Բանաստեղծին ձայնը.

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
ՆԱՄԱԿՆԵՐ
       Նամակներու այս շարքը ճիգ մըն է հայ քահանային, հայ երիտասարդին, հայ գրագէտին, հայ ուսուցիչին եւ հա՛յ կուսակցականին անձին խղճմտանքն ու գիտակցութիւնը արթնցնելու, զանոնք լուսաւորելու եւ բեղմնաւորելու եւ հայ քահանան, հայ երիտասարդը, հայ կուսակցականը, հայ գրագէտն ու հայ ուսուցիչը հրաւիրելու իրենց խղճմտանքին ու գիտակցութեան առջեւն ու մէջը ու առջեւն ու մէջը Հայ ժողովուրդին ներկայ իրականութեան եւ Հայ ժողովուրդին բնութեան։ Ու մատնանիշ ընելու բոլոր այն յարաբերութիւնները որոնք գոյութիւն ունին այս խղճմտանքներուն եւ գիտակցութիւններուն , Հայ ժողովուրդին բնութեան եւ Հայ ժողովուրդին ներկայ իրականութեան միջեւ եւ հաստատելու այն նմանութիւնը, աւելի՛ն , ինքնութիւնը այն նմանութեան, որ կա՛յ այս բոլորին մէջ։ Ու յետոյ այս ինքնութեան մէջ զանոնք կանչելու մասնակցութեան, գիտակցութեան, ներկայութեան, մտածումի եւ գործի։
       Պատրանքնե՞ր են այս բոլորը եւ այս պատրանքնե՞րն են, որ կը սնուցանեն զիս ու կը սնուցանեմ ես զանոնք։ Ո՛չ անշուշտ։ Ու ասիկա՝ որովհետեւ ես գիտեմ, թէ ժամանակ ըսուած բան մը կայ ու ի՛նչ է այդ բանը։ Ու ժամանակին պատճառովն իսկ անկարելի է այս բոլորը իրականացնել անմիջապէս։ Որովհետեւ ես գիտեմ, թէ ճիգ մը ինքն իր մէջ չունի ոեւէ արժէք ու ճիգին արժէքը ճիգին կրկնութեան մէջն է միայն ու ես պիտի չդադրիմ իմ ճիգս կրկնելէ։ Որովհետեւ ես գիտեմ, թէ իմ յոյսս ես դրած եմ հայուն եւ մարդուն վրայ ու ես կը հաւատամ հայո՛ւն եւ մարդուն։ Որովհետեւ ես գիտեմ, թէ իմ հաստատումներս չե՛ն անցնիր սահմանները իմ մտածումիս ու իմ մտածումս չանցնիր սահմանը ա՛յն անձին, որ ես եմ ես իմ մէջս, Հայ ժողովուրդին ներկայ իրականութեան մէջ եւ մէջը՝ մարդկութեան։ Ու վերջապէս, որովհետեւ ինչ որ ես կը սպասեմ ուրիշներէ, նախ ինքզինքէս կը պահանջեմ զայն։ Ու մարդկային էակը, որ ինքզինքէն կը պահանջէ տեւականօրէն ինքզինքը, մարդ մըն է, որ գիտէ թէ, իր փրկութիւնը իր կամքին ու իր յոյսին մէջն է։ Այսինքն՝ մարդ մըն է, որուն համար ամէ՛ն բանէ առաջ ու ամէ՛ն բանէ վեր , իրական է արարքը իր մտածումին։ Մեր ժողովուրդին փրկութիւնը մեր ժողովուրդին մտածումին արարքին մէջն իսկ է։ Ու ասիկա՝ որովհետեւ, մտածման արարքէն զատ, ամէ՛ն արարք պատրանք է միայն ու մտածման իւրաքանչիւր արարքը կամքին իրականացումն է ու նոր յոյսի մը մարդեղացումը։ Իմ մտածումիս արարքէն զատ` ո՛չ մէկ խոստումի չեմ հաւատար։ Ու ո՛չ ոքի, իմ մտածումիս արարքէն զատ, ուրիշ ո՛չ մէկ խոստում չեմ տար։
