***
Խոնարհութիւն
կայ,
խոնարհութիւն
ալ
կայ։
Են
մարդիկ,
որ
բարձրանալու
եւ
ուրիշներն
խոնարհեցնելու
համար
խոնարհութիւնը
գործիք
ըրած
են
իրենց։
Կան
մարդիկ,
որ
խոնարհութեան
կը
դիմեն`
հարիւրին
քսան
զեղջելու
համար
իրենց
պարտքէն։
Յաճախ
պատահած
եմ
այնպիսի
մարդոց,
որ
խոնարհութեան
ապաւինած
են
իրենց
մէկ
բարեկամը
կողոպտելու
համար։
Կը
գտնուին
նաեւ
մարդիկ,
որ
խոնարհութեան
մէջ
գտած
են
մարդ
խաբելու
ամէնէն
դիւրին
միջոցը։
Սակաւք
են,
որ
խոնարհ
կ'ըլլան`
խոնարհ
ըլլալու
համար։
Սպասելով
որ
մեր
Բարոյական
ախտաբանութիւնը,
որուն
կը
վայլէ
ճառել
այս
նիւթին
վրայ,
ընդարձակօրէն
խօսի
այն
անձանց
վրայ,
որք
խոնարհութիւնն
խանութ
ըրած
են
իրենց,
անցնինք
այսօր
ներկայացնել
անձ
մը,
որ
կը
խոնարհի
բարձրանալու
նպատակով
միայն։
Սրբոյն
Թադէոսի
եւ
Բարթուղիմէոսի
տօնախմբութենէն
քանի
մ՚օր
ետքը
Յակոբոս
աղայ
իւր
Բարթուղիմէոս
անուն
մէկ
բարեկամին
այցելութիւն
կ՚ընէ`
շնորհաւորութեան
պարտքը
կատարելու
համար։
Ընդունելութեան
սենեակն,
ուր
առաջնորդուած
էր
Յակոբոս
աղան,
պզտիկ
էր։
Արդէն
այժմու
ընդունելութեան
բոլոր
սենեակները
պզտիկ
են,
վասնզի
քիչ
ծախքով
կը
կահաւորուին։
Այս
սենեակն
ունէր
պատշգամ
մը,
որ
հազիւ
կրնար
տանիլ
երկու
մարդ,
անկեան
երկու
բազմոցներ,
ուր
երկ֊երկու
մարդ
միայն
կրնային
նստիլ,
եւ
վեց
հատ
աթոռ։
Բազմոցները
բեռնաւորուած
էին,
երբ
ներս
մտաւ
Յակոբոս
աղան։
Տան
տէրն
հրաւիրեց
Յակոբոս
աղան
պատշգամը
նստիլ,
եւ
Յակոբոս
աղան
ընդունեց
հրաւէրն
եւ
գնաց
բազմիլ
պատշգամը։
Յաւելունք
ըսել,
թէ
Յակոբոս
աղան
անանկ
մարդ
մ՚է,
որ
ուր
քաշես,
կ'երթայ.
կեղծ
մերժումներէն,
արուեստակեալ
յարգանքներէն
չախորժիր.
մէկ
խօսքով`
պարզ
մարդ
մ՚է.
