Քաղաքավարութեան վնասները

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

***

Վաճառական մ՚ես։ Եւ ես չեմ մեղադրեր զքեզ վաճառական ըլլալուդ համար, որովհետեւ մեղաւորը դու չես, այլ այն, որ զքեզ վաճառականութեան առաջնորդեց։ Չեմ ալ նախատեր զքեզ, այլ, թող ներուի ինձ անաչառաբար խօսիլ, կը վարուիմ հետդ այնպէս, որպէս պիտի վարուէի քսակահատի մը հետ, այսինքն քեզի հետ գործ ունեցած ժամանակս կը զգուշանամ, որ չխաբուիմ, ոչ թէ խրատուելով Վովնարկի սա խօսքէն, թէ «վաճառականութիւնը խաբէութեան արհեստն է», այլ յենլով անձնական փորձառութեանս, որ յանդգնութիւն կու տայ ինձ բարձրաբարբառ խոստովանիլ այսօր, թէ հարիւր վաճառականներու մէջ երկու վաճառական ճանչցած եմ միայն, որ սուտ չեն խօսիր… բայց արի, տես, որ այս երկու վաճառականներն ալ բնաւ չեն խօսիր։

Վաճառական մ՚ես, ըսինք, եւ ամչնալու պատճառ մը չունիս։— Առաւօտուն կանուխ վաճառատունդ կ'երթաս, որոգայթներդ կը լարես եւ ամէն բան կը նիւթես, որպէսզի չփախցնես որսն, որուն կը սպասես ժամէ ժամ։ Մեծ վաճառական մ՚ես, աւելորդ է ըսել, թէ մեծ խաբեբայ մ՚ես. ուստի վաճառատանդ մէկ անկիւնը քաշուած` աչերդ կը սեւեռես վաճառատանդ դռան, ուսկից պիտի գայ որսն։ Քանի մի ժամեր կու գան, կը հոլ ովին, կը սահին, կ՚անցնին, կ'երթան, եւ ահա յաճախորդ մը կ'երեւայ դռան առջեւ։ Անմիջապէս ոտքի կ'ելնես, կը վազես դիմաւորելու յաճախորդդ եւ բազմոցիդ վրայ բազմեցնելու։ Խահուէ կը հրամցնես իրեն, կը շողոքորթես, կը շոյես զինքն, կը քծնիս իրեն, չափազանց յարգանքներով կը շրջապատես զինքն եւ մէկ ժամ շարունակ սուտ կը խօսիս։ Գրագիրդ ալ ուրիշ սուտերով հաստատութիւն կու տայ սուտերուդ։

Յաճախորդդ քիչ մը պարարտ է, երեք֊չորս հազար ոսկւոյ գնում մը պիտի ընէ։ Այլ եւ այլ ապրանաց օրինակներ կ'ուզէ, ցոյց կու տաս` գովեստներ կարդալով անոնց վրայ, միայն թէ դափնեայ պսակներ չես բոլորեր ապրանացդ ճակտին վրայ։

—Այս ապրանքը հրապարակի վրայ չգտնուիր, մասնաւորապէս մեզի համար ապսպրած ենք։

—Շատ ընտիր ապրանք է, կը յարէ գրագիրդ, որուն հետ փոխասաց կ'ըլլաս։

—Սքանչելի ապրանք մ՚է, նմանը չկայ։

—Ո՜ւր էր, թէ քանի մը հազար հակ ունենայինք այս ապրանքէն։

—Ապրանք մը, որու գոյնը չշրջիր։

—Ապրանք մը, որ հազար անգամ իսկ եթէ լուացուի, չփոխեր իւր գաղափարը։

—Սկզբունքի տէր ապրանք մը։

—Եւ հաստատ սկզբունքի տէր, որովհետեւ բնաւ չպատռիր։

—Հարիւր տարի կրնայ գործածուիլ։

—Ի՞նչ կ'ըսէք, տէր իմ… հարիւր տարի՜… հարիւր յիսուն տարի, երկու հարիւր տարի, երեք հարիւր տարի…

Ծիծաղ. Շիրիմ մը կանգնեցէք սա ապրանքին վրայ, ո՜վ հարուստներ…

—Շատ պատուական ապրանք է։

—Եւ ամէն մարդու ալ չենք ցուցներ սա ապրանքը։

—Զձեզ մեր վաճառատան վարժեցնելու նպատակով է, որ հանեցինք այս ապրանքը։

—Ներեցէք մեզի` ձեզի աղաչելու, որ չըսէք ուրիշին, թէ այս ապրանքը մեր վաճառատունէն առիք։

Ասոր նման հազար ու մէկ խօսքերով վերջապէս կը յաջողիք դու եւ գրագիրդ հաւնեցնել ապրանքներդ։ Կարգը կու գայ սակարկութեան։

