***

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
ԱՅՍ ԱԼ ՄԵՐ ԶԱՏԻԿԸ
      
       Քրիստոնէական Զատիկ եւ հեթանոսական մարզահանդէս, - այս երկու տօները այլեւս անբաժանելի ամբողջութիւն մը կը կազմեն Սուրիա-Լիբանանի գաղութին համար, շնորհիւ Հ. Մ. Ը. Մ. ի կուռ կազմակերպութեան եւ յարաճուն գործունէութեան։
       Մէկը առանց միւսին պիտի նշանակէր Ծաղկազարդ առանց դալարիքի եւ ծաղիկի։ Կրնայիք ըսել՝ հարսնիք առանց հարսնեւորի։
       Աւագ Հինգշաբթի. - Արդէն Հալէպ են հասած առաջին ծիծեռնակները, Պէյրութէն եւ ուրիշ քաղաքներէ։
       Աւագ Ուրբաթ. - Առտուն կանուխէն անհամբեր բազմութիւն մը խռնուած է քաղաքին բանուկ ճամբաներուն վրայ, սպասելով գալիք խումբերուն։ Մէկ ժամէն միւսը անցուդարձը կը դժուարանայ Հ. Մ. Ը. Մ. ի ակումբին եւ «Արեւելք»ի խմբագրատան առջեւ։ Հանրակառքն անգամ դադար կ’առնէ։
       Եկան, եկան։ Կուգան։ Եւ իրարու ետեւէ կը պարպուին ամերիկեան լայնանիստ կառքերը, զարդարուած գոյնզգոյն դրօշներով եւ ծաղիկներով։
       Հասիչէ, Գամըշլը, Թէլ Պրաք, Ճարապլուս, Թէլ Ապիատ, Րաս իւլ Այն, Այն Արուս, Արապ Փունար, Տէրպեսիէ, Տէր Զոր (Եփրատի եւ Ճեզիրէի շրջան)։
       Ապա Պէյրութ, Պուրճ Համուտ, Զահլէ։ Լաթաքիա, Հոմս, Տրիպոլիս (Թրիփոլի)։
       Վերջին օրը՝ Կիպրոս, Պէյրութի մնացեալ մասը, Դամասկոս, Ամման (Անդրյորդանան), Քեսապ։ Բացակայ՝ միայն Պաղեստինը, հասկնալի պատճառներով։
       Եւ բուն Հալէպը՝ իր շրջաններով, - Նոր Գիւղ, Ազեզ։
       Քաղաքներ, աւաններ, գիւղախումբեր որոնց վերեւ արեան մղձաւանջը կը սաւառնէր երէկ։ Իսկ այսօր, - արե՛ւ, արե՛ւ։
       Ամբողջ երիտասարդութիւնը մըն է, որ կը հոսի հայաշատ ոստանը, Հալէպ։ Մարմնացեալ խանդավառութիւն եւ կարգապահութիւն։ Ինչո՞ւ չըսել՝ վերածնութիւն, միշտ յիշելով երէկը։
       Հայկական յետին համրանքը իր բաժինն ունի երիտասարդական այս աննման կազմակերպութեան մէջ։
       Հեռաւոր դաշտի մը վրայ նետուած ըլլան թէ լերան մը ստորոտը, անխորտակելի հաւատք մը կը կաթի այս երիտասարդութեան աչքերէն։ Աշխատանքի, չարքաշութեան, յարատեւութեան աւիշն է, որ կը յորդի իրենց երակներէն։
       Եւ ինչ բարի նախանձ՝ քաղաքէ քաղաք։ Մեծէն մինչեւ ամէնէն համեստը։ Որպէսզի բան մը պակաս չունենան։ Որպէսզի կարենան քայլ մը աւելի յառաջ երթալ։ Գետին մը աւելի շահիլ։
       Տղայ թէ աղջիկ, արի թէ արենոյշ (Արծուիկ), տոգորուած նոյն ոգեւորութեամբ եւ գիտակցութեամբ։
       Պճլտուն տղեկներ, - Կակուղ Թաթիկներ, որ վաղը պիտի կոչուին Գայլիկներ, եւ սա Մրջիւնները, որ իրենց կարգին պիտի դառնան Արծուիկներ թրվռուն եւ հրաչուի։
       Դեռ բուն մարզիկները, աշխոյժ եւ մարտական, որոնց շահած բաժակները համրանք չունին ազգային թէ միջազգային գետնի վրայ։
       Իսկ այս բոլորին իբրեւ պերճախօս վկայութիւն՝ այսօրուան մարզահանդէսը եւ վաղուան թափօրը՝ մասնակցութեամբ աւելի քան 2500 մարզիկներու, մանչ թէ աղջիկ։
       Ահա այս ալ մեր Զատիկը, Նաւասարդեան յիշատակներով։ Փառատօն մը, որ տարագիր բազմութեանց հոգին կը լեցնէ արդար գոհունակութեամբ եւ հպարտութեամբ։
       Ուրիշներ, աւելի բախտաւորներ դժուար թէ յաջողէին գլուխ հանել այսքան կուռ եւ ծաւալուն կազմակերպութիւն մը, առանց պետական միջոցներու։
       Անոնք, որ նուիրուած են Հ. Մ. Ը. Մ. ի զարգացման աշխատանքին, Միջին Արեւելքի մէջ, անոնք միայն գիտեն թէ ինչ կը նշանակէ հինգ հազար անդամներու ցանց մը կազմակերպել ու պահել տարիներով։ Հակառակ անհնարին դժուարութեանց, որոնց առջեւ շատոնց յուսահատած պիտի ըլլային վեհերոտ եւ նեղմիտ մարդիկ։
       Այս հրաշքը կարելի եղած է գործել անոր համար, որ Հ. Մ. Ը. Մ. ի վարիչներուն եւ անդամներուն հոգին միշտ կը խայտայ գարնանային շունչով մը։
       Զատիկը միայն տօն մը չէ անոնց համար, այլեւ խորհուրդ մը, որ թեւ կուտայ իրենց գործունէութեան։
       Զատիկ եւ Նաւասարդ։ Մշտանորոգ ուժ եւ երիտասարդացում։ Երկու հոսուն աղբիւրներ, որոնց գաղտնիքը միայն այս ժողովուրդը գիտէ։
       Վա՜յ անոնց, որ կը փորձեն պղտորել այդ աղբիւրները։
      
       Հալէպ, 1948