Քաղաքավարութեան վնասները

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

***

—Մելիտոս աղայ, ամօթ եղաւ, գիշեր մը չկրցինք էֆենտիին երթալ։ Այս գիշեր երթանք, քանի մը ժամ կը նստինք, կը դառնանք։

—Գիշեր մը կ'երթանք, կնիկ։

Հետեւեալ երեկոյին Մելիտոս աղան տուն կը դառնայ եւ ձէթի հազարնոց շիշը, զոր Պոլիս լեցուցած էր, կնոջը կու տայ։

—Մելիտոս աղայ, ամօթ եղաւ, այս գիշեր երթայինք էֆենտիին։

—Կնիկ, յոգնած եմ, այնքան մտմտուք ունիմ, որ զբօսնելու, ժամանակ անցունելու ախորժակ չունիմ։

Երրորդ երեկոյին Մելիտոս աղան տուն կը դառնայ։

—Մելիտոս աղայ, ա՛յ մեծ ամօթ եղաւ, այս գիշեր անպատճառ երթալու
ենք էֆենտիին. կտոր մը կը նստինք, կ'ելլենք, կու գանք։

—Այս գիշեր թող մնայ։

Չորրորդ երեկոյին։

—Մելիտոս աղայ, այս գիշեր ալ չերթանք նէ, ա՛լ բարեւը կտրելու է անոնց հետ։

—Կ'երթանք գիշեր մը, կնիկ, կ'երթանք, յոգնած եկայ, թող տուր, որ շունչ առնեմ։

—Կ'ուզես գնա՛, կ'ուզես` մի՛ երթար, մէյ մ՚ալ բերանս չեմ բանար։

Եւ եղեւ երեկոյ հինգերորդ։

—Մելիտոս աղայ։

—Ի՞նչ կայ, ի՞նչ կայ, ի՞նչ կայ։

—Ալ այս գիշեր պիտի երթանք, այնպէս չէ՞։

—Երթանք, երթանք, որ խալսիմ ձեռքէդ։ Երթանք, ամէն գիշեր երթանք, լմնցայ նէ… էո՜ֆ…

—Կերակուրնիս ուտենք…

—Երթանք։

—Ելնենք…

—Երթանք ըսինք ա՛։

—Երթանք…

—Քանի՞ անգամ կ'ըսեն։

—Քիչ մը նստինք…

—Նստինք։

—Ելլենք, գանք։

—Ելլենք, գանք. ուրի՞շ…

—Կերակուրնիս ուտենք, շտկուինք, շտկռտուինք, դուն ալ շապիկդ փոխէ, էֆենտիին տունը մեծ մարդեր կու գան, խաղք չըլլանք։

—Կերակուրնիս ուտենք, շտկուինք, շտկռտուինք, ես ալ շապիկս փոխեմ, էֆենտիին տունը մեծ մարդեր կու գան, խաղք չըլլանք… լմնցա՞ւ։

—Գէ՞շ կը խօսիմ կոր։

—Գէշ չես խօսիր կոր։

—Քեզի համար կ'ըսեմ կոր։

—Ինձի համար կ'ըսես կոր, լմնցո՛ւր։

—Սա բարկանալու բան մը չեմ տեսներ կոր ես. այս գիշեր երթանք, ըսի. այս գիշեր երթանք ըսելը յանցանք է նէ, մեղայ։

—Բարկանալու բան չկայ, իրաւունք ունիս… լմնցնենք ալ, այս գիշեր պիտի երթանք։

—Կը նայիմ, որ պարապ տեղը կը բարկանաս։

—Կը բարկանամ։ Ամէն իրիկուն է աս. երթանք, այս գիշեր երթանք, երթանք այս գիշեր, այս գիշեր չերթանք նէ, չըլլար… գլուխս ուռեցաւ, հատա լմնցայ նէ… Քանի օրուան կեանքս մնաց… երթա՜աաաաաաանք… կը լմնցնեն ա՛լ։