—Վերջնական գին մը պիտի զրուցեմ։

—Մեր էֆենտիին սովորութիւնն է` միշտ վերջնական գին մը զրուցել։

—Սակարկութենէ չեմ ախորժիր։

—Մեր էֆենտին բնաւ չախորժիր սակարկութենէ։

—Թերեւս աղէկ բան մ՚ըլլայ սակարկութիւնը, բայց իմ նաթուրայիս հակառակ է։ Շատ խօսք չեմ սիրեր։

—Մեր էֆենտին շատ խօսիլ չսիրեր։

—Ուստի, մէկ խօսքով, այս ապրանաց համար պիտի վճարէք երեք հազար ութ հարիւր մէկ քառորդ ոսկի եւ երկու դահեկան։

—Սխալեցաք, էֆենտի, սխալեցաք, չորս հազար ոսկիի մեզի ապրանք եղած են անոնք։

—Ի՞նչ կ'ըսես։

—Սխալ հաշիւ ըրիք, էֆենտիս, սխալ, կեցիք, ցոյց տամ այդ ապրանաց հաշիւներն, զորս Եւրոպայէն մեր գործատանէն ընդունած ենք։

Գրագիրն շինծու հաշուեցոյցեր կը բերէ եւ կը նետէ առջեւդ։ Դուն ալ որպէս թէ կը քննես եւ կը խոստովանիս սխալած ըլլալդ։

—Սխալ հաշիւ եմ ըրեր։

—Չորս հազար հարիւր մէկ քառորդ ոսկի պիտի ըսէիք։

—Ինչ որ է, անգամ մը բերնէս ելաւ, խօսքս ետ չեմ առներ ես։

Գրագիրը բարկանալ կը կեղծէ եւ իւր գրասեղանին առջեւ կ'երթայ` քթին տակէն մրմռալու.

—Երեք հարիւր ոսկի վնասի՜լ` խօսքն ետ չառնելու համար։

—Այո՛, բերնէս ելաւ, կը վճարէք այդ գումարն եւ կ'առնէք ապրանքները։

—Մեզի պէս ապուշներն ամէն օր կը խաբեն ասանկ. եթէ ես այս վաճառատան մէջ գրագիր չըլլայի, միշտ հոս պիտի գայի ապրանք գնելու, կը մրմռայ գրագիրը։

—Էֆենտի, կը պատասխանէ յաճախորդը, ես ալ վերջնական գին մը պիտի տամ այն ապրանաց համար. երեք հազար եօթը հարիւր քսան ոսկի պիտի վճարեմ։

Որսը բռնուեցաւ։ Հինգ հարիւր ոսկի կը շահիս. կ'ուրախանաս յաղթանակիդ վրայ, բայց անմիջական հաւանութեան մը գայթակղութիւն պատճառելու հաւանականութիւնը մէկ կողմէ եւ քանի մ՚ոսկի աւելի փրցնելու անգթութիւնը միւս կողմէն կը հարկադրեն զքեզ զարմացական եղանակով մը պատասխանել յաճախորդիդ.

—Տղա՞յ ես, աղբար, ապրանքը չճանչցար…

—Այդ ապրանքն ամէն մարդու հանելու չէ, կը մրմռայ գրագիրն։

—Ներեցէ՛ք, մարդ խաբելու համար նստած չենք հոս։

—Քսան ոսկի եւս տամ, կ՚ըսէ յաճախորդը։

—Քսան ոսկիի խօսքը կ՚ըլլա՞յ… կ'ուզէք նէ, տարէք ապրանքներն եւ բարայ մը մի՛ վճարէք. բայց խնդիրն անոր վրայ չէ, ապրանքին արժէքը տալու էք։

—Տասն ոսկի աւելի տամ։

Հասած է ժամն համաձայնութիւն գոյացնելու եւ ոսկիներն առնելու. հետեւապէս կը սկսիս կարճ, բայց ազդու ատենաբանութիւն մը, որով կ՚ընդունիս ինչ֊ինչ զիջումներ ընելու, եւ ահա ճիշտ այս միջոցին կարճ, բայց ազդու մարդ մը կը մտնէ վաճառատունդ։

—Քրիստոս յարեա՜ւ ի մեռելոց։

—Օրհնեալ է յարութիւն Քրիստոսի։

—Ի՞նչպէս էք, աղէ՞կ էք։

—Փառք Աստուծոյ, Ենովք աղայ։

—Տիկինը ի՞նչպէս է։

—Աղէկ է։

—Օրիորդներն աղէ՞կ են։

—Աղէկ են։

—Ողջ ըլլան. տղադ ի՞նչպէս է։

—Շատ աղէկ է։

—Մա՞յրդ։

—Գէշ չէ։

—Մեծ մա՞յրդ։

—Հանգիստ է։

—Փեսան ի՞նչ կ՚ընէ։

—Ի՛նչ ընէ։

—Ձեզի՞ է։

—Չէ։

—Դուք փեսին տո՞ւնն էք։

—Չէ։

—Ո՞ւր էք հապա։

—Մեր տունը։

—Շատ աղէկ, շատ աղէկ… Խահուէ մը ապսպրել տայիր ինձի, որովհետեւ յոգնած եմ։

—Շատ աղէկ։

—Չե՞ս ըսեր, մեր պզտիկ շունը եաւրուլամիշ ըրաւ երէկ գիշեր։

—Կ՚ընէ եա՛։

—Մէկ հատը ձեզի պիտի տանք։

—Շնորհակալ եմ։

—Բայց քիչ մը մեծնան տէ, անանկ։

—Շատ լաւ։

Յաճախորդն մեկնելու շարժումներ կ՚ընէ. նշանացի կը պատասխանես իրեն, որ քիչ մը համբերէ։ Կը բարկանաս, բայց քաղաքավարութիւնը չներեր, որ Ենովք աղան վռնտես։

