Մաթիկ Մելիքխանեան

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՆԱԽԱԲԱՆ

Ներկայ վէպը (ինչպէս այն միւսները, որոնք լոյս տեսան «Հայրենիք» հանդէսին մէջ «Հաճի Մուրատ», «Հաճի Ապտուլլահ» գլխատուած տիտղոսներով, քանի որ շարքին ընդհանուր վերնագիրը, «Հարիւրմէկ տարուան» կը գտնենք միայն «Յուսաբեր»ի մէջ հրատարակուած երրորդ միութեան վրայ՝ «Սիւլէյման Էֆէնտի» հանուած է, ըսել կ՚ուզեմ անջատուած «Մնացորդաց»ի երկրորդ հատորէն՝ «Արիւնի ճամբով»։

«Մնացորդաց»ի ստեղծագործութեան մէջ վիպային իրադարձութեան հետզհետէ ընդարձակուիլը, ծանրաբեռնուիլը, յորդումի գլխաւոր պատճառը կազմեցին սա առանձնացման։ Ճակատագրին մէկ խաղովը, նկուղի մը մէջ գառագեղուած այդ մարդերը շատ բարդ իրողութեանց հանգոյցներ էին։ Կեանքը այդ մարդոց վրայ առանձին, թէեւ հանգունատիպ ողբերգութիւն մըն էր։ Բայց «Մնացորդաց»ի հեղինակը չէր յաւակներ աշխարհներ նուաճել։

Այդ գլխաւոր նկատումն է, որ թելադրեց անջատումը։

«Մնացորդաց»ի Բ, հատորը՝ «Արիւնի ճամբով», պատմած է Մաթիկ Մելիքխանեանին այն կենսաշերտը, որ կը պատկանի անոր ձերբակալման, հարցաքննութեան եւ նահատակման պարագաներուն։ Ներկայ վէպը կու տայ Մաթիկ Մելիքխանեանը ատոնցմէ առաջ։ Եւ որովհետեւ մէկ հատիկ մարդ աշխարհ մը ազդմունք է եւ հակազդմունք, կը հասկցուի, թէ Մելիքխանեանի առիթով ես ըլլամ փորձուած այդ աշխարհը նուաճել, ուժերուս ներած չափով։

Կը յայտարարեմ, թէ ան հնարովի անձնաւորութիւն մը չէ, վիպային գործողութեան մը համար յղացուած եւ հանդերձուած։ Թէ՛ ներկայ հատորը, թէ՛ Մաթիկին պատկանող «Մնացորդաց»ի մասերը կը պատմեն ստոյգ իրողութիւններ, որքան վաւերական անձնաւորութեանց ապրումները, անշուշտ ենթարկուած որոշ վիպայնացման։ Մնաց որ, մեր յեղափոխական յուշագրութիւնները ինքնին ընդարձակ մթերք են ապրումներու, որքան անձնաւորութեանց։

Վիպասանը, մեր օրերուն, զուարճացող մը չէ։ Ան ունի այդ հասարակ դերէն վեր յաւակնութիւններ։ Ատոնցմէ են աշխարհներու ճարտարապետում մը (Պալզաք), հոգիներու առարկայացում մը (Տոսթոյեւսկի), ընկերութիւններու բնական պատմութիւն մը (Զոլա), կորսուած երկրամասերու վերագիւտ մը (Մարսէլ Փրուստ)։ «Մնացորդաց»ի հեղինակը աւելի համեստ է ներկայ հատորին մէջ։

1900ը մեր ժողովուրդին այն աշխարհն է, որ արեւմտահայ գրականութեան մէջ հազիւ թէ դալուկ անդրադարձ է արձանագրուած։ Գրական շքեղ սերունդ մը եւ աւելի քան քան եղերական, շատ ծաւալուն, ահեղ իրադարձութիւններ մեզի կը ներկայանան այսօր, կարծես իրարու անհաղորդ, եթէ ոչ կռնակ դարձուցած։ Չեմ խորացներ վերլուծումը՝ պատճառներ ու ազդակներ առարկայելու։ Նպատակս է գտնել, առանձնացնել այդ սերունդին (որ գրական, գործօնական, մարտական իր երեսներով ինքզինքը կը պարտադրէր իմ մտքին) քանի մը ամուր գիծեր հոգիէ եւ մտքէ, ու այդ առիթով քանի մը համապատկերները (tableau synoptique) այդ ժողովուրդի հաւաքական ապրումներուն։ Անշուշտ ծանր աշխատանք է ասիկա, տրուած ըլլալով մէկ հատիկ մարդու զգայնութեանց գումա՜րը, կազմուած այնքան զանազան բաժիններէ։