Կինը կը պատրաստէ սեղանը, կը բերէ կերակուրները։ Կ՚ուտեն, կ'ելնեն սեղանէն, այցելութեան հագուստները կը հագնին եւ ճամբայ կ'ելնեն։

Էֆենտին, որու տունը կ՚երթային Մելիտոս աղան ու կինն, Մելիտոս աղային կնոջ ազգականն է։ Ընդհանրապէս կանայք, որ հարուստ ազգական եւ աղքատ ամուսին ունին, իրենց հարուստ ազգականին վրայօք կը խօսին իրենց ամուսնոյն շաբաթը առնուազն չորս անգամ երկու ժամ։ Եւ ի՞նչ խօսքեր։ Աւասիկ.

«Էֆենտիին գորգը ի՜նչ աղուոր է, սրահն անանկ զարդարած է, որ դրախտ կը նմանի. ինչո՞ւ քուկին բանթալոնիդ ձեւն աղէկ չէ, էֆենտիին բանթալոնները միշտ ձեւաւոր են… էֆենտին յիսուն շեքի փատ է առեր առաջի օրը… էֆենտիին ոսկէ շղթան ո՜րչափ հաստ ու երկայն է… էֆենտին խոհարարը փոխեր է… գաղղիացի խոհարարուհի մը պիտի առնէ եղեր… էֆենտին ամէն օր կառքով կ'երթայ գործին գլուխը… էֆենտին… մեր էֆենտին շաբաթը երեք անգամ կ՚ածիլուի. տուն մ՚ալ պիտի գնէ եղեր… էֆենտիին սեղանին վրայ ամէն իրիկուն ձուկ պիտի ըլլայ… էֆենտին առանց ձուկի չըլլար… էֆենտիին կինը կռոն շրջազգեստ մը հագած էր, որ կը վառէր կոր կարծես… էֆենտիին ձին անձնական տկարութիւն ունի եղեր քիչ մը…» (բանաւոր պատճառ մը, որով ազգային երեսփոխան մը կրնայ բացակայ գտնուիլ ժողովէն)։

Այս կանայք կը պնդեն նաեւ, որ գոնէ ամիսը մէկ անգամ իրենց ամուսինները տանին իրենց հարուստ ազգականին տունը։ Կ'երեւի թէ կանայք փառաւորուիլ, իրենց ամուսիններուն վրայ ազնուականութեան կամ կրթութեան առաւելութիւն մ՚ունենալ կը կարծեն` իրենց հարուստ ազգականին տունը տանելով իրենց ամուսիններն եւ ըսելով լռելեայն.

—Տես, ես հարուստ ազգական ունիմ, դուն ի՞նչ ունիս, զիս յանդիմանելու մա՞րդ ես, լաթերդ լուալու, կերակուր եփելու, տախտակ շփելու կնի՞կ եմ ես, ճանչցիր արժէքս եւ ըստ այնմ վարուէ հետս։ Եւ եթէ նորէն զիս տանջես, գիտցած եղիր, որ ամէն բան կը պատմեմ էֆենտիին եւ պատժել կու տամ զքեզ։

Կ'երեւի դարձեալ, թէ Մելիտոս աղան ալ այս` լռութեամբ արտասանուելիք խօսքերը լռութեամբ չլսելու համար էր, որ չէր ուզեր երթալ էֆենտիին տունը, բայց խօսքը, որպէս կ'ըսեն, կարճ կապելու համար հաւանած էր երթալու եւ ճամբայ ելած էր։

Հետեւինք ուրեմն իրենց։

—Գիտցած ըլլաս, որ շատ չեմ նստիր, ըսաւ Մելիտոս աղան կնոջն, երբ մօտեցան էֆենտիին տունը։

Բախեցին եւ բացուեց։

—Հրամմեցէ՛ք, տիկին, ըսաւ յարգանօք տանն սպասաւորն եւ տիկնոջ թեւը մտնելով սանդուխէն վեր հանեց։

