Բանաստեղծին ձայնը.

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
ՀԱՅԵՐԷՆ ԳՐՔԵՐ. ՐԱՖՖԻ ԵՒ ԻՐ ԳՈՐԾԸ
       Հետեւեալը ամփոփումն է այն յօդուածին, որ գրած եմ վերոյիշեալ գրքին մասին։ Ամփոփման պատճառ՝ հատորին ծաւալը։
       Րաֆֆին, ինքն իր մէջ, աւելի մեծ կարեւորութիւն եւ արժէք ունի, քան ա՛յն, որ մեզի կը տրուի այս գրքին մէջ։ Ու բոլո՛ր անոնք, որոնք փորձած են զայն ներկայացնել, աւելի՛ կ’արժեն, քան իրենց գրութիւնները։ Պէտք չէ գոհանալ այս հաստատումներով ու ապաստանիլ զայրոյթի, դառնութեան եւ արհամարհանքի մէջ` նայելով այս գրքին ու սիրոյ եւ վստահութեան մէջ՝ նայելով Րաֆֆիին։ Որովհետեւ այս գիրքը կը հաստատէ ա՛յն ախտը, որ հայ մտաւորականութեանն է եւ որ ազգային ու մարդկային արժէքներու ուրացումն է։ Ամէն ուրացում կը պարփակէ տգիտութիւն, անգիտակցութիւն, յուսահատութիւն կամ վատութիւն։
       Ամէ՛ն դատողութիւն, ամէ՛ն բան ըլլալէ առաջ, դատողին հասկացողութեան եւ արժէքին վրայ տարուած դատողութիւն մըն է։ Հո՛ս իւրաքանչիւր յօդուածագիր ինքզինքն է, որ կը դատէ։ Առանց սերունդի հարցի. միա՛յն մէկ երիտասարդ գրող իր մասնակցութիւնը բերած է գրքին։ Ուրեմն՝ այս գրքին պարունակութիւնը երէց սերունդին Րաֆֆիի վրայ բերած դատողութիւնն է ու Րաֆֆիի ընդմէջէն՝ ինքն իր վրայ բերած դատողութիւնը։ Դարձեալ առանց սերունդի հարցի. ի՞նչու նոր սերունդը չի բերեր իր դատողութիւնը Րաֆֆիի մասին։ Ասիկա անհրաժե՛շտ է մեր ներկայ իրականութեան։ Բազմաթիւ պատճառներով. նախ՝ իրակա՛ն գործունէութիւն մը երիտ. սերունդին համար։ Այս գործունէութիւնը զայն կը ներմուծէ ժողովուրդին մէջ` իբրեւ կենդանի՛ իրականութիւն։ Այս իրականութիւնը հաղորդակցութեան մէջ կը դնէ զայն, ժողովուրդին հետ։ Այս հաղորդակցութեամբ ժողովուրդը զայն կը ճանչնայ ու իր արժէքը։ Ու իր գործով, անիկա կը մտնէ մեր ժողովուրդին պատմութեան մէջ, որմէ մի՛շտ կը խուսափի։ Այս գործը ներկայութիւն մը եւ վկայութիւն մըն է։ Կա՛ն նաեւ երեք պատճառներ. տե՛ս այս հատորին 15֊16 էջերը։
       Ես կը պատրաստեմ. որո՞նք են այն մտաւորական ու բարոյական արժէքները, զորս ներկայ հայերիտասարդութիւնը կրնայ գտնել Րաֆֆիի գործին մէջ. որոնք են այն արժէքները, զորս Րաֆֆիի ժամանակակիցները գտած են անոր մէջ։ Բաղդատութիւն։ Ես յանձն կ’առնեմ երիտասարդներու` Րաֆֆիի մասին գրուածները հրատարակել։