«Մնացորդաց»ի Գ, հատորը՝ «Դժոխք», յոյս չունիմ, որ ըլլայ նուաճելի այլեւս նուաղած իմ ուժերէն։ Իր կէսին մէջ կտրուած, կործանած այդ գործին հսկայ առքն է սակայն, որ դեռ կը յամառի ու կը մղէ զիս, գէթ հատուածակի՝ իմ պարտքին վճարման։

Մաթիկ Մելիքխանեանը ճանչցայ անձնապէս, կեանքի գրեթէ սեմին, ինչպէս կ՚ըսեն։

Իր ընկերոջ հետ, ան ըրաւ ինծի հետ իր հանդիպումը իբր յեղափոխական անանկ օրերու, ուր այս բառը լսող ականջներն իսկ դատապարտելի էին մահուան։ Մեր ժողովուրդը - հոս՝ նկատի ունիմ պոլսամերձ շրջաններու հայութիւնը - կարծես, այս դարուն սկիզբը մեղքը կը քաւէր ջարդուած չըլլալու։ Անոր գլխուն յօրինուած էին պայմաններ, որոնց չէին մտածած հին ու նոր յաղթական ժողովուրդները իրենց գերիներուն համար։ Պէտք չէ սխալ կշռել տարողութիւնը սա հաւաստումին։ Մենք չենք պարծենար չունեցած ազատութեան մը սնոտի, մուրացկան փառքովը։

Բայց կը ճշդենք ուրիշ ստուգութիւններ, ինչ որ 1900ը ըրաւ ամէնէն անարգ, տխուր գերութիւնը մեր պատմութեան, բացատրելի է թրքական բռնութենէն աւելի մեր հոգիին բացառիկ մէկ բարեխառնութեամբը։ Կը հասկնայինք, որ գերիներ էինք։ Բայց ողբերգութիւնը հո՛ն էր, որ կորսնցուցած էինք գերութեան իմաստը, զգայարանքը, նման չըլլալով մեր պապերուն, որոնք կը հասկնային գերութիւնը, երբ իրենք չէին ընդուներ իրենց գերի ըլլալը, քանի որ հոգիներուն խորը, շքեղ՝ կը կազմուէր իրենց ցեղային գերազանցութեան պատգամը։ Յետոյ չէինք հասկնար աւելի տարրական ճշմարտութիւններ։ Մեր հոգին, պոլսամերձ շրջաններ ու Պոլիսը մանաւանդ, լայնօրէն իւրացուցած արեւմտեան գաղափարաբանութիւնը, ալ չէր սեղմուեր ըլլալու այն ձեւին մէջ, որով եղեր էին մեր պապերը, թուրքին հետ։ Իմ մեծ հայրս թուրքէն չէր տառապեր։ Բայց իր թոռը աշխարհ մտաւ թուրքը ապրելով։ Չեմ գիտեր, պատմա՞ծ եմ տեղ մը, - մանկութեանս ամէնէն հեռաւոր յուշը ծեծն է, զոր կերայ թուրք գիւղի մը բաղնիքին մէջ։ Ես մօրս գիրկէն չէի բաժնուած տակաւին։ Ու ինծի տարեկից մանչ մը զիս փռեր էր գետին։ Մայրս չորցուց իմ կսկիծը, բայց չչորցուց անոր հետքը իմ լման կեանքիս վրայէն։ Ի՞նչ ըրեր էի այդ տղուն։

Մեր յեղափոխականները անշուշտ ինծի պէս գիւղէ մը չէին գար։ Անոնք գաղիացի էին, ռուս էին, գերման էին, անգլիացի էին։ Բայց մեր ժողովուրդը՝ հիմնովին արեւելք։ Ա՛ս էր, որ չկրցանք զգալ։

Պիտի զգուշանամ, որքան կարելի է, դատումներ բանաձեւելէ։ Այսօրուան մեր հոգեվիճակը շարունակութիւնն է այդ օրերու գաղափարաբանութեանց։ Շահուա՞ծ։- Կայ կէտ մը, ատ ալ մեր գիտակցիլն է մեր պատրանքին։