—Ի՜նչ ալ աղուորիկ լակոտներ են։

—Այո՛։

—Սա պիտի հարցնէի ձեզի, թէ ի՞նչպէս մեծցնելու է ասոնք։ Մայրերին տկար ու հիւանդոտ է, կաթ չունի… տունէն ըսին, որ պիպըռոն առնենք ու անով կաթ տանք։

—Այո։

—Կ'ըլլա՞յ մի։

—Չիյտեմ։

—Ձեր թաղը սանկ շուն մը չկա՞յ, որ գայ, մեզի մնայ ու սա լակոտները պէսլեմիշ ընէ։ Քուզում, կ'աղաչեմ, աշխատինք ու ազատենք սա խեղճերը… պիպըռոնի խելքս չպառկիր իմին։ Ասդին, անդին հարցնէիք ու փնտռէիք ասանկ շուն մը…

—Շատ լաւ, կը նայինք։

—Հիմա նայէիք։

—Հիմա գործ ունիմ, անկարելի է։

—Աս ալ գործ է, սեպապ է։

—Գլուխս քերելու ատեն չունիմ այսօր։

—Ե՞րբ կը նայիք։

—Ստիպողական գործեր ունիմ, երբ նայելիքս անգամ որոշելու ժամանակ չունիմ։

—Ժամանակ անցունելու չի գար, անանկ բան մ՚է, որ…

—Գործ ունիմ, Ենո՛վք աղայ։

—Անանկ բան մ՚է, որ ուշացնելու չգար… մէկ հատը քեզի պիտի ըլլայ։

—Քառորդէ մը կու գամ, կ՚ըսէ յաճախորդն ու վաճառատունէն դուրս կ՚ելնէ։

—Է՜ոֆ, է՜ոֆ, է՜ոֆ, կը հառաչես ինքիրմէդ։

—Լակոտներն անանկ ալ սատանայ են, որ տեսնելու բան է։

—Այո՛։

—Ուրեմն գարար տանք ու լմնցնենք։

—Այո՛։

—Պիպըռոն չըլլար։

—Չըլլար։

—Ստնտու շուն մը գտնելու է։

—Այո՛։

—Ուրիշ ճար չկայ։

—Չկայ։

—Կա՞յ մի եա՛։

—Չկայ։

—Չէ, թէ որ կայ նէ, ըսէ՛։

—Չկայ, Ենովք աղայ, չկայ, չկայ, չկայ։

—Բարկացա՞ք։

—Չբարկացայ, բայց…

—Բարկանալու իրաւունք չունիք, ես ձեր սպասաւորը չեմ, ձեզմէ շահ մ՚ալ չեմ ակնկալեր, խահուէ մը խմեցի, կ'ուզէք նէ, անոր ալ բարան կու տամ, հոշ կելտին, սեֆա կելտին։

—Չէ…

—Գիտնալով, որ շուներէն կ՚ախորժիս, ուզեցի քեզի շուն մը հետիէ ընել, դուն շնորհակալ ըլլալու տեղ օտապաշըի թաւըր կը բռնես ինձի։

—Չէ, Ենովք աղայ։

Հէր քուշուն էթի ենմեզ, աս ալ սորվէ, չես գիտեր նէ։

Ենովք աղան բարկութեամբ կը մեկնի։

Դուն ալ յաճախորդիդ դարձին կը սպասես։

Երեք ժամէն ետքը յաճախորդդ կու գայ։

—Այսօր ստակ չունիմ, քանի մ՚օրէն պիտի գամ ապրանքներն առնելու։ Մնաք բարով։

—Եկուր, ո՞ւր կ՚երթաք… խօսք մ՚ունիմ… վայրկեան մը… ինձի նայէ՛… աղայ… էֆենտի… բարեկամ… չգա՞ս… եկուր տէ, դարձեալ գնայ… չենք ուտեր քեզի…

Խե՞նթ է, որ ետ դառնայ։

Կը զգաս դժբախտաբար, թէ յաճախորդդ ուրիշ վաճառականի մը հետ համաձայնած է աւելի գոհացուցիչ պայմաններով։ Քիչ մը գրագրիդ դէմ կը բարկանաս եւ յետոյ կը սկսիս հայհոյութիւններով փաթտել Ենովք աղայի գլուխը։

Դառնանք այժմ ուրիշ տեսարանի մը։