ՏԱԽՏԱԿՆԵՐՈՒ
ԵՒ
ՓՈՇԻՆԵՐՈՒ
ՄԷՋ
Մեր
նոր
պատմութեան
մէջ,
ներշնչման
անսպառ
աղբիւրներ
են
գաղթային
կայանները,
կամ
քէմփերը,
ինչպէս
սովորութիւն
եղած
է
կոչել։
Այնտեղ
է
բուն
հայ
ժողովուրդը,
եթէ
կ’ուզէք՝
պրոլետարիատը,
բառին
արդիական
իմաստով։
Այնտեղ,
տախտակներու
եւ
փոշիներու
մէջ
կծկուած,
օրն
ի
բուն
կը
տքնի
հայ
մանկամարդուհին,
մամիկն
ալ
կողքին,
եւ
փոշիներու
մէջ
կը
ճլուըլայ
հայ
մանուկը,
ոտքերը
բոպիկ,
գլուխը
եւ
յաճախ
կուրծքը
բաց։
Այնտեղ
է,
մանաւանդ
հայ
աշխատաւորը,
իր
ջլապինդ
բազուկներով,
խոր
բոց
մը
աչքերուն
մէջ,
ճակատը
կնճիռներով
լի,
բայց
միշտ
անխոնջ
եւ
հաստատակամ։
Պատահաբար
միայն,
գտնուեցայ
այդ
«հայաքաղաք»ներէն
մէկը,
Ֆիքսի
կայանը,
որ
կը
համրէ
առնուազն
չորս
հազար
ժողովուրդը։
Ամբողջ
նոր
աշխարհ
մը,
դուրսէն,
մանաւանդ
Փարիզէն
եկողի
մը
համար։
Աւելի
ճիշդ՝
վերարտադրութիւնը
նախորդ
կեանքին,
-
այն
իրականութեան՝
որ
կար
երէկ,
երբ
այսօրուան
հալածականներուն
ամէն
մէկը
իր
տունն
ու
արտը
ունէր,
իր
բուխերիկն
ու
այգին,
եւ
կը
խայտար
իր
արդար
վաստակով։
Նոյն
արդար
վաստակի
կենդանի
պատկերն
է,
որ
կը
պարզուի,
այսօր,
աչքերուդ
առջեւ,
փողոցներէն
մինչեւ
չորս
տախտակով
կազմուած
տնակներու
մէջ…։
Ստեղծագործ
աշխատանքի,
քրտինքի
եւ
ճիգի
փեթակներ՝
սա
կիսաւարտ
կրպակները,
կամ
հողով
ծեփուած
հիւղակները,
ուր
ընդհանրապէս
հինգ-վեց
գլուխ
կը
հանգչի,
եւ
երկու
անգամ
հինգ-վեց
բազուկներ
կը
գործեն։
Չեմ
գիտեր,
ուրիշ
հալածական
ժողովուրդներ
ալ
կրնա՞ն
ներկայացնել
այսքան
պերճախօս
վկայութիւն
արդար
հպարտութեան,
իր
քրտինքով
եւ
բազուկներով
ոտքի
կանգնելու
այսքան
հրաշալի
ընդունակութիւն։
Յարգա՜նք
այս
բունաւեր
այլ
կորովի,
մշտանորոգ
բազմութիւններուն։
Թող
թթու
ազգայնականութեան
մեղադրանքը
չնետեն
մեր
երեսին,
երբ
անկեղծ
ակնածանքով
կ’ողջունենք
կայաններու
հազարեակները
կամ
«գաղթականները»։
Ողջունելով
զանոնք,
մենք
հարազատ
հայ
ժողովուրդն
է
որ
կ’ողջունենք,
եւ
Աշխատանքը,
անոր
միակ
հարստութիւնը։
Եւ
պէտք
է
նկատել,
որ
մեծ
ոստանները,
աւելի
բախտաւոր
գաղութները
ծանր
բեռ
մը
ունին
իրենց
խղճմտանքին
վրայ,
այդ
բազմութիւններուն,
հայ
ժողովուրդի
մայր-կողճին
հանդէպ։
*
Հայաստանէն
դուրս,
ինչ
որ
հայ
ժողովուրդ
կը
կոչենք
այսօր,
կը
հեւայ
տախտակներու
եւ
փոշիներու
մէջ,
վրաններու
տակ։
Կամ
քարաշէն,
կիսաւեր
զօրանոցներու
խորը։
Եւ
կամ,
արեւէ
եւ
հողէ
զրկուած
հիւրանոցներու
նրբանցքներուն
եւ
ձեղնայարկերուն
մէջ։
Զանազան
ճիւղեր
կը
յղփանան
մայրաքաղաքներու
անդորրութեան
ու
հեշտութեան
մէջ,
իսկ
արմատը
գերագոյն
ճիգեր
կը
փորձէ,
իր
արեւը
պահելու
համար
հողին
կամ
քարին
վրայ։
Եւ,
ի
պատիւ
անոր,
պէտք
է
բարձրաձայն
յայտարարել
բոլորին,
Փարիզէն
մինչեւ
Երեւան,
թէ
հակառակ
այդ
քստմնելի
քաշքշուքին,
աւելի
քան
երբեք
ողջ
է
եւ
բեղնաւոր՝
արմատը։
Ողջ՝
մարմնով
եւ
հոգիով։
Թուղթին
յանձնուած
բառերը
բաւական
չեն,
գաղափար
տալու
համար
այս
կազդուրիչ
իրականութեան
