Toggle navigation
Հայ մատենագրութեան թուանշային գրադարան
ՀԱՀ
Eng
Մուտք
Գրադարան
Թեմաներ
Բոլորը
Պատմագրութիւն
Փիլիսոփայութիւն
Աստուածաբանութիւն
Մանկավարժութիւն
Իրաւունքի յուշարձաններ
Բնական գիտութիւններ
Լեզուաբանութիւն
Ազգագրութիւն
Առողջապահութիւն
Աշխարհագրութիւն
Ուղեգրութիւններ եւ ուխտագնացութիւններ
Թղթեր, նամակներ, կոնդակներ
Գեղարուեստական գրականութիւն
Թարգմանական գրականութիւն
Հրապարակախօսութիւն
Օտարալեզու հայ հեղինակներ
Տնտեսութիւն
Հեղինակներ
Բոլոր հեղինակներ
Իմ նախագծերը
Իրադարձութիւններ
Մեր մասին
Կայքը
Անձնակազմ
Պատմութեան ժամանակագրութիւն
Բանաստեղծին ձայնը.
Հեղինակ
ՏԱՏՐԵԱՆ ԱՐՇԱՄ
Բաժին
Արեւմտահայ եւ սփիւռքի գրականութիւն
Թեմա
Դիտել
Աւելացնել իմ նախագծերում
Էջանշել տուեալ էջը
ՎԱՒԵՐԱԹՈՒՂԹԵՐ
ԺԱՄԱՆԱԿԱԿԻՑ
ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ
ՀԱՄԱՐ
ՀԱՅ
ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԻՆ
ԵՒ
ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ
ՀԱՄԱՐ
ՄԱՐԴԿՈՒԹԵԱՆ
Յաճախ
կը
մտածեմ
քու
մասիդ
,
ո՛վ
մարդ
,
որ
պիտի
ծնիս
ու
ապրիս
մեր
ժամանակէն
դարե՛ր
յետոյ
,
ու
իմ
ամբո՛ղջ
էութիւնս
կ’ողողուի
երջանկութեամբ
,
ի
տես
քու
մարդկային
գիտակցութեանդ։
Ու
դուն
պիտի
ամչնաս
ներկայ
մարդկութեան
համար
,
ինչպէս
ես
կ’ամչնամ
հի՛մա
քու
տեսիլքիդ
առջեւ
ինքզինքիս
համար
,
մեր
ժողովուրդին
համար
ու
մանաւանդ՝
ներկայ
մարդկութեան
համար։
Ու
քու
դատողութիւնդ
ծա՛նր
պիտի
ըլլայ
,
գիտեմ։
Բայց
որպէսզի
մեր
ժողովուրդին
վրայ
բերած
քու
դատողութիւնդ
աւելի
արդա՛ր
ըլլայ
ու
մեր
ժողովուրդին
պատճառաւ
քու
զգացած
ամօթդ՝
նուազ
կարծր
ու
նուազ
այրող
,
ես
քու
ուշադրութեանդ
կը
յանձնեմ
այս
էջերը։
Անոնց
մէջ
դուն
պիտի
գտնես
այն
արժէքները
,
որոնք
մեր
ժողովուրդին
ներկայ
իրականութեանն
են
եւ
որոնք
կ’անտեսուի՛ն
մեր
մտաւորականութեան
կողմէ։
Եթէ
մեր
գիրքերն
ու
մեր
թերթերը
տային՝
մեր
ժողովուրդին
ներկայ
իրականութեան
այս
արժէքները
,
ես
քաջութիւնը
պիտի
ունենայի
լռութեան
եւ
խաւարին
մէջ
մեռնելու։
Բայց
մեր
մտաւորականութիւնը
կը
մոռնայ
զանոնք։
Ու
ես
կ’ուզեմ
յիշեցնել
քեզի
.
