***

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
ԿԵՍԱՐԻ ՁԻՆ ԿԸ ՎՐՆՋԷՐ
      
       1 Royat guérit le cœur!
      
       Եթէ չեմ սխալիր, 1938ին էր։
       Ողբացեալ ընկեր Ստեփան Եսայեան Յառաջի նախորդ խմբագրատան սանդուղներէն վեր կ’ելլէր յամրաբար, ձմերուկ մը ձեռքը։
       Տիկինն ալ միասին էր։
       Ե՞րբ մեկնեցաք Եգիպտոսէն։
       Շատոնց է որ Ֆրանսա կը գտնուիմ։ Ջերմուկ մը գացած էի, դարմանուելու։ Ատենէ մը ի վեր կը տառապիմ սրտի տկարութենէ մը։
       Ո՞րն է այդ ջերմուկը։
       Royat, Puy-de Dôme’ի նահանգին մէջ։
       Ինչ մեղ քս պահեմ, պահ մը շփոթեցի Րուայանի հետ, որ կը գտնուի Ատլանտեանի ափերուն վրայ։
       Դժբախտ ընկերը բաւական կազդուրուած կ’երեւար, եւ կարծեմ տարի մը կրցաւ դիմանալ, ի վերջոյ թաղուելու համար Գահիրէի ազգ. գերեզմանատան մէջ։
       Այդ օրէն ի վեր, ընտանի անուն մը դարձած է այս ջերմուկը, իբրեւ բուժավայր արեան շրջանի, սրտի եւ երակներու տկարութեանց։
       Աշխարհի ամէն կողմերէն հիւանդներ կը հոսին այս գիւղը, որ հաստատուած է լերան մը ստորոտը, եւ ունի միայն 2600 բնակիչ։
       Ինչպէս բոլոր ջերմուկներու, այս բուժավայրին մէջ ալ եղանակը վեց ամիս է Ապրիլէն Հոկտեմբեր։
       Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութեան մէջ պիտի չգտնէք այնքան այլազանութիւն ցեղի, տարիքի եւ դաւանանքի, որքան այս ջերմուկին մէջ։
       Մասնաւորապէս Յունիս, Յուլիս եւ Օգոստոս ամիսներուն, իրար կը հրմշտկեն սեւն ու ճերմակը։ Այրն ու կինը։ Երիտասարդն ու տարեցը։ Անհաւատն ու ջերմեռանդ բարեպաշտը։
       Եւ դեռ բազմազան ներկայացուցիչները ընկերային դասակարգերու, -աշխարհական։ Կղերական։ Ազնուական կամ գիւղացի։ Առեւտրական։ Արհեստաւոր-բանուոր։ Փարիզի սալոններուն մէջ յղփացած տիկինը եւ վանքին մէջ դեղնած մայրապետը։
       Ծովակալը, զօրավարը, հաշմանդամ սպան, Միջին Արեւելքի փաշան, շէյխը կամ պէյը իրենց ազգային տարազներով։ Յաղթանդամ լեռնականը եւ դպրոցական պատանին: Անգլիացի լորտը եւ հնդիկ մահարաճան։ Սեփ-սեւ խափշիկ մը եւ մինչեւ ուսերը բաց օրիորդը կամ տիկինը, առանց տարիքի խտրութեան։
       Բուժուորներու (քիւրիսթ) ամէնօրեայ ցանկին մէջ կը գտնէք անուններ՝ իրենց եկած քաղաքներով։
       Միջին Արեւելքէն մեծամասնութիւն կը կազմեն Հրեաները եւ Արաբները։
       - Հայեր ալ չկա՞ն։
       - Կան ու չկան։ Հատ-հատ։ Հարիւրին ոչ իսկ մէկ։ Երբեմն Փարիզէն, աւելի յաճախ Պոլսէն եւ Եգիպտոսէն։
       Չորրորդ անգամն է, որ կը հանդիպիմ այս ջերմուկը, եւ միշտ ուշադրութիւնս գրաւած է այս պարագան, - Հայերու չափազանց փոքր թիւը։
       Մինչդեռ, բաղդատաբար աւելի կարեւոր թիւ մը կը կազմեն այն ջերմուկներուն մէջ, որ յատուկ են լեարդի, ստամոքսի, աղիքներու եւայլն տկարութեանց եւ յօդացաւի (Վիշի, Էքս լէ Պէն, Շաթէլ Կիւյոն եւայլն)։
       Երեւի Հայերը ամէն տեսակ տառապանք եւ ճնշում կրած ըլլալով, ամուր սիրտ ունին։
       Իսկ լեարդը, աղիքները, ստամոքսը միշտ նեղութիւն կը պատճառեն, վասն զի շատ կը ծանրաբեռնուին, իբրեւ ընդհանուր երեւոյթ։
       Շատեր իրարու հետ կը շփոթեն ուտելը եւ թխելը։ Եւ իրար կը խառնեն ամէն տեսակ աղի-լեղի։ Անուշը, կծուն, իւղոտը, թերխաշը, ամէն տարիքի մէջ։
      
