ԸՆԹԵՐՑՈՒՄՆԵՐ
Ի
սէր
յստակութեան,
ի
սէր
ճշգրտութեան
ու
ի
սէր
կարգապահութեան
ու
մանաւանդ՝
ցոյց
տալու
համար,
թէ
ես
ամէ՛ն
բանէ
առաջ,
պատասխանատուութիւն
մը
կը
ստանձնեմ,
կուտամ
այս
էջերուն
համար
հետեւեալ
բացատրողականը։
Ու
ասիկա,
անշուշտ,
իմ
կարելիիս
սահմաններուն
մէջ`
քանդելու
համար
այն
պղտորութիւնները,
այն
անճշգրտութիւններն
ու
այն
անիշխանականութիւնը
մտքի
ու
սրտի,
որոնք
մեր
մտաւորականութեան
յատկանիշերն
են
եւ
որոնք
ողողած
են
մեր
կեանքը։
Այս
էջերը
բաժնուած
են
երկու
մասերու։
Առաջին
մասին
մէջ
ամէ՛ն
տեսակ
հայերէն
գիրքերու
վրայ
է,
որ
պիտի
գրեմ`
մի՛շտ
հետամուտ
ըլլալով
գտնելո՛ւ
եւ
մատնանիշ
ընելու
անոնց
մէջ,
ինչ
որ
զանոնք
կը
բռնէ
ոտքի,
ինչ
որ
մեզի
համար
անհրաժե՛շտ
է
անոնց
մէջ
եւ
ինչ
որ
կրնար
անհրաժե՛շտ
ըլլալ
անոնց
մէջ,
մեզի՛
համար,
եւ
որ
բացակայ
է։
Ուրեմն,
այս
էջերուն
միջոցաւ
ես
պիտի՛
չպատմեմ
նիւթերը
գիրքերուն,
արուեստի
մտահոգութիւններ
պիտի
չունենամ
նկատի
եւ
ոչ
ալ՝
սկզբունքներ
է,
որ
պիտի
փորձեմ
սահմանել։
Այս
էջերուն
մէջ
քննադատութիւն
մը
չէ,
որ
ի
գործ
պիտի
դրուի
եւ
ոչ
ալ
միայն
տպաւորութիւններ
պիտի
արտայայտուին։
Այսինքն՝
ո՛չ
այն
գրախօսականները,
որոնք
կ’երեւան
մեր
թերթերուն
եւ
ամսագրերուն
մէջ
եւ
որոնք
զուրկ
են
ոեւէ՛
առաքինութենէ
եւ
ոեւէ՛
արդիւնագործութենէ։
Աւելի՛ն։
Ես
մասնաւորաբար
պիտի
արտայայտուիմ
ա՛յն
գիրքերուն
մասին,
որոնցմով
հեղինակները
ո՛չ
թէ
միայն
ճառ
մը
կը
խօսին
մեզի,
այլ
մեր
ներկայ
իրականութեան
մէջ
կը
բերե՛ն
իրենց
մասնակցութիւնը`
իբրեւ
կենդանի՛
վկայութիւն
մը։
Երկրորդ
բաժնին
մէջ
պիտի
գրեմ
օտար
գիրքերէն
անո՛նց
մասին
միայն,
որոնք
ոեւէ
ձեւով
օգտակարութիւն
մը
կրնան
բերել
մեր
ժողովուրդին
եւ
ոչ
թէ՝
իմ
բոլո՛ր
կարդացած
գիրքերուս
մասին։
Ու
այս
ընտրութիւնը
պիտի
չընեմ`
օտար
հեղինակներուն
մեր
ժողովուրդին
հանդէպ
նպաստաւոր
դիրք
մը
բռնած
ըլլալուն
համար
եւ
այս
դիրքին
մէջն
իսկ
գտնելով
անոնց
արժէքը,
ինչպէս
սովորութիւն
է
ընել
մեր
մէջ,
այլ՝
նկատի
առնելով
հետեւեալ
երկու
մտահոգութիւնները
միայն,
որոնք
այս
ընտրութեան
պատճառներն
են։
Առաջին.
Երբ
օտար
գիրքերու
յայտնաբերած
ճշմարտութիւնները,
առանց
մեր
ժողովուրդին
համար
ալ
ճշմարտութիւններ
ըլլալու,
կրնա՛ն
մեր
ժողովուրդը
սխալ
քայլերէ
հեռացնել`
իբրեւ
ազդարարութիւն
մը
ծառայելով
մեր
ժողովուրդին։
Երկրորդ.
Երբ
օտար
գիրքերու
յայտնաբերած
ճշմարտութիւնները,
կը
լուսաւորեն
եւ
կը
բեղմնաւորեն
մեր
ժողովուրդին
մարդկայնութիւնը
ու
հայ
անհատին
մէջ
կ’արթնցնեն
մարդը։
Այս
երկու
մտահոգութիւնները
միայն
ու
ասիկա՝
որովհետեւ
մնացեալը
զո՛ւրկ
է
կարեւորութենէ,
զո՛ւրկ
է
անհրաժեշտութենէ,
զո՛ւրկ
է
արժէքէ։
Ու
բոլո՛ր
այն
գործերը,
որոնք
զո՛ւրկ
են
կարեւորութենէ,
անհրաժեշտութենէ
եւ
արժէքէ,
բաժինն
են
անո՛նց,
որոնք
զուրկ
են
կարեւորութենէ,
անհրաժեշտութենէ
եւ
արժէքէ։