այսինքն
այն
մարդերէն
է,
զոր
կը
պաշտեմ
ես։
Աւուր
պատշաճի
քանի
մը
խօսքեր
փոխանակուելէն
յետոյ
հիւրերուն
եւ
տան
տիկնոջ
մէջտեղ`
սենեակին
դուռը
բացուեցաւ։
—Հրամմեցէ՛ք,
էֆենտի,
ըսաւ
տան
տիկինն`
ոտք
ելնելով
եւ
իրար
անցնելով։
էֆենտին
խոնարհութեամբ
բարեւեց
հիւրերն
եւ
դռանը
մօտ
դրուած,
այսինքն
երրորդ
եւ
վերջին,
աթոռին
վրայ
նստաւ։
—Տէր
ողորմեա,
ի՞նչ
կ'ընէք,
էֆենտի,
սանկ
վեր
հրամմեցէք,
ըսաւ
տանտիկինը։
—Չէ,
չէ,
հոս
հանգիստ
եմ։
—Չըլլար,
վեր
հրամմեցէ՛ք։
—Կը
խնդրեմ,
տիկին,
վնաս
չունի,
հոս
աւելի
հանգիստ
եմ։
Բազմոցի
հիւրերն
եւ
Յակոբոս
աղան
իրենց
քովն
առնել
կ'ուզեն
էֆենտին,
որ
կը
մերժէ։
—Իրաւ
որ
սա
չեղաւ,
չվայլեց…
խաթերս
համար
սա
պատշգամը
անցի՛ր։
—Հրամմեցէ՛ք,
կ՚ըսէ
Յակոբոս
աղան
ոտք
ելնելով։
—Չեմ
ուզեր,
նստեցէ՛ք։
Յակոբոս
աղան
կը
նստի։
—Ըրածդ
իրաւ
որ
չվայլեր,
էֆենտի,
աթոռին
վրայ
անհանգիստ
ես,
սա
պատշգամը
հանգիստ
է,
տես
ի՞նչ
աղէկ
է։
Յակոբոս
աղան
կը
կանգնի
նորէն։
—Չեմ
ուզեր։
Յակոբոս
աղան
դարձեալ
կը
նստի։
—Չէք
ուզեր,
բայց
նստեցէ՛ք`
ինչ
աղուոր
է,
ծովն
ալ
կ՚առնէ։
Յակոբոս
աղան
նորէն
ոտք
կ՚ելնէ։
—Ինչո՞ւ
կը
ստիպէք,
տիկի՛ն։
Յակոբոս
աղան
նորէն
կը
նստի։
—Ես
պատշգամը
նստիմ
նէ,
բնաւ
չեմ
նեղանար.
նաւեր,
շոգենաւեր
կու
գան,
կ՚անցնին,
ձկնորսները
ձուկ
կ'որսան,
շատ
աղէկ
է.
ոտքդ
պագնեմ,
քուզում
էֆենտի,
քիչ
մը
նստէ։
Յակոբոս
աղան
վերստին
կը
կանգնի։
—Կը
խնդրեմ,
տիկի՛ն։
—Կ'աղաչեմ։
—Մի՛
թախանձէք։
—Խաթերս
համար։
—Հարկ
չկայ։
—Ոտքդ
պագնեմ։
—Տէր
ողորմեա։
—Արեւդ
սիրեմ։
(
Տակաւին
Յակոբոս
աղան
ոտքին
վրայ
է։)
—Չէ
ըսինք
ա՛։
—Չէ
մի՛
ըսեր,
տես
ինչ
աղուոր
է։
—Գիտեմ։
—Շոգենաւները…
—Տեսած
եմ։
—Դիմացի
լեռները…
—Այո՛։
—Տուները,
ծառերը…
—Այո՛,
գիտեմ։
—Ձկնորսները…
յայտէ՛
էֆենտի։
—Տիկի՛ն։
—Շատ
աղէկ,
վերջը
կը
նստիս։
Յակոբոս
աղան
կը
նստի։
Էֆենտին
եթէ