մասին։
Պէտք
է
աչքով
տեսնել
ամէն
բան,
ուշադրութեամբ
նայիլ
դուռներէն
եւ
պատուհաններէն
ներս,
խօսակցիլ
ու
պրպտել։
Այն
ատեն
է
որ,
ձեր
հոգին
պիտի
խայտայ
հաւատքի
եւ
կորովի
հրաշապատում
շարժանկարի
մը
առջեւ,
իւրաքանչիւր
քայլին։
Գոնէ
Յունաստանի
կայանները
ամուլ
հառաչանքի
եւ
ապիկարութեան
բոյներ
չեն,
այլ
իսկական
փեթակներ։
Ոչ
թէ
անկելանոցներ,
այլ
հնոցներ։
Հինգ-վեց
տարուան
ընթացքին,
հազարաւոր
բազմութիւններ
կրցեր
են
ոտքի
կանգնիլ,
եւ
ստեղծել
կոկիկ
տնտեսութիւն
մը,
որ
թոյլ
կուտայ
նոյնիսկ
չորս
պատ
հիւսել,
իբրեւ
սեփական
բոյն։
Արդ,
այսպէս
ինքն
իր
գլխուն
տուն-տեղ
եղած,
ինքնաբաւ
դարձած
ժողովուրդ
մը
իրաւունք
չունի՞
քիչ
մը
համակրանք
եւ
խրախոյս
վայելելու։
Անոնք
ոչ
հաց
կ’ուզեն,
ոչ
հագուստ։
Բայց
իրաւունք
ունին
սպասելու
ա՛յն
ինչ
որ
վեր
է
իրենց
ուժէն։
Ամէնէն
առաջ՝
դպրոց,
որպէսզի
«մարդ
ըլլան»
իրենց
զաւակները։
Այդ
ճամբուն
վրայ
անգամ,
անճրկած
չեն
անոնք։
Եւ
աւելի
առաջ
անցած
են,
քան
շքեղաշուք
Փարիզը,
իր
միլիոնատէրներով
եւ
մէրքանթիներով։
Միայն
Ֆիքսը,
ուր
աւելի
քան
չորս
հազար
հայրենակիցներ
ազգային
օջախ
մը
կազմած
են,
կրցե՛ր
է
դպրոց
բանալ
վեց
դասարաններով,
ուր
«ուսում
կը
ջամբուի»
350-400
մանուկներու։
Չենք
հաշուեր
անբախտները,
որոնք
օրը
իրիկուն
կ’ընեն
կօշիկ
ներկելով։
Այս
ամէնը՝
մէկ
ձեղունի
տակ,
վեց
հատուածներու
բաժնուած,
իբրեւ
դասարան…
Աթէնքի
մէջ,
ուր
տարրական
դպրոց
մը
իսկ
չկայ,
աւելի
քան
հարիւր
մանուկներ
կը
մրկին
ուսման
ծարաւէն։
Չորս
կայաններու
մէջ,
հազար
մանուկներ
կը
յաճախեն
ազգային
դպրոցներ,
800է
աւելի՝
ամերիկեան,
իսկ
մօտ
հազար՝
կը
թափառին
փողոցները
կամ
կը
խանձին
չորս
պատի
մէջ։
Կցկտուր
թուանշաններ
միայն
կը
յիշենք։
Բայց
այսքանն
ալ
բաւական
է,
ըմբռնելու
համար
ահաւորհ
պատկերը։
Կան,
տակաւին,
չափահասները,
որբ
կամ
ժառանգորդ,
որոնք
մտքի
սնունդ
կը
պահանջեն,
եւ
միայն
թերթերով
կը
սնանին։
Կան
ամէն
դասէ
երիտասարդներ,
որոնց
ճակատը
բարձր
է,
փորը՝
կուշտ,
բայց
միտքը՝
կարօտ
լոյսի։
Ի՞նչ
են
ըրած
ունեւոր
ոստանները,
այս
պահանջին
դիմաց։
Չարժեր
խօսքն
իսկ
ընել
պատահական
փշրաքններուն,
որոնք
ընդհանրապէս
կ’ըլլան
«աղքատասիրական»
հասկացողութեամբ։
Այնքան
դժուա՞ր
բան
է,
Ամերիկայի
կամ
Փարիզի
համար,
ամսական
չորս-հինգ
հազար
ֆրանք
տրամադրել,
եւ
փրկել
ամբողջ
սերունդ
մը,
որ
թանկագին
հարստութիւն
է
հայրենիքին
համար։
Ուռճացած,
ճոխութեան
եւ
վայելքի
մէջ
ուռած
ճիւղերուն
համար
անհնարին
զոհողութի՞ւն
է
կաթիլ
մը
ջուր
հասցնել
արմատին
որպէսզի
աւելորդ
հոգերու
չմատնուին։
Նոյնիսկ
ներկայ
պարագաներուն
մէջ,
առանց
նոր
Միացեալ-Ազգանուէրի
մը
կազմութեան,
պարզ
չէքի
խնդիր
մըն
է
գոհացնել
այս
պահանջը։
Միայն
թէ
ուզէին։
Մեր
վաղեմի
ազգասէրները
հոգի
կուտան
օրհնութեան։
Ահաւասիկ
թանկագին
պատեհութիւն
մը,
հազար
անգամ
աստուածահաճոյ
եւ
մարդկային,
քան
տարին
քառասուն
հոգեհանգիստ-պատարագ։
(«Յառաջ»,
7
Օգոստ.
1927)