Մելիտոս աղան սանդուխին առաջին աստիճանի վրայ նստեցաւ եւ հանեց իւր ոտքի ամանները, որ քանի մի կարկտանք ունէին։ Յետոյ վեր ելաւ` զգացուած սպասաւորի կողմէն իրեն եղած պարզ ընդունելութենէն եւ մտաւ ընդունելութեան սենեակը։

Էֆենտին քանի մը բարեկամաց հետ թուղթ կը խաղար։ Մելիտոս աղային տիկինն էֆենտիին տիկնոջը քովը նստած էր։ Վահրամն ալ, էֆենտիին տղան, հազիւ երկու տարեկան, սենեակին մէջ կը պտտէր վանկեր շինելով։

Երբ Մելիտոս աղան ներս մտաւ, էֆենտիին կինը գլուխը կէս սանթիմեթրոյ ծռեց, որպէս թէ հիւրին բարեւն առնելու համար. էֆենտին չտեսնել կեղծեց Մելիտոս աղան։

Մելիտոս աղան քիչ մ՚ալ զգացուեցաւ եւ մրմռաց քթին տակէն. «երթանք. երթանք, ահա եկանք»։

Էֆենտիին բարեկամներն քաջալերուած անշուշտ այն պաղութենէն, զոր էֆենտին ցոյց տուաւ Մելիտոս աղային, սկսան իրենց մէջ խօսիլ.

—Ի՞նչ անկիրթ մարդ է։

—Ո՞վ է այդ վայրենին։

—Կօշիկները վարը ձգեր է։

—Անասուն կը նմանի։

Մելիտոս աղան կ'իմանայ այս խօսակցութիւնն, բայց քաղաքավարութիւնը կը պահանջէ, որ կլլէ այդ ծանր խօսքերն, որովհետեւ ցած ձայնով կ՚արտասանուին անոնք. ըստ քաղաքավարութեան ոչ ոք իրաւունք ունի բողոքել իրեն ուղղուած այն հայհոյութեանց դէմ, որք առաջին ձայնով չեն երգուիր։

Թղթի խաղը կը շարունակուի. էֆենտին մերթ ընդ մերթ հետեւեալ հարցումները կ՚ուղղէ Մելիտոս աղային տիկնոջ.

—Ի՞նչպէս էք, նայինք։

—Աս ո՞ւր է, չէք երեւար կոր։

—Հանգի՞ստ ես։

Մելիտոս աղան, որ բազմոցի վարի կողմը նստած էր եւ ամէն պատրաստութիւն տեսած էր կանխաւ էֆենտիին կողմէ գալիք հարցմանց քաղաքավարութեամբ եւ ակնածութեամբ պատասխանելու համար, ակն ունէր էֆենտիին բարեւին գալստեան։

Մելիտոս աղային կինն երբեմն երբեմն ակնարկութիւն կ'ընէր էրկանն, ակնարկութիւն, որ կը թարգմանուէր այսպէս.

—Ինչո՞ւ միս֊մինակ նստեր ես, քովերնիս չգա՞ս։

Եւ Մելիտոս աղան այս ակնարկութեան կը պատասխանէր այնպիսի նշաններով, որ կը նշանակէին. գետնին տակը անցնիս, որ բռնութեամբ հոս բերիր զիս։

Եւ ահա Վահրամն բառեր թոթովելով Մելիտոս աղային կը մօտենայ, Մելիտոս աղային գիրկը ելնել կ'ուզէ։ Մելիտոս աղան կը գրկէ Վահրամն եւ կը սկսի տանտանա՜ տանտան տանտա՜ն տանի։

Հայրական սէր… Ի՜նչպէս հայրերու կամքը կը ջախջախես։

էֆենտին Մելիտոս աղային գրկացը մէջ Վահրամին խաղալն տեսնելով`

—Օ՜օ, ըսաւ, Մելիտոս աղա՞ն ալ հոս է եղեր։ Ե՞րբ եկաւ, չիմացայ գալը, ինչո՞ւ մէկ ծակը քաշուեր նստեր ես, չմօտենա՞ս։

