշած էին անոր տկար կողմին վրայ յարձակիլ, ինչպէս յարձակեցան եւ յաջողեցան։

Բայց Նահապետ աղան, պատուաւոր վաճառական, այսինքն իւր ստորագրութիւնը յարգող վաճառական, այս անգամ վշտացաւ քիչ մը եւ հանգանակողաց ընթացքին մէջ ի նպաստ ազգին աւազակութեան նման բան մը տեսաւ։ «Այսչափ բռնութիւն բանեցնել, ըսաւ, չէր վայլեր այդ վաճառականաց, որ գիտեն իմ վիճակս. ապուշի տեղ դրին զիս եւ վարպետութեամբ հինգ ոսկիս առին. ասիկա շատ ամօթ բան է… ես ալ յանցանք ունիմ եա՛… «չեմ կրնար տալ» ըսելու էի եւ մերժելու էի… ըսի ա՛լ… մերժեցի ալ… չորսը մէկէն վրաս ինկան եւ ամչցուցին ինձի… պարահանդէսին ալ խէրն եմ անիծեր… անոնց ալ. աս չվայլեց… չէէէ. աս չեղաւ… ինձի պէս մարդ մը հինգ ոսկի տայ. հինգ ոսկի տանս մէկ ամսուայ ծախքն… ասոնց ըրածը պարզապէս թշնամութիւն է… Բայց աճապարենք հիմա հինգ ոսկի գտնել եւ փոխանակագիրը վճարել… անպատճառ վճարելու եմ այսօր… վաղուան չեմ կրնար ձգել… վարժուած չեմ ատանկ բաներու… արդէն անանկ առաջարկութիւն մ՚ընելու կարող ալ չեմ եւ պէտք չէ, որ կարող ըլլամ. մեծ ամօթ է… փոխանակագիր մ՚օրին վճարելու է…

Նահապետ աղան սենեակը կղպեց, դուրս ելաւ եւ կէս ժամէն դարձաւ։

Հինգ ոսկւոյ փոխառութիւնը յաջողցուցած էր։

Անցաւ գրասեղանին առջեւ միշտ մտազբաղ, երբեմն֊երբեմն միայն ձեռքը գրասեղանին կը զարնէր ըսելով.

—Էշութիւն ըրի, աւանակութիւն ըրի, տալու չէի… չորսը մէկէն խաբեցին զիս… երթամ ետ ուզե՞մ սա հինգ ոսկիս… կու տա՞ն… կը վայլէ՞ որ ուզեմ… ետ չեն տար… ասոր աղէկը` մէյ մ՚ալ ասանկ բաներու ստակ մը չեմ տար, կը լմննայ, կ՚երթայ… տան ծախքն ալ պզտիկցնելու է քանի մ՚ամիսներ, որ հինգ ոսկւոյ կորուստը անզգալի ըլլայ… այո, սեպէ թէ գողցուցի… ալ չխորհինք ասոր վրայ… չխորհիլ ալ կ'ըլլա՞յ մի եա… հինգ ոսկի՜ է աս…

Դուռը բացուեցաւ եւ ներս մտաւ մարդը փոխանակագիր ի ձեռին։

—Ստորագրեցէ՛ք… ահա երեսուն եւ չորս ոսկի։

Մարդը ստորագրեց փոխանակագիրն եւ առաւ երեսուն եւ չորս ոսկին։

—Հի՜նգ ոսկի պարահանդէսի համար… հառաչեց Նահապետ աղան… ասիկայ թող դաս մ՚ըլլայ ինձի, որ ապագային չխաբուիմ… հի՜նգ ոսկի… հի՜նգ ոսկի… հինգ հատ դեղին ոսկիներ… դեղին, դեղին… կլորիկ ոսկիներ հինգ հատ… Նահապետ աղան տուաւ… պարահանդէսի համար… ես կ'ըսեմ կոր, ես կ'ամչնամ կոր… ինքնիրմէս կ'ամչնամ կոր… ուրիշ մը իմանայ նէ, կը խնդայ վրաս… ուրիշի զրուցելու չգար… ո՛ւհ, աւանակ ըսէ մէկը ինձի… կ՚ըսէ՜ եա՛… եւ իրաւունք ալ ունի… ես ի՜նչ աւանակ եմ եղեր… ի՜նչ աւանակ իշոյ եմ եղեր, որ հանեմ անասունի պէս, կովու պէս հինգ ոսկին անոնց տամ… իրաւ, Նահապետ, իշուն մեծն ես եղեր… ոսկի մը տուր… լմնցուր գործը… անոնց խօսքը ինչո՞ւ մտիկ ըրիր։

Նահապետ աղան բարկութեամբ տուն դարձաւ նոյն երեկոյ։ Կնոջը պատմեց գլուխն եկածը։ Կինն անկէ աւելի զայրացաւ։

—Հինգ ոսկի տալ, պոռաց, պարահանդէսի… տղայոց քոսթիւմ կ'առնէիր այդ ստակով…

—Իրաւունք ունիս, կնիկ, բան մ՚է, եղաւ։

—Է, դուն իրաւացնէ ապուշ ես եղեր…

—Իրաւունք ունիս։

—Տղայոց քոսթիւմները ե՞րբ պիտի առնես։

—Այս տարի քոսթիւմ մոսթիւմ չկայ։

—Զատկին ի՞նչ պիտի հագնին հապա։

—Ունեցածնին հագնին թող այս տարի։

—Պատռտած հագուստներո՞վ պտտին։

—Ի՞նչ ընենք։

—Ինչո՞ւ պտտին անանկ։

—Որովհետեւ քոսթիւմի ստակն պարահանդէսի տուինք, ծովը չնետեցինք ա վերջապէս, ազգին աղքատ տղաքներն անով պիտի կրթուին, կրթութեան գործին զարկ տուած եղանք։

Քանի մ՚օր ետք.

—Այսօր միս չառիր, ի՞նչ պիտի ուտենք։

—Ֆասուլեայ ուտենք քիչ մ՚ալ, որ սա հինգ ոսկին մոռնանք։

—Տղաքները ֆասուլեայով կը կշտանա՞ն… անօթի կը մնան նէ։

—Ի՞նչ ընենք, բան մ՚է, եղաւ…

Անօթի մնամ ուրեմն, որ քեյֆդ գայ ։

—Ինչո՞ւ անօթի մնան… վաղը բալամուտ կ'առնենք քանի մը հատ։

—Դուն հանէ ու հինգ ոսկի տուր, եւ հիմա տղաքներդ մերկ ու անօթի պահէ. Աստուած շնորհք տայ քեզ, մա՛րդ։ Ազգասիրութեան համար ալ ֆասուլեայ ուտելը բնաւ տեսած չունէի…

—Յանցանքն իմս է, այո՛… իրաւունք ունիս դուն… ճիշտ է, ֆասուլեայ եւ բալամուտ… երեսս չբռնեց, չկրցայ չէ ըսել ու հանեցի հինգ ոսկին տուի։

Նահապետ աղան հինգ ոսկւոյ կորուստը դարմանելու համար ծխախոտի եւ օղիի յատկացուցած գումարէն զեղչելու ստիպուեցաւ հինգ ոսկին եւ տան ծախսուց մէջ փոփոխութիւն չմտցուց, որպէսզի ամէն երեկոյ վիճաբանութեան համար պատրաստ նիւթ չգտնուի տան մէջ։