***

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
ԶՐՈՅՑ ԱՆՑՈՐԴԻ ՄԸ ՀԵՏ
      
       - Հիմնաւո՞ր է ձեր լաւատեսութիւնը Միջին Արեւելքի եւ առ հասարակ Արտասահմանի երիտասարդական գործունէութեան մասին։
       - Անշուշտ, իբրեւ ընդհանուր տպաւորութիւն։ Այս չի նշանակեր թէ թերութիւններ չկան եւ մեզի կը մնայ միայն ծափ զարնել կամ գովասանական տաղեր հիւսել։
       - Որո՞նք են ձեր դիտած թերութիւնները։
       - Մէկը այն՝ որ երիտասարդներէն շատերը կը գոհանան իրենց գիտցածով, փոխանակ դէպի յառաջ ձգտելու։ Այս պարագան աչքի կը զարնէ ոչ միայն Եւրոպայի, այլեւ Միջին Արեւելքի մէջ։ Օրինակ, շատերուն համար ի միջի այլոց գիտելիք մը դարձած է հայերէնը։
       - Մի մոռնաք, որ այդ շատերը հարկադրուած են ապրուստ ճարել։ Բախտաւորները մատի վրայ կը համրուին։
       - Մենք երբեք չենք անտեսած այդ պարագան։ Մանաւանդ Եւրոպայի մէջ ուր ամենօրեայ ժխորը, ապրուստի տագնապը եւ ուրիշ հոգեր կը փճացնեն շատ մը բարի տրամադրութիւններ։ Եւ սակայն, գիտենք որ, այդ միեւնոյն երիտասարդները միշտ ալ ժամանակ եւ տրամադրութիւն կը գտնեն բազմաթիւ պիտանի եւ անպիտան բաներ սորվելու։ Անոնց համար գաղտնիք չունին ո՛չ բախտախաղի, ո՛չ ալ պարի տեսակները…
       - Տարիքի պահանջ։ Ո՞վ չէ ունեցած այդ մեղքերը, երբ արիւնը կ’եռար իր երակներուն մէջ։
       - Պարզապէս իրողութիւն մը կը մատնանշենք, ըսելու համար թէ միշտ կարելի է ժամանակ ճարել, երբ կամքը չի պակսիր։ Դժբախտաբար շատ քիչերը կ’ըմբռնեն թէ՝ բան սորվելու տարիները կ’անցնին անզգալաբար, եւ ամէնէն առաջ իրենք պիտի տուժեն, մնալով թերուս եւ միջակ՝ հայկական գետնի վրայ։
       - Կը կարծէք թէ այս տեսակէտէն աւելի խոստմնալից վիճակ մը կը ներկայացնէ Միջին Արեւելքի նոր սերունդը։
       - Անտարակոյս, քանի որ չի պակսիր հիմնականը, - ազգ. դպրոց։ Կ’արժէ քննել թէ հարիւրին քանի՞ն կ’օգտուի այս թանկագին պատեհութենէն, լրացնելով հայկական կրթարանի մը ամբողջ դասընթացքը։ Որքան կրցած ենք հետեւիլ, մեծ թիւ մը կը կազմեն անոնք, որ կանուխէն շուկայ ինկած են, կամ հայկական դպրոցը կէս ձգելով մտած են օտար կրթարան մը։
       - Այդ ալ հետեւանք է տնտեսական պայմաններու։
       - Ո՛չ ամբողջովին։ Կանխակալ կարծիքներն ալ դեր կը կատարեն։ Ծնողքներ կան, որ արգահատանքով կը կը նային հայկական կրթարաններու վրայ։ Իբրեւ հետեւանք, զաւակներն ալ կը մեծնան այն տխուր նախապաշարումով թէ ինչ որ հայկական է, անարժէք է։ Այսպէս արհամարհելով սեփականը, հարազատը, կը յանգին այն եզրակացութեան թէ իրենք ստորադաս ժողովուրդի մը զաւակներն են, բաղդատելով օտարին հետ։ Հարկ է մատաղ տարիքէն սրբել այս նախապաշարումը։
       - Միայն ազգ. կրթութիւնը կը բաւէ՞, ասպարէզ նետուելու համար, օտար ափերու վրայ։
       - Նախ ազգային դաստիարակութիւն, յետոյ ուրիշ բան։ Տարրականը ստանալէ վերջ, միջոց չի պակսիր կատարելագործուելու օտար հաստատութեանց մէջ կամ գիշերային դասըընթացքներով։ Ո՞ր երիտասարդական կազմակերպութեան ծրագրին մէջ նախատեսուած չէ այս պարագան։
       - Դժբախտաբար թուղթի վրայ կը մնան այդ առաջադրութիւնները։ Ուրեմն իւրաքանչիւրը ասպարէզ կը նետուի իր գիտցածով։
       - Նորէն եկանք միեւնոյն եզրակացութեան։ Երիտասարդութիւնը ինք պարտաւոր է արժանապատուութեան խնդիր դարձնել ինքնազարգացումը, աստիճանական յառաջդիմութիւնը, միշտ սարսափելով միջակութենէն։ Այս մտահոգութիւնը, նախանձախնդրութիւնը պիտի ցուցնեն մանաւանդ անոնք, որ արդար յաւակնութիւններ ունին, - կ’ուզեն դեր կատարել հանրային կեանքի մէջ։ Սահմանէն ասդին թէ անդին։ Երէկ ալ այս գիտակցութեան շնորհիւ էր, որ թանկագին ուժեր հասան, հակառակ այնքան տաժանելի պայմաններու։
       - Հայրենիքն է միակ հիմնական լուծումը այս հոգերուն։ Ուրիշ խօսքով, դէպի Երկիր։
       - Իսկ մինչեւ ա՞յդ։ Կեանքը կանգ չառներ, բարեկամ։ Եթէ քսանըհինգ տարի ձեռնածալ նստած ըլլայինք, հառաչելով եւ յօրանջելով, այսօր ի՞նչ պիտի տեսնէիք Հայկական Արտասահմանի մէջ։ Երիտասարդութիւնը փրկել, պիտանի սերունդ մը հասցնել՝ կը նշանակէ օգնել հայրենիքին, այսօրուան թէ վաղուան։
      
       Հալէպ, 1948