—Ես ալ հոս եմ, տիկնոջ հետ եկայ, գալս չիմացաք, հոս հանգիստ եմ, կը պատասխանէ Մելիտոս աղան։

—Իրաւ, ինչո՞ւ մինակ նստեր էք, մեր քովը եկէք, նստեցէք, կ'ըսեն էֆենտիին բարեկամներն, որ քիչ մ՚առաջ անկիրթ եւ վայրենի պատուանուններով պատուած էին Մելիտոս աղան։

Վահրամը Մելիտոս աղային պեխերը կը քաշէ, մատն անոր աչքին կը խոթէ եւ կ'ուզէ, որ տանտանա ընէ զինքը։

Մելիտոս աղան կը յոգնի, բայց չի կրնար գետինը ձգել, որովհետեւ թող չեն տար։

Ի՞նչպէս։

—Շատ բան, շատ բան, Վահրամը որքան կը սիրէ կոր Մելիտոս աղան, չնայի՞ս անկէ բաժանուիլ չուզեր կոր, կ՚ըսէ Վահրամին մայրը։

—Բոլոր տղաքները կը սիրեն Մելիտոս աղան, կը պատասխանէ Մելիտոս աղային կինը։

—Ձանձրութիւն տուաւ քեզի, գետինը ձգէ, Մելիտոս աղայ, կ՚աւելցնէ Վահրամի մայրը։

—Ձանձրութիւն չը՛տար ինձ, կը պատասխանէ Մելիտոս աղան, որ թեւերն վերցնելու կարողութիւն չունի։

—Տէր ողորմեա, ինչո՞ւ ձանձրութիւն տայ… տղու մը ձանձրութիւնն ի՞նչ պիտի ըլլայ. արդէն Մելիտոս աղան խենթ կ'ըլլայ տղայոց համար։

—Ես խենթ կ'ըլլամ տղայոց համար, կը կրկնէ Մելիտոս աղան հեւալով։

Վահրամը ցատկել, ցատկռտել կ'ուզէ։

Մելիտոս աղան կը գոհացնէ Վահրամին կամքը։

—Յոգնեցար, Մելիտոս աղայ, վար ձգէ, կ՚ըսէ նորէն Վահրամին մայրը։

—Չյոգնեցայ, հոգ մի՛ ընէք, տիկին, կը պատասխանէ Մելիտոս աղան շնչասպառ եւ մեկուսի կ՚անիծէ ժամն, յորում էֆենտիին տունն ոտք կոխեց։

Խահուէ կը բերեն։

Մելիտոս աղայ առիթէն օգուտ քաղելով Վահրամը քովը կը նստեցնէ։

Վահրամը կը սկսի լալ բարձրաձայն։ Մելիտոս աղան կը ստիպուի նորէն գրկել Վահրամն եւ խահուէն այնպէս խմել։

Վահրամ հանգիստ չկայնիր, կը շարժի, եւ խահուէն կը թափուի Մելիտոս աղային շապիկին վրայ։

—Վա՜հրամ, Վա՜հրամ, կ՚ըսէ մայրն, ատ ի՞նչ ըրիր։

—Վնաս չունի, վնաս չունի, կը պատասխանէ Մելիտոս աղան` ի ներքուստ ակռաները կրճտելով։

Միջադէպը կը փակուի։

Վահրամ կ'ուզէ Մելիտոս աղային կռնակն ելնել։

Կը հնազանդի Մելիտոս աղան։

Վահրամ կը կամի, որ Մելիտոս աղան ոտք ելնէ։

Կը յօժարի Մելիտոս աղան։

Վահրամ կը փափաքի, որ Մելիտոս աղան քալէ։

Մելիտոս աղան կը յամառի։

Վահրամ կը սկսի պոռալ։

—Սըւոր ձայնը կտրեցէք, կը պոռայ էֆենտին։

Եւ Մելիտոս աղան կը սկսի քալել։

—Շատ բան, շատ բան, չթողուց մարդն, որ քիչ մը նստի, կը մրմռայ էֆենտին։

—Արդէն Մելիտոս աղան ալ կ'ախորժի կոր տղաքներէն, էֆենտի, կ՚ըսէ Վահրամին մայրը։

—Կ'ախորժի կոր, բայց յոգնեցաւ։

—Այսչափ ալ խենթենալ տղայոց համար, զարմանալի՜ բան, կ՚ըսէ ինքն իրեն էֆենտիին տիկինը։ Վահրամը քեզի տանք, առ, գնա։