       ՆԱՄԱԿ ՀԱՅ ՔԱՀԱՆԱՅԻՆ
       Երբ կը մտածեմ ձեր մասին, Տէր Հայր, երբ կը մտածեմ մեր ժողովուրդին պատմութեան մասին, մեր պատմութեան մէջ մեր եկեղեցիին կատարած գործին մասին, մեր ժողովուրդին ներկայ իրականութեան մասին ու այս իրականութեան մէջ , մեր եկեղեցիին ընելիք գործին մասին (որ իր պարտականութիւնն է ) կը տեսնեմ, կը մտածեմ ու կը հաւատամ, որ հայ կուսակցականէն աւելի, հայ գրագէտէն աւելի ու աւելի՛ նոյն իսկ հայ ուսուցիչէն, հայ քահանա՛ն է, որ իր պաշտօնին մէջ ունի՛ նուիրական պարտականութիւն մը Հայ ժողովուրդին հանդէպ։ Ու այս հաստատումը ինծի կուտայ գիտակցութիւնը ձեր պաշտօնին ու կը փափաքէի, որ անիկա տա՛ր նաեւ նոյն գիտակցութիւնը ձեզի։ Ու ձեր պաշտօնը, Տէր Հայր , կոչումով եւ հաւատքով, այսինքն՝ ազատօրէն եւ բնականօրէն ընտրուած պաշտօն մըն է։ Ու այս պատճառներով իսկ, անիկա պաշտօն մը ըլլալէ աւելի բան մըն է։
       Մեր ժողովուրդը, բոլոր ժողովուրդներուն նման, իր եկեղեցին ձեւակերպած է իր բնութեան սեփական կարելիութիւններուն եւ անհրաժեշտութիւններուն մէջը։ Ու մեր եկեղեցիին մէջ միայն անիկա կրցած է ինքզինքը ըլլալ, այսինքն՝ տեղ մը գրաւել միջոցին ու ժամանակին մէջ։ Ու մեր եկեղեցին, մեր ժողովուրդին նման, յատկանշանականօրէն ինքնուրոյն է։ Ու, անհրաժե՛շտօրէն, մեր եկեղեցիին պաշտօնները ինքնուրոյն են։ Ու դարձեալ անհրաժեշտօրէն, բոլո՛ր անոնք, որոնք կանչուած են այս ինքնուրոյն պաշտօններուն, ինքնուրոյն պաշտօնեաներ են։ Պէ՛տք է, որ ըլլան։ Ու կարելի է ըլլալ ասիկա` պաշտօնեայ մը ըլլալէն աւելի բա՛ն մը ըլլալով միայն։ Այսինքն՝ մեր եկեղեցիին բնութիւնը` իր ամբողջութեանը մէջ իրականացնելո՛վ միայն։ Այսինքն՝ հաւատարիմ մնալո՛վ այն երդումին, որ իւրաքանչիւր հայ քահանայ կնքած է իր օծումի պահուն` ընդունելով հայ եկեղեցին իր ամբողջութեանը մէջ։ Ու իւրաքանչի՛ւր հայ քահանայի վախճանը, ինչպէս սկիզբը, յաւիտենականօրէն իր երդումին մէջն է։