       *
       Երբ առաջին անգամ այստեղ եկայ, ջերմուկին դրան առջեւ, մարմարի վրայ արձանագրուած էր.
       Royat guérit le cœur!
       Այս անգամ սրբած են այս արձանագրութիւնը։ Եւ իրաւամբ։
       Գիտնականները ի վերջոյ խոստովանեցան թէ ջերմուկը չի կրնար բուժել բոլորովին ուժասպառ, տառապանքէն եւ տարիքէն մաշած անդամալոյծ սիրտ մը։
       Եւ բժիշկները խորհուրդ չեն տար, որ այդպիսիները հրաշք սպասեն Կեսարի Աղբիւրին ջուրը խմելով, անոր կազը ծծելով տոպրակի մը մէջ, կամ ասեղի միջոցաւ։
       Այս բոլորը կը նպաստեն կազդուրելու յոգնած սիրտ մը, աշխուժացնելու երակները, կանոնաւորելու արեան շրջանը, զօրացնելու սրունքին երակները եւ ջիղերը եւայլն։
       Եթէ արեան շրջանը շատ բարձր է, 21 օրուան դարմանը կը ծառայէ զայն իջեցնելու։
       Երբեմն ալ կը բարձրացնէ, եթէ շատ վար է։
       Հաստատութիւնը մնացած է հռոմէական-գալլիական շրջաններէն եւ հետքեր կը մնան տակաւին, հինգ աղբիւրներուն վրայ։
       Առաջին աղբիւրը, Սուրս Էօժէնի, բացուած է 1862ին, երբ կայսրուհին այս շրջանը կ’այցելէր։
       Աւանդութեան մը համաձայն, երբ Հռոմէացիները արշաւանքներ կը կատարեն, ձիւն-ձմեռ օրերու, կը տեսնեն, որ ձիերը կը փռնգտան եւ ձիւները կը հալին։
       Իբրեւ թէ այսպէս գտած կ’ըլլան կազային ջուրերը։
       Ուրիշներ կը պատմեն թէ այս երեւոյթը պարզուած է տիրապետութեան շրջանին։
       Ամէն պարագայի մէջ, տարակոյս չկայ թէ ձիերու վրնջիւնը կապ ունեցած է այս կազդուրիչ, վերանորոգիչ, գետնահոս աղբիւրներուն յայտնութեան հետ։
       Անշուշտ ասոր համար է, որ աղբիւրներուն ամէնէն ազդուն կը կոչուի Սուրս Սեզար = Կեսարի աղբիւր։
       Արդարեւ, անփոխարինելի են այս աղբիւրին շնորհները։
       Այլապէս պերճախօս են այդ շնորհներէն օգտուելու ձեւերը, եւ մանաւանդ իրարանցումը, - կենդանի համայնապատկեր մարդկային թշուառութեան…
      