ես
չե՛մ
մոռնար
զանոնք
ու
չեմ
մոռնա՛ր
մանաւանդ՝
ուրիշներու
մոռացումէն
զանոնք
փրկելու
անհրաժեշտութիւնը։
Հայ
ժողովուրդը
իր
ներքին
ու
արտաքին
վտանգներէն
փրկելու
յաւակնութիւնը
չէ՛
,
որ
կայ
մէջս
եւ
որ
կը
մղէ
զիս
մտածելու
եւ
գործելու
,
այլ՝
իմ
մէջս
կայ
կա՛մքը
փրկելու
իմ
անձիս
մարդկութիւնն
ու
իմ
հայ
անձ
մը
ըլլալու
հանգամանքս։
Ու
այս
փրկութիւնը՝
իմ
մէջս
ու
մէ՛ջը
մեր
ժողովուրդին
ու
մէջը
մարդկութեան
ու
տիեզերքին։
Աւելի՛ն։
Իմ
մէջս
կայ
կամքը
փրկելու
պատիւը
իմ
մարդկային
էութեանս
ու
իմ
հայ
անձ
մը
ըլլալուս
պատիւը։
Ապացո՛յց
.
ինծի
համար
կարեւորը
իմ
իրաւունք
ունենալս
է
եւ
ո՛չ
թէ՝
իմ
իրաւունքիս
ճանաչումն
եւ
հաւանութեան
արժանանալը
բոլորին
կողմէ։
Այսինքն`
ո՛չ
թէ
շա՛հը
իմ
իրաւունքիս։
Ու
ասիկա՝
ոչ
միայն
երբ
ես
կանգ
կ’առնեմ
իմ
անձիս
առջեւ
,
այլ
նաեւ՝
երբ
ես
կանգ
կ’առնեմ
առջեւը
մարդոց
ու
առջեւը
աշխարհին։
Ու
գիտցի՛ր
,
ո՛վ
մարդ
.
ո՛չ
մէկ
տեղ
եւ
ո՛չ
մէկ
ատեն
եւ
ո՛չ
ոքի
առջեւ
ես
երբե՛ք
չուրացայ
իմ
մարդ
մը
եւ
հայ
մը
ըլլալս
ու
ես
երբե՛ք
չամչցայ
իմ
հայ
մը
ըլլալուս
եւ
իմ
մարդ
մը
ըլլալուս
համար։
Ու
ասիկա՝
որովհետեւ
ես
իմ
մէջս
,
այսինքն՝
Հայ
ժողովուրդին
ներկային
մէջն
իսկ
տեւականօրէն
ես
գտա՛յ
արժէքներ
ու
այս
ներկա՛յ
արժէքներուն
միջոցաւն
է
,
որ
ես
կրցի
բռնել
եւ
ըմբռնել
Հա՛յ
ժողովուրդին
անցեալին
արժէքները։
***
Ամէ՛ն
հայու
ծանօթ
է
Ֆրանսահա՛յ
երիտասարդութեան
պարտադրուած
զինուորական
ծառայութիւնը։
Ու
,
անշուշտ
,
հեռու
չէ
այն
օրը
,
ուր
զինուորական
ծառայութիւնը
պիտի
պարտադրուի
հա՛յ
երիտասարդութեան՝
ուրիշ
գաղութներու
մէջ
ալ։
Ու
այս
նոր
իրականութեան
մասին
,
մեր
օրաթերթերը
հրատարակեցին
խմբագրականներ
,
ինչպէս
իրենց
բարի
սովորութիւնն
է։
Սակա՛յն
,
ո՛չ
մէկ
խմբագրականի
մէջ
ես
չհանդիպեցայ
դիտողութեան
մը
,
որ
մատնանիշ
ըներ
,
այս
նո՛ր
իրականութեա՛ն
իսկ
պատճառաւ
,
Հա՛յ
ժողովուրդին
բնութեան
ցուցայայտած
արժէքները։
Ընդհակառակը։
Ինչ
որ
գրուեցաւ
մեր
թերթերուն
մէջ
,
անպատուաբեր
էր
մեզի
համար։
Ու
ասիկա՝
որովհետեւ
անիկա
չէր
արտայայտութիւնը
այս
նո՛ր
իրականութեան
դէմ
մեր
ժողովուրդին
բռնած
ճշմարիտ
դիրքին։
Նոյն
իսկ
հայ
խմբագիր
մը
համարձակեցաւ
գրելու
,
թէ
հայ
երիտասարդութիւնը
կը
խուսափի
ու
կը
վախնայ
զինուորութիւն
ընելէ
,
որովհետեւ
«վարժուած
չէ՛
տիսիպլինի»։
Ու
յետոյ՝
որովհետեւ
«ֆիզիքական
տոկունութիւն»
չունի։
Ես
հիմնովին
սխալ
կը
գտնեմ
այս
երկու
դիտողութիւններն
ալ
.