հաւանէր
պատշգամը
նստիլ
Յակոբոս
աղային
քով,
խնդիրը
պիտի
փակուէր,
եւ,
հետեւաբար,
պիտի
զրկուէր
այն
հաճոյքէն,
զոր
տան
տիկնոջ
թախանձանքները
կը
պատճառէին
իրեն։
Էֆենտիին
փափաքն
էր
բարձրանալ
շարունակ,
ցորչափ
պիտի
մնար
այն
սենեակին
մէջ,
եւ
այս
միջոցն
յարմար
դատած
էր
հասնելու
համար
իւր
նպատակին։
Միւս
կողմէն
Յակոբոս
աղան
կը
վիրաւորուէր,
որովհետեւ
պարտականութիւն
չէր
զգար
խոնարհիլ
ուրիշ
մը
բարձրացնելու
համար
եւ
անուան
մը
շնորհաւորութեան
առթիւ
այս
եղանակով
նուաստանալուն
վրայ
կը
ցաւէր։
Այսուամենայնիւ
իւր
ցաւն
ծածկելու
կը
ջանար
եւ
կը
համբերէր։
Միւս
հիւրերուն
եւս
հաճոյ
չէր
թուեր
տան
տիկնոջ
եւ
էֆենտիին
ընթացքն,
եւ
կը
սպասէին,
որ
առեւտուրներուն
նուազութեանը
եւ
օդոյն
գեղեցկութեանը
վրայ
բացուած
խօսքն
վերջանայ,
ու
ելնեն,
երթան։
—Վերջապէս
սա
պատշգամը
քիչ
մը
չնստեցար,
ըսաւ
նորէն
տիկինը։
Սանկ
քիչ
մը
նստէ՛,
տես
Վարնայի
շոգենաւն
է,
որ
կու
գայ։
Էֆենտին
շարժում
մ՚ըրաւ։
Յակոբոս
աղան
ոտք
ելաւ։
Էֆենտին
թիկնոցի
ետեւի
գրպանէն
թաշկինակը
հանեց
եւ
քիթը
սրբեց։
Այս
էր
շարժման
պատճառը։
Յակոբոս
աղան
նորէն
նստեցաւ`
այս
անգամ
ալ
էֆենտիին
քթին
զոհուելով։
—Այս
հարաւային
հողմերն
ալ
չվերջացան,
որ
հարբուխէ
խալսէինք,
ըսաւ
տան
տիկինը.
ամէնուս
վրայ
թուլութիւն
մը
կայ,
սրտի
նեղութիւն
մը.
չելար
սա
պատշգամը
նստելու,
որ
սիրտդ
բացուէր
քիչ
մը,
էֆենտի՛։
էֆենտին
քիչ
մը
շարժեցաւ
ձեւով
մը,
որ
կարծես
կ'ընդունէր
տիկնոջ
հրաւէրը։
Յակոբոս
աղան
ոտք
ելաւ
եւ
հրամցուց
էֆենտիին։
—Չէ՛,
չէ՛…
սա
նասըրս
քիչ
մը
ցաւեցաւ,
անոր
համար
ոտքս
սանկ
դրի,
որ
հանգիստ
ընեմ։
Յակոբոս
աղան
դարձեալ
նստեցաւ`
այս
անգամ
ալ
էֆենտիին
ոտքին
զոհուելով։
—Ամէնուն
քովը
հազ
մը
կայ,
մարդ
չկայ,
որ
չհազայ,
յարեց
տան
տիկինը,
կուրծքի
ցաւ
ալ
կայ…
կ'իմանամ,
որ
ուրիշ
հիւանդութիւններ
ալ
կան
եղեր.