       1954 Օգոստ. 1
      
       Պիտի ուզէի Սրտաձոր կոչել այս գիւղը, Royat։
       Որ եւ է նմանութիւն չունի մեր պատմական Սրտաձորին հետ, որ ի Կարին։
       Բայց սերտ է իր կապը սրտին հետ։
       Ձորակ մը, կազմուած հրաբխային ցնցումներէ, եւ ծորակներ հանքային ջուրերու, որոնց առջեւ կը հառաչեն հազարաւոր սիրտեր, ի խնդիր կազդուրման։
       Ամփոփուած՝ հովտի մը շուքին տակ, մէկ ժամ հեռու՝ Վիշիէն, գիւղը իր բոլորտիքն ունի բլրակներ։
       Աւելի անդին, դէպի արեւմուտք, Փիւի տը Տօմի վեհապանծ գագաթն է, որ կը ցցուի (1465 մեթր)։
       Եւ լեռներ, լեռնե՜ր, միացեալ ճակատ կազմած իրարու հետ, հրաբխային անդունդներով։
       Լեռնե՜ր, սէգ լեռներ, ես կը սիրեմ ձեզ…
       Բարձրաբերձ լերան գլխաւոր բուժավայրն է Մոն Տոր, ուր յախաճ կ’երթար ողբացեալ Միքայէլ Վարանդեան, շնչարգելութիւնը դարմանելու համար։ Վերջին անգամ ղրկած էր լուսանկար մը ճերմակ շապիկով եւ կնգուղով մը, - այն տարազը որով մասնաւոր խցիկները կը մտնեն շոգի շնչելու համար։
       Ներողութիւն։ Ջերմուկներու նկարագրութիւնը չէ, որ պիտի փորձեմ, այլ քանի մը պատկերներ՝ օրուան կեանքէն։
       Միջանկեալ ըսեմ, որ գիւղին որ եւ է բարձունքէն, նոյնիսկ պանդոկի մը պատշգամէն ձեր առջեւ կը պարզուի սքանչելի համայնապատկեր մը, - Քլերմոն Ֆերանը, իսկ աւելի անդին՝ անհուն տարածութիւն մը, որ կրնայ ձեզի յիշեցնել Արարատեան դաշտը։ Կամ Կարինի եւ Տարօնի բարեբեր դաշտերը։ Անշուշտ պահելով բոլոր համեմատութիւնները։
       Իբրեւ բնութեան եւ միջավայրի համապատկեր, շատ են Օվերնիայի նահանգին նմանութիւնները՝ մեր հայրենի աշխարհին հետ։
       Բուն գիւղացին ալ մեր լեռնաշխարհի երբեմնի շինականը կը յիշեցնէ, - տոկուն, չարքաշ եւ բարեմոյն։
       Անշուշտ կը փոխուին երբ քաղաքէ քաղաք շրջին, աշխատանքի համար։ Ինչպէս փոխուեցան մերինները, ցիրուցան ի սփիւռս աշխարհի։ Իրենց աչքերը եւ թեւերը բանալով աշխարհի բոլոր հովերուն…
      
