ՎԱՅՐԿԵԱՆՆԵՐ
Քալելով
կ’երթանք
Հայաստան։
Ու
կը
քալենք…
Կը
քալենք
Կարինէն
Մուշ
եւ
Մուշէն
Սասուն։
Օ՜,
հեշտութիւնը
այդ
գնացքին։
Կուրծքդ
հեւալիր
միամիտ
խանդով
մը,
միշտ
ակնապիշ
ու
միշտ
ալ
անհամբեր,
թափ
կուտաս
ոտքերուդ,
թափ
կուտաս
թեւերուդ,
եւ
կ’երթաս,
կ’երթա՜ս
անդորր,
գրեթէ
բնազդաբար։
Կը
յառաջանաս
առանց
ետ
նայելու,
անսահման
անջրպետներ
կը
կտրես,
սար
մը
կը
բարձրանաս
2-3
ժամ,
յետոյ
կ’իջնես
գահավէժն
ի
վար,
քիչ
անդին
ժեռուտքէ
մը
մագլցելու
համար։
Ու
կ’երթաս,
միշտ
կ’երթաս,
առուն
կամ
գետակն
անցնիլն
ալ
նկատելով
այնքան
պարզ
գործողութիւն
մը,
ինչպէս,
քաղաքին
մէջ
տղմուտէ
մը
անցքը։
Բայց
ահա,
հեռուէն,
կարաւանէն
ձայն
մը
կ’ազդարարէ
որ
կենաս։
Սպասէ՛,
ա՜յ
տղայ,
սպասէ,
որ
ետ
մնացողներն
ալ
հասնին…
Հա՛,
հա՛,
հա՛։
Սպասել…
որպէսզի
միւսներն
ալ
հասնին։
Բայց
արդա՞ր
է
որ
այդպէս
ըլլայ։
Բնակա՞ն
է
այդ,
-
կասեցնել
քու
թափդ,
յանկարծ,
ճամբու
ընթացքին
կքիլ,
որպէսզի
ետ
մնացողները,
անկարողները,
կթոտներն
ալ
հասնին։
Ափսո՜ս։
Այդ
նոյն
տրամաբանութիւնն
է,
որ
ըսել
կուտայ
մեր
երիտասարդ
թուրք
հարեւաններուն,
ըսել
կուտայ
մեր
թանկագին
պահպանողականներուն,
թէ
մենք
պարտաւոր
ենք
սպասել՝
որ
ժողովուրդն
ալ
յառաջանայ,
զարգանայ
եւ
հասնի
մեզի…
Այսինքն
պարտաւոր
ենք
դաւաճանել
մեր
խառնուածքին,
մեր
տենդերուն,
անբնական
ճիգեր
փորձել,
սեփական
ձեռքերով
փետրատել
մեր
թեւթափը։
Կը
պահանջեն
ինչ
որ
վեր
է
մեր
ուժերէն։
Մենք
կը
քալենք,
կը
քալենք
անընդհատ
ու
հաստատակամ,
մեզի
ի՜նչ
փոյթ
թէ
ետ
մնացողներ
կան։
Եւ
պահէ
պահ,
դէպի
ետ
ակնարկներ
ալ,
ինչո՞ւ
չէ։
Բայց
դէպի
ետ
կը
նայինք
կտրուած
անջրպետը
չափելու
եւ
մեր
յառաջխաղացութեան
գիտակցութիւնովը
ոգեւորուելու
համար։
*
Կը
քալենք
օրերով,
կ’անցնինք
անսահման
տարածութիւններ,
եւ
հազիւ
1-2
գիւղեր
կը
դիմաւորենք։
Չկա՜յ
բնակչութիւն,
չկայ
կեանք,
չկայ
ոչ
իսկ
ծառ։
Ատեն
ատեն,
թռչուն
մըն
է,
որ
անջրպետը
կը
ճեղքէ
սուր
ճիչով
մը,
ու
մենք
կը
մնանք
դարձեալ,
միակ
շնչաւորները՝
զարհուրելի
ամայութեան
մէջ։
Հայաստանը
ոչ
միայն
առանց
Հայու,
այլ
եւ
առանց
մարդու…
*
Քաղաք
թէ
գիւղ,
-
փողոցները,
շրջապատը,
տուները,
մարդիկը
–
բոլորը
Արեւելք
կը
բուրեն.