       Տէր Հայր, ներող եղէք, որ այս բոլորը կը յիշեցնեմ ձեզի։ Ու կը յիշեցնեմ մանաւանդ. մեր եկեղեցին սահմանադրական եկեղեցի մըն է։ Ձեր օծման պահուն հայ եկեղեցիին մէջ եթէ մէկ հատիկ հայ մը մերժեր զձեզ, գիտէք, թէ հայ եկեղեցին ալ ձեզ կը մերժէր։ Ուրեմն, Հայ ժողովուրդը ձեզ արժանի համարած է Հայ եկեղեցիին , ուստի՛ եւ` իրեն։ Տէր Հայր, մեր ժողովուրդին նման, դուք ալ ձեր խղճմտանքին մէջ, Հայ եկեղեցիին ու Աստուծոյ առջեւ, դուք ձեզ արժանի կը գտնէ՞ք Աստուծոյ, Հայ ժողովուրդին եւ Հա՛յ եկեղեցիին։ Ձեր բերնին տուած պատասխանը երբեք չկրնար ըլլալ պատասխանը այս հարցումին։ Այս հարցումին պատասխանը, Տէր Հայր, ձեր վարքին մէջն է։
       ՆԱՄԱԿ ՀԱՅ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴԻՆ
       Կը կարդաս այս էջերը ու ես կը տեսնեմ այն քմծիծաղը, որ կը ծագի դառնայորդ շրթներուդ մէջ ու կը տարածուի դէմքիդ վրայ, պղտո՛ր ու իր պղտորութեամբն իսկ ծանր լոյսի մը նման։ Ու կը բռնե՛մ զքեզ, ամբողջովին ո՛ղջ ու վայրի թռչունի մը պէս, քու քմծիծաղիդ մէջ։ Անմիջապէս ըսեմ քեզի. Ես այս քմծիծաղը չե՛մ տեսած ո՛չ մէկ ուրիշ դէմքի վրայ ու անոր բնութիւնն ու ներկայութիւնը քու դէմքիդ վրան, զիս կը վստահեցնեն, որ դուն հայ ես ինծի նման ու նման ուրիշ բազմաթիւ հայ երիտասարդներու։ Ու քու հայ ըլլալդ բաւական է ինծի, ու կը փափաքիմ, որ անիկա բաւական ըլլայ նաեւ քեզի համար։ Մեր ամբո՛ղջ տարբերութիւնը հոս է. Քու հայութիւնդ ու քու հայ ըլլալդ երբե՛ք բաւական չեն քեզի համար։ Եւ որովհետեւ անոնք անբաւական են, կը մերժես ու կը ժխտես զանոնք դուն քու մէջդ ու քեզի՛ համար, առանց կարենալ զանոնք մերժելու եւ ժխտելու օտարներուն ալ առջեւ, ինչ որ երբեմն կը տենչա՛ս ջերմապէս։ Ու քու այս տենչանքէդ դուն կ’ամչնաս, կը վախնաս ու կը տառապիս. իմ ամբո՛ղջ յոյսս քու զգացած ամօթի՛դ, վախի՛դ ու տառապանքիդ մէջն է։ Ու ասիկա՝ որովհետեւ քու այս զգացումներդ աւելի՛ իրական են, քան քու տենչանքդ ու առանց քու տենչանքիդ անոնք քու մէջդ պիտի չի յայտնաբերուին։ Քու տենչանքդ կը հաստատէ անոնց գոյութիւնը քու մէջդ ու կուտա՛յ անոնց կենդանութի՛ւն, իրականութիւն եւ արժէք։ Ու այս արժէքը, սեփական արժէքն է քու անձիդ։
       Մի՛ կարծեր, որ հոն, ուր հասած եմ ես ներկայիս, հասած եմ առանց որոնումներու, առանց խղճմտանքի խորո՛ւնկ բզկտումներու ու առանց բնազանցական տագնապներու։ Մի՛ կարծեր նաեւ, թէ իմ տեղս հանգստաւէտ տեղ մըն է, ու դուն կ’ատես հանգիստը, որովհետեւ ամէ՛ն ներքին հանգստութիւն մահուան տանող ճամբայ մը կը նկատես։ Հանգստութեան որոնումը փախուստին մէջ իսկ է, ու ամէ՛ն մերժում փախուստ մըն է։ Ճշմարտութեան սկիզբը աշխարհն ու ինքզինքը ընդունելն է նախ։ Ու ասիկա՝ որովհետեւ իրապաշտութիւնը աշխարհին ու մարդկային էակին մէջն է, ու առանց իրապաշտութեան ճշմարտութիւն գոյութիւն չունի։