       *
       Ջերմուկին արարողութիւնը կը սկսի առտուան ժամը 6ին։
       Բուժուորները յուշիկ-յուշիկ իրենց յատուկ բաժինները կը դիմեն նախ հատ հատ, յետոյ խումբ խումբ, տեղ գրաւելու համար։
       Որ եւ է բաժինէ ներս մտած ատեն, կը դառնաս թիւ, սպասելով կարգիդ։
       Շատ մը հիւանդներ ընդհանրապէս զոյգ են։ Բուժուորը կա՛մ այրն է, կա՛մ կինը։ Մեծ մասով կիներն են, որ կ’ընկերանան իրենց հիւանդկախ «գլխաւոր»ին, իբրեւ խնամակալ։
       Որքա՜ն դժբախտներ, իրապէս կարօտ նեցուկի մը…
       Ահաւասիկ նախկին ռազմիկ մը, մէկ թեւը կտրուած, որ հազիւ կրնայ քալել, կաղն ի կաղ։
       Ահաւասիկ ուրիշ մը, գնդապետ, որ հինգ տարիէ ի վեր կուգայ գօսացած ոտքը դարմանելու։ Զգալապէս կ’օգտուի, ձմեռը կ’անցընէ, ամրան դարձեալ կուգայ։
       Ի՞նչ ունի սա յաղթանդամ երիտասարդը, որ կը քալէ գաւազանով, աչքերը միշտ գետին, առաջնորդութեամբ խաթուն կնոջ մը, որ միշտ նախապատուութիւն կը վայելէ, իբրեւ բացառիկ պարագայ։ Իրազեկներ բաներ կը պատմեն փսփսուքով։
       Իսկ սա տակառաչափ մա՞րդը, որ միշտ կը քրթմնջէ, իր կարգին սպասած ատեն։
       Կազի տոպրակը պիտի մտնէ, բայց իր մարմնին մեծութեամբ տոպրակ միայն մէկ հատ ունին։ Ուրեմն ստիպուած է սպասել, որ տոպրակը պարպուի…
       Սա գերապայծառը, կիսովին կաղ, աղօթագիրքը ձեռքէն չի ձգեր, թէ՛ կարգի սպասած եւ թէ՛ տոպրակը մտած ատեն։
       Երբեմն կը փորձուիմ առաջարկել, որ հատուած մը կարդայ մեր անմահական Նարեկէն.
       Ձայն հառաչանաց, հեծութեամբ, սրտի, ողբոց աղաղակի…
       Անշուշտ պիտի ուզէիք իմանալ թէ ի՛նչ է տոպրակի գործողութիւնը։
       Խցիկ մը կ’առաջնորդեն։ Կը մնաք միայն շապիկով եւ շապկընկերով։
       Գետնին վրայ պատրաստ են երկու տոպրակներ, մէջէ մէջ անցուած, ներքինը կտաւ, արտաքինը՝ ձգախէժ։ Կը քաշէք վեր, մինչեւ վիզը։
       Ձեր մէջքէն կը կապեն պարանով մը, եւ կը փռուիք անկողնին վրայ։ Կը բանան ծորակը, եւ Կեսարի Աղբիւրի ջուրին կազը կը ծաւալի ձեր մարմնին վրայ, հինգէն մինչեւ քսանհինգ վայրկեան, համաձայն բժշկական պատուէրին։
       Կ’ըսեն թէ կազը կը մաքրէ, կ’աշխուժացնէ երակները, դարձնելով աւելի ճկուն։
       Այս գործողութեան ենթականերէն շատեր միեւնոյն ատեն կ’անցնին ներարկումի սենեակէն, ուր մասնաւոր բժիշկներ §ասեղնագործութեամբ» կը զբաղին։
       Ներարկում՝ կռնակին, թեւին կամ սրունքին վրայ։ Շատերուն՝ քանի մը հատը միասին։
       Միայն տարեցները, գօսացեալները չեն որ կը կրեն այս տառապանքը, այլեւ երիտասարդներ։ Առանց սեռի խտրութեան։
       Եւ այնքան շատուոր են որ սպասման սրահը կը խճողուի վերէն վար։ Իսկ երբ հինգ-վեց խցիկներէն մէկը բացուի, հինգ հոգի մէկէն ներս կը խուժեն։
       Կան ալ որ ցաւին չեն դիմանար (մորթ, մկան, ջիղ)։
       Ինչո՞ւ կուլայ սա 25 տարեկան երիտասարդուհին։
       «Ասեղնագործութեան» ցաւէն։
       Ի՞նչ ունի։
       Tension։
       Չըսի թէ բուժուորներու մեծ մասին համար տեսակ մը «յաւիտենական ուսանողութիւն» եղած է այս տկարութիւնը։
       Շատեր, մանաւանդ կիներ կան որ ամէն տարի կուգան։ Արեան ճնշումը երբ 28էն 25ի իջած ըլլայ, ուրախ զուարթ կը վերադառնան սպասելով յաջորդ եղանակին…
       Ուրիշներ ալ կազդուրուած կ’ըլլան, երբ 11ը 14-15ի բարձրացած ըլլայ։
       Իրիկուան դէմ ալ արարողութիւն մը տեղի կ’ունենայ, - ջուր խմել, համաձայն յանձնարարուած աղբիւրին եւ նշանակուած չափին, որ 25 կրամէն կը սկսի եւ կրնայ բարձրանալ մինչեւ 200ի։ Խմել ումպ-ումպ, եւ շիշը լեցնելով տուն տանիլ, առտուն կանուխ ըմպելու համար։
      
       (Օգոստ. 1954)