մանաւանդ՝
երկրորդը։
Ու
կ’ընդօրինակեմ
հետեւեալը
,
որ
գրած
է
Ֆրանսա
բնակող
հայ
երիտասարդ
մը
.
«Հաստատապէս
կ’ըսեմ
,
թէ
զինուորութիւնը
ո՛չ
մէկը
չէ
սարսափեցուցած
,
սակայն
,
բոլորը
կը
զայրացնէ
այն
պարագան
,
թէ
ի՞նչու
տասնեակ
մը
տարիներով
իբր
անպէտ
,
եկւոր
օտարներ՝
հազար
ու
մէկ
նեղութիւններով
,
գլուխ
ծռած
գերիներու
պէս՝
հալածուէինք
հոս
ու
հոն
,
քանի
որ
մեզի
Ֆրանսայի
պիտանի
են
նկատեր
ու
կ’ենթարկեն
այն
պարտադրութեան
,
որ
յատուկ
է
Ֆրանսացիին»
։
Ե՛ս
եմ
,
որ
կը
ստորագծեմ։
Յետոյ՝
կ’ընդօրինակեմ
նաեւ
հետեւեալը
նամակէ
մը
,
որ
գրած
է
ինծի
Ֆրանսա
բնակող
պարզ
եւ
գործաւոր
երիտասարդ
հայ
մը
.
«Եւ
սակայն
,
զինուորութեան
խնդիրը
,
որ
թէեւ
22
տարեկանէն
վեր
եղողներուն
առ
այժմ
ոեւէ
կարգադրութիւն
չկայ
,
եւ
սակայն
միտքս
կը
զբաղեցնէ
,
ինչպէս
շատերուն
(միտքը)։
Երբեմն
կը
խորհիմ
,
առաջի՛ն
առթիւ
երթալ
զինուորագրուիլ
,
երբեմն
ալ
կ’ըսեմ՝
մնամ
«հայմաթ
լոս»
(անհայրենիք
,
բախտախնդիր
.
բառը
գերմաներէն
է)։
Ամէ՛ն
պարագայի
տակ
,
քաղաքացի
ըլլալը
սիրտիս
շատ
չխօսիր
,
երբ
այդ
շնորհ
մըն
է
(faveur)
եւ
ոչ
թէ
իրաւունք
մը
,
ինչպէս
Ամերիկայի
մէջ։
Նոյն
իսկ
աւելի՛
գէշ
բան
մըն
է
ասիկա։
Կարծես
մուրացկանի
մը
տրուած
ողորմութեան
նման
ինծի
տրուած
ողորմութիւն
մըն
է։
Եւ
այս
պարագան
(իրականութիւնը
ըսել
կ’ուզէ
իմ
բարեկամս)
զիս
խորապէս
կը
վիրաւորէ
իմ
արժանապատուութեանս
մէջ
։
Խաբուելու
աստիճան
ալ
միամիտ
չեմ
,
որ
հաւատամ
,
թէ
նոյն
իսկ
այս
շնորհը
,
այս
ողորմութիւնը
,
միմիայն
իմ
բարիքիս
համար
է։
Անիկա
ցուցամոլիկ
քրիստոնիայի
մը
ըրած
բարիքին
նմանող
բան
մըն
է
,
որմէ
ամենէն
առաջ
ի՛նքը
կ’ուզէ
օգտուիլ։
(Բոլո՛ր
ստորագծումները
իմ
կողմէս
են)։
***
Կ’արտատպեմ
հետեւեալը
«Յուսաբեր»
օրաթերթէն
,
որ
ինքն
ալ
,
իր
կարգին
,
արտատպած
է
«Ազդակ»էն
ու
այս
վերջինը՝
Հալէպ
հրատարակուող
ֆրանսերէն
թերթէ
մը։
«Պոսթան
Փաշա»
հայկական
նոր
թաղին
մէջ
հաստատուած
կարգ
մը
հայ
գաղթականներու
դէմ
վերջերս
իրենց
բնակարաններէն
արտաքսման
վճիռ
տրուած
էր
Հալէպի
տեղական
դատարաններուն
կողմէ։
Ի՞նչու
.