       Դո՛ւն կը չորնաս դուն քու մէջդ, որովհետեւ դուն կարօտը կը քաշես ա՛յն բանին, որ չունիս ու այս պատճառով իսկ կ’անտեսես այն բանը, որ ունիս։ Ու դուն չես գտներ ու կարօտը կը քաշես ա՛յն բանին, որ կ’ուզես ունենալ, որովհետեւ դուն չես գիտեր, թէ քու փնտռածդ, քու չունեցածդ, քո՛ւ անտեսածիդ մէջն է։ Այսինքն՝ քու ունեցածիդ մէջն է։ Այսինքն՝ քու մէջդ է։ Սիրէ՛ դուն զքեզ ու հաւատարիմ եղիր քու սիրոյդ մէջ։ Առանց հաւատարմութեան սէր չկայ ու առանց սիրոյ՝ ոչի՛նչ չկայ։ Ու ասիկա՝ որովհետեւ առանց սիրոյ Աստուած չկայ։
       ՆԱՄԱԿ ՀԱՅ ԿՈՒՍԱԿՑԱԿԱՆԻՆ
       Ամէ՛ն բանէ առաջ, հայրենակի՛ց, կ’ուզեմ, որ գիտնաս. ես երբե՛ք չեմ պատկանած ոեւէ կուսակցութեան ու ներկայիս ալ կուսակցական չեմ։ Հակառակ, որ բազմաթիւ անգամներ ունեցած եմ փափաքը կուսակցութեան մը մէջ մտնելու, բայց ես մի՛շտ վախցած եմ` պատասխանատուութիւն մը ստանձնելով, ինքզինքիս դաւաճանելու։ Կրնաս հարցնել. ո՞ր կուսակցութեան մէջ մտնելու փափաքը ունեցած ես։ Կը տեսնեմ քու հարցումիդ դրդապատճառը ու քեզ՝ քու հարցումիդ մէջ։ Ու առանց ամօթի ու առանց երկիւղի ես կը պատասխանեմ. Ոեւէ մէկ կուսակցութեան մէջ։ Ու ասիկա՝ որովհետեւ բայց ներէ, որ իմ այս առաջին նամակիս մէջ չըսեմ քեզի շարունակութիւնը իմ նախադասութեանս։ Ուրի՛շ անգամ։ Այսօր տարբեր ըսելիքներ ունիմ քեզի։
       Ու կ’ուզեմ, որ գիտնաս նաեւ. քու կուսակցական մը ըլլալդ, իմ մտքիս ու սրտիս մէջ, ոեւէ չափով եւ ոեւէ՛ կերպով զքեզ չի նուաստացներ ու քեզ չի պակսեցներ քեզմէ։ Ընդհակառակը։ Ես միշտ հիացումով նայած եմ քեզի ու խոստովանի՛մ, մի՛շտ ազնիւ նախանձ մը ունեցած եմ , ի տես այն ներքի՛ն խոյանքին, որ քեզ տարած ու նետած է կուսակցութեան մը գիրկը։ Ու ի տե՛ս քեզի, ես խո՛րապէս զգացած եմ իմ տկարութիւնս ու տկարութեան այս զգացումը, ինծի ցոյց տուած է իմ կոչումս։ Ու կը հաւատամ, որ մեր կոչումները նոյնը չեն։ Բայց կը հաւատա՛մ նաեւ. մեր կոչումներուն այս տարբերութիւնը մեզ չի քանդեր իրարու մէջ եւ իրարու համար։ Անիկա կը լրացնէ՛ մեզ իրարու մէջ եւ իրարով։ Ու ասիկա՝ որովհետեւ դուն ալ ինծի նման հայ ես ու ես ալ հայ եմ քեզի նման։ Ու նաեւ՝ մարդկային էակներ ենք մենք։ Մարդ մը մարդ ըլլալէ աւելի ի՞նչ կրնայ ըլլալ։