Ազգերու երջանկութեան, ազատութեան համայնապատկերներուն բոլորանուէր մեր յարումը հերքուեցաւ այն իսկ ազգերէն, որոնք ատոնց ճարտարապետութիւնը դասախօսեր էին մեզի։ Ու ի՜նչ սուղ վճարեցինք սա խեղճ փորձառութիւնն ալ, զոր լաւ կ՚ընենք իրարու դէմ երբեք չմտածելով շահագործել։ 900ին, գիտակից ոչ մէկ պատանի երկու կարծիք ունէր ազատութեան երազին դիմաց։ Այսօր ճեղքուած է ճակատը։ Հիմա, մեր շլմորումին մէջ, մեր յիմարացումը մեզի մատչելի ընելու համար, իրար կը հարուածենք, խելքի տասնաբանեաներ խորտակելով իրարու գլխին, իբր թէ մեր աղէտը հետեւանքն ըլլար այդ տախտակներէն մէկ քանիին։ 1900ին, պատանիներս հեռու էինք նման սրբապիղծ մտածողութիւններէ։

Քսանէն վար էի ես այդ օրերուն ու նման այն հազարներուն, որոնք իմ գեղիս ու շրջանիս միւս գեղերուն մէջ կը վարանէին բաժնուիլ պատանութենէն, քանի որ իրենց սպասող աշխարհը գռեհիկ խանութն էր արհեստներուն եւ կամ կրծուած, կտրուած, գողցուած հողին շերտը, ուր արիւն պիտի թափուէր պատառ մը հացի համար։ Մտքի ոչ մէկ փորձառութիւն, քանի որ թաղային վարժարան մը եւ տարի մըն ալ վանական ընթացք (Արմաշի դպրեվանքին առաջին դասարան) մը միայն ունէի ինծի իբր մթերք։ Վանքի այդ տարին դեռ կը թափառէր ետեւէս, իմ գիւղիս մէջ։ Կ՚ատէի այդ տարին, ուր կը յիշեմ օրինակած ըլլալ հարիւրէ աւելի տետրակ, որոնց կէսը նիւթ ունէր, որքան կը կարծեմ, աւետարաններուն մեկնութիւնը, մէկ չորրորդը՝ ծանծաղապատում, տժգոյն, անխելք վերակազմութիւն, մեր եկեղեցիին պատմութեան, գրուած առանց ոճի, առանց հոգիի, պարզ անուններու եւ թուականներու խաղարկութիւն։ Աւելի վերջը, այդ պատմութեան հեղինակը («Ազգապատում», Օրմանեան Սրբազան) գէշ-աղէկ եղանակ մը ճարեց, վասնզի իր ժողովուրդին իրական կեանքին հետ հաղորդակցութիւն մը գտաւ, մեր պատմիչները իբր այդ, այսինքն՝ կեանք կարդալով հոգ չէ թէ վիեննացիներուն նման իբրեւ բանասիրական մրցանքի կրկէս։ Հարիւրաւոր այդ էջերուն մէջ ես ատեցի այդ պատմութիւնը, այնքան խորունկ էր ձանձրոյթը բան չըսող այդ մռայլ, անկանաչ պատմումին։ Երեսուն լման տարիներ պէտք եղան, այդ օրերէն ասդին, որպէսզի սրբագրուէր իմ մէջ այդ սպաննող նողկանքը, փարատէր ատելութեան ժանգը ու ես հասկնայի, սիրէի խանդավառ ու հպարտ, իմ ժողովուրդիս հոգիին այդ անզուգական հանդիսարանը, սրտառուչ, քաղցր, գեղեցիկ, մա՛նաւանդ իրաւ։ Ու խորհիլ, որ սրբագրումի սա բախտը զլացուած է շատ շատերու։ Հարիւր տարի առաջ, օտար եկեղեցիներ կը հրապուրէին մեր դժգոհ միտքերը։ Յիսուն տարի առաջ, եկեղեցին դադրած էր ինքնիրմէ։ Եւ սակայն հոն էր, եւ անիկա մեր ամբողջ պատմութեան խորհրդանիշ խտութիւնը, ոչ իբր տեղի հոգեւոր պաշարի, ծէսի, պաշտամունքի, առնուազն շէնքի, կառոյցի հանդէս, այլ իբրեւ մարմին, գոյացութիւն՝ կազմուած մեր դարերուն ամէնէն ազնիւ տարրերով։ Ու այս տարրերը ձայն են, արիւն, մարմար, ոսկի, ապրշում ու բեհեզ, մեղք ու ապաշխարանք, յոյս, երազ, տառապանք եւ սփոփանք - բոլոր մարդկեղէն հաստատ տախտակներու, ձեւերու վրայով։ Մեր կողմէ՝ մեր յօրինած, բանաձեւած հակազդեցութիւն՝ մեզ ընկճող օրէնքներուն դէմ, մեր ծարաւին՝ արդարութենէ, բարութենէ, խաղաղութենէ, երկինքէ։ Դպրեվանքի այդ տարուան մը դասերէն իմ մէջ միակ անուն մը կ՚ապրի այսօր, եպիսկոպոսի մը անունը, Աղբիանոս։ Ու չեմ ալ գիտեր, թէ ո՛ր հրաշքը միջամտեց, որպէսզի այդ մէկ հատիկ բառը ազատէր ընդհանուր սուզումէն…