—Կ'ըլլայ, կը պատասխանէ Մելիտոս աղան ճանապարհորդելով սենեակին մէջ։

—Յոգնեցար նէ, ձգէ, Մելիտոս աղայ։

—Ո՛չ։ ( Մեկուսի ) Աներեսներ, չէ՞ք հասկնար կոր, թէ յոգնած եմ։

—Աղէկ, ես ըլլայի նէ, թեւերս կը բրդէին… Մելիտոս աղան ուժով է եղեր, շիտակը կը զարմանամ կոր։

Մելիտոս աղան, որուն, ինչպէս ըսինք, ուսերուն վրայ բազմած էր Վահրամ, որոտման ձայներ կը լսէ։ Կարեւորութիւն չտար, որովհետեւ քաղաքավարութեան հակառակ է ամէն բան լսելը։ Քիչ մը ետքը ծոծրակին վրայ տաք տաք անձրեւ գալը կը զգայ։ Բարկութենէ կը կատղի, դուրս կը տանի բեռը եւ սպասուհւոյն կը յանձնէ։

Վահրամ աշխարհ տակնուվրայ կ՚ընէ, կը պոռայ, կը կանչէ, կու լայ։ Սպասուհին իր պարտքը կը կատարէ` հարկ եղած լաթային փոփոխութիւններ մուծանելով Վահրամին լաթերուն մէջ։ Վահրամ բարկացած է սակայն, քըհ կ՚ըսէ Մելիտոս աղային, կ՚ապտակէ զայն պզտիկ թաթիկներովը, Մելիտոս աղան թող չտար. սպասաւորները կը հրաւիրեն Մելիտոս աղան քանի մը ապտակ առնելու, որպէսզի տղան լռէ, եթէ ոչ, կ'ըսեն էֆենտին տղուն ձայնը առնելուն պէս կը սրդողի։

Վահրամ կ՚ապտակէ Մելիտոս աղան եւ կ'ուզէ, որ խոհարարն ալ քանի մ՚ապտակ հանէ Մելիտոս աղային։ Եւ խոհարարը կը ստիպուի թեթեւ կերպով ապտակել Մելիտոս աղան։ Բայց վերջապէս խոհարարի ապտակն, որքան ալ թեթեւ ըլլայ, կ'երեւի, թէ ծանր եկած է Մելիտոս աղային, որ քանի մ՚ապտակ առնելէն ետքը ըսաւ.

—Ատ ի՞նչ է, կը ցաւեցնես կոր։

—Տղա՞յ ես, ապտա՞կ կ'ըսեն անոր։ Տղան լռեցնելու համար սանկ երեսդ կը քերեմ կոր։ Թող տուր, Աստուածդ սիրես, քանի մը անգամ ալ զարնեմ, որ լռէ սա չարաճճին։

—Տիկինին իմաց տուէք, ես կ'երթամ կոր։

—Դեռ կանուխ է, այս ատեն կ'երթուի՞։

Մելիտոս աղային համբերութիւնը կը հատնի, վեր կ՚ելլէ, դուռր կը բանայ, սենեակը կը մտնէ ու` «ներեցէք, ձեր հրամանովն երթանք, որովհետեւ վաղը առտու կանուխ պիտի ելլեմ», կ՚ըսէ։