բայց
մանաւանդ
մայրերու
կայքը,
գիւղին
մէջ
կամ
քաղաքին
շուրջը։
Եազմաներու
թանձր
փաթաթ
մը
գլուխներուն,
ձեռքերը
շալվարին
մէջ
խորասոյզ,
ծերն
ու
երիտասարդը
հաւասարապէս
նոյն
հոգեբանութիւնը
կը
մարմնացնեն
իրենց
արտաքին
հանգամանքով
իսկ։
Դիտէ
անոնց
դէմքերը,
քալուածքը,
անորակելի
դանդաղութիւնը,
եւ
արդէն
վերլուծեր
ես
անոնց
բովանդակ
էութիւնը։
Այլեւս
ծածուկ
բան
չկայ։
Ինչ
որ
ունի՝ն
հոն
է,
աչքիդ
առջեւ,
օրը
ցերեկով
պարզուած։
Մարմիններ
են
որ
կը
տատանին,
շարժելու
բնազդն
իսկ
կորսուած։
Ո՜ւհ,
մանաւանդ
իրենց
նայուածքը։
Նայի՞լ…
անոնք
սէյի՛ր
կ’ընեն
անկենդան
հայեացքով
մը,
եւ
ամբողջ
Արեւելքը
սէյիրճիներու
արքայութիւն
մը
չէ՞
արդեօք։
Աշխարհ
մըն
է,
որ
կը
խլրտի,
կը
փոթորկի,
կը
տապալի
ու
կը
ստեղծագործէ
իր
շուրջը,
եւ
Արեւելքը,
զառամած
Ասիան՝
տխմարական
համրութեամբ
մը,
ափ
ի
բերան,
շլմորուն,
կը
նայի՜
թարթափուն
աչքերով,
կը
նայի՜
անխլիրդ
ու
անվախճան։
Շրջապատի
ալեկոծութիւնն
իսկ
հազիւ
թէ
կը
վրդովէ
իր
միապաղաղ,
իր
դարաւոր
անդորրութիւնը,
որ
մեռելներու
հանգստեան
խաղաղութիւնն
ալ
չունի,
ափսո՜ս…
*
Ձուլո՜ւմ…
Շարունակ
ահուղոդի
մէջ
ենք,
որ
Թուրքերն
ահա
պիտի
ձուլեն
մեզ,
պիտի
աղաւաղեն
մեր
ինքնութիւնը։
Թշուա՜ռ
աղմկարարներ։
Ձուլո՞ւմ։
Բայց
արդէն
իրականութիւն
մը
չէ՞
այդ։
Օհօ՜,
նայեցէ՛ք
մեր
աչքերով,
կոյս
խղճմտանքով։
Նայեցէ՛ք
ձեր
շուրջը,
-
երկրի
խորերէն
մինչեւ
ճաճանչագեղ
արուարձանները
–
բայց
մանաւանդ
երկրի
խորերը։
Հայն
ու
Թուրքը՝
աւելի
անուններով
է,
որ
կը
զանազանուին։
Հագուստն
իսկ
շատ
քիչ
փոփոխութիւններ
կը
յայտնէ։
Իսկ
իրենց
նիստուկացով,
իրենց
ատելութիւններով
ու
համակրութիւններով,
իրենց
ձգտումներով
ու
բաղձանքներով,
այո՛,
նոյնիսկ
իրենց
խօսուածքովը
մէկ
ընտանիքի
զաւակներ
են
անոնք,
արտադրութիւնը
նոյն
միջավայրին։
Տարբերութիւն
կայ
այնքան
որքան,
օրինակի
համար,
տարաշխարհ
գացած,
եւ
տունը
մնացած՝
գիւղէն
դուրս
չելած
երկու
հարեւաններու
միջեւ։
Ձուլումը
փաստ
է
արդէն։
Իսկ
մեր
ճիգը
պիտի
ըլլայ
լուծել
այդ
անճանաչ,
գորշ
զանգուածը,
զտել
ու
կազմել
նոր
Հայութիւնը։
Անդրանիկ
սերունդը
կատարեց
իր
պարտքը,
եւ
կրտսերը
պարտաւոր
է
ստանձնել
իրենը,
մեր
աշխարհի
քստմնելի
ամայութեան
մէջ,
երգելով
ռուս
բանաստեղծին
հետ,
-
«Ես
լալիս
եմ
լացողների
հետ,
տանջւում
եմ
տանջւողների
հետ
եւ
ընկճւուածին
ձեռք
եմ
մեկնում»։
30
Հոկտ.
1911
(Թէոդիկի
Տարեցոյց)