Քսանը չէի մտած ես այդ օրերուն։ Ահաւոր տետրակները իրենց չարիքը տարածեցին մեր հին մատենագիրներէն իմ ընթերցումներո՛ւն ալ վրայ։ Կարծես նոյն ապիմաստութիւնը հասարակաց բարեխառնութիւն ըլլար մեր պատմագիրներուն (աւելի վերջը մատենագրական հետաքրքրութիւններ պիտի յաջողէին սրբագրել պատանեկան այդ տպաւորութեանց անարդարութիւնը ու ես պիտի հասկնայի մեր մատենագիրները, իրենց բոլոր մեղքերուն հակառակ, դա՛րձեալ իբր վկայութիւններ, միշտ իմ ժողովուրդէս, զոր իր դժբախտութիւնը կ՚ընէր կրկնապէս սրտառուչ ու յանկուցիչ)։ Ուրիշ ազգերու պատանիները իրենց անցեալէն ո՛չ թէ կը վռնտուէին, այլ կը քաշուէին։ Մեզի համար հակառակն էր, որ տեղի կ՚ունենար։ Վանուած այդ աշխարհէն, ստիպուած էի դառնալ ներկային։ Այդ ներկան՝ 1900ը։ Կատարուած էր մեր մատենագիրներէն ողբացուած աւերածներէն մէկը, անոնց չափ ընդարձակ։ Ու մա՛նաւանդ, թուղթերէ վեր իրականութեամբ մը։ Աղէտը քսուած էր մեզի։ Տեղ մը պատմեր եմ, թէ ինչպէս Աստուածածնայ տօնին յաջորդ մէկ գիշերին մեր գեղը վազած էր ժամ, արդարի-մեղաւորի բաժնած կրակին ջուրը, որպէսզի անով օծուած այրէինք՝ թշնամիին չյանձնելու համար։ Այս բաները կը պատմուին տխրութեամբ։ Թող բախտը խնայէ ձեզի ու ձեր զաւակներուն՝ զանոնք ապրելու անորակելի պահը։

1900էն քիչ վերջն էր, վանքէն փախուստիս հետեւող քանի մը տարիներուն, որ ինծի տրուեցաւ խելամուտ ըլլալ մեր ճակատագրին։ 1915ը յստակ չէր անշուշտ իմ մտքին։

Բայց աղէտ մը կը յօրինուէր։ Մաթիկ Մելիքխանեանը կը լրացնէր, իբր հեռու հայրենիքին կենդանի պատկերը, պատանութեան խակ շրջանը, զիս դարձնելով իմ ժողովուրդիս իմաստին, շատ աւելի պարզ, մարդկային ճամբով մը, որքան չէին կրցած ընել ատիկա Արմաշի վանքի հարիւրաւոր տետրակները։

Կու տամ Մաթիկ Մելիքխանեանը։ Կենդանագիրը կազմուած է անձնական ամբողջ ու հարազատ տարրերէ։

Ապրեցայ հետը երկու շաբաթ, զիջո՜ւմ՝ զոր չէր ըրած ուրիշ ոչ մէկ տեղ։ Մարդն էր, որ կ՚երեւար։ Կենալը, գործելը, աշխատիլը՝ ուրիշներուն փառասիրութիւնը։ Իրը՝ տեսնել, ճանչնալ, սորվիլ մեր ժողովուրդը։ Մանուկ մըն էր, հակառակ մեծ զարգացումին։ Մնացած էր հայ, Մոսկուայէն մինչեւ իմ գեղը։ Գիտէր վտանգը, որ կախ էր գլխուն ու յուսահատ բան էր ատիկա արգիլել չկրնալը։