       Բոլո՛ր կուսակցականներուն մէջ, անխտի՛ր կերպով, ես գտած եմ հետեւեալ իրականութիւնը, որ ինծի տուած է մի՛շտ խոհեմութիւն եւ մի՛շտ անձկութիւն։ Կուսակցականներուն համար իրենց կուսակցութիւնն ու իրենց կուսակցական ըլլալը վախճաններ են միշտ։ Այսինքն՝ այն հայը, որ կուսակցական եղած է անգամ մը, այլեւս յաւիտեանս յաւիտենից փրկուած կը նկատէ ինքզինքը։ Աւելի՛ն։ Իր կարծեցեալ փրկութեան մէջ իրեն հետ անիկա փրկուած կը նկատէ ամբո՛ղջ Հայ ժողովուրդը։ Ու իր կուսակցութիւնը իրե՛ն համար ամբո՛ղջ Հայ ժողովուրդն է։ Ուստի Հայ ժողովուրդին փրկութիւնը միա՛յն իր կուսակցութեան մէջն է։ Ըստ իս, այս մտայնութիւնը կը սպաննէ կուսակցութիւնն իսկ ու եթէ կա՛ն կուսակցութիւններ մեր մէջ, որոնք ունին այս մտայնութիւնը , պէտք է անվարանօրէն ըսել. անոնք մեռած կուսակցութիւններ են։ Մտածա՞ծ ես, հայրենակի՛ց, որ կուսակցութիւնը (ոեւէ կուսակցութիւն մը ) պարզապէս միջոց մըն է փրկութեան համար, այսինքն՝ ինքզինքը իրականացնելու համար եւ ո՛չ թէ՝ վերջ մը։ Ու ասիկա՝ որովհետեւ պէտք է ամէն վայրկեան ու ամէ՛ն տեղ փրկել ինքզինքը։ Եթէ չես մտածած մինչեւ հիմա, կը խնդրե՛մ, հայրենակի՛ց, մտածէ ու գրէ ինծի այս մասին։ Այսինքն՝ քո՛ւ մասիդ։ Ինծի համար կարեւորը դո՛ւն ես ու դո՛ւն միայն։
       ՆԱՄԱԿ ՀԱՅ ՈՒՍՈՒՑԻՉԻՆ
       Մեր ժողովուրդին պատմութեան վերջին շրջանին մէջ հայ ուսուցչութիւնը ու իր կատարած գործը համբուրելի արժէքներ են։ Մինչեւ 1915 հայ ուսուցչութիւնը Հայաստանի բոլոր գաւառներուն մէջ կեդրոնն էր զօրութեան մը, ու այս մտաւորակա՛ն, բարոյակա՛ն ու ոգեկան զօրութիւնը, մեր ժողովուրդին մէջ գործունէութեան դնողը, անոր նշանակութիւն եւ տարողութիւն տուողն էր անիկա։ Ու այս պատճառաւ իսկ, Հայ ժողովուրդին մէջ հայ ուսուցչութիւնը կենդանի՛ իրականութիւն մըն էր, եւ այս կենդանի՛ իրականութիւնը կը կրէ՛ր ի՛ր մէջ կոչում մը, ուստի՛, նպատակ մը կը հետապնդէր։ Ու այս նպատակը, աւելի՛ն, հայ ուսուցչութեան այս կոչումը հայ ուսուցիչներու մէջ Հայ ժողովուրդին անհրաժեշտութի՛ւնն իսկ ստեղծած էր։ Ու ասիկա՝ որովհետեւ հայ ուսուցիչը Հայ ժողովուրդէն չէ՛ր բաժնուած, ինչպէս է՛ ներկայիս ու չէ՛ր ուրացած Հայ ժողովուրդը։