պարզ
,
անոր
համար
,
որ
անոնք
,
ծայր
աստիճան
թշուառութեան
մատնուած
ըլլալով
,
չեն
կրցած
վճարել
փոխարժէքը
իրենց
գնած
հողերուն։
Անցեալ
շաբաթ
օր
Մէյտանի
պահակատունէն
ղրկուած
տասնեակ
մը
ոստիկաններ
կը
հասնին
հայկական
թաղը`
դատարանին
վճիռը
գործադրելու
համար։
Սակայն
անոնք
կը
բախին
բուռն
ընդդիմութեան
մը
,
երբ
կը
փորձեն
իրենց
բնակարաններէն
դուրս
նետել
խնդրոյ
առարկայ
հայ
թշուառ
գաղթականներուն
ընտանիքները։
Արդարեւ
,
այրերը
բացակայ
ըլլալով
տուներէն
,
կիները
պարտք
կը
համարեն
իրե՛նք
պաշտպանել
իրենց
բնակարանները
եւ
կը
փորձեն
արգիլել
անողորմ
վճիռին
գործադրութիւնը։
Ոստիկանները
կիներու
բողոքներուն
կը
պատասխանեն
նախ
կոպիտ
նախատինքներով
եւ
ապա
բիրտ
յարձակումներով
,
որոնց
իրենց
մասնակցութիւնը
կը
փութան
բերել
նաեւ
ոստիկաններուն
ընկերացող
կալուածատէրերն
ու
բեռնակիրները։
Կարծես
այսքանը
բաւական
չըլլար
,
շուտով
այս
վերջիններուն
օգնութեան
կը
հասնին
տասնեակ
մը
ոստիկաններ
եւս
,
որոնք
անլուր
հայհոյանքներով
կը
նախատեն
հայ
հէք
կիները
ու
իրենց
ձեռնափայտերով
կը
յարձակին
անոնց
վրայ։
Բայց
զոհերը
իրենց
յուսահատական
դիմադրութեան
մէջ
կը
յաջողին
խլել
յարձակողներէն
շատերուն
ձեռնափայտերը`
փախուստի
մատնելով
զանոնք։
Պահ
մը
վերջ
դէպքին
վայրը
կը
հասնին
25
ոստիկաններ
եւս`
Կեդր
.
քօմիսէրին
առաջնորդութեամբ
եւ
«կարգը
վերահաստատելու»
համար
իրենց
կարգին
կը
յարձակին
գրգռուած
բազմութեան
վրայ
ու
կը
սկսի
զարհուրելի
խոշտանգում
մը
,
որ
կը
տեւէ
ամբողջ
երեք
ժամ։
Տասնեակներով
հէք
կանայք
կը
ծեծուին
անօրինակ
վայրագութեամբ
մը
,
եւ
գործէն
նոր
վերադարձող
բազմաթիւ
ընտանիքի
հայրեր
կը
ձերբակալուին։
Հալէպահայոց
Առաջնորդի
միջամտութեան
շնորհիւ
,
սակայն
,
վերջ
կը
գտնէ
խոշտանգումը
,
երբ
Սրբազան
Հօր
պահանջով
կը
հեռանան
ոստիկանները
եւ
շուտով
կը
վերահաստատուի
հանդարտութիւնը։
Բազմաթիւ
կիներ
վիրաւորուած
են
եւ
շատեր
վիժում
ունեցած`
սաստիկ
վախէ
եւ
յուզումէ։
Հատոր առաջին
Յայտարարութիւն առաջին
Իմ մարմինիս մէջ…
Ողջ եմ մէջն ես…
Վերադարձ մը
Նամակներ
Վաւերաթուղթեր ժամանակակից պատմութեան համար
Վկայութիւներ
Ընթերցումներ
Հայերէն գրքեր. Րաֆֆի եւ իր գործը
Բառարաններ
ՆՀԲ
ՀԱԲ
ԳՀԲ
×
×
×
Մուտք գործէք
Չունե՞ք հաշիւ`
գրանցուէք
×
×
×