Բանաստեղծին ձայնը.

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
ՈՂՋ ԵՄ ՄԷՋՆ ԵՍ…
       Ո՛ղջ եմ մէջն ես գիշերի՛դ խաւարներուն ու մահւան,
Ո՛վ ժողովուրդ, որ ես դեռ, կուշտին վըրայ մարդկութեան,
Նիզակներով թունաւոր՝ բացւած վէրքի մը նըման…
       Ի լուր ո՞ր մեծ հըրեշին կանչին՝ ծուէն առ ծուէն,
Կը փախչիս մի՛շտ, իմ ներքի՛ն կարկառումիս առջեւէն,
Թըռիչքն, որուն դո՛ւն ես լոկ դըրած յիս իբր ապաւէն…
       Մինչ առանձի՛ն, մինչ խըռո՛վ ու մինչ քեզմով անձկագին,
Ես կը քալեմ լռութեան մէջէն ճամբուն ահագին,
Քու արիւնովդ ոռոգւած քու փրկութեան տեսիլքին,
       Հեռուներէ՛ն, մօտերէ՛ն նըման ծագող աստղերու,
Նո՛յն չափին մէջ տըրոփին եւ նո՛յն չափին սէրերու,
Կը զգամ քայլերն ես ուրի՛շ եղբայրակից սըրտերու…
Ու կը յորդի՛, կը յորդի՛ ինքն իր մէջ սի՛րտն իմ ամբո՛ղջ…։
       1938