       Ներկայի՛ս Հայ ժողովուրդ մը կայ, ինչպէս Հայ ժողովուրդ մը կար անցեալին մէջ։ Ու Հայ ժողովուրդը գործունէութեան մղող գաղափարները, իրենց խորքին մէջ մի՛շտ նոյնն են։ Ուրեմն՝ Հայ ժողովուրդը նոյն ժողովուրդն է։ Ու, անշո՛ւշտ, Հայ ժողովուրդը նոյնն ըլլալով հանդերձ, անիկա ներկայիս կը գտնուի տարբեր իրականութեան մը մէջ, ու այս իրականութիւնը ունի՛ իր սեփական անհրաժեշտութիւնները, որոնք Հայ ժողովուրդին անհրաժեշտութիւններն են եւ որոնք, սակա՛յն, գոյութիւն իսկ չունէին ժամանակին։ Ուրեմն՝ Հայ ժողովուրդին այս նո՛ր ու ներկայ անհրաժեշտութիւնները աւելցած են Հայ ժողովուրդին վրայ։ Ու այս անհրաժեշտութիւններուն հետեւանքով հա՛յ ուսուցիչին, ինչպէս հա՛յ քահանային, հայ կուսակցականի՛ն, հայ գրողի՛ն ու հա՛յ անհատին պարտականութիւններն ու պատասխանատուութիւններն ալ աւելցած են։
       Այս երկու հիմնական հաստատումները ընելէ վերջ, երբ կը նայիմ քեզի՛, հայ ուսուցիչ, ես քեզ չե՛մ գտներ Հայ ժողովուրդին վարժարաններուն մէջ։ Ու այս բացակայութեան պատճառը, թերեւս, հետեւեալն է. անոնք, որոնք քեզ կանչած են վարժարանին մէջ, քեզ իբրեւ պաշտօնեայ մը միայն կը նկատեն։ Կամ՝ դուն զքեզ միայն պաշտօնեայ մը կը նկատես։ Ա՛րդ, ինչպէս հայ քահանան, նոյնպէս դո՛ւն, հա՛յ ուսուցիչ, պաշտօնեայ մը ըլլալէ աւելի բան մըն ես։ Պէ՛տք է ըլլաս։ Ու ասիկա՝ որովհետեւ դուն հա՛յ ես եւ որովհետեւ քու կոչումիդ խոյանքովն է, որ դուն ազատօրէն ընտրած ես քու ասպարէզդ։ Բայց ո՞րն է այն կոչումը, որ դուն կը զգաս քու մէջդ։ Բայց ո՞րն է այն նպատակը, որ կը հետապնդես դուն Հայ ժողովուրդին վարժարանին մէջ։ Ըսել կ’ուզեմ. ո՞րն է այն յարաբերութիւնը, որ կայ քո՛ւ եւ Հայ ժողովուրդին ներկայ իրականութեան միջեւ։ Այսինքն՝ ո՞րն է քու արժէքդ։ Ո՞րն է Հայ ժողովուրդին այն արժէքը, որ դուն գործունէութեան մէջ կը դնես Հայ ժողովուրդին ներկայ իրականութեան մէջ` այս իրականութիւնը ոտքի բռնող հայ պատանիներէն ներս լոյսի կենդանի՛ ակե՛ր բանալով։
       Հա՛յ ուսուցիչ, ուսուցիչները չե՛ն, որ ոտքի կը բռնեն վարժարանները , ինչպէս քահանաները չե՛ն, որ եկեղեցին կը բռնեն ոտքի։ Բայց ինչպէս քահանաները եկեղեցին, նոյնպէս ուսուցիչները վարժարանները կը քանդեն։ Ու ա՛յնքան ատեն, որ Հայ ժողովուրդը իր ներկա՛յ անհրաժեշտութեան համար անհրաժեշտ եղող ուսուցչութիւնը չունենայ, պարապին մէջ դարձող ջրաղացներու նման, զո՛ւր են Հայ ժողովուրդին