Բանաստեղծին ձայնը.

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
ԻՄ ՄԱՐՄԻՆԻՍ ՄԷՋ…
       Ի՛մ մարմինիս մէջ, ինչպէ՛ս մէջն իմ մըտքիս ու հոգւոյս,
Կան դեռ կեանքի գանձով լի՛ քարանձաւներ մըթասոյզ,
Որոնց խորքէ՛ն, մերթ կանչեր՝ զերդ հըրթիռներ կուտան խոյս…
       Օ՜հ այս ձայներն ինձմէ զատ չեն կանչեր ո՛չ մէկ էակ,
Օ՜հ այս ձայներն ո՛չ ոքի չեն լսելի՜, արեգա՛կ,
Ու ոչ մէկ ձայն չկրնար տալ պատասխան մը յստակ…
       Ե՛ս եմ ազատ մէջն անձի՛ս ու աշխարհի՛ն ու մարդո՛ց,
Այս կարելի զօրութեանց գաղտնիքներով լուսաբոց,
Որոնք զիս մի՛շտ անծանօթ ըրին ինծի՛ եւ այլոց…
       Այն, որ կրնար ինձ օգնել իմ ճիգիս մէջ գերագոյն,
Ինկած է մէջն ի՛ր քունին հեղեղներո՛ւն մահագոյն,
Արմատախի՛լ ու ծաղկած ծառի մարմնոյ մը հանգոյն…
       Պիտի մեկնի՞մ, Աստուած իմ, հանգըրւանէն բնութեան,
Առանց երբե՛ք ըլլալու ճշմարտութեանս ովսաննան,
Ու իմ ներքին ուսերուս բարձած ցաւին այս շղթան…
       Ա՜հ, ես անո՛վ եմ միայն ապագայիս մէջ ամբո՛ղջ…։
       1937