***

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
ԲԱՐԵՒԱԳԻՐ
      
       Եկայ, տեսայ եւ կ’աղաղակեմ սրտանց.
       Դալա՜ր մնան ձեր ձեռքերը։
       Մենք հեռուէն, շատ հեռուէն հետեւեր էինք ձեր տագնապներուն, ինչպէս շինարար ճիգերուն որոնք հոծ Հայնոցի մը վերածեր են Լիբանանն ու Սուրիան, 25 տարուան ընթացքին։
       Անհրաժեշտ չէր երեւակայութեան ճիգ մը փորձել, չափելու համար խորութիւնը ձեր տանգապին եւ ծանրութիւնը՝ վերաշինութեան աշխատանքին։
       Տուն-տեղ ձգած, դարաւոր յիշատակարաններ եւ ժառանգութիւններ լքած, դուք փորձեցիք նոր բոյն մը հաստատել օտար այլ հիւրընկալ երկրի մը, բախտակից ժողովուրդի մը ծոցին մէջ։
       Ձեր մէջէն հազարներ ու հազարներ իբրեւ բնակարան ունէին հիւղակ մը խարխուլ, թուղթի, քուրջի, թիթեղի կտորներէ կազմուած խառնուրդ մը։ Իսկ իբրեւ ապաւէն՝ Աստծու արեւն ու ձեր բազուկները շինարար։
       Ապրուստի հոգին հետ, ձեր սիրտը կը սեղմուէր ի տես հազարաւոր մանուկներու, մանչ եւ աղջիկ, որոնք հաց կ’ուզէին եւ լոյս։ Ծաղկոց, դպրոց, դպրանոց եւ մնացեալը։
       Դուք, ձեռք ձեռքի տալով, յաջողեցաք հետզհետէ հոգալ յարաճուն պահանջները։
       Եւ, մէկ տարիէին միւսը, հիւղաւանները դարձան հայկաւան։ Վերածուեցան բազմամարդ, կենսունակ բոյներու։
       Օրուան վաստակին հետ, մտաւոր վերածնութեան շարժումն ալ իր ստեղծագործ շունչը տարածեց տարագիր բազմութեանց վերեւ։
       Ամբողջ սերունդ մը լայն ակօսներ բացաւ գրականութեան եւ արուեստի, նոյնիսկ լեզուի մշակութեան ճամբաներուն վրայ։ Յաճախ՝ ասպարէզ կարդալով լուսացնցուղ պողոտաներու վրայ թառած «ուսումնական»ներու։
       Դալար մնան այն ձեռքերը, որ հիմը դրին այս վերածնութեան, կամ թեւ տուին անոր:
       Ճարտասանական մարզանք մը չէ, որ գրել կուտայ այս բառը։
       Հեռաւորներ, հարեւաններ, դուք որ ուղղակի կամ անուղղակի հետեւեր էք այս վերելքին, ապահովաբար պիտի խղճահարիք, եթէ պատեհութիւն ունենաք տեսնելու թափուած քրտինքը եւ ձեռք բերուած վաստակը։
       Պիտի խղճահարիք խոստովանելով թէ կրնայիք աւելին ընծայել այս բուրաստանին, իբրեւ եղբայրական աջակցութիւն։
       Մանաւանդ մշակոյթի ճակատին վրայ։
       Ինչքան առատ հոսին աղբիւրները, այնքան շուտ կը բացուին ծաղիկներ պէսպիսուն։ Այնքան կ’ուռճանայ այգեստանը, ի շահ ընդհանրական հայրենիին, որ հեռու է, դժբախտաբար։
      
       *
       Մեր ժամանակակից պատմութեան մէջ, դժուար է գտնել գաղութ մը աւելի խիտ եւ հայաշունչ քան Սուրիա-Լիբանանը։ Աւելի դժուար պիտի ըլլար գտնել անդաստան մը՝ անարգել ապահովելու համար նոր սերունդին իրականութիւնը՝ օտարութեան մէջ։
       Այլուր, մարդիկ իրենց գլուխը քարին կը զարնեն, ապառաժները ճեղքելու, կարելի եղածին չափ շատ բան փրկելու համար։
       Ինչ որ լպրծուն պողոտաներ կը կոչենք, լպրծուն է նաեւ ճիգերու արդիւնաւորութեան տեսակէտով։
       Եւ սակայն, յետին կամկարն ալ մեղք պիտի համարէր որեւէ վհատում, ընկրկում, դասալքութիւն։
       Ձեզի - եւ մեզ բոլորիս - կը մնայ դատել թէ ինչքան աւելի ծանր պիտի կշռէր այդ մեղքը, այս ափերուն վրայ, ինչպէս ամբողջ Միջին Արեւելքի մէջ։
       Մէկ ընդհանուր բաղձանք, - սիրտերը շէն, ձեռքերը դալար, աչքերը արթուն։
       Եթէ թիւրիմացութիւններ կամ զանազան կիրքեր պղտորեն ձեր աչքերը, նայեցէք դէպի վեր, դէպի կապոյտը, որ այնքան կը յիշեցնէ Հայաստանեայց երկինքը, իր անարատ պայծառութեամբ։
       Նայեցէք, եւ պիտի բացուին ձեր աչքերը։
       Եթէ ձեր սիրտը փրփրի կիրքէն, դիտեցէք ծովը, - Միջերկրական - որ ամէնէն աւելի ալեկոծութեան պահուն ալ, կը պահէ իր վեհութիւնը։
       Ամբողջ խորհուրդ եւ իմաստութիւն՝ այդ ահաւոր տեսարանն անգամ։ Ալիքները ամեհի կը զարնուին խարակներուն, քարափներուն, կը նետուին աւելի անդին, - եւ ինքնապաշտպանութեան կը մղեն ձեզ։
       Ու վերջապէս, եթէ ձեր ձեռքերը թուլնան կամ դողան, կամ շեղին շինարար աշխատանքի վարժութենէն, նայեցէք հարեւան լեռներուն, Տաւրոսէն մինչեւ Արարատ։
       Առանց արտակարգ դժուարութեան, ձեր աչքերը անգամ մը եւս պիտի բացուին։ Եւ պիտի ըմբռնէք հրաշապատում գաղտնիքը մեր յարատեւութեան, որ ասպարէզ կը կարդայ դարերու չարախինդ աւերին, ինչպէս մարդոց վատութեան։
       Թող ձեր երգերը աւելի բարձր հնչեն, աստիճանաբար սպիացնելու համար վէրքերը։
       Թող գիտակցութեան, հայրենասիրութեան, յարատեւ աշխատանքի կրակը լոյս ցանէ ձեր ճամբաներուն վրայ, ձեր հոգիներուն մէջ, ձեր երդիքներուն վրայ։
       Եւ այն ատեն շուտ պիտի մոռնաք ձեր կրած ահաւոր տառապանքը։
       Օտարութեան մէջ իսկ, ազատ հայրենիքի ճամբան է, որ կը հարթուի ձեր քրտինքով ու վաստակով։
       Բոլոր ճակատներուն վրայ։
      
       Պէյրութ, 18 Յունուար 1948