վարժարանները։ Ու դո՛ւն, հայ ուսուցիչ, դո՛ւն ես, որ կրնաս եւ պարտաւոր ես ստեղծելու անհրաժեշտ հայ ուսուցչութիւնը։ Ու այս ստեղծագործութեան համար անհրաժե՛շտ է, որ բարոյական արարքով մը, դուն վերադառնա՛ս Հայ ժողովուրդին եւ ընդունիս զայն իր ներկայ իրականութեան մէջ այնպէ՛ս, ինչպէս որ է անիկա։ Այսինքն` մասնակցի՛ս Հա՛յ ժողովուրդին կեանքին, ինչպէս կը մասնակցէին ժամանակին անո՛նք, որոնք այս օր արհամարհանքով եւ հեգնանքով «վարժապետ » կը կոչես դուն ու քեզի նման՝ բազմաթիւ ուրիշ հա՛յ մտաւորականներ։ Ու այս «վարժապետները», որոնք թերեւս քեզմէ աւելի տգէտ էին, բայց իրենց տգիտութեան մէջն իսկ, էին քեզմէ՛ աւելի արժէքաւոր։ Ու կարեւորը, ամէ՛ն տեղ ու ամէ՛ն ժամանակ արժէքն է։
       ՆԱՄԱԿ ՀԱՅ ԳՐԱԳԷՏԻՆ
       Կ’ընդունի՛մ քու վիճակիդ ողբերգական հանգամանքը ու կը խնդրեմ քեզմէ, որ դուն ալ ինծի հետ ընդունիս հետեւեալ հաստատումը. քու ողբերգական վիճակիդ պատճառը մեր ժողովուրդը չէ, ա՛յլ այս պատճառը դուն իսկ ես։ Այսինքն մեր ժողովուրդին մէջ քու բռնած դիրքդ է ու այս դիրքը ուրացում մըն է։ Արդարեւ։ Ո՞վ ես դուն մեր ժողովուրդին ներկայ իրականութեան մէջ։ Ի՞նչ կ’ընես դուն։ Ո՞րն է այն յարաբերութիւնը, որ կայ քո՛ւ եւ մեր ժողովուրդին միջեւ։ Աւելի՛ն։ Ո՞րն է այն անհրաժեշտութիւնը, որ դո՛ւն կը ներկայացնես մեր ժողովուրդին համար։ Ու ի՞նչ իրաւունքով, տեւականօրէն դուն զքեզ կը պահանջես մեր ժողովուրդէն` առանց դուն զքեզ մեր ժողովուրդին տալու։ Բացայայտ է։— Դուն կը մերժես դուն զքեզ մեր ժողովուրդին, ինչպէս կը մերժես դուն մեր ժողովուրդը քու մէջդ ու ինքն իր մէջ։
       Հակասութիւնները մեր ներկայ իրականութեան մէջ ամէն տեղ ներկայ են, գիտե՛մ։ Բայց այս հակասութիւնները, ո՛չ մէկ գործի եւ ո՛չ մէկ անհատի մէջ այնքան անպատուաբեր չեն, որքան քու գործիդ եւ քու մէջդ, հայ գրագէտ։ Ու բազմաթիւ են պատճառները այս անպատուութեան, որ քու սեփական անպատուութիւնդ է։ Ես կը յիշեմ հիմա, անոնցմէ մէկը միայն, որ, անշուշտ, գլխաւորն է եւ որ կը պարփակէ իր մէջ բոլո՛ր միւսները։ Ահաւասիկ։ Դուն գրագէտ մըն ես կամ՝ տեւականօրէն կը տենչաս գրագէտ մը ըլլալ միայն մեր ժողովուրդին մէջ ու քու այս տենչանքդ իսկ, կը դատապարտէ զքեզ մեր ժողովուրդին ներկայ իրականութեան մէջ։ Ու ամէ՛ն գրագէտի մէջ կա՛յ արուեստագէտը ու ամէ՛ն արուեստագէտի մէջ՝ ազատութիւնը։ Ու