—Մելիտոս աղայ, կանուխ է դեռ, կը պատասխանէ էֆենտիին կինը։

—Ոչ, ժամանակ է։

—Դուք գնացէք, տիկինը թող նստի քիչ մ՚ալ։

—Կ'աղաչեմ։

—Տիկինը թող չեմ տար, այս գիշեր թող հոս մնայ։

—Դուն գնա, ես վերջը կու գամ, կ՚ըսէ կինը։

—Շատ աղէկ, կը պատասխանէ Մելիտոս աղան շեշտով մը, որու հաւատարիմ թարգմանութիւնն է։

—Առնելիքդ ըլլայ։

Եւ Մելիտոս աղան տուն կը դառնայ եւ կը սպասէ տիկնոջը գալստեան, որ վրէժը լուծէ։

Երեք ժամ յետոյ տուն կու գայ կինն ու վեր ելլելով`

—Մելիտոս աղայ, զարմանալի մարդ մ՚ես, տեղ մը չես կրնար նստիլ։ Ինչո՞ւ աճապարեցիր։

—Ինչո՞ւ աճապարեցի։

—Քիչ մ՚ալ նստէիր, մէկտեղ կու գայինք։

—Հոգիս բերանս բերին…

—Գէ՞շ եղաւ, ժամանակ անցուցինք քիչ։

—Անցուցի՞նք. տղան խաղցուցինք, խահուէն վրաս թափեցին, իշու պէս ուսերուս վրայ առի Վահրամիկ պեյը եւ պտտցուցի, վրաս մնտռեց, վերջն ալ ապտակ կերանք… ա՞ս էր ժամանակ անցնել ըսածդ. ի՞նչ անկիրթ մարդ են յղեր ասոնք, ատա՞նկ կը մեծցնեն տղայ։ Եթէ ես անքաղաքավար մէկն ըլլայի, քանի մը խօսք կ'ընէի իրենց. անպիտաններ… էշութիւնն իմս էր ա՛… ինչ որ է, եղաւ. տուներնիդ հիւր եկած եմ, չըսէ՞ք սպասաւորներուդ որ տղան վար տանին…

—Դուն ալ երկար կ'ընես, Մելիտոս աղայ։

—Երկա՞ր մի կ'ընեմ. տուներնին հիւր գացած եմ, նստեցնեն զիս, «ի՞նչպէս ես, աղէ՞կ ես, Մելիտոս աղայ» ըսեն, ես ալ՝ «փառք Աստծոյ, աղէկ եմ, դուք ինտո՞ր էք», ըսեմ, «շնորհակալ ենք», ըսեն, «սանկ նստէ» ըսեն, «հանգիստ եմ» ըսեմ, սիկարայ հրամցնեն, «չեմ ուզեր» ըսեմ, «նստինք, շէնք շնորհք խօսինք». ասոնց ո՞րը եղաւ. գացի, չգացի, տղան ձեռքս տուին, եւ չորս ժամ շարունակ տղան կրեցի… աւանակ մը գտան ա՛, հոգերնի՞ն է… ինչ ըսեմ ես իմ բնաւորութեանս, որ երեսս չբռներ, չեմ խօսիր ու ետքը ինքզինքս կ՚ուտեմ. ազնուականութիւն չունին, չունին։

—Մի՛ ըսեր ատանկ խօսքեր, էֆենտիին ականջը կ'երթայ։

—Թո՛ղ երթայ։

—Կը բարկանայ։

—Թո՛ղ բարկանայ։

—Ինչո՞ւ բարկանայ… չտեսա՞ր գորգը, մեծ հայելիները։

—Ինչո՞ւս պէտք, գորգ ունեցողը, մեծ հայելիներ ունեցողն անկի՞րթ ըլլալու է անպատճառ։

—Ըսել կ'ուզեմ, որ ատանկ մեծ մարդոց հետ իյնալն աղէկ չէ։ Արդէն եղածն ի՞նչ է որ… տղան քիչ մը խաղցուցիր… Ի՞նչ վնաս ունի… մէկ բանը կ'առնես, կ՚անցնիս, դուն ալ… ումուր կ'ընես։

Մելիտոս աղան չպատասխաներ, բայց մինչեւ առաւօտ չկրնար քնանալ բարկութեանը պատճառով։