Ինչ որ կը պատկանի պատմական հարազատութեան իր ու ընկերոջը անհաւատալի ոդիսականէն, այսօր չեմ ենթարկեր մանրակրկիտ հետազօտութեան։ Մեր յեղափոխականներէն շատեր պատմած են իրենց յիշատակները։

Այդ էջերէն յառնող ընդհանուր տպաւորութիւնը շատ մօտիկն է անոր, զոր ես առի Մաթիկ Մելիքխանեանէն։ Ու այդ մարդերը մէկ չէ, տասը չէ, հարիւր չէ, այլ` հազարներ էին, որոնք Կովկասէն ժամանած կամ ոչ՝ ելան մեր իսկ հողերուն ընդերքէն ու պտտեցան մեր լեռներն ու անդունդները ու պսակուեցան «երկնային պսակով», ինչպէս կը պատկերեն մեր գիրքերը։ Այսօր չեմ հարցներ ինծի անոնց ցեղաբանութիւնը։ Մաթիկ Մելիքխանեան ու ընկերը մեռան բանտին մէջ։ («Մնացորդաց»ի Բ, հատորը՝ «Արիւնի ճամբով», կու տայ այդ նահատակութիւնը լրիւ)։ Թուրքերը արդարութեան ծարաւն ունին, արեան ծարաւին չափ զօրաւոր։ Ընթերցողը կը ղրկեմ «Արիւնի ճամբով»ին։

Այսօր, մղձաւանջէն հեռու, յիսունէն շատ վեր, երբ ազատ երկրի մը մէջ կը մօտենամ այդ մարդուն, այդ օրերուն ու մասամբ այդ պատանիին ու յարակից աշխարհներուն, ահաբեկում մը կը պաշարէ զիս։ Քառասուն տարի առաջ, այդ պայմաններու ճնշումին գնովը, ինծի համար դժուար հասկնալի այդ մարդը, այսօր ալ չէ դադրած անկարելի ըսելու չափ դժուար (հասկնալի) մնալէ։ «Հայրենիք» հանդէսին (Ամերիկա, 1922էն սկսող) մէջ լոյս տեսած հարիւրաւոր յուշագրութիւնները դեր ունեցան սակայն։ «Մաթիկ Մելիքխանեան» (ներկայ հատորը) չի նուաճեր անշուշտ հայ յեղափոխականը, իբր տիպար ու միսթիք [1] բայց կու տայ թելադրանք մը այն զգացումներուն, վիճակներուն մասին, որոնք միշտ մերը ըլլալու էին այսօր, բոլորովին տարբեր անոնցմէ, որոնք մեր ամէնուն սեփականութիւնը, միսն ու ոսկորն են դարձեր այժմ, երբ անկարող բացատրելու մեր աղէտը, այսօր պատասխանատուներ ճարելու մեր միամիտ յիմարութիւնը կ՚ալեւորենք (բառը հին իմաստով) ու իրարու գլխուն կը տեղանք ո՛չ միայն մեղադրանք, այլեւ անազնուութիւն, մոռնալով որ բացառիկ իրականութիւնը, որ այս ժողովուրդին գերագոյն ապրումն էր յիսուն տարի առաջ, մեր գերութեան տարտարոսին վերեւ անկորան պաստառը՝ ազատութեան երազին, պարզ, իրաւ, ամէնուն խօսող նոյն ատեն։ 1900ին, ըսի, Մաթիկները հազար էին, սկսած մաքսի բեռնակիրներէն մինչեւ ամէնէն մաքրատաղանդ գրագէտը, ինչպէս հազար են ու աւելի այսօր մեր գաղութները երկպառակող, քառահերձող մեծափառ ճճիները, որոնք գաղութները կը խաչեն, ամէն օր քիչ մը աւելի, կռնակին տուած աս ու ան հաշուետախտակներուն, մէկը միւսէն զազիր, ամէն երանգէ դաւաճանութեանց հագցնելով գոյնզգոյն պաստառը աս ու ան գաղափարականներուն։