էֆենտի՛,
պատշգամը
անցի՛ր
ու
ոտքդ
երկնցուր
քիչ
մը։
Յակոբոս
աղան
երթալու
համար
ոտք
ելաւ
եւ
գլուխը
ծռելով`
«ձեր
հրամանաւն
երթանք,
տիկի՛ն»,
ըսաւ։
—Նստեցէ՛ք
քիչ
մը,
Յակոբոս
աղայ,
ինչո՞ւ
կ՚աճապարէք…
գործ
ունիք
նէ,
զօռ
չեմ
ըներ։
—Այո,
գործ
ալ
ունիմ։
—Քիչ
մ՚ալ
նստեցէ՛ք։
—Քիչ
մ՚ալ
նստիմ,
որ
քիչ
մ՚ալ
նախատուիմ,
ըսաւ
ինքնիրեն
Յակոբոս
աղան
եւ
նստեցաւ։
—Յակոբոս
աղայ,
ի՞նչպէս
է
մեր
պատշգամը։
—Շատ
աղէկ
է։
—Ես
շատ
անգամ
հոս
կը
նստիմ
եւ
չեմ
նեղանար…
էֆենտին
չախորժիր
կոր։
Էֆենտին
կը
զգայ,
թէ
թախանձանաց
վերջերն
է,
որովհետեւ
Յակոբոս
աղան
երթալ
կ'ուզէ,
ուստի
որպէս
թէ
տան
տիկնոջ
խօսքը
չկոտրելու
համար՝
—Քիչ
մը
նստիմ
սա
պատշգամը,
որ
խօսքը
գոցուի,
կ՚ըսէ
եւ
կ'երթայ
նստելու
պատշգամն,
զոր
թողած
էր
արդէն
Յակոբոս
աղան։
—Ինչո՞ւ
կ'երթաք,
Յակոբոս
աղայ,
քիչ
մ՚ալ
նստեցէ՛ք,
կ՚ըսէ
տան
տիկինը։
—Ոչ,
երթամ
պիտի։
—Կ'աղաչեմ,
քիչ
մ՚ալ։
—Ձեր
հրամանովն
երթանք,
տիկի՛ն։
—Եթէ
ստիպողական
գործեր
ունիք,
չեմ
ստիպեր,
որ
մնաք։
—Այո,
ստիպողական
գործ
ունիմ։
—Շատ
շատ
բարեւներ
կ՚ընեմ…
—Գլխուս
վրայ…
—Ձեր
տիկինին…
—Ըլլայ։
—Ձեր
աղջիկներուն։
—Շատ
աղէկ։
—Պզտիկին
ալ
աչքերը
կը
համբուրեմ։
—Շնորհակալ
եմ։
—Դարձեալ
հրամմեցէ՛ք,
Յակոբոս
աղա՛յ։
—Դուք
ալ
հրամմեցէ՛ք։
—Մեզի
մի՛
մոռնաք։
—Չենք
մոռնար։
—Տիկինդ
ալ
մէկտեղ
բե՛ր։
—Կու
գանք։
—Տիկինը
բեր
օր
մը,
որ
քիչ
մը
պատշգամը
նստի։
—Նստի,
(
մեկուսի
)
որ
ինձի
պէս
խայտառակուի։
—Մեր
պատշգամը
շատ
աղէկ
է։
—Անանկ
է։
Յակոբոս
աղան
կը
մեկնի։
Ինքզինքը
փողոց
գտնելուն
պէս
կը
սկսի
խորհրդածութեանց.
«Քառասուն
անգամ
ոտք
ելնել,
քառասուն
անգամ
նստիլ,
որպէսզի
էֆենտին
նստի
պատշգամը,
պարապ
տեղը
պզտիկնալ,
խոնարհիլ…
խայտառակուիլ
հիւրերուն
առջեւ։
Խելք
չըրի.
առաջին
անգամ,
երբ
տիկինն
էֆենտին
պատշգամը
հրամցուց,
պատշգամէն
իջնելու
էի…
պզտիկութիւն
պիտի
ըլլար
թէեւ,
բայց
գոնէ
մէկ
անգամ
պիտի
ըլլար
եւ
ոչ
թէ
քառասուն
անգամ,
որպէս
եղաւ։
Գետնին
տակը
անցնէր
սա
պատշգամը…
Ի՞նչ
սորվելիք
ունիմ,
ի՞նչ
շահ
ունիմ
ես
ան
էֆենտիէն,
որուն
քով
ասանկ
պզտիկ
մնալու
ստիպեցին
զիս…
Ե՞ս
ուզեցի
պատշգամը
նստիլ.
ինքը
հրամցուց,
ես
ալ
ընդունեցի.