ազատութեան մէջ մարդկային էակը է ա՛յն, ինչ որ է ի՛րապէս։ Ու դուն հակասութիւններու անտառ մըն ես։ Ու քու գործիդ հակասութիւնները քու անձիդ հակասութիւններն իսկ են։ Ու ես կը սիրեմ յուսալ, որ քու հակասութիւններդ կը բխին քու տգիտութենէդ, քու անգիտակցութենէդ եւ քու յուսահատութենէդ եւ ոչ թէ՝ քու վատութենէդ եւ քու այլասերումէդ։ Ու այս յոյսն է, որ զիս կը մղէ գրելու քեզի այս նամակը, որուն բառերը կ’ուզէի, որ ըլլային պա՛րզ, մէկի՛ն ու խաղաղ։
       Հայ գրագէտ, ամէ՛ն անգամ, որ ես կը մտածեմ իմ մասիս, կը մտածեմ նաեւ քու մասիդ։ Ու ասիկա՝ որովհետեւ մեր միջեւ կա՛յ եղբայրակցութիւն մը, որ կը կառուցանէ մեր ինքնութիւնը, այսինքն՝ ինքնութիւնը ա՛յն սերունդին, որուն մասերն ենք մենք, ինչպէս այս սերունդը մէկ մասն է մե՛ր ժողովուրդին։ Ու այս եղբայրակցութիւնը իմ մէջս կ’արթնցնէ Քօրնէյլի սա՛ տողին ամբո՛ղջ տարողութիւնը ու իրաւունք կուտայ ինծի գրեթէ ամէ՛ն օր պոռալու զայն՝ նայելով քեզի, կանչելո՛վ քեզ ինծի հետ։ Թերեւս գիտես. Քօրնէյլ զայն դրած է հա՛յ իշխանի մը բերնին մէջ ու հայ իշխանը կը պոռայ զայն ուրիշ հայ իշխանի մը՝ մտածելո՛վ ի՛ր, իր ընկերոջ եւ Աստուծոյ Որդւոյն մասին, մինչ ես կ’արտասանեմ զայն` մտածելով քո՛ւ մասիդ, մտածելով ի՛մ մասիս ու մտածելով մեր ժողովուրդին մասին։
       Allons mourir pour lui, comme il est mort pour nous!
       Ու ինծի համար անկարելի է չմտածել հոս Աստուծոյ Որդւոյն մէկ պատգամին մասին` եթէ սերմը չմեռնի…
       Ու, անշո՛ւշտ, հա՛յ գրագէտ, գրականութեամբ չէ, որ կրնաս դուն մտնել եւ կենա՛լ (մեռնի՛լ եւ ծնիլ եւ զարգանալ) Հայ ժողովուրդին ներկայ իրականութեան մէջ, ինչպէս այս հրատարակութեան ընթերցողները ինձմով չէ, որ կրնան մտնել ու կենալ Հայ ժողովուրդին ներկայ իրականութեան մէջ, այլ՝ իրենց անձնական ու ներքին տրամովը, որ իրենց գերագոյն ճշմարտութիւնն է։ Այսինքն՝ իրենց մասնակցութեամբը։ Այսինքն՝ մեր ժողովուրդին ներկայ իրականութեան մէջ իրենց բերած կենդանի վկայութեամբը։ Ու ես գիտե՛մ, հա՛յ գրագէտ, որ այս ճշմարտութի՛ւնը ամենէն աւելի մե՛ծ է քու մէջդ, որովհետեւ մե՛ծ է քու անձնական տրամդ։ Ու Հայ ժողովուրդին անհրաժեշտ եղողը քու մասնակցութիւնդ է, քու կենդանի՛ վկայութիւնդ է։ Ու քու ամբո՛ղջ արժէքդ Հայ ժողովուրդին ներկայ իրականութեան մէջ բերած քու մասնակցութիւնդ է։ Քու վկայութիւնդ է։