Ու եղած է, աւա՜ղ, իմ ալ պատանութիւնը, որ նոյնքան անկարելի կը թուի, որքան իմ ծերութիւնը, երբ իմ աչքերը կ՚իյնան իմ շրջապատին ու թիզ մը հողին, որ կը սպասէ իմ տառապանքիս շիջումը ընդունելու։ Ո՜վ կանանչորակ գարունը մեր գերեզմանին, ուր հողը չէր գիտեր մեռնիլ։ Ու՝ ո՜վ լալկան, հոտած, բոլոր չորութիւնը սա սուրբ որակուած աշխարհներուն, ու մրկած, կռնծած ամայքի աղեկտուր հանդէսը, ուր մահն իսկ կը վախնայ ինքնիրմէ։ Ու ճիշդ է ասիկա դարձեալ հոգեղէն ալ մարզին համար։ Ինչ որ գաղթարանն է այսօր, ամբոխն է մարդոց, որոնց խցուած է ամէնէն խորունկ զգայարանքը, ան՝ որով ժողովուրդ մը ինքզինքը կ՚ըլլայ, ատկէ ուժ կ՚առնէ եւ ոչ թէ զայն կը ջանայ քանդել իր մէջէն, ամօթ մը պակաս տեղաւորելու համար խղճի սեմին։ Բացի Ամերիկաներէն՝ եղեր եմ Սփիւռքի բոլոր հոծ ու կարեւոր կայքերուն։ Եղեր եմ մա՛նաւանդ ամէն գոյնէ ու խաւէ մարդոց ոլորտներուն։ Ու ամէն տեղ մարդիկ նոյնն էին։ Այսինքն՝ իմ տարիքիս մօտիկներ, գերեզմաններէն մերժուած, աշխարհ նետուած ուրուականներ, զորս այդ աշխարհը կը ջանար պատուհասել՝ թերեւս իրենց գերագոյն մեղքը իրենց յիշեցնելու չարիքը յաւերժացնողներ նկատելով։ Ողբերգութի՜ւնը յիսունէն վերերուն, օտար, ուրացուած ու հերձուածող։ Ու անոնք, որ հասեր էին քառասունի դռներուն, մարդեր էին, Տանթէի քաւարանին արժանի, զրկուած ըլլալով ոեւէ ժողովուրդի աւանդութեան, հոգիին պատկանելու բարիքէն կամ չարիքէն, քանի որ հոգի կազմելու իրենց շրջանը ծախեր էին անապատին ու ջարդին ու կ՚ապրէին մոռնալու, միշտ, ու մոռնալու սարսափէն հալածական, իրենց գլուխներուն գինը սարսափով մարսել ջանալով ու չկրնալով։ Քսանին ու երեսունին մէջտեղ ծաղկող տարրը ինծի կը թուի բոլորովին նոր, օտար ժողովուրդի մը պատկանիլ։ Այդ տղաքը կը խօսին ու կը գրեն երկրին լեզուն, ուր կ՚ապրին, բայց կ՚ամչնան իրենց արեանը լեզուէն։

«Մնացորդաց»ը վկայութիւն մըն էր։

Այդ վկայութեան մէջ տիպար մըն է Մաթիկ Մելիքխանեանը։ Իր առիթով ես կը ներեմ մաս մը բան ազատել դարձեալ մեր պատանութեան աշխարհէն։

Այս առաջադրութեամբ կը մտնեմ վիպումին։



[1]            Ծրագրած էի այդ նուաճումը փորձել «Մնացորդաց»ի Գ, հատորին՝ «Դժոխք»ին մէջ՝ Այաշի (կուսակցական պետերուն տարագրավայրը, ուրկէ մահուան գացին) խորհրդաւոր գիշերուան մը վրայ տարածուող հատորով մը, ուր կեդրոնական քանի մը անձնաւորութեանց բերնով մեր Յեղափոխութիւնը ինքզինքը պիտի ներկայացնէր։ Աքսորէ (1915) դարձող քանի մը անձերու վկայութիւններ, Կոմիտասով մատուցուած պատարագ մը (Չանղըրի մէջ պատահածը տարբեր չէր կրնար ըլլալ անշուշտ Այաշի գիշերէն) ու մեր ժողովուրդին բոլոր խաւերէն գոյաւոր մարդոց միջեւ մինչեւ լոյս երկարող խօսակցութիւն մը- մարմինն էր կազմելու այդ հատորին։ Արշալոյսին դէպի մահ։ Իբր ծրագիր համեստ, բայց գործադրուած պարագային շատ յատկանշական այդ հատորին դարձ մը տրտում երազ մըն է, երբ կը գրեմ սա տողերը։