եթէ
էֆենտիին
համար
պիտի
պահէր
պատշգամը,
ինչո՞ւ
զիս
հրամցուց
հոն։
Բայց
տիկինը
յանցանք
չունի…
ի՞նչպէս
չունի…
ան
ալ
ունի
յանցանք,
բայց
էֆենտին
է
բուն
յանցաւորը։
Երանելի՛,
քեզի
պատշգամը
հրամմէ՛
կ'ըսեն
կոր,
եկուր
դուն
ալ
նստէ,
ես
ալ
նստիմ,
լմննայ
գործը…
զիս
քառասուն
անգամ
խայտառակելու
ի՞նչ
հարկ
կայ։
Ասկից
վերջը
ոչ
թէ
միայն
չպիտի
նստիմ
պատշգամը,
այլ
նաեւ
զաւակներուս
ալ
պիտի
կտակեմ,
որ
հեռու
փախչին
պատշգամներէ…
շատ
դպաւ
ինձի
այս
գործը։
Եթէ
տուն
մ՚այցելութեան
երթամ,
սենեակին
դռան
քով
պիտի
նստիմ.
պարապ
տեղը
խայտառակ
ըլլալու
ժամանակ
չունիմ»։
Այցելութեան
օրերուն
մէջ
ենք,
սիրելի
ընթերցողներ,
եւ
այս
իսկ
է
պատճառ
ներկայ
յօդուածիս
հրատարակութեան։
Զգուշացէք
պատշգամ
նստելէ.
ընտրեցէք
ձեզ
անանկ
տեղ
մը,
ուսկից
արտաքսուելու
նուաստութեան
մէջ
չգտնուիք։
Գիտեմ,
երբ
այլ
եւ
այլ
վիճակի
հիւրերով
լեցուած
սենեակ
մը
մտնէք,
կը
շուարիք,
կը
մնաք
եւ
չէք
գիտեր,
ուր
նստիլ։
Ծերերը
չեն
յարգուիր,
որ
տարիքի
կարգով
նստիք։
Խելքն
ալ
ստակ
չըներ,
որ
խելքի
կարգով
տեղ
մ՚ընտրէք։
Առաջնութիւնն
ոսկւոյ
կը
տրուի,
ուստի
ոսկւոյ
թիւերու
կարգով
տեղ
մ՚որոշելու
աշխատեցէք։
Կը
տեսնես,
որ
աղքատ
ծեր
մը
անկիւնը
նստեր
է,
եթէ
երկու
ոսկի
ունիս
վրադ,
գնա
այդ
ծերունիին
կռնակին
վրայ
նստէ։
Կը
պատահի
սակայն
երբեմն,
ինչպէս
արդէն
տեսաք,
որ
ամէնէն
հարուստն
ամէնէն
վար
կը
նստի
դռան
քով.
վերջէն
եկող
եւ
անկէ
նուազ
հարուստ
մը
դռան
դո՞ւրսը
նստի։
Ահա
ծանր
խնդիր
մը,
որ
ամէն
տարի
այցելութեանց
օրերուն
մէջ
կը
յուզուի
եւ
շատ
սխալներով
կը
լուծուի։
Ըստ
մեր
խոնարհ
կարծեաց`
միջոց
մը
կայ
միայն,
որ
այս
անպատեհութիւնները
կը
բառնայ
եւ
արժանապատւութիւններ
վիրաւորելու
երկիւղը
կը
փարատէ։
Ո՞րն
է
այդ
միջոցը։
Այբուբենի
կարգով
նստիլ։
Այսինքն
ժամկոչ
մը,
որուն
անունն
այբով
կը
սկսի,
իրաւունք
պիտի
ունենայ
վեր
նստիլ
այն
վաճառականէն,
որուն
անուան
սկզբնատառն
Բ
կամ
Գ
կամ
Դ
եւ
այլն
է։
Այս
միջոցը
թէպէտեւ
քիչ
մը
ծիծաղաշարժ
է,
բայց
սկզբունքի
վրայ
հիմնուած
է։